Մարուշ Երամեան

ԲԱՌԸ

Երբեք չէի մտածած, որ կրնայիր բնոյթ ունենալ, մարդկային բնոյթին պէս բան մը, որ հոգի ըսելու տարբերակ մըն է։
     Յետոյ եկաւ Օշականը, Վահէն, եւ սկսաւ իր մուկուկատուի խաղը քեզի հետ։ Կը զգայի իր խորունկ հաճոյքը, ամէն օր ու ժամ նոր խաղ ստեղծելով, նոյն խաղին տարբեր օրէնքներ որոշելով, միս-մինակը խաղալով։
     Այո, միս-մինակ էր (միս-ը կրնանք այստեղ զանց առնել, ինչպէս սիրոյ մէջ հոգին կամ մարմինը. ընտրութեան հարց է)։ Շուրջը թանձր լրջութիւն էր, սեւ ու ճերմակ պատկերներ։
     Շատ փորձեց իրեն պէս մէկը գտնել, հետը խաղալ։ Չեղաւ։ Այն ատեն տեսաւ քու գոյներդ, տեսաւ որ պատրաստ ես խաղալու։
     Եւ սկսաւ խաղալ հօրմէն հեռու, աչքերէ հեռու։
     Այն ատեն էր, որ ես տեսայ, թէ բնոյթ ունէիր, հոգի, տրամադրութիւն։
     Կ՚ուզե՞ս խաղանք։
     Օշականները չկան։ Լաւ խաղընկերներ էին. մանաւանդ մանչը։ Ափսոս։
     Խաղանք կ՚ըսեմ, ու գիտեմ, որ ոչ նոյն բնոյթով պիտի խաղաս, ոչ ալ նոյն խաղը պիտի խաղաս։
     Իր հետ տարբերակներու խաղ էր ըրածդ՝ մէջ-մէջի շրջանակներու, ոչ թէ ռուսական պուպրիկներուն պէս դուրսէն ներս եկող, այլ ներսէն, մէկ կէտէն սկսած եւ շարունակուող մինչեւ յաւիտենութիւն։
     Ո՞ւր է սակայն յաւիտենութիւնը։ Եթէ անոր առջեւ «մինչեւ»ը դրիր, ուրեմն ճշդեցիր միջոցը, որ ո՞ւր է։
     Տեղ չէ կ՚ըսես, այլ ընթացք։ Բայց ընթացքը ինք տեղի մը մէջ չէ՞ որ տեղի կ՚ունենայ։ Նոյնութեա՞ն խաղն է ասիկա՝ տեղի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ…
     Ոչ ոք ալ ոչինչ կ՚ունենայ։ Դուն է, որ զիս կ՚ունենաս։ Իսկ ես կը կարծէի, որ ես եմ խաղցողը, իմս են օրէնքները այս խաղին։
     Վահէն ինքն ալ նոյնը չէ՞ր կարծեր։ Երբեմն պահուըտուք կը խաղար, իբր թէ սարսափած քու հազար, միլիոն, միլիառ կրկնօրինակներէդ։ Կը գտնէի՜ր, այնպէս ալ կը գտնէիր զինք։
     Շատախօսութի՞ւն է ըրածս։ Ոչ։ Պարզապէս կուզեմ հասկնալ քեզ, որ յետոյ օրէնքները որոշեմ։
     Բայց իւրաքանչիւր խաղ իր օրէնքը ունի։ Եւ ուրեմն, քանի խաղը դուն ես, օրէնքներն ալ քուկդ կ՚ըլլան։
     Յետոյ այնպէս կ՚ըլլայ, որ մեծամասնութիւնը կողմդ ըլլալուն (թէ՛ խաղն ես, թէ խաղցողը), ես խաղցուողի կը վերածուիմ. այսինքն ձեւով մը ես խաղ կը դառնամ։
     Այս կէտէն է, որ կը սկսի լրջութիւնը խաղին։
     Կը սկսիմ փնտռել քեզ. նախ՝ յանգ ու չափի մէջ, յետոյ արձակին կարծեցեալ ազատութեան մէջ. երբեմն խճողումի, յաճախ՝ լռութեան մէջ։
     Քեզ փնտռելս կամաց-կամաց կը վերածուի ուղի փնտռելու. հեռու-հեռու տեղեր կ՚երթամ, որ կորսուիմ, եւ կորուստիս մէջ ճշմարտութիւնը փնտռեմ։
     Ինչ որ որպէս խաղ սկսեր էր, կը վերածուի փնտռտուքի։
     Կը հանուեցնեմ քեզ նախ ձայներէդ՝ ձայնը կ՚ըլլայ այլ, վայրը կ՚ըլլայ այր, կ՚ըլլայ այլ, կ՚ըլլայ ա՜յ … եւ այլն, եւ այլն։
     Կը հանուեցնեմ քեզ իմաստներէդ. օրինակ փորձե՞ր ես ինքզինքդ կրկնել բարձրաձայն, արագ-արագ՝ այսինքն այսինքն այսինքն սինքն սինքն սինքնսայ սինքսային քըն այսինքն …
     Կը քակեմ շերտերը վրայէդ ու կ՚արցունքոտիմ։
     Կը փորձեմ ինքնութիւն տալ քեզի եւ կ՚արիւնիմ։
     Ո՞ւր մնաց խաղը, որ իմս պիտի ըլլար։
     Բնութիւնդ ճանչնալէ ետք հարազատներս կը դառնան արցունքն ու արիւնը։
     Եւ ես կը դառնամ խաղիդ գերին։

ԾԶ. ՏԱՐԻ 2017 ԹԻՒ 1

Your email address will not be published. Required fields are marked *