Երեկոյեան,
եռուզերին մէջ անորոշ պահերու,
երբ կը փնտռեմ
պայծառ դէմքը անցնողին,
մենաշշուկ ծառերէն՝
բարունակներ,
ջերմ ու գգուող թեւերու պէս,
այլ ճիւղերու կ’երկարին:
Երկու ալիք,
երկու նշոյլ մանրաթել,
ծիր կաթինի ճանապարհով հեռացած,
ոտնահետքեր կը հիւսեն
երկինքի լուրթ կտուրին:
Եւ այտերուն կը դողայ
կաթիլ մը լոյս բիւրեղեայ,
ու սիրտս՝ շէկ
փողոցային կանթեղի պէս
կը բոցկլտայ:
Ահա դէմքը այդ լուսաւոր անցորդին
ինծի դարձած կը ժպտի …
դէմքը՝ տարբեր ուրիշ, ծանօթ դէմքերէ,
դէմքը՝ կարծես ափերու մէջ
քանի՜ ափեր ձեւաւորած,
դէմքը՝ ձիւնէն ձիւնասպիտակ,
դէմքը՝ բոլոր դէմքերուն մէջ
բացական միակ:





