Սիրելի Ինտրա,

Այս տարի ծննդեանդ 150ամեակն է։ Եւ մտածել, որ հարազատ Սկիւտարէդ ու անոր նոճիներէն լեռներ ու ծովեր անդին այսքան տարի ետք գործդ կը շարունակէ իր հմայքը տարածել, միշտ նոր կարդացողներ ունենալ, ի՜նչ հրաշք գուցէ։ Ո՞վ կ’երեւա­կայէր որ ժողովուրդիդ մարտիրոսացումէն այսքան տարի ետք անունդ տակաւին պի­տի ըլլար մեր շրթներուն վրայ։ Չէ՞ որ դուն ալ կեանքիդ վերջին շրջանին դարձուցեր էիր հնդիկ աստծոյ անունին տակ յայտնուած կեանքիդ այդ էջը ու թուղթերուդ ճակատագրին մասին բարեկամիդ Գեղամին ըսեր՝ «ի՞նչ կ’արժէ ճղճիմ կայծը որ կրնայ իմ մէջս ծագած ըլլալ այն հոյակապ լոյսին քով զոր կը ցոլացնեմ… Վառեցի»1։ Այրեր էիր բոլոր թուղթերդ չարաղէտ թուականէն իսկ առաջ ու գրողը լքեր ու անցեր քարոզիչի նուիրեալ կեանքիդ։ Թոյլ տուր որ իբրեւ ընթերցող ըսենք. այդ ճղճիմ կայծը, որուն կ’ակ­նարկես բնութագրելու համար Ներաշխարհի ու Նոճաստանի2 հեղինակին ներսիդին վառած բոցը, ահաւասիկ չէ դադրած 150 տարի է իր հոյակապ լոյսը սփռելէ ծառը բունէն տապալած խորշակին յաջորդող ծլարձակումով ուռճացած ընթերցողներու շիւղերուն վրայ։ Ճիշտ է որ դուն ալ քու կարգիդ ու քու ժողովուրդիդ պէս ահաւոր կերպով պիտի մարտիրոսանայիր՝ մարմինդ քաշկռտելով մինչեւ Տիարպէքիր, Սլիվանի կամուրջին մօտ թողելու համար զայն, մինչեւ վերջին պահը Քրիստոսի անունը ունելով շրթներուդ, քարոզելով անոր սէրն ու խաղաղութիւնը, սակայն մեզի՝ ընթերցողներուդ համար, Ինտրայի անունին տակ յայտնուած գործն է որ կը շարունակէ բոցավառիլ գիրերու մեր երկնակամարին վրայ որպէս գիրով յայտնուող եզակի փնտռտուքի մը արձակ ու բանաստեղծական յայտնակերպումները, մանաւանդ Ներաշխարհին այդ նմանը չունեցող ու անպիտակելի էջերով։ Անկարելի է անոնց առջեւ ափի բերան չմնալ ու չըսել՝ ուրկէ՞ կը բխի այս աննման լեզուն ու ի՞նչ փնտռտուք է այս 250 էջի հասնող անհասնում խոյանքը, գիրի ու բառի հունաւորում, որ կ’երթայ անհունին, «ի խորոց սրտից խաւսք»ին պէս բան՝ եսէն հեռարձակուող դէպի ամենայնը Տիեզերքին։ Հեռուներէն երեւցող բո՞ւրգ մը, որ իրեն կը կանչէ ու կը նուաճէ մօտեցող ամեն ուխտաւոր, Անեզրու­թեան երազով ու մարմաջով տոգորուած ամեն ճամբորդ։ Բրգացման իսկ գործողութի՞ւն մը3։

Կարելի չէ անոնց ի տես հարց չտալ թէ՝ ո՞վ էր Տիրան Չրաքեան ու ինչպէ՞ս բա­ցատրել այդ անցքը մահկանացու Տիրանէն ստեղծարարն Ինտրա ու ապա ետ կրկին Տիրան՝ այս անգամ որպէս սոսկ քարոզիչ։ Անոր ծնունդէն 150 տարի ետք այս հարցու­մը ինքզինք կը պարտադրէ ոչ միայն որպէս գործին մօտենալու կերպ, այլ նաեւ ներքին հրայրքը որպէս ամբողջութիւն, որպէս մէկ փնտռտուքի զանազան հանգրուանները հասկնալու փորձ։ Կիզակէտը կը մնայ անշուշտ միշտ գործը։ Ինչպէ՞ս մօտենալ այդ «լեռնակոյտ»ին, որ «լեռնագաւառ մ’է դժնդակ սեպութիւններով» սակայն «բուրգ մը չ’արժեր» կ’ըսէ Չրաքեան Ինտրայի գործին մասին իր Ներաշխարհն հեղինակէն դի­տուած յօդուածաշարքին մէջ։ Գործին մէջ մտնելէ առաջ արժէ պահ մը կենալ Ինտրա չդարձած Տիրանին վրայ ու անոր միջավայրին։

ԻՆՏՐԱՅԷՆ ԱՌԱՋ

Վայրը Սկիւտարն4 է, հայկական Սկիւտա­րը, իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, բայց նաեւ գերեզմանոցներով, նոճիներով ու գեղատեսիլ վայրերով՝ «Վոսփորի Ասիական երեսիկին»ին5 թառած։ Սկիւտարը անունով չի յիշուիր Ներաշխարհին մէջ։ Ինտրա կու տայ վայրերու զանազան ա­նուններ նկարագրական երկար ու տպա­ւորապաշտ էջերուն մէջ, օրինակ Սեւ Ծովը առաջին անգամ տեսնելուն6 հետ կը յիշէ Ալէմ տաղն ու Խաչ-Յունացը7, ապա անոր եզերքով պտոյտին ընթացքին կանգ կ’առնեն Տէրէ-Քէօյի8 խանը։ Եգիպտոսի ճամբորդութեան նկարագրութեան մէջ կու տայ մէկ երկու անուն, կը յիշէ նաեւ Հալքի կղզին ու անոր նոճիներու անտառը բարձ­րանալը Իռենային հետ9։

Սկիւտարցիին համար նոճին հաւանա­բար անխուսափելի ներկայութիւն մը եղած է, տրուած ըլլալով անոր բլուրներն ու հինաւուրց ու հսկայական գերեզմանոցներու մերձակայ ու մշտակայ ներկայութիւնը թա­ղամասին շուրջ բոլորը ու այդ ծառերուն հոծ ներկայութիւնը անոնց պատերէն ներս ու դուրս։ Չրաքեան ի՛նք Ներաշխարհը գրի առնելու տարիներուն բնակած է գերեզմա­նատան անմիջական դրացնութեան մէջ։ «Այս տունին մէջ սենեակ մը ունիմ առան­ձին…պատուհան մը ունի որ կը նայի տա­ճիկ գերեզմանոցին վրայ, որ սակայն անուշ պուրակի մը երեւոյթն ունի այդ մասին մէջ, որովհետեւ գերեզմանաքարեր չկան շատ, եւ մարդ գրեթէ երբեք առիթ չ’ունե­նար հոն թաղուած մեռելներուն վրայ խորհելու»10։ Այնպէս որ նոճին11 իր երկնասլաց կերպարանքով Անեզրութեան ձգտող խորհրդանիշ մըն է, նման բուրգին, որուն վրայ էջեր ու էջեր ունի Չրաքեան, անոր գերազանց արուեստին մասին, չորս կողմերէն դէպի կոկուած գագաթ դիմող «ձե­ւերուն ամենէն նուիրապետականին բայց արդարագոյնին» (203)12, ուրկէ կը սկսի Ան­հունը։ Նոճին սակայն ի տարբերութիւն բուրգին, որուն միայն նկարը կրնայ ունե­նալ սենեակին մէջ, պատուհանէն դուրս գտնուող ամեն քայլափոխի հանդիպող կենդանի ներկայութիւն մըն է։ Սկիւտարը իր նոճիներուն մէջէն արդէն կը բնակի գործին մէջ13։

Պէտք է նաեւ նկատի ունենալ Սկիւ­տարի, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հայութեան մօտ տիրող մտաւորական ծաղկումի ընդ­հանուր մթնոլորտը այդ տարիներուն, գե­րագոյնին ձգտող նուաճումի ոգի մը, իր ծանօթ ու երեւելի դէմքերով, բանաստեղծ­ներով, թատրոնով, պարբերականներով ու դպրոցներով, որոնց հաւանաբար գո­հարը կը հանդիսանայ այդ թաղամասին մէջ Պէրպէրեան վարժարանն ու անոր ան­խոնջ հիմնադիր մշակը՝ ուսուցչապետ Ռէ­թէոս Պէրպէրեան։ Պէրպէրեան Չրաքեա­նի ներյայտ կարողութիւններուն տեսանողը եղած է դպրոցական սեղաններէն սկսեալ ու փաստօրէն դայեակը պիտի հան­դիսանայ տարիներու յղութենէ ետք Ներաշխարհի ծննդաբերութեան։ Դասընկերոջ՝ Ստեփան Բաբէլեանի վկայութեամբ գիտենք թէ ինչպէս Ռէթէոս Պէրպէրեա­նին տուած այցելութեան մը ընթացքին է որ վարպետը ծուլութեան մեղադրանքով խստիւ կը կշտամբէ իր նախկին սանը, որ­մէ շատ բան կը սպասէր։ Անոր քովէն ելլե­լէ ետք Չրաքեան ընկերոջ կը խոստովա­նի որ «Սրտիս մէջ՝ անոր [Ռ.Պին] տեսլացած բարութիւնը, ականջիս մէջ՝ հողմա­կոծ նոճիներու եղերերգութիւնը, գրեցի մինչեւ արշալոյս, գրեցի անդադար։ Գրիչս չէր հասներ թուղթին յանձնելու խոհերուս շարքերուն գրոհը»։ Բաբէլեան կը վկայէ որ Չրաքեան այդ գիշեր իսկ մէկ շունչով գրած է գործէն ստուար մաս մը, ութսուն էջէն աւելի14։ Պէտք է յիշել նաեւ հեղինակ, տպարանատէր, թարգմանող, գրաշար, փորագրող, հրատարակիչ Նշան Պէրպէրեանի (1842-1907) Բուրաստան մանկանց (1883-1893) կիսամեայ պատկերազարդ մանկապատանեկան հանդէսին առթած ընթերցումի վայելքին բազմաթիւ ժամերը պատանի Տիրանին վրայ, որոնց մասին շատ գեղեցիկ էջեր ունի ան 15։ Յստակ է թէ վայրին ու ժամանակին հետ առնչուած վերելքի ընդհանուր մթնոլորտ մը կը տիրէ Չրաքեանի «ներաշխարհ»ը կազմաւորող շրջապատին մէջ ու տարիներուն։

ԻՆՏՐԱ

Թէ ե՞րբ եւ ինչպէս Չրաքեան կը յայտնա­բերէ Ինտրա անունը իր իսկ անուան անդրատառին մէջ, դժուար է կռահել։ Սակայն յստակ է որ այդ յայտնութիւնը ինք ­զինք կը պարտադրէ իր գրչին։ Ի՛նքն է որ Միքայէլ Կիւրճեանին ուղղած նշանաւոր նամակին մէջ լուրը կու տայ երբ կը յայտա­րարէ Ներաշխարհը աւարտելը ու կը գրէ՝ «Քիչ մը առաջ Ինտրա բառը գրեցի. գիր­քին վրայ գրուած ծածկանունս է ատիկա։ Հաւնեցա՞ր. կայծակող մեծ հնդիկ աստո­ւածին անունն է… զոր իմ անունս կը թոյլատրէ կատարեալ ներողամտութեամբ՝ կազմել anagramme-ով»16 եւ աւելի ուշ «Ինտրա անունը քիչ մը չափազանց է17, բայց պիտի մնայ իր տեղը. հնդիկ Վասուներուն առաջինն է, Արեւելքին կը գերագահէ, եւ աստուածն է լոյսին եւ եթերին. հնդիկ Զեւս մը գրեթէ, կամ բոլորովին»18։ Յստակ է որ պատահական ու անցողակի գիւտ մը չէ ասիկա՝ լոկ անդրատառ։ Չրաքեանի յայտնատեսական մտաշխարհին մէջ, ուր զօրաւոր ներկայութիւն են խորհրդանիշերը, Ինտրան կը յայտնուի Տիրան կոչուող մահ­կանացուի անունին մէջ որպէս հեղինակը այն երկու գիրքերուն, որոնք հասած են մեզի այդ անունով։ Ասիկա ծածկանունէ մը աւելին է, խօսքի ձեւի ստանձնում մը կամ նոյնիսկ ներշնչում մը, գուցէ միաձուլում մը այդ անունին տակ յայտնուող դէմքին հետ եւ առայդ խորունկ անդրադարձ մը կը թելադրէ Չրաքեանի ինքնընկալումին մէջ որ­պէս խորհրդապաշտ գրող19։ Փաստ է որ այս երկու գիրքերէն դուրս, մնացեալ յօդուածներն ու գրութիւնները ան պիտի շարունակէ ստորագրել Տիրան Չրաքեան անունով եւ ոչ Ինտրա։ Տակաւին, նոյնինքն Ներաշխարհին մէջ կայ Տ.Չ. սկզբնատա­ռերով ստորագրուած մէկ ու կէս էջանի ծանօթութիւն մը ուր տեղեկութիւն կը տրուի գործին գրի առնուելու տարիներուն հեղի­նակին ապրած ներքին կեանքին ու մտադրութեանց մասին, ձեւով մը հեռաւորութիւն ստեղծելով աւարտելէն վեց տարի ետք աշխարհ եկող «երիտասարդական» այդ գործէն։ Յստակ է որ Չրաքեան ու Ինտրա երկու անջատ ձայներ են, աւելի քան ստո­րագրութիւններու խաղ մը։ Զիրենք միացնողը «հոգեկան խառնուածքը, ընդհանուր տրամադրութիւնները» ու «գլխաւոր ճաշակները. ոգին» են, «վասնզի ասոնք նուազ կ’այլայլին», ինչ որ չէ պարագան «ինչ ինչ գաղափարներ»ուն կամ ոճին, «քանի որ ոճն ալ գաղափար մ’է» եւ «որոնք յաչս ա­նոր չունին այլեւս այն երբեմնի կշիռը զոր վերագրած էր անոնց» (48)։ Տարօրինակ խոստովանութիւն մըն է անշուշտ դրուած գիրքին սկիզբը։ Ի՞նչ կը փորձէ բացատրել Չրաքեան հոս. տարիներուն ա՞նցքը, իր հասունացումը, կամ գուցէ պէտք է տեսնել հեռաւորութիւն մը Ինտրա ստորագրուած տողերէն ու մտքերէն։ Այո, խառնուածքը նոյնն է, բայց կարծես Չրաքեանի մօտ բան մը կը թուի փոխուած ըլլալ Ինտրայի «չափազանց» ներկայութեան օրերէն։ Ծանօթութիւն կոչուող այդ էջը գրուած է 1905-ին, տեղ գտնելու համար գիրքին մէջ 1906- ին, բայց արդեօ՞ք Չրաքեան ոճը մատնանիշ ընող այս վերապահութեամբ նախազգացում մը կը յայտնէ գիրին անբաւարարութեան մասին իր փնտռտուքը յառաջ տանելու առաքելութեան մէջ։ Ամենայնդէպս՝ 1908ին Ինտրա անունով պիտի հրատարակէ այս անգամ Նոճաստան կոչուող երկրորդ հատոր մը ու պիտի անցնի ոտանաւորի։ Այս անցքը ինքնին թելադրական է։ Ինտրա փաստօ րէն ոճ կը փոխէ։ Փնտռտուքը սակայն կը մնայ նոյնը։

Չրաքեանի յայտնատեսական մտաշխարհին մէջ, ուր զօրաւոր ներկայութիւն են խորհրդանիշերը, Ինտրան կը յայտնուի Տիրան կոչուող մահկանացուի անունին մէջ որպէս հեղինակը այն երկու գիրքերուն, որոնք հասած են մեզի այդ անունով։ Ասիկա ծածկանունէ մը աւելին է, խօսքի ձեւի ստանձնում մը կամ նոյնիսկ ներշնչում մը, գուցէ միաձուլում մը այդ անունին տակ յայտնուող դէմքին հետ եւ առ այդ խորունկ անդրադարձ մը կը թելադրէ Չրաքեանի ինքնընկալումին մէջ որպէս խորհրդապաշտ գրող։

 

ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ

Այս անունով յայտնուողը 1906ին գրական նոր մոլորակ մըն է, առնուազն պոլսա­հայոց, բայց ընդհանրապէս հայ գիրերու երկնակամարին վրայ։ Գիրքը նոր չէր։ Տե­սանք արդէն որ Չրաքեան անոր աւարտը կը ծանուցէր Միքայէլ Կիւրճեանին գրած նամակին մէջ 1900ին21։ Տակաւին, գիրքը, անոր գաղափարը, «գրուելիք» էջերու մասին նախազգացում ու ակնարկներ կան արդէն անոր գրուիլ սկսելէն ալ առաջ։ Ստեփան Բաբէլեան կը գրէ՝ «Պոլսոյ մտաւորական ընտրանին, որուն մասնաւոր հետաքրքրութեան առարկան էր դարձած Չրաքեան իր հրատարակած ներհուն եւ անձնադրոշմ յօդուածներով, քննադատու­թիւններով եւ բանաստեղծութիւններով, բերնէ բերան տարածուած աղմուկներէ գուշակած թէ ան արդէն իսկ նուիրուեր էր հոգեբանական երկի մը ստեղծումին, սպասեց գործին մարմնացումին, մեծ շա­հագրգռութեամբ»22։ Յստակ է թէ Չրաքեան՝ Ինտրայի այս գործը երկար ատեն իր մարմնին մէջ պտտցուցած է։ Իր ուսուցչապետին կշտամբանքով է միայն որ գործը պիտի յայտնուի էջին վրայ որպէս գրու­թիւն։ Աւարտելէն ետք հրատարակութիւնը կ’ուշանայ։ Օսմանեան գրաքննութի՞ւն, նիւ­թական դժուարութիւննե՞ր։ Երկուքն ալ հաւանաբար23։ Գործը վեց տարի ձեռագիր կը մնայ։ Սակայն ըստ երեւոյթին զայն, գուցէ անկէ մասեր ընթերցողներ կան։ Տէր-Խաչատրեան կը գրէ՝ «Ներաշխարհը աւարտուած է, բայց դեռ ձեռագիր է, չի տպագրուել։ Եւ զարմանալի բան է տեղի ունենում. անտիպ այս գործը այնքան է հե­տաքրքրում մարդկանց, այնքան է գրաւում եւ բորբոքում մարդկանց երեւակայութիւ­նը, որ թւում է, թէ ողջ գրական Պոլիսը եւ ողջ հայկական միջավայրը բռնուած են այս երկով, նրա մոգական ուժով ու հմայ­քով»24։ Տակաւին՝ գիրքը դեռ չտպուած՝ 1902ին իսկ Արեւելեան մամուլ թերթին մէջ Մուշեղ վարդապետի գրիչին տակ լոյս կը տեսնէ առաջին գրախօսական մը՝ «Նե­րաշխարհ կամ Ինտրա» խորագրուած25։ Ասիկա իսկապէս աննախադէպ երեւոյթ է։

Չրաքեան ի վերջոյ կը յաջողի գիրքը հրատարակել 1906ին ու կը սկսի շարքը թեր բայց մանաւանդ դէմ գրախօսական­ներուն ու սլաքներուն։ Զարմանալի չէ որ առատ են անոնք։ Պարզ է որ ամեն մարդ սպասած էր գործին յայտնութեան։ Դժուար պէտք է եղած ըլլայ նաեւ գործէն ու Չրաքեա նէն չխրտչիլը։ Տարօրինակ խառ­նուածքի հետեւանք հաւանաբար, գուցէ մեծամտութիւն թելադրող հովե՞ր։ Գործն ու անոր զարտուղութիւնը, նիւթի, ոճի եւ լե­զուական տեսակէտերէ մէջտեղն է, սա­կայն անձին մասին ունինք միայն վկայու­թիւնները, որոնք ընդհանրապէս կու գան յետ մահու եւ իր ընկերներէն, եւ ուրեմն կու տան մարտիրոսացած սիրելիի մը պատ­կերը։ Սաgայն սլաքները կը թելադրեն տարբեր բան՝ չհասկցողներ կամ գուցէ նաեւ նախանձողներ26։ Կը բաւէ յիշել Զա­պէլ Եսայեանն ու իր Կեղծ հանճարները, որուն գլխաւոր հերոսը կը կոչուի Տաճատ Չարըքեան եւ որ ամեն ձեւով կը մարմնա­ւորէ Չրաքեանի Եւրոպա գտնուած շրջա­նի կերպարը՝ որպէս ծաղրանքի առար­կայ27։

Բայց կայ նաեւ  Օշականն ու իր Համա­պատկերը։ Յակոբ Օշական 200 էջէն աւե­լի կը տրամադրէ Ինտրային ու անոր Ներաշխարհին28։ Պէտք է խոստովանիլ որ տարօրինակ գրութիւն մըն է այս մէկը, մէկ կողմէն՝ օշականեան ոճով մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը, որ յաճախ վեր կ’առ­նէ գրութեան սա կամ նա հանգամանքը, միւս կողմէն սակայն ամեն քայլափոխի վարկաբեկելու համար զայն, հեղինակը երկու ծայրայեղութիւններու՝ հանճարի ու խենթի միջեւ աքցանած։ Թէ Օշական իր աշխարհին մէջ տեղ չունի օտարամուտ աղանդաւորներու («ժոռատ ամերիկուհի­ներ»29 կը կոչէ զանոնք)՝ հասկնալի է։ Օշական գիտակից է գործին զարտուղիութեան ետեւ կանգնող խորհուրդին, ինչ­պէս նաեւ անոր համբաւին ու կ’ափսոսայ հեղինակին կեանքի վերջին 8-10 տարուան իր մեկնաբանութեամբ ողբերգա­կան աւարտին վրայ։ Սակայն ան նաեւ կը գրէ՝ «անոր իմացականութիւնը իր նիգե րէն դուրս [շեղագիրը բնագրին մէջ] էր դեռ Պոլիս, Պէրպէրեանը չաւարտած»30, կար­ծես փորձելով խուսափիլ անձին ներքին բարդութիւնները որպէս այդպիսին դի­մագրաւելու պարտադրանքէն։ Գիտենք, նամակներ կան ինչպէս նաեւ վկայութիւն­ներ, որ շաբաթապահ Չրաքեանը խելքի կարողութիւնները կորսնցուցած չէր իր կեանքի աւարտին։ Այդ առումով Օշական ալ զինք չի համեմատեր օրինակ Եղիայի մը հետ։ Տէմիրճիպաշեանի անձնասպա­նութեան փորձերը հոգեկան անհաւասա­րակշռութեան յստակ նշաններ կը նկատուին, մինչդեռ Չրաքեանի մօտ «հոգեփոխութեան» հարց մը կայ, որ կու գայ ներ­քին պահանջքէ կամ փնտռտուքէ։ Կարելի է ատիկա նկատել «կրօնական խենթու­թիւն» մը, մանաւանդ որ դժուար է զինք ճանչցողներուն համար նախկին եւ վերջին Չրաքեանները իրար հետ հաշտեցնելը, սակայն կարելի չէ հոգեկան կողմնացոյցը փոխելով տարբեր աշխարհ փոխադրուի­լը, ուր տարբեր օրէնքներ կը բանին, ինչպէս բառացի փրկութեան մը հանդէպ գրե­թէ կոյր հաւատքը, երկու բառով լուալ ու վրայէն գիծ քաշել։ Առնուազն չարդարաց­ներ վարկաբեկումն ու մանաւանդ չի բա­ցատրեր Չրաքեանի փնտռտուքը որպէս մարդ եւ մահկանացու, եւ Օշական հե­տաքրքրուած է մարդոցմով ու կորսուած աշխարհը գրականութեան պրիսմակով վերականգնելու իր մեծ գործին մէջ լայն տեղ կու տայ մարդկային նկարագրին։

Վերջապէս կայ, ինչպէս նշեցինք արդէն, Պըլտեանին ընթերցումը գրեթէ յի­սուն տարի առաջ սկսուած («Բուրգը»ի ա­ռաջին երկու բաժինները Բագինին մէջ լոյս տեսած են 1974ին) ու վերջնական ձեւի

մտած Տրամին մէջ։ Գրական վերլուծումի տեսակէտէն շրջադարձ մըն է 31։ Պըլտեան արտադրութիւնն է որ կ’առնէ իր խոշորա­ցոյցին տակ, ոչ թէ մէկդի ձգելով անձը, այլ գործը կարդալով որպէս անձին գերագոյն ձգտումը, ըլլալու ձեւը։ Վերջապէս գործն է որ ունինք ու ստիպուած ենք բացատրե­լու զայն մեր ժամանակի պրիսմակէն։ Գոր­ծը ու մանաւանդ անոր համբաւը, որ ինք­նին երկդիմի հանգամանք մը ունեցած է գուցէ ելլելով Ինտրայի լեզուին իւրայատ­կութիւններէն։ Ամեն բան պէտք է բացատ­րել գործին մէջէն։ Այս է իսկական ընթերցումի մը գրաւականը։ Եւ Ինտրայի գործը, մնալով այստեղ Ներաշխարհին վրայ, լե­ցուն է մութ անձաւներով ու քարանձաւնե­րով, որոնց վրայ թափանցող ընթերցումին լոյսը պարտի հակիլ լուսաւորելու համար ամբողջին ընդերքը։ Ճիշտ է որ գրողին 150ամեակն է այս տարի, բայց գործին յայ­տարարուած աւարտին ալ 125ամեակն է։ 125 տարի է կ’ապրինք նմանը չունեցող այս գործին հետ որ կը կոչուի Ներաշխարհ։ Չենք անդրադարձած անոր ձգած շուքին մեր աշխարհին վրայ։ Շատ մը բառակա­պակցութիւններ՝ ներառեալ խորագրինը, իրմէ գալով է որ մեր լեզուին ու հոգինե­րուն մէջ մուտք գործած են ու տեղ գտած։ Գործը բաւարար կարդացուած չըլլալով հանդերձ մեր գիրերու երկնակամարին մէջ կը յամենայ յարդգողի ճանապարհի մը նման, ամեն անգամ որ այս լեզուն կ’ապ­րինք, անոր շնչառութիւն տալով ու սլացք դէպի անհունը։ Մտածողական, նկարչական ու հոգեփիլիսոփայական երանգնե­րով եկող փնտռտուքի այս փորձը, որպէս Կատարեալին ձգտում, Բացարձակի ու Անեզրութեան փնտռտուք,— բառն իրն է,— կրնար միայն մնալ անհասանելի։

Ինտրայի Ներաշխարհը բուրգի նման տիեզերական մէկ կէտի ձգտող անջրպե­տանաւ մըն է։ Հին երազ մը գուցէ, Եգիպտոսի անցեալէն ու բուրգերէն ներշնչուած, թելադրուած անոնց կատարեալ երկրաչափութենէն՝ «ձեւի եւ իմաստի ահեղ, անկա­րելի ձուլմամբ մը» որպէս «անփոփոխելի կարելիութիւն» (201)։ Բուրգերը, Սփինքսին ժպիտը՝ խորհրդանիշեր են անշուշտ, նշանները մեծ խորհուրդին, որ կը կոչուի Անեզրութիւն։ Անհունին ունկնդիրը չի կր­նար անհաղորդ մնալ անոնց ներկայութեան։ «Վասն զի կարելի չէր երեւակայել թէ ինչ էին անոնք,—քանի որ տեսողութիւ­նը կարօտ է երեւակայութեան,—եւ հասկնալ անոնց ահագնութիւնն՝ անոնց չափին ռամիկ ծանօթութիւնն ունենալով իսկ» (200)։ Տեսնուածին անբաւարարութիւնը ու երեւակայութեան անհրաժեշտութիւնը թաքուն խորք մը հասկնալու մէջ էական տարրեր են այստեղ։

Գործը բաւարար կարդացուած չըլլալով հանդերձ մեր գիրերու երկնակամարին մէջ կը յամենայ յարդգողի ճանապարհի մը նման, ամեն անգամ որ այս լե զուն կապրինք, անոր շնչառութիւն տալով ու սլացք դէպի անհունը։ Մտածողական, նկարչական ու հոգեփիլիսոփայական երանգներով եկող փնտռտուքի այս փորձը, որպէս Կատարեալին ձգտում, Բացարձակի ու Անեզրութեան փնտռտուք,— բառն իրն է,— կրնար միայն մնալ անհասանելի։

Ներաշխարհը թափանցուած է մանա­ւանդ հովին ձայնով եւ անոր ընտրութիւնը Տէր-Խաչատրեանի կողմէ որպէս երկհատորեակին խորագիր՝ ամբողջովին տեղին է։ Այդ ձայնը մշտական ներկայութիւն մըն է Ներաշխարհին բազմաթիւ էջերուն ու մասերուն մէջ։ Հովը անտեսանելի շար­ժումն է, գուցէ ընդհանրական ոգիին զգայական ներկայութիւնը այս աշխարհին մէջ, կամ զայն կապող «անդր»ին, տանող «այսր»ը անոր։ Հովը ծովուն ձայնը կը հասցնէ մինչեւ գեղջուկ սենեակը եւ կ’արթնցնէ յուշեր։ «Յիշողութիւնս կը ներշնչուի հովէն։ Երեւակայութիւնս կը պտտի յուշքերուն մէջ» կը գրէ Ինտրա ու հարց կու տայ՝ «Յուշքե՞ր են թէ երազներ, յղացք­ներ» (52-53)։

Յիշելու եւ երազելու այս կերպը, մանաւանդ երեւակայութեան բերած ներթա­փանցումով, կը ստեղծէ ներքին մենախօ­սութեան երկար էջերը, ուր նաեւ Ինտրա կը փռէ լեզուական ստեղծագործութեան լիիրաւ իր մարմաջը։ Բառեր կը ստեղծէ, ի­րար կապելով, նորեր կազմելով, ոչ թէ մի­այն որովհետեւ եղած բառերը բաւարար չեն, այլ զանոնք կուտակելով հասնելու հա­մար գուցէ գերագոյն բառին եւ յղացքին32։ Կը ստեղծէ իր ուրոյն կէտադրութիւնը։ Բա­ռերն ու ոճը միջոցներ են Անհունին մօտե­նալու։ Կարելի չէ այստեղ տալ գիրքին ամ­բողջ բովանդակութիւնը, կամ նոյնիսկ ամփոփել զայն։ Նշենք միայն որ ան ունի ութը անջատ մասեր, որոնք անվերնագիր են։ Մեր պէտքերուն համար անոնց տուինք պայմանական խորագիրներ՝ բովանդակութեան մասին պատկերացում մը կարե­նալ փոխանցելու համար33։ Անոնք կը հիմ­նուին տուեալ գլուխին մէջ շարադրուած գլխաւոր մէկ կամ երկու նիւթի կամ նկարագրութեան վրայ ու ոչ մէկ ձեւով ամբող­ջական են։ Ինտրա իր մենախօսական խո­կումները կը համեմէ, պիտի ըսէինք կը շաղկապէ երբեմն վայրերու կամ պահերու երկար ու շատ գեղեցիկ տպաւորապաշտ նկարագրութիւններով։ Հովին ձայնը յիշո­ղութիւնը կը շարժէ, ետ կը բերէ ու իրար կը կապէ անցեալէն եկող պահեր ու խո­կումներ։

Ա. ՆԵՐԿԱՅ ՍԵՆԵԱԿԸ, ՆԱԽԿԻՆ ԳԵՂՋՈՒԿ ՍԵՆԵԱԿԸ ՈՒ ՍԵՒ ԾՈՎ

Բացման առաջին էջերը կը սկսին սեղա­նին ու սենեակին նկարագրութեամբ, որ գրեթէ կը կրկնէ, կը գրականացնէ Կիւրճեանին ուղղած նամակին մէջի նկարագ­րութիւնը։ «Հովին ձայնն է. նոճիներուն խորունկ գիշերուան հովին ձայնը» (49)։

Ինտրայի Ներաշխարհը բուրգի նման տիեզերական մէկ կէտի ձգտող անջրպետանաւ մըն է։ Հին երազ մը գուցէ, Եգիպտոսի անցեալէն ու բուրգերէն ներշնչուած, թելադրուած անոնց կատարեալ երկրաչափութենէն՝ «ձեւի եւ իմաստի ահեղ, անկարելի ձուլմամբ մը» որպէս «անփոփոխելի կարելիութիւն»

Արդէն ոճը ու շունչը տրուած են, հովն ու նոճիները ներկայ են։ Այս առաջին էջերուն մէջ նկարագրութեան կողքին ակնարկ պի­տի ըլլայ նաեւ նախկին ճամբորդութիւննե­րու, Եգիպտոսի բուրգերուն, հովին ու յուշերու խաղին, բայց մանաւանդ պատուհա­նի մութին մէջ արտացոլուած ինքն իր դի­մանկարին հետ դէմ յանդիման գալուն՝ որպէս «իմ աննիւթացումս, իմ իտէլական էութիւնս» (51) որ պիտի կոչէ «ռամպրանկար» (51) եւ որ «կ’անդրանկարուի, իտէալի մը պէս,— վասն զի խուցիս գիշերուան առանձնութեան մէջ վերստացուած ինք­նութիւնս է ան, նոճիներուն մէջ ուրուառկախ» (51)։ Աւելի անդին պիտի յիշէ նախկին գեղջուկ սենեակ մը ուր Սեւ Ծովուն ձայնը կը հասնէր եւ ապա պիտի անցնի Ծովուն անունին յայտնութենէն անոր ե­զերքով ճամբորդութեան մը նկարչական նկարագրութեան, որոնք բացառիկ գեղե­ցիկ էջեր են։

Բ. ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ ՈՒ ՍԻՐՈՅ

Ինտրա դարաշրջանին յատուկ խոկումներ կ’ընէ աշխատանքի, կենսապայքարի ու մանաւանդ մրցումի պարտադրանքին անարդարութեան մասին, որոնք հետաքրք­րական են։ Ապա կը յիշէ Իռենան, որ յայտնուած էր արդէն առաջին բաժնին մէջ, բայց հոս սիրոյ հակասութիւններն են, մէկ կողմէն անոր անկարելիութիւնը կամ խամրումը, միւս կողմէն սիրոյ մասին փիլիսո­փայական խոկումներ. «Ծննդագործութե­նէն առաջ՝ Անհունին արբշիռ պաշտամունքն է, Սէրը» ու «յաւիտենութեան զգա­յութիւն» մը (107)։ Կ’աւարտէ Իռենային հետ Հալքի կղզիին վրայ նոճիներու ան­տառը մագլցելուն նկարագրութեամբը։

Գ. ԻՆՃԷ-ՍԱԶԻ ՍՐՃԱՐԱՆԸ, ԼՈՅՍԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ

«Լոյսերը կը ծփծփան, ալքոլէն բռնկած, ու խժացող ծխալի վայրին մէջ Ինճէ-Սազը յափշտակութեամբ կը տրոփէ իր դափին կշռոյթը» ու քիչ մը վար՝«Կիզիչ լոյսը զոր կը կլլեմ, ներսս կը ծաւալի» (113)։ Իռե­նային մտապատկերը կրկին կ’ողողէ միտ­քը սակայն շուտով քովի մարդը պիտի գրաւէ ուշադրութիւնը երբ պիտի խօսի հօ­րը մասին՝ «Մարդը հօրս մասին կը խօ­սի… մեռած հօրս վրայ» (117) եւ երբ անոր համար կ’ըսէ «Լուսերուն մէջ պառկի» Ինտրա մէկէն կը պոռթկայ. «Թշուա՜ռական, հերի՜ք է. Լոյսերո՞ւն», լոյսերո՜ւն մէ­ջը… Չե՜ս գիտեր թէ ես… ես… Թէ ես կը նախանձի՜մ։ Այս մարդը կրնա՞յ մտածել թէ ես կը տառապիմ Յաւերժութենէն…» (118)։ Մահը հոս կը նկատուի վերադարձ մը Ան­հունին եւ ոչ իբրեւ նինջ մը լոկ կամ վերջա­ւորութիւն։ Ապա կայ Լոյսի՝ Արփի մասին գեղեցիկ փիլիսոփայութիւն մը, որ զայն կը նկատէ «անիմանալի յաւերժանիւթը, որու երկնային ընծայումն է Լոյսը» եւ որ «առա­ջին ու վերջին անծանօթ ձեւ»ն է «բոլոր իրերուն որ միջին ձեւեր են միայն.- Արփն, ուրկէ քայքայանջատ ու անկատար՝ բղխի տիեզերքն» (123)։

Դ. ՄԱՐԴՈՒՆ ԲԱՂՁԱՆՔԸ ԸՆԴՀԱՆ­ՐՈՒԹԵԱՆ, ԽԵՆԹԸ, ՄԵՌԵԼԸ

Այս մէկը կարեւոր գլուխներէն մէկն է գիր­քին։ Ահա առաջին նախադասութիւնը. «ամեն բան լոյս պատկեր մ’է, եւ պատկեր­ներու այլազանութենէն, թիւէն, ուստի մասնաւորութենէն կը տառապի հոգին որ բնականօրէն կը ձգտի լուսանիւթ երանական համադրոյթի մը…» (127)։ Մարդուն բաղձանքն է ընդհանրութեան, որ կրօնքներու ընդմէջէն ձեւ կը գտնէ։ Խորհրդանշանա­կութեան (բառը իրն է) գետինն է ու Ինտ­րա կը գրէ. «Եթէ բանաստեղծին, արուեստագէտին խորհրդապատկերը, կրօնաւո­րին խորհրդանշանը, ռամկին բժժանքը… գաղափարներու մատչելի հոծոյթներ են՝, խենթին մտապատկերը նոյն բանն է։ Վասնզի խորհրդանշանակութիւնը որ մտ­քին պայմանն է, քանի որ լեզու մը անհրա­ժեշտ է մտքին,— պայմանն է նաեւ խենթութեան…» (132)։ Հոս կը մտնենք խենթի կերպարին մէջ, որուն մէջ արտաշխարհին ու մտքին կամ երեւակայութեան սահման­ները կը ներթափանցուին։ «Ո՞ւր կը վեր­ջանայ արտաշխարհը, եւ ո՞ւր իր միտքը կը սկսի. միթէ գիտէ՞ ատիկա. միթէ ատիկա հո՞գն է իրեն» (133)։ Խենթութիւնը Ինտ­րայի համար պիտի գրաւէ միջանկեալ կարգավիճակ մը իմացականութեան աս­տիճաններու շրջանակին մէջ, որ իրեն հա­մար կազմուած է Ապշութիւն, Բնօրէն միտք, Հանճար եւ Խենթութիւն չորրորդու­թենէն եւ որոնք կը կազմեն կեանքի հանգրուանները նաեւ՝ երեխայէն մինչեւ խենթը, եւ որոնք սահմանակից են իրարու ու իրարմով ներթափանցուած։ Ինտրա կը գծէ մէկ երկու պատկեր իր տեսած խենթե­րէն, որոնք հոյակապ մարմնացումներ են ու կը մօտեցնէ խենթը մեռելի կերպարին. «Միսդիք ու խորհրդանշական խենթը կը յառի մահուան՝ իբրեւ նոյնութեան, ամբող­ջութեան, խաղաղութեան անդրաշխարհի մը» (149) ու քիչ մը անդին ան «Մեռելին վախճանին մէջէն կատարումը կը զգայ։ Կ’ուզէ… մեռել ըլլալ…» ու «Աստուծոյ գոյու­թիւնը կը զգայ ամեն բանի մէջ. կը պատ­կառի մեռելէն որ անշուշտ գիտէ զԱստուած» (151)։

Ե. ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՀԱՅՐԸ

Գեղեցիկ էջեր ունի Ինտրա նուիրուած կի­րակ մուտքի ժամերգութեան, Լոյս Զուար­թին, եկեղեցւոյ մէջ տիրող մթնոլորտին ուր մէկէն կը կարծէ հայրը տեսնել, մեռած հայրը։ Հայրը կը սկսի տեսնել նաեւ ինքն իր մէջ։ «Անընդհատ կը ծնէր զիս. եւ շարու­նակ սպառեցաւ…» (171) եւ «Ստուգապէս զի՛նքն եմ հիմա» (174)։

Զ. ԲԱՆԳԸ, ԲՈՒՐԳԵՐԸ

Եկեղեցիէն Ինտրա կ’անցնի կրկին մահուան խորհրդանշանին, որ այս անգամ բանգ կոչուող բոյսն է՝ խիստ թունաւոր եւ կը նկարագրէ անոր յուսահատ փնտռտու­քը ու գիւտը օր մը։ Մահուան ծաղիկը կը խոստանայ անարշալոյս մահը. «Ինչպէ՛ս կ’ուզէի հաւտալ քեզի, Բա՜նգ, որպէսզի բան մը փոյթ չընէի… որպէսզի ամեն բան վայե­լելու արհամարհանքն ունենայի ամեն բա­նի համար…Կ’ուզէի լիովին համոզուիլ թէ մահը կեանքին վախճանն է, թէ այս մար­մինն է կենդանութեան ու գիտակցութեան միակ պայմանը» (191)։ Կ’ուզէ հաւատալ որ մարմինը կայ միայն, սակայն անոր «այն­քան քիչ համեմատական կը թուի հոգին, եւ որմէ զերծանելու յաւերժական բաղձախտի մը միայն կը վերածուին բոլոր տենչանքները» (191-192)։ Այնպէս որ՝ «անզգած առարկայականութիւնը» լուծում մը չէ, քանի որ հոգին կը տենչայ յաւիտենա­կանին, «անմահութիւնը երազ մ’է» ու «կեանքը տեսլահարութիւն» (192)։ Այնպէս որ ան կ’ըսէ՝ «նախամեծար կը համարեմ հօրս արցունքը եկեղեցւոյն մէջ» (193-194)։ Հոս պիտի լսէ մօրը ոտնաձայնը, որ կի­րակմուտքի խունկը ձեռքին սանդուխէն կ’ելլէ ու սենեակին դուռը կը հրէ ու «ծուխը կը թափանցէ սենեակիս մթնշաղը» ու ծու­խին քաղցրութեան դիմաց բանգը կ’աղօ­տի երբ «Խունկին բարութիւնը կը թափանցէ հոգին։ Ննջեցեալն է, հայրս, մահուան խորհուրդին մէջ իտէացած, մօրս հոգւոյն մէջէ՜ն զգացուած» (195)։ Ու հօրը հետ պիտի յիշէ Քեփրէնի բուրգը (երկուքին նկար­ները տակ տակի դրուած են սենեակը)։ Եգիպտոս գտնուած պահուն է որ հօր մա­հուան բօթը հասեր էր ականջին ու ինք անմիջապէս պէտքը զգացեր էր անապատ մեկնելու տեսնելու համար բուրգերը։

Է. ԱՐԵՒԵԼՔ

Բուրգին նուիրուած էջերուն կ’ընդելուզուին Եգիպտոսի որպէս Արեւելք նկա­րագրութիւնը, լոյսը, մարդիկը, Նեղոսի մէկ ափէն միւսը մարդ փոխադրող մակոյ­կը, ֆէլլահ աղջիկները, գիշերային քաղա­քը, հաշիշը որպէս Անհունին բացուող ժամանակաւոր դուռ, իր շրջագայութիւնը անոր փողոցներուն մէջ, եւայլն։ Վերջաւորութեան Իռենան է մտքին մէջ՝ «ով իմ մի­ակ միսդիքականութիւնս» (222)։

Ը. ԻՌԵՆԱ

Սերունդներով ընթերցողներ Ներաշխար­հին մէջ կարդացած են այս անունին հետ կապուած Ինտրայի սիրավէպը։ Եւ իսկա­պէս հրաշալի էջեր են անոնք։ Ինտրայի համար սակայն Իռենան միաժամանակ սէ՛րն է, որ է նաեւ կինը34, բայց նաեւ գա­ղափարն է, որովհետեւ «տարփաւորներ… անգիտակից, յաւիտենութեան կը ձգտին՝, ներդաշնացման, կատարելացման գերա­գոյն վիճակի մը զհետ անձկագին Ո՛վ Տէր, ողորմէ տարփաւորներուն… վասնզի Քեզի յառելու կատարեալ եղանակ մ’է Սէ րը» (224-225) ու աւելի վար՝ «Իռենային անաշ­խարհայնութիւնն ուր կը ձգտի ընկլուզուե­լու իմ կիրքս» ու «Իռենան սկզբունք մ’է. էութենէս բղխած անդրժելի սկզբունք մը։ Յաւիտենական անդրեսութեան ոգին է» (225)։

ԻՆՏՐԱՅԷՆ ԵՏՔ

Ինտրա անունով հրատարակած երկու գիրքերէն ետք ան կը շարունակէ հրատարակել զանազան յօդուածներ Տիրան Չրաքեան անունով միայն։ Տէր-Խաչատրեանի երկ հատորեակին մէջ նախապէս լոյս տե­սած ամենէն վերջին գրութիւնը «Ի Խալքի. Ալիքը» կոչուող գրութիւնն է, լոյս տեսած Օշական գրական ժողովածուին մէջ 1914-ին։ Գրութիւնը ունի «Սկիւտար, նոյ. 913» նշումը։ Բացառապէս պայծառ ու փիլիսո­փայական երանգներով գրութիւն մըն է, ուր նաեւ կայ Իռենային հետ այդ կղզին պտոյտի երթալու նկարագրութիւնը։ Կայ նաեւ 1913ի հոկտեմբերին Բիւզանդիոնի մէջ լոյս տեսած «Ի՞նչ կը պատմէ Հայոց Այ­բուբենն» գրութիւնը, գրուած 1913ին Պոլսոյ մէջ կայացած հայ գիրերու գիւտին 1500- ամեակի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս։ Գրութեան միտք բանին իրար կը հաւա­սարեցնէ ազգային նկարագիրն ու քրիս­տոնէական զոհողութիւնը։ Նշանաւոր է անշուշտ 1910ին գրուած ու 1911ին Պոլսոյ Ոստան հանդէսին մէջ լոյս տեսած «Յայտ­նութիւնք անդրաշխարհէն» կոչուող ոգե­հարցութեան մասին երկար ուսումնասիրութիւնը, ուր յստակօրէն կ’երեւի Չրա­քեանի մտքին ու հոգւոյն մէջ անդենակա­նի մը հանդէպ ըսենք այլընտրական, չըսելու համար գաղտնագիտական՝ esoteric շեշտակի հակում մը։ Հաւանաբար պէտք չէ զարմանալ։ Չրաքեան սկիզբէն ներամփոփի տպաւորութիւն ձգած է իր շրջապա­տին վրայ35՝ ինչ որ հաւանաբար կը թելադրէ հոգեկան գերզգայնութիւն մը։ Ներաշ­խարհին մէջ հոգեկան փնտռտուքը յստա­կօրէն հիմնական գիծն է գործին։ Գիրն է որ կը ստանձնէ զայն առաջ տանելու պաշ­տօնը։

Տէր-Խաչատրեան Բ. հատորի աւար­տին տեղադրած է նաեւ «Անտիպ մը Չրա­քեանէն» վերնագրով գրութիւն մը, նախա­պէս լոյս տեսած 1963ին Պէյրութի Շիրակ ամսագրին մէջ։ Նամակ մըն է ան ուղղուած իր նախկին մէկ աշակերտուհիին՝ Հերմինէ Իսրայէլեանին։ Ծանօթագրութեան մէջ կայ Շիրակի կարճ բացատրու­թիւնը ձեռագրին մասին, ուր կ’ըսուի թէ ան «վստահօրէն գրուած է հոգեփոխութենէն ետք»36 սակայն նշուած չէ նամակին թուականը։ Կը մէջբերենք անկէ, ուր անմխիթարական յորդոր կու տայ կորուստի մը համար. «Այն որ Գլառա կ’անուանես, մեռած է, այսինքն մարմնաւոր կեանքի պայմաններէն ազատագրուած է ժամանա­կի մը համար» ու քիչ մը վար «Բայց դուն խօսքը չես ըներ Գլառայիդ հոգիին, որ, մարմնազերծեալ, մին է հիմա՝ անջրպե­տին աննիւթ էակներէն» ու վերջաւորութեան՝ «Գլառադ՝ Հերմինէ, ողջ է մեզմէ ա­ւելի, վասնզի մենք բանտարկեալներու պէս ենք… իսկ մարմնազերծեալները ճշ­մարիտ կենդանութիւնը ունին, վասնզի ազատ են Աստուծոյ օրէնքին մենէ աւելի հպատակ ըլլալու, եւ ճշմարտութիւնը բա­ցայայտ է իրենց համար»37։ Ներաշխարհի Անեզրութեան փնտռտուքը, կամ նոյնիսկ մեռելին հանդէպ նախանձը, անոր մէջ յաւերժութեան մէջ միացում տեսնող, հոս ալ տարբեր չեն։ Փոխուածը քրիստոնէական փրկչագործութեան երանգին գերակշիռ ներկայութիւնն է ու գրութեան տրուած պաշտօնին նուազումը, եթէ ոչ շիջումը։

Աւելի ուշ նամակներու մէջ կրօնական այս շրջումը կը դառնայ շատ աւելի ամբող­ջական։ 1918ին գրած նամակներուն մէջ38 ամբողջական քարոզիչն է, որ սուրբ գրային համարներու մէջբերումներով յառաջ կը տանի զուտ քարոզչական գործունէու­թիւն մը։ Թուղթերը այրելով ան կռնակ դարձուցած է գրականութեան ու յարելով շաբաթապահ աղանդին (այսօր Գալստա­կան) դարձած լիաժամ քարոզիչ։ Վահան Թէքէեան 1942ին Արեւի մէջ լոյս տեսած կարճ գրութեամբ մը առաջին ձեռքէ տե­ղեկութիւններ կու տայ իր բարեկամին այս հոգեփոխութեան մասին39։ Նամակներուն մէջ յայտնուողը Սուրբ գրային խօսքը որ­պէս բառացի ու միակ ճշմարտութիւն դա­ւանող հաւատացեալն է որ կուռոճով ու կատարեալ հայերէնով նուիրուած է հոգի­ներու փրկութեան գործին։ Չրաքեան կը թուի գտած ըլլալ փնտռածը։ Անշուշտ ա­սիկա ի հաշիւ Ինտրա գրողին ամբողջա­կան անհետացումին Չրաքեան հաւատա­ցեալի կերպարին մէջ։

Չրաքեանի անունը արձանագրուած է Գալստականներու տարեգիրքերուն ու գրականութեան մէջ որպէս բացառիկ քարոզիչ ու վերջին տարիներուն անոր կեր­պարը արժեւորելու ու տարածելու հաստատ ճիգ մը կ’երեւի քարոզչական նպատակներով անշուշտ անոնց գրաւոր եւ լսա­տեսողական հաղորդացանցերուն վրայ40։ Տակաւին՝ կայ նոյնիսկ Չրաքեան «հրա­շագործ»ի պատմութիւն մը, ըստ որուն ա­նոր անունը կապուած կը մնայ ղազարոսեան կամ Պետրոս Առաքեալ ու Տաբիթա/ Այծեմնիկ տիպի հրաշագործութեան դրուագի մը, երբ 1919ին կը յարուցանէ նո­րոգ ժանտատենդէ մահացած Տիամոնտո­լա կոչուող քոյր հաւատացեալ մը, որուն շատ կապուած էր,— միասին կը քարոզէին՝ ան յունարէն, ինք թրքերէն,— որոնց տունը կը մնար շաբաթապահութիւնը ըն­դունելէն ու կնոջմէն բաժնուելէն ետք41։

1914-էն մինչեւ մարտիրոսացումը 1921ին Չրաքեան կ’ապրի իր նախկին կեանքէն անջատուած «նոր», իր բոլոր նախկին բարեկամներուն համար զարտուղի, կեանք մը։ Զարմանալի չէ որ զինք ճանչցողնե­րուն աչքին ան «խենթեցած» թուացած ըլ­լայ42։ Դժուար է չյիշել Ներաշխարհին մէջ այդքան խանդաղատանքով յիշուող խեն­թի կերպարը ու չմտածել թէ Ինտրա ինք ալ կեանքի վերջին 7-8 տարիներուն հանճարի ու ապշութեան միջեւ գտնուող խենթութեան աստիճանին մէջ հանգրուանած է իր իսկ նկարագրած իմացականութեան շրջանակին մէջ։ Այդ շրջանի լուսանկարներուն մէջ ան կ’արտացոլէ հոգեկան բացառիկ անդորրութիւն մը ու թէ եւ մեր գիրերու աշխարհին մէջ փաստօրէն 1914էն արդէն մահկանացուն, մարդ կը մղուի մտածելու թէ Անեզրութեան փնտռտուքը, որով նաւարկած էր կեանքի զանազան հանգրուաններուն, մտած էր վերջապէս իր վերջնական հունին մէջ անոր պարգեւելով ներքին խաղաղութիւն մը, որուն հայցով էր տանջուած ողջ գոյութեան ընթացքին։

Աս ալ գուցէ, սիրելի Չրաքեան, գիրդ սիրողներուս ու Ներաշխարհիդ աննման էջե­րուն առ այսօր ընթերցողներուն համար թուի քեզ չարչրկած խոյզին գէթ որպէս վերջին մխիթարութիւն։ Այդ խոյզին ի խնդիր մէջդ վառած «ճղճիմ կայծին» շօշափելի հետե­ւանք եղող գործդ կը շարունակէ իր պայծառութեամբ լուսաւորել մեր օրերը։

1 Վկայութիւնը կու գայ Գեղամ Գաւաֆեանէն։ Տե՛ս Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, «Տիրան Չրաքեան. գիր եւ ուղի» (ասկէ ետք ԵՏԽ), Ինտրա, Հովին ձայնը, Գիրք Ա., Սարգիս Խաչենց, Երեւան, 2014, էջ 35։ Առաջին անգամ ըլլալով, շնորհիւ այս հրատարակութեան երկու շքեղ հատորներուն, ձեռքի տակ ունինք բաւական ամ­բողջական պատկեր մը Չրաքեանի հրատարակուած գրական արտադրութենէն։ Գրողին մասին տեղեկու­թիւնները կու գան մեծ մասամբ իր գրած նամակներէն կամ ժամանակակիցներու վկայութիւններէն։ Տէր-Խաչատրեան համապարփակ ձեւով կը ներկայացնէ զայն որպէս յառաջաբան ծառայող իր երկար գրու­թեան մէջ։

2 Ներաշխարհը լոյս տեսած է Պոլիս 1906ին, իսկ Նոճաստանը երկու տարի ետք՝ 1908ին, կրկին Պոլիս։ Թէեւ դժուար պիտակելի, առաջինը գուցէ կարելի է մասամբ տեղադրել բանաստեղծական կամ ըսենք խոհական արձակի պիտակին տակ, թէեւ անոր 250 էջերը կը պարունակեն նաեւ նկարագրական երկար ու բացառիկ գեղեցիկ բաժիններ, կամ հոգեկան ու սիրային էջեր։ Գ. Պըլտեան զանոնք կը կոչէ ներքին մենախօսութիւն, որ լաւագոյնս կը պիտակէ գործը։ Տե՛ս Պըլտեան ներքեւը։ Երկրորդը զուտ բանաստեղծական է ու կազմուած ամբողջովին հնչեակներէ՝ թիւով 40 հատ։ Ներաշխարհի առաջին հրատարակութեան հանած աղմուկէն ետք,— կը գրուին բազմաթիւ թեր եւ դէմ գրախօսականներ,— գրողին անհետացումով գործէն աւելի անոր վարկն է որ կը շարունակէր արձագանգել, մանաւանդ մամուլին մէջ երեւցող ժամանակակիցներու վկայու­թիւններով։ Հակառակ զայն մոռացութենէ փրկելու համար թափուած ջանքին, գրողին շիջումէն ետք գործը չունենար իր ժամանակակից միւս մեծերուն գործերուն վերապահուած փոխանցումի ճակատագիրը ու գրե­թէ խորագիր մը կը մնար անկէ ու քանի մրտող որոնք կը շարունակէին պլպլալ։ Փաստօրէն 40 տարի պէտք է սպասել երկրորդ հրատարակութեան մը համար 1955ին՝ Պէյրութ, տպ. Էտվան, որուն առաջին էջին դրուած «Որպէս սկիզբ» կոչուող երկու խօսքին մէջ կը կարդանք. «Սփիւռքի մէջ, 30 տարուան ընթացքին, վերահրա­տարակուեցան մեր նահատակ գրագէտներուն մեծ ու փոքր գործերը։ Սակայն մոռացութեան տրուեցաւ Ի­նտրան»։ Ներաշխարհը այսպէս կրկին կը դառնայ տրամադրելի ու կամաց կամաց կը սկսի ունենալ նոր ըն­թերցողներ։ Պէտք է ընդունիլ որ անոր վայելած «անթափանցելի» կամ «դժուար ընթեռնելի» յորջորջումը նոյն ինքն գրողներու կամ ուսուցիչներու կողմէ, որոնք տարածողը պէտք էր եղած ըլլային այսպիսի գործի մը, չ’օգներ կացութեան բարելաւման։ Կարելի է հարց տալ թէ լեզուական անուրանալի պերճանքին կողքին մարդիկ ի՞նչ խորհած են կամ տեսած անոր «Անեզրութեան» ձգտող էջերուն մէջ։ 1974ին Կարիկ Պասմաճեա­նի ջանքերով Փարիզ լոյս կը տեսնէ Ընտիր երկեր կոչուող հատոր մը, Յարալէզ հրտրկչ. (տպ. Տօնիկեան Պէյրութ), որ Ներաշխարհի կողքին կը պարունակէ «Ներաշխարհն իր հեղինակէն դիտուած» կոչուող ու Տիրան Չրաքեանի ստորագրութիւնը կրող երկար ու կարեւոր գրութիւնը, նախապէս լոյս տեսած մամուլով Բիւզանդիոն թերթին մէջ՝ գիրքի հրատարակման իսկ տարին՝ 1906ին։ Հատորը կը խմբէ նաեւ փունջ մը ոտանաւորներ, արձակ գրութիւններ ու մի քանի նամակ։ Կայ նաեւ Ժամանակագրութիւն մը։ Ատկէ վերջ 1981ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ Ինտրա, երկեր հատորը Ս. Եափուճեանի ու Ստ. Թոփչեանի խմբագրութեամբ, Սով. Գրող հրտրկչ., որ կը տառապի սովետական գրաքննութեան մկրատումներէն, ապա Ներաշխարհը լոյս կը տեսնէ կրկին երեւան 2006ին ու հիմա այս երկու հատորները։­­­

3 Գրիգոր Պըլտեան երկու ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ ունի այս երկու գիրքերուն մասին, լոյս տեսած Տրամ հատորին մէջ, Պէյրութ, 1980ին։ Առաջինը կը կոչուի «Բուրգը»՝ նուիրուած Ներաշխարհին (էջ 97-207), իսկ երկրորդը կը կոչուի «Կրկնում», այս անգամ նուիրուած Նոճաստանին (էջ 209-255)։ Ասոնք՝ Օշականէն ետք (տե՛ս աւելի վար) առաջին մեծ ուսումնասիրութիւններն են տարաբախտ գրողին այս երկու գործերուն, որոնք կը փորձեն կարդալ գիրով կատարուող աշխատանքը։ Պէտք չէ մոռնալ որ Ինտրա Ներաշխարհին հետ զուգահեռ կը գրէր ու կը հրատարակէր նաեւ բանաստեղծութիւններ։ Պըլտեան այս երկու հատորները կը կարդայ միեւնոյն տրամադրի չի մը կարկինով ու զանոնք կը նկատէ նոյն փորձին տարբեր միջոցները կամ ձեւերը, փորձ որ կը բխի «բրգացման ցանկութենէ» եւ որ կը միտի գրութիւնը սահմանել «իբրեւ լեզուի վերա­ծումը՝ իմաստով»։ Տե՛ս նշեալ գրութիւնները։

4 Կոստան Զարեան իր Անցորդը եւ իր ճամբան հա­տորին սկիզբը գեղեցիկ էջեր ունի Պոլսոյ մասին, ուր գտնուած է ան ընտանեօք մէկ տարի՝ հոկտ. 1921 – հոկտ. 1922 (տե՛ս Վարդան Մատթէոսեան, Կոստան Զարեանի շուրջ, Գ.Մելիտինեցի գր. մրց. թիւ 32, Ան­թիլիաս, 1988, էջ 115 եւ էջ 173)։ Կը բնակի Սկիւտար, որուն մասին կը գրէ. «Նա ունի իր ուրոյն մտայնու­թիւնը, իր աւանդութիւնները։ Նա աւառ է եւ քաղաք։

Սկիւտարը սկիւտարցու համար գրեթէ հայրենիք է։ Մնայուն, տոկուն մթնոլորտ մը կայ այստեղ, օդի, ծա­ռի, տեսարանի եւ հոգիների հետ կապուած» եւ աւե­լի վար՝ «Այստեղ մարդը օժտուած է եզակի յատկութիւններով։ Ճկուն է նրա բանականութիւնը, նուրբ է զգացողութիւնը եւ, Չամլճայի օդի նման, թրթռուն է սիրտը» ու կը շարունակէ՝ «Խաղաղ եւ վերասլաց, երկինքի հետ խօսող, աստղերի հետ պլպլող, գաղա­փարը ընդգրկող տենչը կայ… Սկիւտարը ամբողջ մի մտայնութիւն է հայ գրականութեան մէջ։ Նոճին, աստղը, բլուրը եւ ծովը, շղարշող վերջալոյսը այդ մտայնութեան հիմնական նշանաբաններն են»։ Ապա թուելով սկիւտարցի նշանաւոր դէմքեր Դուրե­ան, Պէրպէրեան, Տէմիրճիպաշեան կը հասնի Ինտ­րային ու կը գրէ՝ «Եւ ահա ուրիշ մի մեծը. Ինտրան, Չրաքեանը։ Ինչպէ՞ս կարելի է հասկանալ Ներաշ­խարհը առանց Սկիւտարի», Կ. Զարեան, Անցորդը եւ իր ճամբան, Սարգիս Խաչենց, Երեւան, 2020, էջ 69-70։

5 Վահրամ Թորգոմեան (1858-1942) երեք հատորով հրատարակած է Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի (1637-1695) առ այդ ձեռագիր մնացած Ստամպօլոյ պատմութիւն կոչուող աշխատասիրութիւնը, սկսուած 1661ին ու աւարտած 1684ին։ Հատորները լոյս տե­սած են Վիեննա՝ 1913ին, 1932ին, եւ 1938ին։ Բնիկ Սկիւտարցի՝ Թորգոմեան մեծ նպաստ բերած է իր ունե­ցած տեղեկութիւններով համալրելով ու ծանօթագրելով Չէլէպիի գործը, ամէն մէկ հատորի մէջ աւելցնելով խոշոր բաժիններ, որոնք քաղաքին հայութե­ան հետ առնչուած պատմութիւնը կը հասցնեն մինչեւ իր օրերը։ Գ. հատորը նուիրուած է քաղաքի ասի­ական ափին, ուր մեծ բաժին մը յատկացուած է Սկիւտարին։

6 «Վասնզի օր մը տեսայ ես Սեւ Ծովը: Անյիշատակ օ­րերէ ի վեր զայն մտմտալէ ետքը օր մը, Խաչ-Յունա­ցէն վեր սրտատրոփ խոյացած՝ առաջին անգամ տե­սայ զինքը, հեռուն, հիւսիսի վճիտ հորիզոնին մէջ տարածուած, երկնային եղկութեամբ. ու սիրտիս հուժկու ­զարկը որ տժգունեցուց զիս՝ առաջին մեծ տրոփիւնս եղաւ Աստուծոյ առջեւ», Ինտրա, Ներաշխարհ, Հո­վին ձայնը, Գիրք Ա., էջ 60։

7 Թորգոմեան կը գրէ՝ «Իւսկիւտարէն դէպի Արեւելք ընթանալով, երկու ժամ հեռաւորութեամբ, գեղեցիկ ու խորհրդաւոր մեծ անտառի մը գիրկին մէջ կը գտ­նուի, լաւ եւս է ըսել՝ կը գտնուէր Ալէմտաղի կոչուած զուտ հայաբնակ գիւղը, որ ունէր Ս. Նշան անունով քարու կիր սիրունակ եկեղեցի մը…» եւ «Ալէմ տաղիէն ժամ մը հեռու կը գտնուի Խաչ Յունաց անուն բարձր լեռ մը, որուն գագաթին վրայ յունական հին վանքի մը աւերակները կան. մեծ ուխտատեղի մ’էր. զաւակ բնաւ չունեցողները քարեր գրկելով կը տանէին հոն ու կը նետէին աւերակին մէջ՝ զաւակի տէր ըլլալու յոյ­սով։ Խաչ-Յունաց բարձրաբերձ հիանալի գագաթ մ’է, ուրկէ Սեւ ու Մարմարա ծովերը եւ զիրենք միաց­նող Վոսփորեան նեղուցը համանգամայն կը պատ­կերի», Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան, Ստամպօլոյ պատմութիւն, Հատոր Գ., Մխիթարեան տպ., Վիեն­նա, 1938, էջ 162։

8 «Քիչ մը ետքը, վաչը՝ խօլ՝ մեզի կը տանէր, մշտա­նոյն ափունքին վրայ, նոյն հզօր եզերագայմանց սպի­տակութեան մէջէն: Տէրէ-Քէօյի խանը ցուրտ միայնու­թեանց մէջ անհետեր էր մեր ետին», Հովին ձայնը, Գիրք Ա., էջ 68։

9 «Հա՜լքին…:

Մեղմ, մշտաձայն շշնջիւնին, մեծ կոնաբերներու ան­բացատրելի շշնջիւնին մէջ զոր անօսր հովը նոճինե­րէն կը հոսեցնէ միջոցին մէջ, զոր սրտէս կ’անցունէ ­վեհաշուք սրբութեան մ’անցքովը, Իռենա՛, կղզիին յիշատակը անեղծ, կը յառնէ էութիւնս լեցնելու, ինչպէս արցունքի շիթ մը կ’ելլէ բիբը կ’ողողէ:«Եւ ի՜նչ տա­րօրինակ դիւրութեամբ կը յիշեմ ամեն բան, ամեն ­բան…:

Շոճիներուն անտառը… գօս շիւղերով լպրծուն, անե­լանելի սեպութիւնները, որոնցմէ վեր ելանք ձեռք ձեռքի. մտախոհ, խռով: Հետզհետէ աւելի վեր, շոճինե­րուն տակէն…», Հովին ձայնը, Գիրք Ա., էջ 108։

10 «Ժամանակագրութիւն Տիրան Չրաքեանի – 1898», Ինտրա, Ընտիր երկեր, կազմեց եւ խմբագրեց Կա­րիկ Պասմաճեան, Յարալէզ հրտրկչ., Փարիզ (տպ. Տօնիկեան՝ Պէյրութ), 1974, էջ 308-309։

11 Զարեան կը գրէ՝ «Չրաքեան իր գոյացման ձեւը տեսնում է նոճիի դասական կառուցւածքի մէջ», Ան­ցորդը եւ իր Ճամբան, էջ 70։ Համեմատել Պըլտեանի «բրգացման ցանկութեան» նշեալ գաղափարին հետ։

12 Ներաշխարհէն ուղղակի մէջբերումներու էջերը կու տանք գրութեան մէջ փակագիծով։ Բոլորը առնուած են Տէր-Խաչատրեանի հրատարակած Հովին ձայնըի Ա. հատորէն։ Ինտրա բուրգերուն մէջ կը տեսնէ «ձե­ւի եւ իմաստի ահեղ, անկարելի ձուլում» մը, զանոնք դարձնող «անփոփոխելի կատարելութիւն» ու «երա­զուն մտածումը թէ յաւիտենական էին անոնք՝ կու գար ոչ միայն անոնց անշարժ դարերէն, այլ նաեւ ա­նոնց անըմբռնելի լրումէն, որ աշխարհի չորս կողմե­րէն ելլելով զենիթին մէջ կ’աւարտէր» (201)։ Քիչ մը անդին նոյն պատկերը պիտի կրկնէ՝ «երկրի չորս կողմերուն միաբանութեամբը դէպի երկնամոյն վախ­ճան մը՝ կեանքերու վերափոխումը դէպի զենիթը, դէպի զօրութեանց անյայտ վառարանը., գոյութիւն­ները՝ միահաղոյն՝ իրենց նպատակին մէջ., աշխար­հի քառաբերձ ինքնընծայումն առ Համայնը» (203-204)։ Այս ամբողջ «կոթողումը, մեծացումն էին մարմնաւորութենէ ազատագրութեան., զերծում՝ ու սրբա­ցո՛ւմ Օրէնքին մէջ, ձեւերուն խուսափանքովը դէպի ոչինչ., Եսերու, այսինքն մահկանացու սահմաններու կորուստով՝ բազմաւորութեան միաւորմամբ՝ Անեզ­րութեան մէջ դէպի կէտի մը հիւլէութիւնը, կիտային մշտանոյն սկզբունքը» (204)։ Այս տողերը բաւական յստակ պատկերացում մը կու տան Ինտրայի համար բուրգերուն ունեցած արժէքին մասին որպէս խորհըր­դանիշ։ Բուրգերուն ամբարձումը դէպի զենիթ մահ կանացու բազմաւորութեան միաւորումը կը խորհըր­դանշէ Անեզրութեան մէկութեան մէջ։ Տիեզերքը մէկ է։ Զանազան կրօնքներէ ու փիլիսոփայութիւններէ ե­կող նոյն գաղափարն է հոս, յաճախ միսթիքականու­թեան քօղին տակ յայնտուող, որ Ինտրայի գրիչին տակ այստեղ բուրգի կերպարանքով կու գայ։

13 Նոճիները ներկայ են նաեւ Նոճաստան հատորի կողքի գծանկարին վրայ, քանի մը այս կողմ այն կողմ ծռած թրքական գերեզմանաքարերով։ Գր. Նշանեան 1942ին Արեւ թերթի չորս թիւերու մէջ «Յիշա­տակներ Տիրան Չրաքեանէն» վերնագրով շատ հետաքրքրական պատում մը կ’ընէ Չրաքեանի վերջին տարիներուն մասին (մայիս 2,4,5,6՝ 1942, Ի Է. տարի, թիւ 7102-7105, էջ 2), ընդ որում կը պատմէ նաեւ որ ա­նոր տուն այցի մը ընթացքին, երբ «հարցուցի իրեն՝ թէ ո՛ւրկէ առած էր անոր նախատիպը, ան զիս մօտը տարաւ պատուհանին, եւ անկէ ցոյց տուաւ իմ առջեւ պարզուող տեսարանը»։ Կարելի է ենթադրել հաւա­նաբար որ ասիկա նոյն տունն է ուր տարիներ առաջ Ներաշխարհի սենեակը նկարագրած էր, թրքական գերեզմանատան հարեւանութեամբը։ Երբ ան հիա­ցումը կը յայտնէ կողքի գծանկարին հետ նմանութեան համար, Չրաքեան «դժգոհանքով ցնցեց գլու­խը, յայտնելով՝ թէ չէր յաջողած նոճիներուն ընծայե­լու հարկ եղած գոգաւորումը», Արեւ թիւ 7104։ Կողքը անշուշտ իր գործն էր։

­14 ԵՏԽ, էջ 17։

15 «Եւ թերեւս իմ ամենամեծ հաճոյքս էր՝ բազմոցին անկիւնը նստած մի առ մի ձեռք առնել աղուոր հատորներն ու անոնց անհատնում ճոխութիւնը լռիկ վայելել։ Իրիկունները կամ հանգստեան օրեր՝ երբ գծագրել կամ նկարել չուզէի՝ ան էր զբաղումս, եւ մտքէս չէր անցներ երթալ դուրսը նոճերով եզերուած դաշտին վրայ գնտիկ կամ գնտակ խաղալ Բուրաս­տան չունեցո՜ղ տղաքներուն հետ՝ որոց խաղալը կը տեսնուէր իմ պատուհանէս, ու մեծ հատորներէն մին ծունկերուս վրայ բացած՝ կը մնայի պատկերալից այն էջերէն եկող զգայութիւններուն անձնատուր։

Ինչե՜ր կային այն գրքերուն կամ հետզհետէ եկող պրակներուն մէջ. որքա՜ն բաներ՝ զիս հետաքրքրող, զիս զուարճացնող, զիս խանդաղատեցնող ու յուզող, զիս վերին աստիճան ախորժելի կերպով՝ այսինքն լրջօրէն, կատարելապէս, ճշմարտապէս մշակող», «Նշան Պէրպէրեան եւ Բուրաստան մանկանց», Հո­վին ձայնը, Գիրք Բ., Սարգիս Խաչենց, Երեւան, 2014, էջ 135-136։

16 Նամակ թուագրեալ 16.10.1900 – Ընտիր Երկեր, էջ 310։

17 Չրաքեանի այս խօսքը մեկնաբանութեան դուռ կը բանայ։ Գր. Պըլտեան կը գրէ. «Անդրատառին մէջ կը յայտնուի աստուած մը, կարծէք մարդկային անունը ըլլար աստուածայինին տառը։ Անդրատառը այսպէս կը զանցէ մարդկային չափը. անմարդկային է, որով­հետեւ չափազանց», Տրամ, էջ 110։ Այսպէս՝ աստուած մըն է որ կը յայտնուի որպէս ծածկանուն ծառայող անդրատառին մէջ։ Այնպէս որ, Ինտրա լոկ անդրա­տառ մը չէ։

18 Նամակ թուագրեալ 1/14.2.1903 – Նոյն։

19 Պըլտեան կը գրէ որ Ինտրա անունը ծածկանունէ մը անդին կ’երթայ եւ գրութիւնն է որ կը կանչէ զայն։ Ներաշխարհի վերջին պարբերութեան մէջ յայտնուող հետեւեալ տողերը մէջբերելով՝ «Եկա՜ր. իմս ես. այնպէս չէ՜. կը սիրե՜ս զիս… Անհունին կորիւնը, հս­կայորդին, որ կը կանչէր քեզի. կը լսես սրտիս թո­պումը. ես քեզի կը ճանչնայի շատոնց. դարերէ ի վեր…»(232) ան կ’աւելցնէ, որ այս տողերը «կարելի է նկատել ուղղակի յղում մը Ինտրա-աստուծոյ։ Յղու­մը տեղի կ’ունենայ գրութեան վերջին էջերուն», այն­պէս որ «անունը կը ծնի գրութենէն, կարծէք ամբողջ գրութիւնը ըլլար ան դրատառումի մեքենայ մը, ուրկէ կը ծնի աստուածային անուն մը», Տրամ, էջ 112-113։

20 Այս մասին տե՛ս Գ. Պըլտեան, «Կրկնում», Տրամ, էջ 209-255։

21 Չրաքեանի արխիւ չունինք անշուշտ, քանի որ իր ձեռքով այրած է իր թուղթերը։ Սակայն իր մասին կան բազում վկայութիւններ մամուլին մէջ ցրուած, մանաւանդ մահէն ետք, ինչպէս նշեցինք։ Կան նաեւ իր գրած նամակները, մանաւանդ Միքայէլ Կիւրճեա­նի արխիւին մէջ պահպանուած (ԳԱԹ), որոնք կր­նան կազմել ստուար հատոր մը ու աւելին։ Ինտրայի կեանքի վէպին վերակազմումը կը սպասէ այդ բոլոր էջերուն հրատարակութեան եւ ուսումնասիրութեան։ Այս ուղղութեամբ քայլեր կան։ Տե՛ս օրինակ Պետրոս Դեմիրճեանի երկու գիրքերը աւելի վարը։

22 ԵՏԽ, էջ 16։

23 Տէր-Խաչատրեան Չրաքեանի 1906ի նամակը կը մէջբերէ ուղղուած Հրանտ Ասատուրին, ուր ան կը խօսի տպագրութեան ծախսին համար բաժանոր­դագրութիւն հաւաքելուն մասին. «Մէկ երկու հարիւր բաժանորդ ունեցած եմ ցարդ, բայց դեռ կարօտ եմ գրեթէ նոյնքան բաժանորդներու։ Մէկ բաժնեգինն է տասը ղրուշ։ Բայց գրքին գինը յետ տպագրութիւն պիտի ըլլայ 12 ղրշ.։ Եւ,— հոս է ահա ինծի համար դժնդակ կէտը…», 5 ապրիլ 1905, նոյն, էջ 19-20։

24 Նոյն, էջ 18-19։

25 Նոյն, էջ 19։

26 Այս տպաւորութիւնը կը քաղենք Տէր-Խաչատրեա­նի յառաջաբանէն, որմէ արդէն մէջբերումներ եղան։ Արժէր որ թեր եւ դէմ գրութիւնները հաւաքուէին հա­տորով, առնուազն տրամադրելի դառնային, որ աւե­լի հանգամանօրէն կարենայինք խօսիլ պարզուած պատկերին մասին։ Հայաստանի մէջ որոշ հետաքրքրութիւն մը եղած է ու կայ Ինտրայի նկատմամբ ու գիտենք որ յօդուածներ եւ երբեմն աւարտաճառեր կը գրուին անոր վրայ։ Կան նաեւ վերջին տարիներուն լոյս տեսած գիրքեր։ Ասոնցմէ յիշենք՝ Պետրոս Դե­միրճեանի Տիրան Չրաքյան (Ինտրա). Կյանքն ու գոր­ծը կամ «Հեքիաթի իրականությունը», ՀԳՄ հրատ., Երեւան, 2016, 720 էջ, Վարդան Նիկողոսեան, Ինտ­րայի ներանձնախոհական իմաստնութիւնը, Կոմպ­թաուն ՍՊԸ- Երեւան, 2016, 285 էջ, Լուսինէ Աւետի­սեան, Տիրան Չրաքեանի (Ինտրա) Պոէտիկան, Նաի­րի հրտրկչ., Երեւան, 2005, 158 էջ, Պետրոս Դեմիր­ճեան, Վարք Ինտրայի, «Առերեսում»-Անի հրտրկչ., Երեւան, 2003, 176 էջ։ Յիշենք նաեւ Ալբերտ Կոստա­նեանի «Տիրան Չրաքեան» փորձագրութիւնը լոյս տե­սած 1971ին Սովետական գրականութիւն պարբերա­կանի էջերուն մէջ (տե՛ս Ալբերտ Կոստանեան, Բացարձակի որոնումը, Սարգիս Խաչենց, Երե­ւան, 2004, էջ 100-125)։ Այս մէկը հաւանաբար առա­ջին գրութիւններէն է Հայաստանի մէջ Ինտրայի անունը շրջանառութեան մէջ դնող։ Կարիկ Պասմաճեանի հատորին առնչութեամբ պէտք է գուցէ նաեւ ենթադրել անոր կապը Կոստանեանին հետ Երեւան ուսանողութեան տարիներուն։

27 Զապէլ Եսայեան, Կեղծ հանճարներ, Ա. տիպ տպ. Արզուման, Պոլիս, 1910, Բ. Տիպ Արաս հրտրկչ., Ստանպուլ, 2019, Գր. Պըլտեանի վերջաբանով։ Վէ­պը առանց աւարտին հասնելու նախ իբր թերթօն երկար ընդհատումներով լոյս տեսած է Իզմիրի Արեւե­լեան մամուլին մէջ 1905-1907։ Հետագային Եսայեան զայն կ’ամբողջացնէ ու կը հրատարակէ գիրքով 1910ին։ Վէպը կը նկարագրէ խումբ մը ուսանողներու ծայր աստիճան աղքատութեան մէջ գտնուող կեան­քը Փարիզ, ուր կ’երեւին նաեւ Սիամանթօն ու Արշակ Չոպանեանը՝ ծածկանուններով անշուշտ։ Սակայն կիզակէտը կը հանդիսանայ Չրաքեանի կերպարը, իր մեծամտութեամբ, իբրեւ «կեղծ հանճար»ի մարմ­նացում։ Ասիկա մասամբ գուցէ կարելի է վերագրել Ինտրայի հանդէպ նշեալ «խրտչողական» տրամադ­րութեան Պոլսոյ մտաւորականութեան մօտ։ Վէպի էջերէն ակնյայտ է որ Եսայեան 1905ին արդէն, կամ գուցէ աւելի ալ առաջ տեսած է, գոնէ մասեր կարդա­ցած Ներաշխարհէն։ Չրաքեան անշուշտ ինքզինք կը ճանչնայ թերթօնին մէջ ու Կիւրճեանին ուղղուած նա­մակով մը բաւական գռեհիկ կերպով կը հակազդէ, ակնարկելով անոր «հաւի խելքին» կամ «կնկան յե­տոյքին» եւ մասամբ նորին։ Գ. Պըլտեան նամակը տեղադրած է Կեղծ հանճարներու բ. Տիպի վերջաւո­րութեան, ուր կայ նաեւ իր վերջաբանը։ 1964ին անոր «խմբագրուած»՝ իմա՛ « լուտանք»ներէն մաքրաջրուած մէկ օրինակը լոյս տեսած էր Պէյրութի Նայի­րի շաբաթաթերթին մէջ։ Պըլտեան վերականգնած է բնագիրը մեկնելով ԳԱԹի մէջ պահպանուած բնօ­րինակէն։ Հարցը անշուշտ կը վերաբերի Եսայեանի հասցէին Չրաքեանի արձակած «մէջքէն վար» սլաք­ներուն։ Պըլտեան նամակը կը բնութագրէ որպէս «զայրոյթի  ժայթք» սակայն շահեկան կը նկատէ երկութին մէջեւ յարաբերութեան յարումը լուսաբանելու տեսակետէն: Պէտք է նաեւ չմոռնալ որ Եսայեանի ամուսինը Տիգրան Եսայեան նկարիչ էր, ինչպէս Չարքեան: Առ այդ Մարկ Նշանեան այս վէպը կը տեղադրէ «մրցակցութիւններ»ու ընդհանուր նշանին տակ: Ասոր մասին ու նաեւ Եսայեան-Ինտրա գրական, մանաւանդ արեւելաբան (orientalist) ու այլ դիտանկիւններէ հանգիտութիւններուն ու գրականութիւնը որպէս մրցադաշատ նկատառումին մասին տե՛ս Մարկ Նշանեան, Պատկեր պատում պատմութիւն հատոր 2՝ մրցակցութիւններ, Յովհաննիսեան Ինստիտուտ, Երեւան, 2016, էջ 83-121։ Վերադառնալով նամակին վերականգնուած հրատարակութեան, կարելի է հարց տալ թէ հարկ կա՞ր այդ նամակը այդ վիճակով գիրքին մէջ տեղադրելու։ Սակայն գրողներն ալ մարդ են ի վերջոյ։ Եսայեանի վէպը բաւարար չէ՞ այդ հաստատումին համար։

28 Յակոբ Օշական, Համապատկեր Արեւմտահայ գրականութեան, Հատոր Ը., Անթիլիաս, 1980, էջ 7-213։

29 Նոյն, էջ 8։

30 Նոյն։

31 Պըլտեանի Տրամը ինքնին ամբողջական շրջադարձ մը կը հանդիսանայ մեր գիրերու աշխարհի հասկացողութեանց ու մօտեցումներուն մէջ ու առ այդ բա­ւարար կերպով ընթերցուած չէ։

32 Այս մասին ու ընդհանրապէս Ինտրայի ու Ներաշ­խարհին մասին տե՛ս նաեւ Գրիգոր Պըլտեանի դա­սախօսութիւնը տրուած Տէր-Խաչատրեանի երկհա­տորեակին առիթով, Երեւան, 2015,

https://www.youtube.com/watch?v=xPDS_Tb9ofU։

33 Այս գրութիւնը կը հիմնուի Համազգային Գանա­տայի Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթաց­քին համար պատրաստուածներ կայացումի մը վրայ, տրուած Մոնթրէալ 8 մարտ 2025-ին։ Տեսագրութեան համար տե՛ս

https://www.youtube.com/watch?v=3WmOXTl93kU։

34 Չրաքեան 1899-ին պսակուած է Վերժին Պէյազեանի հետ, որ նաեւ Զապէլ Եսայեանի դասընկերու­հին էր։ « Տօրօսէն անցք» գրութեան մէջ ան կը յիշէ՝ «կինս, շնորհալի եւ քաջասիրտ Իռենան», Հովին ձայ­նը, Գիրք Ա., էջ 389։ Կը կրէ 1909 Իւսկիւտար թուա­կանը ու լոյս տեսած է նոյն տարին Շիրակ շաբաթա­թերթին մէջ 4 թիւերով։

35 Արամ Նիկողոսեան կը վկայէ. «Մելամաղձոտ ու լուր… պատանեկան զուարճութիւններն ու խաղերը անոր համար չէին. յաճախ մտախոհ ժուռ կու գար մինակ, ցանկապատերուն եզերքին ծաղիկ մը կամ միջատ մը դիտելու զբաղած։ Անծանօթ մը խենթ մը պիտի կարծէր զայն», ԵՏԽ, էջ 8։

36 Հովին ձայնը, Գիրք Բ., էջ 452։

37 Նոյն՝ էջ 400-401։

38 Տե՛ս Կարիկ Պասմաճեանի Ընտիր երկերուն մէջ ներառուած երկու նամակները ուղղուած Գոհար Մազլըմենին, երկուքն ալ գրուած 1918ին, էջ 282-296։

39 Տե՛ս «Չրաքեան ի՛նչպէս շաբաթապահ եղաւ», Ա­րեւ, 15 մայիս 1942, ԻԷ. տարի, թիւ 7113, էջ 2։ Թէքէեան Ասուպ ստորագրած գրութեան մէջ կ’ըսէ. «1908-էն մինչեւ 1912-13 Չրաքեան համոզուած հոգեխօս (սբիռիթ) [պէտք է հաւանաբար ըլլայ spiritist, spiritism եզրէն, մեր մէջ ոգեհարցութիւն պիտակով ծանօթ, տարածուած երեւոյթ մը անցեալ դարուն, որուն հիմ­նական երանգը կը կազմէր մեռածներու ոգիներուն հետ հաղորդակցութեան կարելիութիւնն ու խմբային նիստերու ընթացքին գործադրութիւնը – րա] մըն էր: Նիստեր (սէանս) կ’ունենանք իր տան մէջ, եւ ես՝ մասնաւորապէս՝ մեծ վիճաբանութիւններ իրեն հետ: Այս շրջանին՝ կարճ ճամբորդութիւն մը (1910) կը կատարեմ Եգիպտոս, ուր իր բարեկամն ու Պոլսոյ Գեղարուեստից վարժարանի ընկերը՝ շաբաթապահ-արձանագործ Պ. Յովհ. Պէզիրճեան կու գայ զիս տեսնել պանդոկի սընեակիս մէջ եւ կը խնդրէ որ իր բերած ֆրանսերէն եւ հայերէն քանի մը գիրքերը Չրաքեանին տանիմ՝ իր բարեւներովը»: Բերածը Շաբաթապահներու հրատարակած քարոզչական գրականութիւնն էր: Թէքէեան կը շարունակէ՝ «Վերադարձիս չրաքեանին կ’ըսեմ իրողութիւնը. Կը պատասխանէ թէ կրնամ պահել այդ գիրքերը…»: Չրաքեան ըստ երեւոյթին հետաքրքրուած չ’երեւիր: Երկու տարի վերջ է միայն որ Ժիռու անունով ֆրանսացի շաբաթապահ քարոզիչի մը (Girou, Aimé-jacques (1885-1977), տե՛ս https://encyclopedia.adventist.org/article?=AAJ9&highlight=girou), Սկիւտարի մէջ տուած դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուելէ ետք գիրքերը կ’ուզէ Թէքէեանէն: Չրաքեան ըստ երեւոյթին «տաք վիճաբանութեան մը կը սկսի» Ժիռուին հետ: Թէքէեան նաեւ կը պատմէ թէ Պէրպէրեանի շրջանաւարտ տղաքը վիճաբանութեան ասուլիսի մը կը հրաւիրեն քարոզիչը ուր Թէքէեան ինք կը կատարէ ընդդիմախօսի պաշտօնը ու կ’աւելցնէ ըսելով «Չրաքեան քիչ մասնակցած է խորհրդակցութեանց»: Թէքէեան «ձեղնայարկին (թաւան իչի) մէկ անկիւնը, փոշիներու տակ» կը գտնէ «շաբաթապահական գիրքերս» ու կու տայ, տարինե ետքը այս յօդուածին մէջ գրելով՝ «երանի՜ թէ չգտնէի» ու աւելի անդին՝ «Իմ տարած գիրքերս իր ճակատագրին գործիքները եղան…»: Անշուշտ միամիտ պիտի ըլլար խորհիլը թէ այդ գիրքերն էին միակ պատճառը որ Չարքեանը այդ ուղիով առաջնորդեցին, սակայն այդ ալ չի նուազեցներ Թէքէեանի իսկական ափսոսանքը

40 Տե՛ս կենսագրական յօդուածը Գալստական առ­ցանց հանրագիտարանին մէջ՝

https://encyclopedia.adventist.org/article?id=AJJI&highlight=y, ուր հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կան Չրաքեանի հոգեփոխութեան ու ի վերջոյ շաբա­թապահութեան յարումին մասին։

41 Տե՛ս Benjamin Baker: “The Forgotten Missionary”, https://am.adventistmission.org/360-the-forgotten-missionary , ինչպէս նաեւ “The Story of Diran Chrakian: https://www.youtube.com/watch?v=7XiliFB8Br0 եւ “ASTR Presents – Episode 21: The Missionary Work of Diran Tcharakian in Asia Minor”

https://www.youtube.com/watch?v=-IdZ0BTp1Mg, 6’00” – 18’00”։

Պէտք է խոստովանիլ որ այս դրուագը ու ընդհան­րապէս Գալստականներու հայեացքն ու տեղեկութիւնները կը կրեն զուտ ջերմեռանդ քարոզչական երանգ մը ինչպէս նաեւ սխալներ եւ ըստայնմ պէտք է մօտենալ անոնց։ Կը յիշենք այս տեղ որովհետեւ լոյս կը սփռեն Չրաքեանի կեանքին վերջին տարիներուն վրայ։ Նախկին կեդրոնականցի Նուրհան Ուզունեան (1924 – 2008 Մոնթրէալ), որ 60-ականներուն Լի­բանան ուսուցիչ ու տնօրէն եղած էր Գալստականներուն մօտ Ինտրայի մասին հայթայթած է կարգ մը տեղեկութիւններ ու ըրած ճշդումներ, որոնք մասամբ կը «փրկեն» ըսենք կացութիւնը։ Տե՛ս թիւ 13 ծանօ­թագրութիւնը The Legacy of Adventist Martyrs in Europe յօդուածին մէջ,

https://encyclopedia.adventist.org/article?id=AI88։

Տիամոնտոլայի (Diamondola Keanides 1894 – 1990, ծնեալ Էսկիշեհիր) մասին կան կենսագրական վիպանացումի երկու հատորներ Mildred Thompson Olsonի հեղինակութեամբ՝ Diamondola: A Little Dia-mond, Teach Services Inc., 2016, 186 էջ եւ Diamondola and Aram: Middle East Ambassadors, Teach Services Inc., New York, 2004, 208 էջ։ Տիամոնտոլա 1921-ին կը պսա­կուի Չրաքեանի բարեկամ Արամ Աշոտին հետ (Aram E. Ashod 1884 – 1977։ Ասիկա տարբեր է նոյն ծածկա­նունով ծանօթ Սարգիս Մինասեան դաշնակցական գործիչէն, որ նահատակուած էր 1915ին։ Անոր մասին Թէքէեան իր գրութեան մէջ կ’ըսէ «Աշոտը, Եփրեմ Էֆէնտիին տղան, շաբաթապահ էր իրեն պէս», այն­պէս որ հաւանաբար Աշոտ Փափազեանն է, որուն հայրն ալ կը կոչուէր Եփրեմ։ Թէ ինչպէս եւ ինչու յա­տուկ անունը վերածուած է մականունի, չենք գիտեր։

Օլսոն որպէս Գալստական միսիոնար 18 տարի գտնուած է Իրաք եւ Լիբանան, ուր Գալստականներու հայկական խմբակը Պոլիսէն եկած էր հաստատուե­լու քեմալական սեղմումներէն ետք 1923ին։ Պէյրութի մէջ ունեցած են հայկական վարժարան (1938-1984)։ Տե՛ս օրինակ Լիբանանի մասին յօդուածը

https://encyclopedia.adventist.org/article?id=9DZA, երկարամեայ հովիւ ու տնօրէն Մանուկ Նազիրեանի (1928-2012) մասին յօդուածը

https://encyclopedia.adventist.org/article?id=7HR2 եւ ա­նոր գիրքը՝ Nazirian, Manoug H. The Seventh-Day Adventist Church in Lebanon 1897-1997, The E. Med. Field of 7th day Adv., Beirut, 1999, 96 է ջ՝ ուր կան դպրոցին մասին տեղեկութիւններ ու նկարներ (էջ 24-29)։ Օլ­սոն անձամբ ծանօթացած է Տիամոնտոլային Պէյրութ ապրած տարիներուն եւ իրմէ ու անոր օրագիրներէն քաղած իր տեղեկութիւնները։ Տիամոնտոլա եւ Արամ կ’ունենան աղջնակ մը, որ կը կոչեն Ինտրա՝ ի յիշա­տակ իրենց մեծ բարեկամին (Indra Ashod ապա Greer 1927 – 2020)։

42 Զարեան Պոլիս գտնուած օրերուն կը նկարագրէ վերջին հանդիպումը Չրաքեանին հետ ու չի կիսեր պոլսոյ «սինլքոր խուժանին» կարծիքը անոր խեն­թութեան մասին. «Վերջին անգամ ես նրան տեսայ Պերայիմի տան մէջ, ինչ-որ նոր պաշտամունքի սրա­հում։ Երկար նստարանների վրայ նստած էին խո­նարհ մարդիկ ու կանայք, ոտաբոբիկ։ Գարշելի հոտ էր գալիս։ Չրաքեանը լւանում էր նրանց ոտքերը։ Ըն­դառաջ եկաւ ինձ ուրախացած, աչքերի մէջ հաւատա­ւորի փայլով։

«Իսկ ձեր արւե՞ստը»,— հարցրի։

«Մի ըսէք ձեր արւեստը, ըսէ՛ք ձեր հոգի՛ն»,— ուժգ­նօրէն շեշտեց նա։

Յուզւած վայր իջայ— խոստանալով վերադառնալ։ Դրան մօտ հանդիպեցի Պերայի լրագրողներից մէ­կին։

«Աղբար,— ասաց,— սա մարդը նախ խենթ է եւ երկ­րորդն ալ ծախւած է ամերիկացիներուն։ Մտիկ մի ըներ, խորամանկին մէկն է, որ իր գործը շատ լաւ գի­տէ։

Եւ այդպէս՝ սինլքոր ամբողջ գրական խուժանը։

Մի ամիս յետոյ Չրաքեանը, գիտնալով այն վտան­գը, որ նրան սպասում էր, մեկնեց եւ մարտիրոսա­ցաւ։

Ու խուժանի բերնի վրայ քմծիծաղը սառեց», Անցոր­դը եւ իր ճամբան, էջ 70։

Չրաքեան 1921-ի վերջերը կը ձերբակալուի առաքե­լութեամբ Գոնիա գտնուած շրջանին։ Անոր խաչի ճա­նապարհը կը սկսի ապրիլ 14ին երբ աքսորի կը հա­նուի ու դաժան պայմաններու տակ հոգին կ’աւանդէ 6 յունիս 1921ին Սլիվանի կամուրջին մօտ, Տիգրանա­կերտի նահանգ։ Ունինք մանրամասն նկարագրու­թիւնը շնորհիւ հետը աքսորուած Օհան Պետիկեա­նի վկայութեան։ Տե՛ս Կարօ Գէորգեան, Ամէնուն տարէգիրքը 1967-1968 (ԺԴ. հատոր), էջ 259-262։

­