Յուն (Եուն) Ֆոսսը

ՄԱՐԴ ԷԱԿ ՄԸ՝ ՀՈՍ

Մարդ էակ մը՝ հոս

Հոս մարդ էակ կայ
ու ապա կ՚անհետանայ
հովու մէջ
որ կը չքանայ
դէպի ներս
եւ կը հանդիպի ժայռի շարժումներուն
եւ կը դառնայ իմաստ
միշտ նոր միասնութեամբ անոր
որ է
եւ որ չէ
լռութեան մէջ
ուր հովը
կը դառնայ հով
ուր իմաստը
կը դառնայ իմաստ
կորսուող շարժումով
ամեն ինչի որ եղած է
եւ է միաժամանակ
ծագումէ մը
ուր ձայնը իմաստ կը կրէր
բառին ինքզինք բաժանելէն առաջ
ու ատկէ ի վեր մեզ չէ լքած երբեք
Բայց ան մէջն է
համայն անցեալին ու մէջն է համայն ապագային
եւ է
բանի մը մէջ
որ գոյութիւն չունի
իր չքացող սահմանագծով
եղածին
ու գալիքին միջեւ
Անսահման է եւ անհեռաւոր
նոյն շարժումին մէջ
կը դառնայ ջինջ
եւ կ՚անհետանայ
ու կը մնայ
մինչ կ՚անհետանայ
Ու կը լուսաւորէ
իր խաւարը
մինչ կը խօսի
իր լռութեան մասին
Ոչ մէկ տեղ է
Ամեն տեղ է
Մօտ է
Հեռու է
եւ մարմին ու հոգի կը հանդիպին
այնտեղ իբրեւ մէկ
եւ ան փոքր է
եւ նոյնքան մեծ
որքան ամեն ինչ որ է
նոյնքան փոքր որքան ոչ ինչ
եւ ուր համայն իմաստութիւնն է
եւ ոչ ինչ գիտէ
իր ներքնագոյն ինքնութեան մէջ
ուր ոչինչ կը բաժանուի
եւ ամեն ինչ միանգամայն ինքզինք է եւ ամեն այլ ինչ
բաժանեալին մէջ
որ բաժանուած չէ
անվերջ սահմանագծով Այնպէս ինչպէս թոյլ տուի անոր անհետանալ
ակնյայտ ներկայութեան մէջ
չքացող շարժման մէջ
եւ օրուան մէջ շրջագայիլ հոն
ուր ծառը ծառ է
ուր ժայռը ժայռ է
ուր հովը հով է
եւ ուր բառերը անընկալելի միասնութիւն են
ամեն եղած բանի
ամեն անհետացող բանի
եւ այսպէս կը մնան
իբրեւ հաշտարար բառեր

Միայն կը գիտնանք

երգը, ծովուն երգը
ցից լեռներէն կը սահի վար
երկինքը կը հատէ

կապոյտ թռիչքով, նման ցոլքի՝
ներս դէպի ուր միասին ենք
եւ ուր ոչինչ կ՚ըսենք երբեք

ու միայն կը գիտնանք


Լեռը շունչը կը բռնէ

խոր շնչառութիւն մը եղաւ
եւ ապա լեռը հոն կանգնեցաւ
ապա լեռները հոն կանգնեցան
եւ այդպէս է որ լեռները հոն կը կենան

ու դէպի վար կը ծռին
ու դէպի վար
դէպի իրենք իրենց մէջ
եւ իրենց շունչը կը բռնեն

մինչ երկինքն ու ծովը
կը հարուածեն ու կը զարնեն
լեռն իր շունչը կը բռնէ

Բան մը դերասանին մասին

Անոր մէջ որ կը շարժի
կեանքի պէս
միշտ լայնաբաց շարժումով
հանդարտ բան մը կայ
ու ծանր
կեանքին իսկ պէս
ծանր է Ոմանց համար
կեանքը չափազանց թեթեւ կ՚ըլլայ
ու միաժամանակ չափազանց ծանր
ու անոնք պատահածէն դուրս կու գան
ու կը կենան հոն
դողդոջուն
ամօթով
ու չեն գիտեր ինչ ըսել
չունին ըսելիք
եւ ուրեմն հարկ է որ բան մը ըսեն
Ու առջեւ կ՚անցնին
հովուն պէս թեթեւ եւ ուղիղ քայլերով
առջեւ կ՚անցնին
եւ հոն կը կենան
իրենցմով ծանր
իրար լուսաւորելով
մինչ ամօթը
կը լուծուի
ու կը թեթեւնայ շան հրեշտակին պէս

Եւ այն ատեն հրեշտակին թեւերը կը բացուին
ու կը տարածուին անոնց վրայ

Եւ ուրեմն կ՚ըսուի

Թարգմ. Յ.Կ.
May-Brit Akerholt-ի անգլերէն թարգմանութենէն (2010)