“Առաջին բանը որ կը յափշտակէ Աբրահամեանի պաստառները դիտողին ակնարկը անոնց յօրինումին թատերականութիւնն է ու գոյներուն ճոխութիւնը, որոնք թրթռացում մը կու տան փորագրանկարներուն։ Իւրաքանչիւր պաստառ կարծես միջնադարեան մանրանկարէ մը կամ Քոմէտիա տելլ‘արթէէն առնուած տեսարան մը կը բեմադրէ։ Բանաստեղծականն ու խաղայինը կը գոյակցին աշխարհի մը ոլոր-մոլոր անցքերուն մէջ, ուրկէ անորոշ դէմքերով տիպարներ կը յայտնուին կեանքի բեմահարթակին վրայ որպէս ժամանակէն դուրս գոյատեւող լարախաղացներ։
Արուեստագիտուհիին տիեզերքը լեցնող տիպարները կը շարժին այնպիսի կահաւորումով վայրերու մէջ, ուր յաճախ կարծես հեռանկարը շրջուած կը թուի։ Անոնք երերուն հաւասարակշռութեամբ մը հազիւ ոտքի կեցած կ‘երեւին կեանքի ճատրակատախտակին վրայ, տօնական, երաժշտական, գրական, բայց նաև անցողակի յաջողութիւններ յուշող խորհրդանշաններով լի ոլորտներու մէջ։ Հոն յայտնուող որոշ բանալի տարրեր՝ ինչպէս օրինակի համար աւազացոյցը, դաշնամուրը, թաւ ջութակը, թռչունները, բախտախաղի ներկայութիւնը կրնան յարդարանքի ծառայող կողմնակի տարրեր երեւիլ, սակայն իրականութեան մէջ անոնք գործը հասկնալու համար կը հանդիսանան էական խորհրդանշաններ։ Աբրահամեանի մտաւորական անյագ հետաքրքրութիւնները պաստառները կ‘ողողեն բազմազան մշակոյթներու գացող այնպիսի յղումներով, որոնք կը խուսափին որեւէ հարեւանցի կամ մակերեսային ընթերցումի փորձէն։
Գիտակցուած կերպով կտրատուած ծաւալները պաստառներուն մթագին տարածքներուն մէջ ծածուկ տռամներ ենթադրել կու տան։ Հակառակ խաւարի այս ներկայութեան, լոյսը՝ յուսալի պատգամի մը խոստումով, կը մնայ միշտ գերիշխող։ Գործածուած գոյներու երանգապնակը կը հմայէ իր ջերմ նրբերանգներով ու անսահման լուր թերով։ Անահիտ Աբրահամեանի պաստառները վերացականէն աւելի կերպարանաւոր ոճին հետ իրենց մօտիկութեամբ յարատև կերպով բանաստեղծական հարցադրութեան կ‘ենթարկեն կեանքի լաբիւրինթոսները։ Թէև այդ ոլորտներէն բխած կերպարները կը թուին եկած ըլլալ տարբեր ժամանակաշրջանէ մը, սակայն անոնք յաղագս լաւագոյն աշխարհի մը մղած իրենց փնտռտուքով կը մնան լի ու լի ժամանակակից։
Բնիկ հայաստանցի, Անահիտ Աբրահամեան շրջանաւարտ է Երեւանի Փանոս Թերլէմէզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլէճէն, որմէ ետք աւարտած է Սբ. Փեթէրսպուրկի գեղարուեստից բարձրագոյն վարժարանը։ 90ականներէն ի վեր հաստատուած է Մոնթրէալ։”
Մարի Ժինէթ Պուշառ
Anaït – Homo ludens, Québec, 2009





