Գիրքը լոյս տեսած է Երեւան, «Ինքնագիր» գրական ակումբին կողմէ, «Զանգակ-97» հրատարակչատունէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ։
գիրքը ո՛չ միայն թարգմանական աշխատանք մըն է, այլ նաեւ ընթերցողին կը հրամցնէ Նշանեանի ծաւալուն վերջաբանը «Թարգմանութեան բովէն» վերնագրով, որ կը փորձէ Ֆուկոյի այս գործը զետեղել իր ժամանակաշրջանին եւ ընթերցողին մտածողութեան մէջ։ Գիրքը հարուստ է նաեւ ծանօթագրութիւններով։