«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպում. Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած Օրեր» Վէպի Ներկայացում

Ազդակ Օրաթերթ, Պէյրութ, 26 Փետրուար, 2015

«Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսին խմբագրութեան կազմակերպութեամբ գրական հանդիպումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ: Գրական հանդիպումին ընթացքին «Բագին»-ի խմբագիր  Յակոբ Պալեան ներկայացուց Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր»` 1915-ի յիշողութեան վէպը, որ իբրեւ թերթօն լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ 1938-1939 թուականներուն, ապա 2004-ին լոյս տեսած է ֆրանսերէնով` թարգմանութեամբ Արմէն Բարսեղեանի:

«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպում. Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած Օրեր» Վէպի Ներկայացում