9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1945
Ծնունդ, Հայաշէն։ Հայրը Յակոբ, Կիւրինէն. մայրը՝ Հռիփսիմէ, Ագ-Շեհիրէն։
1948-1956
Ազգային Թորգոմեան վարժարան, մինչեւ չորրորդ կարգ։
1957-1964
Ն.Փ. Ճեմարան, մինչեւ պաքալորիայի Ա մաս։ «Կոյր Առաքելը» Առաջին շարադրութիւն մը «Կանթեղ»ի մէջ, 1961։ «Ջահակիր», ոտանաւորներ ու արձակներ, «Աքսոր», թատերախաղ 3 արարուած, անտիպ։
1964-1965
Ecole franco-libanais. հօր մահը։ Կ՚որոշէ գրող դառնալ։ Ընթերցումներ. Պերկսոն, Սարթր, Փ. Վալերի, Սէն-Ճօն Փերս, Գերիրապաշտներ, նաեւ Մեծարենց, Ինտրա, Սարաֆեան։ «Այլակերպում» (քերթուած), համանուն հատորիկի մը առաջին մասը, կարդացուած Պէյրութ 1965-ին, ապա լոյս տեսած «Ահեկան»ի առաջին թիւին մէջ։ Հատորիկը կը մնայ անտիպ։
1965-1967
Փիլիսոփայութիւն, Ecoles des lettres, Պէյրութ։ Այբբենարան (քերթուած, ամբողջական ձեռագիրը՝ անյայտ) «Ահեկան»ի հրատարակութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեանի եւ Գրիգոր Շահինեանի հետ։
1967-1972
30 սեպտեմբեր 1967 կը մեկնի Փարիզ Սորպոնի մէջ ուսանելու, , փիլիսոփայութիւն եւ գեղագիտութիւն։ 1968-ի Մայիսեան յեղափոխութեան օրերուն՝ կը հետեւի շարժումին։ Կը սկսի գրել «Վայրեր», «Հակաքերթուած», «Հատուածներ սենեակի մասին»։ Հանդիպումներ՝ Ն. Սարաֆեանի, Զ. Որբունիի, Բ. Թօփալեանի հետ։ Կը գրէ «Մեծարենցի համար», «Բագին», (1968)։ Սկիզբ «Յառաջ»ի աշխատակցութեան։ «Ահեկան»ի մէջ կը ձեռնարկէ վերլուծական գրութիւններու շարքի մը յատկացուած արեւմտահայ բանաստեղծութեան։ Շարքը կը սկսի Ն. Սարաֆեանով։ Կը գրէ առաջին արձակ գրութիւն մը, «Անցում» (1971, ապագայ «Սեմեր»ու նախամուտ)։ Ճամբորդութիւն Իտալիա (1968), Մոսկուա, Երեւան (1971)։
1972-1973
Վերադարձ Լիբանան։ Հայ գրականութեան եւ ֆրանսերէնի դասախօս, Հայկազեան Գոլէճ, Պէյրութ։ Առաջին յօդուած մը Օշականի մասին, Վ. Օշականի խնդրանքով. Le roman d’Ochagan, l’Orient le Jour, Պէյրութ. Դոկտորական թէզ. «Մարտին Հայդըկէր եւ գեղագիտութեան զանցումը»։ Առաջին ճամբորդութիւն Սպանիա եւ Գերմանիա։
1973-1975
Դարձ Փարիզ։ Սորպոնի մէջ կը հետեւի մարդաբանութեան եւ ազգագրութեան։ Կը գրէ տարածական քերթուածներ. «Երկիր» (անտիպ)։ Դոկտորական թէզի պաշտպանութիւն. «Մարտին Հայդըկէր եւ գեղագիտութեան զանցումը» (1974)։ Ճամբորդութիւն Յունաստան (1975)։ Կը սկսի Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար»ը, Պէյրութի դէպքերուն առիթով։
1974-1976
Քարտուղարութիւն, Ամերիկագիտութեան հաստատութեան մէջ, Փարիզ։
1976-1985
Լրագրութիւն ֆրանսական տնտեսական մամուլին մէջ։ Ճամբորդութիւններ Քուէյթ, Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա, Նորվեկիա։ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար», The Corybantic Presse (Ռ. Սէթեան) Փասատինա, 1976։ Աշխատակցութիւն Ասատուրի հետ. «Objets et debris», Լիւքսամպուրկ, 1978։ 1978 Կը սկսի դասաւանդել Սփիւռքահայ գրականութիւն, Institut des langues et civilisations orientales (Inalco) Մասնակցութիւն Հերման Վահրամեանի եւ Լուտվիկ Պազիլի հիմնած Իքոմի տարեկան հաւաքներուն, Միլանօ, Փարիզ։
1979
Կ՚աշխատակցի «Յառաջ»ի «Միտք եւ Արուեստ»ին։ Առաջին ճամբորդութիւն Միացեալ Նահանգներ։ Լոյս կը տեսնէ “Հայ Սփիւռք” մատենաշարով, «Հակաքերթուած / Antipoem» (թարգմ. Ռ. Սէթեան)։
1980
Հինգ տարուան սպասումէ մը ետք լոյս կը տեսնէ «Տրամ» ուսումնասիրութեանց հատորը, շնորհիւ Գարեգին Բ կաթողիկոսի խորհրդապահական մեկենասութեան։ «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակի կոմիտէն ո՛չ «Այբբենարան»ը, ոչ ալ այս հատորը արժանի նկատած է հրատարակութեան։ Նարեկեան ընթերցումներ։
1983
Կը հրատարակէ Վայրերը։ Նարեկեան ընթերցումները կը յանգին «Գրիգոր Նարեկացի լեզուի սահմաններուն մէջ» հատորին (1985)։
1986
«Մանտրաներ,» Ա շարք, Ասատուրի գծանկարներով։ Կը պատրաստէ Ինչ որ չես տեսներ հատորը, որուն «Հատուածներ հօր» մասը մասնակի կերպով լոյս տեսած է Fragments du père հատորով, Լիւքսամպուրկ (1979), ապա՝ աւելի ամբողջական՝ «Կամ»ի մէջ։
1987 (մինչեւ 2006)
Լիոնի Աստուածաբանական համալսարան, ուր կը դասաւանդէ գրաբար, մատենագրութիւն, Եկեղեցւոյ պատմութիւն։ Այս աշխատանքը ճամբայ կը բանայ դէպի ֆրանսերէն հատոր մը. «Les Armeniens», Brepols, Պելճիքա (1994)։ Նորվան Եպս. Զաքարեանի գրիչով լոյս կը տեսնէ «Յաղագս Գրիգոր Պըլտեանի քերթողութեան» հատորը, առաջին լայնածաւալ ուսումնասիրութիւնը Պըլտեանի մասին։
1988
«Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ» հատորը լոյս կը տեսնէ Գէորգ Մելիտինեցի շարքով, Անթիլիաս։ Երկրորդ եւ ամբողջական տարբերակը՝ Երեւան 2014։ “Երկ” մատենաշարով կը հրատարակէ Ն . Սարաֆեանի արձակ էջերու ժողովածուն՝ «Վէնսէնի անտառը»։
1989
Կը խմբագրէ Ֆրանսահայ գրողներու ընկերակցութեան Կայք տարեգիրքը, թիւ 1 (1989), թիւ 2 (1991), թիւ 3, (1993)։
1992
Մնայուն դասախօս հայոց լեզուի եւ գրականութեան, Institut des langues et civilisations orientales (Inalco). Յառաջ մատենաշարով լոյս կը տեսնէ «Ելքը», Մանտրաներու Բ հատորը, Ասատուրի գծանկարներով։
1995
Սորպոն, Փարիզ, կը ներկայացնէ երկրորդ թէզ մը, բաղդատական գրականութեան, Cinquante ans de la litérature arménienne en France, du Meme à l’Autre, 1922-1972։ Աշխատութիւնը լոյս կը տեսնէ գրեթէ անփոփոխ (CNRS 2001)։ Վերադարձ հին ծրագրի մը. կը սկսի արձակի շարքը, որպէս սկիզբ՝ Սեմերը, որուն պիտի յաջորդեն միւս հատորները։
1997
Անթիլիասի մէջ լոյս կը տեսնէ ուսումնասիրութիւններու երկրորդ հատորը, «Մարտ», յատկացուած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ արձակին, գլխաւորաբար Յ. Օշականին։ Հրատարակութիւն «Սեմեր»ու, Փարիզ, Մաշտոց մատենաշարէն (հրատարակչական կազմ՝ Գառն, Մարուշ, Իշխան)։ «Բաց նամակ» հանդէսի ու ապա Համազգայինի կազմակերպութեամբ կը սկսին Գրիգոր Պըլտեանի հանրային ելոյթները Լոս Անճելըսի մէջ լայն հանրութեան ներկայութեամբ։
1998-2003
Նոյն թափով կը գրէ արձակ պատումներու շարքին «Հարուածը», «Նշան», «Պատկերը», «Անունը լեզուիս տակ» հատորները, առաջինը լոյս կը տեսնէ Հալէպ, երկրորդը եւ երրորդը Ապրիլ հրատարակչութենէն, Լոս Անճելոս, վերջինը Փարիզ։
1999
Փարիզ, կը հրատարակէ «Դէպի Մեծ Փոխաբերութիւն»ը Հայաստան ճամբորդութիւններու մէկ խտացումը, մեկնող «Փլչող կամուրջներ» յօդուածէ մը, լոյս տեսած «Յառաջ»ի մէջ։ Իսկ «Զրոյցներ բանաստեղծութեան մասին» հատորը (Երեւան) կ՚ամփոփէ հարցազրոյցներու շարք մը, բանաստեղծներու եւ
բանաստեղծութեան մասին գրութիւններու կողքին։ Առաջին ճամբորդութիւն Պանկքոք։ Նորվան Եպս. Զաքարեան կը հրատարակէ երկրորդ ուսումնասիրութիւնը Պըլտեանի մասին՝ «Մօտեցումներ» խորագրով։
2003
Մոնթրէալի մէջ լոյս կը տեսնէ «Ի գործ արկանել», «Բան եւ Գիր» Մատենաշար, թիւ 1։
2004
Առաջին ճամբորդութիւն Հնդկաստան, որուն կ՚արձագանգէ «Ճէյբուր Մանտրա»ն (Մանտրա ԻԵ). Դելհի, Ռաճաստան։ Այս ճամբորդութիւնները կը կրկնուին մինչեւ 2013։
2006
«Ապրիլ» հրատարկչատունէն լոյս կը տեսնէ վիպաշարքի վեցերորդ հատորը՝ «Երկուք»։ Այս հրատարակութիւններու առթիւ ճամբորդութիւններ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա։
2008
«Երկխօսութիւն Գրիգոր Նարեկացիի հետ» համահաւաք հատորով կը սկսի գործակցութիւնը Սարգիս խաչենց–Փրինթինֆօ հրատարակչութեան հետ։ Գիրքը կը համադրէ ցարդ կատարուած աշխատութիւնները։
2009
Կը ղեկավարէ եւ կը հրատարակէ Շ. Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, Armen Lubin, La retraite sans fanfare, L’actamen 2009. Երեւանի մէջ Սարգիս Խաչենց եւ Փրինթինֆօ հրատարակութեան թելադրանքով կ՚աւարտէ 1986էն սկսած «Հայկական ֆուտուրիզմ» հատորը։
2010
«Մանտրաներ», ամբողջական շարք, ընդարձակ յառաջաբանով մը։
2011
«Seuils» (trad. S. Békmézian) թարգմանութիւն «Սեմեր»ու (éditions paranthèses)։ Այս առթիւ ճամբորդութիւն Պէյրութ։
2012 – 2013
«Շրջում», «Գիշերադարձ» պատումներու եօթներորդ հատորը։ Շարքի նախորդ հինգ հատորները լոյս կը տեսնեն երկրորդ անգամ, Երեւան։
2015
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած Գրական շաբաթ։ Այս առթիւ լոյս կը տեսնեն պատումներու ութերորդ հատորը՝ «Կրկնագիր մարդը», «Սեմեր»ը (խմբագրութիւն Շաղիկ Մկրտիչեան), եւ ուսումնասիրութիւններու երրորդ հատորը «Տարմ», որով կ՚աւարտի այդ շարքը։ Inalcoի մէջ (Փարիզ) տեղի կ՚ունենայ գրական գործունէութեան նուիրուած երկօրեայ գիտաժողով։
2016
Լոնտոնի մէջ տեղի կ՚ունենայ գրական գործունէութեան 50-ամեակի առիթով հանդիպում-զրոյց։