“chaque personne a ete un people pour moi.
Cet immense autrui m’a rendu moi-meme bien
plus que je ne l’auais voulu.”
Maurice Blanchot
La Folie du jour
Նորվան արք. Զաքարեան իր «Առաջին ընթերցում Գրիգոր Պըլտեանի Կրկնագիր մարդը» վերնագրով յօդուածին մէջ («Բագին» 2016, թիւ 1-2) հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ այս հատորը։ Ան մեզի կ՚ընծայէ տարբեր շերտերը այս եզակի գործին, որուն մէջ կ՚ուրուագծուին ինքնութեան հարցը, օտարութիւնը, եւ այդ օտարութեան փորձառութենէն վերածնող մարդը։
Չեմ ուզեր գիրքին նիւթը դարձեալ ներկայացնել հոս, այլ կ՚ուզեմ Կրկնագիր մարդը հատորի իմ ընկալումս ներկայացնել։ Ինչպէս իր բոլոր պատումներուն մէջ, Գրիգոր Պըլտեան կ՚ընտրէ խորագիր մը որ զանազան իմաստներ ունի։ Առնենք առաջին պատումը՝ Սեմեր. այս խորագիրը կրնանք նկատել կեանքի նոր սեմը որուն վրայ կը գտնուին վերապրողները, կրնանք նաեւ մտածել թէ ան՝ էլմոնի, Վերժինի, Անթիքայի կեցած սեմն է, այսինքն այն միջնակէտը որ հին աշխարհը կը կապէ նորին՝ օտարութեան։ Եւ ինչո՞ւ չէ՝ գրականութիւնը, որուն սեմին պատումը կը սկսի եւ կը դառնայ անլռելի աղէտին ահաւորութիւնը ու անոր ձգած անդարմանելի վէրքը խօսելու։ Նոյն վերլուծումը կրնանք ընել միւս բոլոր պատումներուն համար։ Պըլտեանի պատումներուն խորագիրները բազմիմաստ են։ Իմ հետաքրքրութիւնս շարժողը անոր բազմիմաստութիւնը ըմբռնելն ու պատումը վերծանելն է։
Գալով Կրկնագիր մարդը պատումին, Նորվան արք. Զաքարեան շատ լաւ կը վերլուծէ ըսելով թէ ազթէք պատկերագիրը վերծանող Խոագինը կրնանք դիտել որպէս Մաշտոցի կրկնագիրը, իսկ Խոագինի ինքնակենսագրութիւնը գրողը՝ որպէս Կորիւնի կրկնագիրը։ Նոյն ատեն ամէն մէկը միւսին կրկնագիրն ալ կրնանք նկատել։ Սակայն, այս խորագիրը զիս աւելի հեռուներ կը տանի։
Ինքնութեան նիւթը կը սկսի առաջին գլուխէն իսկ եւ կապուած է մեր հետ ծնած այն թաքուն էութեան, որուն գոյութեան անգիտակից ենք.
Մտերիմ անծանօթը …mtimus incognitus մեր մէջ, մեր խորքերուն ծուարածը, հոն գտնուողը, տեսակ մը գաղտնիք, շօշափելի անգիտակից, ան որուն հետ կը ծնինք, կը հոմծնինք… կը հասկնա՞ք, անոր հետ-անոր մէջ-անով… հրահանգ մըն է, չմոռնաք, օտարացման, մօտի, հեռուի, նմանի, անկարելի նոյնի՝ նոր, պատմական մարդաբանութեան շրջագիծին մէջ։
(ԿՄ, էջ 15)
Ուրեմն, ի՞նչ յարաբերութիւն կը ստեղծուի մեզի մաս կազմող մտերիմ անծանօթին եւ մեզ շրջապատող անծանօթ օտարին միջեւ։ Եթէ մարդը ապրի իր ծնած ու մեծցած շրջանակին մէջ, արդեօ՞ք պարագան նոյնը կ՚ըլլայ, թէ ոչ՝ այս մտերիմ անծանօթը գործօն կը դառնայ օտարութեան մէջ։ Ինչպէ՞ս կարելի է մեզ շրջապատող օտարը հասկնալ երբ մենք մեր մէջ ունինք պահուըտած անծանօթ մը։ Պարզապէս կը գտնուինք երկու անծանօթներու միջեւ՝ ներքինը որ անգիտակից է, եւ արտաքինը որ անմատչելի է։ Անմատչելի իր լեզուով, մշակոյթով, սովորութիւններով, բարքով եւ ներքին կանոններով։ Թերեւս գիտակցութիւնը կ՚արթննայ այս երկուքին հանդիպումով։
Գրիգոր Պըլտեանի այս վէպը ճամբորդութիւն մըն է սերունդներու, երկիրներու ու Պատմութեան մէջ ուր անցեալը եւ ներկան կը միաձուլուին գծելու համար վէպին երկու գլխաւոր տիպարները՝ պատմողը եւ մեքսիքացի ազգագրագէտը։ Կը ներկայացնէ այս երկու անձերուն յարաբերութիւնը իրենց անցեալին, փարիզեան նոր միջավայրին եւ իրենց իսկ անձին հետ։ Ինչպէ՞ս այս երկու տարբեր հորիզոններէ եկողներուն միջեւ բարեկամական կապ մը կը ստեղծուի եւ ո՞ւր կ՚առաջնորդէ այդ կապը։ Ի՞նչ դեր կը կատարէ ամէն մէկը միւսին վրայ ինքնահասկացումի ճամբուն վրայ։ Թէ ինչպէ՞ս բնիկ միջավայրէն խզումը կրնայ վերակենդանացնել ինքնաճանաչումը։ Եւ թէ ինչպէ՞ս մարդը կամաց-կամաց կը սկսի տիրապետել իր ճակատագրին, ստեղծելով հինին վրայ հիմնուած նոր ինք մը, հնարելու համար ինքզինքը։
Վէպը պատմողը համալսարանական ուսանող մըն է որ կը սերտէ մարդաբանութիւն-ազգագրութիւն։ Նոր տեսանկիւնէ դիտուած այս գիտութիւնը կը սերտէ մարդը իր ներկայ միջավայրին մէջ, եւ ոչ անպայման անցեալի պատկանող կամ հեռուն գտնուող ցեղախումբերը։ Ուրեմն այս մեկնակէտէն արձակուած պատմողը կը քննարկէ իր նոր շրջապատը. «…ձեզի կը պակսի հակառակին ճանաչումը» (ԿՄ, էջ 19) կ՚ըսէ դասախօսը։ Այս քննարկումը կը սկսի փարիզեան ճաշարանի մը մէջ. նոյն դասախօսին կարծիքով «շատոնց է որ գիտենք՝ խօսիլն ու համտեսելը կ՚ըլլան լեզուով, եւ ուրեմն ի՞նչ… մեր ուզածը կերպն է… իմ ձեզմէ ուզածս դիտողութիւն է, ո՛չ դատողութիւն, երեւոյթներու զուտ, անխառն մանրակրկիտ դիտարկում, de l’observation…» (ԿՄ, էջ 22)։
Եթէ մագաղաթի ջնջուած էջի մը հետքերը կարդալու համար լեզուն պէտք է հասկնալ, նոյնպէս օտար մը հասկնալու համար անոր սովորութիւններն ու բարքերն են քննարկելիները։ Սակայն պատմողը տակաւին խզուած չէ իր անցեալէն, կ՚ապրի անով, իր ծննդավայր Պէյրութով, իր ետին ձգած մանկութեան ու պատանեկութեան յուշերով. այսինքն՝ զուգահեռ աշխարհի մը մէջ։ Ներկայի ամէն մէկ պատկեր զինք ի դէմ կը դնէ անցեալէն եկող մտապատկերի մը որ կը վերածուի տագնապի։ Այս հոգեվիճակին մէջ է որ այդ զուգահեռ աշխարհէն անջատուիլը անհնար կը թուի. «Թերեւս կան մարդիկ որոնք իրենք իրենց ազգագրագէտն են, մշտապէս տարաշխարհորդի կացութեան մէջ։ Միշտ ինքնանջատման։ Տեսակ մը բնազանցական վկայ, կարող՝ նոյնացնելու ապրումն ու վերապրումի ժամանակը» (ԿՄ, էջ 40)։ Այս վէպը պայքար մըն է օտարի ներգրաւման եւ ծանօթէն տարանջատումին միջեւ։ Այս պայքարով կը սկսի ինքնափնտռտուքը որովհետեւ ինքնութեան հարցը միշտ ներկայ է. «… ամեն անգամ երբ ինքնութիւնդ պարտէիր պարզել, հոլովել, միշտ ո՞վ, ի՞նչ, ինչպէ՞ս, ուրկէ՞, մանաւանդ ուրկէ՞» (ԿՄ, էջ 17)։ Օտար պիտակը կը դառնայ անանջատելի բնութիւն օտարութեան մէջ։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Իր յաճախած փարիզեան ճաշարանին մէջ պատմողը կը հանդիպի Խոագինին՝ մեքսիքացի ազգագրագէտին։ Ան պէտք ունի մէկու մը որ իր ինքնակենսագրութիւնը գրէ եւ կ՚առաջարկէ պատմողին որ իր գրիչն ու ձայնը ըլլայ։ Այս հանդիպումը կարեւոր դարձուածք մըն է վէպին տարածումին մէջ։ Խոագին՝ իրական կամ երեւակայական անձնաւորութիւն, պատմողը կը մղէ իր մէջ թաքնուած անծանօթ մտերիմը բացայայտելու։ Հոս պզտիկ վերադարձ մը Հարուածը պատումին։ Կարդացողները գիտեն թէ ինչպէ՞ս պատմողը ինքն իր հօր հետ ունեցած յարաբերութիւնը կը յստակացնէ երբ իրենց դրացի երիտասարդ Յովհաննէսը իր հայրը՝ Համբիկը կը սպաննէ զէնքի երեք հարուածներով։ Այս հայրասպանութիւնը առիթը կ՚ըլլայ որ պատմողը լուծէ իր իսկ ունեցած խրթին յարաբերութիւնը իր հօր հետ։ Կարծէք հարցի մը լուծումը արտաքին գործիչի մը պէտք ունի։ Յիշենք չորրորդ պատումը՝ Պատկերը, եւ Սեդօ էմիին քաշած նկարները որոնք հեղուկի մը մէջ լուացուելէ ետք է միայն որ տեսանելի կը դառնան։
Խոագինին եւ պատմողին միջեւ շատ մը անհատական եւ ազգագրական նմանութիւններ կան։ Երկուքն ալ օտար են Փարիզի մէջ եւ հետաքրքրուած ազգագրութեամբ։ Յիշենք որ բնիկ մեքսիքացիները ջարդուած ու անհետացած են Հայոց ցեղասպանութենէն դարեր առաջ։ Աղէտը հիմքն է երկուքին ազգագրական պատմութեան եւ մաս կը կազմէ իրենց ներքին էութեան, այսինքն՝ անծանօթ մտերիմին։ Հարցը հոն է թէ այս հեռուէն եկած ազգագրական պատմութիւնը որ արձանագրուած է մարդուն ամենաթաքուն ես-ին, ինքնութեան մէջ, ինչպէ՞ս է որ կը պարզուի։ Ե՞րբ անիկա թաքուն ըլլալէ կը դադրի։ Ուրկէ՞ կը սկսի անոր գիտակցութիւնը։ Արդեօք անոր ժառանգորդը պատրա՞ստ է ջնջուած էջերը կարդալու ջանքին եւ զանոնք վերարտադրելու։
Խոագինին ինքնակենսագրութիւնը պատմողին մէջ վրդովում կը յառաջացնէ։ Տագնապը նոյնը պիտի չըլլար եթէ Խոագին իր կենսագրութիւնը պահանջած ըլլար, պատմողը գիտակից է ուրիշի մը ինքնութեան թափանցելու դժուարութեան։ Ինքնին, իր իսկ օտարութիւնը անձկութեան աղբիւր մըն է. «Կարծես նոր եկեր ես Փարիզ եւ կ՚աշխատիս ջնջել ետիդ ամեն ինչ, դառնալ յիշազուրկ։ […] Մէկը կ՚ապրի մէջդ, կը խափանէ ներքին զրոյցդ։ Դո՛ւն, ա՛ն» (ԿՄ, էջ 70)։
ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ
Երբ վերջապէս պատմողը կ՚որոշէ Խոագինին ինքնակենսագրութիւնը գրել, կը սկսի յաճախել Փարիզի մարդաբանական թանգարանը էյֆէլի աշտարակին դիմաց, ուր կ՚աշխատի Խոագին որպէս մասնագէտ Միջին Ամերիկեան բաժնին։ Այս յաճախակի այցելութիւնները առիթը կը ստեղծեն թէ՛ օլմէք, թոլթէք, ազթէք, նաուա, մայա եւ միշթէք մշակոյթները սերտելու, եւ թէ՛ Խոագինը մօտէն ճանչնալու։ Առիթը կ՚ունենայ պեղելու հեռուէն եկող հայկական եւ մեքսիքական առասպելները, դիցաբանութիւնը, աւանդավէպը եւ ազգագրութիւնը։ Կը բաղդատէ եւ նմանութիւններ կը գտնէ երկու ազգերու պատմական իրողութիւններու միջեւ։ Ան կը սերտէ ազթէք պատկերագիրը որուն մասնագէտն է Խոագին եւ որ զայն կարդալու բանալին գտած է, այսինքն որոշ կերպով Շամբոլիոն մը որ եգիպտական մեհենագիրը վերծանեց, այն տարբերութեամբ որ Խոագինի գիւտը տակաւին չէ վաւերացուած մասնագէտներու կողմէ։
Խոագինը պատմողէն կը խնդրէ հայերէնով գրուած գիրք մը տեսնել, լսել եւ թարգմանութինը կարդալ։ Շուտով կը կապուի հայերէնին, կը սիրէ տառերը եւ լեզուին երաժշտութիւնը։ Կը հետաքրքրուի Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքով։ Թուականներու առնչութեամբ ազթէք պատկերագրութիւնը կը պատկանի երրորդ-չորրորդ դարուն, իսկ հայերէն այբուբենը՝ հինգերորդ դարուն։ Ամէն մէկուն ետին առասպել մը կայ։ Եթէ փետուրի արուեստ կոչուող պատկերանկարը յղացած է Քեցալ՜ քոաթլ՝ այսինքն փետրաւոր օձը, այբուբենի ստեղծագործութիւնը կը վերագրուի Մաշտոցի տեսիլքին որ կը նկատուի երկնային. «չափով հայրական ու սուրբ աջով ծնաւ նորոգ եւ սքանչելի ծնունդները հայոց լեզուի նշանագիրներուն» (ԿՄ, էջ 409)։
Խոագին կը խանդավառուի երբ կը լսէ թէ Կորիւն գրած է Մաշտոցի կեանքը Վարք Մաշտոցի անուան տակ։ Իր մտքին մէջ զուգահեռ մը կը ստեղծուի իր եւ Մաշտոցի միջեւ։ Երբ պատմողը կը կարդայ Վարք Մաշտոցի գիրքը, ան կը նկատէ թէ Կորիւն չէ թափանցած Մաշտոցի ետին գտնուող գիւտարարին, չէ կրցած պեղել կերպարը, անոր միտքն ու էութիւնը, ինքնութիւնը։ Այբուբենի գիւտը զետեղած է պարզ տեսիլքի մակարդակի մը վրայ առանց թափանցելու Մաշտոցի խորունկ մտածումին։ Ան կը ձեռնարկէ Կորիւնի ջնջուած մագաղաթին ընթերցումին, հասկնալու կիսակտուր գրութիւնը, էջերը վերծանելու եւ անոր վրայ կրկնագրելու։ Այս գիրքին քսանվեցերորդ գլուխը Վարք Մաշտոցի երկի կրկնագիր էջերն են ուր Մաշտոցի ապրած հինգերորդ դարու շրջապատը, մտայնութիւնը, պատմական իրականութիւնը կ՚ուրուագծուին։ Երեւելի կը դարձնէ գիւտին ետին գտնուող միտքը. «…ամեն բանէ աւելի ձեռնարկեր էր նոր մարդը ստեղծելու եւ մարդիկը փոխելու արկածախնդրութեան» (ԿՄ, էջ 484)։ Անշուշտ յունարէնի տառերով կարելի էր գրել հայերէնը, սակայն, Մաշտոցի ստեղծող մտքին ետին իր ժողովուրդին ինքնուրոյն տեղը հաստատելու ծրագիրը կայ. «…որպէսզի ըլլար ինքզինք՝ պիտի կորսնցնէր լեզուն, պիտի բանաւորը թաղէր տառերուն տակ, […] միայն գրուածը կը խօսի, կը բանի, յաւերժօրէն» (ԿՄ, էջ 478)։ Այս էջերուն մէջ, Մաշտոցի կրկնագիր պատմավէպն է որ կը կարդանք։ Գիւտարարը կը զրուցէ ինչպէս մեզի, նոյնպէս իր աշակերտ Կորիւնին հետ։ Շնորհիւ երեւակայութեան եւ Մաշտոցի հետ գրական նոյնացման, պատմողը զայն կը կենդանացնէ։ Ան իր սուրբի հանգամանքը ձգելով մարդկային կը դառնայ կարդացողին մտքին մէջ, որ կ՚անդրադառնայ անոր մտատանջութիւններուն, երկդիմութեան եւ անոր մտադրած ծրագիրին, հասնելու համար գիւտին։ Մագաղաթի հին ու անկատար էջերէն մեկնելով, Գրիգոր Պըլտեան նորովի կը յօրինէ Մաշտոցի կեանքը եւ զայն կը զետեղէ ներկայի մէջ։ Շնորհիւ Խոագինին, պատմողին գիտակցութիւնը կ՚արթննայ իր լեզուին եւ այբուբենին հանդէպ, որ իր կարգին դրդապատճառը կ՚ըլլայ Վարքի կրկնագրութեան։ Կը խորհիմ թէ պատմողին մէջ ծուարած մտերիմ անծանօթը գործօն կը դառնայ իր մէջ գտնուողը վերծանելու։ Ինչպէ՞ս կրնայ գիրի մարդուն սրտին մէջ այբուբենը հնարող Մաշտոցը թաքնուած չըլլալ։ Առանց այդ տառերուն ինչպէ՞ս կարելի է գրել։ Իսկ եթէ Կորիւն գրած չըլլար անկատար Վարք Մաշտոցին, արդեօ՞ք պատմողը պիտի գրէր Մաշտոցի կեանքն ու գործը։
ՈՒՐԻՇԸ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ – ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐԵԼ
Գալով Կորիւնին եւ պատմողին, զուգահեռ մը կը նշմարենք երկու կենսագիրներու միջեւ, հակառակ անոր որ պատմողը կը մտածէ թէ Կորիւն ո՛չ կարողութիւնը ունեցած է Մաշտոցը ըմբռնելու եւ անոր ճշմարիտ ինքնութեանը թափանցելու, ոչ ալ կրցած է խզուիլ ինքն իր անձէն, որպէսզի կարենայ Մաշտոցին մտածումը թարգմանելու փոխանցել մեզի։ Կորիւն տարիներու ընթացքին Մաշտոցին ընկերակցած է եւ սակայն իր ակնոցով դիտուած վկայութիւն մը մատուցած է.
Փորձը կ՚անհետանայ, փա՜ռք Աստուծոյ, մնացեր է աւարտած գործը։ Ինքնակենսագրութիւնը առաջինը կը փոխադրէ երկրորդին մէջ, պահելով երկրորդը՝ ի բաց։ Ճշմարտութիւնը կը դարձնէ ճշմարիտ։ Բայց ես ատոր կարող չեմ։ Ուստի ինքը պէտք է զոհել նա-ին առջեւ, անով։ Հոս է Կորիւնի բախտը, հոս կը սկսի անոր ժամանակը։ Արտագրողը, օրինակողը միշտ տեղ մը կ՚ապահովէ ինքն իրեն համար գրութեան մէջ։ Ստորագրութեան պէտք չունի։ (ԿՄ, էջ 497)
Հոս կը սկսի նախաբանը ուրիշի մը «ինքնակենսագրութիւնը» գրելու անկարելիութեան։ Պատմողը կ՚ըսէ թէ ինք կարող չէ Կորիւնի նման առասպելի մը ետեւ պահուըտելով ստապատում ընելու. «…ձեռնածել անոր առասպելը, համբաւը, ինչ որ ես անկարող եմ ընելու Յովակիմի համար,անոր գլխուն նման խաղ ինչպէ՞ս կրնամ խաղալ» (ԿՄ, էջ 499)։ Ու նաեւ պատրաստ չէ ինքն իր հիմնանիւթէն պարպուելու, ուրիշ մը ընդունելու համար իր տեղ։
ԱՆԿԱՐԵԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Այսուհանդերձ նշենք, թէ Մաշտոցի անյաջող կենսագրութեան եւ Խոագինի չգրուած «ինքնակենսագրութեան» պատճառները նոյնը չեն։ Ճիշտ է որ երկուքն ալ խորաթափանցելու, ներըմբռնելու կարողութենէն կու գան։ Հակառակ վարպետ-աշակերտի երկար տարիներու մտերիմ ընկերակցութեան, Կորիւն չէ կրցած նոյնանալ անոր հետ։ Երկրորդ պարագային, Խոագին չկրցաւ ինքն իր զգացումները, ապրումները եւ իր ճշմարտութիւնը փոխանցել պատմողին, որ ան կարենայ Խոագինի ինքին մէջ մտնել եւ «ինքնակենսագրութիւնը» գրել։ Կորիւնի մօտեցումը հաւատքի եւ հաւատալիքի վրայ հիմնուած է, պատմողինը՝ ներքին մարդուն ճանաչումին վրայ։ Եթէ ինքնապատում ըլլար գրելիքը, կարելի պիտի ըլլար իրականացնել Խոագինին երազը, սակայն առանց պատումի գործը կը դառնայ պարզ ինքնակենսագրութիւն մը, վկայում մը Խոագինին գիտական աշխատանքին։ Հարցը հոն է թէ գիտական գործ մը մասնագէտ գիտնականներն են որ կը վաւերացնեն եւ ոչ ինքնակենսագրութիւնը։ Եթէ նոյնիսկ Խոագին իր հոգեկան եւ զգացական ապրումները հաղորդած ըլլար, արդեօ՞ք պատմողը պիտի կարենար զայն մեզի փոխանցել։ Իր մտերիմ անծանօթին մէջ տեղ մը ունէ՞ր անոր պատմութիւնը, որ կարենար զայն թարգմանել։
ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ ԵՒ ՓՈԽԱՆՑԵԼ
Սեմերէն սկսեալ Գրիգոր Պըլտեանի բոլոր պատումները իր նախնիներուն պատմութիւնը կը թարգմանեն եւ կը փոխանցեն։ Ան կրնայ պատումի ճամբով նոյնանալ իրեններուն հետ. հոս եւս կը գուշակենք թաքնուած մտերիմ անծանօթին դերը որ արձանագրուած է մեր մէջ, մեր ծնունդէն առաջ իսկ։ Խոագին իր ինքնակենսագրութեան խորագիր ընտրած է՝ Vueltas, որուն թարգմանութիւններէն մէկուն եզակին է Շրջում։ Պատմողին համար հարցը այն է թէ Խոագին չէ կրցած ինքն իր կեանքին մէջ այդ շրջումը ընել, ինքն իր մտերիմ անծանօթին հանդիպիլ։ Այսինքն, չէ կրցած ինքզինք հնարել, վերանորոգել։ Ան պատկերագիրը կրցած է վերծանել, սակայն չէ յաջողած նոր ծնունդ մը տալ ինքզինքին։ Այն տպաւորութիւնը կ՚ունենանք թէ Խոագինին այս անկարողութիւնն է որ պատմողը կը մղէ իր մէջ թաքնուած մտերիմը յայտնաբերելու։ Այնչափ զարմանալի կերպով ան հայոց պատմութեան վերաքաղը կ՚ընէ, սկսած՝ Հայկ ու Բելէն, հասնելով մեր օրերուն Պէյրութի եւ Փարիզի հայութեան կեանքին։ Կու տայ դարերու ընդմիշտ մտահոգութիւնը՝ աղէտը. հայ ժողովուրդին, անոր լեզուին, մշակոյթին չքացման աղէտը։ Այս վէպին մէջ կը հանդիպինք Ղեւոնդներու, Արտաներու եւ Բանասէրներու որոնք բոլորն ալ այդ չքացումը կը գուշակեն։ Իսկ պատմողը կը գրէ ու դարձեալ կը գրէ, մեզի կը փոխանցէ հայոց պատմութեան ծալքերը, եւ ներկայ դարու ժամանակագրութիւնը։
Կարդացողը ցնորքի բաւիղներէ կ՚անցնի հասկնալու համար պատմողին մօտեցումը՝ ինքնութեան, օտարութեան, նոյնին, նմանին եւ նոյնանալու հարցերուն։ Պատմողը պատումի ճամբով կը նոյնանայ Մաշտոցին հետ, կը հերքէ Կորիւնին գործը, կը գնահատէ Խոագինին դերը իր մէջ ծուարած մտերիմ անծանօթը արթնցնելու մէջ։
Կարելի՞ է երկ վերածնունդի կոչել այս վէպը։
Իսկ ո՞վ կրնայ ըլլալ Կրկնագիր Մարդը, եթէ ոչ վերածնողն ու գրողը։
«…միայն գրուածը կը խօսի, կը բանի, յաւերժօրէն» (ԿՄ, էջ 478)։
ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 4