Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)

ԱՄԲԱՍՏԱՆԱԳԻՐ՝ ԳՐԱԿԱՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ՄԸ ԱՌԹԻՒ

ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆ-ԳԵՂԱՄ ՍԵՒԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՆԱԽ բնագրերու մասին։
    29 յունուար 2020, չորեքշաբթի, արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի թողօնը պրպտելու նպատակով այցելեցի արձակագրի դստեր՝ տիկին Թիլտա Մանկասարեանի բնակարանը, Գատըգիւղի մերձ թաղամաս մը։ Տիկին Թիլտա Մանկասարեան եւ իր դուստրը՝ Արամեան վարժարանի ուսուցչուհի օր. Թամար Մանկասարեան տրամադրութեանս տակ դրին խաւաքարտէ մեծկակ տուփ մը, որու մէջ հաւաքուած էին Զաւէն Պիպեռեանէ մնացորդ գրական մասունքներ՝ թուղթեր, թերթերու կտրօններ, նամակներ, սեւագրութիւններ, գծանկարներ, տետրակներ, վերջապէս գրողի մը ինքնութիւնը կազմող իրեր։
    Այդ տուփի պտուղն է նաեւ հետեւեալ թղթածրարը, որ կը բացայայտէ ծածուկ մնացած, թերեւս նաեւ մոռացութեան մատնուած հակառակութիւն մը՝ գրականութեան պատմութեան հետաքրքրական դրուագ մը։
    Թղթածրարին մաս կը կազմէ նախկին ստանպուլահայ, ապա փարիզաբնակ գրող, Փարիզի Աշխարհ թերթի խմբագիր Աւետիս Ալիքսանեանի (1910-1984) ուղղեալ նամակ մը եւ անվերնագիր, երկարապատում յօդուած մը։ Նշելի է, որ յօդուածը մաքրագրուած է ու պատրաստուած քանի մը օրինակով (Պիպեռեան մտադիր էր պատճէն մըն ալ ուղարկել Սովետական գրականութիւն հանդէսին), իսկ նամակը մէկ օրինակ է. երկուքն ալ առաքումի ու հրատարակումի պատրաստ։ Զաւէն Պիպեռեան ո՛չ նամակը եւ ո՛չ ալ հրատարակելի յօդուածը առաքած է եւ զանոնք պահած է քովը։
    Թէեւ երկու գրուածքն ալ անթուակիր են, սակայն որոշ տուեալներ կ՚օգնեն ենթադրութիւններ կատարելու գրառման հաւանական թուականին շուրջ։ Պիպեռեանի յօդուածին առիթ տուող Գեղամ Սեւանի պատմուածքը՝ «Կորսուած գարուններ», լոյս տեսած էր Երեւանի Սովետական գրականութիւն հանդէսի սեպտեմբեր 1962ի թիւին մէջ։ Աւ. Ալիքսանեանի ուղղեալ նամակի մէջ Պիպեռեան տեղ մը կը գրէ, թէ «Գեղամը «Սովետական Գրականութիւն»ի անցեալ Սեպտեմբերի թիւին մէջ «վիպակ» մը հրատարակեր է…»։ Ուրեմն նամակը կարելի է թուագրել, ենթադրաբար, 1963 թուականով։ Իսկ յօդուածի աւարտին Պիպեռեան ինքն իրեն ակնարկելով կ՚ըսէ, թէ «… ճամբան ինք հարթեց անոր քայլերուն առջեւ՝ տասնըհինգ տարի առաջ»։ «Ճամբայ հարթել» ըսելով հաւանաբար նկատի ունի Գեղամ Սեւանի առաջին գիրքի՝ 1949-ին Պէյրութ հրատարակուած Ագռաւները թառեցանի համար գրած յառաջաբանը, ինչպէս նաեւ Պէյրութ նոր ժամանած Սեւանը Պէյրութի գրական շրջանակներու հետ ծանօթացնելը. ուրեմն այս պարագային ալ կ՚ունենանք 1964 թուականը։ Հետեւաբար, Պիպեռեանի նամակը եւ յօդուածը գրուած ըլլալու են 1963 կամ 1964 թուականին։
    Պիպեռեանի եւ Սեւանի այս հակառակութեան վերաբերեալ գրեթէ ոչինչ գիտենք։ Նիւթին մասին ակնարկ մը ունի ստանպուլահայ մտաւորական Ռուբէն Մաշոյեան, որ իր Եւ այսպէս ապրեցանք յուշագրութեան Զաւէն Պիպեռեանի նուիրուած հատուածին մէջ կը խօսի այդ մասին։ «Օր մը ինծի եկաւ. ձեռքը Հայաստան հրատարակուող թերթ մը կար։ Թերթին մէջ բաւական երկար պատմուածք մը՝ նորավէպ մը կար։ Գրողը Գեղամ Սեւանն էր։ “Կարդա՛”, ըսաւ. կարդացի»։ Մաշոյեան կը վկայէ, թէ Պիպեռեան այլայլած ու վրդոված էր այս պատճառով։ «Ես ալ այլայլեցայ, շուարած մնացի,- կը գրէ ան,- մէկը որ առնուազն երախտագիտական զգացումներ պէտք է ունենար զինքը պաշտպանող, ծանօթացնող, նոյնիսկ սխալները սրբագրող Պիպեռեանի մը հանդէպ, ինչպէ՞ս կրնար այս տողերը գրել, ինչպէ՞ս կը յանդգնէր այս աստիճան խեղաթիւրել դէպքերը»։ Ապա Մաշոյեան կ՚ըսէ, թէ Պիպեռեան ուզած է պատասխանել Գեղամ Սեւանի այս գրութեան՝ նամակ մը ղրկելով Հայաստան հրատարակուող թերթին, սակայն ինք եղած է զինքը ետ կեցնողը[1]Տե՛ս Ռուբէն Մաշոյեան, Եւ այսպէս ապրեցանք, Ստանպուլ, «Արաս» հրատ., 1998, էջ 77-79։։ Մաշոյեան անուղղակիօրէն կը գոհացնէ նաեւ մեր հետաքրքրութիւնը եւ այսպէսով կը սորվինք, որ ան եղած է պատճառ որպէսզի Պիպեռեան իր քով պահէ Սեւանին գրած պատասխանը, զոր «ամբաստանագիր» կը գոչէր, եւ չառաքէ ուր որ անկ է։
    Որքան կրցանք ստուգել, Պիպեռեան անգամ մը միայն գրած է այս մասին, ուղղելով ծածուկ ակնարկութիւն մը, վերջերս միայն հրատարակուած իր ինքնակենսագրութեան մէջ։ Ընկերոջմէ մը կրած վիրաւորանքի առթիւ խօսելէ ետք կ՚ըսէ, թէ «ետքէն Գեղամ Սեւանի հետ պատահածներն ալ [զինք] այս աստիճան պիտի վիրաւորէր»[2]Տե՛ս Zaven Biberyan, Mahkûmların Şafağı, Özyaşamöyküsü: 1921-1946 (Դատապարտեալներու այգաբացը, ինքնակենսագրութիւն 1921-1946), … Continue reading։ Ա՛յսքան…

* * *

Ո՛վ գիտէ, Զաւէն Պիպեռեան Գեղամ Սեւանի Կորսուած գարուններ վիպակը կարդալէ ետք նոյնքան այլայլած էր, որքան Տիրան Չրաքեան՝ Զապէլ Եսայեանի Կեղծ հանճարները կարդալու ընթացքին։ Պիպեռեան Սեւանի գրածը կը գնահատէ որպէս «յուշագրութիւն», ուր միայն «անուններու թափանցիկ ձեւափոխութիւն» մը կատարուած է։ Իսկ բուն նպատակը եղած է զինք «սպաննել բարոյապէս», նաեւ «բնաջնջել բոլոր անոնք, որոնց շատ բան կը պարտի»։ Իսկ Պիպեռեանի յօդուածը ամբողջութեամբ, կէտ առ կէտ հերքումն է Սեւանի գրուածքին, որուն նպատակը եղած է, ըստ Պիպեռեանի, քանդել Զարեհ Կիւմիւշեանը (իմա՛ Պիպեռեանը), մահափորձի ենթարկել, սպաննել զայն։ Գեղամ Սեւանի գրական որոշ գործեր եթէ այլ գրողի մը կողմէ եւս (Ռոպէր Հատտէճեան) նմանատիպ ամբաստանութիւններու ենթարկուած չըլլային, ապա Պիպեռեանի ընկալումը հալածախտի մը թեթեւ արտայայտութիւն մը նկատել փորձէինք. վերջապէս վիպագիրը յուշագրող մը, փաստագրող մը չէ եւ ոչ ալ պարտաւոր ըլլալու պարկեշտ կամ հաւատարիմ՝ իրականութեան։ Պիպեռեանի արդարանալու յամառ փորձը, որ միշտ կը բխի Սեւանի գրուածքը վաւերական պատում մը ընկալելու սկզբնակէտէն, կը հիմնաւորուի նաեւ երբ Սեւանի վիպակին հետ համընթաց կարդանք յայտնի համայնավար տոքթ. Հայկ Աչըքկէօզի յուշագրութիւնը։ Մեր ծանօթագրական նշումներուն նպատակն ալ այդ եղած է արդէն։    
    Ստանպուլահայ մտաւորականները 1940ականներէն սկսեալ Պէյրութ գաղթած եւ հոն փոքր շրջանակ մը ձեւաւորած են, յարաբերութիւններ ստեղծած են տեղւոյն մտաւորականներուն հետ, աշխատակցած են գրական մամուլին, ունեցած են քաղաքական նախընտրութիւններ։ Ոմանք ետքը Ստանպուլ վերադարձած են, ոմանք հաստատուած են Պէյրութ, իսկ ոմանք ալ, ինչպէս Սեւանը, անցած են Սովետական Հայաստան։ Սեւանի արդէն իսկ տպագրեալ քանի մը գործերուն առընթեր, ստանպուլահայերու Պէյրութի փորձառութեան վերաբերեալ հազուագիւտ փաստաթուղթ մըն է անկասկած Պիպեռեանի ցարդ անտիպ մնացած այս յօդուածը։


* * *

Սիրելի Աւօ,

    Կը խորհիմ թէ «խանութդ բացած» ես ամառնային արձակուրդէն ետք, եւ թէ կրնամ հիմա գրել բաւական կարեւոր խնդրի մը մասին։ Նայէ, խնդիրը սա է.
    Գեղամ Լ. Սեւանը կը ճանչնաս։ Իմ Պէյրութ երթալէս[3]Զաւէն Պիպեռեան Պէյրութ գացած էր 1949 թուականին։ շատ կարճ ատեն ետք ան ալ Պէյրութ եկաւ ընտանեօք։ Աներհայրը՝ Աքըլլըեանը ինծի յանձնարարած եւ խնդրած էր որ ձեռքէս եկածը ընեմ։ Ձեռքէս մեծ բան չէր գար, եւ Գեղամը ուրիշին չէր կարօտեր, մանաւանդ նիւթապէս, նկատելով որ արդէն խոշոր ափարթըման մը ծախելով եկած էին բաւական մեծ գումարով եւ մօրը անսպառ գոհարեղէններով։ Այսուհանդերձ, ան ուղղակի ինծի եկաւ Պէյրութ։ Առաջին գիրքին (Ագռաւները) ձեռագիրը ինծի բերաւ որպէսզի սրբագրեմ եւ հրատարակեմ։ Կրցածիս չափ կոկեցի այդ ահաւոր հայերէնով անկերպարան «վէպ»ը, մատչելի գնով հրատարակել տուի «Զարթօնք»ի մարդոց, նախաբան մըն ալ գրեցի իր փափաքով։ Զինքը լանսէ ըրի։ Լանսէ ըրի նաեւ Պէյրութի գրական շրջանակին մէջ։ Քիչ մը յամառ եւ դատողութիւնը կարճ ըլլալուն, բաւական ջանք թափեցի զինքը տղերց շրջանակներէն զգուշացնելու համար, որովհետեւ շատ մօտիկ դաշնակահար ազգականներու հետ սերտ յարաբերութեան մէջ էր ընտանեօք (նիւթական շահերու բերմամբ յատկապէս)։ Ես միջնորդեցի եւ հսկեցի իր գործ գտնելուն՝ Բարեգործականի իբրեւ ուսուցիչ, Բարեգործականի մարդոց հետ կռուելով ի հարկին, իրեն վճարուած թոշակին համար անգամ գէշ մարդ ըլլալով, որպէսզի չփորձուի դաշնակահարներու մօտ փնտռելու նիւթական առաւելութիւններ որուն համար քիչ մը դիւրաւ հակամէտ էր ճամպազութեան։
    Այս բոլորը ցարդ չէի պատմած ոչ ոքի։ Հարկ չէի տեսներ։ Եւ գիտես որ ոչ մէկ ըրածովս յոխորտալ կը սիրեմ։  Բայց հիմա ստիպուած եմ պատմել՝ կարգ մը բաներ բացատրել կարենալու համար։ Այսինքն, Գեղամ Լ. Սեւանը, ինչպէս որ է այսօր, ձեւով մը ես ստեղծած եմ, թէեւ այս պարագան մարդ չի գիտեր գուցէ։
    Գեղամը, 3,5 տարի Պէյրութ բնակութեանս ընթացքին, շատ մտերիմս եղաւ։ Միասին կերանք, խմեցինք, պտտեցանք, նոյնիսկ բնակեցանք, տերտլենմիշ եղանք, ընտանեկան շատ սերտ յարաբերութիւն ունեցայ։ Շատ տեղ առանց ինծի չէր երթար, զիս կ՚ուզէր քովը։ Միշտ ներողամիտ գտնուեցայ իր բոլոր թերութիւններուն հանդէպ, զայն նկատելով տղայ մը որ դեռ չէ կազմուած իբրեւ մարդ ալ եւ բնական գտնելով իր բոլոր դեդեւումները, տկարութիւնները եւ ամէն բան։ Ամբողջ այդ ժամանակամիջոցին, երբեք որեւէ խնդիր, որեւէ վէճ, բախում չունեցանք, եւ նոյնպէս իբրեւ շատ լաւ բարեկամներ բաժնուեցանք վերադարձիս։ Ճիշդ այս պատճառով է որ քիչ մը զարմանք պատճառեց ինծի իր քար լռութիւնը, երբ Պոլիս գալէս ետք 2-3 անգամ նամակ գրեցի եւ ոչ մէկ պատասխան ստացայ։ Բայց նոյն ներողամտութիւնը ունեցայ այս պարագային ալ, որոշ պայմաններու վերագրեցի ինծի հետ թղթակցելու իր չկամութիւնը, ես ալ չգրեցի այլեւս, բաւականանալով եկող գացողին հետ բարեւներ ղրկելով։
    Ահա՛ հակիրճ պատմականը Գեղամին հետ իմ բարեկամութեանս։ Հիմա գանք բուն խնդրին։
    Գեղամը «Սովետական Գրականութիւն»ի անցեալ Սեպտեմբերի թիւին մէջ «վիպակ» մը հրատարակեր է «Կորսուած Օրեր» խորագրով։ Կարդացած ըլլալու ես։ Ես չեմ ստանար այդ թերթը. Հայաստանէն ոչ մէկ թերթ կը ստանամ։ Բայց ստացողներ կան հոս։ Անոնցմէ մէկուն միջոցով, բերնէ բերան ինծի հասաւ այն լուրը՝ թէ Գեղամ Սեւանը իմ մասիս շատ վատ բաներ գրեր է։ Չուզեցի հաւատալ։ Առի, կարդացի, եւ ծանր choc մը կրեցի։ Անհաւատալի էր դէպքը։ Եւ օրերով չկրցի հաւատալ աչքերուս։ Բայց իրականութիւնը իրականութիւն էր, ճերմակի վրայ սեւով։
    Այդ «վիպակ»ը, որ յուշագրութիւն մըն է, ծայրէ ի ծայր իրական դէպքերով, կը պատմէ իմ եւ կարգ մը ընկերներուս Պէյրութի մէջ ապրած կեանքը։ Գլխաւոր հերոսները՝ մէկ ամենամտերիմ ընկերս եւ ես ենք։ Ընկերս դուն ալ կը ճանչնաս կարծեմ, Տորգը [sic], հսկան։ Պոպսթիլ Եդուարդը։ Դէպքերը այնքան իրական են, անուններու փոփոխութիւնը անգամ իրականներուն համապատասխան թափանցիկ կերպով կատարուած է, որ ոեւէ մէկը կը ճանչնայ զիս, աս Պիպեռեանն է կ՚ըսէ։ Ինչպէս որ ըսած են կարդացողները, ու ի վերջոյ դէպքը բերած՝ ինծի։
    Գեղամը այդ յուշագրութեան -կամ՝ իր ասացուածքով՝ «վիպակ»ին մէջ- պարզապէս մահափորձ մը ըրած է ինծի դէմ, իր կարելի բոլոր միջոցներով։ Զիս ներկայացուցած է իբրեւ հրէշ մը որ ոչ մէկ մարդկային կողմ ունի, ոչ մէկ լաւ կամ համակրելի գիծ։ Նիւթականէն մինչեւ ընտանեկան, բարոյականէն մինչեւ քաղաքական, անհատական նկարագրէն մինչեւ մարդկային ամենապարզ եւ հիմնական սկզբունքներ։ Իր ամբողջ «տաղանդ»ը թափած է զիս անլուալիօրէն սեւցնելու համար բոլոր մարզերու մէջ։ Այս բանը ընելու համար, բոլոր այդ իրական դէպքերը խեղաթիւրած, չարափոխած, զրպարտութիւններով ծանրաբեռնած է առանց միակ բացառութեան մը, առաջին տողէն մինչեւ վերջին տողը։ Աւելի տարօրինակ բաներ ալ ըրած է. ինծի վերագրած է բոլոր նկարագրի տգեղ գիծերը, թերութիւնները, արարքները եւ խօսքերը որոնք իրեն կը պատկանին կամ ուրիշներու, եւ ինքզինքին վերագրած է իմ կեանքիս կարգ մը գիծերը, իմ կարգ մը խօսքերս եւ խառնուածքիս կողմերը։ Այո, տարօրինակ բաներ, որոնք սակայն կը բացատրեն խնդրին հոգեբանական մեքանիսմը։
    Այս բարեկամը, որ առաջին անգամ կարդացեր եւ զիս ճանչցեր է «վիպակ»ին մէջ, յետոյ ինծի շահեկան բան մը պատմեց. քանի մը տարի առաջ Պէյրութ գացած էր։ Հոն տեսնուեր է Գեղամին հետ։ Գեղամը այդ «վիպակ»էն աւելի սոսկալի լեզուով մը խօսեր է իմ մասիս, եւ  յայտներ է թէ յաջորդ գիրքին մէջ -որ «պոմպա»ի պէս պիտի ըլլայ- ահաւոր բաներ պիտի պատմէ իմ մասիս։ Մեր բարեկամը հարցուցեր է թէ ե՞րբ պիտի հրատարակէ։ «Անոր ատենը կայ» ըսեր է Գեղամը։ Մեր բարեկամը, վերադարձին, չէ ուզեր ինծի պատմել այս դէպքը։  Հիմա յայտնի կ՚ըլլայ թէ ի՛նչ էր իմաստը այդ «ատենը կայ»ին։ Գեղամը սպասեր է որ Հայաստան երթայ, այսինքն միջնաբերդ մտնէ, եւ իր նետերը արձակէ առանց ուրիշին նետերէն զարնուելու վտանգի։ Արդարեւ, եթէ Հայաստան ըլլար նորմալ երկիր մը, անմիջապէս կը հաւաքէի իր պատմած դէպքերուն ապրող հերոսները եւ վկաները, կ՚երթայի ականջէն կը բռնէի, ծունկի կը բերէի, դատաստանի առջեւ քուրջի կը վերածէի։ Բայց հաշիւը լաւ ըրած է ան։ Նոյնիսկ compromettant բաներով զիս ֆիզիքապէս ալ սպաննել, գէթ վտանգել ջանացած է, երեւակայական քաղաքական եւ կուսակցական գործունէութիւններ վերագրելով ինծի։ Բայց այդ ժուրնալճիական վատութիւնը չի կրնար հարուածել ինծի, որովհետեւ կը խորհիմ թէ թրքական իշխանութիւնները  պէտք է գիտնան թէ ես ոչ մէկ քաղաքական կամ կուսակցական գործունէութիւն ունեցած եմ Թուրքիայէն դուրս, մեր հայկական «կուսակցութիւնիկ»ներուն հետ, որոնց գոյութիւնը անգամ ծիծաղելի կը գտնեմ ու կ՚ատեմ։
    Գեղամը լաւ գիտէ թէ իր ներկայացուցած հերոսներուն օրիժինալները կ՚ապրին, եւ հոս՝ Պոլսոյ մէջ կ՚ապրին։ Լաւ գիտէ թէ այդ դէպքերը բազմաթիւ վկաներ ունին՝ զանոնք մօտէն գիտցող։ Ուրեմն կը տեսնուի որ չի մտահոգուիր վկաներէ, ոչ ալ վկաներու կարծիքէն, ոչ ալ արտասահմանէն։
    Բայց ինչո՞ւ կ՚ընէ ասիկա, ինչո՞ւ կ՚ուզէ սպաննել զիս բարոյապէս, եւ վտանգել ֆիզիքապէս։ Այս հարցումն էր որ չարչարեց զիս օրերով։ Վերջապէս, իր «վիպակ»ը վերլուծելով, եւ ուրիշներու ալ կարծիքին օգնութեամբ, որոշ եզրակացութեան մը հասայ։ Ու այն ատեն դիմացս ուրուագծուեցաւ Գեղամ Լ. Սեւան մը զոր երբեք չէի երեւակայած. հիւանդագին Գեղամ Սեւան մը որ, ինչպէս ըսին ուրիշներ, կը ջանայ բնաջնջել բոլոր անոնք որոնց շատ բան կը պարտի։ Այսպիսի ախտագին Գեղամ մը մտքէս չէի անցուցած, որովհետեւ sympathique է, հաճելի բարեկամութեամբ, շուտ կը մտերմանայ, վստահութիւնդ կը շահի դիւրաւ։ Չեմ գիտեր մօտէն ճանչցա՞ծ ես զինքը։ Սակայն Ռուբէնը պատմեց թէ «Ագռաւներ»ուն մէջ ճիշդ այս տեսակ ինեկութիւն մը ըրած է եղեր իր այստեղի ամենամտերիմ ընկերներէն մէկուն, որուն կը պարտի եղեր իր «գաղափարական» ինքնութեան (!…) առաջին ձեւաւորումը։ Նոյնպէս՝ ուրիշ մէկու մըն ալ ըրեր է նոյն բանը։ Ես ուրեմն երրորդն եմ առայժմ գիտցուածներէն։ Աւելորդ է ըսել թէ բոլոր անոնք որոնք իրազեկ են Գեղամին պատմած դէպքերուն մանրամասնութիւններուն, ներառեալ գիրքին գլխաւոր հերոսները, ապշահար մնացին երբ տեղեկացան Գեղամին սուտերուն։
    Հիմա, խնդիրը ուրեմն սա է. ես՝ իբրեւ մէկը որ աշխարհի առջեւ ամբաստանուած է անորակելի արատներով, պէտք է յայտնեմ իրականութիւնը։ Իսկ Գեղամը, որ հոգեկան ինչ ինչ հիւանդագին ճնշումներով չարաչար կը գործածէ իրեն յանձնուած գրիչը ու դարձեալ ու դարձեալ մարդիկ սպաննել կը ջանայ իր այդ միակ զէնքով, պէտք է դիմակազերծ ըլլայ եւ ձեռքէն խլուի այդ զէնքը որուն արժանի չէ եւ զոր չարագործութեան համար կը գործածէ փոխանակ օգտակար ձեւով գործածելու։
    Չեմ գիտեր որ աստիճան ճիշդ է, բայց կ՚ըսուի թէ Ս. Կուրտիկեանը[4]Պիպեռեան հետագային թղթակցած է Ստեփան Կուրտիկեանի (Պուրսա, 1908-1986, Երեւան) հետ։ Կուրտիկեան Սովետական … Continue reading «իր մարդն» է։ Այդ մարդուն վրայ համարում չունիմ, անլուրջ եւ անբծախնդիր մտաւորականի մը տպաւորութիւնը գործած է վրաս այն օրէն ի վեր երբ իմացայ թէ իր չգիտցած բաներուն մասին կը խօսի, Եղիշէ Այվազեանը իբրեւ իսթանպուլահայ «նոր» գրականութեան գլխաւոր դէմքը ներկայացնելու կամ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը Շիշլիի բարձունքին վրայ զետեղելու աստիճան։ Հետեւաբար, վստահ չեմ որ պիտի ունենա՞յ պարկեշտութիւնը իր թերթին մէջ հրատարակելու իմ պատասխանս, զոր պիտի ղրկեմ իրեն։ Չեմ գիտեր նաեւ թէ Հայաստանի մէջ բոլորովին վերցա՞ծ են ստալինեան շրջանի փրաթիքները եւ «իր մարդը» ի գին ամէն բանի պաշտպանելու սովորութիւնը կը տիրէ՞ տակաւին։ Ամէն պարագայի, վճռած եմ եթէ պէտք ըլլայ աւելի բարձր իշխանութիւններու, նոյնիսկ թերեւս Մոսկուայի Գրողներու վերին մարմիններուն դիմել, իր կոչումին անարժան Գեղամ Սեւանին մոսթրան դուրս թափելու եւ արգելք ըլլալու համար որ ապագային ուրիշներու ալ մահափորձ չընէ իր ձեռքը գտնուած զէնքով զոր գործածել չի գիտեր։ Այս տեսակ imposture համաշխարհային գրականութիւնը չէ արձանագրած որքան գիտեմ, եւ մեր խեղճ գրականութեան համար ալ այսքանը բաւ է։
    Չի բաւեր սակայն «հոն» ըլլալիքը. ինծի համար անհատական տեսակէտով կարեւոր է որ Գեղամին խաչագողութիւնը եւ սուտը պարզուին արտասահմանի մէջ ալ։
    Հիմա քեզմէ խնդրանքս.-
    Կ՚ընդունի՞ս թերթիդ մէջ հրատարակել փաստացի եւ վերլուծական պատասխանս եւ ամբաստանագիրս Գեղամին դէմ։ Եթէ պէտք ըլլայ, դէպքերուն գլխաւոր հերոսներուն վաւերական վկայութիւններն ալ կրնամ հայթայթել։
    Այդպիսի գրութիւն մը հրատարակող ուրիշ թերթեր կրնամ գտնել, բայց ես չեմ ուզեր։ Կ՚ուզեմ որ քո՛ւ թերթդ ըլլայ։ Եւ կը խորհիմ որ այսպէսով նաեւ ծառայութիւն մը մատուցած կ՚ըլլաս Երեւանի մարդոց, որոնք պեխապար են դուրսի աշխարհին եւ իրենք ալ զոհ գացած են imposteur՚ին։
    Քեզմէ յատկապէս խնդրանքս սա է որ կրցածիդ չափ շուտ պատասխանես այս նամակիս, որպէսզի եթէ չես ընդունիր, ուրիշ թերթի մը դիմեմ եւ առաջարկեմ այս բանը։

Սիրալիր բարեւներս
Զ. ՊԻՊԵՌԵԱՆ

 (Շար.1)
Կարդալ Շար.2 այստեղ

 

 

References
1 Տե՛ս Ռուբէն Մաշոյեան, Եւ այսպէս ապրեցանք, Ստանպուլ, «Արաս» հրատ., 1998, էջ 77-79։
2 Տե՛ս Zaven Biberyan, Mahkûmların Şafağı, Özyaşamöyküsü: 1921-1946 (Դատապարտեալներու այգաբացը, ինքնակենսագրութիւն 1921-1946), ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝ Տենիզ Քուրեթա, Ստանպուլ, «Արաս» հրատ., 2021, էջ 259։ Այս եւ միւս բոլոր մէջբերուած հատուածները թարգմանուած եմ իմ կողմէ (Ս. Տ.)։
3 Զաւէն Պիպեռեան Պէյրութ գացած էր 1949 թուականին։
4 Պիպեռեան հետագային թղթակցած է Ստեփան Կուրտիկեանի (Պուրսա, 1908-1986, Երեւան) հետ։ Կուրտիկեան Սովետական գրականութիւն հանդէսին մէջ խանդավառ տողերով ողջունած էր Պիպեռեանի գրականութիւնը։ Զ. Պիպեռեան ճիշդ է սակայն, երբ կը գրէ, թէ «չգիտցած բաներուն մասին կը խօսի», որովհետեւ պատահած է որ Կուրտիկեան անդրադառնայ Պիպեռեանի կարգ մը գիրքերուն ՝ առանց զանոնք կարդացած ըլլալու։ Այս մասին, տե՛ս Սեւան Տէյիրմենճեան, «Քանի մը նամակ Զաւէն Պիպեռեանէն», Բագին,  1, 2022, էջ 59-62։