ԱՐԵՒԵԼԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հեղինակ՝
Եդուարդ Ու. Սայիդ

Թարգմանիչներ՝ Րաֆֆի Աճէմեան, Մինաս Լուռեան, Մարկ Նշանեան
Գալուստ Կիւլպէնկեան Թարգմանական Մատենաշար
Newmag հրատարակչութիւն
Երեւան, 2025

Այս ընդարձակ, իմացական առումով ազդեցիկ յետազօտութեան մէջ Սայիդ կը ներկայացնէ Արեւելագիտութեան պատմութիւնը: Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի մէջ երկար ժամանակ գերիշխող Արեւմուտքը Արեւելքին կը նայէր գերադաս դիրքերէն: Արեւելքն Արեւմուտքի մէջ կ’անուանուէր «Orient», այսինքն՝ Արեւմուտքէն «Այլ, Ուրիշ»: Այս տեսանկիւնն Արեւմուտքի մէջ կը շարունակուի արմատացած մնալ, եւ, քանի որ Արեւմուտքը Արեւելքին թոյլ չի տար ինքնաներկայանալ, հետեւաբար նաեւ կ’արգելակէ Արեւելքը լիարժէք հասկանալու փորձերը:Այս բեկումնային գիրքը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1978ին, կը մնայ ընկերագիտութեան ամենաազդեցիկ ուսումնասիրութիւններէն մէկը, յատկապէս ցեղագիտութեան ու յետգաղութային ուսումնասիրութիւններու ոլորտին մէջ: Սայիդը «Orientalism» հասկացութեան քննադատ էր, զայն կը համարէր Արեւելքի նկատմամբ Արեւմուտքի կեղծ ենթադրութիւններու ամբողջութիւն: Այս գիրքին ընդմէջէն Սայիդը կը ներկայացնէ «եւրոպակեդրոն նախապաշարումը արաբա-իսլամական ժողովուրդներու ու մշակոյթներու նկատմամբ»: Ան ցոյց կու տայ, որ Ասիայի ու Մերձաւոր Արեւելքի նկատմամբ արեւմտեան մշակոյթին մէջ արմատաւորուած կեղծ ու ռոմանթիք ընկալումը կը ծառայէր իբրեւ Եւրոպայի ու ԱՄՆ-ի գաղութային եւ կայսերական յաւակնութիւններու արդարացում: Գիրքը լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան դրամաշնորհով։