Ճէնիֆըր Մանուկեան

ԶԱՐԵՀ ՈՐԲՈՒՆԻ՝ ԻՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐՈՎ

Զարեհ Որբունին իր ժամանակէն առաջ ապրած գրող մըն է։ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն, իր գործերուն ամենէն մեծ ալիքը կը զուգադիպէր հայ ընթերցողներու թիւի անկումին, եւ հետեւաբար, ան քիչ կարդացուած կը մնար իր կեանքի ընթացքին։ Ֆրանսայի մէջ (անոր բնակավայրը 1922-էն մինչեւ մահը՝ 1980-ին), մտաւորականներ կը գնահատէին Որբունին, անոր գրական տաղանդին եւ արեւմտահայ վէպին զարգացման մէջ ունեցած դերակատարութեան համար։
     Ահա Զարեհ Որբունին, իր սեփական խօսքերով։[1]Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Վարդան Մատթէոսեանին, այս հարցազրոյցին մասին ինծի հաղորդելուն, եւ Տանիէլ … Continue reading 1978 թուականին, իր մահէն երկու տարի առաջ, գրագէտը կը զրուցէր մովսէս Պչաքճեանին հետ։ Այդ խօսակցութեան արդիւնքը «Բագին»ի մէջ հրատարակուած «միաձայն զրոյց Զարեհ Որբունիի հետ» երկու մասերով յօդուածն էր։[2]Պչաքճեան, Մովսէս (Ա). «Միաձայն զրոյց Զարեհ Որբունիի հետ». «Բագին» 19 (10), 50-64. 1980։ Պչաքճեան, Մովսէս (Բ). «Միաձայն … Continue reading Այս մտերիմ զրոյցին մէջ կը հանդիպինք գրագէտի մը՝ այնպէս, ինչպէս որ է, իր բոլոր յուսախաբութիւններով, անստուգութիւններով եւ մտահոգութիւններով։ Կը հանդիպինք նաեւ գրագէտի մը, որ անհամբեր կը սպասէ իր կարդացուելու ճիշդ ժամանակին։ Արդեօք մինչեւ հիմա՞ պէտք էր սպասել իր առաջին թարգմանութեան հրատարակութեան՝ The Candidate (Թեկնածուն)։[3]Vorpouni, Zareh. The Candidate: A Novel. Trans. Jennifer Manoukian and Ishkhan Jinbashian. Syracuse, NY: Syracuse University Press, 2016 Արդեօք միայն հիմա՞ ընթերցողները պատրաստ են Որբունիին գրական նորութեան եւ մտաւորական ոյժի ընկալման, հիմա որ սփիւռքահայ մշակոյթը իր թարմութիւնը արագօրէն կը կորսնցնէ, եւ մեծաթիւ սփիւռքահայեր նորութիւն կը փնտռեն։ Որբունիի վէպերը ճիշդ այս նորութիւնը կը խորհրդանշեն։

 

Որբունի եւ իր գրական անունը

«Ես Որբունի անունը կը սիրեմ։ Այդ անունը սակայն ես չեմ որոշած։ 1922-էն ի վեր տեսած չէի զինք։ Յիսուն տարուան պատմութիւն։ Իմ Պէրպէրեան վարժարանի դասարանապետ ուսուցիչս էր։ Երբ առաջին օրը Պէրպէրեան մտայ, անունս հարցուց. «Էօքսիւզեան», ըսի։ Նայեցաւ, մտածեց, գլուխը վերցուց, կրկին նայեցաւ ու «Զարեհ Որբունի, Որբունի», ըսաւ։ Ձայն չհանեցի։ Որբունի գրեց ու այլեւս ոչ ոք զիս էօքսիւզեան կը ճանչնար»։ (Պչաքճեան (Ա) 58)

 

Որբունի եւ հայերէնը

     «Հաւատացած եմ, որ դաստիարակութիւն չունիմ լեզուի։ Եթէ լեզու մը ունիմ, որ աղուոր է, ես շինած եմ։ 14-ի պատերազմին ձգեցի դպրոցը։ 19-ին՝ առանց պազը ունենալու, եկայ Պէրպէրեան, ուր զիս դրին դասարան մը տարիքի համեմատ եւ ոչ թէ բնական յեղաշրջութեան օրէնքով։ Եւ զօռով հետեւեցայ դասերուն…Եթէ ուզած լեզուս ունենայի՜…։ Բարդ բառերէն կը վախնամ, մակբայներէն կը վախնամ, ածականներէն կը վախնամ։ Եւ այս բոլոր վախերուս մէջ ինչպէ՞ս կ’ուզես, որ գործածեմ լեզուս, երբ ե՛ս է, որ կ’ըսեմ. «Եթէ լաւ գիտնայի լեզուն, այդ մարդոց բառամթերքը ունենայի, այդ ատեն կրնայի լաւ գրականութիւն ընել»»։ (Պչաքճեան (Ա) 60) «Երբ կ’աշխատիմ, քովս երկու բառարան կայ։ Ֆրանսերէն-հայերէն, հայերէն-ֆրանսերէն։ Երբեմն նոյնիսկ գերմաներէն, բառերը լաւ ճշդելու համար։ Առաջ հայերէնը լաւ չէի գիտեր ու կը գրէի գիտցածովս, առանց բառարանի, հիմա հասկցայ, որ կարելի չէ ատանկ անլուրջ մօտենալ գրականութեան։ Պէտք է բառերը կշռել եւ ի հարկին բառ մը շինել ՝ բառարաններու օգնութեամբ, որովհետեւ բառարանի բառերը միշտ չէ, որ ի զօրու են»։ (Պչաքճեան (Ա) 63)

 

Որբունի եւ գրութիւնը

     «Ես կը գրեմ, նախ՝ որպէսզի ապրիմ։ Եթէ չգրեմ, ապրիլս չեմ զգար։ Գրելու աքթին մէջ է, որ կեանքը խորապէս կը զգամ։ Իրապէս կ’ապրիմ։ Կ’երջանկանամ»։ (Պչաքճեան (Բ) 55)
     «Պոտլէր կ’ըսէ. «Այնքան յիշատակներ ունիմ, որ կարծես հազար տարի ապրած ըլլայի»։ Ուրեմն այդ վիճակի մէջ ենք գրելէ առաջ, այնքան յիշատակներ ունինք, որ կարծես հազար տարի ապրած ենք եւ կ’ուզենք թեթեւնալ անոնցմէ։ Եւ ինչպէս հնդկական փիլիսոփայութիւնը կը թելադրէ պարպել միտքը, միշտ պարպել, որ հոն նոր բան լեցուի, այլապէս նոյն բաները միշտ հոն մնալով կը հոտին, նոյնպէս ալ՝ գրողը։ Նոյնպէս ալ կեթոն։ Նոյն գաղափարաբանութիւնը կը հոտի, կ’որդնոտի։ Այդ պատճառով պէտք է կոտրել այդ շրջանակը, դուրս ելլել, որ օդն ալ ներս գայ» (Պչաքճեան (Ա) 56)։

     «Իմ ամբողջ վէպերս 1927-ին սկսած են։ Եւ անկէց ի վեր, երբ տարիներով չեմ գրած, չեմ կրցած գրել, ժամանակ չեմ ունեցած, տարիներով, գիշեր-ցերեկ միտքիս մէջ գրեր եմ։ Եւ կեանքիս ամենէն վնաս պատճառող բանը ո՛չ թէ գրելը եղած է, այլ՝ չկարենալ գրելս»։ (Պչաքճեան (Ա) 51)

     «Նախ շատ արագ կը գրեմ։ Գրած ատենս, կատարեալ պատերազմական վիճակ է, որուն մէջ ոչ մէկ բան պէտք է կորսնցնեմ։ Աչքդ տեւապէս թշնամիի վրայ է, ամէն շարժում անմիջապէս պէտք է արձանագրես։ Գրելիք նիւթիս շուրջ այնպիսի՛ վազվզող գաղափարներ, պատկերներ, մտածումներ կան, այնպիսի՛ հրմշտուք մը կայ եւ ինծի կ’ըսեն, որ գիրդ չի կարդացուիր»։ (Պչաքճեան (Բ) 51)

 

Որբունի եւ «Մենք»

     «Յանդուգն եմ, որովհետեւ իմ տոպրակս պարապ է։ Որովհետեւ, երբ նոր գաղափարներ կը ներկայանան, ես կ’ընդունիմ։ Լեցուն եղած մարդը չ’ընդունուիր։ Միւսները ամբողջ լեցուն են։ Ես ոչ մէկու հետ համաձայն չեմ։ Լեցուն չէ իմ միտքս։ Ազգային գաղափարաբանութիւններու հետ համաձայն չէի։ Կամ չունէի։ Անոնց պէս լեցուն չէի։ Ուրիշներ լեցուն էին։ Երբ ես «Մենք»ի իմ սերունդի խումբին մէջն էի, ինքզինքս միշտ աղքատ կը տեսնէի։ Միւսները զարգացած մարդիկ էին։ Մեծ մարդիկ էին Շուշանեան, Նարդունի, եւայլն»։ (Պչաքճեան (Ա) 57) 

«… Երբ կը խօսուի Փարիզի տղոց մասին, իրապէս տղաքը, որ կը ներկայացնէին մեր գաղթականութեան սկզբնական ինքնորոշման շրջանը, այդ տեսակէտով կրցան գրական մթնոլորտ մը շինել, եււ ատոր համար գրող եղան, Շահնուր եղան։ Առանց այդ գրական մթնոլորտը շինելու, անոնք բան չէին ըլլար… գրականութիւն մը ստեղծեցին եւ իրենք ալ գրագէտ եղան։ Որովհետեւ, գրական շարժումը ստեղծողներուն առջեւ ընկերային տեսակէտով երեւոյթ մը բացաւ, ամբողջ մեր գաղթականութիւնը։ Այդ նոր գաղթականութիւնն է մեր նոր գրականութիւնը։ Պատմական երեւոյթ մըն է։ Այդ պատմական երեւոյթին մէջ մուծուած գրականութիւնն է։ Հիմա Սփիւռք կայ, գաղթականութիւնը չկայ»։ (Պչաքճեան (Ա) 61)

«Պէտք է նետել աւանդութեան վատ կողմերը, նետել աւանդոյթները ու պահել աւանդութիւնը։ Աւանդութիւնը հայութիւնն է, ըսած եմ օր մը։ Մեր այդ սերունդը աւանդոյթները նետեց, աւանդութիւնը պահեց։ Աւանդութեան հայկականութիւնը»։ (Պչաքճեան (Ա) 61)

 

Որբունի եւ կեթոն[4]Բնագիրին մէջ, «կեթթօ» բառը տարբեր ձեւերով գրուած է։

«Ինչո՞ւ համար «Նահանջը» յանկարծ մեծցաւ։ Հո՛ս է, որ կեթոյի հարց կայ։ «Նահանջը» կեթոյի արտայայտութիւն է, իմս ՝ արտակեթթօ, արձակն ալ՝ սովորական հայերէն։ Անիկա հայերուն համար վարժ գրականութիւն մըն էր։ Հայերու փոքր ածուի հոգեբանութեան դէմ, բայց այդ հոգեբանութեան մասին կը խօսի։ Հետեւաբար կեթոյին մէջ ըլլալուն, հասկցուեցաւ, մանաւա՛նդ՝ «Ախ, վայ Արարատ…»։ Իսկ անդին ածուն մեծ է։ Իմ գործս գրականութեան հրապարակին վրայ է, ոչ թէ ազգային շրջանակի մէջ։ Ատոր համար մեր ազգային շարժումին մաս չի կազմեր»։ (Պչաքճեան (Ա) 55)

«Իմ շօշափած նիւթերս կեթոյին մէջ չեն։ Ազգային են, բայց կեթոյէն դուրս։ Ես չեմ ըսեր, որ ազգէն դուրս եմ։ Կարծեմ ըսի, որ Հալածուածներու ամբողջ շարքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայ ազգին եղած անարդարութեան դէմ արձակուած ճիչ մը։ Այդ անարդարութեան դէմ կուզեմ ըլլալ ամենամեծ ճիչը»։ (Պչաքճեան (Ա) 58)

 

Որբունի եւ գրականութիւնը

     «Այո, քաղաքականութիւնը կարելի չէ անջատել գրականութենէն։ Եթէ ըլլար՝ արդէն կը դադրէր մեծ գրականութիւն ըլլալէ։ Ես ուղղակի քաղաքական գրականութիւն չեմ ըրած։ Անոնք մաքիս թելադրական ընդհանուր մտածումներն են։ Երբ բան մը կը գրեմ, իմ աշխարհէս կու գայ։ Ահա թէ ինչու ես կեթոյին մէջ չեմ։ Ազգային ամբողջ գրականութիւնս այդ աշխարհէն կու գայ, որ կեթոյէն դուրս է։ Բայց ես հայ եմ եւ հայ ճակատագիրը կայ։ Մանաւա՛նդ այս բոլոր երեւոյթները հոգիի մակարդակի վրայ կը տանի»։ (Պչաքճեան (Ա) 58) «Բայց զոհողութիւն է գրականութիւնը։ Կրնայի եղբօրս պէս հարստանալ։ Կրնայի մերժել հայուն անհետաքրքրութիւնն ու ինծի պատճառած դժբախտութիւնը։ Բայց ամէն ինչ սնանկութիւն էր»։ (Պչաքճեան (Ա) 59)

 

Որբունի եւ մինակութիւնը

     «Միշտ մինակ կը զգամ ինքզինքս։ Ո՛ւր ալ երթամ, մինակ եմ։ Մարդոց հետ կապս անմիջական չէ։ Չեմ կրնար կապուիլ։ Եւ հաւանաբար գրելս դէպի միւսի, դէպի ուրիշը մեկնելու միջոց մը չէ՞, կը խորհիմ։ Աւելի վէպերու հերոսներուն հետ է, որ կ՚ապրիմ, քան իրական մարդոց»։ (Պչաքճեան (Բ) 52)

«Թէ այս շարքը այնքան երկարեցաւ, որ ես բանտարկուիմ անոր մէջ, կ՚ըսեմ՝ երանի այդ տեսակ բաներ շատ ըլլային։ Որովհետեւ ես աւելի երջանկութեամբ ապրեցայ այդ մարդոց հետ, քան դուրսի մարդոց, որոնց ստիպուած էի ժպտիլ, խնդալ, երբ կ՚ուզէի հարուածել։ Կեանքին մէջ կարելի չէ, որ մարդ իր ուզածը ընէ։ Կեանքը շատ մը բաներ կը պարտադրէ մեզի»։ (Պչաքճեան (Բ) 53)

     «Ինչպէս որ խմորը կը շինես եւ թթխմորով տաքուկ անկիւն մը կը տանիս եւ անիկա կը բարձրանայ։ Ինծի համար այդ վայրն է առանձնութիւնը։ Վախէն չէ, որ կը քաշուիմ՝ ոզնիի պէս կաղապարիս մէջ կը մանեմ կամ կրիայի պէս։ Հոն է, որ ես կը փթթիմ։ Կը թթխմորուիմ»։ (Պչաքճեան (Բ) 54)

 

Որբունի եւ կինը էլիզապէթ

     «Եկաւ ժամանակ, երբ կինս ստանձնեց մեր կեանքը ապահովելու պարտականութիւնը։ Ի ր արհեստը հասութաբեր էր։ Լաւ, իշխանական կեանք մը ունէինք…անկեղծօրէն ըսեմ, թէ երբ կինս ազատութիւն տուաւ ինծի ու ես նստայ գրականութիւն ընելու, հասկցայ, թէ ինչ է եղեր գրականութիւնը։…եթէ կնոջս ազատամտութիւնը չըլլար, ես երբեք պիտի չկարենայի գրականութիւն ընել
եւ իրաւունք ունիմ եղեր, երբ մերժեր եմ ժամանակին գրականութիւն ընել։ Քանի որ այդ պայմաններուն մէջ պիտի չկարենայի լրջօրէն աշխատիլ»։ (Պչաքճեան (Ա) 63-64)

«Այն սէրը, որ կու տայ Մինասի, կամ այդ սէրը, որ ունի Մինաս Նիգոլի[5]Մինաս հերոսն է Որբունիին Հալածուածներ շարքին մէջ. Նիգոլը՝ իր սիրահարը։ հանդէպ, իմ եւ կնոջս իրարու հանդէպ ունեցած սէրն է։ Ատոր համար է, որ հայ աղջիկներու շարքին մէջ ան օտար մըն է, եւ իմ կինս օտար է»։ (Պչաքճեան (Բ) 53)

 

Որբունի եւ Թեկնածուն

     «Թեկնածուն գրեցի Մազտայի հսկայ շէնքին մէջ՝ պահակութիւն ըրած ատենս։ Ամբողջ գիշերը գրելով կ’անցընէի։ Քառասուն գիշերուան մէջ գրեցի Թեկնածուն, ինչպէս ըսի ասկէ առաջ։ Անշուշտ սրբագրութիւններն են, որ աւելի ժամանակ կ’առնեն։ Առաջին ժայթքը ընդհանրապէս երկար չէ»։ (Պչաքճեան (Բ) 51)

 

Որբունի եւ ընթերցողները

     «Ես իրապաշտ մարդ մըն եմ։ Կ’ուզեմ կեանքը տալ այնպէս ՝ ինչպէս որ է։ Ինչո՞ւ համար Կեանքը ինչպէս որ է Զօհրապը կը սիրեն եւ իմս չեն սիրեր»։ (Պչաքճեան (Ա) 53)
     «Մենք կարդացող չենք եղած։ Մեծ Վարուժանի Հեթանոս երգերը մէկ անգամ հրատարակուած էր, հազար թէ երկու հազար օրինակով, 1930-ին դեռ կը տեսնէի Սարսէյլի գրատուներուն մէջ։ Չէր ծախուած։ Մեծ Վարուժանի գիրքը չէր կարդացուեր։ Չէր ծախուեր։ Հայ ժողովուրդը գրականութեան պէտք չունի։ Չի հետաքրքրուիր»։ (Պչաքճեան (Ա) 59)
     «Անպայման սեռի մասին խօսուած ատենը, անմիջապէս որ սեռին անունը կու տաս, քեզ կ’ամբաստանեն իբրեւ պոռնկագիր։ Երբ հացին անունը կու տաս, այդպէս չեն խորհիր։ Հաց եւ սեռ միեւնոյն բաներն են։ Բառեր են։ Ինչո՞ւ համար մենք ՝ մարդիկս, տուեր ենք մէկուն գովելի, միւսին՝ այպանելի տեսակէտներ։ Ամբողջ հարցը հոս է։ Սարդիկ ինքզինքնին բանտարկեր են, զնտանին մէջ դրեր են, լոյս կը բերես, անմիջապէս կը պոռան. «գոցեցէք լոյսը», որովհետեւ մութին վարժուած են»։ (Պչաքճեան (Ա) 50)
     «…որոշած էի ամէն մէկ վէպի մէջ մէկ արգիլուած բառ գործածել, որպէսզի մարդիկ վարժուին հաց ուտելու պէս այս բառերը գործածելու…ես մարդոց կ’ըսեմ. «այդպիսի բառերէ մի՛ վախնաք, գործածեցէ՛ք։» Երբ գործածուի, իր այպանելիութիւնը կը կորսնցնէ։ Ե ս կ’ուզեմ մարդիկը ազատագրել»։ (Պչաքճեան (Ա) 51)
     «Ես կ’ուզեմ մարդը իր բնական վիճակին վերադարձնել»։ (Պչաքճեան (Ա) 51)

References
1 Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Վարդան Մատթէոսեանին, այս հարցազրոյցին մասին ինծի հաղորդելուն, եւ Տանիէլ Օհանեանին՝ Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» Հայագիտական գրադարանէն բնագիրը լուսանկարելուն համար։
2 Պչաքճեան, Մովսէս (Ա). «Միաձայն զրոյց Զարեհ Որբունիի հետ». «Բագին» 19 (10), 50-64. 1980։ Պչաքճեան, Մովսէս (Բ). «Միաձայն զրոյց Զարեհ Որբունիի հետ». «Բագին» 19 (11), 50-59. 1980։
3 Vorpouni, Zareh. The Candidate: A Novel. Trans. Jennifer Manoukian and Ishkhan Jinbashian. Syracuse, NY: Syracuse University Press, 2016
4 Բնագիրին մէջ, «կեթթօ» բառը տարբեր ձեւերով գրուած է։
5 Մինաս հերոսն է Որբունիին Հալածուածներ շարքին մէջ. Նիգոլը՝ իր սիրահարը։
նախորդ
ԲԱՌԸ
յաջորդ
Káukasos