ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ
Հեղինակ՝ Մարկ Նշանեան

Խմբագիր՝ Դաւիթ Մոսինեան
ԿԱՄ փիլիսոփայական գրադարան
Հրատարակութիւն Հայ գրքի կենտրոնի
Երեւան, 2024

Հոս հաւաքուած են տարիներու ընթացքին Ինքնագիր գրական ակումբի ծիրին մէջ ներկայացուած քանի մը դասախօսութիւններու բնագիրները, առաւել Ինքնագիրի կայքէջին կոմէ հիւռընկալուած աշխատասիրութիւններ, որոնք սկզբնապէս ուրիշ վայրերու համար նախատեսուած կամ ուրիժ տեղեր խօսուած էին։ Գրառումի դասախօսական ներկայացման եւ կայքէջին վրայ հրապարակման բոլոր տուեալները նշուած են ամէն մէկ բնագրին սկիզբը։ Եւ քանի որ շօշափուած հարցերն ու կարդացուած հեինակները վերապրո լեզուով հնչեցնել պէտք էր, որպէսզի լսուի այդ լեզուով անոնց ստացած իւրայատուկ ձայներանգը, աւելցուցուած են շարք մը թարգմանութիւններ (Հէօլդերլինէն, Նիցչէէն, Վալթեր Բենիամինէն), որոնք պատրաստուած էին դասախօսութիւններուն եւ ուսումնասիրութիւններուն հետ միատեղ, որպէս յենք եւ ատաղձ, պարզաբանուածը մատչելի դարձնելու մտահոգութեամբ առաջին հերթին, բայց քանի որ խնդրոյ առարկայ հեղինակները նաեւ վերջին 200 տարիներուն՝ անոնք են որոնք ուզած են նոյնանալ քայքայումին ու կորուստին հետ (կամ առնուազն հարց տալ իրենք իրենց թէ ինչպէ՛ս կարելի է վկայել քայքայումին մասին երբ քայքայուած ես), ձգել պէտք էր, որ ամէն մէկ գրուածք խօսի ինքն իր լեզուով, իր վերապրոի թարգմանուած լեզուով, իր բերնով հնչեցնէ ինքն իր դամբանականը, արխիւին հետ եւ արխիւին դէմ, նոյնպէս՝ գերինքնիշխանութեան, նոյնպէս՝ պատմութեան, նոյնպէս՝ բանասիրութեան հետ եւ դէմ։