Վալթեր Բենիամին, Լուսանկար-չութիւն եւ պատմութիւն

Վալթեր Բենիամին,
Լուսանկարչութիւն եւ
պատմութիւն

Մարկ Նշանեան
Մարկ Նշանեան

Գիրքը լոյս տեսած է Երեւան, 4Պլիւս վաւերագրական լուսանկարչութեան կեդրոնին կողմէ, «Զանգակ» հրատարակչատունէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Գիրքը, երեք բաժիններով, կ՚ամփոփէ Բենիամինի գրիչին պատկանող փորձագրութիւններու շարք մը, որոնք մօտէն կամ հեռուէն «լուսանկարչութիւնը ունին որպէս կիզակէտ, կամ որպէս յետնամաս»։ Գիրքին վերջաւորութեան զետեղուած են բառարան մը, ուր ընթերցողը կը գտնէ Բենիամինի բառապաշարին յատուկ բառ-յղացքներու համարժէքները եւ արեւելահայերէնի մէջ հազուադէպ օգտագործուող բառերու ցանկ մը, ինչպէս նաեւ Նշանեանի ծաւալուն վերջաբանը՝ «Լուսանկարչութեան պատմութենէն դէպի պատմութեան լուսանկարչութիւնը» խորագրով։