Նորվան արք. Զաքարեան իր «Առաջին ընթերցում Գրիգոր Պըլտեանի Կրկնագիր մարդը» վերնագրով յօդուածին մէջ («Բագին» 2016, թիւ 1-2) հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ այս հատորը։ Ան մեզի կ՚ընծայէ տարբեր շերտերը այս եզակի գործին, որուն մէջ կ՚ուրուագծուին ինքնութեան հարցը, օտարութիւնը, եւ այդ օտարութեան փորձառութենէն վերածնող մարդը։
     Չեմ ուզեր գիրքին նիւթը դարձեալ ներկայացնել հոս, այլ կ՚ուզեմ Կրկնագիր մարդը Կարդալ աւելին
Արձակի շարքէն Գրիգոր Պըլտեանի «Կրկնագիր մարդը» ութերորդն է, լոյս տեսած 2015 սեպտեմբերին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն։ Հատորին առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ հրատարակութենէն քանի մը օր ետք, Պէյրութի մէջ, Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ։ Իմ աշխատանքս այստեղ գիրքի... Կարդալ աւելին