Նորվան արք. Զաքարեան իր «Առաջին ընթերցում Գրիգոր Պըլտեանի Կրկնագիր մարդը» վերնագրով յօդուածին մէջ («Բագին» 2016, թիւ 1-2) հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ այս հատորը։ Ան մեզի կ՚ընծայէ տարբեր շերտերը այս եզակի գործին, որուն մէջ կ՚ուրուագծուին ինքնութեան հարցը, օտարութիւնը, եւ այդ օտարութեան փորձառութենէն վերածնող մարդը։
     Չեմ ուզեր գիրքին նիւթը դարձեալ ներկայացնել հոս, այլ կ՚ուզեմ Կրկնագիր մարդը Կարդալ աւելին
Գրիգոր Պըլտեան
9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1945
Ծնունդ, Հայաշէն։ Հայրը Յակոբ,Կիւրինէն. մայրը՝ Հռիփսիմէ, Ագ-Շեհիրէն։

1948-1956
Ազգային Թորգոմեան վարժարան, մինչեւ չորրորդ կարգ։

1957-1964
Ն.Փ. Ճեմարան, մինչեւ պաքալորիայի Ա մաս։ «Կոյր Առաքելը» Առաջին շարադրութիւն մը «Կանթեղ»ի մէջ, 1961։ «Ջահակիր», ոտանաւորներ ու արձակներ, «Աքսոր»... Կարդալ աւելին