«ԵՍ ԵՄ ՄԻԱԿ ՁԵՐ ԹՇՆԱՄԻՆ ՈՒ ՄԵՍԻԱՆ»

(«Նոր պատարագ»ի մասին հակիրճ նշմարներ)

Ծնթ. Գրութիւնը մաս կը կազմէ Մարկ Նշանեանի ի մօտոյ լոյս տեսնելիք Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն – Եղիշէ Չարենց / Վահէ Օշական խորագիրը կրող հատորին:

 

  1. ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿ

Այսքան տարի է՝ Վահէ Օշականի «Նոր պատարագ»ը անտիպ մնացած էր։ Այսօր ընթեռնելի է Կա­յաններ հատորին մէջ։ Առաջին տարբերակը գրուած էր 1985ին։ Վերջնականը կը կրէ 11 հոկտեմբեր 1990 թուականը։ Վահէ Օշա­կան, ըստ երեւոյթին, չէր ուզած զայն հրա­տարակուած տեսնել իր կենդանութեանը։ Ամբողջ ձեռնարկին մասին բացատրու­թիւն մը կայ նախ «Նախաբան»ին մէջ, որ սակայն երեք վերնագրեր կը շարէ, շփոթ ստեղծելու աստիճան։ Խօսքը «Հայր մեր»ին բաղկացուցիչ տարրերը վերլուծելու եւ մեր դարին մէջ զետեղելու մասին է. «Այս տար­րերը… կը կազմեն «նախաբան»ը աւելի յաւակնոտ եւ բարդ գործի մը որ կը կոչուի ՊԱՏԳԱՄ։ Կարելի է զայն անուանել ՆՈՐ ՊԱՏԱՐԱԳ…»։ Աւելի ուշ (մարտ 1991) ընդհակառակը՝ շատ յստակ կերպով կ’ըսուի թէ որպէս ընդհանուր վերնագիր՝ «Պատ­գամ» անունը կրող գործը երկու մակար­դակ ունի. առաջին մակարդակն է, կամ առաջին բաժինը՝ 1985ին ՍանՖրանսիս­քոյի մէջ Արշակին նկարչական գործերուն հետ միասին ցուցադրուած (եւ 1987ին Հո­րիզոն-Ասպարէզի գրական յաւելուածին մէջ լոյս տեսած) «Հայր մեր»ը, որ հիմա «Իսկ որ ասեն» կը կոչուի, իսկ «երկրորդ մակարդակը «Նոր Պատարագ» կը կոչուի եւ անոր մէջէն է որ գրութեան գլխա­ւոր մտածումը ինքզինք կը բանաձեւէ» (Կայաններ, էջ 451)։ Այս վերջին մէջբերու­մը կու գայ սակայն Կայաններ հատորի խմբագրական ծանօթագրութիւններէն, եւ ուրեմն ենթադրաբար Կայք հանդէսին մէջ տպուելու համար Գրիգոր Պըլտեանին ուղղուած տարբերակին ընկերակցող նամա­կէ մը։ Իսկ մեր ձեռքը գտնուող առաջին տարբերակը կը կրէ «Մարտ 1985» թուա­կանը։ Այդ առաջին յեղումը կը տարբերի վերջնականէն քանի մը կէտերով։ Ռատիոսքեչի ձեւով գրուած է, ու միջամտող կեր­պարներուն անուն չէ տրուած։ Նշուած են միայն «Ձայն 1, Ձայն 2…»։ Իսկ վերջին էջերը (Կայաններ, էջ 405-417) ամբողջու­թեամբ նոր են, ու չկան 1985ի տարբերա­կին մէջ։ Առաւել՝ այդ տարբերակին մէջ՝ «Նոր պատարագ» անունը նոյնպէս չկայ տակաւին։ Մեր ձեռքը եղածը կը կրէ միայն «Իսկ որք ասեն» վերնագիրը, որ ուրեմն սկիզբը՝ վերնագիր մըն էր Վ. Օշականի մտքին մէջ, ու յետոյ միայն մասնագիտացած է։ Անշուշտ մէկ տարբերակէն միւսը՝ մեծ փոփոխութիւնը նաեւ այն է, որ «ձայներ»ը անուն կը ստանան ու կը դառնան թատերական կերպարներ։ Ունինք այսպէս «Արուեստագէտ»ը, «Մարդկութիւն»ը Երիտասարդ»ը, «Աստուած» (քրիստոնէական Աստուածը, որուն «հայրական» դեր շնորհած ենք), «Տիեզ. Աստուած»ը, ու «Միսթիք»ը (որ առաջին տարբերակին մէջ՝ ծանօթ էր միայն որպէս «ճգնաւոր»)։ Սկիզբը, «Մուտք» կոչուած էջին վրայ, երկու Աչք»եր կան, եւ այս ալ՝ նորութիւն է։ Ատկէ ճիշտ առաջ եկող բացատրութեան մէջ՝ կ’ըսուի թէ «Աչք 1ը կը գծէ տիեզերական բեմ մը… որ Պատգամին ծիրն է»։ Կարեւոր նշում մըն է, որովհետեւ գաղափար մը կու տայ երկու վերնագիրներուն միջեւ շփոթ ստեղծող զատորոշումին մասին, «Պատգամ» եւ «Նոր Պատարագ». Աչք 2ը ի հարկէ՝ «կը կեդրոնանայ «Նոր Պատարագի անմիջական, ուրոյն միջավայրին վրայ», եւ այդ միջավայրին մասին՝ կ’ըսուի թէ «Սփիւռքահայ գաղութ մըն է, 20րդ դարու վերջին տասնամեակին» (էջ 352)։ Ուրեմն՝ երկու աչք եւ երկու մակարդակ՝ «տիեզերական»ը եւ «սփիւռքեան»ը, որքան ալ տարօրինակ հնչէ այդ երկուքին առընթերադրումը։ Պէտք է հետեւաբար մենք ալ այդ երկու մակարդակներուն վրայ մեր երկու աչքերը կարենանք սեւեռել միաժամանակ։ Ի վերջոյ, այս հակիրճ նշմարներու շարքը կը գրուի անոնց ագոյցը հասկնալու համար, ինչպէս որ ան կը ներկայանայ մեզի Վահէ Օշականի բանաստեղծական մտածողութեան համաձայն։ ­­­

  1. ԵՐԿՈՒ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄ

Ուրեմն ինչո՞ւ հաւաքուած ենք, մենք՝ հան­դիսատեսներս, եւ իրենք հոն՝ բեմին վրայ։ Գրեթէ սկիզբէն ըսուած է։ Հանդիպում մը կազմակերպուեր է։ Քրիստոնէական աստուածը տեսակ մը ատեանի առջեւ կանչուեր է, հաշիւ տալու համար։ Արուեստա­գէտն է խօսողը, ահաւասիկ. «Հաւաքուեր ենք քսան դարու ձախողանքը չափելու / յանցաւորը պատժելու / ու նորէն սկիզբէն փորձ մ’ընելու ապրելու»։ Եւ նոյնպէս սկիզբէն՝ քրիստոնէական աստուածը կ’ընդունի իր «յանցանք»ը. «ե՛ս եմ միակ յանցաւորը անիծեալը / չկայ ինծի թողութիւն ոչ ալ ներում ո՛չ իսկ բարեւ /…/ ա ՛լ ձանձրացայ այսքան ատեն ձեզ խաբելէն ու հեգնե­լէն» (էջ 356), կ’ուզէ ազատիլ այդ հէքիաթէն, իրեն վերապահուած այդ սուտ դիրքէն, այդ գահէն որուն վրայ նստած է այս­քան ատենէ ի վեր, «ինչո՞ւ ինչո՞ւ չհասկցաք որ եղածը խաղ մըն էր / թէ ձեր քիթին կը խնդայի» (էջ 360)։ Հիմա ուրեմն նոր պա­տարագը կրնայ սկսիլ, ուրիշ տեսակ պատարագ, մենք մեզի, որովհետեւ վերջապէս հասկցանք «թէ պարտք չունինք ոչ ոքի եւ ոչ ոքէ՝ առնելիք /…/ ո՛չ արքայ կայ ո՛չ ալ ճորտ աշխարհի մէջ / բոլորս միասին մէկ վիթախի խաչ ենք շալկեր ճամբային ­կեր» (էջ 362)։ Ուրեմն առանձին ենք, աշ­խարհին մէջ միս մինակ։ Այո, բայց նոյնքան մարդկային չէ՞ հաւատալու պահանջը, «խանդ ու եռանդ կոյր պահանջը հաւա­տալու» (էջ 373)։ Այդ ալ մարդկային է, ճիշտ է, քանի որ մարդիկ պէտք ունէին խաբելու իրենք զիրենք, շատ լաւ գիտնա­լով հանդերձ որ «այս ամբողջը խաղ մըն է», վերջին հաշուով՝ ամօթալի խաղ մըն է, ու քրիստոնէական աստուածն է այդ ըսո­ղը, «ձեր աստուածն է որ կ’ընդվզի կ’ըմ­բոստանայ ձեզի դէմ»։ Հետեւաբար ամբողջ խնդիրը հիմա՝ ոտքի կանգնիլն է, «մարդ ըլլալու մօտենալ»ն է։ Բայց պէտք ունինք որդիներ ըլլալու, հայր ունենալու, իր օրհնութիւնը վայելելու, որբ չզգալու (ու առաջին տարբերակին մէջ՝ Աստուածը կը պատասխանէ՝ «որբը ես եմ»)։ Քրիստոնէական աստուածը ինքը պիտի մեկնի, ու մեկնելէ առաջ սակայն՝ վերջին անգամ մը կ’ըսէ քրիստոնէութեան բերած բարիքը, կ’ըսէ ուրեմն որ այդ բարիքը պիտի չըլլար եթէ հաւատքը չըլլար, «Շուրջդ նայէ, Արուեստագէտ / ինչ որ ազնիւ մաքուր պերճ է ու գեղեցիկ /…/ իմ պատկերէս իմ յղացքէս կը ներշնչուի», ու Արուեստագէտն ալ կը համաձայնի, «միշտ գիտցած եմ / որ հաւատքին ու կրօնին զօրութիւնը / աւելի է քան Աստուած» (էջ 382)։ Ուրեմն եթէ լաւ կը հասկնանք՝ այդ զօրութիւնը, այդ ձգտումը, բացարձակին գացող ձգողութիւնը աւելի՛ են քան իրենց ստեղծած պատկերը, պէտք է ըսէինք՝ «կրկնապատկերը»։ Եւ այս ամ­բողջ սրտաճմլիկ խեղկատակութիւնը երբ կը վերջանայ, երբ քրիստոնէական ծերա­ցած աստուածը կը հրաւիրուի մարդկութեան միանալու, «Բացարձակ Անծանօթ»ին ու «Բացարձակ Օրէնք»ին դէմ լռե­լեայն կամ բացայայտ պայքարը շարունակելու, բայց ի զուր, այն ատեն՝ հրաժեշտ կը տրուի անոր, վերջնական հրաժեշտ, ու հետեւաբար ամբողջ քրիստոնէութեան պատմութիւնը կը մեկնաբանուի որպէս մեծ թատերգութիւն մը, որուն առջեւ բազ­մութիւնը նստած՝ կը պոռայ, կը ծափէ, ու հեղինակը կը կանչէ բեմ (էջ 396)։ Եւ հոս յանկարծ ամեն ինչ կը դառնայ շատ աւելի հետաքըրքրական (որովհետեւ ընդունինք ճշմարտութիւնը, քիչ մը ձանձրացուցիչ սկսած էր դառնալ այս երկրորդ նշմարը, կարծես ըլլար կարծիքներու ամփոփում մը)։ Այսօր միայն այդ մեծափարթամ ու դարերու վրայ երկարող թատերգութիւնը կ’երեւի որպէս ինչ որ էր սկիզբէն, իր բե­մադրութեամբ, իր դերակատարներով, իր թաքուն հեղինակով, «բայց հեղինակ չկայ անշուշտ» (անդ)։ Եւ կը հասկնանք, թէ ինչո՛ւ թատերական կերպարներ ու թատերական բեմ մը պէտք էին, ցոյց տալու հա­մար պատմութեան (քրիստոնէական պատմութեան եւ քրիստոնէութեան պատ­մութեան) բեմը որպէս թատերական բեմ մը։

Բայց վայրկեան մը (այս մէկը մեր կող­մէ աւելցուած փակագիծ մըն է ու պիտի յորդի փակագիծէն դուրս). հին յոյները նոյն բանը չէի՞ն ըներ իրենց ստեղծած թատեր­գութեամբ։ Բեմին վրայ չէի՞ն բերեր արդեօք իրենց հերոսները եւ իրենց աստուածները, այն վայրկեանին իսկ՝ երբ հասկցած էին անոնց էութիւնը, իրենց խելապատակէն բխած իրենց աստուածնե­րուն թատերական էութիւնը։ Եւ այդ պա­րագային սակայն՝ Վահէ Օշականին ըրածը թատրոնի այդ սկզբնական գիւտին վերստեղծումը չէ՞ արդեօք, անշուշտ իր ու­նեցած միջոցներով, որպէս կերպար ունե­նալով քրիստոնէութեան խեղճուկ Աստուածը (հիմա ստիպողաբար գլխագրուած, քանի որ ինքն ալ այլեւս կերպար մըն է, միւս կերպարներու կարգին), եւ զայն բեմին վրայ հրաւիրելով։ Ի վերջոյ այդ չէ՞ որ կ’ըսէ Արուեստագէտը, երբ ժամանա­կը եկած է վերջնականապէս երթաս բա­րով ըսելու անոր. «Հազա՜ր ափսոս… / ող­բերգութեան սքանչելի նիւթ էին / հօր ու տղու մեծ կռիւը…» (էջ 395)։

Ուրեմն այսպէ՛ս։ Վերստեղծեցինք թատրոնի ծնունդը։ Թատրոնի բեմին վրայ բերինք նոյն ինքն՝ թատրոնի ծնունդը։ Ող­բերգական թատրոնի բեմին վրայ, նոյնքան՝ որքան կատակերագականին։ Որով­հետեւ այս ամբողջը նաեւ մեծ կատակերգութիւն մըն է, այնպէս չէ՞, ու առնուազն կը ժպտինք գրեթէ ամեն տողի։ Եւ միեիւնոյն ժամանակ կը յիշեցնէ Միշէլ Ֆուքոյի վեր­ջին շրջանի բարեկամին ու մտքի ճանա­պարհի ընկերակիցին եւ գործակիցին՝ Փօլ Վէյնի գիրքը, այդ հոյակապ վերնագիրով գիրքը՝ Les Grecs ontils cru à leurs mythes?։ Այսինքն բառացի՝ «Յոյները հաւատացա՞ծ են իրենց առասպելներուն» (գիրքը լոյս տեսած է 1983ին)1։ Տարօրինակ ձեւ մըն է հարցումը դնելու, այնպէս չէ՞։ Աւելի լաւ պիտի հնչէր ականջին, եթէ ըսէր՝ «Յոյները կը հաւատայի՞ն իրենց առասպելներուն»։ Այո՛, բայց այդ չէ՛ որ կ’ըսէ հարցումը։ Ո՛չ թէ «կը հաւատային», այլ՝ «հաւատացա՞ծ են»։ Այսինքն՝ որեւէ ատեն, որոշ շրջանի մը, թե­րեւս սկզբնական ժամանակներուն, երբ այդ առասպելները երեւան եկած են յու­նական աշխարհին մէջ, եւ մինչեւ տեղ մը միայն։ Յետոյ թերեւս հաւատալու եղա­նակները փոխուած են։ Ուրեմն ի՞նչ կը պա­տահի այդտեղ։ Կարծես թէ հեղինակը կը պատմականացնէ «հաւատք» կոչուածը։ Հաւատալու ձեւեր կան, աւելի ճիշտ՝ հաւատքը հասկնալու ձեւեր կան։ Երբ նոյն Յոյնե­րը թատրոնի բեմին վրայ փոխադրած են իրենց այդ առասպելները, հերոսներն ու աստուածները, իրենց աչքին յայտնուած են անոնք որպէս թատերական կերպար­ներ։ Կը զգանք որ այս տեղէն սկսեալ՝ վիհ մը կը բացուի մեր ոտքերուն տակ։ Ստի­պուած ենք հարց տալու, թէ ուրեմն ի՞նչ է հաւատքը, եթէ պատմականացած երեւոյթ մըն է, կամ այն վայրկեանին՝ երբ պատմականութիւն մը մտնէ «հաւատք» կոչուած երեւոյթին մէջ։ Կը կորսնցնենք մեր ստոյգ կարծած չափանիշերը։ Կը ստիպո­ւինք հարց տալու, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հաւատալ»։ Նոյն գործողութիւնն է, որ կը կրկնուի Վահէ Օշականի «հաւատք»ի վերջաւորութիւնը հնչեցնող (ու խորքին մէջ՝ հարցադրող, հարցադրելով հնչեցնող) թա­տերական բեմադրութեամբ։ Թատրոնը կը բեմադրէ իր պատմական ծնունդը, ու զայն բեմադրելով՝ կը հարցադրէ հաւատք կոչուածը, կը պատմականացնէ զայն։ Գլխապտոյտ պատճառով գործողութիւն մըն է։ Այնպէս որ ստիպուած ենք նորէն ու նորէն կրկնելու։ Յոյները ստեղծած են իրենց թատրոնը, բեմին վրայ բերելով իրենց առասպելները եւ ուրեմն հաւատքին բնոյ­թը փոխելով։ Վահէ Օշականին ըրածը թատրոն ստեղծել չէ։ Իր ըրածը բեմին վրայ բերել է թատրոնին ծնունդը, եւ ուրեմն բեմականացնել է հաւատքի բնոյթին փո­փոխութիւնը, հետեւաբար՝ հաւատք կոչուածին պատմականութիւնը։

Մինչեւ հոս՝ հաւատքն էր հարցման նշանը կրող բառն ու գաղափարը։ Հարցման նշանին միջոցաւ՝ շեշտը դրուած էր պատմականութեան վրայ։ Հիմա՝ նոյն բանը, ­

Վահէ Օշականին ըրածը թատրոն ստեղծել չէ։ Իր ըրածը բեմին վրայ բերել է թատրոնին ծնունդը, եւ ուրեմն բեմականացնել է հաւատքի բնոյթին փոփոխութիւնը, հետեւաբար՝ հաւատք կոչուածին պատմականութիւնը։

սակայն հակառակ ուղղութեամբ։ Երբ «պատմականութեան» մասին կը խօսինք, կ’ենթադրենք թէ գիտենք ի՛նչ է «պատմա­կան»ը։ Ի վերջոյ՝ Փօլ Վէյնին դրած հար­ցումն ալ նոյն բանը կ’ենթադրէ։ Յոյները կը հաւատայի՞ն կամ երբեւիցէ հաւատա­ցա՞ծ են իրենց առասպելներուն։ Կ’ուզէ ը­սել ի միջ այլոց հետեւեալը. կը հաւատայի՞ն արդեօք այդ առասպելներով պատմուածներուն պատմական իրականութեան։ Հարցը միայն այն ըլլալով, որ այդ իրակա­նութիւնը ստիպողաբար անորոշ անցեալի մը մէջ տեղ պէտք է գրաւէր։ Հաւատքը, հաւատալը այդ տեղ (Վէյնի դրած հարցու­մին եւ մանաւանդ անոր ոճին համաձայն) կը յղեն ուրեմն պատմութեան, պատահած դէպքերու, տեղի ունեցած եղելութիւննե­րու։ Կը յղեն ժամանակին մէջ արձանագ­րուած իրադարձութիւններու, որքան ալ անորոշ եղած ըլլան անոնք եւ անոնց ժա­մանակաշրջանը։ Բայց յոյները ժամանա­կը այդ ձեւով չէին մտածեր։ Առասպելա­բանական ժամանակը մեր գիտցած պատմական դէպքերու ժամանակը չէ։ Եւ ուրեմն հարցման նշանը հիմատեղ փոխեց։ Հա­ւատք բառին վրայ էր ան ։ Հիմափոխադ­րուեցաւ «պատմութիւն» եւ «պատմակա­նութիւն» բառերուն վրայ։

Որպէս կրօնք, քրիստոնէութիւնն է որ կը հաւատայ եւ կը հաւատացնէ պատմա­կան ժամանակին մէջ աստուածային ներ­կայութեան, Մեսիայի առաջին գալուստով։ Յոյներու հաւատքին ուղղուած հարցումը, ինչպէս որ Փօլ Վէյն կը բանաձեւէ զայն, ուղղուած էր հետեւաբար քրիստոնէական դիտանկիւնէ, որպէս հիմք ունենալով ժա­մանակի գաղափար մը եւ ժամանակին մէջ աստուածային ներկայութեան պատկերա­ցում մը, որոնք զուտ քրիստոնէական էին եւ ե՛ն։ Մինչ դեռ երբ Վահէ Օշականի արուեստագէտը կ’երեւակայէ քրիստոնէութեան յատուկ հայր/որդի հէքիաթը որպէս «ողբերգութեան սքանչելի նիւթ» ու կ’ափ­սոսայ անոր հնարաւորութեան անհետա­ցումին, երբ իր կարգին կը թատերակա­նացնէ թատրոնին ծնունդը, երբ հրաժեշտ կու տայ բեմին վրայ այցելութեան եկած աստուծոյ (գլխագիր եթէ կերպար մըն է, ան գլխագիր եթէ այցելութեան եկողն է), երբ այդ ձեւով կը խնդրականացնէ հա­ւատք կոչուածը, միեւնոյն ժամանակ՝ խնդ­րականացուցած կ’ըլլայ «պատմական ժա­մանակ»ի ենթադրեալը, որ կը ղեկավարէր ու տակաւին մեզի համար կը ղեկավարէ այդ ամբողջը։ Իսկական յեղափոխութիւն։ Որովհետեւ՝ այո՛, ճիշտ այդտեղ է յեղափո­խական արարքը։ Յստակացնենք։ Խնդ­րականացնել կը նշանակէ հարցական դարձնել, հարցադրումի առարկայ։ Ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ի՞նչ պայմաններու տակ ծագած է պատմական ժամանակի գաղափարը, որ այդքան բացայայտ է մեր բոլորին համար, այդքան անհարցադրելի։ Հին յունական թատերականացումով՝ հաւատքն է որ հարցական կը դառնար։ Արդիական թատե­րականացումը հարցական կը դարձնէ ինչ որ կը հասկնանք «պատմութիւն» եւ «ժա­մանակ» բառերով։

Իսկ ո՞ւր մնաց «պատգամ»ը։ Այդ մէկը պիտի գայ քիչ մը ետքը, երրորդ նշմարի երկայնքին, որովհետեւ պատգամը ճիշտ է

Հին յունական թատերականացումով՝ հաւատքն է որ հարցական կը դառնար։ Արդիական թատերականացումը հարցական կը դարձնէ ինչ որ կը հասկնանք «պատմութիւն» եւ «ժամանակ» բառերով։

որ կը վերաբերի մարդկութեան, բայց կ’ուղղուի հայութեան մէկ մասնիկին, մնա­ցորդին։ Այդ կէտը յետոյ պիտի բացատ­րուի։ Եւ այն ատեն՝ ինչո՞ւ հիմա նշեցի զայն։ Որովհետեւ «պատգամ»ին ընդմէջէն՝ Վա­հէ Օշական անձն է, որ կը խօսի։ Ու ինքը մեկնաբանն էր միայն իր բանաստեղծա­կան գործին մէջ լռելեայն կատարուած յե­ղափոխութեան։ Այդ մեկնաբանը որ էր ի­նք՝ մէկ ձեւ ունէր հասկնալու բանաստեղծութեամբ կատարուած արարքը, այսինքն՝ քրիստոնէական աստուծոյ տրուած հրաժեշտը։ Պիտի հասկնար զայն ստիպողա­բար որպէս ահաբեկչութիւն։ Եւ անշուշտ ստիպուած էր ինքզինքը պաշտպանելու, ստիպուած էր ահաբեկչական արարքը ինքն իր դէմ՝ գլխիվայր դարձնելու։ Համո­զուած եմ, որ այդ ձեւով կարդալ պէտք է ճիշտ նոյն շրջանին գրուած եւ 1987ի գիրքին մէջ լոյս տեսած «Օծում»ը։ Այդտեղ՝ հեղինակը որպէս անձ ինքն իր կատա­րածն է, որ կը ցուցադրէ պատմուածքի մը սահմաններուն մէջ։ Այսինքն՝ յարձակում մը աւանդութեան դէմ, բիրտ յարձակում մը քահանային կողմէ ներկայացուած քրիստոնէութեան դէմ, եւ այն ալ՝ պատա­րագի ընթացքին։ Այդ իմաստով, բայց այդ իմաստով միայն, «Նոր պատարագ»ը եւ «Օծում»ը երկուորեակ գրութիւններ են։ Եւ քանի որ այդտեղ՝ յեղափոխական արար­քը կը մեկնաբանուի ու կը վերապատմուի որպէս ահաբեկչութիւն, մեկնաբան հեղի­նակը ստիպուած էր քահանան (ուրեմն նաեւ քրիստոնէութիւնը, հաւատքը, պատմական ժամանակը, Մեսիային առաջին գալուստը որպէս պատմական դէպք, եւ ամեն ինչ որ կու գայ ասոնց հետ) յաղթա­կան հանելու։ Ուրիշ հարց, թէ այդ օրերուն Վահէ Օշականը պախարակողները ա՛յդ իսկ չէին հասկցած։ Բայց իր դէմ գործուած գրոհն է, կ’ենթադրեմ, որ զինքը զգոյշ դարձուցած է ու պատճառ եղած է որ «Նոր պատարագ»ը լոյս չտեսնէ իր կեն­դանութեան օրօք։

Բանաստեղծութեան հրա՞շքն է արդեօք։ Կ’ըսէ եւ կ’ընէ իր ուզածը, ու հեղինակը ստիպուած չէ հասկնալու այդ տեղ ըսուածին ու կատարուածին տարողութիւ­նը։ Կը պատահի որ վախնայ անկէ։ Կը պատահի նաեւ որ ամբողջովին անգիտա­նայ տեղի ունեցածը։ Կը տեսնէ հաւատ­քին խնդրականացումը, ու չի տեսներ որ անոր ետին պահուըտած է պատմական ժամանակին խնդրականացումը։ Այնպէս որ կը գրէ «Օծումը», որպէս հերքում։ Ու քանի որ իր պատգամը վերջին հաշուով՝ «մարդկային»ն է, պէտք է մարդկայինի մակարդակին բացատրութիւն մը գտնէ, պէտք է ի միջի այլոց քրիստոնէական գլ­խագիր Աստուծոյ կողքին կամ անկէ ան­կախ՝ զետեղէ «անանձնական», «գերա­զանցապէս անմարդկային» աստուած մը (էջ 323), որ մեզմով չի զբաղիր (բայց որ նորէն ալ անդադար կը հարցնէ՝ «Ի՞նչ է մարդ ըլլալը…», ինչ որ կը նշանակէ թէ առնուազն հայերէն գիտէ, մարդկային լեզու մը կը խօսի)։ Եւ մարդկայինի մակարդա­կին՝ բացատրութիւնը այն է, որ «կրօն ու եկեղեցի…, հնադարեան հաւատք ու ծէս՝ գերբնական ոչինչ ունին, այլ մարդկայի­նին մէջ բանտարկուած ճամբորդներ են» (անդ), եւ նոյն ճամբուն վրայ, եթէ մինչեւ հոս լաւ չէինք հասկցած ըսուածը. «ուստի չկայ սրբապղծութիւն ոչ թէ որովհետեւ ատկէ կը խուսափինք, այլ պարզապէս անոր համար որ չկայ սրբութիւն բառին բացարձակ իմաստով» (էջ 324)։ Հետեւաբար ահաբեկչական կարծուած արարքն ալ վերջին հաշուով՝ ահաբեկչական չէր։ Ահա՛ ինչու այդքան մանրակրկիտ ուշադրութիւն կը պահանջէ «Նոր պատարագ»ին ընթեր­ցումը։ Միշտ դժուարութիւնը կայ գիտնա­լու, թէ ո՛ր մակարդակին կը գտնուինք, յեղափոխականի՞ն թէ ահաբեկչականի՛ն։ Մանաւանդ երբ գիտենք որ յեղափոխա­կան մակարդակը լռելեայն կը գործէ, իսկ ահաբեկչականը ինչպէս հիմա տեսանք՝ միշտ ինքզինք հերքելու, ուրանալու ձգտու­մով ու շարժումով կը ներկայանայ։

  1. ՊԱՏԳԱՄԸ

Եւ հիմա՝ պատգամը։ Ի՞նչ ըրինք մին­չեւ հոս, բեմին վրայ ու մեր ընթերցումով։ Հրաժեշտ տուինք քրիստոնէական աստու­ծոյ։ Խաբկանք էր միայն, ու հրաժեշտէն ետք աշխարհի երեսին կը մնայ մոլորած մարդկութիւն մը, որ կը թափառի արուար­ձաններուն մէջ, ի խնդիր իմաստի մը, կռուանի մը, քաղաքի մը, հայրենիքի մը, եւ ի միջի այլոց ուրեմն՝ ի խնդիր պատգա­մի մը։ Յիշեցնենք նախ որ այդ անունը կրող յօդուած մը ունի Վահէ Օշական, նոյն թուականներուն երկու մասով լոյս տեսած, «Գրական քրոնիկներ»ու շարքին մէջ (Ասպարէզ, 14 եւ 21 նոյեմբեր 1987), վերնագիր՝ «Պատգա մը (Ե. Չարենցի առթիւ)»։ Ու այդ­տեղ վերջին տողերուն՝ կը կարդանք, որ «կեանքը որպէս ՊԱՏԳԱՄ … դժուար է աս­կէ աւելի կատարեալ գոյութիւն մը երեւա­կայել»։ 1987ի ընթերցողը չէր կրնար գիտ­նալ, որ այդ նախադասութեան ետին կար Վահէ Օշականի անտիպ մնալիք գործը, ու այդ գործով՝ քրիստոնէական աստուծոյ տրուած հրաժեշտէն ետք՝ մարդկութեան ուղղուած պատգամի մը ակնկալութիւնը։ Այս է որ կը պոռայ բեմին վրայ Երիտա­սարդը. «Ո՞ր է ո՞ւր է պատգամը» (էջ 386), ու քրիստոնէական Աստուածն ալ (որ դեռ հոն է, որ դեռ իր գլխագիրին կ’արժանա­նայ, որ մտիկ կ’ընէ ըսուածները) կը հա­կազդէ ահաւասիկ. «ա՛լ մինակ էք ոչնչութեան զարհուրելի դեւերուն դէմ / ես ալ չկամ, որ ձեզ սիրեմ ու գթամ օրօր երգեմ հայր խաղամ» (էջ 388)։ Եւ Արուեստագէ­տը կը փորձէ պատասխանել, ըսել թէ ո՛ւր է պատգամը. «Այս է միակ պատգամը — / համատարած ու գաղնագիր ճշմարտութեան նայուածքին մէջ պիտի կայնինք / մենք ենք պատգամն ու հաղորդիչը այդ պատգամին» (էջ 408), եւ քիչ մը անդին նո­րէն կը հռչակէ՝ «Հէ՜յ ժողովուրդ… / դուն ես միակ պատգամը» (էջ 412)։ Այո, բայց նորէն դժուարութեան մը առջեւ կայնած ենք, առնուազն։ Ո՞վ է այդ «մենք»ը, ո՞րն է այդ «ժողովուրդ»ը։ Որո՞ւն կ’ուղղուի խօս­քը հոս, եւ որո՞ւն մասին է այդ խօսքը։ Աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած՝ «Սփիւռք» անունին արժանի (կամ անարժան) անժո­ղով ժողովուրդի՞ն, այս ժողովուրդին որ լե­զու իսկ չունի այլեւս, կարդալու, լսելու, ըն­կալելու եւ հաղորդելու համար պատգամը (եւ ուրեմն պիտի չկարենայ նաեւ «պատգամ»ին մասին այս գրածս կարդալ, եթէ պատահաբար ուզէր կարդալ)։ Կամ արդեօք մարդկութեա՞ն, քանի որ պատգամը կարծես կը հռչակէ մարդկութեան հունա­ւոր (եւ գունաւոր) մարդկայնութիւնը, ան ­հայրենիք, ինքն իրմէ զատ ուրիշ ապաւէն չունեցող։ Պատգա՞մն ալ ուրեմն երկու ե­րես ունի, կամ արդեօք պատգա՞մն է որ «մենք»ը կը բաժնէ ինքն իրմէ։ «Մենք» ենք պատգամը եւ «մենք» ենք պատգա­մին հաղորդիչը։ Ուրեմն կը հաղորդենք զայն մենք մեզի։ Ու որպէսզի կարենանք բան մը հաղորդել մենք մեզի, պէտք է մենք մեզմէ բաժնուածը ըլլանք: Կամ պատգամն է, որ մեզ կը բաժնէ մեզմէ, երկու կը դարձնէ։ Ասկէ զատ՝ պատգա մը ձեւով մը ինքն իր մէջ պէտք է կրէ քրիստոնեայ Աստուծոյ հայրութեան աւարտը, այնպէս չէ՞։ Պէտք է կրէ նաեւ այդ էական ձեռքբերումը, որ վերջին հաշուով մեր երկրորդ նշմարին գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ. պատմական ժա­մանակին (ուրեմն պարզապէս ժամանակին) ապաքրիստոնէականացումը։ Բայց այդ պարագային՝ ի՞նչ կապ ունի այս ամբողջը Սփիւռք կոչուած անժողով ժողովուրդին հետ։ Եւ հակառակ ուղղութեամբ. ի՞նչ կապ ունի Սփիւռք կոչուածը, ի՞նչ կապ ունի մեր հայրենիքի գոյութիւնը, ի՞նչ կապ ունի (ենթադրենք) սփիռքեան գիտակցութեան մը զարթնումը այս ամբողջին հետ, զոր հիմա բնորոշեցինք որպէս պատմութեան եւ ժամանակի ապաքրիստոնէականացում:

 ­Պատրաստելու համար ինչ որ պիտի գայ հիմա, որպէս պատասխանի փորձ մը այս հարցումներուն, աւելցնենք հետեւեա­լը։ Ո՛վ որ ըլլանք «մենք», ի՞նչ կ’ընենք եթէ մենք ենք պատգամը եւ մենք ենք զայն հա­ղորդողը։ Անշուշտ կը վկայենք։ Ա՛յդ է վկայելը։ Նրբութիւնը սակայն այն է, որ վկայելու պահուն եւ վկայելու արարքով՝ բաժնուած ենք մենք մեզմէ։ Եթէ անժողով ժողովուրդին մասին է խօսքը, կը վկայէ միայն այն չափով եւ այն առումով՝ որ բաժ­նուած է, քանի որ ինքն իր մասին է որ կը վկայէ, ու ինքն իրե՛ն է որ կը վկայէ։ Կը վկայէ իր բաժանումով ինքն իրմէ։ Խօսո­ղը, վկայողը, հաղորդողը, իր բաժանեալ էութեան մէջ կանգնողը ուրեմն մնացորդ մըն է, բառին Սուրբ Գրեանց իմաստով (օ­րինակ Եսայիի մօտ՝ «ՅԵրուսաղէմ լինի­ցին մնացեալք», Ես.37.32, կամ Ամովսի՝ «մնացորդաց Յովսեփայ», Ամ. 5.15)2։ Բա­ռէն չվախնանք. եթէ այդ է ըսուածը «Նոր պատարագ»ի երկայնքին, այն ատեն՝ այդ­տեղ հրամցուածը մնացորդի փիլիսոփա­յութիւն մըն է։ Հռչակուածը՝ մնացորդին սրբութիւնն է։ Առանց կրօնքի։ Բայց պա­տարագով։ Մեզմէ պահանջուածը՝ հասկնալ է, թէ ի՛նչ է «մնացորդ» ըլլալը, եւ ի մի­ջի այլոց՝ ի՛նչ կը նշանակէ խօսիլ լեզու մը որ կը մնայ։ Նշխարեալ լեզու մը։ Եւ եթէ «մնացորդ»ի գաղափարը կ’ենթադրէ անպայման մեսիականութիւն մը, մի՛ մտահո­գուիք, ա՛յն ալ պիտի գայ։ Եւ պիտի չըլլայ անշուշտ քրիստոնէական մեսիականու­թիւն մը։

վկայելու պահուն եւ վկայելու արարքով՝ բաժնուած ենք մենք մեզմէ։ Եթէ անժողով ժողովուրդին մասին է խօսքը, կը վկայէ միայն այն չափով եւ այն առումով՝ որ բաժնուած է, քանի որ ինքն իր մասին է որ կը վկայէ, ու ինքն իրե՛ն է որ կը վկայէ։ Կը վկայէ իր բաժանումով ինքն իրմէ։ Խօսողը, վկայողը, հաղորդողը, իր բաժանեալ էութեան մէջ կանգնողը ուրեմն մնացորդ մըն է, բառին Սուրբ Գրեանց իմաստով

  1. ՍՓՌՈՒՄ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

Այս բոլորը կարդալէ ետք, պիտի չզար­մանանք տեսնելով որ ապաքրիստոնէականացումի գործողութեան (եւ գործընթա­ցին) մէջ՝ սփռումը դեր մը կը խաղայ, թերեւս կեդրոնական, նոյնիսկ՝ էական դեր մը, եւ ո՛չ թէ միայն որովհետեւ հեղինակը Սփիւռքի բնակիչ է։ Սկիզբը՝ կրնանք այն տպաւորութիւնը կրել որ «սփռում»ը այս­տեղ փոխաբերական է։ Հոն ուր չկայ պատգամ, հոն ուր քրիստոնէական հէքիաթը փարատած է, կը մնայ մեր գոյավիճակը, «աքսորավայր»ի բնակիչներ ենք, «տիե­զերքն ամբողջ աքսորավայր ծայրէ ծայր» (էջ 389), ու նոյնիսկ երբ ատկէ անմիջա­պէս ետք՝ կ’ըսուի «միայն քիչ մը փխրուն աւազ եղունգին տակ Տէր Զօրէն», կրնանք խորհիլ որ նոյն փոխաբերութիւնն է, որ կը շարունակուի, քանի որ այդ փխրուն աւա­զին կամ անոր ներկայացուցած գոյավի­ճակին մասին ալ կ’ըսուի՝ «որպէս տիպար՝ սկզբնասերմ Սփիւռքին ու մարդկութեան» (էջ 390)։ Ամեն ինչ այդպէս կը սկսի, սկզբ­նական ցրուումով մը ու «Սփիւռք» բառը կրնայ այստեղ նորէն ցրուումը պատճառող պայթումին (բառը պիտի վերադառ­նայ ետքը, այս անգամ՝ գլխագիր) անունը եւ հետեւանքը ըլլալ։ Ուրեմն արդեօք մէկը միւսո՞վ պէտք է հասկնալ, նոյն «սկզբնա­սերմ» բառով, որուն քով դրուած են փո­խադարձաբար իրար փոխարինող Սփիւռք եւ մարդկութիւն։ Կ’ուզենք աւելին իմանալ, «շուտ ըրէ շո՛ւտ»։ Բայց ո՛չ, Արուեստագէտն է հոս բացայայտումին արագութիւնը ղեկավարողը, ու կ’որոշէ յամենալ, դանդաղիլ, մնալ սփիւռքեան փորձառութեան արահետներուն վրայ, ու մինչեւ իսկ օգնութեան կանչել նախորդ սերունդները, «թող գան մարդիկ պատգամները տան մեզի» (էջ 391, բայց 1985ի տարբերակին մէջ՝ եզակի է՝ «թող գան մարդիկ տան պատ­գամը»)։ Եւ ո՞վ են այդ մարդիկը, որոնք օգնութեան կը կանչուին այս ճամբուն վրայ, որ ուրեմն Սփիւռքի ինքնափորձընկալու­մին, կամ թերեւս նոյնիսկ ինքնագիտակ­ցառումին ճամբան է։ Ահաւասիկ՝ «բանաս­տեղծներ», որոնք «խօսքի ճամբայ կը բանային»։ Եւ քանի որ ճամբայ մըն է, այդ բանաստեղծներուն խօսքերը մէկ առ մէկ կը մէջբերուին որպէս ճամբուն վրայ «քայ­լեր»։ Ապշեցուցիչ պահ մըն է։ Բանաս­տեղծներուն անունները եւ մէջբերումնե­րուն յղումները տրուած են միայն վերջաւորութեան, վերնագիրով մը՝ «Բանալի՝ Աղէտէն դէպի նոր ժամանակները անցու­մի քերթուածներուն» (Կայաններ հատո­ւոնուն մի)։ Ահաւասիկ ուրեմն անունները՝ Զաւէն Սիւրմէլեան (Լոյս Զուարթ), Գէորգ Չէքիճեան (Աստղե­րուն տակ), Ահարոն Տատուրեան (Մագա­ղաթներ), Սարգիս Սահակեան (փոխ առ­նուած Յակոբ Օշականի 1942ին լոյս տեսած Հայ գրականութիւն հատորէն), Շա­ւարշ Նարդունի (Մենք հանդէսի էջերէն), Նիկողոս Սարաֆեան (Միջնաբերդ), Վահան Թէքէեան (Հայերգութիւն

Այս ցանկին մէջ՝ երկու անուններ յա­րաբերաբար քիչ ծանօթ են, կամ թերեւս ուղղակի անծանօթ։ ա) Սարգիս Սահակեան (1900 -1978) հեղինակն է երկու բա­նաստեղծական հատորներու. Ձորավանք (1936) եւ Բարձրաբերդ (1946), երկուքն ալ Գահիրէ տպուած։ Իր անունը մէկ անգամ յիշուած է Վահէ Օշականի կողմէ «Թեր­թեր ու կեանքեր» վերնագրով յօդուածին մէջ, եւ նոյնիսկ իրմէ մէջբերում մը կայ, 1946ի հատորէն առնուած (Ասպարէզ, 11 դեկտ. 1987)։ «Նոր պատարագ»ի մէջ մէջ­բերուած տողերը առնուած են «Այս արե­ւին տակ օտար» վերնագիրը կրող քերթուածէն,  լոյս տեսած Բարձրաբերդ հատորին մէջ (էջ 13)։ բ) Գէորգ Չէքիճեան (1897-1970), բնիկ Այնթապցի, Գահիրէ կ’ապրէր։ 1942ի հատորէն ետք, իրմէ լոյս տեսած է երկրորդ բանաստեղծական հա­տոր մը, Բարձունքն ի վեր, նոյնպէս 1946ին։ Իր մասին տխրունի մը կը կար­դանք Նոր Այնթապ թերթին մէջ (1971, թիւ 1, էջ 106)։ Հոն կ’ըսուի որ Յուսաբեր օրա­թերթին մօտ՝ վարչական պաշտօնեայ էր։ Իր 1942ի գիրքին մասին ունինք Եղիշէ Վ. Տէրտէրեանի գրախօսական մը (Սիոն ամսագիր, յունիս-յուլիս 1943, էջ 90)։ Վահէ Օշական կը խօսի իր մասին ու նոյնիսկ կը մէջբերէ զինք, Ասպարէզի մէջ լոյս տեսած իր «Գրական Քրոնիկներ» շարքին մէջ, «Հին ու նոր գիրքեր» յօդուածի արանքին (չորս թիւով՝ 27 նոյ.էն 10 դեկտ. 1986)։ Յօ­դուածը գրուած է Վահէ Վահեանի Հա­տընտիրի հրատարակութեան առիթով, որպէս գրախօսական։ Կը խօսուի այդտեղ «եղերերգական ջիղ»ի մը մասին, «որուն առաջին վաւերական վշտակոծ կոտտան­քը կը լսուի Սփիւռքի մէջ եգիպտահայ բանաստեղծ Գէորգ Չէքիճեանի Աստղերուն Տակ հատորէն, հրատարակուած 1942ին, հեղինակին զաւկին Ռոստոմին դառնա­ղէտ մահուան ազդեցութեան տակ»։ Նոյն գրախօսականին մէջ, քիչ մը անդին, կը գրէ Վահէ Վահեանին կողմէ Աստուծոյ ուղղուած բողոքին մասին՝ «աղօթողը ստի­պուած է, համոզումո՞վ կամ հարկադրան­քով՝ հայրացնել աստուած, նոյնանալ անոր հետ, այսպէսով մնալով մեր ազգային դա­րաւոր փորձառութեան հունին մէջ», եւ ան­միջապէս ետքը նորէն կ’անցնի Չէքիճեանին. «Այսքան տառապագին սակայն զուսպ դառնութիւն՝ իր կատարելութեան հասեր էր Գէորգ Չէքիճեանի քերթողութեան մէջ միայն, ուր զաւկի կսկիծը հօր սրտին մէջ կը հասնի մարդկային զգացու­մի բարձր մակարդակի, ազնուութեան», եւ կը մէջբերէ Չէքիճեանի «Աղօթք տառապանքի» քերթուածը, որմէ ահաւասիկ ա­ռաջին տունը՝ «Երախտապարտ եմ քեզի այն վիշտերուն համար խոր, / Զոր տըւիր ինձ, դեռ կու տաս եւ պիտի տաս տակա­ւին, / Մինչեւ ուղին վերջանայ, ըլլան օրերն այս անզօր՝ / Իրենց վըրայ կըրելու արե­ւէդ շող մը նըրբին…»։ Եւ նորէն նոյն յօդո­ւածին մէջ, Վահէ Վահեանէն կ’անցնի վերջապէս Թէքէեանին, յիշելով «Նոր պա­տարագ»ին մէջ մէջ բերուած տողերը. «Մարդ Վահան Թէքէեան պէտք էր ըլլար որ գիտնար թէ հայութիւնը, իր հոգեկան սրտաճմլիկ վիճակին մէջ իսկ՝ … վերակեն­դանանալու եւ տեւելու կարողութիւններով օժտուած է։ «Յարութեան շունչն է ահա» քերթուածը գրուած է 1918ին, ազգային ողբերգութեան ամենէն մռայլ շրջանին, բայց բանաստեղծը արդէն կը խօսի վերականգ­նումի մասին»։

Ինչո՞ւ այս մանրամասնութիւնները։ Կարծեմ՝ որովհետեւ վերակազմել կ’ուզէի մթնոլորտը որ կը տիրէ «Նոր պատա­րագ»ին մէջ ներուած հեղինակներու բա­նաստեղծական գործերէն ներս։ Քառա­սունական թուականներ, Միջին Արեւելք, իւրայատուկ Սփիւռք մըն էր կազմուածը։ Տարօրինակ է հետեւաբար այդտեղ ներ­կայութիւնը Ահարոնին, Մագաղաթներ հա­տորէն առնուած տողերով, ու մանաւանդ՝ Սարաֆեանի եւ Նարդունիի ներկայութիւ­նը, որոնց միջեւ գոյացած վէճը ի դէպ՝ ուրիշ Սփիւռք մը կը պատրաստէր։ Իսկ եթէ բանաստեղծներ են, Նարդունիին ներկայութիւնը տարօրինակ է, քանի որ իրմէ մէջբերուած է Մենք հանդէսի առաջին թիւին մէջ լոյս տեսած հանգանակային յօդուածէն տող մը ­(ի դէպ՝ մեծ հասարակ տեղիք մը), որ սակայն Վահէ Օշականի գրչին տակ վերածուեր է բանաստեղծու­թեան։ Չեմ մանրամասներ։ Բայց այն ատեն՝ միւս հեղինակներէն մէջբերուած­ներն ալ փոխադարձաբար պէտք է կար­դալ արդեօք որպէս հանգանակայի՞ն։ Բո­լորի պարագային՝ «աքսոր»ի բնանիւթն է շեշտուածը, նոյնիսկ Սարաֆեանի. «կեանք մը ցամքած, աքսոր մը մեծ»։

Այո, գիտենք, հայրենիքը սահեցաւ մեր ոտքերուն տակ։ Այստեղ յանկարծ աշխար­հի չորս ծագերը դիմող հայկական սփռու­մը կը դառնայ բանաստեղծի գրչին տակ՝ մանրադիր պատկերը ան հայրենիք մարդկութեան լայնատարած սփռումին։ Թելադ­րուած է ուրեմն, որ սփիւռքի բնակիչ ըլլա­լը կը նշանակէ պարզապէս մարդ ըլլալ եւ վերջին հաշուով՝ վկայել մարդկութեան համար եւ մարդկութեան մասին։ Ահաւա­սիկ քանի մը տող այդ ուղղութեամբ (էջ 412).

Նայէ՛ շուրջդ

մարդիկ ինչպէս կը քայքայուին

ժամի փշրանք կը փխրուին

կը տարտղնին կը տարածուին կը

լեցնեն անջրպետը

հսկայական Սփիւռքը փախուստ

մըն է Եղեռնի

Մեծ Պայթումէն աշխարհներու

ծնունդին…

Ու ա՛լ աւելի բացայայտ կերպով, վեր­ջաւորութեան, երբ այլեւս Արուեստագէտը հրաժեշտ կու տայ ժողովուրդին (հանդի­սատեսներո՞ւն), կը յորդորէ չմոռնալ «ահա­զանգ»ը, ու կ’աւելցնէ. «Ո՛վ Հայութիւն, / մանրանկար սկզբնատիպը մարդկութեան…» (էջ 417)։ Ուրեմն սկզբնական («սկզբնասերմ») Big Bang մը պէտք է երե­ւակայել, անհայրենիք մարդկութեան ծնունդ տուող Մեծ Պայթում մը, որուն մէկ պզտիկ տիպարն է հայութեան գլխուն հա­սածը, սփռումին ծնունդ տուողը։ Շատ լաւ։ Ենթադրենք։ Բայց այն ատեն՝ ո՞ւր անցաւ ժամանակի եւ պատմութեան ապաքրիս­տոնէականացումը, ո՞ւր մնաց «մնացորդ»ի կամ «նշխար»ի գաղափարը, ո՞ւր մնաց այդ գաղափարին կողմէ ենթադրուած մեսիականութիւնը։ Հոս կրկին ստիպուած ենք հարց տալու մենք մեզի՝ ինչպէ՞ս կարդալ այս «Մեծ Պայթում»ը, ինչպէ՞ս կարդալ այդ պատգամը որ վերջին հաշուով՝ կը բխի Վահէէն, Սփիւռքին ուղղուած, այդ պատ­գամը որ կ’ըսէ. «դուն ես պատգամը», դուն ես, քու տիպարային մարդկայնութեամբդ, պէտք է գլխուդ ճարը դուն նայիս, մոռնաս վերերէն իր Մեսիան ղրկած այդ չըլլալիք կրօնքը, շարունակես թափառիլ աշխարհի երեսին, ի խնդիր քու ճշմարտութեանդ։ Ինչպէ՞ս խուսափիլ այդքան պարզ ու հասկնալի ահաբեկչական ընթերցումէն։ Փաստօրէն՝ բան մը կայ տակաւին, որ կը վրիպի մեր ուշադրութենէն, «մանրանկար սկզբնատիպար»էն անդին բան մը։

  1. ԹՇՆԱՄԻՆ ՈՒ ՄԵՍԻԱՆ

Քիչ առաջ, մենք մեզի լրջօրէն հարց չտուինք թէ ինչո՛ւ Նարդունիին անունը տեղ գրաւած էր բանաստեղծներու շար­քին մէջ, եւ մեր կարգին չանդրադարձանք Նարդունիէն մէջբերուած տողերուն։ Ահա­ւասիկ. «Մենք, հողէ զրկուած երիտա­սարդներ, կ’ուզենք արուեստի հողին վրայ բարձրացնել մեր ժողովուրդը»։ Հասարակ տեղիք մը ըլլալէ անդին, այս տողերը կը վերակոչեն արուեստը, անոր բացառիկ դեր մը կու տան յանկարծ, ինքնացնող դեր մը։  

Եւ քանի որ «Նոր պատարագ»ին մէկ ծայրէն միւսը՝ Արուեստագէտ կոչուածն է, որ կ’որոշէ միջամտութիւններու կշռոյթը, պահ մը կեդրոնանաք այդ կերպարին վրայ, զայն ուրիշ կերպարի մը կողքը դնե­լով, այս մէկը՝ աւելի խորհրդաւոր, որուն խօսքը չեղաւ մինչեւ հիմա, այսինքն՝ «Միս­թիքը» կոչուածին, «ցնորքներու պլլուած խենթ տենդահար միսթիք»ին (էջ 393)։ Առաջին տարբերակին մէջ՝ այս մէկը ծա­նօթ էր որպէս «ճգնաւոր»։ Յայտնօրէն «Արուեստագէտ»ը եւ այս ճգնաւոր «Միս­թիք»ը անհաշտ կերպարներ են։ «Մի վերցնէք ընկալուչը Միսթիքին… / թող հա­ւատքի հակասութեանց մամլակին մէջ ճզմուի … / մենք գործ չունինք իր հետ», ըսողը Արուեստագէտն է (էջ 3967)։ Դժկամու­թեամբ կ’ընդունի անոր բեմ գալը։ Գիտէ անոր մօտիկութիւնը մարդոց հետ, ինչ որ ալ ըլլան հաւատքին «հակասութիւններ»ը։ Կորսուած է թերեւս ուրիշ իրականութեան մը ցնորքին մէջ, բայց մօտիկ է մարդկու­թեան, անոր ակնկալութիւններուն։ Ուրեմն ի՛նքը՝ Արուեստագէտը ճիշտ հակառակն է։ Կ’ուզէ ըլլալ մարդոց հետ, մարդոց մէջ, բայց խորքին մէջ՝ անոնց թշնամին է։ Ու իր վերջին խօսքին մէջ, այլեւս ճարահատ, միւս բոլոր ճշմարտութիւնները բանաձեւե­լէ ետքը, կ’ըսէ ինքն ի՛ր ճշմարտութիւնը. «ես եկած եմ ահազանգը հնչեցնել / … ես եմ միակ ձեր թշնամին ու Մեսիան» (էջ 415)։ Ճակատագրական յայտարարութիւն, որուն տուեալներն ու նախադրեալները պէտք է հասկնանք անպայման։ Չմոռ­նանք՝ Արուեստագէտն է խօսողը։ Յայտա­րարութիւնը կ’ըսէ, որ ինքը՝ Արուեստագէտը նաեւ ինքնիր թշնամին է,այսինքն՝ կ’աւետէ արուեստին շիջումը։ Եւ եթէ թշ­նամութիւն կայ, վտանգ մը կայ, կը սպառ­նայ։ Ահազանգ հնչեցնելը գիտակցութիւն արթնցնելու հարց մը չէ միայն։ Վտանգը ներկայ դարձնել է։ Վտանգը մեր վրայ հրաւիրել է։

«Նոր պատարագ»ի երկայնքին, ասկէ առաջ մէկ անգամ կ’երեւի «թշնամի» բա­ռը, այն պահուն՝ երբ քրիստոնէական աս­տուծոյ կ’ուղղուի Արուեստագէտը, եր­կընտրանքի մը առջեւ կը դնէ զինք. «կամ կը միանաս մարդկութեան / … կամ ալ անհետ կը կորսուիս մեր աշխարհէն», ու բացայայտ կը դարձնէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ «միանալ». «կը դաշնակցիս մեզի հետ ընդդէմ Անոր՝ / որ Բացարձակ Անծանօթն է ու Բացարձակ Օրէնքը / եւ ուրեմն Թշնամին» (էջ 394)։ Վերը կարդացեր էինք այդ մեծատառ Բացարձակին մասին ըսուածը, բայց չէինք կարդացած տակա­ւին Թշնամին։ Այդ տեղ խօսքը տիեզերա­կան աստուծոյ մասին էր, որուն դէմ ան­շուշտ ո՛չ մէկ միջոց ունինք պաշտպանուելու։ Արուեստ կոչուածը խնդրոյ առար­կայ չէր այդ խօսքին մէջ, հետեւաբար պի­տի չկարենանք ատկէ օգտուիլ, գոնէ ո՛չ անմիջականօրէն։ Բայց հիմա վարժուած ենք։ Այդ նախադասութիւնը՝ «ես եմ միակ ձեր թշնամին ու Մեսիան» Վահէին ձեռ­քով գրուած է, բայց ինքը պիտի չօգնէ մե­զի զայն հասկնալու համար։ Երկու աստո­ւածներուն միջեւ իր երթուդարձը կ’արգիլէ որեւէ փախուստ ահաբեկչական մեկնա­բանութենէն։ Եւ սակայն գրուած է այդ

Ահազանգ հնչեցնելը գիտակցութիւն արթնցնելու հարց մը չէ միայն։ Վտանգը ներկայ դարձնելէ։ Վտանգը մեր վրայ հրաւիրել է ։

նախադասութիւնը, ուր թշնամին ու Մեսիան կողք կողքի են, ու վերագրուած են Արուեստագէտին։ Պէտք է ուրեմն կարդանք զայն ահաբեկչական մեկնաբանու­թենէն ձերբազատուելով (եւ անշուշտ՝ անկէ ձերբազատուելու համար)։ Պահ մը հեռանալով Վահէէն։ Վերը ըսի՝ «ահազանգ»ը (եւ ուրեմն արուեստը, քանի որ ու­րիշ բան չէ արուեստը) վտանգէն զգուշացնողը չէ՛ միայն, զայն հրաւիրողն է մեր վրայ։ Ընթերցողը կը յիշէ՞ արդեօք Քաֆ­քայի Ժոզեֆինան, այդ արուեստագիտու­հին որուն շուրջ կը հաւաքուէր մուկերու ժո­ղովուրդը, երբ ան կը պատրաստուէր երգելու, եւ որուն «արուեստ»ին ընդմէջէն նոյն այդ ժողովուրդը կը փորձընկալէր իր հաւաքուած ըլլալը, արուեստի հողին վրայ կը բարձրանար որպէս ժողովուրդ, պիտի ըսէր Նարդունի, որպէս ժողվուած3։ Բայց նոյն այդ հաւաքոյթները, այդ «համերգ­ներ»ը, մեծագոյն վտանգի պահերն էին նաեւ, այն պահերն էին՝ երբ թշնամին կրնար յարձակիլ իրենց վրայ ու ոչնչացնել զիրենք։ Ժոզեֆինան ի՛նք միշտ կ’ազատէր վտանգէն, արագ մը՝ բեմէն դուրս կը սպըր­դէր։ Բայց վտանգը հրաւիրած էր իր շուր­ջը հաւաքուածներուն վրայ։ Իր արուեստն էր վտանգը հրաւիրողը։ Թշնամին էր ինք, ըստ էութեան։ Եւ Մեսիան էր նաեւ, քանի որ ա՛յդ էր իր յաւակնութիւնը, այդ ժողո­վուրդին «փրկիչ»ը ըլլալու յաւակնութիւն. մուկերու ժողովուրդը իր արուեստի «հողին վրայ» կը բարձրանար որպէս ժողո­վուրդ։ Վերջաւորութեան՝ արուեստագէտը ցտեսութիւն կ’ըսէ ժողովուրդին, բեմը կը փակէ, թատրոնը կը վերջանայ, արուես­տը վերջ կը գտնէ, լքուած ենք մենք մեզի։ Եւ քանի որ եղածը բեմ մըն էր միայն, քա­նի որ արուեստագիտուհիին երգը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ մեր առօրեայ լեզուն, քանի որ մեզի կը մնայ այսօր այդ լեզուն միայն, լեզուն որպէս մնացորդ, այսօր մեր սփիւռ­քեան պայմաններուն մէջ՝ մեր այդ նշխա­րեալ լեզուին ընդմէջէն կը հնչէ բարձրագոյն վտանգի պահը: Մնացորդը, լեզուն որպէս մնացորդ ու նշխարեալ, կը հնչեցնէ վերջաւորութիւնը ներկային մէջ: Ա՝յդ է մեսիականը, հեռու՝ քրիստոնէական հեքիաթէն: Հեռու մանաւանդ՝ պատմական ժամանակին մէջ արձանագրուած ­­­­Մեսայի առաջին կամ երկրորդ գալուստի առասպելներէն: Ահա՛ ինչ կը նշանակէ ժամանակի եւ պատմութեան ապաքրիստոնէականացումը, Վահէ Օշականի «Նոր պատարագ» յորջորջուած թատերականացած խօսքին  յեղափոխական ­(եւ ո՛չ թէ ահաբեկչական) ընթերցումով: Եւ ինչո՞ւ «թշնամի»ն եւ «Մեսիա»ն քով քովի պէտք է դրուէին ու մէկ շունչով արտասանուէին: Որովհետեւ մէկը յղանալի չէ առանց միւսին: Մեսիական ժամանակը վախճանին ժամանակպ է, ներկային մէջ կը բերէ թշնամիին անունով առկախ եւ առկայ վտանգը: Ջորջօ Ագամբէն պիտի ըսէր՝ «վերջաւորութեան ժամանակ»ն է, ո՛չ թէ «ժամանակի վերջաւորութիւնը»4: Ամբողջ դժուարութիւնը անշուշտ հասկնալ է, թէ ինչպէս վախճանը կրնայ տեղաւորուիլ, ապրուիլ, խօսիլ, ­ լեզու ու ժամանակ դառնալ, վերարրող լեզու եւ մնացորդ ժամանակ, մեր ներ­կային մէջ եւ ո՛չ թէ երեւակայական աշ­խարհներու մէջ։ Թէ ինչպէ՛ս կրնայ ճեղքել պատմական ժամանակը, տեղ բանալ ա­նոր մէջ ինքն իրեն համար։ Քրիստոնէու­թիւնն ալ, ի վերջոյ, այդ երկուքը միշտ մի­ասին մտածած է (բայց պատահարը ղրկելով ժամանակներու վերջաւորութեան), քա­նի որ Մեսիային երկրորդ գալուստը կա­րելի չէ մտածել առանց Դերաքրիստոսի, կործանող ուժի միջամտութեան։ Վահէ Օշականի «Նոր պատարագ»ին անսպա­սելի սխրանքը՝ այդ երկուքին նոյն շունչով արտասանուիլը եղած է, ու այդ համաշունչ արտասանութիւնը առնչել արուեստին, այ­սինքն նաեւ թատերականացման միջոցաւ՝ արուեստի շիջումին։

մեր առօրեայ լեզուն, քանի որ մեզի կը մնայ այսօր այդ լեզուն միայն, լեզուն որպէս մնացորդ, այսօր մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ՝ մեր այդ նշխարեալ լեզուին ընդմէջէն կը հնչէ բարձրագոյն վտանգի պահը։ Մնացորդը, լեզուն որպէս մնացորդ ու նշխարեալ, կը հնչեցնէ վերջաւորութիւնը ներկային մէջ։

1 Paul Veyne, Les Grecs ontils cru à leurs mythes?, Seuil, 1983։ Գիրքը ունի ենթախորագիր մը՝ «Essai sur l’imagination constituante» [Փորձագրութիւն կազմա­ւորիչ երեւակայութեան մասին]։ Բազմիցս վերատ­պուած է այս գիրքը, վերջին անգամ՝ 2014ին։

2 Այս մասին տե՛ս ի միջի այլոց Ջորջօ Ագամբէնի 2002ի գիրքը՝ Il tempo che resta, հայերէն մեր թարգ­մանութեամբ՝ Ժամանակը որ կը մնայ (ենթախորա­գիր՝ «Թուղթ առ Հռոմայեցիսի պարզաբանում»), ԿԱՄ փիլիսոփայական գրադարան, Երեւան, 2024, եւ հոն մասնաւորաբար 3րդ գլուխին մէջ՝ «Մնա­ցորդք» ենթաբաժանումը։

3 Ընթերցողը կը յղեմ իմ նոր լոյս տեսած գիրքիս՝ Գե­ղագիտական ազգայնականութիւն, Արաս, ԿԱՄ մատենաշար, Իսթամպուլ, 2025, որուն վերջին գլուխը աւելի հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ Քաֆքայի «Ժոզեֆինա երգչուհին, կամ մուկերու ժողովուրդը» վիպակին, եւ որուն վերջաւորութեան, յաւելուածա­կան բաժինով մը, հրամցուած է Քաֆքայի վիպակին հայերէն լման թարգմանութիւնը։ Կ’արժէ յիշեցնել, որ «Ժոզեֆինա»ն Քաֆքայի ձեռքէն ելած ամենա­վերջին արտադրութիւնն է։

4 Տե՛ս վերը յիշուած Ժամանակը որ կը մնայ գիրքը, էջ 98։ Բայց Ագամբէն նոյն նիւթերուն մօտեցաւ վերստին 2024ին լոյս տեսած իր վերջընթեր գիրքով, այս մէկը կոչուած La lingua che resta, այսինքն՝ «Լե­զուն որ կը մնայ», որուն մէջ ծայրէն կը բացատրէ քրիստոնէական պատմականացումը խնդրականաց­նելու անհրաժեշտութիւնը, ու նորէն երկարօրէն կը յամենայ (նախորդ գիրքերուն մէջ արդէն իսկ երեւ­ցող ու գործածուող տուեալներով) «նշխարեալ լե­զու»ի խնդրին շուրջ: