Աննա Արզումանեան

Káukasos

(հատուածներ)

… Ուղղաձիգ ասեղներու քաղաք՝
Նիւ Եորք, եկեղեցի պանդոկներու,
լողաւազաններու,
տուրմի խանութներու։
Իր շօշափուկներն
արձակող կղզի,
մթին արգանդ՝
գայլի երախի նման,
շէնքերը մինչեւ վերջը տանիքներուն
կը միախառնուին երկինքի հետ։
Կրակ, որ կը բոցավառի
սառցալերան մէջ։

Չեն աճիր յասմիկներն այստեղ։
Հանգած հրաբուխի մը խառնարանին վրայ,
լեռը կը դառնայ
ճարտարապետութիւն։
Լեռներու տիեզերքներ
յարատեւ իրարանցումով
պատերը կ՚ուտեն
աչքերու
մոգական գորգին վրայ։
Հիւսուածք մը
հիւսուածքի մէջ,
գորգի մը գործուածքը,
սաւանը
ուր կ՚աղօթենք
օրական հինգ անգամ՝
աշխարհին հաւատալու,
աշխարհագրագէտներու
կորուսեալ կլիման զգալու համար։

Այլեւս չդառնալ վարձկան,
բառերը վերադարձնել
ցայլքի հովանիին տակ։
Հայեացքով պահել
ա՛յն, ինչ որ կը տեսնենք,
եւ ո՛չ բացիկներու այս շարանը,
կարմրաթաւիշ

նստարաններու ովկիանոսը
կոթողներու,
թատրոններու,
գրակալներու։
Նաւ մը ովկիանոսին վրայ,
բանտուած՝ ընդմէջ ապակիներու,
երգիչ ուղեւորներով՝
նաւաբեկեալներ, որոնք ծովուն
կը վերադարձնեն ծովուն սեփականութիւնը։

. . . Մանհաթան, Պրուքլին,
Պրոնքս, Քուինզ,
Մթէյթըն Այլանտ.
յասմիկ չկայ Նիւ Եորքի մէջ։
Էօզկիւր, անունս Էօզկիւր է,
թուրքը կ’ըսէ ինծի։
Երբ անունս
կը հարցնէ,
պատասխանս կ՚ըլլայ՝ Now,
կ’ըսեմ, Հիմա.
անունս հիմա է։
Էօզկիւր կը պնդէ.
թուրք, իսկ դո՞ւք։
Ես կ’ըսեմ Հիմա։
Անունս Հիմա է։
Հազար տարի առաջ ծնայ
Բագրատունեաց հարստութեան տակ,
երկրի մը մէջ կ’ապրիմ
սահմաններով լեցուն։
Իմ երկիրս
սահման մըն է։
Ինչպէ՞ս կորսնցուցինք մեր
ազատութիւնը, Էօզկիւր։
Կը հարցնեմ՝ Էօզկիւր,
ինչպէ՞ս կորսնցուցինք
մեր ազատութիւնը։
Անգլիացիները
Աֆղանիստանը ստեղծեցին
թոյլ չտալու համար,
որ ռուսական կայսրութիւնը
հասնէր
մինչեւ Հնդկաստանի
անգլիական գաղութը։

Սպաներէնէ թարգմանութիւնները՝ Վարդան Մատթէոսեանի

ԾԵ. Տարի, 2016 թիւ 4

Your email address will not be published. Required fields are marked *

յաջորդ
bang bang.