Ընկեր մը ունիմ որ շատ տարօրինակ է։ Ամէն մարդու որ հանդիպի նոր ես մը կը ներկայացնէ։ Չեմ ըսեր որ միշտ իր ուզածը այն է՝ կրնայ ըլլալ որ իսկապէս փոխուած ըլլայ եւ կարելի չըլլայ հին եսը ներկայացնել՝ այն որ եղած է բայց այլեւս չէ։ Սակայն շատ անգամ երբ մարդու մը հանդիպի կը ստուգէ որ ներկայացուցած եսը յարմարի անոր։ Երբ փիլիսոփայի հանդիպի, կարծես շատ հետաքրքրուած ըլլայ փիլիսոփայութեամբ. երբ բանուորի հանդիպի, կարծես ինքն ալ գործարանի մէջ աշխատի. երբ մարզասէրի հանդիպի, կարծես ինքն ալ մարզախաղերու գիտակ ըլլայ։
Արդեօք բուն ես մը չունի՞. կամ թերեւս իր բուն եսը չի կրնար կամ ալ չուզեր դուրս բերել անյայտ պատճառով մը։ Կրնայ ըլլալ որ մեծ վախ ունենայ իր իսկական եսը ցուցնելու։ Կրնայ ըլլալ որ իր բուն եսը ինք չճանչնայ։ Նաեւ կրնայ ըլլալ որ շատ խոհեմ է՝ չուզեր մէկը դառնացնել եւ այդ պատճառով յարմար եսը կը ներկայացնէ իր հանդիպածին։ Կրնայ ըլլալ որ կը յարմարեց նէ որոշ բարեսիրական նպատակի համար, առաքեալին պէս որ պարծեցաւ խաբէութեամբ՝ ընդ ամենայնի ամենայն եղէ, զի թերեւս ապրեցուցից զոմանս։
Յամենայնդէպս, միշտ կը խորհիմ թէ որքան դժուար է բոլոր այս եսերը յիշել եւ չշփոթել։ Ի՞նչ կը պատահի երբ ան յանկարծ ինքզինք գտնէ նախապէս հանդիպած մարդոց մէջ, որոնցմէ ամէն ոք իր տարբեր եսերէն մէկուն ծանօթացած ըլլայ։ Ո՞ր եսը կ՚ըլլայ։ Թերեւս ուրեմն նախընտրելու է մարդոց առանձին-առանձին հանդիպիլ, ամէն անգամ իր եսը քիչ մը բարեփոխելով։
Իր եսերէն որո՞ւ ծանօթացած եմ։ Այն որ ինծի յարմար եղած ըլլալու է։ Թերեւս ծանօթացած ըլլամ այն եսին, որ միշտ տարբեր կ՚երեւի իր հանդիպած պահուն, մինչ իր կայուն եսն է որ կը ներկայացնէ բոլոր միւսներուն։ Թերեւս ըլլայ, կամ նոյնիսկ կա՛յ բուն ես մը որուն ցարդ չեմ ծանօթացած։ Հաւանական է, որ աւելի եսեր ունենայ՝ որոնց տեղեակ չեմ ու չըլլամ բնաւ։