ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ – ՔՆՆԱԴԱՏ Պէյրութեան (1) տարիները

Sարիներ առաջ, երբ նոր կը ծանօթա­նայի Վահէ Օշականի գրականութեան, եւ յափշտակութեամբ կը կար­դայի ինչ որ ձեռքս կ’անցնէր, Մոնթրէալ իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, հարցուցի իրեն արդեօք կը մտածէ՞ր իր ոչ-գեղարուեստական՝ քննադատական գոր­ծերը խմբել հատորի մը մէջ։ Մեծ փափաքս էր անշուշտ կարդալ իրմէ ամեն բան։ Եթէ նորագոյն յօդուածները կամ որոշ վերատպումներ կամ ամսագիրներու հաւաքածոներ կային հոս եւ հոն, Պէյրու­թի օրաթերթերուն կամ ամսագրերուն մէջ տպուածները կը մնային անհասանելի։ Ատոնք է որ կ’ուզէի տեսնել մանաւանդ։                                                                                           

Կտրուկ կերպով ոչ պատասխանած էր եւ աւելցուցած՝ գոնէ ոչ կենդանութեանս։ Վահէ Օշական նախ եւ առաջ բանաստեղծ է՝ ըսած էր, եւ այդպէս կ’ուզէ ճանչցուիլ։ Հեղինակին ընտրութիւնն էր անշուշտ, չնայած տխրած էի։ Ճիշտ է որ երկու ար­ձակ հատորներէ դուրս Օշական հատորով հրատարակած էր եւ պիտի շարունակէր գիրքով հրատարակել մեծ մասամբ բա­նաստեղծական հատորներ։ Սակայն, հա­կառակ բանաստեղծի կամքին, Օշական հանրային դէմքն էր, ծանօթ որպէս հրապարակախօս ու հրապարակագիր։ Հետե­ւաբար, որպէս բանաստեղծ ճանչցուելու ընտրութիւնը հետաքրքրական է։ Զայն կարելի է մեկնաբանել իբրեւ լոկ գրական ընտրութիւն մը, գեղարուեստականը քննադատականին կամ հրապարակագրա­կանին վրայ գերադասող։ Առօրեայ գրու­թիւններու կամ բանավիճային յօդուածներու հեղինակը կրնայ մոռցուիլ տարինե­րուն հետ, սակայն բանաստեղծին հատոր­ները կը մնան շարուած հայ գրականութեան Ի. դարու պատմութեան դարանին վրայ։ Խոստովանինք որ Օշական բանաս­տեղծը երեւոյթ է հայ գրականութեան պատմութեան մէջ։ Անոր բանաստեղծու­թիւնը չունի իր նմանը ոչ իրմէ առաջ, ոչ ալ իրմէ վերջ։ Երեւոյթ ըլլալուն կ’անդրադառնաք մանաւանդ երբ իր գործերը կը բաղ­դատէք իր օրերուն տպուած բանաստեղ­ծական բազմաթիւ հատորներուն հետ, որոնց հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի։ Անոր գրիչը առաջին իսկ տողէն անմիջապէս կը ճանչցուի։ Երեւոյթէն աւելի է անշուշտ, որովհետեւ ամբողջ լեզուաշխարհ մը, մտածողութիւն մը, գեղարուեստական ըմբռնում մը կը բանին անոր ետեւը եւ պի­տի բանին շարունակական կերպով մինչեւ վերջ։ Այս բոլորը կը գործեն նաեւ Օշական քննադատին մօտ, թէ եւ տարբեր դրսեւո­րումով։ Գրողին գեղարուեստական ու ոչ-գեղարուեստական երեսները զիրար կը լրացնեն ու յաճախ իրար մէջ կը թափանցեն, մանաւանդ աւելի վաղ շրջանի գրու­թիւններուն մէջ, երբ Օշական նոյն տողին մէջ կը տարուբերի գեղարուեստականին ու հրապարակագրականին միջեւ։ Յաճախ քննադատական գրութեան մը մէջ կը դառ­նայ բանաստեղծական՝ այդ տողերով ու պատկերներով, որոնք միայն իրը կր նային ըլլալ։ Վերջապէս 2000ականներու կէսե­րուն առիթը ունեցայ գտնուելու Պէյրութ ու աչքէ անցուցի Վահէ Օշականի պատե­րազմէն առաջ գրած ու տեղական մամու­լին մէջ տարտղնուած քննադատական գրութիւնները2։ Այստեղ կու տանք ընդհա­նուր պատկեր մը պէյրութեան այդ տարի­ներու արտադրութենէն։

Օշականի Պէյրութ լոյս տեսած ամե­նահին գրութիւնները, որքան որ կրցանք գտնել, տպուած են Ակօսին մէջ։ Ակօսը եղած է Ճեմարանի շրջանաւարտներու մի­ութեան պարբերականը, սկիզբը երկամ­սեայ, ետքը՝ ամսագիր։ Հրատարակուած է 1944էն 1960։ Վահէին առաջին գրութիւ­նը հոն լոյս տեսած է 1953ի առաջին թիւին մէջ, տեղադրուած «Միջազգային դէմքեր» վերնագրին տակ։ Ուսումնասիրութիւն մըն է, երկու թիւով լոյս տեսած, գրուած Վիկտոր Հիւկոյի ծննդեան 150ամեակին առ­թիւ։ Կը մէջբերեմ անոր առաջին քանի մը տողը. «Դիտուած 1952էն՝ Հիւկօ ֆրանսա­ցիին կը ներկայանայ իբր միակ ու ջախ­ջախիչ փաստը, թէՖրանսան ալ կարող եղած է, արդի ժամանակներու մէջ, ծնունդ տալ առաջին կարգի դիւցազներգակի մը»։

Նոյն տարուան տասերորդ թիւին մէջ ունի Մեհեանի «Հարթենք» ներու ոճով գրուած գրախօսական մը Սմբատ Փանոսեանի Որ մրրկաւ էին զատուած վէպին մա­սին։ Ահաւասիկ անոր առաջին պարբերու­թիւնը. «Ս. Փանոսեանի այս գործը միակ ու երջանիկ միջինն է Սփիւռքի վերջին տասնամեակի վիպական արտադրութեանց։ Վէ՜պ եւ հարիւրաւոր էջեր՝ որպէս­զի հեղինակը իր իտէալներու, պատրանք­ներու, բարոյական ըմբռնումներու, կարօտներու ցուցահանդէսը սարքէ, պարարտ հայերէնով, յուզուած»։

Նշեցինք այս մէջբերումները որովհե­տեւ հետաքրքրական պատառիկներ կը մատնեն Օշականի մտահոգութիւններէն։ Մէկը դիւցազներգութեան հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնն է։ Դիւցազներգութիւնը անշուշտ պէտք է հասկնալ տարբեր իմաս­տով քան յոյներունը։ Տասը տարի ետք, 1963ին, ան կը հրատարակէ իր բանաս­տեղծական արտադրանքին լաւագոյն հատորներէն մէկը, որ կը կոչուի Քաղաք եւ որ կը կրէ «դիւցազներգութիւն մը» ենթախորագիրը։ Այդտեղ անշուշտ հարցը դիւ­ցազներգութեան շրջումին է որ կը վերա­բերի, որպէս արդի ժամանակներու յարացոյց3։ Ինչ կը վերաբերի Սմբատ Փանոսեանի գիրքի գրախօսութեան, անոր վերնագիրն է՝ «Բարոյապաշտ վիպագրութիւն»։  ­

Օշական շատ յստակ դիրք կը բռնէ օրին տիրող ու անկէ ետք ալ տարիներով շարունակուող «գրականութեան» դէմ։ Այս կեցուածքը իրը պիտի ըլլայ առաջին օրէն ու հետագայ տասնամեակներուն պիտի դառնայ ալ աւելի լայնատարած։ Քննադա­տական կեցուածք մըն է որ կը մեկնի շատ յստակ կէտէ մը։ Ինչպէս պիտի տեսնենք քիչ ետք, գրողն ու քննադատը նոյն տեղէն կը մեկնին ու հասարակաց նպատակ մը կը հետապնդեն, ամեն մէկը իր ճամբով։ Վերադառնալով յիշուած գրութեան, աւելցնենք որ վերնագիրին քով կ’երեւի աստ­ղանիշ մը ու էջատակի ծանօթութեամբ Ակօսի խմբագրութիւնը, տեղ տալով հան­դերձ գրութեան, կը յայտնէ իր վերապա­հութիւնը «կարգ մը քերթողներու եւ վէպերու մասին արձակուած բոլորովին ժխտական վճիռներ»ուն առնչութեամբ։ Այս ու նման գլխարկներն ալ տարիներու եր­կայնքին յաճախ պիտի ընկերակցին Օշա­կանի գրութիւններուն։

Օշական բանաստեղծը երեւոյթ է հայ գրականութեան պատմութեան մէջ։ Անոր գրիչը առաջին իսկ տողէն անմիջապէս կը ճանչցուի։ Երեւոյթէն աւելի է անշուշտ, որովհետեւ ամբողջ լեզուաշխարհ մը, մտածողութիւն մը, գեղարուեստական ըմբռնում մը կը բանին անոր ետեւը եւ պիտի բանին շարունակական կերպով մինչեւ վերջ։

Օշականի աշխատակցութիւնը Ակօսին կը շարունակուի բանաստեղծական ու ար­ձակ գործերով մինչեւ 1958։ Անոր դադրումէն շատ չանցած կը սկսի հրատարակուիլ Բագին ամսագիրը։ Օշականներ կայ է հոն առաջին տարիէն։ Մինչեւ 1967 լոյս կը տես­նեն միայն քննադատական գրութիւններ, քանի մը երկար շարքեր՝ «Եւրոպական եւ ամերիկեան արդի գրականութիւն», «Գրական հարցեր», «Գրական ժամանակակից հոսանքներ», ինչպէս նաեւ Սարթրի, Քօք­թոյի, Ֆօքնըրի, Զօհրապի ու Երուխանի, Ազգային գրականութեան, եւ այլ նիւթերու մասին գրութիւններ։ 1968ին բանաստեղ­ծութիւն մը ունի հոն, ապա կը դադրի մին­չեւ 1973։ Այդ տարին ունի քանի մը գրու­թիւն ու Պէյրութէն հեռանալէն ետք կը շարունակէ գեղարուեստական գործե­րով աշխատակցիլ Բագինին։ 1980ին ունի Ակսել Բակունցի Սեւ ցելերի սերմնացա­նըին մասին գրութիւն մը, ապա կը հրա­տարակէ «Հայաստանի երիտասարդ բանաստեղծները» վերնագրով շարքը, ինչպէս նաեւ Մուշեղ Գալշոյեանի, Ուիլեամ Սարոյեանի ու Յակոբ Օշականի մասին ուսումնասիրութիւններ՝ արձակ ու բանաս­տեղծական գործերու հետ միատեղ։ 1986ին կրկին Վիքթօր Հիւկօ անունով կարճ գրութիւն մը կայ, որ կրնայ հին անտիպ մը ըլ­լալ, ապա արձակ գրութիւններ 1992, 1993

տարիներուն ու աւելի ուշ, 1995էն 1997 կը հրատարակէ թատրերգութիւններ։

Վերադառնալով 60ականներուն, Ահե­կան հանդէսի երեւումին հետ Օշականի անունը կը տեսնենք նաեւ հոն, ուր չորս գեղարուեստական կտորներու կողքին ունի նաեւ չորս ոչ-գեղարուեստական գրութիւն­ներ հետեւեալ խորագիրներով՝ «Արեւմտահայ վէպը 1850էն 1930 եւ անոր կրած ազդեցութիւնները՝ Վերջաբան», «Արտա­սահմանը եւ իր վէպը», «Արտասահմանի գրական զարգացման հեռանկարները» եւ վերջապէս մասնակցութիւն մը Ահեկանի կազմակերպած «Բազմաձայն զրոյց նորա­րարութեան մասին» ասուլիսին։

1969ի վերջաւորութեան Երիտասարդ հայ երկշաբաթաթերթը կը սկսի լոյս տես­նել։ Օշական ներկայ է անոր էջերուն սկիզ­բէն մինչեւ պատերազմի սկզբնական տա­րիներուն անոր դադրիլը։ Հոն կը հրատարակէ քանի մը գեղարուեստական գրու­թիւն, Սեւակի մասին գրութիւն մը, ինչպէս նաեւ կը մասնակցի Երիտասարդ հայի զրոյցներուն, բայց մանաւանդ անոր կող­մէ կազմակերպուած «Սփիւռքեան հարցե­րու սեմինար»ին։ 1971ի օգոստոսի թիւին մէջ լոյս կը տեսնէ այդ սեմինարին խօսած դասախօսութեան թեքսթը՝ «Որոնում սփիւռքեան դիմագծի մը» վերնագրով, շատ հետաքրքրական գրութիւն մը, իսկ տարի մը ետք, «Վերաքաղ 72» վերնագի­րը կրող յօդուածը կը ստորագրէ Վասակ չորս կեղծանունով։

1973ին Օշական նաեւ կ’աշխատակցի Ազդակ օրաթերթին ու մինչեւ յուլիս 1975, այսինքն պատերազմի առաջին ամիսնե­րը։ Լոյս կը տեսնեն «Յակոբ Օշական՝ տիրական դէմք մը հայ վէպին» եւ «Գրական հարցեր» վերնագրով շարքերը, թատերա­կաններ կայացումներու, համագումարնե­րու ու գրականութեան մասին քրոնիկներ, բայց մանաւանդ «Մեր բանաստեղծները՝ տպաւորութիւններ» վերնագրով երկար շարքը, որ բաւական աղմուկ կը բարձրացնէ օրին։ Ակօսին մէջ ձեռնարկուած քննադատական մօտեցումը, որ սկիզբը բա­ւական վերացական կը թուի, աշխարհին հետ կապ կը ստեղծէ՝ Հիւկօ, եւրոպական եւ ամերիկեան արդի գրականութիւն, գրա­կան ժամանակակից հոսանքներ, եւ այլն, Երիտասարդ Հայի ու մանաւանդ Ազդակի էջերուն ակնարկը կը դարձնէ դէպի ներս, փորձելով ներգրաւել իր ժամանակին ու անմիջական շրջապատին արտադրու­թիւնները, գրողներն ու գիրքերը։ Եօթա­նասունականներու կէսերուն Օշական ար­դէն հրատարակած է երեք հատոր բանաստեղծութիւն ու քսան տարուան մէջ ստո­րագրած հարիւրաւոր տեսական ու քննադատական էջեր։ Մէկ խօսքով գրական հե­ղինակութիւն է, չնայած զարտուղի, շրջապատին կողմէ կողմնակի, նոյնիսկ քմծի­ծաղով կամ արհամարհանքով ընդունուած։ Ասիկա կ’երեւի բազմաձայն զրոյցներուն մէջ, օրինակի համար Ահեկան 67ին մէջ լոյս տեսած նորարարութեան մասին բազմաձայն զրոյցին մէջ, որուն կը մասնակցին Քաջարենց, Անդրանիկ Ծառուկեան, Գրիգոր Շահինեան, խմբագրութեան կողմէ Պէպօ Սիմոնեան, այն ատեն սկսնակ գրող Գրիգոր Պըլտեան եւ Վահէ Օշական։ Խումբը ձեւով մը պահպանողականներու ու նորարարներու միջեւ կը բաժնուի, ամեն մէկը իր ըրածը կը պաշտպա­նէ, մէկ կողմէն Ծառուկեան ու Քաջարենց, միւս կողմէն Օշական, Շահինեան ու Պըլտեան։ Դժուար չէ տողերուն մէջ կարդալ ու զգալ Օշականի նկատմամբ արհամարհական կեցուածքը. օրինակ տեղ մը երբ խորքի եւ ձեւի մասին ակնարկ կ’ըլլայ, Վահէն կ’ըսէ.«Այս խորքի ձեւի հարցը ժամանա­կավրէպ հարց է այլեւս։ Ահաւասիկ նորու­թիւն մը, եթէ կ’ուզէք. խորք-ձեւ երկուութեան մահը։ Այլեւս իրական հարցերու շուրջ երբ որ կը խօսինք՝ կարծէք երկու լե­զու կը խօսինք։ Պր. Ծառուկեանը կը խօ­սի լեզու մը, որ արդի ըմբռնումով անցած է, այսինքն այլեւս հոգի, տաղանդ, ներքին կեանք, ձեւի եւ խորքի երկուութիւն, ասոնք աւելորդ բաներ են. ասոնց հոգեհանգիս­տը լմնցած գացած է», որուն Ծառուկեան անմիջապէս կը պատասխանէ. «Մէկ բան որոշէ. Վահէն չէ փոխուած»4։

Ակնարկը յիշեցինք ոչ միայն անոր պա­րունակած երանգին համար, այլ նաեւ բո­վանդակութեան։ Օշականի գրական մօ­տեցումը, թէ՛ տեսական եւ թէ՛ գեղարուեստական գրութիւններու պարագային, տա­րիներու երկայնքին հաստատ պիտի մնայ։ Պիտի անցնիմ անոր։ Ի հարկէ, նշուած գրական մամուլէն զատ կայ անոր աշխա­տակցութիւնը քաղաքական մամուլին, այ­սինքն Ազդակ-շաբաթօրեակ Դրօշակին։ 1969-70 տարիներուն, այսինքն հրատարակութեան առաջին տարին Վահէն ունի մարքսիզմի ու չինական ընկերվարութեան մա­սին գրութիւններ, ապա Ամերիկա գաղթե­լէն ետք ատեն մը աշխատակցութիւնը կը դադրեցնէ մինչեւ որ 1978ին կը վերսկսի անկանոն կերպով աշխատակցիլ Դրօշա­կին մինչեւ 90ականներու վերջերը։ Չենք մտներ մանրամասնութիւններուն մէջ։

Ուրկէ՞ կու գան Օշականի գրական ը­մբռնումները ու քննադատութիւնը։ Կարե­լի է ըսել քանի մը տեղերէ։ Նախ կայ Սոր­պոնի իրաւար տաճառը, պաշտպանուած 1967ին, որուն վրայ ան սկսած է աշխատիլ բաւական կանուխ, հաւանաբար Փարիզ ուսանողութեան տարիներուն՝ յիսունականներուն։ Վերնագիրը եղած է «Արեւմտահայ վէպը 1850էն 1930 եւ անոր կրած օտար ազդեցութիւնները»։ Որքան գիտենք երբեք ամբողջութեամբ գիրքի չէ վերա­ծած։ Բնագիրը անշուշտ ֆրանսերէնով պէտք է եղած ըլլայ, սակայն Ահեկան 67ի մէջ կայ անոր վերջաբանին հայերէնի թարգմանութիւնը5։

Բաւական լայն «թէզ» մըն է ինչպէս ինք կ’ըսէ, որ կ’ենթադրէ հսկայական ըն­թերցումներ ու բաւական աշխատանք, մանաւանդ նիւթերը գտնելու մէջ։ Զանազան գրութիւններու մէջ ան կ’ակնարկէ այդ թէզէն քաղած եզրակացութիւններու, մանա­ւանդ տեղադրելու համար իր կեցուածքը ու հասկացողութիւնը անցեալի գրականու­թեան, ինչպէս նաեւ իր շուրջ տիրող ներ­կայ գրականութեան դէմ յանդիման։ Օրի­նակ, խօսելով Սփիւռքի ստացած գրական ժառանգութեան մասին, ան կը գրէ. «հա­րիւր տարուան հնութեամբ ծանրաբեռն գրական բարեխառնութիւն մը, որ 1850-ական թուականներէն մինչեւ մեր գիշեր­ները մեր արձակագիրներուն ուժն ու ա­նէծքը եղաւ»6։ Աւելի անդին, խօսելով անցեալի տիրական դէմքերուն ու գրականու­թեան այլազանութեան մասին ան կը շա­րունակէ. «Չունինք դպրոց, գրական իմաստով, ­որովհետեւ չունինք երկու անձ, որ նոյն հանգանակէն ներշնչուին։ Այս այլա­զանութիւնը կ’անհետի, երբ զբաղինք մի­ջին վիպասաններով ու բանաստեղծնե­րով»7։ Պարագան տարբեր է միջին վէպին։ «Մեր միջին վէպը մէկ դարու աւան­դութեան մը կենսունակութեան փաստը կը ցուցադրէ։ Բոլոր այս մարդիկը վար ի վե­րոյ նոյն զգայնութեամբ հալածուած, նոյն ջղագրգիռ երեւակայութեամբ օժտեալ մարդիկ են ու կը ներկայացնեն միջին հայուն խառնուածքը։ Մեր վէպը, մէջն առնելով գլխաւորներն ու նաեւ Օտեան, հայ ժողո­վուրդի իտէալացած պատկերը կը բերէ մեզի—բայց արդեօ՞ք այդ է վէպին էութիւնը»8։ Ուրիշ գրութեան մը մէջ, կար կինը 1920-1960ի գրական արտադրութեանց վրայ ընդլայնելով հարց կու տայ. «Այս հազիւ տեսանելի երկերը ի՞նչ վայելք կրնան տալ սերունդի մը, որ արեւմտեան մշակոյթի առողջ թոյնով պատուաստուած է ու մեծ­ցած բարձր արուեստի մտերմութեան մէջ»9։ Դիրքորոշումը յստակ է. կը մեկնի անցեալէն որովհետեւ կ’ուզէ ճակատիլ ա­նոր հետ, կ’ուզէ իր ժամանակին մէջ ըլլալ, գտնել անոր ջիղը։ Շուրջը տեսածը սակայն չի գոհացներ զինք։ «Սփիւռքի գրականու­թիւնը», կ’ըսէ ան, «յստակ դիմագիծ չունի, բայց բացասական դիմագիծ մը ունի։ Մեր թերութիւններով իրարու կը նմա­նինք։ Մենք մեր աշխարհին մէջ չենք ապ­րիր»10։ Ահաւասիկ Օշականի ախտաճանա­չումը. «Երկու արտաքին իրականութիւն կայ, կեանքի եւ մտքի։ Կեանքի իրականու­թիւնը իր յուզականութեամբ կը փոխադ­րենք մեր գրականութեան մէջ առանց սա­կայն կեանքը բերելու հոն։ Իսկ մտքի իրականութենէն բոլորովին կտրուած ենք։ Մենք կա՛մ կը կապկենք (ու շատ լաւ), կա՛մ

«Երկու արտաքին իրականութիւն կայ, կեանքի եւ մտքի։ Կեանքի իրականութիւնը իր յուզականութեամբ կը փոխադրենք մեր գրականութեան մէջ առանց սակայն կեանքը բերելու հոն։ Իսկ մտքի իրականութենէն բոլորովին կտրուած ենք։ Մենք կա՛մ կը կապկենք (ու շատ լաւ), կա՛մ կը կրկնենք մեզ, կա՛մ ալ կ’երազենք։ Բայց ուրիշ մշակոյթներու բերրի ու դրական գիւտերն ու սլացքները չենք կրնար իւրացնել, եւ կը դառնանք թէ՛ կեանքի, թէ՛ մտքի իրականութեան պատկերը բերելու անկարողներ»։

կը կրկնենք մեզ, կա՛մ ալ կ’երազենք։ Բայց ուրիշ մշակոյթներու բերրի ու դրական գիւտերն ու սլացքները չենք կրնար իւրացնել, եւ կը դառնանք թէ՛ կեանքի, թէ՛ մտքի իրկանութեան պատկերը բերելու անկարողներ։ Երբ կ’երազենք, կը կարծենք թէ կը ստեղծենք։ Երբ կը յուզուինք, կը կարծենք արուեստ կ’ընենք, մինչ դեռ շատ յաճախ կապ չունինք արուեստի հետ։ Արուեստը իմացականութեան գործ է»։ Մինչդեռ, մեր գրականութիւնը, ինչպէս կ’ըսէ ուրիշ գրութեան մը մէջ, «վերածուած է զուտ անձնական յուզումներու ցուցահանդէսի մը, ուր կու լանք մեր դժբախտութեան վրայ, կը հայհոյենք աշխարհին ու պարտուած, անփառունակ՝ դանդաղօրէն անձնասպան կ’ըլլանք»։ Յստակ է թէ խօսքը ինչի մասին է։ Այս տողերը գրուած են 1969ին։ Մեզի համար, այսքան տարի ետք, կրնան շատ տարօրինակ չհնչել։ Պէտք է հասկնալ որ Օշական մինակն է որ օրին այսքան յստակ ու ծայրայեղ թուող ախտաճանաչումներ կ’ընէ։

Ինպէ՞ս կը հասկնայ Օշական իր ժա­մանակը։

Հաւանաբար ամենամեծ ազդեցութիւ­նը որ կրած է, իւրացուցած ու ստեղծագոր­ծական ծրագրի վերածած, անհեթեթի ու գոյութենապաշտութեան բնանիւթերու մթնոլորտն է։ Պէտք է ենթադրել որ յիսու­նականներու Փարիզը կայ ասոր ետին։ Բայց Օշական ոչ թէ միայն կ’իւրացնէ զայն, անոր լեզու կու տայ գրականութեան մը մէջ, որ այլապէս, ինչպէս կ’ըսէ, «վերածուած է զուտ անձնական յուզում­ներու ցուցադրութեան», բայց նաեւ անոր մէջ կը տեսնէ ելք մը, լուծում մը իր հե­տապնդած հարցերուն։ Ասոր մասին աւե­լի ուշ։ Նախ ուրեմն մարդը անհեթեթին՝ ապսիւրտին մէջ։ Կը բաւէ կարդալ իր բա­նաստեղծական գործերը, օրինակ Քաղաքը, ուր այնքան գեղեցիկ կերպով կը գրուի այս նիւթը։ Բայց հոս կ’ուզենք մնալ անոր քննադատական ըմբռնումին մէջ։ 1962ին գրուած «Եւրոպական ու արդի ամերիկեան գրականութիւն» շարքին մէջ ան կը խօսի մարդուն մասին, որ կը հա­մարէ գրականութեան նախանիւթը։ «Յի­սուն տարի առաջ, մարդ ըսելով կը հասկ­նայինք հոգեբանութիւն, միջավայր, ազդեցութիւններ, գործողութիւն ու արդարու­թիւն։ Նաեւ յուզում ու գեղեցկութիւն։ Վէպը հերոս մը ունէր, ու քերթուածը կը յու­զէր։ Ներկայիս, հերոս բառը արդէն իբր ածական ու գոյական՝ կորսնցուցած է իր իմաստը, ալ ուր մնաց իբր վիպական տի­պարի հոմանիշ։ Հերոսը մարդէն մե՞ծ է թէ պզտիկ։ Ամեն պարագայի, մարդը սպան­նուած է մարդերու կողմէ, ու այս վերջին­ները սպաննուած են հեղինակին կողմէ։ Ալ կ’արժէ՞ խօսիլ գեղեցկութեան մասին։ Հի­րօշիմայի գերեզմանատունը, Ալճերիոյ բանտերը… » ու քիչ մը վար՝ «վերջ ունի՞ թուումը այն վայրերուն, ուր արդի արուես­տագէտը կտոր կտոր կը թաղէ մեռած-գացած դարերու գեղեցկութիւնը՝ յանուն ուրիշ ճշմարտութիւններու»13։ Այս ամենուն ետին կայ անշուշտ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին շուքը։ «Մարդ»ը սպաննուած է։ Պատերազմը մէջտեղ կը հանէ անոր բուն էութիւնը, «զոր ճաշա­րան, փողոց ու սենեակ կը ծածկեն մեր աչ­քերէն» կ’ըսէ Օշական, «մարդ էակին գա­զանային բնոյթն ու քաղաքակրթութեան կեղծամը»14։ Կը մնայ  մեղկ, դողդոջուն, շուարած ու քարայրի մը բերնին կուկուզ ըրած մարդկութիւնը»15։ Գոյութենապաշ­տութիւնը այս բոլորին հակազդեց երբ ան «տիեզերքի բոլոր բրօժէքթէօրները դար­ձուց դատարկ բեմին մէջտեղ կայնած մարդուն վրայ, զայն հրեց, քաշեց ու շպրտեց դասալիք աստուծոյ մը ու լուսահոգի բարոյականի մը ձգած պարապը լեցնելու վիթխարի հպարտութեամբ, յուսահատութեամբ եւ մարդկայնութեամբ»16։ Այսպէս կը հասկնայ Օշական իր ժամանակը եւ այս ամենուն մէջ հարց կու տայ. «Ներկայ գրակա­նու գրականութիւնը ։  ­

«Ներկայիս, հերոս բառը արդէն իբր ածական ու գոյական՝ կորսնցուցած է իր իմաստը, ալ ուր մնաց իբր վիպական տիպարի հոմանիշ։ Հերոսը մարդէն մե՞ծ է թէ պզտիկ։ Ամեն պարագայի, մարդը սպաննուած է մարդերու կողմէ, ու այս վերջինները սպաննուած են հեղինակին կողմէ։

Ալ կ’արժէ՞ խօսիլ գեղեցկութեան մասին»։

 ո՞ր չափով մեր հաւաքական ճակատագրին ու մեղսակցութեան գիտակցութիւնը կը բերէ մեզի»։ «Կեանքը ապսիւրտ է» կ’ըսէ Օշական «բայց պէտք է շարունակել զայն ապրիլ, որովհետեւ մահը նոյնքան ապսիւրտ է…» Ապսիւրտը, ու հոս խօսքը մանաւանդ այդ տարիներու ապսիւրտի թատրոնին մասին է, կը հա կադրուի առօրեայ, լուրջ թուացող կեանքի հասկացողութեան, կ’իմասկէ զայն «յանուն կեանքի գերբանական ճշմարտութեան յանուն թակարդը ինկած, նախատուած, իր նմաններէն անջատուած ու իրեն պատահածը հասկնալու անկարող մարդու հաւանաբար միակ արժէքին, մեծութեան՝ որ թակարդի մէջ ինկած ըլլալու գիտակցութիւնն իսկ է»։ Գեղեցիկ տողեր են, մէջբերեցի որովհետեւ հոն կայ արձագանգը 25 տարի ետք գալիք հատորին։ Ուրիշ տեղ մը ան կը գրէ. «Ես կը գրեմ ինքզինքս փրկելու համար։ Ես ինկած եմ թակարդի մէջ» եւ «կ’ուզեմ որ կեանքս պարապի չերթայ»:

Խօսեցանք կեանքի անհեթեթին ու գե­րիրապաշտութեան մասին կեցուածքներու ու կարծիքներու մասին Օշականի քննա­դատական եւ ուսումնասիրական գրութիւն­ներուն մէջ։ Այս ամենը ժամանակին հետ կապուած ընդհանուր կեցուածքներ են։

«Ներկայ գրականութիւնը ո՞ր չափով մեր հաւաքական ճակատագրին ու մեղսակցութեան գիտակցութիւնը կը բերէ մեզի»։

«Ես կը գրեմ ինքզինքս փրկելու համար։ Ես ինկած եմ թակարդի մէջ» եւ «կ’ուզեմ որ կեանքս պարապի չերթայ»։

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդին։

Օշական շատ իւրայատուկ հասկացո­ղութիւն մը, գրեթէ հաւատք մը ունէր հայ ժողովուրդի դիմացկունութեան, անոր գո­յատեւելու գաղտնիքին մասին։ Յաճախ կ’արտայայտէր այս կարծիքը բեմերէ, ինչպէս նաեւ ներկայ է ան գրութիւններուն մէջ։ Այս համոզումին մեկնակէ՞տը։ Տանք խօսքը իրեն. «Ես կը մեկնիմ մեր մշակոյ­թի պատմութեան վերլուծումէն։ Առիթ ու­նեցայ մօտ տասը տարի խորապէս քննե­լու մեր վերջին հարիւրամեակին գրական վաստակը։ Տեսայ թէ մեր ժողովուրդին խառնուածքին մէջ գոյութիւն ունի զօրա­ւոր մէկ ոգեկանութիւն մը։ Գեղարուեստի հանդէպ սէր չէ միայն, գեղարուեստի ապրո՛ւմ կայ, բայց չէ կրցած ինքզինք արժեւորել, չէ կրցած արտայայտուիլ» ու քիչ ան­դին. «Ես կ’երեւակայեմ որ եթէ քանդենք այսօրուան չափանիշները, բարոյական, գրական, ազգային հիմնական չափանիշ­ները, եթէ երթանք այս ժողովուրդին նոյնիսկ հիմնական բնազդներուն դէմ, իրապէս գայթակղութիւն մը մէջտեղ բերենք եւ ասոնք ցնցուին, փլին, այն ատեն տակէն առողջ ուժ մը մէջտեղ պիտի գայ»22։ Երկար մէջբերեցի քանի մը պատճառով։ Նախ կրկին արձագանգը գրական ծրագ­րի մը, ինչ որ Մարկ Նշանեան կը կոչէ «գրական ահաբեկչութիւն», գայթակղու­թիւն ստեղծելու մղումը արձակգրութեան մը ձեւին տակ23։ Բայց իրականութեան մէջ բանաստեղծութեան մէջ ալ միշտ ներկայ է այդ խանգարող, քանդող ջիղը։ Ասոր կողքին կայ այդ ընդյատակեայ պահուած առողջ ոգեկանութեան մը հանդէպ հա­ւատքը, համոզումը, որ ռոմանթիկ երանգ մը ունի եւ առաջին ակնարկով խոտոր կը համեմատի վերի անհեթեթի, գոյութենա­պաշտութեան դառն ու կարծր հայեացքներուն։ Օշական կը խօսի «հայութեան ճշ­մարտութեան» մասին, որ «պահուած է իր մշակոյթին մէջ, որ կը բխի, գլխաւորաբար, հայ ժողովուրդի ենթագիտակցութեան խոր ակունքէն»24։ Ուրիշ տեղ մը ան հարց կու տայ. «կա՞յ հայ ժողովուրդի մեթաֆի­զիք մը, իմաստութիւն մը, բացառիկ զգայնութիւն մը, պատգամ մը, որ մեր Պատ­մութեան մէջէն հասած ըլլայ մեզի։ Այս հարցումին պատասխանն է որ ներկայ մտաւորականութիւնը կրնայ բանաձեւել, նախ որպէս գաղափար ու փիլիսոփայութիւն, ապա որպէս արուեստի գործ»:25 ­

«Ես կ’երեւակայեմ որ եթէ քանդենք այսօրուան չափանիշները, բարոյական, գրական, ազգային հիմնական չափանիշները, եթէ երթանք այս ժողովուրդին նոյնիսկ հիմնական բնազդներուն դէմ, իրապէս գայթակղութիւն մը մէջտեղ բերենք եւ ասոնք ցնցուին, փլին, այն ատեն տակէն առողջ ուժ մը մէջտեղ պիտի գայ»։

Տակաւին ուրիշ տեղ մը հարց կու տայ. «դուք քննա՞ծ էք մեր ժողովուրդի պատմութեան փիլիսոփայութիւնը. ի՞նչ է, ի՞նչ կը փաստէ հայոց պատմութիւնը, այս ժողովուրդի 30 դար պատմութիւնը։ Ո՞ւր է հայութեան vérité-ն»։ Տարօրինակ կը թուի այս իտէալիստ կեցուածքը, պատմութենէն եկող ճշմարտութիւններու հաւատացող։ Հոս ալ արձագանգը կայ վերեւ նշուած աւարտաճառին ու անոր առնչուած պրպտումներուն։ Օշական կ’ըսէ թէ ինք առիթ ունեցած է քննելու «վերջին հարիւրամեակին գրական վաստակը» եւ անկէ քաղած ընդհանուր եզրակացութիւններ հայ ժողովուրդին մասին։ Այդ եզրակացութիւններուն մէջ կարելի է տեսնել յաւիտենական հայութեան հանդէպ հաւատքի նշոյլը։ Օրինակ տեղ մը, ակնարկելով հայութեան մէկ տեղ չկենալու, անընդհատ գաղթելու երեւոյթին կ’ըսէ. «Հիմա հայերը Աւստրալիա, Գանատա կ’երթան. կարելի է ատիկա գաղտնի բնազդ մը ըլլայ. կարելի է ճիշդ ըլլայ անոնց ըրածը… կրնայ ըլլալ որ հայ ժողովուրդը խորունկ բնազդի մը կը հնազանդի որպէսզի արթուն մնայ, առողջ մնայ»27։ Անընդհատ գաղթին մէջ ան կը տեսնէ գոյատեւելու հիմնական բնազդ մը։ Ինք դէմ է տեղ մը երկար մնալով քաղքենի դառնալու գաղափարին։ « Հոն ուր կը շարժի, հայութիւնը առողջ է»կ’ըսէ28։ «Մնայուն գաղթը կ’առաջարկեմ ես որովհետեւ արթուն կը պահէ մեզ եւ մեր մէջ Le dernier être [վերջին էակը] շատ արթուն է։ Քիչ ժողովուրդներու մէջ արթուն է ատիկա29։ Նախ պէտք է լսել այս խօսքերը օրուան, այսինքն կէս դար առաջուան ականջներով, ուր գաղթը միայնձուլում կը նշանակէ։ Գայթակղութիւն է հարկաւ։ Օշական ունի provocation-ի այդ ջիղը։ Անոր համար սակայն այս ամենը ուրիշ բանի մը կը կապուին, հայոց պատմութեան ակունքներէն եկող մեթաֆիզիքի մը, հայուն խառնուածքին ու բնազդին մէջ պահ դրուած յարատեւելու ու ստեղծագործելու գաղտնի ուժերու։ Ան հայուն մէջ հիմնական երկուութիւն մը կը տէսնէ։ «Հայուն խառնուածքը, չըսելու համար ճակատագիրը, իր երկուութեամբ կը յատկանշուի, բաժանումի, բզկտումի անդուլ ուժականութեամբ մը եւ Հայրենիք ու Արտասահման, օտար ու բնիկ, ուրիշ՝ բայց ամեն մարդ, հայ ու ոչ-հայ։ Հայ ըլլալու անկարելիթիւնը»30: Գեղեցիկ հատուած մըն է, ամբողջ մտասեւեռում մը խտացնող իր մէջ: Բուն հետաքրքրականը սակայն այս բոլորը կապելն է մեր ժամա­նակներու վիճակին, վերեւ նշուած անհեթեթին: Կը շարունակեմ վերջին հատուածին ընթերցումը։ ­

« Հայուն խառնուածքը, չըսելու համար ճակատագիրը, իր երկուութեամբ կը յատկանշուի, բաժանումի, բզկտումի անդուլ ուժականութեամբ մը եւ Հայրենիք ու Արտասահման, օտար ու բնիկ, ուրիշ՝ բայց ամեն մարդ, հայ ու ոչհայ։ Հայ ըլլալու անկարելիութինը»։

 «Ու ճիշտ հոս է», կ’ըսէ Օշական, «որ այս ճշմարտութիւնը» եւ ուրեմն հայ ըլլալու անկարելիութիւնը «կը զուգադիպի արդի ժամանակներու մարդկային հոգեբանական խորագոյն իրողութեան եւ մարդուն այլասերումին, ալիէնասիոնը, բան մը զոր ամեն ազգէ աւելի ճանչցած ենք եւ զոր ուրեմն որեւէ մէկէ աւելի հարազատօրէն արտայայտելու առաւելութիւնը ունինք»31։ Հոյակապ է։ Հոս արդէն ամբողջ շրջան մը ըրած է Օշական, մեկնելով անցնող 150 տարուան գրականութեան ուսումնասիրութենէն, հանելով անկէ հայութեան մեթաֆիզիք մը, ճշմարտութիւն մը, որ իրեն ըսել պիտի տայ՝ «մենք … կը յարմարինք, բայց չենք փոխուիր», անցնելով արդի մարդու անհեթեթի վիճակէն, հասնելու համար հայութեան մէջ պահ դրուած երկուութեան, հայ ըլլալու անկարելիութեան, որ իրեն համար հաւանաբար մարդ ըլլալու անկարելիութիւնն է, մարդուն հիմնական ալիէնասիոնը, ինչ որ ինք կը կոչէ այլասերում, մենք պիտի ըսէինք օտարում։ Ահաւասիկ գրական ծրագիրը. Հայութեան յատուկ ներքին երկուութիւնը, որ ինքնին օտարումի ձեւ մըն է, միաձուլել իր ժամանակի վիճակին գլխաւոր յատկանիշը եղող օտարումին, ու ստեղծել գրականութիւն մը որ այս երկուքը կը դնէ նոյն հարթակին վրայ:

Իրականութեան մէջ իրաւունք ունէր Ծառուկեան երբ կ’ըսէր «Վահէն չէ փոխուած»։ Վահէի քննադատական գործե­րուն ընթերցումը ցոյց կու տայ որ նոյն բնանիւթը կը հետապնդէր ան սկիզբէն, երբ հրապարակ կ’իջնէր յիսունականնե­րուն Ակօսի գրութիւններով, բայց մանա­ւանդ վաթսունականներու Բագինի, Ահե­կանի, եւ Երիտասարդ հայի գրութիւններով, ինչ որ ան կ’ընէր ու շարունակեց ը­նել մինչեւ վերջ իր բանաստեղծութիւննե­րով ու արձակներով. ուրուագծել արդի մարդուն անկարելի վիճակը։ Ատով ալ Վահէ Օշական ոչ թէ միայն Ի. դարը կը բերէր հայ գրականութեան մէջ, բայց մա­նաւանդ հայ գրականութիւնը կը բերէր Ի. դար։

18 սեպտեմբեր, 2006

1 Այս գրութիւնը կարդացուած էր 2006ին Համազգայի­նի կազմակերպութեամբ «Օր մը Վահէ Օշականի հետ» խորագրով տեղի ունեցած գրական համագու­մարին՝ Լոս Անճելըս։ Կու տանք զայն ինչպէս որ խօսուած էր օրին ընելով մանր լրացումներ ու փոփոխութիւններ։

2 Աւելցնենք որ այսօր բարեբախտաբար անձամբ եր­թալու պէտքը նուազած է։ Հայկական մամուլի անուն­ներուն մեծ մասը, ներառեալ այս գրութեան մէջ յիշուածները, հասանելի է Հայաստանի Ազգային գրադարանի ու այլեւայլ թուային հաւաքածոներու կայքէջերէն։ Ամբողջական ցուցակի մը համար տե՛ս Գրահաւաքի էջը՝ https://www.grahavak.com/, պարբե­րականներ։

3 Այս մասին տե՛ս Մարկ Նշանեանի մանրամասն վերլուծումը՝ «Շշուկներ Վահէ Օշականէն», Հասկ հա­յագիտական տարեգիրք, Նոր շրջան, Զ. տարի, 1994, էջ 143-149։

4 Բազմաձայն զրոյց նորարարութեան մասին», Ահե­կան 67, էջ 87։ Ահեկանի (1966-1970 Պէյրութ) առա­ջին թիւը կը կրէ Ահեկան 66 խորագիրը։ Անոր կը յաջորդէ այս մէկը, որմէ ետք անունին ու տարեթիւին պիտի աւելնան՝ 67ի թիւերուն համար՝ եղանակի անուններ, իսկ 68էն սկսեալ 1-4 թիւերը։

5 Վահէ Օշական, «Վերջաբան», Ահեկան 67 , Աշուն, էջ 88 – 94։

6 Վահէ Օշական, «Արտասահմանը եւ իր վէպը», Ահեկան 68, թիւ 1, էջ 69

7 Նոյն, էջ 70։

8 Նոյն, էջ 70-71։

9 Վահէ Օշական, «Արտասահմանի գրականութեան զարգացման հեռանկարները», Ահեկան 69, թիւ 2-3, էջ 156։

10 Վահէ Օշական, «Սփիւռքը դիմագիծ ունի՞», Երի­տասարդ հայ, թիւ 2, 10 յունուար 1970, էջ 3։ Այս ամսագիրը, որ յաջորդած էր Սիրան Սեզայի Երիտա­սարդ հայուհիին (1932-34, ապա 1947-1968՝ Պէյրութ), լոյս տեսած է 1969-1975։ Ինչպէս կը գրէ Մարուշ Երամեան իր 2018ին որպէս Գահիրէի Ջահակիր շաբաթաթերթին Ի. յաւելուածը լոյս տեսած հատորին մէջ՝ Ուրուանկար 1965 – 1995 թուականներու սփիւռքա­հայ բանաստեղծութեան. «1965ին յաջորդող տաս­նամեակներուն Սփիւռքի (այսինքն` Պէյրութի, որ ան­վիճելիօրէն Սփիւռքի «մայրաքաղաք»ն էր) մէջ երկու հանդէսներ էին միայն, որ լրջօրէն զբաղեցան Սփիւռ­քի հարցերով. Նախ ընդունեցին Սփիւռքի գոյութիւնը որպէս անջատ, Հայաստանէն անկախ կառոյց եւ, իբր այդ, լծուեցան անոր դիմագիծի որոնումին, ա­նոր հարցերու բանաձեւումին եւ փորձեցին պատրաստել սփիւռքահայը, գոնէ միջակ տիպարը անոր, դի­մագրաւելու ինքզինք իր կացութեան մէջ:

Այս հանդէսներէն առաջինը Ահեկանն էր, իսկ երկ­րորդը, թէեւ նուազ չափով, Երիտասարդ հայը, որ կը միտէր հասնիլ միջակ խաւին եւ ժողովրդականութիւն ապահովել, փորձելով ըլլալ ձայնը ամբողջ երիտա­սարդութեան` բանուոր դասակարգէն մինչեւ համալսարանաւարտը»:

Հատորը տրամադրելի է առցանց՝ https://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Jahakir%20Kahire/2018/20_ocr.pdf։

11 Նոյն, էջ 3։

12 «Արտասահմանի գրականութեան զարգացման հե­ռանկարները», էջ 162։

13 Վահէ Օշական, «Եւրոպական ու ամերիկեան ար­դի գրականութիւն», Բագին, փետրուար 1962, էջ 52-53։

14 Վահէ Օշական, «Եւրոպական ու ամերիկեան ար­դի գրականութիւն, Բ.», Բագին, ապրիլ 1962, էջ 56։

15 Նոյն։

16 Նոյն։

17 Վահէ Օշական, «Եւրոպական ու ամերիկեան ար­դի գրականութիւն, Գ.», Բագին, յունիս 1962, էջ 44։

18 Վահէ Օշական, «Եւրոպական ու ամերիկեան ար­դի գրականութիւն, Ե.», Բագին, հոկտեմբեր 1962, էջ 64։

19 Վահէ Օշական, «Եւրոպական ու ամերիկեան արդի գրականութիւն, Զ.», Բագին, յունուար 1963, էջ 50։

20 Վահէ Օշական 1988ին պիտի հրատարակէ արձակգրութիւններու երկրորդ հատորը, որ կը կոչուի Թակարդին շուրջ, Ոսկետառ հրտրկչ., Նիւ Եորք, 295 էջ։

21 Վահէ Օշական, «Երեք հարցադրում», Երիտասարդ հայ, թիւ 4, 7 փետրուար 1970, էջ 10։

22 Վահէ Օշական, «Գրողի տագնապ կա՞յ», Երիտա­սարդ հայ, թիւ 1, 27 դեկտեմբեր 1969, էջ 8։

23 Օշականի այս տողերը գրուած են 1969ին։ Ինչպէս նշեցինք, գրեթէ 20 տարի ետք պիտի հրատարակէ Թակարդին շուրջ հատորը, որուն մէջ խոշորագոյն ու կեդրոնական կտորը կը հանդիսանայ «Օծումը» խորագրով արձակը (մօտ 100 էջ), եւ ուր բառացի օ­րէն կը բեմադրուին այս խօսքերը։ Օշական զայն կը բնորոշէ որպէս «միթը»՝ առասպելը պայթեցնելու փորձ (դիւցազներգութեան յղումը կրկին)։ Ասոր մա­սին տե՛ս Մարկ Նշանեանի ելոյթը Վահէ Օշականի մասին Հրայր Անմահունիի պատրաստած ու «Միջ­նարար» կոչուող հոյակապ վաւերագրականին մէջ՝ https://www.youtube.com/watch?v=Gp9sHY1hzoo&t=1891s։ Գրական ահաբեկչութեան մասին Նշանեանի խօսքը՝ 32’06” – 32’’30”։

24 Վահէ Օշական, «Արտասահմանի գրականութեան զարգացման հեռանկարները«, Ահեկան 69, թիւ 2-3, էջ 161:

25 Նոյն, էջ 160-161: 26 Վահէ Օշական, «Որոնում սփիւռքեան դիմագծի մը», Երիտասարդ հայ, թիւ 41, 11-25 սեպտեմբեր 1971, էջ 20։

27 Նոյն։

28 Վահէ Օշական, «Զարգացող ապագայի մը հեռանկարով», Երիտասարդ հայ, թիւ 40, 7-21 օգոստոս 1971, էջ 22։

29 Վահէ Օշական, «Որոնում սփիւռքեան դիմագծի մը», Երիտասարդ հայ, թիւ 41, 11-25 սեպտեմբեր 1971, էջ 20։

30 Վահէ Օշական, «Արտասահմանի գրականութեան զարգացման հեռանկարները», Ահեկան 69, թիւ 2-3, էջ 161:

31 Նոյն։

32 Վահէ Օշական, «Որոնում սփիւռքեան դիմագծի մը», Երիտասարդ հայ, թիւ 41, 11-25 սեպտեմբեր 1971, էջ 20։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

նախորդ
***