ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ԻՆՔՆԱՑՈՒՄ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ ՀԵՏ*

ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ փորձ(առութիւն)ը առաջին հերթին կ՛ապրուի եւ կը դրսեւորուի գրական ստեղծումին մէջ: Յօդուածներու եւ վերլուծումներու ժողովածու հատորդ կը հաստատէ սփիւռքցի գրագէտներու ծննդաբանութիւն մը, որ կը սկսի Ցեղասպանութենէն վերապրածներով, ինչպէս Համաստեղ (Մ.Ն.): Կարելի է յիշել նաեւ Վահան Թէքէեան (Կիպրոս, Եգիպտոս), Յակոբ Օշական (Երուսաղէմ)… Յետոյ՝ «Փարիզի դպրոց»ի սերունդը (Շահնուր, Սարաֆեան, Որբունի, Զարդարեան…), երկու Պատերազմներուն միջեւ: Եւ վերջապէս՝ ձեր սերունդը, Պըլտեանինը, այն՝ որ ապրած է Մայիս 68ը՝ Լատինական թաղամասի մէջ: Ինչպէ՞ս կը սահմանես ձեր սերունդը: Ի՞նչ է անոր տեղը՝ Սփիւռքի գրական ոլորտին մէջ: Իր կնի՞քը:

ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ փորձառութիւնը կ՛ապրուի եւ կը դրսեւորուի, այո՛, նախ եւ առաջ գրական ստեղծումին մէջ: Բայց կարծեմ հոս պէտք է ընենք նախազգուշական դիտողութիւն մը. ճիշդ պիտի չըլլար հաստատումը ընկալել բացառիօրէն, եւ բացառապէս՝ յօգուտ գրականութեան: Որովհետեւ, թերեւս հակառակ հատորիս համագրութեան թելադրանքին, սփիւռքեան փորձառութիւնը կ՛ապրուի եւ կը դրսեւորուի առհասարակ հոգե-մտաւոր արտադրութեան մէջ, մշակութային ընդհանո՛ւր փրաքսիսին մէջ…
    Այս դիտողութեանս առիթով, կ՛ուզեմ ճշդել, որ հատորիս կազմութեան համար, գրականին տրուած նախապատւութիւնը, թէեւ շատ տրամաբանական եւ նպատակայարմար՝ ինքնին, իմ սեփական ընտրանքս չէ եղած ի սկզբանէ: Այլ, ինչպէս հատորին նախաձեռնութիւնը եւ ամբո՛ղջ կազմումը, եղած է արդիւնքը տքնաջան աշխատանքին իմ հոգեհարազատ հին բարեկամ Անի Աստուրեանին: Ինչպէս եւ, ապա, իբր հատոր վերջնական ձեւաւորումին համար, Բագինի գործընկերներ Սոնիա եւ Րաֆֆի Աճէմեաններու վաստակին:
    Գալով վերլուծումներուս սահմանաճշդումին, պէտք է աւելցնեմ, որ ցեղասպանութեան սերունդէն «վերապրողներ», ինչպէս Թէքէեան եւ Յակոբ Օշական, մաս չեն կազմեր անոր. կը մնան դուրս՝ «Սփիւռք» հասկացութենէն: Մինչ Համաստեղ, արդէն անոնցմէ մէկ սերունդ աւելի երիտասարդ, գոնէ մասով մը, եւ մանաւանդ իր «գրողական ծրագիր»ով, ինչպէս ըսեր եմ, մուտք ունի հոն:
    «Փարիզի դպրոց»ը, իրեն մաս կազմող գրագէտներու մեծ մասին համար (Շուշանեան, Նարդունի, Զարդարեան, մասամբ՝ Շահնուր…), թէեւ փաստօրէն Սփիւռքի ծնունդ, ունին այլապէս երկդիմի կարգավիճակ – գոնէ քննարկմանս չափորոշիչին տեսանկիւնէն, որ է զանցումը ամուլ երկուութեան, գոյութենական խզումի: Նոյն այս «դպրոց»էն՝ Զարեհ Որբունի, եւ մանաւանդ Նիկողոս Սարաֆեան՝ կ՛իրագործեն այդ զանցումը, անդրանցումը, ինչպէս արդէն կը թելադրեն իրենց զանազան գործերը՝ սկսած խորագիրներէ՝ Եւ եղեւ մարդ, Անջրպետի մը գրաւումը:
    Ինչ կը վերաբերի հիմա իմ սերունդիս, «Պըլտեանի սերունդին» ինչպէս կ՛ըսես, հոս եւս կը վարանիմ քիչ մը շատ միացուցիչ «սերունդ» եզրոյթիդ առջեւ: Սփիիւռքեան ցրւումը կարծես մեզ աւելի՞ եւս տարբերակած է…: Ուրեմն, դարձեալ զանազանելով՝ խօսինք մե՛ր մասին, սերունդի այն մէկ թեւին, որ հասած՝ 1960-70-ական տարիներուն, խուսափելով միջին-արեւելեան գաղութներու ջերմանոցային փակ մթնոլորտէն, անցեր ենք Եւրոպա կամ Ամերիկա: Առաւել՝ մեր կողքին, աւելի եւս սահմանափակ թիւ մը, բո՛ւն Արեւմուտքի ծնունդներ…:
    Մեր գլխաւոր յատկանիշնե՞րը.- Մերժում կեթոյին. յարում գրական-մշակութային առարկայական, «համաշխարհային» չափանիշներու. ճանաչում հայ առաջապահ արժէքներու եւ դէմքերու, ըլլա՛ն անոնք նախասփիւռքեան շրջանէն թէ սկզբնական Սփիւռքէն, եւ որոնք առհասարակ անգիտացուած կամ մերժուած են եղած «պահպանողական» կեթոյէն…
    Եւ մեր դերը՝ դեր մը յուշարարի, առանց ուրեմն ռահվիրական յաւակնութիւններու. դեր մը՝ ահազանգողի – ընդդէմ «հայապահպանում»ին, որ աղիտալի է՝ գոյութենական եւ գրական-մշակութային մարզերու մէջ հաւասարապէս…


Ի՞ՆՉ ըսելիք՝ Սփիւռքի երիտասարդ գրագէտներու սերունդին մասին: Որո՞նք են. ո՞ւր զետեղել հայ գրական Սփիւռքի գլխաւոր

բեւեռները:

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ գրագէտներու նորագոյն սերունդին համար, անոր՝ որ հասած է մերինէն մէկ-երկու տասնամեակ ետք, կը դիտենք գրական դիմագծումի նոյն անորոշ այլազանութիւնը, համոզիչ անհատականութիւններու նոյն պակասը (որքան ալ չսիրեմ արժէքային գնահատումներով խօսիլ…): Ան եւս կը դասուի երկբեւեռ դաշտի մը վրայ, մեծ մասով՝ ճամբայ ելած Միջին-արեւելքէն, եւ յանգած՝ Արեւմուտքի երկիրներու: Առաւել, թերեւս, Արեւելքի աշխարհագրական գօտիէն ներս կայք ընտրած, բայց՝ խառնուածքի եւ հաղորդակցական նոր կարելիութիւններու բերմամբ զայն անդրանցող դէմքեր եւս:
    Երկբեւեռութիւնը, երկուութիւնը հազուադէպօրէն յաղթահարուած է այս սերունդէն (ըսենք՝ կիսա-սերունդէն) եւս, ըլլայ բանաստեղծութեան, ըլլայ պատումային արձակի կամ քննադատութեան մէջ: Աւելի յաճախ՝ աւանդական ձեւերու կրկնումն է որ կը դիտուի, կամ մակերեսային նորարարութիւն մը, Պըլտեանի քիչ մը խիստ բառերով՝ «Սփիւռքի մէջ ամէն բանաստեղծ ինքզինք միակ եւ վերջին կը նկատէ, շքեղ մերժումով մը կ՛արհամարհէ ճանչնալ իրմէ առաջ եղողները, եւ կը ծնի սունկի պէս, մէկ գիշերուան մէջ…»: Որովհետեւ, արդարեւ, «արդիական»ն ալ՝ աւանդականին պէս, պիտի ունենար, եւ ունի, իր խոտանը…
    Այս տկարութիւնը, տժգունութիւնը, որ կը դիտուի յաջորդական սերունդներու մօտ, պէտք է ըսել ու կրկնել՝ չէ՛ բնաւ հետեւանքը անխուսափելի առարկայական պայմաններու, կնիքը ինչ որ սփիւռքեան ճակատագիրի մը. ո՛չ երբեք…: Անիկա պարզ հետեւանքն է երէց սերունդի թերացումներուն, ձեռնթափութեան:
    Գիտենք, ու մասամբ դեռ կը հասկնանք այս «նահանջ»ը արեւմուտքի մէջ, տիրող մեծ մշակոյթներու դէմ: Բայց անիկա այլապէս վնասակար է եղած, մինչեւ իսկ աղիտալի, մեր արեւելեա՛ն համայնքներուն մէջ, ուր լեզուն, պահուած իբր «մայրենի» լեզու՝ պարզապէս առարկայական պարագաներու բերմամբ, շատ կանուխէն զեղչուեր-դրուեր է «աղքատ ազգական»ի իրավիճակին մէջ, եւ իր ուսուցումը շատ յաճախ ապրուեր է ու կ՛ապրուի իբր տաժանակիր պարտականութիւն մը, երկկողմանիօրէն՝ թէ՛ ուսուցանողին, եւ թէ՛ աշակերտին համար:
    Հետեւանք՝ ընթերցանութեան ճաշակի անհետացում, գրական հակումներու անէացում…: Մեր գրական մամուլը, յաճախ յանձնուած՝ սահմանափակ կարողութեան տէր խմբագիրներու, անատակ է գտնուած ստանձնելու նոր տաղանդներու տնկարանի իր կարեւոր դերը:
    Եթէ Պըլտեաններ կրցած են հասնիլ այսպիսի միջավայրի մէջ, ատիկա եղած է՝ հակառակ եւ ընդդէմ անոր հեղձուցիչ մթնոլորտին… Եւ ուրեմն՝ աւելի հասկնալի պիտի դառնայ իր՝ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ» նախադասութիւնը – ամբողջ յայտագիր մը, յայտարարագի՛ր մը, նոյնը՝ որ առաջադրեր են ու կ՛առաջադրեն յաջորդական սերունդներու լուսանցային դէմքերը, Սարաֆեանէն եւ Որբունիէն մինչեւ Վահէ Օշական, անցնելով իրմէ՝ Պըլտեանէ, Նշանեանէ, հասնելու համար աւելի նորերու, որոնցմէ երկուքը կը գտնէք հատորիս մէջ… Դէմքեր որոնք, աննպաստ միջավայրի մը մէջ, յաջողեր են «ստեղծել վայրը ուր ըլլալ», կամ՝ միշտ իր՝ Պըլտեանի բառերով՝ «ճկելով, խորտակելով,
պայթեցնելով փականքը, վերջապէս խօսիլ»:
    Անշուշտ, նմանօրինակ խեղդող կացութիւններ երբեմն կրցեր են, իբր հակազդեցութիւն, առաջացնել լուսանցային տարրերու խմբում: Բայց, փոխանակ նման հակազդի մը ճամբով առիթ տալու Ահեկաններու ծնունդին (ՊԷյրութ, 1966-1970), այս «ուսուցիչ»ները աւելի յաճախ փաստօրէն խցեր են կարելիութիւնները ամէն խոստումի առջեւ – նորերուն դէմ ճօճելով օտար ազդեցութիւններու «վնասաբեր» խրտուիլակը. ու աւելին՝ օրինակելի բնորդ դառնալու յաւակնութեամբ…: Անոնք կը կրեն ամբողջական պատասխանատւութիւնը գրական հրապարակի յետագայ այս քիչ-մխիթարական պատկերին:
    Վահէ Օշականն է որ, նախորդ դարու աւարտին մօտ, հաշուեկշիռ կազմող շեշտերով, կը գնահատէր դարասկիզբի կացութիւնը, դեռ՝ տեսնուած (չմոռնա՛նք…)՝ արեւմտեան կողմանց իր դիտարանէն. «Ներկայիս, նորերու մօտ, հայ միտքը իր պատուհանը կէս մը բացած է աշխարհին. զգալի է որոշ թարմացում մեր գրական զգայնութեան… Պէտք է ընդունինք, որ այս քիչը անգամ յուսատու է»: Անմիջապէս աւելցնելու համար՝ «Իրապէս, մեծ բան մը չունինք հրամցնելիք մարդկութեան: Մենք մեզ չխաբենք…»:
    Ափսոսալի է, որ գրական պարբերաթերթ մը, այսօր փաստօրէն այլեւս միակը իր տեսակին մէջ (զուգահեռաբար տեղ-տեղ «Գրական յաւելուած»ներու եւ համացանցային պլոկ-հրատարակութեան որոշ հետաքրքրական փորձերու), սպասած ըլլայ տասնամեակներ՝ օժտուելու համար երիտասարդ եւ ուժական խմբագրութեամբ մը: Որ իբր մայր պարտականութիւն ունի… սահմանափակել անցեալի վնասները:

ԳՐԱԿԱՆ իւրաքանչիւր սերունդի, հանդիպումը Այլութեան՝ շօշափելի այդ Միւսին հետ (յաճախ սեռային երանգով մը), կ՛երեւի իբր որոշադրիչ: Ինչո՞ւ, եւ ինչպէ՞ս, Օտարը մեզ «կը կազմէ» եւ «կը լուծէ» Սփիւռքի գրականութեան փորձին մէջ: Եւ ինչպէ՞ս կը բացատրես ոչ հայ կերպարներու շատ տկար համեմատութիւնը միջին-արեւելեան հայ գրագէտներու (Ծառուկեան, Սնապեան, Գ. Աճէմեան, Պ. Գուբէլեան) պատմուածքներուն եւ վէպերուն մէջ:

«Միւս»ին, «տարբեր»ին դերը առհասարակ՝ ինքնութեան մը ստեղծումին մէջ, հոս կարիքը չունի բացատրուելու, հիմնաւորուելու: Անիկա բացայայտ է ինքնին: Ինչպէս բացայայտ է այդ «Միւս»ին դէմ ինքնակծկումի, մերժումի շարժման հիւանդագին բնոյթը:
    Մեր գրականութեան մէջ, «Միւս»ին, ուրիշ էութեան եւ վայրի մատչումի կենսականութիւնը կը բացայայտուի ամենակենդանի, ամենահարուստ գործերով. Անջրպետի մը գրաւումը, Միջերկրական (Սարաֆեան), Քառուղի, Քաղաք (Վ. Օշական), Երկուք, Կրկնագիր մարդը (Պըլտեան). եւ ներկայ Պոլիսը ներառելու պարագային «Սփիւռք» հասկացութեան ծիրէն ներս, հոն եւս որոշ գործեր՝ Քար – Կաթիլներ (Զ. Խրախունի), Առաստաղին միւս կողմը (Ռ. Հատտէճեան)՝ 1920-30-ական տարիներէն ասդին, ուրեմն ահա գրեթէ դար մը. եւ որոնք առաւել կամ նուազ կը ցոլացնեն բացուածքի այս առաջադրանքը:
    Ն. Սարաֆեան «բախտ» կը տեսնէ մեր «գաղթ»ին մէջ. մեր ազգային նաւաբեկումին մէջ՝ առիթ մը՝ նետուելու աշխարհի ծովը եւ անվախօրէն «լողալ սորվելու»
    Ի հակադրութիւն այս «անառակ որդիներ»ուն (միշտ՝ Սարաֆեանի բառերով…), կեթոյի ծնունդները, որոնք անոր մէջ ալ պիտի մնային, միայն պիտի կրկնէին աւանդական բնորդներ. պիտի անգիտանային «Միւս»ով բեղմնաւորումէն ծնող բարիքները (շարժընթաց մը որուն, ի դէպ, մեր մշակութային պատմութեան առաջապահ հոսանքները միշտ ալ հետեւեր են, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր…):
    Ոչ-հայ կերպարներու բացակայութիւնը, յիշատակած գրագէտներուդ մօտ, նշան մըն է, ախտանիշ մը՝ ուրիշ ախտանիշներու կարգին, իրենց ներաշխարհի անձուկ, անհորիզոն վիճակին, աղքատութեան:
    Ասիկա չի ալ նշանակեր, անշուշտ, որ այդպիսի ներկայութիւններ ինքնին երաշխիք ըլլային որակի…

 

1968ին եւ աւելի ետք, քննարկած ես կարելիութիւնը (կամ անկարելիութի՞ւնը…) երրորդ ուղիի մը՝ ընդմէջ ձուլումի եւ համայնքային ինքնամեկուսացումի: Հարցը այժմէական կը թուի՞ այսօր քեզի: Ինչո՞ւ:

«ԿԵԹՈՅԱՑՄԱՆ» եւ ձուլումի զոյգ բեւեռները, երեւութական հակադրութեան մը տակ, կը միանան իրարու. մէկը միւսը կը կանչէ: Որովհետեւ ձուլումը անխուսափելի վտանգն է, թակարդն է ինքնանորոգումէ զուրկ մնացած, «չպատուաստուած» ինքնութեան մը համար: Մինչ առողջ ինքնութիւն մը ինքզինք կը նորոգէ բացուելով «միւս»ին, զայն համարկելով իրեն: Ինչ որ անկարելի է, անշուշտ, երբ ամէն բացուածք, ամէն փոխանակում թապու է յայտարարուած: Եւ որովհետեւ մեր Սփիւռքը, իր ծագումի օրերէն, եւ մինչեւ դեռ այսօր (բացառելով մասնակի երեւոյթներ, եւ չհաշուած կիսամիջոցներու կիրարկումը, մեծ մասամբ՝ իրողական կացութիւններու պարտադրանք…), ձախողած է բարեյաջող համարկումի մը ուղիները գտնելու,- հարցը, այո՛, կը մնայ այժմէական:


Ի՞ՆՉ ըսելիք կը թելադրէ քեզի «սփիւռքայնութեան» մտածող Վահէ Օշականի աւանդը, որուն մէկէ աւելի գրութիւններ յատկացուցած ես հատորիդ մէջ: Եթէ իր քերթողութիւնը ինքնին յղելի արժէք է, իր «քաղաքական» գրուածքները Սփիւռքի ապագային եւ անոր՝ Հայաստանէն անկախ գոյավիճակի անհրաժեշտութիւնը, դժուար ընկալելի կը մնան: Պէ՞տք էր արդեօք տեսնել հոն կենսական որոնում մը՝ սփիւռքեան բնազանցութեան: Ձգտում մը անդրանցումի՝ գրականութեան ճամբով: Այդ պարագային՝ ինչպէ՞ս մեկնաբանել Պըլտեանի նախադասութիւնը՝ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ»: Արձագա՞նգ մը Սարաֆեանի Անջրպետի մը գրաւումըին:

ՎԱՀԷ Օշականի գործը եւ զայն զսպանակող մտածումը, փիլիսոփայութիւնը, ճամբայ կ՛ելլեն սփիւռքեան ուրոյն, ինքնավար, Հայաստան-հայրենիքէ մը անջատ գոյաձեւի գաղափարէն: Սփիւռքի տեւական, վերջնական նկարագիրը փաստ մըն է, որմէ մեկնելով սփիւռքահայը պէտք է կերտէ ինքզինք, ըլլայ, ծնի՛: Տուեալներու այս ամբողջութիւնը, որ եթէ կ՛ուզես՝ կրնանք բնազանցութիւն ալ կոչել, կրնայ յարակցուիլ գոյապաշտ փիլիսոփայութեան, բայց առանց սահմանափակուելու անոր կամ մտածողական որեւէ հոսանքի մէջ:
    Միւս կողմէ, Վահէ Օշականի գործին եւ զգայնութեան մէջ պէտք չէ ալ անտեսել գոյապաշտութեան այս երակը (անտեսում՝ որ կը կատարեն ոմանք), մանաւանդ ինչ կը վերաբերի գոյութենական անկայունութեան, անկէ բխող անձկութեան, կասկածին – կացութիւն՝ որ կը բնորոշէ նաե՛ւ Սփիւռքի մարդը՝ Սարաֆեանէն իվեր (Սարաֆեանի «Կասկածը»…), յանգելու համար մինչեւ Պըլտեան (Վայրի որոնում-ստեղծում)…: Այս վերջինին համար, անշուշտ վայրը նախ լեզու-վայր է, գրութիւն-վայր է. բայց երկրորդ ընթերցումով մը մեզ պիտի առաջնորդէ Վ. Օշականի մը, Որբունիի մը մարդաստեղծումին. կամ Սարաֆեանի մը նուաճումներուն, որուն համար եւս -ի դէպ- նուաճուած «անջրպետ»ը գոյութիւնն է նոյնքան՝ որքան գրութիւն…
    Այս բոլորին կապելով կրնամ անդրադառնալ աւարտին դրած հարցիդ – այն նիւթերուն մասին, որ մեր գրագէտները պէտք էր շօշափէին: Ի վիճակի չեմ, ոչ ալ պէտքը կը զգամ, թելադրելու այդպիսի նիւթեր: Աւելի պիտի մտածէի դիրքորոշումներու մասին՝ հանդէպ սփիւռքեան գոյավիճակին եւ գրականութեան: Եւ ինչ որ արդէն ըսի, կարծեմ, կ՛արտայայտէ տեսակէտս ատոր մասին:


ՍՓԻՒՌՔԻ մէջ հայերէն ընթերցող հանրութեան մը նուազումով, երեւան եկած են հայանիւթ գրականութեան մը նոր ձեւեր՝

տեղական լեզուներով (Տընի Տօնիկեան՝ Ֆրանսա. Աննա Արզումանեան՝ Արժանթին): Ինչպէ՞ս սահմանել զանոնք. ի՞նչ
չափորոշիչներով):

ՕՏԱՐԱԳԻՐ հայ գրագէտներու հարցը յաճախ դրուեր է, յատկապէս՝ ինչ կը վերաբերի իրենց պատկանելութեան: Խօսք չունինք անշուշտ անոնց մասին, որոնք հայ են միայն անունով (երբեմն ոչ իսկ անունով…): Կ՛անդրադառնանք անոնց՝ որոնք իրենց շօշափած նիւթերով կամ/եւ զգայնութեամբ կ՛առնչուին հայութեան: Սարոյեանի մը, Զաւէն Սիւրմէլեանի մը, Արմէն Լիւպէնի մը. ինչպէս կը յիշատակես՝ Արզումանեանի մը, Տօնիկեանի մը – եւ դեռ ուրիշներու ալ, ի հարկէ…
    Առանց մանրամասնելու՝ ըսեմ համոզումս, եւ չափորոշիչները՝ որոնց կը յղուիմ: Գրական արտադրութիւն մը կը պատկանի ա՛յն լեզուին, որով գրուած է: Հայ մշակոյթի շատ լայն մէկ ծիրին մէջ, որ հաշուի պիտի առնէր գրական բովանդակութիւններո՛ւ զգայնութիւնը,- այդ արտադրութիւնները կրնան ներառուիլ: Բայց ո՛չ՝ գրականութեան յստակօրէն սահմանաճշդուած սահմաններուն մէջ. քանի գրական գործ մը լեզու է, նախքան ուրիշ որեւէ բան ըլլալը: Նոյնինքն Սարաֆեան, այնքա՛ն բաց՝ այլութեան ոլորտին, այսուհանդերձ շատ յստակօրէն կը սահմանաճշդէ պատկանելութեան մարզերը, ամերիկագիր գրագէտ Զաւէն Սիւրմէլեանի առիթով:
    Այս նոյն պատճառով է, արդէն, որ Շահնուր/Լիւպէն մը կը պատկանի, յաջորդաբար եւ անջատաբար, հայկական եւ ֆրանսական գրականութիւններու. այսինքն՝ ո՛չ միաժամանակ երկուքին: Նոյնիսկ եթէ իր Առժամեայ բնակարաններ ժողովածուն կը հաշուէ քերթուածներ, որոնք կը թրթռան իսկապէս «հայկական» զգայնութեամբ մը (ինծի տեղ-տեղ կը յիշեցնեն մեր միջնադարեան «Անտունի»նեըը…), միանգամայն յարակարծօրէն պատկանելով… ֆրանսական գրականութեան՝ իրենց լեզուով – միակ չափանիշ պատկանելութեան:
    Փաստ մը եւս, բաւական տրտմեցուցիչ.- Ծագումով հայ այս գրագէտները չեն տիրապետեր, նոյնիսկ կրաւորական, նոյնիսկ մասնակի տիրապետումով, իրենց ծագումի լեզուին. եւ յաճախ ալ թարգմանութիւններ կ՛ակնկալեն, հայագիր իրենց գրչընկերներու գործերուն մատչելու համար (անշուշտ երբ կը հետաքրքրուին…): Կարծեմ՝ սպասում մը, կամ պայման մը՝ ասոնց հաշուին, լեզուական այդպիսի կրաւորական ծանօթութեան մը գոնէ՝ առանց թարգմանական միջարկումի մատչելու համար հայագիր գործերու,- բաւական համեստ պահանջ է: Յամենայն դէպս՝ հայագիր գործերու այդպիսի ուղղակի ծանօթացումով մը միայն կարելի պիտի դառնային փոխադարձաբար հարստացուցիչ փոխանակումներ…
    Փակելու համար այս թեման, կ՛ուզեմ ընդգծել, Սարաֆեանէ եւ Պըլտեանէ ետք, որ բո՛ւն ստեղծիչը, մշակութային յեղափոխականը Սփիւռքին՝ սեփական լեզուի եւ ընդհանրապէս գրականութեան հանդէպ անտարբեր այս միջավայրին մէջ, ա՛ն է, որ՝ մերժելով լեզու փոխելու երբեմնակի փորձութիւններ (յաճախ ատակ է այլեւս ատոր…), կը շարունակէ արտայայտուիլ հայերէնով, լեզուով մը՝ ըստ ոմանց դատապարտուած, հաւանօրէն եւ իրօք անորոշ ապագայով – ինչ կը վերաբերի գոնէ՝ մեր արեւմտահայերէնին: Ա՛ն է, մանաւանդ, որ այդ լեզուին մէջ ու անկէ մեկնած՝ կը ստեղծէ «ի՛ր լեզուն», սեփականը: «Կը ստեղծէ վայրը ուր ըլլալ»:

ԿԱ. տարի, 2022 թիւ 4