ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Մարդիկ կան, որ իրենց ժամանակէն առաջ կը յայտնուին կարծես միջավայրի մը մէջ եւ կարողութիւնը կ’ունենան իրողութիւնները տարբեր ակնոցով դիտե­լու քան զիրենք շրջապատողներու մեծամասնութիւնը։ Անոնք օժտուած կ’ըլ­լան հարցերը սովորականէն դուրս վերլուծելու կարողութեամբ, գուցէ գիտութեամբ մը, առնուազն սուր տեսողութեամբ։ Իրենց ախտաճանաչումներն ու յայտարարութիւններ յաճախ զիրենք կը մղեն ընկերութեան մը «ինքնահասկացողութեան» պողոտաներու լուսանցքին ու կը մնան քիչ հասկցուած կամ գնահատուած, սակայն անոնցխօսքն ու թելադրութիւնները ժամանակի ընթացքին կը բիւրեղանան ու կը դառնան ապագայ ծա­նուցող ու սերունդ առաջնորդող պատգամ։ Այս երեւոյթը ի զօրու է նաեւ գրականութեան ծիրէն ներս։

Քսանհինգ տարի առաջ մեզմէ կը բաժնուէր Սփիւռքի ու ընդհանրապէս հայ գրականութեան ամենաինքնատիպ գրողներէն մէկը՝ Վահէ Օշական։ Յիսուն տարուան խիտ գործունէութեան աւանդմը կը ձգէր ան իր ետին՝ որպէս դասախօս, բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թատերագիր, կուսակցական եւ մասամբ նորին։ Տասնեակ մը եւ աւելի հրատարակուած հատորներ, բազմաթիւ անտիպ գործեր, մամուլի էջերուն ցրուած բազմահարիւր յօդուածներու վերլուծումներ, բայց մանաւանդ սերունդ­ներու վրայ ձգած ու ապագայի հանդէպ տածած անմնացորդ հաւատք ու լաւատեսու­թիւն, բաներ որ մեր օրերուն կը դառնան երթալէն աւելի հազուագիւտ։ Այսօրուան հրա­պարակին վրայ մեր լեզուով գրիչ շարժողներուս շատերուն համար ան եղած էր «օրինակելի» մտաւորականն ու գրողը, մանաւանդ յառաջ մղողը, միշտ քաջալերող։ Իր տարած կամրջումի աշխատանքով ու մշտնջենական հայութեան հանդէպ անկոտ­րում հաւատքով ան եղած էր ճամբայ բացողը։ Իր յօդուածները չէինք փախցներ ու ականջ կու տայինք իր վերլուծումներուն ու բանաձեւերուն։ Այս թիւը կը նուիրենք անոր յիշատակին ու առ այդ կը ներկայացնենք Վահէ Օշականին նուիրուած երկու գրութիւն Մարկ Նշանեանի ու Րաֆֆի Աճէմեանի կողմէ։

Կ’ըսեն որ բանաստեղծութիւն թարգմանելու համար թարգմանիչը ի՛նք բանաստեղծ պէտք է ըլլայ։ Վերջին տարիներուն Թալին Ոսկերիչեան ու Քրիս Միլլիս ձեռնարկած են Գրիգոր Պըլտեանի Մանտրաներ հատորէն երկար կտորներ անգլերէնի թարգմա­նելու հրաշալի աշխատանքին։ Առ այդ կը հրամցնենք Թալին Ոսկերիչեանին հետ կատարած մեր հարցազրոյցը ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններէն քանի մը նմոյշ։ Կու տանք նաեւ թարգմանութիւն մը Պանու Մուշթաքէ, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւն­ներ Յարութիւն Պէրպէրեանէն, Աննա Դաւթեանէն, ու Փանոս Ճերանեանէն, առաւել Վարդան Մատթէոսեանի խմբագրութեամբ քանի մը նամակ Կոստան Զարեանէն ուղղուած Ռուբէն Դարբինեանին։ Պաստառները կը պատկանին մոնթրէալաբնակ ու փո­րագրանկարի մասնագէտ արուեստագիտուհի՝ Անահիտ Աբրահամեանին։