ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Գրականութեան մէջ անուններ կան, որոնց յիշատակումը գրեթէ անմիջապէս կը յուշէ ուրիշ մը։ Անոնք կարծէք միասին կու գան, օրինակ՝ Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ, Լէյլի եւ Մէճնուն, Սօս եւ Վարդիթեր։ Խոստովանինք որ մեր գրականութեան մէջ սիրավէպերը շատ չեն, սակայն ո՞վ չէ լսած Ինտրայի ու Իռենայի անունները։ Ներաշխարհին մէջ սակայն, Ինտրայի համար Իռենան իր սէրը ըլլալով հանդերձ, կը խորհրդանշէ եսէն անդին գացող հոգեկան սլացք մը, սիրոյ գաղափարը ինքնին, որպէս «յաւիտենական անդրեսութեան ոգին»։ «Տիեզերքը սէր է», ըսած է ֆրանսացի կրօնաւոր, փիլիսոփայ ու միսթիք՝ Փիէռ Թէլհարտ տը Շարտէն։ Ի զուր չէ նաեւ որ միսթիք պիտակը երբեմն կը տեսնենք առնչուած Ինտրայի անունին։ Ո՞վ էր Ինտրա։

Այս տարի ծննդեան 150ամեակն է Տիրան Չրաքեանի, ծանօթ Ինտրա գրչանունով, ինչպէս նաեւ 125ամեակը անոր գլուխ-գործոցը նկատուող Ներաշխարհ հատորին, աւարտած 1900ին՝ սակայն լոյս տեսած 1906ին, Պոլսոյ մէջ։ Ներքին մենախօսութեան ու խոհական արձակի բա­ցառիկ գործ մըն է Ներաշխարհը, որ մեր գիրերու աշխարհին մէջ առանձին մոլորակ մը կը հանդիսանայ, իսկ հեղինակը՝ բազմաթիւ առումներով իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը. սակայն, Ի. դարու առաջին 15 տարիներուն, մեր գրականութեան ապրած բոցավառման իր նպաստը բե­րած Ինտրան ու անոր Ներաշխարհը, առ այսօր կը մնան հասանելի ընթերցողներու փոքր խմբակի մը։ Ժամանակն է որ Ինտրա դառնայ մեր ընթերցող հասարակութեան սեփականութիւնը ինչպէս՝ Վարուժան, Մեծարենց, Չարենց եւ ուրիշներ։ Առ այդ, այս թիւին մէջ տեղ կու տանք Ինտրա գրողին ու անոր գործին նուիրուած Րաֆֆի Աճէմեանի ընդարձակ ուսումնասիրութեան։

Ներկայ թիւը կը բանանք Սոնա Զէյթլեանի հետ հարցազրոյցով մը, որ կատարած է մեր աշխատակիցը՝ Դալար Շահինեանը։ Անցնող 60 եւ առաւել տարիներուն, Սոնա Զէյթլեան եղած է անձայն ու մրջիւնի պէս աշխատող բանասէրը, հաւաքելով Մուսա լերան հեքիաթները, հրատարակելով հայ կնոջ քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային դերին ու կեանքին նուի­րուած մէկէ աւելի հատորներ, ինչպէս նաեւ մեր պատմական հերոսներուն կեանքն ու գործը վի­պակի ձեւով ներկայացնող «Արի արանց» շարքի չորս հատորները։ Սոնա Զէյթլեանի վաստակին անդրադարձող այս հարցազրոյցը յարգանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է անոր կատարած կարեւոր աշխատանքին։

Յաջորդաբար մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք Վեհանոյշ Թեքեանի բա­նաստեղծութիւններէն մէկը՝ եւ Անոյշ Ակներեանի պատմուածքը. ապա, Էմմա Պետրոսեանի պատրաստած Զապէլ Եսայեանի նամակն ու տեղեկագիրը, որոնք կը վերաբերին Կիլիկիոյ ջարդերուն եւ Եսայեանի որբախնամ գործունէութեան։ Կը հրատարակենք նաեւ Բագինի նախ­կին խմբագիր Եդուարդ Պօյաճեանէն ցարդ անտիպ էջեր, Հայրենիքի արխիւէն հանուած եւ հրատարակութեան պատրաստուած Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ։ Վերջապէս, Իմացական աշխարհ բաժնին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Դաւիթ Մոսինեանը՝ Զաւէն Պիպեռեանի մասին իր աշխատասիրութեամբ եւ Տէր Գառնիկ Աւ․ Քահանայ Գոյունեանը՝ Դաւիթ Մոսինեանի Նիկողոս Սարաֆեանի մասին Ի խոյզ կորուսեալ միջավայրի խորագրեալ մենագրութեան գրախօսականով։

նախորդ
ԻՆՏՐԱ – 150