Սփիւռք. ինքնութիւն/ այլութիւն երկհատոր ժողովածու

Սփիւռք. ինքնութիւն/
այլութիւն
երկհատոր ժողովածու

Սփիւռքի ուսումնասիրութեան եւ մտածողութեան խորացման ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանքի մը ձեռնարկած է Գառնիկ Աւ. քհնյ. Գոյունեան, կազմելով ու խմբագրելով Սփիւռք. ինքնութիւն/այլութիւն երկհատոր ժողովածուն, որուն առաջին հատորը լոյս տեսած է 2020ին, Մոնթրէալի մէջ, իբրեւ «Բան եւ Գիր» մատենաշարի 11րդ հրատարակութիւն։
Շուրջ յիսուն էջնոց ներածական ուսումնասիրութեամբ, հատորի խմբագիրը ներկայացուցած է աշխատութեան շարժառիթն ու նիւթերուն վերլուծումը, որուն կը հետեւի Սփիւռքի սահմանումին եւ ինքնութեան աւանդական հայեացքներու ներկայացումը շարք մը ակնառու հրապարակագիրներու գրութիւններուն ընդմէջէն, որոնք հաւաքուած են վերջին յիսնամեակի մամուլի ընդմէջէն (Մանասէ Գ. Սեւակ, Մուշեղ Իշխան, Մելքոն Էպլիղաթեան, Բաբգէն Փափազեան, Յակոբ Պալեան եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեան)։