
Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ Ջորջօ Ագամբէնի հատորը լոյս տեսած է Մինաս Լուռեանի խմբագրութեամբ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնակրկութեան թարգմանական մատենաշարի որպէս առաջին գիրք։ Այս հատորին մէջ իտալացի փիլիսոփան կը քննէ Աուշվիցի վերապրածներու գրականութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով անոնց վկայութիւններէն ծագած փիլիսոփայական եւ բարոյագիտական հարցերը։