ԱՌԱՋԻՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ «ԿՐԿՆԱԳԻՐ ՄԱՐԴԸ»

Արձակի շարքէն Գրիգոր Պըլտեանի «Կրկնագիր մարդը» ութերորդն է, լոյս տեսած 2015 սեպտեմբերին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն։ Հատորին առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ հրատարակութենէն քանի մը օր ետք, Պէյրութի մէջ, Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ։ Իմ աշխատանքս այստեղ գիրքի նմանօրինակ ներկայացում մը պիտի չըլլայ։ Միւս կողմէ չեմ խորհիր, որ առաջին ընթերցում մը բաւական է թափանցելու անոր։ Ուրիշներ ալ պէտք են, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ գաղափար մը կազմել մեզի առաջարկուած գիրքին մասին։ Առ այժմ՝ մեկնելով իմ տպաւորութիւններէս, կ՚ուզեմ անդրադառնալ անոր մէջ արծարծուած քանի մը խնդիրներու, որոնք զիս հետաքրքրեցին։

     Ծաւալուն, լայն տարածքով գործի մը առջեւ կը գտնուինք։ Մուտքին՝ գիրքի հատորին մէջ գործածուած տառէն տարբեր տառով «Յառաջաբան» մը։ Յետոյ՝ հայերէնի կողքին, խօսակցութեան մէջ, ֆրանսերէն, սպաներէն, անգլերէն։ Առաջին գլուխէն, փարիզեան ճաշարան մը, ուր կը յայտնուի պատմողը, կը սկսի տպաւորիչ համայնանկարը։

     Ընթերցումը ոստում մը պէտք է ընէ, որ կարենայ համապատասխանել այցելութեան մը՝ Միքէլ Անճելոյի Սիքսթինեան տաճար։ Փոխանակ դիտելու այն կոթողային որմնանկարը, որ կը ցոլացնէ առաստաղէն մինչեւ չորս պատերու ընդհանուր մակերեսին վրայ տարածուած աստուածաշնչական պատմութեան գլխաւոր դրուագները, դուք պիտի տարուիք ըմբոշխնելու որմնանկարային միեւնոյն շքեղութեամբ օժտեալ վիպական հսկայ գրութեան մը երեսուներկու դրուագներու ընթերցումը, փռուած՝ վեց հարիւր պատերու, դուք հասկցէք էջերու վրայ։

     Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեան ընծայուելու համար, անհրաժեշտ չեն անպայման նախնական ծանօթութիւններ։ Լաւագոյնը պիտի ըլլար տարուիլ գիրքի թափէն։ Անհրաժեշտ կը նկատեմ ըսել, որ «Գիշերադարձ» կոչուած պատումներու շարքէն ամէն նոր գործ կրնայ կարդացուիլ առանձին, իբրեւ առանձին միաւոր, որ իր ներքին աշխարհը ունի, իր խնդիրները։ Բայց նոյն ատեն կը յարաբերի ամբողջի մը հետ, որ միւս պատումներով կազմուած է։ Էլմոն մը կամ Անթիքա մը կամ ուրիշ կերպարներ կ՚երեւին առաջին անգամ շարքի առաջին հատորին՝ «Սեմեր»ուն մէջ։ Ամէն բան այնտեղ տրուած է կարդացողին։ Բայց անիկա շատ պիտի շահի, եթէ ծանօթ ըլլայ յաջորդ գործերուն՝ օրինակ «Նշան»ին կամ «Պատկեր»ին, ուր այդ կիները նորէն կը յայտնուին տարբեր տեղեր ու տարբեր վիճակներու մէջ։ Երկրորդ անգամ երեւելով անոնք կը դառնան աւելի լիարժէք կերպարներ, որովհետեւ քանի մը հարիւր էջէ ետք անոնք խորացած են։

     Առաջին գործերը կը վերաբերին գրող-պատմողի մանկութեան ու պատանութեան շրջանին։ Աւելի ետքինները կը բերեն երիտասարդական շրջանը, իսկ վերջինները՝ «Շրջում», «Կրկնագիր մարդը» կը լուսաւորեն արդէն հասունութեան տարիները։ Պէտք է սակայն նկատի ունենալ կարեւոր կէտ մը. այս շրջանները, այս ժամանակները անջատ-անջատ չեն գար, անոնք կը խառնուին իրարու, կը մտնեն իրարու մէջ, ինչպէս մեր յիշողութեան մէջ արձանագրուած դրուագները անպայման չեն հետեւիր ժամանակագրական խիստ կանոններու։ Մեր մտածումներն ալ ազատ կ՚ընթանան։ Ազատ կը շրջին։ Պէտք է խորհիլ, որ ժամանակի կտոր մը մինակը չէ. անոր տակը կամ մէջը կը գտնուի միւսը։ Մեծ վարպետ մըն է Գրիգոր Պըլտեան՝ մտքի ներշնչումով իջնելու դէպի վար, դէպի անցեալ, եւ գործօն, ինքնագիտակից վերելքով մը, բռնելու անոր ներքին, ինքնուրոյն ժամանակը եւ պահելու զայն գրութեան ժամանակին մէջ։ Բոլոր ժամանակները միասին են ուրեմն՝ յանուն ներկային։ Ներկան ալ գիրքի ժամանակն է։ Այս ձեւով հասկնալի են բայերու ժամանակներուն յանկարծակի փոփոխութիւնները, ներկայէն յարակատարի անցեալը կամ անցեալ ապառնին։

Մեծ վարպետ մըն է Գրիգոր Պըլտեան՝ մտքի ներշրջումով
իջնելու դէպի վար, դէպի անցեալ, եւ գործօն, ինքնագիտակից
վերելքով մը, բռնելու
անոր ներքին, ինքնուրոյն ժամանակը
եւ պահելու գայն գրութեան
ժամանակին մէջ։

     Մենք այստեղ նկատի ունինք միայն այս վերջին հատորը։ Մեր նպատակը հոս չի կրնար ըլլալ թափանցել Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեան մէջ առկայ բազմաթիւ թաքուն ծալքերուն, որոնցմէ մէկն է, օրինակի համար, այդ արձակին յարաբերութիւնը բանաստեղծութեան հետ։ Այս բանաստեղծութեան փորձած եմ մօտենալ ուրիշ հատորներու մէջ եւ չեմ ուզեր վերադառնալ։ Ուրիշ թաքուն ծալք է նաեւ բանաստեղծականին կապը պատումին հետ։ Խնդիրը ներկայ է «Գիշերադարձ»ի բոլոր հատորներուն մէջ։ Յիշատակեմ թաքուն երրեակներ.– Ձայն/ խօսք/լեզու. Սկիզբ–ծագում/Ծնունդ–զարգացում/Վերադարձ-էութիւն.Գիշեր-մութ/Լոյս-արեւադարձ/Գիշերադարձ–շրջում։ Ասոնցմէ ամէն մէկուն նիւթը կրնայ դառնալ առանձին քննութեան առարկայ։ Ասիկա մեր ծրագիրէն դուրս է։

 

ՆԵՐՍԻ ԱԶԳԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

     Պիտի չպատմեմ «Կրկնագիր մարդը»ին բովանդակութիւնը։ Երկու խօսքով կ՚արժէ ըսել արտաքինը։ Ազգագրութեան ուսանող մը, որ պատմութիւնը պատմողն է, փարիզեան ճաշարան մը կը յաճախէ համալսարանական աշխատութեան մը համար։ Հոն կը հանդիպի մեքսիքական հին լեզուի, «նաուաթլի» մէկ մասնագէտին, որ կը փնտռէ այդ լեզուի պատկերանշաններուն գաղտնիքը։ Գիրքը կը ծնի այս կէտէն։

     Պատումին աշխարհը դուրսէն տեսնուած հայկական չէ։ Առաջին անգամ չէ, որ Պըլտեան օտար տիպար մը կ՚ընտրէ. «Շրջում»ին մէջ կային Ժան-Լիւքը եւ Սառան, ուրիշներ ալ։ Անմիջական շրջապատը Փարիզն էր, ինչպէս ներկայ պարագային։ Վերջին պատումին մէջ այս ձգտումը գացած է աւելի հեռու։ Գլխաւոր կերպարը մեքսիքացին է, ասոր գիւտը, ասոր լեզուն, ասոր ժողովուրդին պատմութիւնը առանցքն է գիրքին, Նոր աշխարհի գրաւումէն ետք եւ այդ մեծ Ազթէք կայսրութեան անկումէն։ Ասիկա տեսակ մը խորքը կը կազմէ եւ շատ մը կէտով հանգիտութիւններ կը պարզուին հետզհետէ հայաշխարհին հետ, ինչպէս գրուած է հատորին մէջ։ Գիրքին մէջ ազգագրութիւնը, գաղթատիրութիւնը, չքացող համայնքները, օտար աշխարհներու նուաճումները շատ մեծ տեղ կը գրաւեն։ Կը սխալի՞մ եթէ ըսեմ, որ ազգագրութիւնը մեկնակէտն է։

     Գրիգոր Պըլտեան ինչո՞ւ կը նախաձեռնէ ազգագրութեան թեմայով այս կոթողային գործին։ «Իբրեւ յառաջաբան»ին մէջ որոշ չափով տրուած է պատասխանը այս հարցումին։ Եթէ մէկը սկիզբէն հետեւած է Պըլտեանի գրական կեանքի հետքերուն, կասկած չ՚ունենար, չի վարանիր եզրակացնելու, թէ անոր ստեղծագործութեան ընթացքը պիտի յանգէր այս կէտին։ Բանաստեղծականէն արձակին դարձը պիտի քօղազերծէր, համարձակութիւն տար դուրս գալու, ըսելու այն, ինչը որ դժուար թէ բանաստեղծականին միջոցով յաջողէր դրսեւորել։ Ազգագրութիւնը, իմ հայեցակէտովս, կը դնէ տարբերութեան խնդիրը, օտարի հետ կապի խնդիրը, օտարութիւնը՝ ընդհանրապէս։ Ասոնք թեմաներ են, որոնց ընթերցողը հանդիպեր էր արդէն հեղինակին միւս գիրքերուն մէջ, «Վայրեր»ուն կամ «Մանտրաներ»ուն։ Տեսաբանական ձեւերով ալ կը գտնուէր հեղինակի ֆրանսերէն հատորին՝ ֆրանսահայ գրականութեան յատկացուած։ Ազգագրութիւնը հատորին մէջ կապուած է Սփիւռքի հարցին, օտարութեան հետ շփումի խնդիրին։

…գրելը Պըլտեանի մօտ, իբրեւ արարքը խօսքին,
սեւեռակէտ ունի հաւաքական
սպանդը, աղէտը,
ուրկէ կը սերի ամէն
ինչ հեղինակին համար,
գրականութիւնը ներառեալ։

     Ինչպէս միւս բոլոր գործերուն մէջ, «Կրկնագիր մարդը»ին մէջ աւելի բացայայտ, խնդիրը զետեղուած է խորքի մը վրայ, որ ամբողջ ժողովուրդի մը մշակոյթն է, հաւաքական գոյութիւնը։ Իսկ այդ գոյութիւնը սերտ կերպով շղթայուած է կորուստին, մահուան, աղէտին։ Նոր չէ բնաւ. գրելը Պըլտեանի մօտ, իբրեւ արարքը խօսքին, սեւեռակէտ ունի հաւաքական սպանդը, աղէտը, ուրկէ կը սերի ամէն ինչ հեղինակին համար, գրականութիւնը ներառեալ։ «Կրկնագիր մարդը»ի «Յառաջաբան» էջին մէջ, որ ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ մեքսիքացի Խոագին-Յովակիմի ինքնակենսագրական գիրքին յառաջաբանին գրուած քանի մը պարբերութիւնները (գլուխ ԻԹ. գիրքը ի վերջոյ պիտի չգրուի, ձեռագիրներն ալ պատմողը պիտի ուզէ ղրկել տիրոջը, Յովակիմին, բայց Յովակիմ կը մեռնի.), ըսուած է հետեւեալը. «Ասիկա համեստ աշխատանքն է մարդու մը որ զարմացած է եւ կը շարունակէ զարմանալ թէ ինչպէ՞ս ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը, իր մշակոյթով, իր լեզուով եւ լեզուն արձանագրելու միջոցներով չքացաւ քանի մը տարիէն։ «Իմ նախնիներս.» (ԿՄ, էջ 10)։

     Ուրեմն՝ սկիզբը գոյութիւն ունի քաղաքակրթութեան մը անկումին աղէտը։ Անոր առջեւ գիտնականը կը սգայ այս չքացումը, բայց չի վհատիր. ինքն ալ չափով մը ժառանգորդ է, այդ քաղաքակրթութեան վերջին վկաներէն մէկը. կարծէք վրէժ կ՚ուզէ լուծել անկումի հեղինակներէն։ Ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի այդ հին մշակոյթի պատկերանշաններու վերծանումի խնդիրը, որովհետեւ ազթէք մշակոյթի ոչնչացումի ընթացքին այրած են նաեւ ձեռագիրները։ Շատ քիչեր փրկուած են։ Կորսուած է նաեւ պատկերանշաններու բանալին։ Ասոր փնտռտուքը ունի մէկ նպատակ. Հեր- քել մահը նախնիներուն, որովհետեւ աւերումին հաստատումը չի բաւարարեր զինք, վերադարձ մը լեզուին նախապայման է, լեզուն բանալու կորսուածին, կորսուածը վերագտնելու։ Խնդիրը, կը տեսնէք, մեզի ծանօթ նիւթ կը շօշափէ։ Սփիւռքեան գրականութեան պըլտեանական ուղեգիծը այս չէ՞ր, սեւեռել աղէտի շրջումը, իսկ աղէտին շրջումը կը յաջողի, եթէ յաջողի կրկնագրել ներկայի մէջ ազգագրութիւնը։ «Կրկնագիր մարդը»ի ծրագիրը կը հիմնուի ասոր փորձառութիւնը ընելու։

     Ո՞վ է այս մարդը, որուն ածական կը տրուի կրկնագիրը։

     Որքան գիտեմ, կրկնագիր կը կոչուի մագաղաթէ գրչագիրի մը գրուածին տակ եղող ուրիշ ձեռագիր գրութիւն մը։ Երբ հին մագաղաթ մը կը գործածուի երկրորդ անգամ, գրիչը կը ջնջէ նախկին գրութիւնը եւ կը գրէ նոր մը, որ հինին հետ որեւէ կապ չ՚ունենար։ Նման երեւոյթներ կան մեր հին մատենագրութեան մէջ։ Բանասէրը, օրինակի համար Ներսէս Ակինեան—որուն անունը կայ գիրքին մէջ—հին գրութիւնը կը յաջողի վերծանել կարդալով անոր ձգած հետքերը մագաղաթին վրայ։ Գոյութիւն ունի օրինակ Ագաթանգեղոսի կրկնագիր մը, զոր բանասէր մը յաջողած է վերծանել։ Իմ հասկցածովս հեղինակը այս իմաստը փոխադրած է գիրքէն մարդուն։ Յովակիմ գիտնականը ազթէքեան հազուագիւտ գրչագիրներուն տակ կը փնտռէ պատկերանշաններուն լեզուն. կորսուած այբուբենը։ Մեր պատմող-ուսանողը կը ջանայ գրել Յովակիմի ինքնակենսագրութիւնը, ինչպէս Կորիւն Սքանչելի գրած էր Մաշտոցի Վարքը։ Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ դէմքի մը տակ ուրիշ դէմք մը գոյութիւն ունի, ինչպէս որ երեւելի գրութեան տակ՝ աներեւոյթ ձեռագիր։

     Հակառակ ներքին խախտումներուն՝ հատորին գլուխները կը հետեւին ժամանակագրական կարգի մը։ Այս կէտին մէջ «Կրկնագիր մարդը» տարբեր կ՚երեւի «Շրջում»էն, ուր դրուագներուն միջեւ ժամանակագրական կանոնը չէր յարգուած։ Նշեցի, որ ժամանակները յաճախ կը խառնուին, ընդհանուր գիծը պահպանելով հանդերձ։ Ասիկա ընթացք մը կ՚ըսէ, ուղեցոյցի դեր կը կատարէ։ Այսպէս է, որ հատորը կը սկսի ինքնակենսագրական գիրքի մը ծրագիրով, կը շարունակուի գիրքի երկունքին պատրաստութիւններով, յետոյ, գիրքի նախավերջին գլուխին մէջ կը կարդանք անոր վիժումը։ Երկար նամակ մըն է ասիկա, ուր պիտի ուզէի անդրադառնալ ուրիշ ընթերցումով մը։

     Ըսի արդէն վէպը կը բացուի ճաշարանի մը պատկերով։ Խօսողը կը խօսի երկրորդ դէմքով, ինքնիրեն. Երկրորդ դէմքով մենախօսութիւն։ Մարդաբանական-ազգագրական դասընթացքի ուսանողը, շաբաթը քանի մը անգամ կը յաճախէ այդ ճաշարանը տարբեր օրեր տարբեր ժամերու։ Հոն տեղի կ՚ունենայ հանդիպումը Սենեօր Յովակիմ անուն, մարդաբան-ազգագրագէտ գիտնականին, որ իր ինքնակենսագրութիւնը գրելու առաջարկ կը ներկայացնէ օր մը։ Երկար վարանումներէ ետք, տատամսումի անձկութեան ժամեր եւ օրեր կ՚անցընէ պատմողը, մինչեւ որոշում տալը։ Որոշում տալու դժուարութիւնը պիտի գար նաեւ այն հարցման նշաններէն, զորս ինքզինքին ուղղած էր ազգագրութեան դասապահերուն, եւ որոնց պատասխանը չէր գտած տակաւին։ Դասախօսը օր մը ըսեր էր.-
     «…ազգագրութիւնը կոպեռնիկեան շրջում մը պէտք է կատարէ. միայն հեռաւոր տոհմերու կամ ազգախումբերու գիտութիւն մը չի կրնար ըլլալ ու մնալ, էքզոթիքը՝ տարաշխարհիկը մեր առօրեային մէջ է» (ԿՄ, էջ 12)։
     «…Մեթոտոլոժիք այլուրութիւն մը պիտի ստանձնէիր, կէտի մը վրայ պիտի համընկնէիր անոր, նոյնանայիր, պիտի տարաշխարհուէիր՝ մնալով հանդերձ այն որ էիր. առանց նոյնացման ի՞նչ ազգագրական ճանաչում» (ԿՄ, էջ 18)։
     Կատարելիքը ներքին ազգագրութիւն մըն է։ Խնդիրը այլեւս հեռաւոր երկիրներ երթալուն չի վերաբերիր։ Մօտիկ աշխարհն է այլեւս տարաշխարհիկը։ Ասիկա թելադրանքի մը բնոյթը ունի գրողին համար. Գրելը մօտիկին մերձենալ է իբրեւ թէ անիկա այդ մօտիկը հեռուն ըլլար։

 

Շրջապտոյտներ

     Մինչ այդ՝ տատամսումի այս հոգեվիճակը պիտի ստիպէ պատմող-ուսանողը, որ հանդիպելու երթայ ծանօթ վիպասան՝ պարոն Ղեւոնդին անոր կարծիքը շօշափելու համար։ Պարոն Ղեւոնդ արդէն անգամ մը երեւցած էր «Շրջում»ին մէջ։ Ասիկա անոր երկրորդ գալն է։ Տատամսումը կը բացատրուի անով, որ պատմողը ներքնապէս կիսով չափ յօժարած է արդէն ընթացք տալու եղած առաջարկին։ Այլապէս ի՞նչ իմաստ ունի տատամսիլը։ Իսկ ինչո՞ւ հաստատակամ չէ, արդեօք նիւթի՞ն ծանօթ չէ։ Ընդհանրապէս մարդ կը խորհի թէ ամէն վարանում յառաջ կու գայ ճանաչումի պակասէն։ Բայց այս պարագային հակառակն է։ Գրողը հեռու է վերջնական որոշում առնելէ, որովհետեւ կը ճանչնայ առաջարկին մասնայատուկ դժուարութիւնը։ Հետեւաբար պիտի ըսէի որ վարանումը յառաջ կու գայ ոչ թէ ճանաչումի պակասէն, այլ ճանաչումէն։ Կենսագրութիւն չէ որ պիտի գրէ։ Կենսագրութիւնը կը գրուի երրորդ դէմքով։ Պիտի գրէ ինքնակենսագրութիւն։ Ուրիշ խօսքով, պիտի գրէ գիտնականին եւ մարդուն մասին, ըսել կ՛ուզեմ մարդուն “ինքզինքութեան” մասին։ Պէտք է ձեւացնէ որ Յովակիմ գիտնականը ինք կը գրէ. պէտք է ըսէ Ես։

Հայաշխարհը, հեղինակին համար շտեմարան մըն է
կարծէք ուրկէ կ՚առնէ
ինչ որ կ՚ուգէ, գայն կը վերածէ
վէպի
ատաղձին եւ կը կերպարանափոխէ։
Այս ստեղծումն է անշուշտ, որ կշիռ կու տայ
Գր. Պըլտեանի արուեստի
ընկալումի գործառոյթին
եւ
ծանրութեան։

Ինքնակենսագրութիւնը կը գրուի առաջին դէմքով, ընդհանրապէս։ Եթէ միայն գիտնականի կամ անոր գիտական աշխատութեան վերաբերէր, շատ հաւանաբար այդքան տատամսելու պատճառ պիտի չըլլար. բայց ճանաչումը, գիտակցութիւնը ինքնակենսագրական նիւթի անտիրապետելիութեան մասին, պիտի մղէ պատմողը դիմելու փորձառու մարդու կարծիքին։ Վիպասանի՛ն։ Այս գրառումը թելադրութիւն մը կ՛ենթադրէ։ Կը թելադրէ թէ գրող մը միշտ պէտք է ունենայ իր գրածին տիրապետութիւնը, որ կը պայմանաւորուի ընելիքին կատարեալ ծանօթութեամբ եւ ճանաչմամբ։ Իսկ ի՞նչպէս կարելի է ձեռք բերել այդ տիրապետութիւնը։ Պարոն Ղեւոնդի կարծիքը այն է թէ գրելը արկածախնդրութիւն մըն է որուն պիտի նախաձեռնես, վճռակամութիւն կը պահանջէ եւ պիտի ճակատիս ձեռք բերելու համար զայն։ Ահա ինչ կ՚ըսէ փորձառու վիպասանը սրճարանի մէջ երկար խօսակցութեան մը ընթացքին. «… Ես տեղդ ըլլամ այդ գործը հայտէ‐հայտէ կ՛առնեմ, ինչո՞ւ պիտի վարանիմ, ա՛ռ ու նետուէ՛, եղաւ գնաց, յետոյ ատեն կ՛ունենաս մտածելու… հա՞րց ըսիր, ի՞նչ հարց, տղայ, ինքնակենսագրութիւնը խնդիր է՛ կ՛ընդունիմ, ապստրէ խնդիր, անոր կարելիութեան պայմանները՝ այնպէս ինչպէս կ՛ըսէք, դուք, փիլիսոփաներդ… աս ալ գիտցի՛ր որ գրողի մը համար միայն գրած ատենը խնդիրը կը լուսաբանուի, առաջուընէ չըլլար, փորձառութիւնը հո՛ն է, եթէ ոչ ինքզինքդ պատի առջեւ կը դնես. մեր հայաստանցիները աղուոր բառ մը ունին՝ դուն քեզ կը խցկես…» ( ԿՄ, էջ 95)։

     Վիպասանի կողմէ արկածախնդրութեան թելադրանքը շատ հաւանաբար պիտի քաջալերէ գրողը վճռակամ որոշում առնելու։ Միւս կողմէ կը խորհիմ որ գրողը պիտի տրամադրուի, որովհետեւ ինքնակենսագրութեան մասին իր ունեցած թէորիք տեսակէտը գործնականապէս ճանչնալու առիթ պիտի ըլլայ։ Ուրեմն՝ ինչո՞ւ չգրել ինքնակենսագրութիւնը մէկու մը որ ինք կարող չէ ատիկա ընելու եւ դիմած է ուրիշի մը օգնութեան։ Ինչո՞ւ այս “նեկրի” խաղը չխաղալ։ “Նեկր” կը կոչուի Ֆրանսայի մէջ ուրիշին հաշւոյն գրողը, որ գործ մը չի ստորագրեր իր անունով։ Գրիչի դեր կը կատարէ առաւել կամ նուազ չափով, ասիկա կախում ունի պատուիրատուէն, որ պիտի ստորագրէ գիրքը։ Բայց այս սովորական դարձած երեւոյթը պատմող-ուսանողին համար խնդիր կ՚ըլլայ։ Ինքնակենսագրութիւնը կարելի՞ է։ Գրական գործի մը մէջ ի՞նչ չափով գրողը կրնայ մտնել տիպարին մէջ, որքա՞ն կրնայ այդ մարդուն ի՛նքը կենսագրել։ Պէտք է նշմարել որ հեղինակը շատ լաւ կը գործածէ հայերէնի երկու երրորդ դէմքով դերանուններուն տարբերութիւնը. Ան եւ Ինք։ Մէկը դուրսի մարդն է, միւսը ներսինը, ինչպէս պիտի ըսէր Պօղոս։ Կենսագրողը դուրսէն նկարագրողն է, ինքնակենսագրողը ներսէն խօսողը։

     Ի դէպ գաղափարի փոխանակումները վիպասան Ղեւոնդի հետ, տեղի կ՛ունենան շրջապտոյտով Փարիզի փողոցներուն մէջ եւ սրճարաններ յաճախելով։ Ընդհանրապէս Գր. Պըլտեանի գրութիւններուն մէջ, պտոյտները յատուկ տեղ կը գրաւեն, մասնաւոր իմաստ կը զգենուն, կարծէք ճեմարանական վարժութիւններ են, դասընթացքներ, ուր բաներ կը սորվիս, կը յայտնաբերես։ Օրինակ վայրեր, տեղեր, մարդիկ, մանաւանդ Փարիզը։ Շրջումը ատոնք կը գործածէր արդէն։ Մեր հիները կը գործածէին ասացուածք մը որ կ՛ըսէր, կեանքի դպրոցը փողոցին, շուկային մէջն է։ Իսկ Պրն, Ղեւոնդ պիտի ըսէ.‐ “ … գրելը քիչ մը փողոցէն քալել է, մտածել, բաղդատել նորը հինին, նորագոյնին…” ( ԿՄ, էջ 87 )։ Ինչ որ վիպասանը կ՚ըսէ կրնանք նկատել վէպին անհրաժեշտ մտածողութիւն։ Անոր ըսածը վէպին ըրածին շատ մօտիկ է։ Իսկ հարուստ կենսագրութեամբ օժտուած պարոն Ղեւոնդին կերպարը գեղարուեստականօրէն քանդակուած, այնքա՜ն հարազատ է, որ մեկնակէտ ծառայած տիպարը մեր միտքին կը ներկայանայ նուազ փայլով։ Ստեղծուած կերպարը աւելի բարդ է քան իր բնատիպը. ասիկա չէ՞ կրկնագիրը։ Հայաշխարհը, հեղինակին համար շտեմարան մըն է կարծէք ուրկէ կ՚առնէ ինչ որ կ՚ուզէ, զայն կը վերածէ վէպի ատաղձին եւ կը կերպարանափոխէ։ Այս ստեղծումն է անշուշտ որ կշիռք կու տայ Գր.Պըլտեանի արուեստի ընկալումի գործառոյթին եւ ծանրութեան։

     Խօսակցութիւնները, նոյնիսկ պատահական նկատուողները, ճիշդ կը բանին գիրքի ուղեծիրին մէջ։ Դիպուածով տրուած մանրամասնութիւն մը յանկարծ նշանակութիւն կը զգենու։ Կրկնագիր Մարդը վիպական կոթողային որմնանկար մըն է, կ՛ըսէի, որովհետեւ իւրաքանչիւր էջի մէջ, նոյնիսկ ամենէն աննշան կարծուածին, այնքան իմաստ կայ թելադրութիւն։ Նախքան սրճարանի հանդիպումը՝ վիպասանն ու պատմողը կը քալեն Փարիզի թաղերէն եւ կը հասնին քարափի պուքինիստներ։ Հոն սովորաբար գրավաճառներու կողքին կ՚ըլլան նաեւ նկարիչներ։ Վիպասանը կը յիշէ Աւետիս մը որ ատենին հոն իր նկարները կը վաճառէր։ Տեսէ՛ք սա հատուածը, հայ նկարիչի մը ժխտական կերպարին ընդ մէջէն, որքա՛ն ուսանելի է դրական թելադրանքը.‐ “ … այդ մեր աւանակ Աւետիսը, ի՞նչ աւետիս, ի՜նչ աւետում, հազարաւոր մղոններով հեռու էր անունէն, ահա մէկը որ փառասիրութիւն չունեցաւ, ո՛չ, մեռաւ չծնած…/… ամեն մարդ զինքը գիտէր, ինքն ալ բոլորը, միայն թէ մէկ անգամ բերանը չբացաւ, հայ եմ չըսաւ, հասկցա՞ր, ինքն իրմէ ամչցող տեսակէն էր, վախկո՜տ…” (ԿՄ էջ 84)։ « Վախկո՜տ »։ Բառ մը չէ միայն ատիկա հոս գործածուած։ Ամբողջ հոգեխառնութիւն մը կը վերակենդանացնէ համայնքի կարեւոր մէկ զանգուածին ներաշխարհը կազմող, անոր ներքին իրականութիւնը։ Այդ օրերուն միայն նկարիչ Աւետիս մը չէր՝ հայ եմ չըսող, կար ամբողջ խաւ մը ենթարկուած՝ այդ հոգեբանութեան։ Այդ հոգեխառնութիւնը, Սփիւռքի մէջ ուրիշ տեղեր ալ ներկայ, նոյնքան կենդանի իրականութիւն կը դառնայ այստեղ գրուելով, կը թարմանայ, կը վերակազմուի, կը թրթռայ, ընթերցողը կը գտնէ իր առջեւ շրջանի մը մտայնութիւնը որ տարաւ այլասերումի։ « Վախկո՜տ »։ Վիպասան կը պախարակէ բոլոր անոնք որոնք կը մերժէին իրենց իսկ իրականութիւնը։ Իրենք զիրենք կը հերքէին։ Ինչէ՞ն կը վախնային Աւետիսը եւ Աւետիսին նմանները երբ կը բացակայէին արտաքին վախազդու, մահազդու սպառնալիքներ։ Ուրկէ՞ այս կրաւորականութիւնը։ Ներքին բարդոյթէ՞ մը որ կը ջնջէր Աւետիսի մը ինքնութեան հպարտութիւնը, փառասիրութիւնը՝ իր իսկ ծագումին հարազատութեան։

     Աւետիսի նման տիպարի յիշատակումը կապուած է ինծի համար օտարութեան մէջ ապրելու խնդրին։ Աւետիսներ իրենց ինքնութիւնը կ՚ապրին ամօթի ձեւին տակ ու կը ջանան զայն ծածկել։ Անոր կողքին կան ուրիշ արուեստագէտներ։ Անոնք ալ կը յիշուին. Լեւոն Թիւթիւնճեան,Մելքոն Քէպապճեան, Նշան Պէշիկթաշլեան… Պիտի գրուին շրջապտոյտի այս ընթացքին Պրն. Ղեւոնդի տպաւորութիւնները փարիզահայ դպրութեան մօտակայ անցեալի ներկայացուցիչներու կամ գրողներու մասին, Արշամ, Խաչիկ, Զարեհ, Մեսրոպ, Փայլակ, Նիկողոս։ “ Ի՜նչ ժողովներ ըրինք “Հրահաւին” համար, անունը Նիկողոսը գտեր էր շատ գոհ էր ատով, կրակին մէջէն անցեր էինք բոլորս, հոս ափ առեր էինք, գետը կը հոսէր, կը տանէր մեր խորտակուած անցեալը, ի՜նչ ծրագիրներ,ազգը, գրականութիւնը պիտի փրկէինք… հայութիւն պիտի կերտէինք…” (ԿՄ, էջ 88)։ Իմ համեստ կարծիքով « Կրկնագիր Մարդը » ի կարեւոր գլուխներէն մէկն է հինգերորդ գլուխը, որովհետեւ “ … ազգագրութիւնը խառնակ ներկայի խնդիր” (ԿՄ, էջ 56 ) արդէն կը սկսի ուրուագծուիլ ծրագիրը այս գլուխով։

     Շրջապտոյտի ուրիշ ձեւ մըն է թանգարանի այցելութիւնը, ուր կը տիրէ տարբեր մթնոլորտ մը, բոլորովին տարբեր շրջանակ մը. ազգագրութիւնը հոս կապուած է գաղթատիրութեան, հակասեմականութեան, ազգայնապաշտութեան։ Պատմող-գրողը կը թափանցէ այդ աշխարհին, որ ամբողջ հաստատութեան մը ներքին միջավայրն է։ Գրողը շփումներ կ՚ունենայ Թանգարանի պաշտօնէութեան հետ (կիներու եւ այրերու արքունիք մը կայ հոն որ կը ներկայացուի մեզի), կը քալէ նրբանցքներէն, գրասենեակներէն, կ՛անցնի կղպուած գրադարաններու առջեւէն, պահեստարանի անցքերէ, ուր ցուցադրուած են Պօրօրօ, Ցիմցիան,Եանոմամ, Տոկան, Թահիթի, Ամազոնեայ եւ այլ քաղաքակրթութիւններէ, անհետացած ժողովուրդներէ մնացած զանազան իրեղէններ.‐« Կը թուէր թէ կը կտրէիր ամբողջ ազգագրութեան պատմութիւնն ու միջավայրը, արեւելքէն արեւմուտք»( ԿՄ, էջ 107 )։

     « Արեւելքէն արեւմուտք », աշխարհիս մէկ կողմէն միւսը, մէկ մշակոյթէն միւսը։ Ներքին, ներկայ ազգագրութիւնը որ գրուելու ընթացքի մէջ է, այլեւս չի կրնար միայն արեւելեան բնոյթ ունենալ, անիկա հրամայականօրէն օղակուած է այսուհետեւ արեւմտեանին հետ։ Ներկայ իրականութիւնն է։ Մտածումը կը սնանի այդ իրականութենէն։ Թէեւ ազգագրութիւնը իբրեւ գիտութիւն արեւմտեան է։ Եւ կարծէք դէպի անոր բացայայտումը կը կատարէ պատմողը շնորհիւ Յովակիմին, որ նոյնպէս կը կատարէ այդ քայլը։

     Գրողը թանգարանի մասնաւոր աշխարհին մէջ կը յայտնաբերէ այդ մարդկային գիտութիւնը, որ օտարի ճանաչումին կը ձգտի եւ կ՚ուզէ զայն պահպանել, արխիւային նիւթի վերածել, իւրացնել։ Անցեալ քաղաքակրթութիւններու թափանցումի մէջն է գրողը, որովհետեւ ատիկա անհրաժեշտ է Յովակիմի գիրքին համար։ Հին աշխարհի հմայիչ մշակոյթներու առջեւը կ՛ապրի պահեր, ուր մանկութեան յիշատակներ կը վերադառնան իրեն, համեմատութիւններ կը կատարուին, թաղի մօտաւոր անցեալի ծանօթներուն եւ հնադարեան այս իրերուն միջեւ, որոնք յանձնուած թանգարանի պաշտպանութեան մարդկային կեանք մը կը ներկայեն, կը վերադառնան ներկայի մէջ։ Կը յիշէ ծանօթները, մոռցուածները, անհետացածները, լքուածները, որոնք թէեւ չարժանացան թանգարանի պաշտպանութեան, բայց յանկարծ կրնային փողոցի ու մահուան քուլիսներէն յայտնուիլ։ « Անոնք ալ բառերու պէս էին, կը վերադառնային, մեռեալ լեզուով» (ԿՄ, էջ 115)։ Հոս կարճ հատուածի մը մէջ, շրջանի մը հայոց պատմութիւնը կը կազմուի, ոչ գիրքերու վկայութիւններով, այլ մտքին աչքերովը, շրջանի մը մարդոց որոնց կեանքը եղաւ մահուան կսկիծը։

     Թանգարանային, անսովոր միջավայրին մէջ գրողը կորսուած չէ, աչալուրջ կը հսկէ իր շուրջը, կը հետեւի աշխատաւորներու վարմունքին, մտայնութեան, անոնց նկարագրի գիծերուն, վարպետօրէն գծագրելով անոնց կենդանագիրը։ Կարծես կ՚ուսումնասիրէ ազգագրութեան տեղերը, այդ ամերիկագիտութեան հաստատութիւնը։ Ի՞նչ ընկալում ունին օտարականէն։ Կրնայ՞ին զանազանել օտարական ազգագրագէտը օտարական կենսագրողէն որոնք նոյնազգի չեն։ Ազգագրագէտը եւ գրողը գոնէ իրենք գիտէին անիկա, եւ թերեւս ասոր համար ալ աւելի մօտ են իրարու։ «Բոլոր օտարականները… եղբայր չե՞ն, յայտարարեր էր Յովակիմ, կը հաւատար ատոր,» (ԿՄ, էջ 128)։ Ազգագրագէտը որպէս քաղաքակրթութիւնը տարրալուծող վարժ է հետաքրքրուելու, փնտռելու, ճանչնալու օտարը, օտարին մշակոյթը, մանաւանդ երբ բոլորովին անծանօթ է կենսագրողի մշակոյթին, լեզուին։ « Կարելի՞ է… կ՛ուզեմ ձեր լեզուով գրուած գիրք մը տեսնել»(ԿՄ, էջ 129)։ Յովակիմին այս խնդրանքը քաղաքավարական հետաքրքրութիւն մը չի թուիր, հաճելի երեւելու համար չէ եղած, նոյնիսկ եթէ գիտնական մեքսիքացին, սկիզբը, տարաշխարհիկ կը գտնէ պատմող ուսանողին մշակոյթը, լեզուն, այբուբենը։ Կը հիանայ այդ լեզուին, կը հաւնի զայն, նոյնիսկ պահ մը կը ցանկայ սորվիլ երբ գրողը ոտանաւոր տողեր կ՚արտասանէ։ Մարդ կը կարծէ որ Յովակիմին համար պատմողը իր կարգին կը նմանի բնիկին որ ազգագրագէտները կ՚երթան ուսումնասիրելու։ Պէտք է ըսել որ Յովակիմն է որ կը մղէ պատմող-ուսանողը հետաքրքրուելու իր իսկ լեզուով, իր մշակոյթով, ասոր հիմնադիր՝ Մաշտոցով։ Ասիկա կ՚ըլլայ այն ատեն երբ կը խնդրէ պատմողէն որ թարգմանէ քանի մը էջ Կորիւնի գիրքէն։

 

Օտարութիւնը սորվիլ

     Ջանանք հետեւիլ այս շրջափոխութեան։ Ըսենք վերացական կերպով խնդիրը։ Ազգագրութիւնը կը հիմնուի երկու բեւեռներու վրայ. մէկը՝ բնիկն է, հարազատութիւնը է, միւսը՝ ուրիշը, օտարութիւնը։ Ազգագրութիւնը մօտեցումն է օտարին։ Անիկա այս վէպին մէջ կը կազմէ սփիւռքեան վիճակի շրջանակ։

     Նախ՝ ըսեմ որ Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեամբ մարդ կը սորվի օտարութեան իսկութիւնը։ Կեդրոնական թեմա է իր մօտ։ Առաջին անգամը չէ որ կ՛արծարծուի անիկա։ Այս վէպին մէջ սակայն օտարութեան փորձառութիւնը բիւրեղացած է։ Սփիւռքի մարդուն համար օտարութիւնը գոյութիւն է։ Չես կրնար ձերբազատիլ։ Այնքա՜ն իրաւ են տողերը երբ Գր. Պըլտեան, բանաստեղծական իր առաջին երկերուն մէջ կը գրէ,‐ « …լամբ կեդրոնական ուր կը ծնիմ շուքերու պաղ օտարութեան» (Հատուածներ «սենեակի» մասին, էջ 13)։ Իսկ դուք գիտէ՞ք որքան դժուար էր սերունդի մը համար, որ մերն էր այդ օրերուն, ստանձնել օտարութիւնը, երբ կ՛արգիլէին ամէն յարաբերութիւն օտարին հետ, երբ բառը հոմանիշ դարձած էր թշնամութեան։ Ազդուած ազգայինի պաշտպանութեան մտավախութենէն, այս մտայնութիւնը կը փոխանցուէր ոչ միայն ընտանեկան յարկերէն ներս, այլ նաեւ՝ ազգային վարժարաններու։ Մեր թաղի հայկական վարժարանին մէջ ես ունեցած եմ ուսուցիչներ՝ որոնք մեզի կը քաջալերէին արաբերէն չսորվիլ, միշտ միեւնոյն մտավախութեամբ որ չըլլայ թէ այլասերինք։ Սփիւռքի արեւմտեան հատուածին մէջ չկար շփոթը օտարութիւնը թշնամութիւն հասկնալու, բայց կար հակապատկերը, հայ մնալուն վախը։ Տեսանք նկարիչ Աւետիսի պարագան։ Իսկ հեղինակին համար՝ խնդիրը օտարութեան ծնիլն է, ոչ միայն անոր մէջ ծնունդ առնելը։ Պըլտեան գիտակից է որ ի ծնէ յարաբերութեան մէջ ենք այլեւս օտարութեան հետ։ Կ՚ուզէ ճշմարիտը ճանչնալ, վախ չունի անոր իրականութենէն, ահա իր մտասեւեռումը։ Օտարութեան եւ հարազատութեան հանդէպ երկդիմութիւնը կ՚ուզէ լուծել, օտարութիւնը չի հակադրեր հարազատութեան, զայն չի նկատեր վտանգաւոր, սպառնալից, որովհետեւ մեր ապրած իրականութեան մէջ համատեղ գոյութիւն ունին անոնք, եւ մտածել տարրանջատել զանոնք կը նշանակէ մերժել իրականութիւնը, իսկ մերժել իրականութիւնը պիտի նշանակէր անդամալուծել «հարազատ»ին ապագան, ինչ որ գրողին փնտռածին ճիշդ հակառակն է. փրկել «հարազատութիւն»ը սփիւռքի մէջ։ Դնել «օտարութիւն»ը եւ «հարազատութիւն»ը երկխօսութեան մէջ, ահա ճիգը գրողին։ Պըլտեան այս նիւթին փիլիսոփայական սահմանումովը գոհացողը չէ, կը սիրէ անոր փորձը ընել, ապրեցնել արձակին մէջ։

Ազգագրութիւնը կը հիմնուի երկու բեւեռներու վրայ.
մէկը՝ բնիկն է,
հարագատութիւնը է, միւսը՝ ուրիշը,
օտարութիւնը։ Ազգագրութիւնը մօտեցումն է օտարին։
Անիկա այս
վէպին մէջ կը կազմէ սփիւռքեան վիճակի շրջանակ։

     Այս գիրքը լուծումն է անորոշութեան դատապարտուած սերունդի մը լուսաւորման։ Ինքզինքի գիւտին։ Խառնածին սերունդի մը զաւակներուն մխիթարական գիրքն է ասիկա։ Միտքս աւելի լաւ բացատրելու համար ստիպուած եմ մանկավարժական լեզու գործածել։ Օրինակի համար ծնեալի մը կողմերէն մէկը հայ է եւ ոչինչ ունի ժառանգած հայկականութենէ. կ՛ապրի՞ երբեւիցէ իր հայկականութիւնը իբրեւ օտարութիւն ի դիմաց իր ֆրանսացի հարազատութեան։ Կա՞յ ճիգը ճանչնալու այդ օտարութիւնը որ իրն է։ Եթէ գիտակից է ենթական, ամենայն հաւանականութեամբ երկխօսութիւնը կրնայ տեղի ունենալ ֆրանսական հարազատութեան եւ հայկական օտարութեան միջեւ, որուն ընդհարումին ժամանակ կ՛որոշուի իր իսկ օտարութեան ընդունուիլը կամ մերժուիլը։ Պիտի արտայայտէ համակրանքն կամ հակակրանքը։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի է հակակրիլ օտարութեան մը որ քուկդ է։Արդեօ՞ք այս պարագային հակակրանքը կրնայ հականիշը ըլլալ համակրանքին։Երկու աշխարհներն ալ սեփական են։ Հրաժարիլ անոնցմէ մէկէն կը նշանակէ չգտնուիլ իրաւութեան մէջ։ Որքան ալ մէկը զօրաւոր ըլլայ մերժելու իր իսկ օտարութիւնը որ մասնիկն է իր հարազատութեան, չի կրնար իրմէ անջատել օտարութիւնը։

Այս գիրքը լուծումն է անորոշութեան դատապարտուած
սերունդի մը
լուսաւորման։ Ինքզինքի գիւտին։
Խառնածին սերունդի մը զաւակներուն մխիթարական
գիրքն է ասիկա։

     Կա՛յ օտարասիրութիւնը որ կը հակակրի հարազատութեան, անիկա երբ ոչ իմացեալ օտարասիրութիւն է, վտանգուած է ինքնութեան հարազատութիւնը, նոյնիսկ ճակատագրուած ջնջուելու։

     Արդ՝ Կրկնագիր Մարդը կոչ մը կը թուի յանուն իմանալի օտարասիրութեան։ Ըսել կ՚ուզեմ որ անիկա կ՚ըլլայ իմացական կերպով, իմացական սէրով մը։ Իսկ ի՞նչ հանգամանք վերագրելու է օտարութեան։ Պըլտեանին համար չկայ բացարձակ օտարութիւն։ Ազգագրագէտ դասախօսը օր մը Ամազոնիայի անտառներուն մէջ նոր ցեղախումբ մը յայտնաբերելէն ի վեր, ասոր բարբառին կու տայ ուրիշութեան չափանիշ օրինավիճակ մը, զայն կը դարձնէ բացարձակ օտարութիւն։ Կենսագրողը սակայն.‐ «իսկ եթէ բացարձակ էր օտարութիւնը՝ ինչպէ՞ս դարձեր էր մատչելի։ Գոնէ անգա՛մ մը միայն։ Այն ատեն չէ՞ր դադրեր օտարութիւն ըլլալէ» (ԿՄ, էջ 131)։ Եւ կը բերէ չափանիշ մը իր ժողովուրդէն, որ կրնար ազգագրագէտին համար նոր ցեղախումբի մը յայտնաբերումը ըլլալ. Աստուածատուր, Սուրմակ, Սրապիոն. գիւղացիներ, թաղին ժողովուրդը, Նազար,Կարապետ,Փիլիպպոս,Արեւիկ, Անթիքա, եւ մանաւանդ պարոն Յովակ, որ բանալիներու շղթան տափի մը պէս շարժելէն «կը շարունակէր արձակել իր նշանաւոր Բէնէլի՜ս, Բէնէլի՜ս միշտ հայերէն նոյնիսկ արաբական թաղերուն մէջ» (ԿՄ, էջ 132)։ Եթէ ազգագրագէտը այս յայտնաբերէր, այ՞ս ալ նկատի պիտի ունենար որպէս ուրիշութեան չափանիշ եւ այ՞ս ալ իբր բացարձակ օտարութիւն։ «Ստահակները՝ տանիքներէն, պատշգամներէն Յովակի՜ն‐Յովակի՜ն կը կոչէին» (էջ 132)։ Կարծէք կենսագրողը ազգագրագէտին ներքին լռութեամբ մը եւ քիչ մըն ալ հեգնական կը պատասխանէր. միթէ այ՞ս ալ բացարձակ օտարութիւն է։

ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԸ

     «Կրկնագիր մարդը» գործ մըն է մշտատեւ արարող, բանող, շրջող։ Անոնք, որոնք առիթը ունեցած են կարդալու հեղինակին «Շրջում» վէպը, այն տպաւորութիւնը կ՚ունենան, թէ առաջինը երկրորդին շարունակութիւնն է։ Մենք կ՚անցնինք մէկ տեղէն միւսը, մէկ օտար պատկերէ ուրիշ մէկ հարազատի։ Եզրերը անդադար կը շրջուին։ Արդէն նշմարեցինբ, թէ ինչպէ՞ս Յովակիմ անունը կը բերէ փականագործ Յովակը եւ ասոր բանալիները կը յիշեցնեն մեքսիքացի գիտանականին փնտռտուքը մեքսիքական հին այբուբենի գաղտնիքներուն։ Ասիկա օրինակ մը չէ՞ կրկնագրութեան։ Ուրիշ պարագայ մը եւս. Մաշտոց չէ՞, որ կը փնտռէր հայոց լեզուի բանալին, անոր այբուբենը, անոր գաղտնիքը։
     Հարազատը կրկնագիրը չէ՞ օտարին։ Հասկնալի է, պիտի չթուեմ բոլորը. անցեալ, ներկայ, ապագայ կը գործեն, կը բանին ներկայի մէջ։ Այլազան ժամանակներու դէպքերը, հեռաւոր կամ մօտաւոր անցեալի, ներկայի հանդիպումները կամ գալիքի ծրագիրները, տարբեր վայրերը, երկիր, Պէյրութ, Փարիզ, շրջապատը կ՚ընդելուզուին, ամերիկագիտութեան իրականութեան կողքին կամ դիմացը կը յայտնուին հայագէտ, արուեստի պատմաբան մարդիկ, նոյնիսկ հանրածանօթ գրավաճառ մը։ Կը գրուի հայկական մատենադարանի մասին, խօսակցութիւնը կը դառնայ փարիզեան Հայաստանին է՛ն մեծ գիտնականին մասին, Պոլիսէն եկած (անունը վերջը պիտի տայ), յետոյ օրդ. Սիրարփիին՝ մանրանկարչութեան մասնագէտի մասին, ուսանողական միութեան կազմակերպած դասախօսութիւններուն «…երբ մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն, նորոգուող հայութիւն սերտել ու կիրարկել կը հետապնդէինք» (ԿՄ, էջ 144)։ Կը շարունակուի էջին մէջ գրուիլ դասախօսութիւնը մանրանկարչութեան վերաբերեալ, Մլքէ թագուհիի աւետարանին, Աղթամարի սուրբ խաչի, արուեստի սկզբնաւորութեան, Երուսաղէմի ձեռագիրներու գողութեան եւ անհետացման եւ տակաւին ուրիշ դէպքերու մասին։ 144-էն մինչեւ 151-ի էջերը ցոյց կու տան Պըլտեանի գրական իրագործումի վարպետութիւնը։ Շրջում մը, պիտի ըսէի, կրկնագրութեան շուրջ։ Այսպէս՝ կը գրուի ներքին ազգագրութեան միախառնուած ար-
տաքին ազգագրութիւնը։
     Կ՚անցնիմ տակաւին այն փայլուն էջերուն վրայէն, ուր պատմողը կ՚այցելէ Librairie Orientaie-ի խնդիր Վարք Մաշտոցիի օրինակին, կամ այցելութիւն մը տիկին Արտայի բնակարանին։ Բանաստեղծուհի, ազգային գործիչ, համայնագիտարանի աշխատաւոր, տիկին Արտան, վիպասանէն շատ տարբեր կերպար մըն է, հայաշխարհի, ինչպէս կ՚ըսէ հեղինակը, ներկայացուցիչներէն մէկը, որուն ստեղծագործական կեանքը հասած է ձախողութեան։
     Այդ այցելութիւնները կապուած են, ըսի, Կորիւն Սքանչելիի «Վարք Մաշտոց» գրքի փնտռտուքին։ Որպէսզի հասկնայ այս պատմող-օտարականը, Յովակիմ կ՚ուզէ հայոց լեզուն ճանչնալ։ Ահա պատրուակը. «Օր մը գրախանութի մը առջեւէն անցած ատենս. տեսած եմ, յետոյ համայնագիտարանը նայեցայ, ինչպէ՞ս կը գրէք, ձախէն ա՞ջ, թէ արաբական ոճով, ձայնաւորո՞վ, թէ՞. քանի՞ գրանշան ունիք, . . , պատկերը գեղեցիկ է, տարբեր» (ԿՄ, էջ 239)։ Վէպին մէջ կայ պատմողին փորձերը մօտենալու գիտնականի կերպարին եւ կայ գիտնականին ցանկութիւնը ճանչնալու այս իրեն օտար պատմողի աշխարհին։ Կենսագրողը կ՚անցնէ դժուարին պահեր աշխատելով ազգագրագէտին կենսագրականին վրայ եւ կատարած աշխատութիւններուն։ Որպէսզի գրէ անոր ինքնակենսագրութիւնը, կ՚ուզէ թափանցել մէջը, կը յաջողի անոր արտաքին վարպետութեան, հմտութեան մօտենալ, որովհետեւ արտաքինը ունի յայտարարող հանգամանք, իսկ այն ինչ որ աներեւոյթ է, ներքին հմտութիւնը, վարպետութիւնը, որ չենք գիտեր ի՞նչպէս կը բանի, ի՞նչպէս կը լսէ ներքին խօսքը, ի՞նչ զօրութեամբ կը կատարէ անգտանելիին գիւտը, ասիկա մատչելի չէ դուրսէն պատմողին։
   Հոս հարցում մը կը ծագի մէջս։ Մեքսիքացի գիտնականը ինչո՞ւ կ’ընտրէ իր ինքնակենսագրութեան իբրեւ գրագիր կամ գրիչ՝ մարդաբանութեան այս ուսանողը։ Արդեօ՞ք, անմիջապէս կռահեց այս կենսագրողի մօտ արտակարգ յատկութիւն մը, որ իր հերթին ժառանգորդ մըն է ներքին հմտութեան, որ միայն անիկա ատակ է իրեն պէս գիտնականի մը ինքնակենսագրութիւնը կենսագրելու։ Պէտք է ըսել, որ աւելի ուշ, պիտի անդրադառնայ սխալին, երկու օտարականներ զիրար չեն կրնար ճանչնալ անպայման. նմանները
նոյնը չեն։ Ըսեմ նաեւ, որ գիրքը կ՚աւարտի խզումով, ձախողութեամբ։
Պատմողը այն մարդը չէր որ անհրաժեշտ էր։
     Անկէ առաջ՝ կենսագրողը հետըզհետէ կը նկատէ երկուքին միջեւ հասարակաց կէտեր։ Երկու ժողովուրդներու ճակատագիրները նմանութիւններ ունին։ Նկարագրուած են ատոնք էջերով բացառիկ գեղարուեստականութեամբ։ Հեղինակը Լաստիվերցիի բառերով կը նկարագրէ Մեքսիքօ քաղաքին անկումը, օրինակ։ Վարպետօրէն կ՚անցնի մէկէն միւսը, խառնելով գրաբարը աշխարհաբարին ու սպաներէնին։ Այսպէս՝ երկու ժողովուրդներուն մօտ կը տեսնուի, ի հետեւանք վայրագ ցեղերու ասպատակութիւններու, քաղաքակրթութիւններու չքացումը, անհետացումը, կատարուած գիտակից եւ սիստեմաթիք կերպով։ Անկարելի չէ, որ ակնարկութիւններ ալ գտնէ ընթերցողը 1915-ին, մանաւանդ երբ յիշենք, որ գիրքը տպուած է հարիւրամեակի տարին։ Հակառակ իրարմէ շա՜տ հեռու եւ օտար մշակոյթներու իրողութեան, «Կրկնագիր մարդը»ի գրողը կարծէք կը փնտռէ ազգային ճակատագիրին հանգիտութիւնները ուրիշ, խորտակուած ժողովուրդի մը ճակատագիրին հետ։ Նմանութիւնները տարբերութիւններու համար են վստահաբար։ Միանալ, նմանիլ, նոյնանալ կամ ինքնանալ։ Այս երրեակը, գրողի աչքին, նշաններն են, կնիքը կարելիութիւններու եւ անկարելիութիւններու, որով ի յայտ պիտի գայ օտարութեան իսկութիւնը։ Անշուշտ այս երրեակին կը հետեւի ուրիշ երրեակ մը. ըլլալ, ճանչնալ, կամենալ։
     Կենսագրողին համար իր քովը գտնուող գիտնականի անձին հետ միանալու եղանակը տեղի կ՚ունենայ երեւակայական ստեղծագործութեամբ։ Ասիկա փարատոքսալ կրնանք խորհիլ։ Մեզի մօտիկ բաները անմատչելի չենք կարծեր։ Կը խորհինք, որ երեւակայելու պէտքը չունինք միանալու կամ ինչպէս գրողը կ՚ըսէ համընկնելու համար։ Ասոր բազմաթիւ փորձերուն կը հետեւինք գիրքի գրեթէ ամբողջ մէջտեղի մասերուն, երբ ան կ՚ուզէ վերջապէս յաղթահարել խոչընդոտները.– «Ապա յաջողիլ մտնել այդ ես-ին մէջ, որ քեզի նեղ, շատ անձուկ ծխնելոյզի խողովակ մը կը թուի, մե՛րթ պիտի իջնես անոր մէջ, սողաս, հպիս շունչին, սահիս բոցի
մը երկայնքին, մերթ պիտի մագլցիս անոր մէջէն, հասնիս տեղ մը ուր չես կրնար կենալ, կանգ առնել, նայելու համար շուրջդ, դիտելու, ըմբռնելու անոր տեսանկիւնէն…» (էջ 340)։ Միանալու փորձը այս մակարդակին, որովհետեւ ինքնակենսագրութեան կը վերաբերի, ցոյց կու տայ նոյնացումին անկարելիութիւնը.– «.որմէ անդին կը սկսի ուրիշ ներկայութիւն, ուրուակա՞ն թէ՞ մարմին, որ չես գիտեր ինչպէ՞ս ընկալել, թափանցել, ինչպէ՞ս դուն քեզ տալ անոր։ Պէտք է այդ եսը գրաւէ քեզ ամբողջութեամբ» (ԿՄ, էջ 341)։ « . կը մնայ ձայնը. ուրիշ լեզուի ստուերը կրող կենդանի ձայնը որ բեզ կը նեղէ» (ԿՄ էջ, 341)։ «(Ինչպէ՞ս փակագիծերու մէջ դնել սկզբնական անվաւերութիւնը)» (ԿՄ, էջ 342)։ Սկզբնական անվաւերութիւն ըսելով հեղինակը, կարծեմ, նկատի ունի մեկնակէտէն իսկ անկարելի յաւակնութիւնը մէկ ուրիշին միանալու, անոր սիրտն ու հոգին, մտածումներն ու զգացումները դրսեւորելու։ Քանի որ ատոնք պիտի ընէ երեւակայութեամբ՝ ուրեմն մասամբ յերիւրածոյ պիտի ըլլայ արդիւնքը։ Ասիկա ինքնակենսագրութեան մը համար
մեղք մըն է։

Միանալ, նմանիլ, նոյնանալ կամ ինքնանալ։
Այս երրեակը, գրողի աչքին,
նշաններն են, կնիքը
կարելիութիւններու
եւ անկարելիութիւններու, որով ի յայտ
պիտի գայ օտարութեան իսկութիւնը։ Անշուշտ այս երրեակին
կը հետեւի ուրիշ
երրեակ մը. ըլլալ, ճանչնալ, կամենալ։

     Պարզ կենսագրութեան պարագային միանալու խնդիր մը պիտի չըլլար, կենսագրողը պիտի կարդար գիտնականին գիտական արտադրութիւնները, հասկնար գաղափարները, բաժնէր անոր կարծիքները, ունենար մտածումներու հետ հաղորդակցութիւն մը։ Կենսագրողը կը մնար դուրսը։ Պիտի ճգնէր միայն նմանիլ։ Նմանիլը միանալուն պէս ունի սահմաններ, որովհետեւ կայ նմանաբանութեան օրէնքը կեանքի մէջ։ Մարդերը կը նմանին իրարու իբրեւ մարդ։ Բայց նոյնացումը կամ ինքնացումը ի՞նչպէս կարելի է։ Նմանաբանութեան օրէնքին մէջ իսկ, պարզ, առարկայական տեսանկիւնէն դիտած նմանները չեն նոյնանար։ Ծառի մը ճիւղին իրերանման տերեւներն անգամ, երբ առանձին առանձին բաղդատութեան դրուին, կը հաստատուի, որ երբեք տերեւ մը միւս տերեւը չէ։ Նմանը տարբեր է նոյնէն։ Ինքնակենսագրողը պիտի չբաւարարուի նմանութեամբ, պիտի ուզէ ստեղծել նոյնութեան տպաւորութիւնը։
     «Չես համարձակած ըսելու որ ո՛չ կը մրցիս, ո՛չ կ՚ատես, նոյն կալուածի մարդիկը չէք, նոյնիսկ եթէ կացութեան նմանութիւն կայ, նմանութիւնը նոյնութիւն չէ, համաքաղաքացի, համագոյակից, հոմանուն, համապատիւ, միաշունչ չէք, ինչպէս կ՚ուզէ միսթիք մերձեցումը.» (ԿՄ, էջ 449)։ Նոյնացումի, ինքնանալու-ինքնացնելու ճիգը պիտի կրկնուի ամբողջ գրքի երկայնքին եւ փորձարկուն յուսախաբ՝ իր հրայրքով կատարած տքնաջան աշխատանքէն, պիտի տեսնէ արդիւնքին ի դերեւ գալը, քանի որ անկարելի կը դառնայ նուաճումը աննուաճելիին։ Աննուաճելի՞ն. սա ձեր դիմաց նստող մարդն է։ Այս փորձառութիւնը կը հաւաստիացնէ ո՛չ թէ
փորձարկողին ճիգի անկարողութիւնը, այլ նոյնացումի ըստ ինքեան անկարելիութիւնը. «սկզբնական անվաւերութիւն»։ Միւս կողմէ այդ ճիգը պիտի լուսաւորէ հարազատութեան արժէքը։ Լեզուին վերադարձով։

 

ԿՐԿՆԱԳԻՐԻ՝ ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԸ

     Վերը խօսեցայ շրջափոխութեան մասին։ Ասոր յանգման կէտը Մաշտոցն է, շատ, շատ հեռուներէն պատրաստուած։ «Շրջում»ին մէջ Մաշտոց յիշատակուած էր, Սողոմոնի մէկ նախադասութեամբ. «Ճանաչել զիմասութիւն եւ զխրատ…»։ Մաշտոց գիր ու լեզու
ստեղծող։ Բազմաթիւ էջեր, հատուածներ յատկացուած են Կորիւն Սքանչելիի «Վարք Մաշտոց»ին. մեքսիքացի ազգագրագէտի հետ գրաբարէն ֆրանսերէնի, անգլերէնի, սպաներէնի խառնակ թարգմանութեան նիստերը, Թանգարանի մէկ աշխատասենեակին մէջ,
Էյֆէլեան աշտարակին դիմացը, կը պատրաստեն Մաշտոցի կերպարին մուտքը։ Գրքին ԻԲ. գլուխը մեզ կը փոխադրէ երեւակայական հինգերորդ դար մը։ Սակայն անկէ առաջ անհրաժեշտ է արձանագրել լեզուին տեղը եւ այդ տեղին վրայ եղած մտաւոր աշխատանքը։ Կարդալով «Կրկնագիր Մարդը», Գր. Պըլտեանի գրականութեան ամբողջութիւնը կը պայծառանայ եւ վերջապէս ընթերցողը այդ գրականութենէն կը քաղէ հետեւեալ հանգանակը.– խօսքը կ՚առարկայանայ լեզուով, ուրեմն լեզուն առարկայացումն է խօսքին, ձայնը նշանն է լեզուի կենդանութեան, իսկ գիրը նիւթականացումը, թանձրացեալ գոյացութիւնը խօսք լեզուին։ Գր. Պըլտեանի արձակին առաջին վեց հատորները, որոնք կ՚ամփոփեն մեր ժողովուրդի որոշ մէկ հատուածին կեանքը, իր շրջապատով, մշակոյթով եւ ժամանակաշրջանով ազատած են կորուստէ, եւ անհետացումէ։ Ահա գիրին եւ վաւերական, հարազատ գրականութեան կախարդանքը։

…խօսքը կ՚առարկայանայ լեզուով, ուրեմն լեզուն
առարկայացումն է
խօսքին, ձայնը նշանն է լեզուի
կենդանութեան, իսկ գիրը նիւթականացումը,
թանձրացեալ
գոյացութիւնը խօսք–լեզուին։

     «Կրկնագիր մարդը»ին կենսագրող-պատմողը անդադար կը վերսկսի աշխատանքը։ Կռիւ մը լեզուին հետ։ «Սկսիլ զերոյէն», կ՚ըսէ. այս դարձուածքն ալ հեղինակի գրականութեան յատկանիշերէն մէկն է։ Իր գրականութիւնը բանելով նմանաբանութեան օրէնքով, բայց ինչպէս ըսինք՝ նմանները չեն նոյնանար, իր հատորներն ալ չեն նոյնանար։ Մանաւանդ երբ անոնք կը փակեն ժամանակաշրջան մը։ «Շրջումը» եւ «Կրկնագիր մարդը», կը բանան նոր ժամանակաշրջան։ Ասոր համար «սկսիլ զերոյէն»ը կ՚առնէ մասնաւոր իմաստ եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս այս հատորներուն մէջ լեզուն կը փոխուի բոլորովին, մեզի յիշեցնելով իրմէ այլ դարձուածք մը «լեզուն կրկին յօրինելի» («Մանտրաներ», հատոր Ա).։ Պատմողը Յովակիմի կերպարին համար կը ճգնի կերպեր գտնել, հեղինակը կ՚ընէ մօտաւորապէս նոյնը։ Գր. Պըլտեան նախանձելի հնարամտութիւն մը ունի գրական իր լեզուն մշակելու, իսկ մշակել լեզուն չի նշանակեր անպայման յղկել քերականութիւնը կամ գեղեցկութիւն տաշել։ Գիտէ երբ պահել անտաշ, կոշտ լեզուն իր տիպարներուն, այս հնարքը իր մօտ գրական լեզուի մշակման մաս կը կազմէ։ Այս կէտին մէջ Պըլտեան առաւելութիւն մը ունի Յ.
Օշականէն։ Իր գործերը կը կրեն նաեւնոր ժամանակներուն եւ նոր շրջապատի մէջ ժողովուրդին յօրինած լեզուն։

Պըլտեան առաւելութիւն մը ունի Յ. Օշականէն։
Իր գործերը կը կրեն նաեւ
նոր ժամանակներուն եւ նոր
շրջապատի մէջ ժողովուրդին յօրինած լեզուն։

     Առաջին վեց հատորներուն մէջ, տիպարները կը խօսին երկրէն բերած լեզուներով, բարբառներով եւ լիբանանեան շրջապատի մէջ յօրինուած լեզուով։ «Շրջում»ը եւ «Կրկնագիր մարդը» լեզուական ուրիշ ոլորտ մը կը ստեղծեն, երկուքն ալ ժամանակակից օտար լեզուներու հետ կապ կը հաստատեն։ Մեր իրականութիւնը այդպէս չէ՞ ինքնին։ Մեր լեզուն կը գտնուի միւսներուն դիմաց։ Շատ անգամ նահանջողի դիրքին մէջ է։ Այսպէս՝ վէպերը ցոյց կու տան լեզուին այսօրուան ողբերգական վիճակը, եւ լեզուական շրջուած այս իրականութիւնը խռովիչ պատկեր մը կը պարզէ որ կ՚անհանգստացնէ աքսորի գրականութեան գիտակից մշակը, գրողը՝ որ պիտի մտահոգուի շրջելու շրջուած այս իրականութիւնը։ Կարծէք կը սկսի զերոյէն։ Կը վերադառնայ հայ դպրութեան ծագումին, հաշուի նստելու մեծ վարդապետին հետ, լեզուի եւ մշակոյթի չբացման, կորուստին դէմ փրկութեան ճանապարհներ որոնելով։
     Ո՞վ է վերջապէս, այս օտար, մեքսիքացի ազգագրագէտը, գիտնականը որ կը զբաղի իր նաուա ժողովուրդի անցեալի կորսուած եւ անհետացած մշակոյթի, քաղաքակրթութեան եւ լեզուի ուսումնասիրութեամբ, եւ կը գրաւէ վէպին ամբողջ սիրտը։ Կերպարա՞նքը, կրկնանկա՞րը սկզբնատիպին՝ Մաշտոց անուն գիտնականին։ Գուցէ։ Իր կերպարը չի՞ նմանիր միթէ օտար երկիր թափառող Մաշտոցին։ Ան որ գիտութեան պիտի հասնէր այցելելով Միջագետքի գրադարանները, եւ աւելի հարազատ էր իր ժամանակին օտար լեզուներու, մշակոյթներու եւ գիրին, մինչդեռ օտարական մըն էր իր իսկ հարազատ լեզուին, անգոյ դպրութեան. իր այբուբենի գիւտն ալ ըրեր էր երկրէն դուրս, ինչ որ կը զարմացնէ Յովակիմը։ Մաշտոց կ՚ըսէ. «երբ ականջդ օտարուի կրնաս նայիլ դուն քեզի…» (ԿՄ, էջ 485)։ Մեր գրականութիւնը պիտի գայ օտարութենէ, թարգմանութենէ. «…մտանել ի թարգմանութիւն, զայն դարձնել տուն, ընտանիք, կոչունք, բարեկամութիւն, հոգեպատում փոխասացութիւն։ Տառերն ընդմիշտ այս շրջումը պիտի թելադրէին։ Թէեւ գիտէր, ի սկզբանէ, հարկաւոր էր քան թարգմանութեան» (ՄԿ, էջ 486)։
     Գիրքին 26-րդ գլուխը, մօտաւորապէս 40 էջ, յատկացուած է Մեսրոպ Մաշտոցին։ Գրուածքը, ոճը, նիւթը զարգացնելու ձեւը տարբեր են նախորդ գլուխներէն։ Կրնամ սխալի, բայց կը կարծեմ որ գրքին կեդրոնը այս գլուխն է։ Ասոր է, որ կը յանգին միւսները։ Էջ 480-ը կ՚ընդգծէ հայերէն լեզուի այսօրուան ճակատագիրը։ Այնքան լաւագոյնս ներկայացուած է խնդիրը, որ կը նախընտրեմ արտագրել, քիչ մը երկար այս հատուածը, ուր պատմական վէպի մը հերոսին նման, Մեսրոպ Մաշտոցն է մենախօսողը.– «պիտի իրենց հայրենական աւանդութիւններէն արտաքսուին», խօսքը կը վերաբերի այսօրուան հաւաքականութեան, «պատկերներէն, կուռքերէն, դրոշեալ տիպերէն ձերբազատին, արմատախիլ ըլլան, մտնեն տեղաշարժի, գաղթի հոլովոյթին մէջ, տարուին ներքին մրրիկէն, զտուին,խառնուին, նուաճեն տեսակ մը վերին պարապ, օտարութիւն, ապրին ընդմիշտ հեռաւորութեան մէջ, թարգմանութիւն ըլլան. բնաւորը ուրիշին թարգմանութիւնն է, բնաւորը միայն այդպէս կրնայ ըլլալ, գոյաւորուիլ, ոչ թէ պահպանուիլ, Տէր իմ Աստուած, բայց ուրիշ ելք չկայ, արդէն գրեթէ ուշ է . ազգը գրագէտ դարձնելու ժամանակը անցնելու վրայ է,
ինչպէս ազգը ինք. ասիկա վերջին փորձն է աղէտն ու փոշիացումը դիմակալելու, պատմութիւն մը սկսելու համար, որպէսզի քու–իմ–մեր լեզուին մէջ եղածը, անոր իւրայատուկը յայտնուի, ձայները ծնունդ տան իրենց մէջ կազմուող, օրկազմուող ձեւերուն. ամէնէն
դժուարը ըմբռնել է, ըմբերանել, թէ ինչպէս այդ ձայները բոլորը միասին կան նոյն ձայնագրին մէջ, կը խօսին միասին, կը մտնեն իրարու մէջ, կը մնան անշփոթ» (ԿՄ, էջ 489–490)։

Գր. Պըլտեան ինչ որ ստեղծեց այս գործով եւ կը փոխանցէ գալիք
սերունդին հոյակապ պատկերագործութիւն մըն է,
կոթողային որմնանկար մը, նուաճում մը՝ որ
աքսորի գրականութիւնը մինչեւ
օրս երբեք չէր արձանագրած։

     Մեսրոպ Մաշտոցի կողքին կայ աշակերտը՝ Կորիւն, ապագայ կենսագիրը։ Ասոր վերապահուած է մեծ վարդապետը յաւերժացնելու գործը։ Ուսուցիչին եւ աշակերտին յարաբերութիւնները բարդ են, շատ հակասական, երբեմն ալ կը նոյնանան։ Կարճ հատուածներու մէջ մեր դպրութեան այս երկու մեծերը կը խօսին, կը վիճին իրարու հետ։ Շատ անգամ զրուցողները կը շփոթուին։ Ե. դարէն Ի. դար կ՚անցինք։ Մեսրոպ–Կորիւնի եւ Յովակիմ–Կենսագրողին մէջ բացառապէս խորունկ խնամութիւն մը կայ։ «Կրկնագիր մարդը»ի հեղինակը գիրքը կը գրէ այս զուգահեռին վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ որ նոր նշանակութիւն կու տայ մեզի ծանօթ սուրբ հայրերուն ու դէպքին։ Կարելի է մտածել, թէ Յովակիմի կրկնագիրը Մաշտոցն է, Կորիւնի կրկնագիրը պատմողը։ Կարելի է նոյնպէս
բոլոր այս անունները շրջել, ամէն մէկը միւսին տակ պահուտողը նկատել։ Մեր օրերն ալ նոյնքան վտանգալից են որքան Ե. դար մը։ Ժողովուրդի գոյութեան սպառնացող մտահոգութիւնը նոյն է այսօր, ինչպէս որ էր Մեսրոպ Մաշտոցի ժամանակ։ Վերադարձ մը
դէպի գիրի ծագումը, ստեղծելու համար զգայնութիւն մը մշակոյթով, եւ գրականութեամբ փրկուելու գաղափարը։

* * *

     Գրական գործի մը տարողութիւնը, չի՛ չափուիր միայն իր անմիջական այսօրուան թելադրանբներով։ Արդարեւ, ան կը գտնէ յաջողութիւն ժամանակակիցներուն մօտ՝ անիկա սակայն նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, պիտի վերապրի եւ ազդեցութիւն գործէ յետագայ սերունդի մօտ։ Գր. Պըլտեան ինչ որ ստեղծեց այս գործով եւ կը փոխանցէ գալիք սերունդին հոյակապ պատկերագործութիւն մըն է, կոթողային որմնանկար մը, նուաճում մը՝ որ աքսորի գրականութիւնը մինչեւ օրս երբեք չէր արձանագրած։ Միտքերու եւ գաղա-
փարներու այլազանութիւնը եւ առատութիւնը կը պատասխանեն բոլոր հարցերուն որոնք կրնան կապ ունենալ սփիւռքի ապագային հետ։ Առանց վարդապետական քարոզի։
     Կը գտնուինք եզակի գրական գործի մը առջեւ՝ որ կը պատմէ ինքնակենսագրական ուրիշ գործի մը ձախողութիւնը, բայց ինք կը կազմաւորուի անոր վրայ, կարծէք թէ ան իր կրկնագրութիւնն է։ Այդ ինքնակենսագրական գործէն կը մնայ մեզի հրամցուած յառաջաբանը, որ գրողը զետեղած է գիրքին սկիզբը։ Ասոր համար՝ անիկա գիրքին իսկ յառաջաբանը կ՚ըլլայ։ Այսպիսի բարդ կառուցուածքի չէինք հանդիպած Գրիգոր Պըլտեանի շարքի նախորդ հատորներէն ոչ մէկուն մէջը։ Այդ հատորներուն մէջ երբեմն կը գուշակէինք գիրքին գրուիլը կամ անոր պատրաստութեան համար կատարուած աշխատանքը։ Հեղինակը այդքան հեռու չէր գացած։ Եզակին այն է որ գիրքին գրուիլը կ՚երթայ մինչեւ այբուբենին յօրինողը։
     Գիրքը տեսիլքը ունի լեզուին։ Հեղինակը կ՚ապրի դժբախտութիւնը լեզուի չքացման։ Մեսրոպի տեսիլքը լեզուի եւ գիրի, եթէ յոյս եւ յաղթանակ ներշնչեց, ապա «Կրկնագիր մարդը» կ՚ահազանգէ վտանգը կորուստին, մաշտոցեան տեսիլքը ձեւափոխելով։ Գր. Պըլտեան հասկցած է, որ դարմանը լեզուն է, պարսպելու, ժողովելու ցրուեալ հաւաքականութիւնը։ Հայկականութիւնը կայ գրականութեամբ։ Լեզուի վերածընունդով կը պաշտպանուի, պիտի համարձակիմ ըսելու, կը ստեղծուի հաւաքականութիւնը։ «Կրկնագիր մարդը» ասոր ոգին է։