Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր հակասութիւններով լեցուն այս քաղաքը:
Չէր ճանչցած այն Պէյրութը, որ իրմէ մէկ սերունդ առաջուան ներկայացուցիչները հայրենաբաղձ կարօտով կը յիշէին, չէր ճանչցած ներկայի այն Պէյրութը, որուն անդորրութեան ու գեղեցկութեան մէջ երգած էին բանաստեղծները, ոչ ալ այն մէկը որ քաղաքագէտներ իրենց ճառերուն մէջ արեւելքի եւ արեւմուտքի կապը կ’որակէին:
Այդ Պէյրութը նոր տեսնել սկսած էր երբ պատերազմը սկսաւ: Արամ Պէյրութը ճանչցաւ պատերազմի մէջ, ռումբի որոտներուն տակ, աւերակներու եւ աղբերու կոյտերով ու զինեալներով լեցուն: Պէյրութ՝ յաւերժական պատերազմը:
Բայց, Պէյրութի անցեալ փառքը յիշեցնող քարթ-փոսթալները, որոնք հառաչել կու տային բազմաթիւ մարդոց, քանդուած պանդոկներու լուռ մենութիւնը, աւերակներուն վրայ բարձրացող շինութեանց ձողերը, այս բոլորը Արամին զգացնել կու տային որ Պէյրութը այն չէր, ուր կ՚ապրէր, որուն հոգեվարքին ականատես վկան էր արդէն շատոնց: Եւ Արամ կը սիրէր այդ կորսուած դրախտին անիրական հաճոյքները:
Անցնող տարիներու պատերազմը իր անհատնում զինադուլերով, փրկութեան հազարումէկ խոստումներով, հազար անգամ ծնած ու մեռած խաղաղութեան յոյսով, առաւել՝ Արամի համար նուազ հասկնալի ու նուազ կարեւոր ներկայի քաղաքական տուեալներով, ամէն պէյրութցիի հոգիին մէջ զետեղած էր դառն յուսախաբութիւն մը: Եւ հակառակ անոր, հիմա որ համեմատական խաղաղութեան շրջան մը կը բոլորէր Պէյրութը, Արամ յուսահատօրէն կը փարէր ներկայի խաբուսիկ հաւատքին:
Հասած էր Սանաիը: «Իւնիոն»ի շէնքին ետեւի կողմէն դառնալով ինքզինք գտաւ ինքնաշարժերու լոյսով ողողուած փողոցի մը մէջ: Թեթեւ հով մը կու գար աւելցնելու գիշերուան անուշութիւնը:
Ինչպէ՞ս ժխտել քաղաքակրթութեան բարիքներուն գեղեցկութիւնը: Ինքնաշարժերը սուրալով ետեւ-ետեւի կ’անցնէին, եւ իրենց լուսարձակները դեղին հորիզոնականներ կը կազմէին՝ գիշերուան մթութեան տալով կախարդական հմայք մը: Դեղին լոյսերու զոյգ շարքերը, թեթեւ հովը, փողոցի անցորդներուն մենութիւնը… այդ բոլորը կենդանի ներկայութիւն մը կը զգացնէին, համակարգ մը կը կազմէին, ուր Արամ չէր զգար որ յստակ տուեալներու պատճառական տրամաբանութեամբ կաշկանդուած էութիւն մըն էր։ Ընդհակառակը, իր գոյութիւնը կենդանի ներդաշնակութիւն մը կը կազմէր: Կ’ըմբոշխնէր ինքնաշարժերու լոյսը, հովը, մինչեւ իսկ կաթիլ-կաթիլ թափիլ սկսող անձրեւը, որ առաւել հմայք մը կը ստանար երբ ակնթարթի մը համար կ’երեւէր դեղին լոյսի մը ճառագայթին մէջ: Քաղաքը ապրող իրականութիւն մըն էր, անմիջականօրէն ներկայ եւ հասանելի, եւ Արամ կը նոյնանար այդ հարազատութեան հետ: Առանձնանալու բացարձակ ազատութիւն կար հոս, դեղին լոյսի գեղեցկութենէն կարելի էր մինչեւ իսկ բիւրեղութիւն կերտել…
Գիշերուան մութը կը ծածկէ Համրա փողոցին տգեղութիւնները, եւ վառող-մարող բազմաթիւ լոյսերը, որոնցմով այդ փողոցին գիշերային հմայքը կ’իմաստաւորուի, անոր կու տան նոր իմաստ մը, նոր գեղեցկութիւն մը: Այդ պահուն Համրան ոչ մէկ ձեւով կը տարբերի ժապաւէններու մէջի արեւմտեան քաղաքներու լուսաւոր փողոցներէն: Թէեւ առաւօտեան աշխուժութիւնը մարած կ՚ըլլայ, սակայն Համրան ամայացած չ’ըլլար, չ’ամայամար, այնքան ատեն որ լոյսերու կախարդանքը կ՚իշխէ: Առանց առաւօտեան ժխորին կարելի է մինչեւ իսկ որոշ շարժանկարներու սրահներու մէջ ցուցադրուող ժապաւէններուն ձայնը լսել:
Գիշերուան այդ պահուն, Համրայի մայր փողոցը ժամադրավայրն է առաւելաբար տուն վերադարձող աճապարուած անցորդներու, այն պահը երբ գրեթէ բոլոր վաճառատուներու երկաթեայ ձողերուն ետին բանտարկուած կ՚ըլլան սպառողական ապրանքները: Արեւմտեան պերճանքին ուշագրաւ ներկայութիւնը արեւելեան Միջերկրականի ափի քաղաքին փողոցին մէջ. ահա թէ ինչու Պէյրութը շաղկապ մըն է արեւմուտքի եւ արեւելքի միջև: Միւսը՝ արեւելքի երբեմնի քաշողականութիւնը արեւմուտքի համար շատոնց բանականացած եւ իր խորհրդաւորութիւնը կորսնցուցած էր: Եթէ երբեք այն ունեցած էր… Փակ խանութներուն առջև, գիշերուան հետ կ՚երեւնային շրջուն վաճառորդներուն շարժուն կրպակները՝ թերթ, ծխախոտ կամ քախքէ: Կարծես ցերեկին ամչնալով վաճառատուներու աշխոյժ առեւտուրէն, այդ ողորմելիները գիշերները կու գային իրենց ապրանքները փռելու գոց ցուցափեղկերուն առջև, գետինը, օգտուելով անոնց լոյսէն:
Համրայի մէջ այդ պահուն ամենէն կենդանի ներկայութիւնը ելեկտրական մեքենաներու խաղավայրերն էին: Բախտախաղի ամենահասարակ տեսակէն մինչեւ տիեզերքի կործանիչ պատերազմները փոքր պաստառի վրայ բեմականացնող այդ մեքենաները անբացատրելի հմայքով դէպի իրենց կը քաշէին մարդոց եւ կուլ կու տային երկաթէ մէկ լիրաները որոնց փոխարէն յաճախորդին կը հրամցնէին արդէն շուկայական շրջագայութեան դրուած արհեստագիտական վերջին հնարումներու հաճոյքը, որ կ՚ըմբոշխուի դարձեալ լոյսերով եւ արուեստական ձայներով: Թէ մարդիկ ինչո՞ւ կը խաղային, այդ մէկը չէր կրնար հասկնալ պատահական անցորդը, որ եթէ պահ մը ուշադրութիւն ընէր անպայմանօրէն պիտի լսէր փողոցային ամէն տեսակի հայհոյանքներով գունաւորուած եւ անոնց ընկերացող մեքենային անսպառ ձայներով ստեղծուած քսաներորդ դարու քաղաքակրթութեան առօրեայի ժխորային համանուագը:
Անոնց կը հակադրուէր Համրայի «քաֆէ-թրոթուար»ներու վեհափառ եւ արհամարհական ներկայութիւնը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը: Քաֆէ տը Փարն ժամադրավայրն է պատկերասփիւռի յայտնի դերասաններու, Ուիմփին իր պայծառ ճերմակ լոյսով կը հրաւիրէ ուրախ զբօսնողները, Մոտքայի տժգոյն լոյսը յարմարագոյն վայրն է յայտնի թէ գաղտնի սիրահարներուն:
Էլտորատօ շարժանկարի սրահէն անդին Համրայի լոյսերուն կախարդական հմայքը հետզհետէ կը նուազի, եւ գիշերն ու լռութիւնը, երբեմն անբացատրելի կերպով մտահոգիչ, աւելի եւս կը շեշտուին: Այդ շրջանին մէջ, մայր փողոցէն դէպի վար ու վեր կը սկսի տարբեր Համրա մը, աւելի լուռ, աւելի կարմիր, աւելի գրգռիչ: Գինետուներու եւ հանրատուներու Համրան է այդ, որուն անմիջական շրջակայքին են պանդոկները:
Ամէն անգամ որ այդ շրջանէն կ’անցնէր, Արամ անբացատրելի վախի մը հետքերը կը զգար: Պատանեկան օրերէն մնացած յիշատակ մը. օր մը, երբ հետաքըրքրութենէ մղուած փորձած էր նայիլ գինետուներէն մէկուն բաց դռնէն ներս, գինով բոզ մը, պատին կռթնած, «հապիպի» ըսած էր իրեն եւ հրաւիրած ներս բան մը խմելու:
Այդ յիշատակը չէր որ իր քայլերը արագացուց: Անձրեւը սաստկացած էր:
Արամ կը բնակէր Վերսայ շարժանկարի սրահին ետեւը գտնուող նեղ փողոցի մը մէջ: Փողոցը հակապատկերն էր տասնեակ մը մեթր անդին գտնուող շրջանին ուր Համրան կը վերջանայ: Ժամանակին բարգաւաճման մեծ ծրագիրներ նախատեսուած էին այդ նեղ փողոցներուն համար ալ որպէս կամրջում Համրայի եւ ծովեզերեայ շրջանները տանող ճամբաներուն: Պատերազմը խանգարած էր այդ բոլորը:
Կանոնաւոր կերպով կ՚անձրեւէր երբ Արամ մուտք գործեց իրենց փողոցը: Թաղամասին բաժին ինկած ռումբերը այլանդակած էին բնակարանները, կերպարանափոխած փողոցը: Քաղաքապետարանը երբեք չէր մտահոգուած փողոցին մէջ բացուած հսկայ փոսերը գոցելու, ոչ ալ գրեթէ ամէն անձրեւէ յետոյ յորդող կոյուղին նորոգելու: Մութ ու ամայի փողոցին մէջ իշխողը նեխումի անտանելի հոտն էր ուր կոյուղին ու փողոցի մուտքի աղբակոյտը կը խառնուէին: Աղբահաւաքներու ուշադրութենէն երկար ժամանակ վրիպած աղբակոյտը այդ գիշեր անօթի կատուներու եւ առնէտներու գրոհին տակ փուլ եկած էր: Գոց տոպրակները պատռուելով առատօրէն գետին փռած էին իրենց պարունակութիւնը: Արամ ուշադրութեամբ առաջացաւ չսահելու համար քիմիական նոր եւ կասկածելի բաղադրութեան ցեխին վրայ կոխելով:
Շրջակայ թաղերուն մէջի բարձր եւ գեղեցիկ շէնքերու բնակիչները ամէն առտու իրենց սպասուհիներուն կը յանձնէին աղբի տոպրակները, որոնք կը բերուէին եւ կը թափուէին աւելի համեստ թաղամասի մուտքի փողոցին ծայրը: Այնպէս ինչպէս մօտիկ անցեալին տարբեր անձինք բազմահարիւր գաղթականներ բերին ու թափեցին այդ թաղին մէջ, հաստատեցին կիսափուլ կամ կիսաւարտ շէնքերու մէջ երբ այլեւս գրաւուելիք պարապ յարկաբաժին չմնաց: Բաւական ժամանակ անցած էր, եւ թաղեցի դարձած այդ ամբոխը չէր տարբերեր թաղի բնակիչներէն, բայց թաղին մնացած էր «գաղթականներու» անուանումը:
Արամ կը յիշէր թէ ինչպէս պատերազմի էն առաջին հանգրուանին, սարսափածներու հսկայ բազմութիւն մը խուժեց հոն, սկսաւ գրաւել պարապ մնացած յարկաբաժինները, որոնց տէրերը արդէն հեռացած էին Պէյրութէն: Ունեցածը կորսնցուցած եւ տեղահանուած ամբոխը, յուսահատներու յատուկ վայրագութեամբ եւ իրաւունքով, յափշտակած էր ինչ որ գտած էր, պերճագոյն բնակարանները իւրացուցած եւ իր տառապանքին գոյներով կերպարանափոխած էր՝ կոտրտած դռներ, փողոց հանուած թանկարժէք կահ կառասի, եւ պատերուն վրայ բազմատեսակ եւ բազմագոյն լոզունգներ: Այդ բոլորը «գաղթականներուն» թաղին մթնոլորտը կը դարձնէին ճնշիչ: Թաղեցի դարձած տեղահանուածներու ամբոխը իր հետ բերած էր իր տառապանքը, ցասումը, կարծես չէր կրնար բաժնուիլ անոնցմէ: Արամ վերէն վար թրջուած էր երբ տուն մտաւ, հաճոյքով ներքաշեց աղբի հոտէ զուրկ տան օդը: Սենեակ մտաւ, ինքզինք նետեց աթոռին վրայ: Աչքը ինկաւ եռոտանիին վրայ դրուած մաքուր թուղթին: Անձրեւը կը շարունակուէր: Պատուհանէն դուրս նայեցաւ: Թաղը նոյնն էր:
«Հոս Համրան կը վերջանայ», մտածեց: «Բայց հոսկէ ալ կրնայ սկսիլ… Համրան օր մը կրնայ այս թաղին պէս ըլլալ…» Այդ գիշեր չկրցաւ որեւէ նկար յղանալ, թէկուզ եւ մտովին, Համրայի գիշերը նկարելու համար ինչպէս ծրագրած էր տուն վերադարձի ճամբուն վրայ:
ԾԹ. ՏԱՐԻ, 2020 ԹԻՒ 3