Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)

ՔԱՆԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆԷՆ

ՍՏԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի (1921-1984) հետեւեալ նամակները առիթ են տարբեր դիտանկիւնէ մը նայելու գրական կապերու, գրողներու յարաբերութիւններու բնոյթին։   

    Իրանահայ բանաստեղծ ու նկարիչ Դեւ, Պոլիս այցելութեան շրջանին, յայտնի է որ կարճ տեսակցութիւն մը ունեցած է Պիպեռեանի հետ, որու ուղղեալ նամակին մէջ վերջինիս պատասխանէն կը տեղեկանանք, որ ան «գեղեցիկ տողեր» ալ գրած է Լկրտածըի մասին։ Դժբախտաբար, խնդրոյ առարկայ նամակը պահպանուած չէ Պիպեռեանի թողօնին մէջ, որպէսզի կարենայինք կարդալ զանոնք եւ հասկնայինք, թէ յիշեալ տողերը գրական վերլուծո՞ւմ մը կը պարունակէին, թէ առ ի քաղաքավարութիւն ըսուած խօսքեր էին պարզապէս, զորս «անկեղծ շնորհակալութեամբ» մը փոխադարձած է վէպին հեղինակը։ Դեւ կարծես մամուլով ալ արտայայտուած չէ վէպին մասին. Նոր էջի մէջ էջ մըն ալ չէ տրամադրուած ստանպուլահայ արձակագրին։
    Աւելի հետաքրքրական մեկնութիւններու առիթ կրնայ տալ Երեւան՝ Ստեփան Կուրտիկեանին ուղղեալ նամակներուն պարունակութիւնը։ Սովետական Հայաստանի գրողներու միութեան Սովետական գրականութիւն գրական-գեղարուեստական եւ տեսական-քննադատական ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Ստեփան Կուրտիկեան յայտնապէս տպաւորուած է Պիպեռեանով. ստանպուլահայ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերող իր յօդուածներուն մէջ յատկապէս կ՚անդրադառնայ անոր։ Յիշեալ յօդուածներուն մէջ, Կուրտիկեան թէեւ հատուածներ կը մէջբերէ Ծովը ժողովածոյէն, սակայն կը բաւարարուի ընդհանուր քանի մը խօսք միայն լպրտելով Պիպեռեանի վէպերուն մասին։ Յայտնի է, որ ան կարդացած չէր Լկրտածը ու Անկուտի սիրահարները, որոնցմէ թերեւս տեղեկացած էր մամուլէն միայն եւ այս պատճառով ալ յամառօրէն կը պահանջէր, որ հեղինակը թղթատարով անմիջապէս ուղարկէ գիրքերը։ Բաւական մը թերթեցինք Սովետական գրականութիւն հանդէսը, սակայն յիշեալ գիրքերուն հասած ըլլալուն վերաբերող որեւէ հետքի չհանդիպեցանք հոն։ Կուրտիկեանի հետաքրքրութեան կայծը ինչո՞ւ արդեօք շօշափելի արդիւնքներու չէ յանգած, ինչո՞ւ արդեօք ձախակողմեան հայեացքներու տէր, նոյնիսկ Սովետական Հայաստանի համակիր Պիպեռեանի վէպերը չեն տպուած Սովետական Հայաստանի մէջ կամ պատմուածքները ինչո՞ւ չեն արտատպուած Հայաստանի գրական մամուլին մէջ. ահա՛ նիւթ մը, որուն մասին կ՚արժէ մտածել։

 

    Պոլիս, 20 մարտ, 1960[1]ԳԱԹ (Եղիշէ Չարենցի Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան), Դեւի թողօն, թիւ 497։

    Սիրելի գրչեղբայր Դեւ,   
    Ատենին ստացած եմ ձեր 10 փետր. թուակիրը, ինչպէս եւ Նոր էջ[2]Իրանահայ երիտասարդ գրողներու Նոր էջ գրական հանդէսը 1935-1978 թուականներուն, անկայուն պարբերականութեամբ, տարին … Continue reading մը զոր ուղարկած էիք մեր երիտասարդ բարեկամներէն Արա Կիւլէրին[3]Ստանպուլահայ հռչակաւոր լուսանկարիչ (1928-2018), որ պատմուածքներով ու թատերական գործերով աշխատակցած է Մխիթարեան … Continue reading համար։ Հատորը յանձնած եմ իրեն։ Եթէ պատասխանս ուշացուցի ձեր նամակին, պատճառը այն է որ հասցէի փոփոխութիւն պիտի ունենայի[4]Պիպեռեան նամակը ուղղած է Բանկալթը, Էշրեֆ էֆենտի փողոց, «Սեմա» շէնք, թիւ 228/6 հասցէէն։ Ան մինչ այդ կը բնակէր … Continue reading։ Կը յուսամ որ ներողամիտ կը գտնուիք այս ակամայ թերացումիս համար, եւ թէ կը բարեհաճիք ընդունիլ անկեղծ շնորհակալութիւնս ձեր գեղեցիկ տողերուն համար՝ վէպիս մասին[5]Պիպեռեան կ՚ակնարկէ Լկրտածը վէպին, որ հրատարակուած էր 1959ին։։
    Յառաջիկային, եթէ վերստին այցելէք Պոլիս[6]Իրանահայ բանաստեղծ ու նկարիչ Դեւ (Մարգար Ղարաբէկեան, Թեհրան, 1901-1976, Թեհրան), Անգլիայէն Իրան վերադարձին, … Continue reading, անշուշտ հնարաւորութիւնը կ՚ունենանք աւելի երկարօրէն տեսակցելու։ Մինչ այդ, ձեզի կը մաղթեմ բեղուն գործունէութիւն։

    Բարեկամաբար Ձերդ՝ 
    Զ. Պիպեռեան

***

    Իսթանպուլ, 20 սեպտեմբեր 1968[7]ԳԱԹ, Ստեփան Կուրտիկեանի թողօն, թիւ 423։

    Սիրելի Պ. Ս. Կուրտիկեան[8]Կուրտիկեան (Պուրսա, 1908-1986, Երեւան) այդ շրջանին կը խմբագրէր Սովետական գրականութիւն հանդէսը։,   
    Երուանդ Կոպէլեանէն[9]Ստանպուլահայ արձակագիր, բանաստեղծ, թարգմանիչ (1923-2010)։ տեղեկացայ որ իմ հրատարակուած գործերէս միմիայն Ծովը[10]Հրատարակուած էր 1961ին, Պոլիս։ (պատմուածքներ) ունիք, եւ թէ կը փափաքիք ունենալ նաեւ Լկրտածը եւ Անկուտի սիրահարներ[11]Հրատարակուած էր 1962ին, Պոլիս։ վէպերս։ Ինչ որ զարմանք պատճառեց ինծի, նկատելով որ ես, ատենին, հատորով լոյս տեսած բոլոր գործերս ղրկած եմ, ինչպէս Սփիւռքի այլ թերթերու եւ մատենադարաններու, նաեւ ձեզի (բացի Լկրտածըին թրքերէն հրատարակութենէն[12]Հրատարակուած էր 1966ին, Պոլիս, Yalnızlar (Մինակներ) խորագրով, հեղինակային թարգմանութեամբ։)։ Կը խորհէի որ ստացած կ՚ըլլաք զանոնք[13]Ստեփան Կուրտիկեան, «Պոլսահայ գրականութեան երէկն ու այսօրը» (Սովետական գրականութիւն, յունուար 1964, թիւ 1, էջ … Continue reading։
    Այժմ կրկին ձեր հասցէին կ՚ուղարկեմ յիշեալ երկու վէպերս։ Եւ որպէսզի այս անգամ վստահ ըլլամ թէ ստացած էք, կը խնդրեմ որ հաճիք երկտողով մը ինծի իմացնել թէ ձեր ձեռքը հասա՞ծ են գիրքերը թէ ոչ։ Եթէ ոչ, դարձեալ կ՚ուղարկեմ մէյմէկ հատոր։
    Ասկէ զատ, եթէ ունիք որեւէ փափաք զոր կարենամ գոհացնել գրական գետնի վրայ, հաճոյքով կ՚ընեմ իմ կարելին։

    Սիրով`  
    Զ. Պիպեռեան

***

    Սիրելի Ս. Կուրտիկեան, 
    Շնորհակալութեամբ ստացայ ձեր շնորհաւորութիւնը նոր տարիի առթիւ, զորս կը փոխադարձեմ սրտանց։
    Ինծի անակնկալ եւ ցաւ պատճառեց այն իրողութիւնը՝ թէ չէք ստացած իմ երկու վէպերս. Լկրտածը եւ Անկուտի սիրահարները։
    Արդարեւ, իմանալէ յետոյ թէ ձեր ձեռքը չեն հասած այդ հատորները զորս ուղարկած էի ձեզի իրենց հրատարակութեան թուականին, եւ այս անգամ աւելի ապահով ըլլալու նկատումով, թէ՛ ես այստեղէն փոստին յանձնած էի մէյմէկ օրինակ, թէ՛ Փարիզ՝ Եդուարդ Աղամեանէն[14]Ծնած է Պոլիս, 1925ին։ Արձակ ու չափածոյ գրութիւններով աշխատակցած է պոլսահայ ու ֆրանսահայ մամուլին։ 1950-ին … Continue reading խնդրած էի որ իր կողմէ այդ գիրքերէս ուղարկէ ձեր հասցէին, եւ թէ Երուանդ Կոպէլեանին միջոցաւ երրորդ օրինակ մը ճամբայ հանած էի։ Իսկապէս զարմանալի է որ այս երեք զոյգ հատորէն ոչ մէկ զոյգը հասած ըլլայ ձեզի։
    Ես դարձեալ կը գրեմ Աղամեանին, հարցնելու համար թէ բանն ինչո՞ւմն է։ Մինչ այդ, եթէ դուք կը յղանաք յարմարագոյն միջոց մը որպէսզի 20րդ դարու վերջալոյսին երկու փոքրիկ հատորներ կարենան ապահով կերպով ճամբորդել երկու դրացի երկիրներու միջեւ, երախտապարտ կը լինեմ։ Հակառակ պարագային, կ՚երեւի հարկ պիտի ըլլայ որ ես անձամբ գամ ձեզի այցելել[15]Պիպեռեան երբեք այցելած չէ Սովետական Հայաստան։ ու իմ ձեռքով յանձնեմ գիրքերը։
    Ներողութիւն կը խնդրեմ այս ակամայ թերացումին համար, ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր շահագրգռութեան համար։

    Ջերմօրէն՝ 
    Զ. Պիպեռեան
    Իսթանպուլ
    4 Փետրուար 1969

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 1

 

References
1 ԳԱԹ (Եղիշէ Չարենցի Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարան), Դեւի թողօն, թիւ 497։
2 Իրանահայ երիտասարդ գրողներու Նոր էջ գրական հանդէսը 1935-1978 թուականներուն, անկայուն պարբերականութեամբ, տարին անգամ մը կը հրատարակուէր Թեհրան, հիւրընկալելով նաեւ սփիւռքահայ ու օտար գրողներու հեղինակային ու թարգմանական գործերը։
3 Ստանպուլահայ հռչակաւոր լուսանկարիչ (1928-2018), որ պատմուածքներով ու թատերական գործերով աշխատակցած է Մխիթարեան սանուց միութեան Սան հանդէսին։ Պատմուածքները հրատարակուած են առանձին հատորով մը՝ 1995ին, «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք» խորագրով, «Արաս» հրատարակչատունէն։
4 Պիպեռեան նամակը ուղղած է Բանկալթը, Էշրեֆ էֆենտի փողոց, «Սեմա» շէնք, թիւ 228/6 հասցէէն։ Ան մինչ այդ կը բնակէր Շիշլի, Քիւչիւք Պահչէ փողոց, «Լինտա» շէնք, թիւ 14/13։
5 Պիպեռեան կ՚ակնարկէ Լկրտածը վէպին, որ հրատարակուած էր 1959ին։
6 Իրանահայ բանաստեղծ ու նկարիչ Դեւ (Մարգար Ղարաբէկեան, Թեհրան, 1901-1976, Թեհրան), Անգլիայէն Իրան վերադարձին, Եւրոպայի արուեստի կեդրոններու կարգին հոկտեմբեր 1958ին կ՚այցելէ նաեւ Պոլիս, ուր ծանօթութիւններ կը հաստատէ, շփումներ կ՚ունենայ պոլսահայ գրողներու ու արուեստագէտներու հետ։
7 ԳԱԹ, Ստեփան Կուրտիկեանի թողօն, թիւ 423։
8 Կուրտիկեան (Պուրսա, 1908-1986, Երեւան) այդ շրջանին կը խմբագրէր Սովետական գրականութիւն հանդէսը։
9 Ստանպուլահայ արձակագիր, բանաստեղծ, թարգմանիչ (1923-2010)։
10 Հրատարակուած էր 1961ին, Պոլիս։
11 Հրատարակուած էր 1962ին, Պոլիս։
12 Հրատարակուած էր 1966ին, Պոլիս, Yalnızlar (Մինակներ) խորագրով, հեղինակային թարգմանութեամբ։
13 Ստեփան Կուրտիկեան, «Պոլսահայ գրականութեան երէկն ու այսօրը» (Սովետական գրականութիւն, յունուար 1964, թիւ 1, էջ 115-130) յօդուածին մէջ, ի շարս այլ հեղինակներու, հանգամանօրէն կը խօսի նաեւ Պիպեռեանի գրականութեան մասին, յատկապէս կանգ առնելով Ծովը ժողովածոյին վրայ։ Կուրտիկեան Պիպեռեանի անձին ու ստեղծագործութիւններուն կ՚անդրադառնայ նաեւ «Արտասահմանի հայ գրականութեան գոյատեւման ու զարգացման համար» խորագրով յօդուածին մէջ (Սովետական գրականութիւն, Երեւան, ապրիլ 1967, թիւ 4, էջ 113-125)։
14 Ծնած է Պոլիս, 1925ին։ Արձակ ու չափածոյ գրութիւններով աշխատակցած է պոլսահայ ու ֆրանսահայ մամուլին։ 1950-ին հաստատուած է Փարիզ, ուր անդամ եղած է Ֆրանսահայ գրողներու ընկերակցութեան։ 1975ին բնակութիւն հատատած է Երեւան, ուր ալ մեռած է 1991ին։
15 Պիպեռեան երբեք այցելած չէ Սովետական Հայաստան։
յաջորդ
ՀԱՅՐ