ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ ՎԵՐԱՅԱՅՏՆՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

1990-2000-ական թուականներուն, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը սովորութիւնը ունէր Մեծ Եղեռնի տարելիցին հրատարակելու նմոյշներ այն թղթակցութիւններէն, որոնք 1915-ին Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ ուղարկուած էին Պոլսոյ իր թաքստոցէն եւ Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեային մէջ լոյս տեսած։ «Հայաստան»ի հաւաքածոն բաւական հազուագիւտ է, բայց Վիեննայի Մխիթարեան վանքի օրինակէն ժամանակին (եթէ չենք սխալիր՝ Շ. Միսաքեանի յետմահու լոյս տեսած Օրեր եւ ժամեր ժողովածոյի հրատարակութեան ատեն) վանականներէն մէկը ընդօրինակած էր Ռազմիկ եւ Վարազ կեղծանուններով ստորագրուած գրութիւնները։
     «Յառաջ»ի ապագայ հիմնադիրը խոյս տուած էր Ապրիլ 24-ի ձերբակալութիւններէն եւ մօտ մէկ տարի գլխաւորած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան այն մարմինը, որ ազատութեան մէջ գտնուող անդամները կը փորձէր խմբել՝ պատրիարքարանի հետ համագործակցութեամբ արտաքին աշխարհին տեղեկութիւններ հասցնելու, նաեւ իրերօգնութեան աշխատանք տանելու համար։
     2005-ին «Հայաստան»ի հաւաքածոյին լուսատիպ հրատարակութիւնը իրագործուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ՝ բանասէր ժիրայր Դանիէլեանի խմբագրութեամբ, ինչ որ առիթը կու տար Շ. Միսաքեանի թղթակցութիւնները իրենց շրջագիծին մէջ դիտելու եւ աւելի եւս գնահատելու անոնց արժէքը։ Միւս կողմէ, յայտնի է, որ Մեծ Եղեռնի օրերուն քանի մը ամիս տեւած թերթին մէջ արեամբ գրուած լրատուութիւնները նաեւ հիմնուած էին Պոլիսէն հաղորդուող տեղեկութիւններու վրայ, ինչպէս կարելի է տեսնել զանոնք բաղդատելով 1965-1966-ին «Հայրենիք» ամսագիրի այն հրապարակումէն, որ կը ներկայացնէր Դաշնակցութեան արխիւին նիւթերը, իրագործուած՝ Երուանդ Խաթանասեանի կողմէ, որ կուսակցութեան արխիւին պատասխանատուն էր այդ ժամանակ[1]Երուանդ Խաթանասեան (խմբ.), «Դիւան Մեծ Եղեռնի», «Հայրենիք» ամսագիր, Դեկտեմբեր 1965-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1966։։
     Խոստովանինք, որ լրիւ անտեղեակ էինք, թէ Շաւարշ Միսաքեանը նաեւ յուշագրութիւն մը ունէր 1915-1918 իր ապրած դժոխային օրերուն մասին։ Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը խորագիրը կարդացած էինք Անդրանիկ Տագէսեանի եւ Արմէն Իւրնէշլեանի կազմած ու 2012-ին լոյս տեսած լիբանանահայ գիրքի մատենագիտութեան մէջ՝ որպէս «Ազդակ» օրաթերթի երբեմնի մատենաշարի հրատարակութիւն[2]Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012. մատենագիտական ցուցակ, աշխատասիրեցին Անդրանիկ Տագէսեան եւ Արմէն Իւրնէշլեան, … Continue reading, բայց ոչինչ կրնար յուշել մեզի, որ այդ «մեծարենցեան» վերնագիրը նման բովանդակութեան հետ առնչուած էր։
     Գերմանացի պատմաբան Հիլմար Քայզէրի 2003-ին լոյս տեսած յօդուածէ մը[3]Hilmar Kaiser, “From Empire to Republic: The Continuities of Turkish Denial,” Armenian Review, Fall-Winter 2003, էջ 11-12, սակայն, տեղեակ էինք, որ Շ. Միսաքեանը ձերբակալող թուրք ոստիկանապետ Ալի Ռիզա (էօկէ) այդ իրադարձութիւններուն անդրադարձած էր 1935-ին տպուած իր յուշերուն մէջ։ Չէինք գիտեր, սակայն, որ Ալի Ռիզայի յուշագրութեան թարգմանութիւնը հրատարակուած էր անմիջապէս «Յառաջ է մէջ, որուն յաջորդած էր Շ. Միսաքեանի յուշագրութիւնը որպէս ինչ-ինչ կէտերու հակազդեցութիւն, շարունակութիւն եւ ճշդում։ «Յառաջ»ը, իր հիմնադիրի մահուան վաղորդայնին, վերահրատարակած էր անոր յուշագրութիւնը։ Նոյնը ըրած էր «Ազդակ»ը, որուն հետեւած էր վերջինիս առանձին հատորով հրատարակութիւնը։ Զարմանալիօրէն, սակայն, ո՛չ յուշագրութիւնը եւ ո՛չ ալ Շ. Միսաքեանի թղթակցութիւնները, գէթ նմոյշի ձեւով, տեղ գտած էին Օրեր եւ ժամերուն մէջ։
     Այս կծիկը պարզուեցաւ մեզի համար անցեալ տարի, երբ այժմ հանգուցեալ Արփիկ Միսաքեանը իր մահէն քիչ առաջ լոյս կ՚ընծայէր թէ՛ իր հօր անյայտութեան մէջ մնացած հատորին բնագիրը [4]Շաւարշ Միսաքեան, Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը, Մարսէյլ, 2015։ Այսուհետեւ հատորէն քաղուած մէջբերումները պիտի … Continue reading, եւ թէ իր կատարած ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, որ աւելի խօսուն վերնագիր մը զգեցած էր՝ Face à l’innombrable.
     Չափազանցութիւն չէ ըսել «անյայտութեան մէջ մնացած»։ Արդարեւ, հատորին որպէս վերջաբան կցուած շահեկան ուսումնասիրութեան մէջ, Գրիգոր Պըլտեան կը նշէ այն փաստը, որ «Միսաքեանի յուշերը անծանօթ կը մնան աղէտի գրականութեան մասնագէտներուն, գլխաւորաբար պատմաբաններուն» (էջ 101), բացառելով Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի մէկ յօդուածը 1986-ին[5]«Եղեռնը եւ Սոֆիայի Հայաստան թերթը» յօդուածին անդրադարձներուն համար, տե՛ս այժմ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայ … Continue reading։ Տարբեր չէ Մեծ Եղեռնի մասին օտար լեզուով գրուած գործերուն պարագան, որոնց ո՛չ միայն յուշագրութիւնը, այլ նաեւ «Հայաստան»ի թղթակցութիւնները անծանօթ են։
     Իր կրկնակ աշխատութեամբ, Արփիկ Միսաքեան ո՛չ միայն իր հօր ժառանգութեան տէր կանգնելու վերջին արարքը կը գործադրէր, այլ նաեւ 21-րդ դարու հայախօս թէ ֆրանսախօս ընթերցողին ի յայտ կը բերէր այդ ժամանակաշրջանի եզակի վկայութիւն մը, գրուած՝ «ներս»էն։ Շ. Միսաքեանէն առաջ, 1927-1928-ին Լիպարիտ Նազարեանց 1915-ի պոլսական օրերուն մասին իր յուշերը հրատարակած էր[6]Ռ . Լեռնեան, «Մեծ աղէտի նախօրէին», «Հայրենիք» ամսագիր, Մարտ, Ապրիլ եւ Յունիս 1927. Նոյն, «Մեծ աղէտի օրերուն», … Continue reading, սակայն «դուրս»էն հայեացքով, քանի որ Նազարեանց՝ «Հայաստան»ի խմբագիրը, այդ տարի երկու անգամ Պոլիս գացած էր Սոֆիայէն։
     Փարանթէզ հրատարակչատունը, որ լոյս ընծայած է երկու հատորները, չորս տասնամեակէ ի վեր երախտաշատ աշխատանք մը կը կատարէ հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու գրականութեան նուիրուած ինքնագիր ու թարգմանական ֆրանսերէն հատորներ հրատարակելով՝ բովանդակութեամբ որակաւոր ու ձեւաւորումով ճաշակաւոր։ Անակնկալ նորութիւն մըն է, որ Ֆրանսայի մէջ վերջալուսային վիճակ ապրող հայերէն գիրքի նորագոյն այս նմոյշը կը դառնայ ֆրանսագիր հրատարակչատան առաջին հատորը, ինչ որ պէտք է վերագրել Ա. Միսաքեանի աննկուն կամքին՝ բնագիր ու թարգմանութիւն միասնաբար լոյս ընծայելու։ Երեւոյթը նաեւ խորհրդանշական բաժին մը ունի. ֆրանսահայ համայնքի ձայնն ու արտայայտութիւնը հանդիսացած «Յառաջ»ի յետմահու ներկայութեան փաստը՝ յանձին իր հիմնադիրին, որ նաեւ վերապրող եղած է արեւմտահայութեան դէմ ծրագրուած ու հետեւողականօրէն գործադրուած այն Եղեռնին, որ իր իսկ կողմէ առաջին անգամ «ցեղասպանութիւն» բառով մկրտուած է։
     Որպէս գրութիւն, Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը կը պահէ Շաւարշ Միսաքեանի գրելաձեւը յատկանշող այն պարզութիւնն ու խտութիւնը, որոնք, ի դէպ, պէտք է այսօր իսկ հռետորականութեան մէջ ընկողմանած գրիչներու օրինակ հանդիսանան՝ հայ մամուլը շատախօսութենէ եւ դատարկաբանութենէ զերծ պահելու համար։ Ապշեցուցիչ է այն ինքնատիրապետութիւնը, զգացականութենէ զերծ մօտեցումով, որով գրագէտը (Շ. Միսաքեան իր ստորագրած լրագրական էջերուն մէջ կը մնայ երբեք լիութեան չհասցուցած կոչումին, «գրագէտ» բառի արմատական իմաստով նաեւ՝ որպէս «գիր գիտցող») կը մխրճուի յուշերու ծովուն մէջ, իր դահիճներէն կրած տառապանքները ներկայացնելու համար։ Կ՚ընդունինք, սակայն, Գ. Պըլտեանի հետ, որ Միսաքեան հեռու է իր ծանօթ ոճը ցուցադրելէ, ինչ որ հետեւանք է «պատումին հանդէպ տեւող դիմադրութեան» (էջ 120)։
     Արդ, մօտ տարի մը թաքստոցի մէջ մնալէ ետք, 15 Մարտ 1916-ին Պուլկարիա անցնելու փորձ մը ըրած պահուն, Շ. Միսաքեանի թրքական իշխանութիւններուն կը մատնուի պուլկարացի լրտեսի մը կողմէ։ Կը հարցաքննուի ու կը մնայ անյողդողդ՝ առանց որեւէ տեղեկութիւն փոխանցելու։ Կը չարչարուի ոստիկանութեան բանտին մէջ, կը փորձէ ինքնասպան ըլլալ ու երեք ամիս ետք կը փոխադրուի պատերազմական ատեան՝ եօթը ամիսով, ուր հինգ տարուան բերդարգելութեան կը դատապարտուի՝ 4 յունուար 1917-էն սկսեալ, եւ ազատ կ՚արձակուի նոյեմբեր 1918-ին՝ Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան ու զինադադարին շնորհիւ։
     Թէ ինչո՞ւ Միսաքեան բանտարկութեան դատապարտուած է, փոխանակ աքսորուելու կամ, ինչպէս հարցաքննիչ դատաւորը եզրակացուցած էր, մահապատիժի ենթարկուելու (էջ 84), ան հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ.

«Երկար ատեն վերջն էր ստուգեցինք թէ պատիժի մեղմացման մէջ դեր կատարած էին ոչ միայն դատավարութեան ընթացքը, այլեւ ներքին (պարտութիւն) եւ արտաքին ազդակներ (պուլկարական եւ ամերիկեան), ինչպէս եւ կողմնակի միջոցներ։ (Մանրամասնութիւները զանց կ՚առնեմ)։ Մնաց որ մօտ երկու տարի անցած էր արդէն հայաջինջ սարսափներէն ի վեր եւ հայ ժողովուրդի ողնայարը խորտակած ըլլալով – ինչպէս կ՚ըսէին յետոյ–, շատ չէին հետաքրքրուեր մնացեալով» (էջ 86)։[7]«Կողմնակի միջոցներ»ուն մասին, Պըլտեան, առանց բացառելու կաշառքը, կը քննէ Յակոբ Օշականի այն վկայութիւնը, թէ … Continue reading

     Այս հատուածը արդէն ցոյց կու տայ հեղինակը բնորոշող գիծերէն մէկը։ Ան կատարելապէս կը տիրապետէ կացութեան։ Հետեւաբար, կը գրէ այնքան, որքան անհրաժեշտ կը նկատէ՝ Ալի Ռիզայի յուշագրութեան որպէս լուսաբանութիւն, եւ զանց կ՚ընէ ամէն ինչ, որ սահմանուած է գաղտնի մնալու՝ ծածկագիրի վերծանում, անձնական մանրամասնութիւն եւ այլն։ Կը գրէ դժկամութեամբ, ձեւով մը որովհետեւ բոլորը գրած են՝ Զինադադարի օրերէն, եւ կ պակսի իր վկայութիւնը։ Վերջին մասին մէջ, երբ կը բացատրէ յետպատերազմեան շրջանին թուրք պատասխանատուներու ձերբակալութիւնն ու բանտարկութիւնը կամ առեւանգուած մանուկներու որոնումները՝ խուզարկուող թրքական տուներու մէջ, բարացուցական է եզրակացութիւնը, որ է՛ նաեւ գիրքին վերջին նախադասութիւնը. «Բայց… այդ արդէն ուրիշ պատմութիւն է։ Շատ աւելի շահեկան, քան ինչ որ գրի առի ակամայ» (էջ 96)։
     Բնականաբար, Շաւարշ Միսաքեան երբեք չէ հասցուցած (կամ չէ ուզած) գրել այդ «ուրիշ պատմութիւն»ը։ Զգալի է, որ այս պատմութիւնը բացառաբար գրած է Ալի Ռիզալի յուշագրութեան հրատարակութեան իբրեւ հետեւանք, քանի որ կարելի չէր պատմութեան գրութիւնը յաղթողին ձգել, այսինքն՝ անոր որ ի վերջոյ կատուի ու մուկի մէկ տարուան խաղին յաղթական եղած էր՝ ձերբակալութեան առաքելութիւնը գլուխ հանելով, եւ հիմա դիմած էր պատմութեան «իր» տարբերակը գրի առնելու, որ կ՚ենթադրէր, անխուսափելի օրէն, անոր նենգափոխումը, ըստ թրքական ընկալեալ սովորութեան։
    Մենք գործածեցինք «վկայութիւն» բառը զուտ պայմանական կերպով։ Արդարեւ, Գր. Պըլտեան կը բացատրէ, որ Շ. Միսաքեանի շարադրանքը խորքին մէջ վկայելու դժկամութիւնը կը բացայայտէ՝ վերը տրուած եւ այլ օրինակներով, ու կը նշէ անոր վերապահութիւնը, նման՝ հայ հին պատմագրութեան մէջ առկայ միտումին՝ կոտորած ու կործանում պատմելու անկարելիութեան մասին. «Հասկնալի է այլեւս Միսաքեանի վերապահութիւնը թուղթին յանձնելու ինքն իր վրայ կեդրոնացած, անձնական պատում մը, տեսակ մը ինքնակենսագրական բնոյթի խոստովանութիւն, քողարկող, ծածկող անանուն ու բազմազան զանգուածին բազմաթիւ պատմութիւնը» (էջ 108)։ Ու ասիկա՝ ի տարբերութիւն 1915-ի «Մեծ ճգնաժամը» թղթակցութիւններու շարքին մէջ
ամփոփուած վկայութեան։
     Շաւարշ Միսաքեան ձեռնարկած է լուսաբանական աշխատանքի։ Այդպիսով ժլատ, սակայն թանկագին լոյս կը սփռէ գաղտնի այն աշխատանքներուն վրայ, որոնք կը կատարուէին սահմանին երկու կողմերը՝ Պոլիս եւ Սոֆիա, տեղեկութիւններ ու անձեր փոխանցելու համար։ Այդպէս ալ մեծ ու փոքր անուններու դերակատարութիւնը մոռացութեան փոշիներու տակէն հանած կ՚ըլլայ, թէեւ անշուշտ՝ ո՛չ այն չափով, որ այսօրուան ընթերցողներս պիտի ուզէինք, այլ միայն կը գրէ. «Այնքան որքան կապ ունի այդ [Ալի Ռիզայի. Վ.Ս.] յուշերուն հետ, եւ այնքան որքան կը թոյլատրեն պարագաները» (էջ 27)։
     Հոս կը բանի նաեւ ներքին ու բծախնդրօրէն կարգապահ գրաքննիչ մը, որ չափաւոր տեղեկութիւններ կ՚ արձանագրէ, թէ՛ անկարեւոր գտնելով աւելիով ընդլայնիլ, թէ՛ կուսակցական գաղտնիքներ չբացայայտելու համար, եւ թէ, հաւանաբար, թուրք (կամ այդ ուղղութեամբ տեղեկատու) հնարաւոր ընթերցողներու աւելորդ նիւթ չհայթայթելու համար։ «Լրագրողը կը խօսի, բայց որքան խօսի այնքան քիչ կը խոստովանի. շատ բան կ՚ըսէ, առանց բան մը ըսած ըլլալու։ Անխոնջ գաղտնապահն է անթափանց գիտութեան մը», կը մատնանշէ Պըլտեան (էջ 117)։
     Պատումը նաեւ կը բերէ էջեր, որոնք կը նկարագրեն Միսաքեանի հանդիպումները բազմաթիւ աղբիւրներէ յիշատակուած հայանուն լրտեսներէն երկուքին հետ՝ Յարութիւն Մկրտիչեան եւ Հիտայէթ։ Պըլտեան դիպուկ կերպով կը խօսի լեզուի շուրջ ընթացող պայքարին մասին, ուր կը հակադրուին մէկ կողմէ Յ. Մկրտիչեանը իր միտումնաւոր թարգմանութիւններով, իսկ միւս կողմէ Մեհմէտ պէյ Սիւրէյյա անունով հայախօս թուրք թարգմանիչին խղճամիտ աշխատանքը, որուն Միսաքեան օժանդակած է։ Պայքարը դարձած է յուշատետրի մը շուրջ, զոր թուրք ոստիկանութիւնը ձեռք անցուցած էր Միսաքեանի ձերբակալութեան ժամանակ (երկրորդ մըն ալ եղած է, քանի մը էջ վճարումներու հաշիւներով) եւ որ «շատ համառօտ եւ անընթեռնելի օրագիր մըն էր, ձերբակալութիւններէն մինչեւ մեկնումս» (էջ 45)։
     Գր. Պըլտեան կը քննէ նաեւ Միսաքեանի 30 տարիներու վրայ երկարող փնտռտուքը՝ բնաջնջումը կոչող բառը գտնելու համար, 1915-ի թղթակցութիւն
ներէն մէկուն մէջ գործածած գլխագիր «Աղէտ»էն մինչեւ 1945-ի Նիւրեմպէրկի ամբաստանագիրին գործածած genocide-ին թարգմանութիւնը՝ «ցեղասպանութիւն»ը։ Աւելցնենք, որ վերջինը նախապէս գործածուած բառ մըն էր[8]«Ցեղասպանութիւն» բառի կանխագոյն գործածութիւնը (բնականաբար՝ ո՛չ genocide իմաստով, այլ՝ «ցեղի սպանութիւն») գտած … Continue reading –յայտնի չէ, թէ Միսաքեան ծանօթ եղած է նախընթացներուն –, բայց առաջին անգամն է, որ կ՚ օգտագործուէր մերօրեայ իմաստով ու 1950-ին իսկ պիտի մտնէր հայերէն բառարաններու մէջ։ Քննադատը կ՚եզրակացնէ. «Միսաքեանի պատումը, այս նոր յուշատետրը, կը քողարկէ ինչպէս կը քողազերծէ աղէտի փորձառութիւնը, այն որ 1915-ին կը դիմէր դէպի միայն զօրութենապէս գոյ բառ մը։ Այդ պակսող բառանունը կը յայտնաբերուի 1945-ին» (էջ 124)։
    Ամփոփ ու ներքին ուժերու լարումով զուսպ այս յուշերը բացառիկ հետաքրքրութիւն ունին, պատկերը բերելով աքսորի կարաւաններուն անպատմելի
չարչարանքներուն զուգընթաց քալող՝ Պոլսոյ ներքին աքսորի զոհերուն ապրած ֆիզիքական չարչարանքը, որ խորհրդանշուած է Շաւարշ Միսաքեանի անձով, եւ տեղահանութեան (մասնակիօրէն գործադրուած)՝ գաղտնի ոստիկաններու ու լրտեսներու սարսափին առթած հոգեկան չարչարանքը։
     Մաղթելի է, որ այս նոր հրատարակութիւնը պատճառ դառնայ, որ Շ. Միսաքեանի այս փոքր, սակայն նշանակալից յուշագրութիւնը գտնէ իր համապատասխան տեղը Մեծ Եղեռնի աղբիւրագիտութեան մէջ։

     Օր մը օրհանց խորհած չեմ առողջապահական կանոններու մասին։ Պզտիկուց վեր վար կը վազէի բոպիկ, տունին մէջ. մայրս կը պոռար. անօգուտ։ Երբ դպրոց կ՚երթայի Կէտիկ Փաշայէն մինչեւ Ղալաթիա, ոտքերս ջուրերուն մէջն էին (գործի մտնելէ վերջ կալոշ ունեցայ)։ Ոչ տաք, ոչ պաղ։ Որեւէ յոգնութիւն աչքիս չէր երեւար, երբ ասոր անոր քով կ՚աշխատէի։ 1905ին, երբ մեր սեփական տունն ունենալով Սկիւտար փոխադրուեցանք, առտու-իրիկուն ցեխն ու ջուրը կամ ամրան փոշին բարեւի կեցած, պար բռնած կ՚ըլլային ճամբաներուն վրայ։ Ծխելը շատ ուշ սկսայ, բայց երբ սկսայ, գլանիկները իրարու ետեւէ կը վառէի, բարեբախտաբար առանց ներս քաշելու։ Տարիներով օրական երեք տուփ, այնպէս որ շունչս կը կտրէր։ Պոլսոյ բանտին մէջ, երբ ինքզինքս վար նետելէ վերջ ողջ մնացի, ամբողջ 15 օր ամէն միջոց փորձեցի, սիրտս տկարացնելու, մեռնելու համար։ Զինադադարին նորէն գլխիվայր նետուեցայ յորձանքին մէջ, ինչպէս ըրեր էի Օսմ. Սահմանադրութեան ատեն։ Ոչ հանգիստ, ոչ կանոնաւոր վայելք։ 1922-24, երկու տարի Սոֆիա մնացի աչքերս գոց, ծանր հիւանդութիւն մը անցընելով։ Այնուհետեւ Փարիզ, ուր 15 տարուան ընթացքին հազիւ մէկ-երկու անգամ արձակուրդ ունեցայ (ամէնէն կարեւորը 1938ին, Նիս, մէկ ամիս)։ Երեք անգամ Պալքանեանները գացի,- երկու ամիս, վեց ամիս եւ երեք ամիս,- ամբողջ մտմտուքս եղաւ օր մը առաջ գործս վերջացնել եւ վերադառնալ։ Կարծես մեղք մը գործած կ՚ըլլայի, եթէ երկու շաբաթ ալ գիւղ մը կամ ջերմուկ մը քաշուէի։ Հրաւէրներն անգամ կը մերժէի։ Եւ զարմանալի չէ որ ոչ Ֆրանսայի հռչակաւոր փլաժները տեսած եմ, ոչ ալ ջերմուկները։ Տարի մը Կրընոպլ գացեր էի. դադարէ մը օգտուելով էքս-լէ-Պէն հանդիպեցայ։ Անընդհատ անձրեւ կը տեղար. բաղնիքը տեսայ, քանի մը գաւաթ տաք ջուր խմեցի եւ վերադարձայ 24 ժամէն,- բերնի հոտ մտիկ ընելու համար սրճարաններու մէջ։ Այսպէս նաեւ ամէն անգամ որ գաւառ կ՚երթայի, իբրեւ տեսակ մը «հոգեւոր հովիւ»։ Բարեկամներու սարքած պտոյտներն անգամ կարճ կապել կ՚ուզէի. կարծես աշխարհ կը փլէր, եթէ երկու շաբաթ վերջն սկսէի ամէնօրեայ աշխատանքս։
     Մէկ խօսքով, ամէն բան ըրած եմ ինքզինքս ժամանակէն առաջ մաշեցնելու համար, մարմնով թէ մտքով։
     Իսկ հիմա՞ «թեւս կը ցաւի, քունքս կը ցաւի…»։ Նաեւ տեսակ մը վախ,- «երթալոց եմ… թերեւս այս ձմեռ»։ Ինչո՞ւ զանազան տկարութիւներ կը նախապաշարեն միտքս, երբ տարիներով զանց առած եմ տարրական զգուշութիւններ։ Արդեօք անո՞ր համար որ պարապ եմ, անգործ, մօտ մէկուկէս տարիէ ի վեր եւ միտքս չի լարուիր որեւէ տենդով։ Անշուշտ վրաս ազդած են նաեւ 1940էն ի վեր պատահած մահերը՝ իմ ծանօթներուս շրջանակէն 12-15 հոգի։ Նմանապէս միտքս կը լլկէ ուրիշ ծանօթներու տառապանքի պատկերը,– Ահարոնեանը անդամալոյծ անկողին գամուած 1934էն ի վեր, Վահրամ Թաթուլը նոյնպէս կաթուածահար, Ս. Վրացեանի ձեռքերը անշարժութեան դատապարտուած, յօդացաւի հետեւանքով։ «Արդեօք ե՞ս ալ, քանի որ եթէ ոչ յօդացաւ, գոնէ տեսակ մը ջղացաւ (նեվրալժի) կը զգամ երբեմն, կուրծքիս վրայ, սրտիս մօտերը, աւելի վարերը, երբեմն ալ աջ կողմը»… Հապա տարիներով ծխած եւ թոքերս պատռելու աստիճան հազացած ըլլալս, որ անշուշտ բնական վիճակէն հանած է ե՛ւ թոք ե՛ւ սիրտ… Ու վերջապէս պատերազմական մթնոլորտը որ դեռ կը տեւէ ու կը թանձրանայ… «Գործս կէս մնաց», ըսած էր Անդրանիկ։ Իսկ իմ գործս ե՞րբ սկսաւ, ե՞րբ կը սկսի։ «Օր մը պիտի իյնամ առանց շօշափելի գործ մը ձգած ըլլալու ետեւէս».- Ահա այս մտածումն է որ կը կրծէ սիրտս։ «Բայց ո՞վ բռներ է ձեռքդ, աշխատէ՛»։ – Իրաւունք ունիս, աղա. բայց անգամ մը ծուռ սկսած եղայ. աղմուկի, շարժումի, տենդի մէջ անցաւ կեանքիս ամէնէն կենսունակ, բեղուն շրջանը, եւ հիմա դժուար կու գայ ամփոփուելու մատենադարանի մը անկիւնը, գլուխը կախ տքնիլ սեղանի մը առջեւ։ Օ՛դ, օ՛դ կուզեմ, տարածութիւն, անջրպետ։ Այս տեսակէտէն ո՜րքան բախտաւոր են հոս, աչքիս առջեւ, Նարդունին, անդին, Պուքրէշի մէջ՝ Սիրունին, աւելի հեռուն՝ Օշականը, որոնք շատոնց վարժուած չորս պատի մէջ աշխատելու, անվերջ կը պրպտեն ու կ՚արտադրեն։ Տես «Օրեր եւ ժամեր»ն անգամ կէս ձգեցի, մէկ շունչով 150 էջ գրելէ վերջ։ Տասը տեսակ ծրագիր իրար կը հրմշտկեն գլխուս մէջ։ Գիրք մը թղթատած, գիր մը սերտած ատեն գաղափար մը կը յղանամ, կը նշանակեմ թուղթի վրայ, եւ յետոյ…
     Ծոյլ չեմ, ոչ ալ ամէն բանէ յուսահատած։ Բայց տեսակ մը անհոգութիւն, ըրածիս չհաւնելու սովորութիւն կը ջլատեն կորովս։ Եւ օրերը իրիկուն կ՚ըլլան
մխալով…

31 Հոկտեմբեր 1941
Շաւարշ Սիսաքեան
Օրեր եւ ժամեր

 

ԾԵ. ՏԱՐԻ, 2016 ԹԻՒ 3

References
1 Երուանդ Խաթանասեան (խմբ.), «Դիւան Մեծ Եղեռնի», «Հայրենիք» ամսագիր, Դեկտեմբեր 1965-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1966։
2 Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012. մատենագիտական ցուցակ, աշխատասիրեցին Անդրանիկ Տագէսեան եւ Արմէն Իւրնէշլեան, Պէյրութ, 2012, էջ 249։
3 Hilmar Kaiser, “From Empire to Republic: The Continuities of Turkish Denial,” Armenian Review, Fall-Winter 2003, էջ 11-12
4 Շաւարշ Միսաքեան, Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը, Մարսէյլ, 2015։ Այսուհետեւ հատորէն քաղուած մէջբերումները պիտի յիշուին բնագրին մէջ իրենց էջաթիւով։
5 «Եղեռնը եւ Սոֆիայի Հայաստան թերթը» յօդուածին անդրադարձներուն համար, տե՛ս այժմ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր, Պէյրութ, 2014, էջ 637-638։
Աւելորդ չէ նշել, որ Միսաքեանի յուշագրութեան 1957-ի հրատարակութիւնը մեծաւ մասամբ (էջ 3-78) արտատպուած էր հետեւեալ հատորին մէջ՝ Սիմոն Հովիւեան, Ապրիլեան նահատակներուն շաւիղով, մատենաշար Հովիւեան թիւ 2, Պէյրութ, 1975, էջ 139-184
6 Ռ . Լեռնեան, «Մեծ աղէտի նախօրէին», «Հայրենիք» ամսագիր, Մարտ, Ապրիլ եւ Յունիս 1927. Նոյն, «Մեծ աղէտի օրերուն», «Հայրենիք ամսագիր», Դեկտեմբեր 1927, Մ ա րտ 1928 եւ Յունիս 1928։ Երկու յուշագրութիւններէն հատուածներ արտատպուած են հետեւեալ գիրքին մէջ՝ Արուեստաբան-գրող-հրապարակագիր Լիպարիտ Նազարեանց 1877-1947, կազմեցին՝ Եդուարդ եւ Մարկրիթ Յակոբեան, Գահիրէ, 1991, էջ 226-231։
7 «Կողմնակի միջոցներ»ուն մասին, Պըլտեան, առանց բացառելու կաշառքը, կը քննէ Յակոբ Օշականի այն վկայութիւնը, թէ ոստիկանութեան քաղաքական բաժնի ընդհանուր վարիչ Ռեշատ պէյը կաթնեղբայրն էր Շ. Միսաքեանի, որուն մայրը անկէ պահանջեր է, որ զաւակին մահը իրեն շնորհէ, «եթէ երբեք հեքիաթ չեն այս բոլորը», աւելցուցած է Օշական (էջ 118)։ Ուշադրութեան արժանի է, սակայն, որ Մուսթաֆա Ռեշատ (Միմարօղլու), ըստ թրքական Ազգային Մեծ ժողովի մէկ հրատարակութեան, ծնած էր 1878-ին, Կ . Պոլիս (TBMM Albumu, 1920-2010, 1. Cilt 1920-1950, Ankara, 2010, էջ 333), իսկ ըստ Հ. Քայզէրի՝ 1882-ին, Սելանիկ (Kaiser, “From Empire to Republic”, p. 9)։ Պոլիս թէ Սելանիկ, հարկ է քննել, թէ ինչպէ՞ս Ռեշատի ճանապարհը խաչաձեւած կրնայ ըլլալ 1884-ին Զիմառա (Սեբաստիոյ նահանգ) ծնած Շ. Միսաքեանի հետ, որ 1890-ին փոխադրուած է Պոլիս հանդերձ ընտանեօք, երբ ենթադրեալ թուրք կաթնեղբայրը 8 կամ 12 տարեկան էր։
8 «Ցեղասպանութիւն» բառի կանխագոյն գործածութիւնը (բնականաբար՝ ո՛չ genocide իմաստով, այլ՝ «ցեղի սպանութիւն») գտած ենք հետեւեալ աղբիւրին մէջ՝ Մ. Յ. Անանիկեան, «Ազգային ճգնաժամը
եւ քրիստոնէութեան պատգամը», «Կոչնակ», Ապրիլ 22 1916, էջ 422։