Զաւէն Պիպեռեան

ԱՄԲԱՍՏԱՆԱԳԻՐ՝ ԳՐԱԿԱՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ՄԸ ԱՌԹԻՒ

ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆ-ԳԵՂԱՄ ՍԵՒԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ (Իսթանպուլէն գաղթած) արձակագիր Գեղամ Լ. Սեւանի[1]Գեղամ Սեւան, բուն ազգանունով Սվաճեան, ծնած էր Պոլիս, 1924ին։ Կրթութիւնը ստացած էր Վիեննական Մխիթարեան … Continue reading մէկ յուշագրութիւնը լոյս տեսած է Երեւանի Սովետական Գրականութիւն ամսագրքին մէջ, որ Հայաստանի Գրողներու Միութեան պաշտօնաթերթն է[2]Տե՛ս Գեղամ Սեւան, «Կորսուած գարուններ» (վիպակ), Սովետական գրականութիւն, սեպտեմբեր 1962, թիւ 9, էջ 3-62։ Հեղինակը … Continue reading։ 
    Յուշագրութիւնը, որ «Կորսուած Գարուններ» խորագիրը կը կրէ ու կը գրաւէ երկսիւնակ 68 էջեր, «վիպակ» անունով ներկայացուցած է։ Բայց մենք «յուշագրութիւն» կոչեցինք եւ պիտի շարունակենք կոչել զայն, որովհետեւ ինչպէս Գ. Լ. Սեւանի բոլոր գլխաւոր գործերը, ուղղակի «պատմում»ն է դէպքերու, դրուագներու որոնք պատահած են իր անմիջական շրջանակին մէջ, եւ որոնց ականատես կամ դերակատար եղած է ինք։ Ու իրապէս իր մնացեալ գործերուն մէջ -գուցէ աւելի քան մնացեալ գործերուն մէջ- անձերը ներկայացուած են իրենց բոլոր բնորոշիչ յատկանիշներով, դէպքերը մանրամասնօրէն՝ գրեթէ նոյնութեամբ, իրենց բնական ու իրական շարայարումով, զուգորդութիւնով, օղակաւորումով -բացի խեղաթիւրումներէ եւ չարափոխութիւններէ։ Անձերուն անունները փոխուած են, բայց թափանցիկ կերպով, երբեմն հնչական նմանութիւններով, երբեմն փոխաբերական իմաստով (օրինակ՝ Գողիաթ, փոխանակ Տորգ՚ի)։ Գեղամ Լ. Սեւան իր գործերուն մէջ միայն ի՛ր անունն է որ կը պահէ նոյնութեամբ։ Ինչ որ յուշագրութեան վերջնական դրոշմը կը դնէ ու զինքը կը դարձնէ եսակեդրոն առանցքը իր նիւթերուն։ Կորսուած Գարունները ոչ միայն վէպ կամ վիպակ չէ, այլ վիպականացած յուշագրութիւն անգամ չէ։ Պարզապէ՛ս յուշագրութիւն է։
    Գեղամ Լ. Սեւան իր ապրած շրջանակին անցուդարձերը կը պատմէ՝  1949-էն մինչեւ 1952 կամ 1953, Պէյրութի մէջ։ Այս յուշագրութիւնը, բացի իր անձէն, երկու գլխաւոր հերոս ունի. Զարեհ Կիւմիւշեանը՝ այլ անուամբ Վազգէն Պերպերեան, եւ Ժիրայր Ներկարարեանը՝ այլ անուամբ Գողիաթ։ Ասոնց շուրջ կը դառնան կիներ, զաւակներ, ազգականներ, բարեկամներ, ընկերներ, եւն.։ Բոլորը ներկայ են։ Ոչ աւելի (պակաս կայ)։ Մէկ բան բացակայ է. գրողի, գրողը մէկ կողմ՝ մարդկային տարրական պարկեշտութիւնը։
    Անուններու թափանցիկ ձեւափոխութիւնը (նոյնիսկ եթէ թափանցիկ չըլլար) բան մը չի փոխեր։ Անվարան կարելի է մատը երկարել, «աս Մարկոսն է, սա Կիրակոսն է» ըսել։ Արդ, երբ յուշագրութիւն մըն է խնդրոյ առարկայ, հեղինակը ստիպուած է, այս ոչ ստեղծագործական աշխատանքին մէջ, ըլլալ առաւելագոյն չափով հաւատարիմ իրականութեան, եւ մանաւանդ պարկեշտ։ Հեղինակը չի կրնար դէպքերը եւ անձերը իրականութենէ տարբեր ձեւով պատմել ըսելով թէ գրականութիւն կ՚ընէ, թիփ կը ստեղծէ։
    Վիպագրութիւնը, յատկապէս իրապաշտ վիպագրութիւնը, իր յղացումի, ներշնչումի եւ ստեղծագործութեան թեքնիքը ունի։ Վիպագրին միտքը, յիշողութիւնը, երեւակայութիւնը զգացական ներաշխարհը հաւասար իրաւունքներով գործող ձուլարան մըն է, ուր կեանքի դէպքերը կը խառնուին, կը մարսուին, դէմքերը, նկարագիրները՝ նոյնպէս, նոր դէպքեր, նոր դէմքեր, նոր նկարագիրներ ծնունդ կ՚առնեն։ Ասիկա՝ ստեղծագործութիւնն է։ Այս նորածին էակներուն հայրը, հարազատ հայրը՝ հեղինա՛կը։
    Գեղամ Լ. Սեւան իր բովանդակ գրականութեան մէջ հանրութեան մատուցած է զաւակներ որոնք իր հարազատները չեն։ Եւ ջանացած է սպաննել անոնց հարազատ հայրերը։ Կեանքի մէջ ալ այսպէս շարժած է։
    Կորսուած Գարուններուն մէջ Գեղամ Լ. Սեւան մոլեգնօրէն, խելայեղօրէն կը կատարէ քանդումի աշխատանք մը որուն նմանը հաւանաբար չէ տեսնուած աշխարհի գրականութեան մէջ, եւ որ կը կազմէ հոգեախտաբանական չափազանց հետաքրքրական քլինիք պարագայ մը որ գուցէ իր նախընթացը չունի բժշկական լիթերաթիւրին մէջ։
    Գեղամ Լ. Սեւան Զարեհ Կիւմիւշեանը կը քանդէ։
    Իր վերջին «վիպակ»ին մէջ, իր զոհը ան է։ Տող առ տող, էջ առ էջ, սիսթեմաթիք կերպով, իր ամբողջ ատելութիւնը թափելով նոյնիսկ ենթագիտակցական ճիչերու մէջ («կ՚ատեմ զինքը…»), կը շարունակէ դաշոյնը իջեցնել տակաւին երբ դիակ մը մնացած է արդէն Զ. Կիւմիւշեանէն, կ՚ուզէ ջարդել, կտոր կտոր ընել անոր մարմինը, կտորներն ալ այրել, հովին տալ, ջնջել ամէն հետք Զարեհ Կիւմիւշեան կոչուած էակի մը աշխարհի վրայ գոյութենէն։
    Արտակարգ բան մը ըրած է Գեղամ Սեւան։ Զարեհ Կիւմիւշեանի նկարագրին բազմաթիւ գիծերը եւ կեանքին դրուագները խտացուցած, իր եւ ուրիշներու ալ շատ մը յատկանիշները Զ. Կիւմիւշեանին վերագրած է։ Այլ խօսքով, Զարեհ Կիւմիւշեանը ճզմած է լեռնակուտակ հակակրելի գիծերու ամբաստանութեան տակ, ինքզինքը փառաւորած է Կիւմիւշեանի շատ մը գիծերով որոնք կը խորհի թէ պատուաբեր են։
    Օրինակներով տեսնենք թէ Գեղամ Լ. Սեւան ի՞նչ ձեւով կատարած է իր խեղաթիւրումները իր յուշագրութեան ամէն մէկ տողին մէջ։
    Մայրը կ՚ըսէ. «Օտար հողերուն վրայ մուխթաճ ըլլալ ուրիշին…» (էջ 4 Ա. սիւնակ)։ Գեղամ Սեւան կ՚ըսէ. «Հետեւեալ օրը ես իմ գրպանի յետին թրքական տասնոցը տարի հայ լումայափոխին»։
    Գեղամ Լ. Սեւան բազմատասնեակ հազարաւոր ոսկիի փոքր հարստութեամբ մը գնաց Պոլիսէն Պէյրութ։ Այդ հնչուն հարստութենէն զատ, մայրը անսպառ գոհարեղէն ունէր։ Գեղամը ինք ալ խոստովանած է Ագռաւները թառեցանի մէջ՝ թէ «առաջին պապաս հարստութիւն ձգեց, երկրորդ պապաս զայն կերաւ»։ Իրենց ալ մնաց սակայն, ու ափարթըման մը ծախելով մեկնեցան Պոլսէն։ Հետեւաբար, ոչ միայն ուրիշին «մուխթաճ» չէին, այլ տարիներով ապրեցան այդ հարստութեամբ, արդիական յարկաբաժին վարձեցին, կահաւորեցին, բարեկեցիկ կեանք մը ունեցան[3]Համայնավար գործիչ Հայկ Աչըքկէօզ (Սամսուն, 1918-2001, Լայփցիկ), որ այդ տարիներուն նոյնպէս Պէյրութ կը գտնուէր եւ … Continue reading, մինչ Գեղամին գրեթէ բոլոր «ընկեր»ները անօթի կը թափառէին Պէյրութի անզգած մայթերուն վրայ։ Բայց Գեղամը միշտ «լացաւ», իր ազգականներէն ու շրջապատէն առաւելագոյնը չափով օգտուիլ ջանաց։ Նոյն սուտն է որ կը գլորէ երբ կ՚ըսէ (էջ 27 Բ. սիւնակ). «Ամսականս չէի ստացած ու գրպանիս մէջ չունէի սիկարեթի դրամ իսկ…», եւ (էջ 41 Բ. սիւնակ). «… Տղուս կաթն իսկ դժուարութեամբ գնեցի այսօր…»։ Գեղամը երբեք իր ամսականին չէ կարօտած (գէթ այդ շրջանին՝ 1949-1953) ապրելու համար[4]Աչըքկէօզ կը վկայէ, թէ Սեւան ամսական 80 լիրայով ուսուցչութեան պաշտօնի մը սկսած էր, մինչդեռ տան վարձքը 85 լիրա էր … Continue reading. բայց  այդպէս ցոյց կու տար, իսկական կարօտներուն սիկարեթ մը անգամ չհրամցնելու, այլ ընդհակառակը անոնցմէ սիկարեթ մուրալու համար։ Ուշագրաւ է որ սիկարեթի պարագան զանազան առիթներով կը վերադառնայ իր գրիչին տակ (գիտակցակա՞ն թէ ենթագիտակցական յաճախանք…)։ Օրինակ, կ՚ըսէ թէ Կիւմիւշեանը սիկարեթ չհրամցնելու համար չտեսնելու եկած է Գողիաթը (էջ 38 Ա. սիւնակ)։ Մինչդեռ Գողիաթը չէր ծխեր։ Եւ սիկարեթի խնդիրը Գեղամին բազմաթիւ փոքրութիւններէն մէկը կը կազմէր։ Առանց տուփի, հատիկ կը դնէր գրպանը, հատիկ դուրս կը քաշէր ու կը ծխէր։ Շատ անգամ չունիմ կ՚ըսէր, ուրիշէն կ՚ուզէր։ Կամ կը սպասէր որ ուրիշը ծխէ ու իրեն ալ հրամցնէ։ Նկատելով որ ամէնէն աւելի մտերիմ էր Կիւմիւշեանին հետ, առհասարակ Կիւմիւշեանէն կ՚առնէր սիկարեթը, հակառակ որ Կիւմիւշեանին հետ բաղդատմամբ հարուստ կը սեպուէր, իսկ Կիւմիւշեանը՝ շատ անգամ ուտելիք հաց անգամ չունէր[5]ըստ Աչըքկէօզի, Պիպեռեան թէեւ նիհար էր, սակայն շատ կ՚ուտէր։ Կը սիրէր լաւ հագուիլ։ «Կը ծխէր ամենասուղ, ամենալաւ … Continue reading։ Բայց Կիւմիւշեանը սիկարեթի տուփը պահել, գաղտագողի ծխել, ուրիշէն սիկարեթ ուզել չէր գիտեր՝ ինչպէս Գեղամը որ Պոլսոյ մէջ ծախած շէնքին դրամները գրպանելով եւ մօրը անսպառ գոհարեղէններով Պէյրութ եկած էր «գաղափար»ի փերեզակութիւն ընելու։
    Գեղամ Սեւան քանիցս կը կրկնէ (էջ 7 Բ. սիւնակ, էջ 9 Ա. սիւնակ). «Ընտանեկան հեռաւոր բարեկամը կ՚ըլլայ կնոջս»։ Խնդրոյ առարկայ անձը -իրականութեան մէջ՝ բազմանդամ ընտանիք մը ամբողջ- ոչ թէ հեռաւոր «բարեկամ» մը, այլ ամենամօտիկ «ազգական»ն է իր կնոջ[6]Խօսքը կը վերաբերի Հայկականեան (Արմէնեան) ընտանիքին։ Համայնավար գործիչներ Ժագ Իհմալեան եւ Հայկ Աչըքկէօզ երբ … Continue reading։ Գեղամը շատ սերտ կապ ու յարաբերութիւն մշակած է այդ ընտանիքին հետ, անոնցմէ շատ օգտուած է նիւթապէս ալ, եւ անոնց միջոցով դաշնակցականները լոլոզած է։ Եւ Գեղամ Սեւանը քաջութիւնը չունի գէթ ըսելու թէ այդ թունդ դաշնակցականները իր կնոջ ամենամօտիկ ազգականներն էին, ինչպէս անշահախնդրութիւնը չունեցաւ մերժելու անոնց բարեկամութիւնն ու օժանդակութիւնը։ Գեղամ Սեւանը պարկեշտութիւնն ալ չունի հրապարակաւ իբրեւ լաւ մարդիկ ներկայացնելու իր այդ մօտիկ ազգականները, որոնք՝ այո՝ մոլեռանդ դաշնակցական, բայց մաքուր մարդիկ էին, կարճամիտ «ազգասէր»ներ՝ բայց անկեղծ, «բարի մարդիկ», որոնք այնքան օգնեցին իրեն ամէն տեսակէտով։ Ո՛չ աղտոտ մարդեր։ Ինք անոնց ալ շատ բան կը պարտի, եւ ահա՛ զանոնք ալ կը սեւցնէ՝ ներկայացնելով որպէս իրեն օգնելէ խուսափող, որպէս տոլարի սիրահար եւն. (էջ 6 Բ սիւնակ, էջ 9 Ա. սիւնակ)։ Գեղամ Լ. Սեւանը անգամ մը եւս գործած է իր սովորական ոճրափորձը։
    Ժիրայր Ներկարարեանը Գեղամին կ՚ըսէ (էջ 12 Ա. սիւնակ). «Լաւ կը գրէք, ես կը հետեւէի ձեր գրածներուն…»։ Գեղամ Սեւան ինք իր մասին կ՚ըսէ թէ խմբագրականներ եւ յօդուածներ գրած է Պոլսոյ մէջ (էջ 15 Ա. սիւնակ)։ Կ՚ըսէ նաեւ. «Կը խօսէինք ֆրանսերէնով…» (էջ 7 Ա. սիւնակ)։ Գեղամ Լ. Սեւանը ո՛չ ֆրանսերէն կամ ուրիշ օտար լեզու գիտէր, ո՛չ «խմբագրականներ ու յօդուածներ» գրած էր, ոչ ալ ծանօթ էր ոչ ոքի՝ Պոլսոյ մէջ։ Միայն մէկ-երկու «պատմուածք»ներ լոյս տեսած էին իրմէ՝ նոյնինքն Զարեհ Կիւմիւշեանի խմբագրած կամ աշխատակցած թերթերուն մէջ[7]Զոր օրինակ, Զաւէն Պիպեռեան եւ Գեղամ Սեւան յօդուածներ հրատարակած են Աւետիս Ալիքսանեանի Նոր օրին մէջ, տե՛ս 13 … Continue reading, առ ի քաջալերութիւն եկուոր պատանիի մը։ Հոս ալ թիփիք փոխադրութիւն մը ըրած է իր եւ Կիւմիւշեանին միջեւ։ Այս բոլորը զոր ինքզինքին կը վերագրէ՝ Զարեհ Կիւմիւշեանին յատկանիշներն էին. ա՛ն էր որ խմբագրականներ, յօդուածներ գրած էր Պոլսոյ մէջ, անո՛ր էր որ -Գեղամ Սեւանին իսկ ներկայութեան- կ՚ուղղուէին ամէն օր այդ տեսակ խօսքեր («լաւ կը գրէք, ես կը հետեւէի ձեր գրածներուն», եւն.)։
    Գեղամը կ՚ըսէ (էջ 15 Ա. սիւնակ). «… կրնանք ի հարկին փողոցներուն մէջ կանաչեղէն ծախել…»։ Հոս ալ դրուագ մը կ՚իւրացնէ Կիւմիւշեանի կեանքէն. Կիւմիւշեանը Պոլսոյ մէջ կեանքը շահելու համար միջոց մը շրջուն վաճառորդութիւն ըրած է երբ կառավարութիւնը զինքը կը հալածէր, պարզապէս անձնատուր չըլլալու, իր սկզբունքները չզոհելու եւ ուրիշներու օգնութեան չկարօտելու համար[8]«Մինչ Մահմուտփաշայի մէջ շրջուն վաճառորդները պոռալով կանչելով կը ծախէին իրենց ապրանքը, Զաւէն չէր կրնար ընել … Continue reading։
    Գեղամը կ՚ըսէ (էջ 15 Ա. սիւնակ). «… Եթէ եղանք կամաւոր թափառական այս ափերուն վրայ, չեկանք որպէսզի մեր գլուխը ծռենք ինչ-որ հոգաբարձուի… քմահաճոյքին ենթարկուելու համար…»։ Այս խօսքը եւ գաղափարն ալ Կիւմիւշեանինն են։ Գեղամին ամբողջ վարմունքը այդ եղաւ ընդհակառակը. գլուխ ծռել ամէնուն։
    Գեղամը ինք իր մասին կ՚ըսէ (էջ 26 Բ. Սիւնակ). «Իմ կեանքս… թուացեր է Ապրիլ մէկ՝ ինծի։ Կեանքի հետ խաղի ելած ըլլալուս համար թերեւս, անհաշիւ ապրելուս համար, գուցէ»։ Գեղամը մէկն է որ երբեք անհաշիւ չէ ապրած, այլ իր ամէն շարժումը հաշիւով մը ըրած է։ Հոս եւս կ՚իւրացնէ Կիւմիւշեանին մէկ գիծը։ Կիւմիւշեանն է որ կեանքի հետ «խաղի ելած» ու անհաշիւ ապրած, անհաշիւ տուած, վատնած է ամէն բան։ Նոյնիսկ իր ապագան եւ կեանքի ապահովութիւնը։ Յայտնի կ՚ըլլայ որ Գեղամը քիչ մը ասոր համար ալ ատած է զայն։
    Գեղամը ինքզինքը կը կոչէ՝ «… աշխարհի ու մարդոց երջանկութեան համար իր կեանքին գիծը չսակարկող տղայ» (էջ 28 Ա. սիւնակ)։ Գեղամը շատ մեծ կարեւորութիւն եւ առաքելութիւն կը վերագրէ ինքզինքին։ Ամէն, ամէն բան սակարկած է ի խնդիր շատ ճղճիմ նպաստներու։ Հերոսանալու մարմաջը մարդու մը՝ որ իր կեանքին մէջ ոչ մէկ իսկական անշահախնդիր հերոսութիւն, ոչ մէկ զոհողութիւն կրցած է ընել։ Կիւմիւշեանի հետ նոյնացումի պարագայ մը եւս։
    Գեղամը Գողիաթին[9]Գեղամ Սեւանի վիպակին մէջ, այս կերպարին տակ ծածկուած է Եդուարդ Եարըմեան, որ եղած էր Զաւէն Պիպեռեանի … Continue reading բերանը կը դնէ հետեւեալ ափսոսանքը. «Այս կիները մերը պիտի չըլլան…»։ Փոխանակ անկեղծօրէն ի՛ր բերնով ըսելու խօսք մը՝ զոր յաճախ ըսած է նոյնինքն Կիւմիւշեանին։ Մինչդեռ դիւրին է Գեղամ Սեւանին մօտ ախտաճանաչել «սեռային յաճախանք»ը որ կը մատնէ իր ստորակայութեան բարդոյթը, անճարակ ու չյագեցած մարդու դառնութիւնը։ Սեռային յաճախանքը, որ տարուէ տարի հետզհետէ քօղարկուած վիճակ մը ստացած է իր գործերուն մէջ՝ «գաղափարական պարտադրութիւններու» խորամանկ շրջահայեացութեամբ, բացորոշ եւ ցայտուն  է իր առաջին գիրքին՝ Ագռաւները թառեցանին մէջ։ Զարեհ Կիւմիւշեանը անձնական վկայութիւններ ալ ունի Գեղամ Սեւանի պատանունակ ու վատառողջ փրաթիքներուն մասին։ Օրինակ, Պէյրութի «Պէն Միլիթեր» փլաժին վրայի սրճարանը Գեղամին հետ միասին նստած ու ինչպէս միշտ ներողամիտ ժպիտով դիտած է զայն, որ աչքերը յառած՝ իրմէ քանի մը մեթր հեռու վարը աւազին վրայ ծովազգեստով գնդակ խաղացող կիսամերկ աղջիկներուն, ակնարկովը կը լափէր զանոնք ու կը խոստովանէր թէ իր մօտ ինքնագոհացումի դիւրին միջոց մըն էր այդ ըրածը… Բայց Կիւմիւշեանը վարժ էր հասկացողութեամբ մօտենալու մարդկային կարգ մը տեֆորմասիոններու, եւ չէր սիրեր կեղծ խստապահանջութեան յաւակնութիւնը ցուցաբերել մարդոց անվնաս տկարութիւններուն հանդէպ։ (Գեղամը անգիտակցօրէն ամէն բան խոստովանած է էջ 40 Ա. սիւնակ չորրորդ տողէն վար)։
    «Հինգ խանութ ունէի» կ՚ըսէ Գողիաթը (էջ 12 Ա. սիւնակ)։ Այլուր (էջ ՝ 17, Բ. սիւնակ) Գողիաթը դարձեալ կ՚ըսէ. «Երբ Պոլսոյ մէջ 5 խանութի տէր էի, յաճախ կ՚օգնէի իրեն…» (Զարեհ Կիւմիւշեանին)։ Գողիաթը ոչ թէ հինգ, այլ միայն մէկ խանութ ունէր Պոլսոյ մէջ, եւ վիճակը փայլուն չէր։ Ա՛յս պատճառով էր որ Պոլիսը լքելով Պէյրութ գնաց՝ գործի բախտը փորձելու։ Գողիաթը Պոլսոյ մէջ լաւ բարեկամ եղած է Կիւմիւշեանին, բայց անոր չէ օգնած, ոչ միայն ուրիշին օգնելու նիւթական վիճակ չէ ունեցած, այլ ե՛ւ անոր համար որ Կիւմիւշեանը ուրիշի օգնութեան չէ կարօտած, ոչ ալ ոեւէ մէկէն օգնութիւն ուզած կեանքին մէջ[10]Եարըմեան նիւթապէս փայլուն վիճակի մը մէջ եղած է, նոյնիսկ օժանդակած Պիպեռեանի՝ զինուորութեան օրերուն։ Ան … Continue reading։
    Գողիաթը կ՚ըսէ (էջ 17 Ա. սիւնակ). «… Մօտ ամիս մը կերանք միասնաբար ինչ որ ունէինք մենք, իսկ երբ որ դրամնիս ջուրը քաշեց, պարոնը սկսաւ քիթ բերան ծռել»։ Գողիաթը երբ Պէյրութ եկաւ իր կնոջ եւ զաւկին հետ, գրպանը ճիշդ վաթսուն թրքական ոսկի ունէր (այդ շրջանին թրքական եւ լիբանանեան դրամանիշները համարժէք էին)։ Երկու երեք օր ապրելու բաւարար դրամ էր աս։ Խնդրոյ առարկայ անգամ չէր կրնար ըլլալ Գողիաթին համար՝ պանդոկ իջեւանիլ։ Իր ընկերոջ՝ Զարեհ Կիւմիւշեանին վստահելով այդպէս առանց տասնոցի օտար երկիր էր գաղթած։ Գիտէր թէ Կիւմիւշեանը իր բերնին պատառը պիտի բաժնէր իրեն հետ։ Բայց ինչ որ չէր գիտեր, սա էր՝ թէ Կիւմիւշեանը շատ անգամ այդ պատառն իսկ չէր գտներ անձնապէս։ Սակայն գէթ ունէր սենեակ մը -մերկ սենեակ մը ուր միակ աթոռ մը, անկողին մը, վերմակ մը անգամ չկար։ Ու Գողիաթը ընտանեօք ապաստանեցաւ այդ սենեակը, ուր մնաց բաւական երկար ատեն, առանց ոեւէ եկամուտի, առանց գործի, առանց հասոյթի։
    Գողիաթը միշտ եղած է անկեղծ բարեկամ մը Զարեհ Կիւմիւշեանին, անոր կողքին կանգնած է ամէն առթիւ, ընդհակառակը քանիցս ազդարարած է որ զգուշանայ Գեղամ Սեւանէն եւ կարգ մը ուրիշ «ընկեր»ներէ ալ, պնդելով որ անկեղծ բարեկամներ չեն անոնք, այլ սմսեղուկ հակառակորդներ որոնք իր հորը կը փորեն կռնակէն։ Բայց Կիւմիւշեանը չէ ուզած հաւատալ Գողիաթին, նոյնիսկ զայն վշտացուցած է Գեղամ Սեւանը եւ կարգ մը այլ բարեկամները պաշտպանելով անոր դէմ։
    Գեղամը հասարակ մելոտրամ մը հիւսած է Գողիաթին պատահած (պենզինի) արկածին շուրջ (էջ 23 Բ սիւնակ եւ էջ 25 Ա. սիւնակ)։ Գողիաթին այրիլը ո՛չ գինովութեան, ոչ ալ անխելքութեան արդիւնք էր։ Այլ՝ անհաւատալի արկած մը, աննախատեսելի պայմաններով[11]Պէյրութի կարգ մը տուներէ ներս բաղնիքն ու խոհանոցը մէջ մէջի կը գտնուէին։ Ըստ Աչըքկէօզի վկայութեան, Եարըմեան … Continue reading։ Նոյնպէս, բացարձակապէս յերիւրածոյ է Գողիաթին Կիւմիւշեանէն երկու ոսկի փոխ ուզելու պարագան՝ իբրեւ արմատ յիշեալ արկածին (էջ՝ 25 Ա սիւնակ)։ Գողիաթը ոչ 48 ոսկի ունէր, ոչ ալ այդ երկու ոսկին վարձք տալու համար ուզած էր։ Դէպքը հետեւեալն է.- Օր մը, Գողիաթը Կիւմիւշեանին աշխատած վայրը գնաց մէկուկէս ոսկի ուզեց սինեմա երթալու համար։ Ի գին ամէն բանի տեսնել կ՚ուզէր Չարլի Չափլինի «Մէօսիէօ Վերտու»ն։ Մինչ իր կինը եւ զաւակը անօթի էին տունը։ Կիւմիւշեանը սաստիկ ջղայնացաւ եւ վճռաբար մերժեց դրամ տալ սինեմայի համար, երբ փոքրիկը հացի կը սպասէր անդին։ Գողիաթը նստաւ շէնքին աստիճաններուն վրայ ու ըսաւ թէ այդտեղէն պիտի չբաժնուէր մինչեւ որ ստանար սինեմայի դրամը։ Այս դէպքին տեղեկացող բոլոր անձերուն պէս, Գեղամ Սեւանն ալ ընդվզում յայտնած էր այն ատեն Գողիաթին դէմ։
    Գեղամը, Գողիաթի այրելէն ետք, դրամական օգնութեան մասին կ՚ըսէ (էջ 24 Բ֊ սիւնակ). «Մենք ալ իր բարեկամներն ենք, կ՚ընենք պէտք եղածը…»։ Այլուր (էջ 26 Ա. սիւնակ) Գեղամը կ՚ըսէ Կիւմիւշեանին. «Ես կ՚աշխատիմ այդ գումարին (Գողիաթին տան վարձքին) կէսը տալ քեզի»։ Ոչ միայն այս տեսակ առաջարկ մը չէ ըրած Գեղամը, այլ երբեք ոեւէ օժանդակութիւն չէ բերած Գողիաթին, երբ այս վերջինին բոլոր ընկերներն ու բարեկամները իրենց կարելի եւ նոյնիսկ անկարելի միջոցները կը տրամադրէին կատարեալ անօթութենէ փրկելու համար այդ ընտանիքը[12]Գողիաթը -ինչպէս Կորսուած Գարուններու մնացեալ գլխաւոր հերոսները- ողջ է, ներկայիս կ՚ապրի Իսթանպուլի մէջ՝ … Continue reading։
    Կիւմիւշեանը Գողիաթը կը մեղադրէ թէ իր տունէն չի մեկնիր (էջ 12 Բ սիւնակ)։ Իրականութեան մէջ, Գեղամն էր որ կը մեղադրէր Գողիաթը ու կը դրդէր Կիւմիւշեանը որպէսզի Գողիաթը ճամբէ իր տունէն։ Մինչ Կիւմիւշեանը իր ընտանեկան անդորրութիւնը անգամ զոհած է Գողիաթը փողոցը չձգելու համար։
    Կիւմիւշեանը Գողիաթի մասին կ՚ըսէ (էջ 13 Ա սիւնակ). «Քաղաքականութենէ չհասկցող մարդ է… չես գիտեր այդ գլուխով վաղը ուր կրնայ երթալ, եթէ ձայն չեմ հաներ ու կը հանդուրժեմ իրեն, պատճառը այն է որ չեմ ուզեր սայթաքեցնել զինք…»։ Այս կարծիքը՝ Կիւմիւշեանը ոչ թէ Գողիաթին (որ քաղաքական ոեւէ յաւակնութիւն ու հեռանկար չունէր), այլ նոյնինքն Գեղամին մասին կը յայտնէր։ Եւ շատեր ալ այս կարծիքը ու դիրքը ունէին Գեղամ Սեւանի նկատմամբ։ Կ՚երեւի՝ անոնցմէ մէկը Գեղամին հաղորդած է Կիւմիւշեանին վերապահութիւնները իրեն հանդէպ…
    Գեղամ Լ. Սեւանը չարափոխութեան ու զրպարտութեան գծով ամէնէն աւելի ծանրացած է Զարեհ Կիւմիւշեանի կեանքին ուղղակի մանրամասնութիւններուն վրայ։ Սիսթեմաթիք կերպով։ Եւ առանց հոգ ընելու թէ այդ մանրամասնութիւնները ծանօթ են ըլլա՛յ Պոլսոյ, ըլլա՛յ Պէյրութի հանրութեան կամ շահագրգռուողներուն։
    Գեղամը երեք գլխաւոր կէտերէ կը ջանայ սեւցնել Կիւմիւշեանը. Անհատական նկարագրի (այս մասին կարգ մը օրինակներ վերն ալ տեսանք), ընտանեկան կեանքի եւ քաղաքական կեանքի մէջ։ Այսպէս…
    Կ՚ըսէ թէ Կիւմիւշեանը Պէյրութի մէջ թերթէն վտարուած է ու յետոյ գործ գտած՝ շանթիյէին մէջ (էջ 33 Բ. սիւնակ)։ Կիւմիւշեանը ոչ թէ թերթէն վտարուած, այլ ինք բաժնուած է շանթիյէի վերակացուի պաշտօնը իրեն առաջարկուելէ ետք[13]Հայկ Աչըքկէօզ կը վկայէ, թէ Պիպեռեան Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան վարիչ անուններէն մէկուն քով կ՚աշխատէր … Continue reading։ Ա՛յս պաշտօնին է որ վերջ տրուած է, երբ մերժած է իր հսկողութեան յանձնուած 40-50 բանուորին նիւթական իրաւունքները եղծել ի շահ գործատիրոջ։ Այս կէտն ալ ծանօթ է բոլորին։
    Գեղամը ջղագրգռութիւն կը յայտնէ Կիւմիւշեանը «շրջապատող անորոշութեան քօղ»էն, «գաղտնի ոստիկանական մթնոլորտ մը ստեղծող դէպքեր»էն (էջ 14 Ա. սիւնակ)։ Կիւմիւշեանին շուրջ այդ մթնոլորտը ստեղծողները ուրիշներն էին. Կիւմիւշեանը ի՛նք իսկ անիմաստ կը գտնէր այդ բանը։ Գեղամը հեգնանքով կը խօսի Կիւմիւշեանին կեղծ անունով ապրելու մասին (էջ 8 Ա. սիւնակ, էջ 9 Բ. սիւնակ)։ Իրողութիւնը սա է. Զարեհ Կիւմիւշեանին ապահովութեան պատասխանատու անձեր են որ թելադրած էին Կիւմիւշեանին՝ կարգ մը պատճառներով՝ միջոց մը կեղծ անունով ապրիլ Պէյրութի մէջ։ Բայց Կիւմիւշեանը շուտով փաստը ունեցած էր թէ աւելորդ էր այդ միջոցառումը, քանի որ իր ժամանումին յաջորդ օրն իսկ բոլոր շահագրգռուողներուն ծանօթ էր իր Պէյրութ գալը։ Այս պարագային եւս իր ջղագրգռութեամբ՝ Գեղամը ցոյց կու տայ իր անհանդուրժողութիւնը այն մարդոց հանդէպ որոնց կեանքը ի՛նք ապրած ըլլալ պիտի ուզէր։
    Գեղամ Սեւանը չակերտներով եւ կախման կէտերով կը յիշէ թէ Զարեհ Կիւմիւշեանը «ազգային հերոս» հռչակուած էր Պոլսոյ մէջ, եւ կը փութայ[14]Պիպեռեանի խիզախ յօդուածները, նաեւ Թուրքիոյ ոստիկանութեան կողմէ հետապնդուիլը որոշ համբաւ մը շահեցուցած էին … Continue reading աւելցնել մե՛ծ լրջութեամբ. «… Անսովոր պայմաններու մէջ ազատ արձակեցին Կիւմիւշեանը» (էջ 8 Բ. սիւնակ)։ Աս ալ պարագայ մըն է որ ծանօթ է հանրութեան, եւ ցոյց կու տայ մտային մակարդակը այլապէս խորամանկ Գեղամին, որ նուազ հանրածանօթ պարագաներով պէտք էր պարզէր Կիւմիւշեանին «սեւ հոգի»ն։ Արդարեւ, Զ. Կիւմիւշեանը անսովոր պայմաններու մէջ չէ որ արձակուեցաւ բանտէն։ Պաշարման վիճակի զինուորական Ատեանին առջեւ դատավարութիւնը կը շարունակուէր, երբ վերջին նիստէն քանի մը օր առաջ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ մամուլի միջոցով գործուած յանցանքներու համար ընդհանուր ներում հռչակուեցաւ։ Դատը ինկաւ ինքնաբերաբար ու Կիւմիւշեանը իսկոյն ազատ արձակուեցաւ նորմալ պայմաններով, բոլոր մամուլի ամբաստանեալներուն պէս[15]Պիպեռեան բանտարկութեան ու ազատ արձակման պարագաներուն շուրջ մանրամասնօրէն պատմած է իր ինքնակենսագրութեան … Continue reading։ Գեղամ Սեւանը գիտակցօրէն, անպատկառօրէն կը ստէ անգամ մը եւս։
   Ան միտքը դրած է քանդել Կիւմիւշեանին «ազգային հերոս»ի համբաւը եւ անպայման խարանել զայն որպէս «գործակալ» (էջ 8 Ա. սիւնակ), որպէս «կասկածելի» (ամէն առիթով)։ Իբրեւ գերագոյն փաստ, յուշագրութեան վերջաւորութեան, Ալիսի բերնով կը պնդէ թէ Կիւմիւշեանը «Պոլիս մեկնելէն ետք պետական հաստատութեան մը մէջ լաւ պաշտօն է գտած։ Սա կը փաստէ թէ Պետրոսը իրաւունք ունէր կասկածելու» (էջ 62 Ա. սիւնակ)։ Կիւմիւշեանը քանդելու մոլուցքը անգամ մը եւս գոհացում գտած է Գեղամին մէջ, չնայած թէ ի՛նչ միջոց գործածած է։ Բայց այդ մոլուցքը անգամ մը եւս մոլորեցուցած է զինքը, խեղաթիւրել տալով իրականութիւն մը որ աւելի քան երբեք ծանօթ է անհամար մարդոց։ Եւ իրականութիւնը այն է որ Զարեհ Կիւմիւշեանը, Պոլիս վերադարձին, պաշտօնավարած է ոչ թէ «պետական հաստատութեան» մը մէջ, այլ պարզապէս դրամատան մը մէջ[16]Պիպեռեան Պոլիս վերադարձին աշխատած է Օսմանեան դրամատան մէջ, որ այդ տարիներուն դադրած էր պետական հաստատութիւն … Continue reading։ Ու այսպէսով, Կիւմիւշեանին դէմ Գեղամին կառուցած ահարկու ամրոցը փուլ կու գայ թուղթէ կառոյցի մը պէս, թաղելով Գեղամ Լ. Սեւանը որպէս գրող եւ որպէս մարդ։
    Գեղամ Սեւանին մոլուցքը չի կրնար սակայն յագենալ միայն քաղաքական մարզով։ Հարկ է Զ. Կիւմիւշեանը ոչնչացնել իր մարդկային ամբողջութեան մէջ։ Ընտանեկան, բարոյական, նկարագրային բոլոր երեսակներով։
    Ու Կիւմիւշեանին կնոջ բանե՜ր, բանե՜ր պատմել կու տայ «քովի սենեակի»ին մասին (էջ 16 Ա. սիւնակ)։ «Քովի սենեակ»ի պատմութիւնը Կիւմիւշեանի կնոջ Պէյրութ գտնուած միջոցին չէ պատահած։ Այդ պատմութեան ալ դերակատար-վկաները կ՚ապրին այսօր եւ կրնան դիմակազերծել Գեղամ Սեւանը իբրեւ հասարակ ստախօս։ Բայց պէտք էր որ Գեղամը ամէն գնով Կիւմիւշեանը ոչնչացնէր մարդկային տարրական խղճմտանքի տեսակէտով ալ, պնդելով որ Կիւմիւշեանը իր կնոջ ներկայութեան քովի սենեակին մէջ ուրիշներու հետ սիրաբանելով բարոյական տանջանք ի գործ կը դնէր[17]Աչըքկէօզ կը գրէ, թէ Զաւէն Պիպեռեան գեղեցկօրէն կահաւորուած, պատշգամով, բաղնիքով սենեակ մը ունէր շքեղ … Continue reading Աս ալ չի բաւեր Գեղամին. պէտք է որ Կիւմիւշեանը սեւցնելու համար պակաս բան չմնայ։
    Զայն կ՚ամբաստանէ իբրեւ դաւաճան իր մտերիմ ընկերոջ, ու կը յերիւրէ Գողիաթին կնոջ՝ Ալիսի հետ յարաբերութեան պատմութիւն մը։ Այս անգամ, պատահած դէպքերու խեղաթիւրում ու չարափոխութիւն չէ այլեւս, այլ ուղղակի շինծու պատմութիւն, կ՚երեւի թէ Գեղամը վստահ է որ պիտի կլլեցնէ այս սուտը եւս, քանի որ անկէ առաջ ընդհանուր առմամբ պատահած դէպքեր պատմած է, հոգ չէ թէ չարափոխելով։ Կը վկայէ թէ Կիւմիւշեանը եւ Ալիսը իրարու փաթթուած տեսած է (էջ 29 Բ. սիւնակ)։ Կը հնարէ նամակի պատմութիւն մը (էջ 49 Բ. սիւնակ), ու հոս է որ դարձեալ բաց կու տայ։ Կրնար պնդել որ «իրարու փաթթուելու» տեսարանը տեղի ունեցած է, բայց չէր կրնար պնդել որ նամակի դէպքը պատահած է, քանի որ վկայ մը միջամուխ կ՚ընէ այս դէպքին՝ այսինքն Գողիաթը։ Ու Գողիաթը կ՚ապրի այսօր[18]Գողիաթ, այսինքն Եդուարդ Եարըմեան, որ ծնած էր 1919-ին, մահացած է 28 յուլիս 1993-ին։, կենդանի վկայ է թէ այդպիսի «նամակի դէպք» չէ պատահած։
    Այստեղ, Գեղամը ակամայ ինքնամատնութիւն մը եւս կ՚ընէ եւ ինքզինք կը դիմակազերծէ, իր վատառողջ ներաշխարհը կը դրսեւորէ անգիտակցաբար, երբ Կիւմիւշեանը եւ Ալիսը «իրարու փաթթուած» տեսնելէ ետք կը բացագանչէ. «Փշրուեցաւ երազը կեանքիս…» (էջ 29 Բ. սիւնակ)։ Ի՞նչ է այդ «երազ»ը իր կեանքին։ Կը լուսաբանուինք վերջին էջին մատնիչ խոստովանութիւններով։ (Այս էջն ալ ամբողջութեամբ երեւակայական է։ Գողիաթը ընտանեօք Պոլիս վերադարձած էր Կիւմիւշեանին վերադարձէն շատ առաջ)։ Գեղամ Սեւան կը գրէ Ալիսի հետ իր երեւակայական հանդիպումին մասին. «… Երջանկութեան փոթորիկ մը կայ մեր սրտերուն մէջ…» (էջ 61 Բ. սիւնակ)։ Եւ կ՚ըսէ Ալիսին, որուն հետ քով քովի կը քալէ (ինքնաշարժի մը մէջ զիրար գրկած զոյգ մը տեսնելով). «Կարելի է այս հաճոյքը առնել քով քովի քալելով ալ» (էջ 62 Բ. սիւնակ։ -Երեւակայութեան գծով անկարելի ապրումներ ունենալու փրաթիքը. բաղդատել «Պեն Միլիթեր»ի դրուագին հետ)։ Ալիս կ՚ըսէ Գեղամին. «Կը սիրեմ քեզ…» եւ կ՚աւելցնէ «անուշ ժպիտով մը». «քրոջ մը պէս»
    Ալիսը՝ հոս՝ այլեւս Գողիաթին կինը չէ (որ իրականութեան մէջ ամուսինին հաւատարիմ, փրոզաիք, ընտանիքի կին մըն է)։ Հոս, Գեղամը թրանսֆեր մը եւս ըրած է. Ալիսը նոյնացուցած է իր ուրիշ մէկ ընկերոջ կնոջը հետ, որ տարբեր թիփ մըն էր, որուն նկատմամբ թաքուն ցանկութիւն ունէր Գեղամը, եւ որուն առնչութեամբ քանիցս ըսած է այդ ընկերոջ համար՝ թէ «տանձին ընտիր տեսակը լերան արջերուն կը վիճակի» (թրքական առած)։ Գեղամը եւ դէպքերը մօտէն ճանչցողին համար յստակ է այս թրանսֆերը եւ որոշ՝ թէ Ալիսի անունին ու ինքնութեան ներքեւ Գեղամը ի մտի ունի իր այդ ուրիշ ընկերոջ կինը, որուն մօտ համակրութիւն մը զգալ կարծած էր Կիւմիւշեանին հանդէպ, եւ նոյնիսկ այս պարագան Կիւմիւշեանին յայտնած էր կէս-կատակ՝ անոր «բերանը փնտռելով»։ Այսպէսով, հոգեբանական տեսակէտով, այլապէս ալ բացատրելի կը դառնայ իր խուլ ատելութիւնը Կիւմիւշեանին հանդէպ, զոր իր երեւակայութեան մէջ ոսոխ նկատած է հաւանաբար։ (Կարգ մը քաղաքական նուրբ պատճառներով, Գեղամը շրջահայեացութեամբ իր յուշագրութենէն դուրս ձգած է իր այդ ընկերը զոր «լերան արջ» կ՚անուանէր ատելութեամբ եւ արհամարհանքով)։
    Գեղամին ատելութիւնը այնքան ծանր է Կիւմիւշեանին հանդէպ, որ մէկէ աւելի անգամներ չէ կրցած զսպել ինքզինք, բարձրաղաղակ պոռթկացած է. «Ես կ՚ատեմ, չեմ սիրեր, չեմ սիրեր զինք» (էջ 34 Բ. սիւնակ)։ «… Ուրիշի մը բերնով գոհացում գտած էր իր Զարեհի հանդէպ իմ մէջ սնուցած հակակրանքս» (էջ 33 Բ. սիւնակ)։ Ատելութիւն մը, հակակրանք մը, զոր Գեղամը գիտցաւ այնքան մեղրանուշ ժպտերեսութեան, երեւութական մտերմութեան, երկերես բարեկամութեան տակ թաքցնել ամբողջ երեքուկէս տա«ի, մինչեւ վերջին օրը։
    Ահա՛ կարգ մը հատուածներ այն նամակէն զոր Գեղամ Լ. Սեւանը ղրկած է Զարեհ Կիւմիւշեանին՝ այս վերջինին Պէյրութէն Պոլիս վերադարձած օրն իսկ (28 յուլիս 1952).
    … Ճան, մօրս անակնկալ անհանգստութեան պատճառաւ ակամայ ստիպուած եմ մնալ գիւղը… Որաշած էի անպայման այսօր իջնել եւ վերջին անգամ մըն ալ տեսնել քեզ… կը մաղթեմ բարի ճանապարհ եւ Պոլսոյ մէջ յաջող օրեր։
    … Գալով թղթակցութեան՝ առայժմ կը գրես «Անի»ի հասցէով մինչեւ որ ես քեզի կրկին հասցէ մը տամ… Ուրեմն գրկելով կը համբուրեմ…
    Եղբայրդ՝
Գեղամ Սեւան։

Յուդայի համբոյր։


***


    Այս բոլորը սակայն իրողութիւններ են որոնք ո՛չ բուն խնդիրը կը բացատրեն, ոչ ալ կը լուծեն զայն։
    Գեղամ Սեւանի «պարագա»ն փաստերով լոյսի տակ դնելէ վերջ, առաջին հարցը կը կայանայ այդ էմփոսթիւրին էութիւնը եւ գրգիռը բնորոշելու մէջ։
    Գուցէ փորձուէինք նոյնիսկ քաղաքական հեռաւոր եզրակացութիւններու յանգիլ, եթէ Գեղամ Սեւան իր գրական մօտաւորապէս տասնհինգամեայ կեանքի ընթացքին միայն «Զարեհ Կիւմիւշեան»ին դէմ մահափորձ նիւթած ըլլար։ Մինչդեռ, Կիւմիւշեանը միակը չէ որ Գեղամ Սեւանի զրպարտութիւններուն նշաւակ է դարձած։ Հետեւաբար, զանազան նոյնօրինակ ռեսիտիվներու լոյսին տակ դէպքը կը ներկայանայ իբրեւ հոգեախտաբանական պարագայ մը, զոր ըմբռնելու համար հարկ է վերլուծել Գեղամ Սեւանի կեանքը եւ հոգեկան վիճակը։

                                                                                                    

***


Ո՞վ է Գեղամ Լ. Սեւանը։

    Գեղամ Լ. Սեւանը՝ Իսթանպուլի Մխիթարեան վարժարանի[19]Խօսքը Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի մասին է։ աշակերտ՝ եղած է այն թիփերէն որոնք գոյութիւն ունին բոլոր վարժարաններու մէջ, «մամաճիկին ձագուկը», զոր Թուրքիոյ արկօն կը խարանէ «մահալլեպի» արհամարհական ածականով։ Այն անբախտ մանուկներէն զոր իրենց ունեւոր ծնողները կը զոհեն փոքր տարիքին՝ իրենց գուրգուրանքին, գուրգուրանքէ աւելի ցուցամոլութեան պատճառով։ Այդ «հարուստի զաւակ»ները հանրութեան առջեւ կը հանուին որպէս փոքրիկ կապիկներ, նախանձը, հիացումը կը գրգռեն բարեկամին, դրացիին, բայց արհամարհանքի, ատելութեան, թշնամանքի եւ ծաղրի նշաւակ կը դառնան իրենց ընկերներուն, սերնդակիցներուն կողմէ, որոնց համակրանքը, սէրը եւ ակնածանքը  շատ աւելի կարեւոր ու արժէքաւոր են մանուկի մը, պատանիի մը համար, քան թէ դրացի կնոջ գնահատական ակնարկները։  
    Փոքրիկ Գեղամն ալ Մխիթարեանէն ներս սմոքինով հասակ ցոյց տուող, վարդապետներուն բացառիկ շահագրգռութեան արժանացող մանչուկներէն էր։ Բայց ինչպէս իր նմանները՝ կը հասնէր պատասխանատուութենէ զուրկ, անձնական դրամէ՝ հետեւաբար անկախութենէ զուրկ, ինքնավստահութենէ զուրկ, եւ բոլոր այս զրկանքները իր մէջ ծնունդ կու տային ծանր ստորակայութեան բարդոյթի մը որ չէ ձգած իր օձիքը մինչեւ չափահաս տարիք (դեռ տասը տարի առաջ, յաճախ կը կրկնէր թէ ինք «ոչ մէկ բան կը վայելեցնէ», «ինչ որ ընէ կը ձախողի» եւն.)։
    Որոշ տարիքի մը հասնելէ ետք, Գեղամ Սեւանի համար հոգեկան անհրաժեշտութիւն մը դարձած էր ձեւական պոհեմութիւնը, արհամարհանքը բոլոր այն բաներուն որոնց պատճառով արհամարհուած, ընկերական միջավայրէն դուրս ձգուած էր։ Այն «բարձր խաւ»ը՝ ուր ինքզինքը հաւասար դիրքի վրայ չէր զգար հակառակ ծնողքին դրամին, իրեն համար անբնակելի էր դարձած։ Պէտք էր խոյս տար տարբեր միջավայր մը ուր արժէքաւորուէր, դիրք ու յարգ վայելէր։ Այս փախուստին մէջ կարեւոր դեր խաղացին իր կարգ մը «պոհեմ» ընկերները, որոնք իրմով զբաղելով ցոյց տուին թէ կարեւորութիւն կ՚ընծայէին իրեն, ինչպէս նաեւ Սթրաթիի վէպերը՝ որոնց մէջ գտաւ խեղճ, տկար, պարտուած մարդիկ որոնք համակրելի էին սակայն, հերոս էին։ Հաւատաց թէ տկար, անկարեւոր թիփերուն տեղը հոդ էր։ Միակ տեղը ուր կրնար արժէք մը ընծայուիլ իրեն։
    Բայց իր ստորակայութեան բարդոյթը եւ սահմանափակ կարողութիւններուն գիտակցութիւնը հոն ալ հանգիստ չձգեցին զինքը։ «Հասարակ մարդոց» դասակարգին մէջ ալ անհանգիստ եղաւ։ Տեսաւ թէ «վարի խաւ»ին մէջ ալ երբեք իսկական պոհեմ մը չէր կրնար ըլլալ։ Ոչ «տասնոց չունիմ» ըսելը կը բաւէր «վարի խաւ»էն ըլլալու համար, ոչ բանուորական կապելաներու մէջ գինովնալը։ Ու սկսաւ հոն ալ նախանձիլ ու ատել այն թիփերը որոնք հաստատուած էին կեանքի համար մղուած պայքարի դիրքերուն մէջ։ Դարձեալ երկդիմի խաղ խաղաց. կ՚ուզէր ստանալ դիմագիծ մը որուն ատակ չէր, միւս կողմէ կը խնայէր «տուն»ը՝ որմէ կախեալ էր տնտեսապէս, որովհետեւ անկարող էր ինք իր ուժերուն վստահելով առանձին դիմագրաւելու կեանքը։ Իր այս դիրքը շարունակուեցաւ մինչեւ վերջ։
    Իր այս բարդոյթներուն հետեւանքներէն մէկն է գուցէ գրական համբաւի այն անսահման տենչը որուն համար կրցած է զոհողութիւններ ընել Գեղամը, որ այլապէս զոհողութիւն ընել չի գիտեր տարանձնական նպատակով։ Ան ստացած է նկարագրի երկու ցայտուն գիծեր.
    Բոլորին հետ լաւ վարուիլ երես երեսի, բոլորին «ջուրին երթալ», ոչ ոքի հետ բախում ունենալ։
    Իր մէջ կուտակուած, զսպուած կիրքերը, զայրոյթները, դառնութիւնները արտաքսել միայն գրականութեան ճամբով, որ յարմարագոյն սուփափն է երկչոտ նկարագիրներուն ու նոյնիսկ ոճիրի սիւպլիմասիոնը կը կազմէ գործնապէս մարդ սպաննելու անկարող «ոճրագործ հոգի»ներու։
    Ահա՛ այս երկրորդ գիծը կրքոտ մոլեգնութեամբ, անհաւատալի ուժգնութեամբ, միջոց, օրէնք, բարոյական չճանչցող քանդումի կիրքով ի յայտ եկած է իր գրական «ստեղծագործութիւն»ներուն մէջ։
    Գեղամը կը գրէ միշտ ինք իր մասին, իր կեանքին մասին, առաջին դէմքով։ Ու միշտ իր գրիչը կը գործածէ ինքզինքը համակրելի, սիրելի, բարի, քաջ, գաղափարականի տէր, զոհուող, անիրաւուած բայց աննկուն, տառապող բայց բարձրագլուխ մարդու կերպարով ցոյց տալու համար։ Այսինքն՝ իր հակապատկերը։ Երկչոտ նարկիսականութիւնը, անինքնավստահ մարդու կեղծ համեստութիւններ, խեղճ մէկը մնալու ճակատագրականութեան յաճախանքին ենթակայ տագնապալից հոգիի մը ինքնապաշտպանութեան՝ մազոշիսմի ցայտուն գիծեր, եւ անխուսափելի սատիսմը, եւ տակաւին ուրիշ ախտանշաններ կը վխտան իր գործին մէկ ծայրէն միւսը։ Գեղամը, ինքզինքը իր ուզած ձեւով ներկայացնելով չի յաջողիր փրկուիլ իր եսին ճնշումէն, իր տենչացած ինքնութիւնը ստանալու անկարելիութեան առջեւ՝ կը խորանայ ատելութիւնը ընդդէմ անոնց որոնց մօտ կը գտնէ կամ գտնել կը կարծէ այն բոլորը զոր ինք ունենալ ուզած է, եւ կը ջանայ զանոնք քանդել իր շուրջը։
    Պոլսոյ մէջ ան իր հոգեվիճակին պահանջքով է որ մօտեցաւ քառասունհինգական թուականներու նոր շարժումներուն, երբ այդ շարժումները կարգ մը «վտանգաւոր» հակազդեցութիւններու կը բախէին։ Բայց խնամով հեռու կեցաւ «վտանգ»ի մարզէն՝ գրական անմեղ սահմաններու մէջ։ «Սալոնի յեղափոխականութեան» աժան փառքը կը գոհացնէր զինք։
    Գեղամ Պոլսէն գաղթեց երբ այդ նոր շարժումները դադրեցան դէպքերու ուժով։ Այլեւս չկար գետին, Պոլսոյ մէջ, ու գրական անմեղ մարզանքները անգամ լուրջ «վտանգ»ներ կը վերապահէին հեղինակին։ Գեղամ Սեւանը, դեռ իր անունը մէկ փողոց անդին լսելի չդարձուցած, կը զրկուէր իր կեանքը փոխելու եւ ծանօթ դէմք մը դառնալու հնարաւորութենէն։ Մինչդեռ ան՝ մինչեւ բերանը լեցուած էր։ Պահանջը ունէր (անվտանգ կերպով) պարպուելու։ Ու մանաւանդ՝ չէր հանդուրժեր իր ինքնութեան։ Պէտք էր փոխեր զայն։ Այդ փոփոխութեան համար օտար միջավայրի մը կը կարօտէր։ Միջավայր մը ուր զինքը չճանչնային, իր մանկութիւնը չգիտնային։ Ու կարենար, գրականութեան միջոցով, ինքզինք ներկայացնել այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզէր ճանչցուիլ։
    Դեռ Պոլսէն չմեկնած՝ ապահովեց Զարեհ Կիւմիւշեանի թիկունքը Պէյրութի մէջ։ Նկատելով որ Կիւմիւշեանը Պոլսոյ նոր շարժումներուն պարագլուխներէն եւ ծանօթ դէմքերէն էր, ոչ ոք կրնար այնքան լաւ ծառայել իր հաշիւին։ Ու յաջողեցաւ Կիւմիւշեանի ձեռքէն բռնելով առաջնորդուիլ, Պէյրութի մէջ, իբրեւ Իսթանպուլի նոր շարժումներուն մէջ անդամը։ Գեղամին նպատակը եւ երազը այսօր աւելի յստակ կը դառնան երբ յիշենք որ Ագռաւները թառեցանի[20]Գեղամ Սեւան, Ագռաւները թառեցան, Պէյրութ, տպ. «Զարթօնք», 1949։ գլուխը իր դիմանկարը դրօշակի մը խորքին վրայ գծել տուած եւ պնդած էր որ այդպէս լոյս տեսնէ։ Այդ յաւակնութիւնը մեղմ ժպիտներ պատճառած էր Կիւմիւշեանին, որ լաւ գիտէր թէ Գեղամը ոչ մէկ բանի դրօշակիր կամ խորհրդանիշ եղած էր, բայց չէր ծանրացած՝ պատանիի մը խանդավառ սնափառութիւնը նկատելով այդ փափաքը։
    Գեղամը անվտանգ կերպով հերոսանալու եւ համբաւի ճամբուն վրայ առաջին քայլը նետած էր։ Իր յաջորդ քայլերուն մէջ, այլեւս Կիւմիւշեանէն տարբեր յենակներ ալ ունէր։ Քաղաքական գետնի վրայ՝ զանազան անձեր ու շրջանակներ որոնք կը հաւատային Գեղամին գրականութեան անկեղծութեան։ Գրական գետնի վրայ ալ՝ գլխաւորաբար Վահէ-Վահեանը[21]Բուն անունով Սարգիս Ապտալեան (Կիւրին, 1908-1998, Պէյրութ), բանաստեղծ, խմբագիր, հանրային գործիչ։ 1946-1955 … Continue reading որ Անին կը հրատարակէր եւ հեղինակութիւն մը կը նկատուէր։ Իսկ հակառակ ճակատին դէմ՝ Գեղամը չմոռցաւ իր թիկունքը ապահովութեան տակ դնել ապաւինելով իր կնոջ դաշնակցական մօտիկ ազգականներուն։ Այլեւս կրնար դէն շպրտել Զարեհ Կիւմիւշեանը, որուն ձեռքէն բռնելով կրցած էր մէկ ոստումով մտնել գրական շրջանակներէ ներս ու հրատարակել իր գործը՝ Ագռաւները թառեցանը, զոր Կիւմիւշեանը ծանր ջանքերով փորձած էր կոկել ու կարելիութեան սահմանին մէջ սրբագրել անկերպարան ոճն ու լեզուն։ Գեղամ Սեւանը ա՛լ պէտք չունէր Կիւմիւշեանին, որ իր առաջին գիրքը ծանօթացուցած էր հանրութեան[22]Զաւէն Պիպեռեան գրած էր Ագռաւները թառեցանի յառաջաբանը՝ «Փոխան նախաբանի» խորագրով (տե՛ս Ագռաւները թառեցան, էջ … Continue reading։ Իրեն աւելի հեշտ եկաւ ընդունիլ հեղինակութիւնը Վահէ-Վահեանին, մանաւանդ անոր համար որ այս վերջինը ունէր միջոցը՝ Անին, որ զինքը համբաւի պիտի առաջնորդէր[23]Վահէ-Վահեան գրախօսական ալ գրած է Գեղամ Սեւանի առաջին գիրքին մասին՝ «Ագռաւները թառեցան Գեղամ Սեւանի (Պէյրութ, … Continue reading։ «Հոգիով մարմինով» անձնատուր եղաւ անոր։ Վահէ-Վահեանը սկսաւ հրատարակել իր պատմուածքները, հիմնովին սրբագրելէ, նոյնիսկ ծայրէն գրելէ ետք զանոնք։ Գեղամ Սեւանին համար կարեւոր չէր որ ուրիշ մը հասարակաց ծնող կը դառնար իր գործերուն։ Կարեւորը՝ ստորագրութիւնն էր։ Եւ Վահէ-Վահեանին վերամշակած պատմուածքներուն տակ Գեղամ Լ. Սեւանին ստորագրութիւնը կը պառկէր։ Վահէ-Վահեանին միջամտութիւնը ընդհակառակը բարիք մըն էր Գեղամին, որովհետեւ իր անկերպարան շարադրութիւնները կոկուած, շիտակ նախադասութիւններով ու «գրական լեզուով» կը ներկայանային հանրութեան՝ շնորհիւ իր պաշտպանին անխոնջ ջանքերուն։
    Գեղամ Սեւան ուրիշ հանդէսի մըն ալ կ՚աշխատակցէր. Ժողովածուին[24]Ժողովածու գրականութեան եւ արուեստի, հրատարակուած Պէյրութ, 1950-1954 թուականներուն, պատասխանատու՝ Պետրոս … Continue reading։ Տարբեր ոճով, տարբեր նիւթերով։ Անոնք ալ կը սրբագրուէին անշուշտ, բայց ոչ այնքան բծախնդրօրէն որքան Վահէ-Վահեանի կողմէ։ Կարելի է երկու հանդէսներուն մէջ լոյս տեսած պատմուածքներուն տարբերութիւնը որոշապէս տեսնել պարզ ընթերցումով մը։
    Այն ատեն արդէն, Գեղամ Սեւանը սկսած էր ցոյց տալ իր մտաւորական լարախաղացութիւնը՝ մէկ գրպանին մէջ Անիի, միւս գրպանին մէջ Ժողովածուի յատուկ պատմուածքներ պահելով։ Անիի պատմուածքները Անիի մթնոլորտին եւ շրջանակներուն յարմար, Ժողովածուին պատմուածքներն ալ Ժողովածուի գաղափարաբանութեան եւ շրջանակներուն յարմար կ՚ըլլային։ Եւ Գեղամը խորամանկօրէն ժպտելով կ՚ըսէր Կիւմիւշեանին՝ թէ ստիպուած էր խնայել երկու կողմին ալ, եւ հանդուրժել Վահէ-Վահեանի սրբագրութիւններուն որպէսզի հրատարակուին իր գրածները։
    Հակառակ այս բոլորին, Կիւմիւշեանը չէր կրցած այդ լարախաղացութիւնները Գեղամ Սեւանի իսկական ինքնութեան նշանները նկատել աններող ոգիով։ Կիւմիւշեանը, որ ծանօթ չէր Գեղամին Պոլսոյ կեանքին եւ շրջանակներուն, չէր կրցած նաեւ տեսնել քանդումի գործողութիւնը որուն սկսած էր արդէն ան Ագռաւները թառեցանի մէջ։ Կիւմիւշեանը միամտօրէն հաւատացած էր թէ ինչ որ այդ համակրելի ու մտերմիկ տղան կը պատմէր իրեն՝ ճիշդ էր, նոյն թիփերը զոր իբրեւ եպերելի կը ներկայացնէր՝ եպերելի էին, եւ թէ դէպքերը ճիշդ այդպէս պատահած էին։ Չէր խորհեր սատիստական հոգեվիճակ մը ախտաճանաչել ուրիշները անհանգիստ ընելու, բարոյապէս տառապեցնելու, սեւցնելու վատառողջ ցնծութեան մէջ զոր Գեղամ Սեւան կը դրսեւորէր երբ Ագռաւները թառեցանը Պոլիս՝ շահագրգռուողներուն ղրկելէ ետք կը տեղեկացնէր թէ գիրքը «տակնուվրայ ըրած էր» այն անձերը որոնց մասին գէշ բաներ էր գրած[25]Ագռաւները թառեցանի այդ թուականին Պոլիս գտած արձագանգին մասին վկայութիւն մը ունի գրագէտ Ռոպէր Հատտէճեան. … Continue reading։ Ժպիտով, ներողամտութեամբ կը դիտէր պատանութենէ նոր ելած երիտասարդի մը, մամաճիկին թեւին տակ ապրած տղեկի մը աղմուկ յարուցանելու, իր վրայ խօսեցնելու, գուցէ զինքը «մարդու տեղ չդնող» ծանօթներ, բարեկամներ ահաբեկելու եւ համբաւի տիրանալու այդ հոգեբանական վիճակը։ Կը խորհէր թէ ատենով կ՚անցնէր ատիկա, երբ հասուննար, զարգանար, կեանքը ճանչնար ու յագենար «համբաւ»է։ Դէպքերը ցոյց կու տան այսօր թէ Գեղամ Սեւանը, զանազան միջավայրեր եւ յենակներ օգտագործելով «անուն շինել»ու նպատակին հասնելէ ետք ալ, մնացած է իր բարդոյթներուն գիրկը։
    Անշուշտ մեղադրելի է Կիւմիւշեանը, որ չէ արթնցած նոյնիսկ երբ Գեղամը իրեն կնիկական բամբասանքներ ըրած է մէկ ընկերոջ ետեւէն՝ զոր տանը մէջ հիւրասիրած էր հոգ չէ թէ վճարումի փոխարէն (ինչպէս տեսանք, իր այդ գիծն ալ Կիւմիւշեանին վերագրած է իր յուշագրութեան մէջ)։
    Կորսուած Գարունները կարդալէ ետք է որ Կիւմիւշեանը աչքը բացած, տեսած է իրականութիւնը, եւ փոքր քննութեամբ մը ստուգած է պարագաներ որոնց անտեղեակ էր։
    Այսպէս, Զարեհ Կիւմիւշեանը առաջին զոհը չէ որ Գեղամ Լ. Սեւանի մահափորձին կ՚ենթարկուի։ Իր առաջին գիրքին մէջ իսկ, Գեղամը այն խաղը խաղացած է Պոլսոյ իր ամէնէն մտերիմ ընկերներէն մէկուն որուն կը պարտէր  իր առաջին «գաղափարական» կազմաւորումը, եւ որուն հետ ալ ոեւէ խնդիր չէր ունեցած այդ թշնամութիւնը արդարացնող։
    Պատմուածքի մը մէջ՝ զոր պոլսահայ հանդէսի մը ղրկած էր Պէյրութէն, Գեղամը «հաշիւ մաքրած» էր նախապէս Պոլսոյ մէջ իր պաշտօնավարած նախակրթարանի մը տնօրէնին հետ, որ հեռու էր ըլլալէ այն զազրելի թիփը զոր Գեղամ կը նկարագրէր։

Յետագայ գործերէն մէկուն մէջ, Գեղամը պժգալի ինքնութեամբ ներկայացուցած էր իր մտերիմ մէկ դասընկերը Մխիթարեանի, ան ալ արձակագիր ներկայիս[26]Հաւանաբար խօսքը կը վերաբերի 1959ին Պէյրութ հրատարակուած Բիւրեղեայ դղեակ գործին, ուր ուղղակի ակնարկներ կային … Continue reading։  
    Յատկանշական է որ Գեղամ Սեւանը իր հարուածները կ՚ուղղէ յատկապէս այն մարդոց որոնց բան մը կը պարտի, որոնք իր վրայ ազդեցութիւն մը գործած են. փաթրոն մը՝ զոր բերանացի կերպով կը գովէ սակայն որպէս ինքնատիպ մէկը որ շատ օգնած է իրեն, ընկեր մը՝ որ իր գլխուն մէջ բացած է ընկերային ուղղութեան մը դուռը, տնօրէն մը՝ որուն հրամանին տակ աշխատած է, բարեկամ մը՝ որուն կը պարտի իր գրական եւ գործի յաջողութիւնները… Այսքանը իսկ բաւական է իբրեւ ախտանիշ որպէսզի կարենանք ճշդել հետեւեալ «պարագա»ն.
    Գեղամ Սեւանի համար «գրականութիւն ընել»ը կը նշանակէ նոր Գեղամ Սեւան մը հանել հանրութեան առջեւ, բոլորովին տարբեր՝ այն Գեղամէն զոր ուրիշներ ճանչցած եւ արհամարհած են, վրէժ լուծել բոլոր անոնցմէ զոր ինք ատած է, նոյնիսկ անոնցմէ որոնք իրեն հետ ուղղակի կապ մը չունին բայց զոր ինք մեծ, բարձր, ուժով կը տեսնէ։ Ամէն ինչ զոր իրեն համար անհասանելի կը նկատէ՝ կը ջղագրգռէ զինք։ Ասոր համար է որ չի հանդուրժեր նաեւ բոլոր անոնց որոնք իր վրայ ազդեցութիւն կը գործեն։ Կը թշնամանայ անոնց (առանց յայտնելու իր զգացումները), թէեւ իր շահամոլութեան պատճառով սիրով կ՚ընդունի բոլորին բարեկամութիւնն ու օգնութիւնը։
    Գրականութիւնը, Գեղամի պարագային, հոգէախտաբանական սիւպլիմասիոնի թիփիք օրինակ մըն է։ Իր եսակեդրոնութիւնը բացարձակ է բոլոր գործերուն մէջ, հոգեբանական թրանսֆերի պարագաները՝ սովորական։
    Պարզ սիսթեմ մը ունի. այն բաները զոր գովելի կամ անվնաս կը նկատէ՝ կը դնէ ինք իր բերնին, նկարագրին, կեանքին մէջ։ Որպէսզի իբրեւ «լաւ թիփ», իբրեւ հերոս, առանձին չմնայ, իր շուրջը կը հաւաքը պայմանադրական «լաւ թիփ»եր՝ նոյնքան անիրական որքան իտէալացած։ (Միտիեթի, պուլվարի գրականութիւն մըն է Գեղամ Սեւանի գրականութիւնը, ուր աշխարհ կը բաժնուի բացարձակ լաւ եւ բացարձակ վատ ռոպոթ թիփերու)։ Անոնց փոխ կու տայ ինք իրեն վերագրած բարձր գիծերուն նմանները կամ աւելցուքները, ու այդ օգնական ուժերով կը զօրացնէ ինքզինքը։ Յետոյ, այն բաները զոր «քաղաքականօրէն» վտանգաւոր կը նկատէ՝ կը դնէ «գէշ թիփ»երու բերնին, նկարագրին, կեանքին մէջ։ Այս թիփերն են իր նոխազները։ Բայց ասոնցմէ կ՚օգտուի նաեւ անձնական սիւպլիմասիոնի գծով. անոնց հետ, անոնց միջոցով, կրնայ ազատօրէն արտայայտել իր կարգ մը զգացումները, մտածումները, տենչանքները, այն բոլորը զոր չի կրնար իւրացնել ու խոստովանիլ «քաղաքական» պատճառներով։ (Տե՛ս Զարեհ Կիւմիւշեանի եւ Ալիսի «յարաբերութեան» դրուագը, որուն մէջ նիւթականացած է իր մէջ ընկերոջը կնոջ հանդէպ թաքուն ցանկութիւնը, զոր խոստովանելու քաջութիւնը չունի)։ Իր ստեղծած «նոխազ թիփ»երը կ՚օգտագործէ ինքնագոհացումի համար՝ վտանգաւոր ուղիներով։
    Երբեմն սակայն փորձութեան չի դիմանար եւ բերնէն կը փախցնէ խօսքեր որոնք կրնան զինքը այլապէս «վտանգել»։ Այն ատեն, անմիջապէս կը դնէ «վարդապետական» խօսք մը, «դարմանիչ» բառ մը, որով քթին կը խնդայ իր «գաղափարական» ուղղափառութեան հաւատացողներուն. մէկ երկու «համամարդկային», մէկ երկու «աշխատաւոր մարդ», լոզունգատիպ քլիշէ նախադասութիւն մը… Կացութիւնը փրկուած է։ Ա՛լ ոչ ոք կրնայ մեղադրել զինքը երբ անդիմադրելիօրէն կը գոչէ կնոջ մը որ ձեռքերովը կը գոծէ փէշերը զոր հովը կը վերցնէ. «…կին, քաշէ ձեռքդ փէշերէդ», որովհետեւ անմիջապէս կ՚աւելցնէ խոհեմութեամբ. «Կեանքը կիրքէ հեռու է այսօր։ Սէր է ամէն ինչ. քիչ մը աւելի ազատութեան մէջ…»։  Սէրը կիրքէն լուսալով, փոշի ցանած է այն աչքերուն՝ որոնց վրայի յօնքերը պիտի կարենային գուցէ պռստուիլ այդ անխորհուրդ բացագանչութենէն…
    Անշուշտ ըսելիք բան չէր մնար եթէ Գեղամ Սեւանը երեւակայական հերոսներու միջոցով գրականօրէն «ապրէր» այն կեանքերը որոնց տենչանքը ունի իբրեւ չգոհացած մարդ կամ եթէ իր հոգեկան պահանջները գոհացնէր ինքզինք ներկայացնելով իբրեւ սիրուած, յարգուած, գնահատուած մարդ։
    Բայց ըսելիք շատ բան կայ երբ Գեղամը չի գոհանար այդ անմեղ մարզանքով ու կը ջանայ յականէ անուանէ մրոտել իրական անձեր եւ անապատ մը ստեղծել իր շուրջ՝ անարգել ու առանձին թագաւորելու համար աւերակոյտին վրայ։ Հո՛ս է որ գրական սիւպլիմասիոնը կը վերածուի քանդիչ զէնքի մը, եւ գրականութիւնը՝ հասարակ ոճրափորձի։
    Իր մտաւորական դատարկութիւնը, գաղափարական խաչագողութիւնը պարտկելու համար այնքան ալ անհրաժեշտ չէր որ ջանար ամայացնել իր շուրջը։ Առանց ատոր ալ կրնար հագնիլ գրագէտի պատմուճան եւ գաղափարական մարտիկի փառապսակ. շատ անգամ ձրի են ասոնք շատերու համար։ Եւ կը զլացուին բուն անոնց՝ որոնք արժանացած են ատոր, պարզապէս անոր համար որ չեն զիջանած ոեւէ շարժում ընել ծռելու եւ գետնէն վերցնելու համար այդ պատմուճանն ու փառապսակը։
    Մտաւորականին առաջին յատկանիշն է պարկեշտութիւնը, ինքզինքին հանդէպ պարկեշտութիւնը, ինքզինքին եւ ճշմարտութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը։ Հաւատարմութիւնը ուրիշի հանդէպ ըլլալէ առաջ նախ ինքզինքին հանդէպ պէտք է ըլլայ։ Ան որ ինքզինքին հանդէպ հաւատարիմ չէ, ոչ մէկուն հաւատարիմ կրնայ ըլլալ։ Մէկը որ այսօր Յիսուսին կը դաւաճանէ, վաղը կրնայ նոյնքան հեշտին դաւաճանել նաեւ Մովսէսին։ Խնդիրը բնաւ չդաւաճանել, դաւաճանելու սկզբունքը մերժելն է։ Ուրիշին դաւաճանողը նախ ինքզինքին դաւաճանած կ՚ըլլայ. թշնամութիւնն՝ այո, դաւաճանութիւնը՝ ոչ։ Թշնամիները իրարու չեն դաւաճաներ. կը կռուին։ Գեղամ Սեւանը կռուիլ չգիտցաւ երբեք, եւ այսօր ալ չի գիտեր։ Երէկ իր երկրին կը դաւաճանէր առանց ատելու։ Այսօր Կիւմիւշեանը կ՚ատէ առանց կռուելու. անո՛ր ալ կը դաւաճանէ։ Եւ որովհետեւ դաւաճան մը պէտք է դաւաճաններ տեսնէ ամենուրեք, Կիւմիւշեանը կը ներկայացնէ իբրեւ դաւաճան. դաւաճան իր երկրին, իր գաղափարներուն, իր ամենամօտիկ ընկերներուն։ Մինչդեռ Կիւմիւշեանը երբեք ոչ ոքի դաւաճանած է։ Որովհետեւ միշտ հաւատարիմ մնացած է ինքզինքին։ Իշխանութեան դէմ իր երկրին մէջ կռուելու քաղաքացիական արիութիւնը ունենալէ ետք, երկրէն դուրս՝ չդաւաճանելու քաղաքացիական պարկեշտութիւնն ալ ունեցած է (մինչդեռ իրեն համար Գեղամ Սեւանէ մը աւելի դիւրին եւ շահաբեր էր աժան հերոսութիւն ընել օտար երկրի մը մէջ՝ ամէն վտանգէ զերծ)։ Կիւմիւշեանը իր ամբողջ քաղաքական եւ կուսակցական գործունէութիւնը տարած է իր երկրին մէջ, պաշտօնապէս եւ օրինաւոր ճամբով։ Եւ իր գործունէութեան հաշիւը քանիցս տուած է իր երկրին արդարութեան առջեւ։ Իսկ արտասահմանի մէջ, իբրեւ իր երկրին քաղաքացին, երբեք ոչ մէկ կուսակցութեան պատկանած, ոչ մէկ քաղաքական գործունէութիւն տարած է իր երկրին դէմ։
    Գեղամ Սեւանի մը համար ապահովաբար անըմբռնելի է ասիկա։ Պէտք է խոյս տալ գառագեղէն, յետոյ «հերոսութիւն» ընել։ Կամ՝ նախ միջնաբերդի մը մէջ պատնեշուիլ -ինչպէս կ՚ընէ հիմա։ Ոչ ոք կրնայ ապահովցնել թէ վաղը ան իր նոր որդեգրած երկրի դէմ ալ նոյն դաւաճանութիւնը պիտի չգործէ երբ հնարաւութիւն գտնէ եւ երբ պատշաճ դատէ ատիկա իր անձնական շահերուն եւ կիրքերուն գոհացման համար։
    Մարդ -մանաւանդ մտաւորական մը, մանաւանդ գրող մը- պէտք չէ խորհի բան մը զոր պիտի չկրնայ ըսել եւ գրել, ու պէտք չէ ըսէ եւ գրէ բան մը զոր չի խորհիր։ Գեղամ Սեւանը յաճախ տարբեր բան խորհեցաւ, տարբեր բան զգաց, եւ տարբեր բան ըսաւ ու գրեց։ Ան յուզումով կը վազէր դիտելու թրքական վոլիպոլի խումբին տղաքը, յուզումով կը մօտենար փողոցը թուրք ուսանողներու՝ անոնց թրքերէն խօսակցութիւնը իմանալու համար արցունքոտ աչքերով։ Բայց «գրականութիւն ըրած» ատեն՝ տեմակոժի ըրաւ միշտ։
    Գեղամը կը փնտռէր Պոլիսը, կը նախանձէր վերադարձողները, բայց իր գրականութեան մէջ իր ծննդավայրը կը բզկտէ մոլեգնութեամբը այն սիրահարին որ կորսնցուցած է իր սիրուհին ու մահու չափ կ՚ատէ զայն՝ կեանքի չափ սիրելուն համար գուցէ։
    Գեղամը այս բոլորը միայն Կիւմիւշեանին կը յայտնէր, որովհետեւ կ՚ըսէր՝ միայն Կիւմիւշեանը կրնար հասկնալ զինքը։
    Այո, Կիւմիւշեանը կը հասկնար։ Հասկնալուն համար է որ բարեկամութիւն կը զգար իրեն հանդէպ ու կը ներէր իր շատ մը անախորժ գիծերը՝ զանոնք վերագրելով դեռ չկազմուած նկարագրին։ Բայց այս անգամ չի ներեր անոր վատութիւնը, որ չի սեղմիր ոեւէ մարդկային սահմանի մէջ։
    Զարեհ Կիւմիւշեանը այսօր գիտէ թէ Գեղամ լիուն Սեւանը ինչո՛ւ այդքան ատեր է Զարեհ Կիւմիւշեանը։
    Կիւմիւշեանը ամբողջ կեանքին ընթացքին գաղափարի մարդ եղաւ, ամէն բան կորսնցուց։ Գեղամը՝ իր կեանքին քանի մը տարին գաղափարի մարդ ձեւացաւ, ամէն բան շահեցաւ։
    Կիւմիւշեանը Պէյրութի մէջ իր երկիրը չծախելու, ինքզինքին չդաւաճանելու, սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու համար տառացիօրէն անօթի կեցաւ, փողոցը մնաց, էնտեքսի ենթարկուեցաւ։ Գեղամը Պէյրութի մէջ Մխիթարեաններուն ժպտեցաւ, Ռամկավարներուն դարպասեց, Բարեգործականին քծնեցաւ, Համայնավարներուն ուղեկից եւ գաղափարակից ձեւացաւ՝ Համայնավարները ծաղրեց, Դաշնակցականներուն հակառակորդ ձեւացաւ՝ Դաշնակցականները սիրաշահեցաւ, հրապարակաւ Իսթանպուլը նզովեց՝ մտերմութեան մէջ զղջաց Իսթանպուլը լքելուն։
    Կիւմիւշեանն ալ շատ մօտիկ ազգական ունէր Պէյրութի մէջ, եւ անոր ազգականը դաշնակցական չէր, եւ նիւթական կարողութեան տէր։ Եւ Կիւմիւշեանը սկզբունքային փոքրիկ անհամամտութեան մը հետեւանքով երեքուկէս տարուան ընթացքին մէկ անգամ իսկ չայցելեց իր ազգականին։ Գեղամ Սեւանը կը մեղադրէր Կիւմիւշեանի այդ ընթացքը ու կը յանձնարարէր օգտուիլ այդ ազդեցիկ ազգականէն։ Կիւմիւշեանը մտքէն անգամ չէր անցըներ թէ ինք քանի կը յամառէր իր օրական հացը անգամ զոհել իր ամենայետին սկզբունքին, իր «մտերիմ բարեկամ» Գեղամը այնքան աւելի կ՚ատէր զինք։
    Կիւմիւշեանը կեանքին մէջ ոեւէ մէկուն ոեւէ բան չէր սակարկած. կամ մերժած էր տալ, կամ ձրի տուած էր։ Գեղամը ամէն բան կը սակարկէր ամէնուն։ Ոչ մէկ բան ձրի տալ գիտցած էր։ Միշտ բան մը գտած էր ծախելու։
    Կիւմիւշեանը տարիներով պայքար մղած էր գիտակցաբար, հետեւանքները կանխատեսելով։ Երբեք ո՛չ գանգատած էր հետեւանքներէն, ոչ ալ պարծենցած։ Որովհետեւ ամէն մարդու պարտականութիւնն է պայքարիլ իր եւ մարդոց իրաւունքներուն ու ազատութեան համար։ Գեղամ Սեւանը -ինչպէս ուրիշ անհամար Գեղամ Սեւաններ աշխարհի վրայ- իր «առաջին հօրը» հարստութիւնը «ուտելով» զբաղած էր ու Պոլսէն դուրս ելլելու սպասած՝ ձրի հերոսութիւն ձեռք անցընելու համար։
    Կիւմիւշեանը ոչ մէկուն ոչ մէկ բան կը պարտէր՝ ո՛չ նիւթական, ո՛չ բարոյական, ոչ մէկ փառասիրութիւն, ոչ մէկ շահու ակնկալութիւն, անձնական հաշիւով ոչ մէկ յետին նպատակ ունէր։ Այս պատճառով, ոչ մէկուն հանդէպ փութկոտ էր, ուրիշներու հաճոյ երեւալու, գնահատուելու, վարձատրուելու համար իր բնական անհատականութենէն ոչ մէկ զոհողութիւն, տարբեր երեւալու համար ոչ մէկ ջանք կ՚ընէր։ Գեղամը իր շահերուն, փառասիրութիւններուն, նպատակներուն համար իր անհատական տենչանքները կը ներմղէր, կ՚երեւար այնպէս՝ ինչպէս պէտք էր ըլլար ուղղափառութեան գծով։ Բան մը կը պարտէր քիչ մը ամէնուն, բան մը կը սպասէր, բան մը կը մուրար քիչ մը ամէնէն։ Կը նմանէր այն կիներուն որոնք նայլըն գուլպայ կը տենչան՝ անպայմա՛ն կը տենչան, ադամանդ կը տենչան՝ անպայմա՛ն կը տենչան, մուշտակ կը տենչան՝ անպայմա՛ն կը տենչան, գինը չեն խորհիր, ամէն ինչ կ՚ընեն ունենալու համար, ետքը կը վճարեն գինը։ Գեղամ Սեւան ուժը չունէր ուզածը չուզելու, ուզածը չունենալու, զրկուելու այն բաներէն որոնք իրեն համար կենսական էին, մատնուելու այն կեանքին որուն վիպային հմայքը զինքը կը դիւթէր հեռուէն… գրականութեան մէջ մնալու պայմանով. երթալ  ընկերներու հետ պոհեմութենէ, արկածախնդրութենէ ճառել, տասնոց չունիմ ըսել, տառապանք երգել, թետի պօյ ձեւանալ, «սալոնի ձախլիկութիւն» ծախել, -յետոյ տուն դառնալ՝ քաղքենիական բարօրութիւնը գտնել տաքուկ մուճակներու մէջ, աւելի հաճոյքով ըմբոշխնելու համար յաջորդ օրուան «վիպային» պոհեմութեան թատերական ներկայացումը։ Տունէն ներս՝ Տոքթ. Ճէյքլ, բեմին վրայ՝ Մր. Հայտ։
    Այս բոլորը՝ միայն Զարեհ Կիւմիւշեանը գիտէր ամէն մանրամասնութեամբ։ Հիմա կը ջանայ Կիւմիւշեանը մէջտեղէն վերցնել։ Ինչպէս ոճրագործ մը կ՚ուզէ սպաննել իր ոճիրներուն միակ վկան։ Կը ցանկայ որ իր «յաջողութեան» փուլերուն միակ իրազեկը գոյութենէ դադրի աշխարհի վրայ, կամ «անվնաս» դառնայ։
    Կորսուած Գարուններու հրատարակութեան առթիւ, անոնք որ Գեղամը Կիւմիւշեանէն առաջ եւ Կիւմիւշեանէն լաւ կը ճանչնային, ըսին. «Չ՚արժեր զբաղիլ այդ մարդով։ Արհամարհէ զինքը։ Արդէն հաւանական չէ որ կարենաս ձայնդ լսելի ընել Հայաստանի մէջ՝ ուր Գեղամ Սեւանը հաւանաբար իր կռնակը տուած է ամուր յենակէտի մը»։
    Ճիշդ է, գերազանցապէս արհամարհելի, եւ արգահատելի, էակ մըն է Գեղամ լիուն Սեւանը։ Բայց Կիւմիւշեանը ինքզինքը պատասխանատու կը զգայ հայ գրականութեան մէջ Գեղամ լիուն Սեւան կոչուած էմփոսթէօր մը հաստատած ըլլալուն։ Եւ չ՚ուզեր հաւատալ թէ ոեւէ էմփոսթէօր, որ կռնակը ամուր յենակէտի մը կու տայ Հայաստանի մէջ, կրնայ անպատիժ գործել յաւիտենաբար։
    Եթէ Գեղամը դիմակազերծելով յաջողի զայն վար առնել, այսօր, այն պատուանդանէն որուն ճամբան ինք հարթեց անոր քայլերուն առջեւ՝ տասնըհինգ տարի առաջ, սրբագրած պիտի ըլլայ այն ծանր յանցանքը զոր անգիտակցաբար գործած է հայ գրականութեան, մարդկութեան եւ գաղափարական կեանքի դէմ։
    Երբեք շատ ուշ չէ չարագործի մը արգելք ըլլալու համար նոր չարագործութիւններ ընելու։

Ան՝ զոր Գեղամ Լ. Սեւանը կոչած է


                                                                                                                                                                                                             Զարեհ Կիւմիւշեան
                                                                                                                                                                                                             կամ՝
                                                                                                                                                                                                              Վազգէն Պերպերեան

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 4

References
1 Գեղամ Սեւան, բուն ազգանունով Սվաճեան, ծնած էր Պոլիս, 1924ին։ Կրթութիւնը ստացած էր Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ըլլալով դասընկերը ստանպուլահայ ապագայ գրողներ Ռոպէր Հատտէճեանի, Զահրատի եւ Զարեհ Խրախունիի։ Ապա միջոց մը հետեւած է Ստանպուլի համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղի դասընթացքներուն, առանց սակայն աւարտելու զայն։ 1949ին անցած է Լիբանան, ուր նոյն թուականին հրատարակած է իր առաջին հատորը, Ագռաւները թառեցան խորագրով, Զարթօնքի տպարանէն։ Մաս կազմած է Պէյրութի գրական շրջանակներուն, եղած է ուսուցիչ տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ 1962ին գաղթած է Սովետական Հայաստան։ Աւարտած է Երեւանի հեռակայ մանկավարժական ինստիտուտի լեզուագրական բաժինը։ Աշխատած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի «Մանուկ Աբեղեան» գրականութեան ինստիտուտի մէջ որպէս աւագ գիտաշխատող։ 1968ին ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան՝ պաշտպանելով Վազգէն Շուշանեանի վերաբերող ատենախօսութիւն, իսկ 1983ին ալ դարձած է դոկտոր։ Մեռած է 1991ին, Երեւան։ Հեղինակ է գեղարուեստական, ուսումնասիրական ու մանկավարժական բազմաթիւ հրատարակութիւններու։
2 Տե՛ս Գեղամ Սեւան, «Կորսուած գարուններ» (վիպակ), Սովետական գրականութիւն, սեպտեմբեր 1962, թիւ 9, էջ 3-62։ Հեղինակը վիպակը ներառած է 1964ին Երեւան հրատարակած Ծիծեռնակները ցածէն անցան։ Կորսուած գարուններ հատորին մէջ եւս։։
3 Համայնավար գործիչ Հայկ Աչըքկէօզ (Սամսուն, 1918-2001, Լայփցիկ), որ այդ տարիներուն նոյնպէս Պէյրութ կը գտնուէր եւ միջոց մը նոյնիսկ որպէս հիւր բնակած էր Սեւանի բնակարանը, իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ Գեղամ Սեւանի հայրը հարուստ եղած է ու «այստեղ դեռ հօրմէն մնացած դրամը կը ծախսէին» (տե՛ս Hayk Açıkgöz, Anadolulu Bir Ermeni Komünistin Anıları [Անատոլուցի հայ համայնավարի մը յուշերը], Ստանպուլ, «Պէլկէ» հրատ., 2015, էջ 288)։
4 Աչըքկէօզ կը վկայէ, թէ Սեւան ամսական 80 լիրայով ուսուցչութեան պաշտօնի մը սկսած էր, մինչդեռ տան վարձքը 85 լիրա էր (Açıkgöz, էջ  294)։
5 ըստ Աչըքկէօզի, Պիպեռեան թէեւ նիհար էր, սակայն շատ կ՚ուտէր։ Կը սիրէր լաւ հագուիլ։ «Կը ծխէր ամենասուղ, ամենալաւ գլանիկը» (Açıkgöz, էջ 311)։
6 Խօսքը կը վերաբերի Հայկականեան (Արմէնեան) ընտանիքին։ Համայնավար գործիչներ Ժագ Իհմալեան եւ Հայկ Աչըքկէօզ երբ 1949ի վերջին օրերուն թրքական հակահամայնավարական հալածանքներէն խուսափելով կը հասնին Պէյրութ, նախ կը հիւրընկալուին Հայկականեաններու քով, որ Իհմալեանի ազգականն էին։ Գեղամ Սեւանի զոքանչը՝ Արշալոյս Աքըլլըեան, եւս հիւրաբար կը գտնուէր հոն, քանի որ ան եւս ազգականական կապ ունէր Հայկականեան ընտանիքի հետ։ Աչըքկէօզ կը նշէ, որ Գեղամ Սեւան կը համարուէր անոնց փեսան։ Այս ընտանիքին երկու անդամները Հ. Յ. Դաշնակցութեան Լիբանանի վարիչներն էին։ Արդէն նոյն շէնքին մէջ, վերի յարկը կը բնակէր Դաշնակցութեան գլխաւոր դէմքերէն Մովսէս Տէր Գալուստեան (Açıkgöz, էջ  281-282, 287)։
7 Զոր օրինակ, Զաւէն Պիպեռեան եւ Գեղամ Սեւան յօդուածներ հրատարակած են Աւետիս Ալիքսանեանի Նոր օրին մէջ, տե՛ս 13 հոկտ. 1945, 13 նոյ. 1946 եւլն.։
8 «Մինչ Մահմուտփաշայի մէջ շրջուն վաճառորդները պոռալով կանչելով կը ծախէին իրենց ապրանքը, Զաւէն չէր կրնար ընել այս բանը. «Ներքնաշապիկ կայ» չէր կրնար պոռալ։ Կը սպասէր որ յաճախորդը իրեն մօտենայ։ Նորէն ալ, թէեւ դժուարաւ կը հոգար իր ապրուստը, բայց գոհ էր իր վիճակէն» (Մաշոյեան, էջ 77)։
9 Գեղամ Սեւանի վիպակին մէջ, այս կերպարին տակ ծածկուած է Եդուարդ Եարըմեան, որ եղած էր Զաւէն Պիպեռեանի զինուորութեան ընկերը, զոր «Պոպսթիլ» անունով մկրտուած էր իր ընկերներէն աշխատանքային ջոկատներու մէջ զինուորութիւն ըրած տարիներուն։ «Անմտութեան աստիճանի բացսիրտ, ապշութեան աստիճանի առատաձեռն, սիրոյ ու բարեկամութեան ծարաւ, անոխակալ, իր թերութիւններուն գիտակից, իր թերիները տեւական -նոյնիսկ անկեղծօրէն- չափազանցելու պատրաստ մարդ մըն էր»։ Եարըմեան զինուորութեան շրջանին եղած էր դասակի անկոչ տասնապետը։ Հիացմամբ տեսնելով, որ Պիպեռեան միշտ կը գրէ, կը կարդայ, օճառէ արձանիկներ կը շինէ իր ազատ պահերուն՝ զինքը ազատ կը կացուցանէր ճանապարհաշինարարութենէ (տե՛ս Biberyan, էջ 208)։ Հայկ Աչըքկէօզ նոյնպէս իր յուշագրութեան մէջ կը հաստատէ Պիպեռեանի ու Եարըմեանի զինուորութեան շրջանէն սկիզբ առած բարեկամութիւնը (տե՛ս Açıkgöz, էջ 290)։
10 Եարըմեան նիւթապէս փայլուն վիճակի մը մէջ եղած է, նոյնիսկ օժանդակած Պիպեռեանի՝ զինուորութեան օրերուն։ Ան Պոլսոյ մէջ ունէր զգեստի մաքրման ու ներկման խանութ մը, որ այրած է։ Այս դէպքէն ետք, գիտնալով որ Պիպեռեան ալ Պէյրութ է, առած է իր կինն ու 3-4 տարեկան դուստրը, գացած է հոն։ Պէյրութի մէջ կ՚աշխատէր զգեստի մաքրման խանութի մը մէջ, հազիւ հացի դրամ մը վաստկելով։ Համակրելի ու պատրաստակամ մարդ մըն էր (տե՛ս  Açıkgöz, էջ 290)։
11 Պէյրութի կարգ մը տուներէ ներս բաղնիքն ու խոհանոցը մէջ մէջի կը գտնուէին։ Ըստ Աչըքկէօզի վկայութեան, Եարըմեան բաղնիքի մէջ քարիւղով զգեստի մաքրում կատարած պահուն, տանտէրն ալ ճաշ պատրաստելու համար խոհանոցին մէջ կազի օճախը վառած է։ Քարիւղի շոգին բաղնիքէն ելած ու խոհանոց լեցուած են եւ օճախը վառած պահուն մեծ պայթում մը տեղի ունեցած է։ Տան ապակիները փշրուած են։ Եարըմեան ալ ամբողջութեամբ սաստիկ այրած էր բաղնիքի մէջ։ Զինքը փոխադրած են ֆրանսական հիւանդանոց։ Այս դէպքէն ետք ան իր կնոջ ու զաւկին հետ լքած է Պէյրութը (տե՛ս  Açıkgöz, էջ 331)։
12 Գողիաթը -ինչպէս Կորսուած Գարուններու մնացեալ գլխաւոր հերոսները- ողջ է, ներկայիս կ՚ապրի Իսթանպուլի մէջ՝ կնոջը եւ զաւակներուն հետ, ապշանքով եւ ընդվզումով վերահասու եղած է Գեղամ Սեւանի վիպակին մանրամասնութիւններուն։ Ան կը վկայէ թէ ոեւէ չնչին օժանդակութիւն իսկ չէ ստացած Գեղամէն, եւ պատրաստ է հերքելու Գեղամ Սեւանին բոլոր ստագրութիւնները, եւ հաստատելու՝ այստեղ կատարուած ճշդումները։
13 Հայկ Աչըքկէօզ կը վկայէ, թէ Պիպեռեան Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան վարիչ անուններէն մէկուն քով կ՚աշխատէր որպէս շինարարութեան գլխաւոր վարպետ։ Ան շինարարութենէ չէր հասկնար. միայն պաշտօն ունէր կիրարկելու գործատիրոջ հրահանգները եւ հսկելու գործաւորներուն, որպէսզի աշխատին կարգապահութեամբ։ Ռամկավար կուսակցութեան շրջանակները կարճ միջոց մը ետք իրեն գործ մը կու տան իրենց մամուլին մէջ, ուր ան ֆրանսախօս ձայնասփիւռի ալիքները մտիկ կ՚ընէր եւ քաղած լուրերը կը թարգմանէր հայերէնի։ Պիպեռեան հաւանաբար այս նոր գործին պատճառով ձգած էր շինարարութեան մէջ ունեցած աշխատանքը (տե՛ս  Açıkgöz, էջ 311)։
14 Պիպեռեանի խիզախ յօդուածները, նաեւ Թուրքիոյ ոստիկանութեան կողմէ հետապնդուիլը որոշ համբաւ մը շահեցուցած էին իրեն նաեւ արտասահմանի մէջ, ուր սփիւռքահայ թերթեր լուրեր կը հաղորդէին իր բանտարկութեան ու դատավարութեան մասին։ Պիպեռեանի կրած հալածանքը պատճառ կը դառնայ, որպէսզի ան անցնի Պէյրութ, քիչ մըն ալ տեղւոյն մտաւորականներու օժանդակութեամբ (տե՛ս Սեւան Տէյիրմենճեան, «Զաւէն Պիպեռեան՝ Պոլիսէն Պէյրութ», Բագին, 2, յունիս 2019, էջ 63-67)։
15 Պիպեռեան բանտարկութեան ու ազատ արձակման պարագաներուն շուրջ մանրամասնօրէն պատմած է իր ինքնակենսագրութեան մէջ, տե՛ս Biberyan, էջ 368-434։
16 Պիպեռեան Պոլիս վերադարձին աշխատած է Օսմանեան դրամատան մէջ, որ այդ տարիներուն դադրած էր պետական հաստատութիւն մը ըլլալէ։
17 Աչըքկէօզ կը գրէ, թէ Զաւէն Պիպեռեան գեղեցկօրէն կահաւորուած, պատշգամով, բաղնիքով սենեակ մը ունէր շքեղ յարկաբաժնի մը մէջ։ Իսկ յարակից սենեակը կը բնակէին երկու շատ գեղեցիկ աղջիկ, որոնք գործ փնտռելու եկած էին Պէյրութ, գիւղէ։ Պիպեռեան կը պատմէր, թէ կ՚այցելէր աղջիկներուն կամ իրենք իրեն, եւ ամէն գիշեր կը քնանար անոնց մէջտեղը (տե՛ս  Açıkgöz, էջ 310)։
18 Գողիաթ, այսինքն Եդուարդ Եարըմեան, որ ծնած էր 1919-ին, մահացած է 28 յուլիս 1993-ին։
19 Խօսքը Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի մասին է։
20 Գեղամ Սեւան, Ագռաւները թառեցան, Պէյրութ, տպ. «Զարթօնք», 1949։
21 Բուն անունով Սարգիս Ապտալեան (Կիւրին, 1908-1998, Պէյրութ), բանաստեղծ, խմբագիր, հանրային գործիչ։ 1946-1955 թուականներուն Պէյրութի մէջ հրատարակած է Անի գրականութեան եւ արուեստի ամսագիրը։ Հատորներն են՝ Արեւ-Անձրեւ, Ոսկի կամուրջ, Մատեան սիրոյ եւ մորմոքի, եւլն
22 Զաւէն Պիպեռեան գրած էր Ագռաւները թառեցանի յառաջաբանը՝ «Փոխան նախաբանի» խորագրով (տե՛ս Ագռաւները թառեցան, էջ 7-12)։
23 Վահէ-Վահեան գրախօսական ալ գրած է Գեղամ Սեւանի առաջին գիրքին մասին՝ «Ագռաւները թառեցան Գեղամ Սեւանի (Պէյրութ, 1949)», Անի, թիւ 12, հոկտ. 1949, էջ 673-674։
24 Ժողովածու գրականութեան եւ արուեստի, հրատարակուած Պէյրութ, 1950-1954 թուականներուն, պատասխանատու՝ Պետրոս Մինասեան։ Առաջին իսկ թիւին Ագռաւները թառեցանի վերաբերող գրախօսական մը տպագրուած է, Պ. Մ. ստորագրութեամբ (էջ 99-100)։ Գեղամ Սեւան հոն տպագրած է «Յանուն… հայրենիքի» (թիւ 1, էջ 29-39), «Առօրեայ կեանքէն» (թիւ 2, էջ 15-21, թիւ 4, էջ 31-35), «Ականդա», (թիւ 3, էջ 21-25), եւլն.։ Թուրքիայէն հալածական, այդ թուականներուն Պէյրութ ապաստանած յայտնի նկարիչ Ժագ Իհմալեան եւս կ՚աշխատակցէր հանդէսին։
25 Ագռաւները թառեցանի այդ թուականին Պոլիս գտած արձագանգին մասին վկայութիւն մը ունի գրագէտ Ռոպէր Հատտէճեան. «1949-ին գնաց Պէյրութ ու նոյն տարին հոն հրատարակեց գիրք մը, Ագռաւները թառեցան։ Հիմը կը դնէր ուրեմն վիպագրական աշխատանքի մը, որ միշտ պիտի ունենար ինքնակենսագրական բնոյթ, եւ որուն հերոսը պիտի ըլլար միշտ ի՛նք, առաւել կամ նուազ նմանողութեամբ։ / Գիրքին ոճն ու գաղափարախօսութիւնը չէր որ զարմանք կը պատճառէր ինծի։ Ինծի զարմանք կը պատճառէին, նոյնիսկ կը շշմեցնէին գիրքին հերոսները, որոնցմէ մէկն ալ ե՛ս էի, յականէ անուանէ։ Գեղամ Սեւան իր կեանքը կը պատմէր պատմելով նաեւ իր բազմաթիւ բարեկամներուն, ազգականներուն եւ ընկերներուն մասին, եւ կը ձաղկէր անոնց քաղքենի բարքերը, որոնց մասին կը խօսէր այնքան հեգնանքով։ Այդ ընելու ատեն ալ դժբախտաբար կը խեղաթիւրէր դէպքերը, կը նսեմացնէր իր նախկին ընկերները, ընկերվարական գաղափարախօսութեան այդ շրջանի նորաձեւութեամբ, կը վարկաբեկէր այն ամէն ինչը, որ դուրս կը մնար այդ գաղափարախօսութեան շրջանակէն։ /  Սրտաբեկութիւն պատճառած էր այդ գիրքը…» (Ռ. Հատտէճեան, «Գեղամ Սեւանի կարօտով», Նոր Մարմարա, Ստանպուլ, 11 յուլիս 1991)։
26 Հաւանաբար խօսքը կը վերաբերի 1959ին Պէյրութ հրատարակուած Բիւրեղեայ դղեակ գործին, ուր ուղղակի ակնարկներ կային նաեւ ստանպուլահայ արձակագիր Ռոպէր Հատտէճեանի հասցէին, որ եղած էր Գեղամ Սեւանի դասընկերը Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Հատտէճեան տարիներ անց միայն պիտի կարենար կարդալ իր մասին գրուածները եւ այդ առթիւ գրել հետեւեալ տողերը. «Բայց երբ բաւական յապաղումով կը լսէի Գեղամին գրած գիրքերուն մասին, կը մտածէի որ Գեղամ յատկապէս կը վիպականացնէր մեր ընկերութիւնը ու զայն կը գործածէր որպէս իրեն բարենիշ շահեցնելու տուեալ։ Ուրիշ տեղ կամ ուրիշ գիրքի մը մէջ գիտեմ որ ան զիս դատապարտած է նաեւ անոր համար որ փիլիսոփայութիւն, մանաւանդ «մէթաֆիզիք» կը կարդայի։ Կը թուի թէ իրեն նմանները արհամարհանք ունէին դասական փիլիսոփաներուն նկատմամբ, մենք կարդալու էինք Մարքսի կամ Լենինի տնտեսական յեղաշրջումի գիրքերը» (Ռոպէր Հատտէճեան, Մարդիկ որոնք անցան կեանքիս մէջէն, հտ. Ա., (Յուշատետր 88), Ստանպուլ, 2017, էջ 123-125)։