Կոստան Զարեան երկարամեայ աշխատակից եղած է Հայրենիք ամսագրին, ուր 1926-1955 թուականներուն (1939-1946 եւ 1950-1954 տարիներուն բացառութեամբ) հրատարակած է Անցորդը եւ իր ճամբան, Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները, Երկիրներ եւ աստուածներ, Քաղաքներ, Արեւմուտք, նուազ ծաւալուն ուղեգրութիւններն ու պատմուածքները, ինչպէս եւ բանաստեղծութիւններ։ Ամսագրին մէջ հրատարակուած Տատրագոմի հարսը միաժամանակ վերածուած է հատորի։
Այդ աշխատակցութիւնը ետին պէտք է գտնուէր նոյնքան ծաւալուն թղթակցութիւն մը, որուն առաջին փաստը լոյսի բերած էինք 2003ին հրապարակելով Հայրենիք ամսագրի եւ օրաթերթի խմբագիր Ռուբէն Դարբինեանի 1926-1950ին գրած նամակները1։ Հոկտեմբեր 2024ին, առիթը ունեցանք ուսումնասիրելու ամսագրի դեռեւս անմշակ թղթածրարը, որ ընդգրկուած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան արխիւին մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) եւ հիմնականին կը բաղկանայ 1945-1960 թուականներուն գրուած նամակներէ (1930ական թուականներու վերաբերեալ նիւթերը հազուադէպ են)։ 1920-1930ական թուականներու նիւթերու կորուստը թերեւս կապուած ըլլայ Հայրենիքի Պոստոնի երբեմնի շէնքի հրդեհին հետ (30 սեպտեմբեր 1938)։ 1950էն առաջ Զարեանի գրած նամակներն ալ չկան եւ պէտք է համարել կորսուած։
1962-1964ին, Դարբինեան հրատարակած էր աշխատակիցներու նամակները2։ Հասկնալի պատճառներով, Երեւան հաստատուած եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հանդէպ անբարեացակամ դիրք որդեգրած Զարեանի նամակները չկային այդ շարքին մէջ3։ Ի դէպ, այդ հրապարակումի բնագիրներն ալ անյայտ են։
Ամսագրի թղթածրարին ներկայիս մաս կը կազմեն Զարեանէն վեց նամակներ, որոնցմէ առաջինը Իտալիայէն գրուած է 1950ին, իսկ մնացեալները՝ Գալիֆորնիայէն, 1959-1960ին։ Բոլոր նամակները մեքենագիր են եւ լոյս կը տեսնեն նոյնութեամբ, խմբագրական մանր միջամտութիւններով։
Դարբինեան առողջական պատճառներով Գալիֆորնիա գտնուած է 20 դեկտեմբեր 1958էն մինչեւ 6 մարտ 1959 եւ Զարեանին այցելած է Սան Ֆրանսիսքօ եղած միջոցին։
Ասպարէզի թղթակիցը տեղեկագրած է հետեւեալը.
«Ընկ. Ռ. Դարբինեան լսած էր որ հայ գրականութեան տիտանը եւ «Հայրենիք» ամսագրի երկարամեայ աշխատակից Կոստան Զարեան մօտ երկու ամիս առաջ Եւրոպայէն Ամերիկա եկած է եւ իր կնոջ հետ հաստատուած է Պըրքլի։ Հետաքրքրուելով յաջողեցանք իր հասցէն եւ հեռախօսի թիւը գտնել, եւ նախապէս ժամադրուելով, ընկ. Դարբինեան տողերս գրողին եւ Պ. Արմէն Պարտիզեանի հետ Փետր. 19ին այցելեցինք Կ. Զարեանին եւ մի քանի ժամ շատ հետաքրքրական եւ հաճելի տեսակցութիւն ունեցանք իրեն հետ։
Պրն. Կոստան Զարեան շատ առողջ եւ կենսունակ երեւոյթ մը ունէր։ Խօսակցութեանց ընթացքին պարզուեցաւ թէ ան վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին շարունակ աշխատած է հայ դիւցազներգութեան, դիցաբանութեան եւ այլ պատմական նիւթերու շուրջ եւ հոյակապ գործեր արտադրած է։ Երանի շուտով լոյս տեսնէին այդ գործերը, որպէսզի հայ ժողովուրդը վայելէր իր գրչի անգերազանց արտադրութիւնները ինչպէս էին՝ Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները, Երկիրներ եւ աստուածները, Նաւը լերան վրայ, Տատրագոմի հարսը, եւ բազմաթիւ ուրիշ գործեր»4։
Զարեանի 1959-1960 թուականներու նամակները կ’անդրադառնան անոր դիւցազնավէպերու գիրքի հրատարակութեան հարցին։ Հատորը ի վերջոյ լոյս տեսած է 1978ին, գրեթէ երկու տասնամեակներու ոդիսականէ մը ետք5։ Տասնամեակ մը ետք, Գրիգոր Պըլտեան դիտել տուած էր, որ դիւցազներգութեամբ ազգային ենթահող ստեղծելու գեղարուեստական սկզբունքը, զոր Վենետիկի Մխիթարեանները փոխ առած էին եւրոպական գրականութենէն (հմմտ. Հ. Արսէն Բագրատունիի Հայկ Դիւցազնը), անոնց գրական ժառանգորդ Դանիէլ Վարուժանի ձեռամբ նոր կեանք զգեցած է Ի. դարու սկիզբը։ Միւս կողմէ Զարեան «դիւթանքին մէջն է դիւցազներգութեան». «Մեհեանի մէջ, Զարեան կ’ուզէր աղաղակել «նոր Առասպելը», իսկ 60 տարի վերջ, կը փնտռէ նախկին վիպասանութիւնը եւ կը փորձէ զայն մարմնաւորել»6։
Դեկտեմբեր 1922 – յունիս 1924 Հայաստան կեցութիւնը Զարեանին պարգեւած է գրական լիցքաւորում մը, որ կայուն գետնի վրայ պիտի դնէր նախորդ որոնումները։ Ըստ վարկածի մը, «Հայաստանից մեկնելուց ի վեր որոշակի, միակ եւ գերագոյն սկըզբունք է դառնում Կոստան Զարեանի ստեղծագործութեան համար՝ որոնել, գտնել հայ էութեան բանալին, ստեղծագործութեան ազգային լեզուն եւ ոճը, գնալ դէպի ազգային ոգու բարձրագոյն դրսեւորումը, խօսելու այն կերպը, որ տանում է դէպի անխառն-անեղծ հայկականութիւնը»7։ Սակայն, «որոշակի, միակ եւ գերագոյն սկզբունք»ը ծնունդ առած էր 1913ի վերջերուն, երբ Մեհեանի խումբի անդամներուն ստորագրած հանգանակը (ըստ Զարեանի՝ իր իսկ կողմէ հեղինակուած) «հայ հոգի»ի որոնումին շուրջ կը դառնար։ Հետեւաբար, Զարեանի այդ փնտռտուքը ծայր առած էր Հայաստան ոտք դնելէ տարիներ առաջ, եւ պատահական չէ, որ 1916ին Իտալիայէն Գարեգին Լեւոնեանին ուղղուած նամակի մը մէջ գրսծ է. «Ու այժմ զբաղւած եմ պատրաստութեամբ բանաստեղծութիւնների մի հատորի եւ մի պօեմայով հայկական պատմական առասպելներից վերցրած»8։ Պատասխաններ չունինք, սակայն, այնպիսի հարցումներու, ինչպէս թէ ի՞նչ էր այդ «պօեմա»ն եւ ի՞նչ մնացած է անկէ։
Ներկայ թղթածրարի վերջին՝ 6 փետրուար 1960ի նամակը, կը պարզէ, թէ Բիւզանդ Կռանեան՝ Գալիֆորնիոյ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան օրուան գործավարը, նոյն օրերուն Զարեանին տուած իր այցելութեան ժամանակ առաջարկած էր արդէն պատրաստ Դիւցազնավէպերի գիրք հատորին հրատարակութիւնը, որ պիտի կատարուէր «Հայրենիք» տպարանին մէջ։ Այդ պատճառով, «Առաջաերգ»ը լոյս տեսած չէ Հայրենիք ամսագրին մէջ։ Նամակին հնարաւոր արձագանգը կը գտնենք երեք շաբաթ ետք լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, որ արձանագրած է. «Կոստան Զարեանի մասին, օրինակ, տեղեկանում ենք, որ արդէն պատրաստել է եւ շուտով հրատարակութեան պիտի տայ իր մեծագոյն գործը, նուիրուած Արմէն ժողովուրդի առեղծուածային անցեալին ու նրա դերին ու բաժնին համամարդկային մշակոյթի մէջ»9։
Կռանեան իր այցելութեան մասին գրած է, բայց խօսած է բնագրին անաւարտ ըլլալուն եւ հրատարակիչի անհրաժեշտութեան մասին.
«Կը հետաքրքրուիմ իր նոր գործով։ Այնքան լսած ենք այդ մասին։ Կ’ոգեւորուի։ Մեքենագիր էջերը սեղանին վրայ են։
— Աւարտա՞ծ էք։
— Քիչ է մնացել։ Վերջին…
Կը թղթատէ էջերը։
— Հազիւ մի հարիւր, հարիւր քսան էջ։
— Ի՞նչ է նիւթը։
Ուսերը կը թօթուէ։
— Առասպելների Գիրքը…
(…)
Որքան կը տեսնեմ քերթուած է գիրքը։ Այլ կերպ ալ չէր կրնար ըլլալ, անշուշտ։
— Հրատարակութեան մասին…
— Հիմա այդ է։
Ինչ թշուառութիւն, կը մտածեմ, Ողիմպոսի վրայ նստած հայ գրականութեան այս հսկան ճգներ է, պեղեր է հոգին, երկներ է երկը եւ հիմա… Պարզ հրատարակութեան իսկ ապահովութիւնը չունի։
(…)
Հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկը, որուն ամբողջ կեանքը նուիրուած է Հայ հոգիի թափանցումին, երկնած է նոր կոթող մը եւս՝ այդ նոյն Հայ հոգիին փառքին համար եւ կը սպասէ, որ հրատարակուի իր գիրքը…» 10։
Նոյնպէս Պըրքլի հաստատուած՝ Երեւանի համալսարանի Զարեանի նախկին աշակերտներէն մէկը մարտ 1960ին պնդած է, որ «Պրն. 6 Զարեան շուտով վերջացնելու էիր « Հայ Դիւցազնավէպեր»ը, ինը հարիւր էջերից բաղկացած»11։ 16 յուլիսին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին տեսակցութիւն մը ունեցած է Զարեանի հետ Սան Ֆրանսիսկոյի հիւրանոցի իր սենեակին մէջ։ Մամլոյ ընդարձակ թղթակցութիւնը լռութեամբ անցած է12, բայց անոր տեղեկատուութիւնը երեւցած է Էջմիածին ամսագրին մէջ. «Վեհափառ Հայրապետը կէսօրին նորից բարեհաճում է ընդունել առանձին ազգայինների եւ մտաւորականների, որոնց թւում նաեւ գրագէտ պր. Կոստան Զարեանին»13։
Այնուհետեւ գրողը իր իտալաբնակ որդիին՝ Արմէն Զարեանին գրած է, թէ մտադրած էր հատորը կաթողիկոսին ղրկել նոյեմբերին14։ Սակայն, ի վերջոյ զայն իր հետ տարած է Հայաստան յունիս 1961ի այցելութեան ժամանակ15։
1961ի սկիզբներուն, Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը կազմակերպած է մեծարանքի ճաշկերոյթ մը ի պատիւ Զարեանին։ Յայտարարութիւնը, որ կը ներկայացնէր օրուան յայտագիրը, նաեւ ընդգծած է. «Կոստան Զարեանը Հայոց բազմադարեան մշակոյթին տեւական փառքերէն է։ Հայ մտաւորականներ, գրողներ եւ հասարակութիւն, որոնք հեռու են եւ պիտի չկրնան ներկայ գտնուիլ յիշատակելի երեկոյթին, կրնան իրենց հիացումն ու յարգանքը յայտնել մամուլով ու նամակներով»16։ Հայրենիք օրաթերթը արտատպած է յայտարարութիւնը եւ յաջորդ օրը իր առաջին էջը տրամադրած է գրագէտին, հրատարակելով Կռանեանի տեսակցութիւնը, Զարեանի «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը17, Երուանդ Ֆնտգեանէն18, Համաստեղէն19 եւ Արամ Հայկազէն20 յօդուածներ, ինչպէս եւ Անցորդը եւ իր ճամբան գործէն հատուած մը, որ շարունակուած է քանի մը յաջորդական թիւերով։ Էջը նկարազարդուած էր Զարեանի լուտսանկարով, որ առնուած էր Պէյրութի մէջ։ Մեծարանքը տեղի ունեցած է 19 փետրուարին։ Գեղարուեստական յայտագրի կողքին, խօսք առած են Էլլեն Բիւզանդ եւ Բիւզանդ Կռանեան։ Զարմանալիօրէն, Զարեան խօսք առած չէ21։ Իր ճառին մէջ, Կռանեան յայտնած է, թէ «դեռ իր երգը լրացուցած չէ բանաստեղծը։ Անտիպ երկեր ունի, որոնք շուտով կը տպուին»22։
Ասպարէզի 1959-1961ի թիւերը չկան Հայաստանի Ազգային Գրադարանի թուային հաւաքածոյին մէջ, բայց տրամաբանական է, որ Զարեան առաջին անգամ հոն հրատարակած ըլլայ 1959ին գրած «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը եւ վիպերգերէն հատուածներ։ Հայրենիք, մեր կարծիքով, Ասպարէզէն նաեւ արտատպած է Կռանեանի եւ Ֆնտգեանի գրութիւնները, ինչպէս եւ Զարեանի մեծարանքին վերաբերող տեղեկատւութիւնը։
Ապրիլ 1961ին, Նայիրի շաբաթաթերթը Հայրենիքէն արտատպած է, առանց աղբիւրի յիշատակութեան, Կռանեանի տեսակցութիւնը23, Համաստեղի յօդուածը24 եւ «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը25։ Անոնց կցած է «ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐՈՒ անտիպ գիրքէն» առնուած Զարեանի «Տիգրան Մեծի Թուելեաց երգից»էն հատուածը26, որ վերջերս յարուցած է հետեւեալ հարցը. «Ի՞նչ ճանապարհով է 1961 թուականին գրքի ձեռագիրը (կամ այս հատուածը) հասել Անդրանիկ Ծառուկեանին, դժուար է ասել»27։ Բնականաբար, խօսք չի կրնար ըլլալ գիրքի ձեռագրին մասին, բայց նկատի ունենալով, որ միւս երեք նիւթերը եւ լուսանկարը արտատպուած էին Հայրենիքէն, պէտք է ենթադրել, որ վերոյիշեալ հատուածը եւս արտատպում մըն էր (ուղղակի Ասպարէզէն) եւ ո՛չ թէ յատուկ աշխատակցութիւն մը։
Յաջորդ շաբաթներուն, Զարեանի «Վահագնի երգը» վիպերգին մէկ հատուածը արտատպուած է Ալիքի եւ Արմենիայի մէջ28։ Յուլիս 1961ին նոյն հատուածը նաեւ տեղ գտած է Սփիւռքի մէջ, որ Զարեանէն չորս գործ լոյս ընծայած է «Առասպելների գիրքը
(հատուածներ)» խորագրին տակ, որոնցմէ միայն երեքը անոր կը պատկանէին. «Վահագնի երգը», «Տիգրան Մեծի թուելեաց երգերից» եւ «Հատուած Աժդահակի եւ Տիգրանի կռիւից»։ «Եթէ «բանաստեղծութիւնը կապ չունէր անտիպ գիրքին հետ29։
Սկզբնապէս, Զարեանի նամակներու թղթածրարին մաս կազմած էր եօթներորդ նամակ մը, գրուած՝ 2 փետրուար 1960ին, զոր գրականագէտ Խաչիկ Թէօլէօլեան գտած էր հօր՝ Հայրենիք օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի թուղթերուն մէջ, եւ մեզի յանձնած30։ Մ. Թէօլէօլեան նամակն ու անոր կցուած Զարեանի «Առաջաերգ» վիպերգի 22 էջնոց մեքենագիր բնագիրը յայտնաբերած էր Դարբինեանի օրերէն մնացած «կարգ մը ձեռագիրներու մէջ, որոնք առաւելապէս չհրատարակուած գրութիւններ են», եւ 1974-ին վիպերգի չորրորդ եւ եօթներորդ մասերը լոյս ընծայած՝ օրաթերթին մէջ։ Առաջին հրապարակումին ծանօթութիւնը վիպերգը յիշած է իբրեւ յառաջաբան «Դիցավէպերի գիրք»ի31, որ երկրորդին մէջ դարձած է «Դիւցազնավէպերի գիրք»32։ Չորս տարի ետք, հատորը լոյս պիտի տեսնէր իր բուն խորագրով՝ Գիրք դիւցազներգութեանց։
Ա.
8-5-50
Ֆօրիօ
Սիրելի Դարբինեան,
Ուրախ եմ որ լաւ էք։ Երբեմն երբեմն հիւանդանալն էլ օգնում է ապրելու։ Թէ չէ միշտ նոյն առողջութի նը. դա էլ կեա՞նք է եղբայր… Լաւ է նաեւ, որ լաւատես էք էս աշխարհի ընդհանուր վիճակի մասին։ Այստեղ, Եւրոպայում, ամէն բան չափազանցում են, նախ որովհետեւ՝ լիմոնի նման քամւած են եւ ապրում են ուրւականներով։ Վստահ եղէք, որ եթէ վաղը մի բան պատահի՝ մի հոգի իսկ չի գտնւի որ կռւի։ Իրենց ամբողջ մտահոգութիւնն է առայժմ ինչքան կարելի շատ դրամ քաշել Ամերիկայից33։ Դրամը առնում են եւ հայհոյում։ Ամերիկան խօմ դրամը որ տալիս է՝ պէտք է իրեն նպաստւած համարի։ Եթէ լայաղ են անում34 եւ ընդունում[,] պատճառը այն է, որ չեն ուզում Ամերիկայի սիրտը կոտրել… Իմ ա՛րեւ։
Դրամը վերջապէս ստացայ։ Եթէ չեմ սխալւում մեր Արմէն Վահէն35 վեց ամիս դրաւ այդ հօնօրարը36 վճարելու համար։ Լաւ է ուշ քան երբէք։
Այս վայրկեանիս «Հայրենիք»ին ղրկելիք բան չունեմ։ Ճիշտը ասած, այս վերջին փորձից յետոյ37 այլեւս սարսափում եմ բան ղրկելու։ Ինչպէս երեւում է ձեր մէջ կան մարդիկ որոնք կարծում են որ ինձ կարող են վնասել սխալներ բաց թողնելով եւ աղաւաղելով գրւածքներս։ Չնայած տարիներ շարունակւող այդ խաղին՝ ես դեռ ողջ եմ[,] իսկ իրենք այն են ինչ որ են – չգոյ։
Ինչ որ է, երբ մի բան ունենամ ձեռքիս տակ՝ աշխատեմ ղրկել38։
Դէ, ողջ եւ առողջ եղէք։ Բարեւեցէք Արմէն Վահէին39։
Կ. ԶԱՐԵԱՆ
Բ.
20-4-59
Սիրելի Դարբինեան,
Շնորհակալ եմ ձեր նամակի համար։ Վերջը վերջով կարեւոր չէ թէ եղե՞լ է շրջաբերական թէ չի եղել։ Դուք շատ լաւ գիտէք, որ մեր գրական միջավայրը եւ մանաւանդ Պարիզաբնակները տառապում են զգայական հիւանդութիւնից եւ ամէն ինչ կլինիկային40 բնոյթ է կրում։ Նաեւ գիտէք, որ պաշտօնական շրջաբերականի պէտք չկայ վնասելու համար։ Օրինակի համար Բէյրութը լքելու վերջին օրերին41 Պր. Վահէ Սէթեա նը42 վազնիվազ եկաւ եւ խնդրեց որ պայմանագրութիւն ստորագրեմ իմ «Ամբողջական Գործեր»ս հրատարակելու համար43։ Երկու հատորի ձեռագիրները ղրկեցի, բայց ահա քանի տարիներ են անցել եւ հրատարակութեան չեն ուզում ձեռնարկել44։ Ասում են Պարիզի դաշնակցական շրջանները ճնշում են բանեցրել եւայլն։ Կրկնում եմ, այդ կարեւոր չէ։ Մեր միջավայրը ա՛յն է ինչ որ է եւ դուք ազգային գործերում բաւականի եփւած էք այդ ամէնը լաւ հասկանալու համար։
Ղրկում եմ ձեզ Լոնտոնի «ՊօէտրիՐըվիւ»ի45 մէջ ժամանակին երեւցած իմ մասին մի գրւածք46, որ երբէք հայ թերթերին չեմ հաղորդած։ Ղրկում եմ ձեզ պարզ հետաքրքրութեան համար, որով հեղինակը47 այժմ Ամերիկայում մեծ ժողովրդականութիւն է վայելում իր վէպերով48։ Եթէ ժամանակ ունենամ, կղրկեմ իմ անգլիերէն բանաստեղծութիւններից մի երկուսը, որ անցեալ օր այստեղի ռադիօկայանում արձանագրեցին, հե[ռ]արձակելու համար երկրորդ եւ երրորդ տեսակցութիւններից յետոյ։
Հայերից, նրանք որ եկած են ինձ այցելելու սիրով ընդունած եմ եւ պատասխանած եմ նրանց հրաւէրներին։ Սակայն, ժողովրդի առջեւ թամաշայի49 համար ճառ ասելու եւայլն՝ սէր չունեմ եւ ամէն տեղ էլ մերժած եմ։
Թափով, ինչպէս միշտ, աշխատում եմ [ծ]րագրած գործերիս վրայ։ Ո՞ւր էր մէկը գտնւէր այդ գործերը հրատարակելու համար։ Երկու տարի առաջ, Վիեննայում մեր հռչակաւոր Աստղագէտ Համբարձումեանը50 պն{դ]ում էր, որ Խ[որհրդային] Հայաստանը այցելեմ, նոր հրատարակութիւնների համար պայմանագրութիւն ստորագրեմ եւ վերադառնամ51։ Մերժեցի։ Արդ, արդա՞ր բան է, որ իր անկախութիւնը եւ արժանապատւութիւնը պաշտպանող տարագրեալ մեր գրագէտները միջոց չունենան իրենց գործերը հրատարակելու երբ անմիտ կերպով այդքան դրամներ են ծախսւում ոչ կարեւոր գործերի համար։
Յուսամ լաւ էք եւ ձեր մտադրութիւնը Կալիֆորնիայում հաստատւելու պիտի մի օր իրագործէք52։
Ջերմ բարեւներ կնոջս եւ իմ կողմից
Կ. ԶԱՐԵԱՆ
Գ.
28 Սեպտեմբեր, 59
1487 Olympus Ave
Berkeley, Calif.
Սիրելի Դարբինեան,
Հասցէիս փոփոխութիւնը ղրկել էի «Հայրենիք»ին եւ, այդ պատճառով, այլեւս թերթը չեմ ստանում։ Բարի կլինէ՞ք անհրաժեշտ կարգադրութիւնները անել, որպէսզի թերթերի առաքումը կանոնաւորապէս շարունակեն։
Յուսամ ձեր առողջութիւնը լաւ է։ Չլինի՞ որ թագնւած մալարիա ունէք, ինչպէս շատերը որ ապրել են մեր երանելի երկրում եւ սնւել թոյնով եւ Արարատով։
Ե՞րբ պիտի գաք այս կողմերը։ Հիմա որ ապրում ենք բլուրների կատարին ամէն ի նչ շատ գեղեցիկ է, շատ խաղաղ եւ շատ դատարկ։ Անշուշտ բացի աշխատանքից, որ ամբողջովին կլանում է մեզ։
Շատ բարեւներ իմ եւ կնոջս կողմից[։]
Կ. ԶԱ ՐԵ ԱՆ
Հեռախօսիս թիւը մնացել է անփոփոխ53։
Դ.
8 Հոկտեմբեր, 59
1487 Olympus Ave
Սիրելի Դարբինեան,
Նամակս գրելուց յետոյ միայն իմացայ, որ նորից ենթարկւած էք վիրաբուժական գործողութեան։ Շատ ուրախ եմ, որ ամէն ինչ լաւ է անցած եւ ձեր առողջութիւնը վերականգնելու վրայ է։ Կարծում եմ, որ լաւ կ[‘]անէք ձմեռ այս կողմերում անցնել, այս բախտաւոր կլիմայական պայմաններից օգտւելու համար։
Շատ շնորհակալ եմ ձեր առաջարկութեան համար աշխատակցելու զոյգ «Հայրենիք» ներին։ Չեմ կարծում «Հ[այրենիք]» ամսագիրը [յ]արմար տեղ է «Դիւցազներգութիւններ»54 հրատարակելու համար։ Այս ձեր ամսագիրը տարիների ընթացքին փոխւած է եւ գրական տեսակէտից ուրոյն մի մտայնութիւն է տիրում այնտեղ, որ ինձ օտար է։ Այդ մասին արտայայտւած եմ «Զւարթնոց»ի վերջին թւում, որ շուտով կ[ը] հասնի55։ Նաեւ, երբ գաք այստեղ, այդ մասին կ[ը} խօսենք։
Նոր, լայնաշունչ մի գործ սկսած եմ, որ գլխաւորաբար ինքնակենսագրական բնոյթ է կրում —ինչպէս դուք թելադրեցիք երբ այստեղ էիք— բայց որ պահանջում է երկայն աշխատանք վերջացնելու համար։ Ուստի նախ[ը]ն{տ]րում եմ ամբողջովին կենտրոնանալ նրա վրայ։ Տարիները անցնում են եւ շատ ժամանակ չի մնացել։
Ես եւ կինս ջերմօրէն բարեւում ենք ձեզ եւ ցանկանում ենք կատարեալ առողջութիւն։
Կ. ԶԱՐԵԱՆ
Ե.
23 Նոյեմբեր, 59
1487 Olympus Ave.
Berkeley, Calif.
Սիրելի Դարբինեան,
Պէտք է ներէք որ պատասխանս այդքան ուշացաւ։ Ձեր առաջարկը հրատարակել դիւցազներգութիւններիցս մէկը «Հայրեն[իք»ի] մէջ ինձ թւում է դժւարին։ Հարցը նրանումն է որ թէ Հայկը թէ Արա Աստւածը, եւ նոյնպէս միւսները, այնքան երկայն են, որ եթէ միանգամից հրատար[ակ]էք, ինչպէս ժամանակին «Տատրագոմի Հարսը»56, ամբողջ թիւը կլեցնէ, իսկ եթէ կտոր կտոր հրատարակէք՝ կտեւի մի քանի ամիս ի վնաս գրւածքին։ Ամենից կարճը Վահագն է կամ Տիգրան Մեծի թուելեաց երգի միմասը։ Նա էլ պէտք [է] նստել, ամէն բան թողնել եւ արտագրել…
Ամենայնդէպս, սրանով ուզում եմ ասել, որ ձեր խմբագրած հանդէսի դէմ ոչինչ չունեմ եւ եթէ բան չեմ ղրկում, պատճառը այն է, որ այժմ զբաղւած եմ նոր մի գործ գրելով, որ շատ ժամանակ պիտի առնի մինչեւ որ վերջանայ։
Անշուշտ որ «Հայրենիք» ամսագիրը ցնցման պէտք ունի ազատւելու համար ձանձրալի գորշութիւնից եւ մի տեսակ ակադեմական մեռելութիւնից [sic]։ Դժբախտաբար, բոլոր գրական հանդէսները, որ երկար են ապրում, միշտ է այդպէս են վերջանում։ Պէտք են երիտասարդ ուժեր, որ չկան։ Պէտք է քանդել եւ վերաստեղծել։
Յոյս ունէի, որ, ինչպէս ասում էիք, այս ձմեռը պիտի գաք այս կողմերը ձեր առողջութեան խնամք տանելու համար։ Բայց հասկանում եմ որ եթէ մեկնէք՝ այնտեղ մէկը չկայ ձեր տեղը առնելու համար։
Ջերմ բարեւներով
Կ. ԶԱՐԵԱՆ
Զ.
2-2-60
1487 Olympus Ave.
Berkeley 8, California
Սիրելի Դարբինեան,
Ղրկում եմ ձեզ անձամբ Դիցավէպերիս առաջաերգը, որպէսզի նայէք եթէ յարմար է «Հայրենիք»ի համար57։ Բարեկամները պնդում են, որ անպատճառ ղրկեմ։ Ղրկում եմ։
Կարծում եմ, որ մի համարում կարելի է զետեղել, պայմանով որ չխեղդեն։ Բանաստեղծութիւնը կարելի է սպանել նաեւ տպագրական ձեւով, ինչպէս գիտէք։ Ուստի պատասխանատւութիւնը թողնում եմ ամբողջովին ձեզ, ինչպէս անձնական բարեկամի։
Նաեւ վճարում չի կարող լինել ան ինչ որ արձակի համար է։ Այդ հարցը եթէ արդար ձեւով լուծէք վստահ կարող էք լինել իմ աջակցութեանս եւ ապագայ աշխատակցութեանս վրայ։
Գրեցէք ինձ ձեր կարծիքը։
Ջերմ բարեւներ իմ եւ կնոջս կողմից։
Կ. ԶԱՐԵԱՆ
Է.
6-2-60
Բէրկլի
Սիրելի Դարբինեան,
Անցեալ օրը ձեզ ղրկեցի իմ Դիւցազնավէպերիս «Առաջաերգ»ը «Հայրենիք» ամսագրում տպագրելու համար, սակայն միւս օրը Պր. Կռանեանը58 եկաւ Լոս Անջելոսից զանազան առաջարկութիւններով եւ նաեւ ցանկութիւնը յայտնեց առանձին գրքով տպագրելու «Դիւցազնավէպերի Գիրքը»։ Ըստ իրենց ասածին այս գիրքը պիտի տպագրւի «Հայրենիք»ի տպարանում։ Ուստի կարծում եմ, որ լաւ կ[ը] լինի առայժմ յետաձգել «Առաջաերգ»ի տպագրութիւնը մինչեւ որ որոշւի ինչ գրերով եւ ինչ ձեւով պիտի տպագրւի ամբողջական նոր գործը։
Երբ սկսէք տպագրել գիրքը՝ այն ժամանակ կարող էք ընտրել նրանից մի մաս տպելու համար ամսագրում։ Դրանով կրկին աշխատանք չի կատարւի եւ ձեւը եւ գիրը որոշւած կ[ը] լինի։
Խնդրում եմ այդ իմ ցանկութիւնը կատարէք։ Իսկ ես մտածում եմ շատ շուտով ձեռքիս տակ եղած մի ուրիշ աշխատանք վերջացնել եւ ղրկել ձեզ։
Յայտնում եմ առաջւանից իմ շնորհակալութիւններս։
Բարեկամաբար ձերը
Կ. ԶԱՐԵԱՆ
ՎԱՀԷ
1 Վարդան Մատթէոսեան, «Նամականի Կոստան Զարեանի եւ Ռուբէն Դարբինեանի», Բազմավէպ, 1-12, 2003, էջ 217-261։
2 «Մեր աշխատակիցներու նամակները», Հայրենիք ամսագիր, նոյեմբեր-դեկտեմբեր 1962էն մինչեւ ապրիլ 1964, բացառելով դեկտեմբեր 1963ի թիւը։
3 Միակ ողջ գրողը, որուն նամակները լոյս տեսած էին, Համաստեղն էր («Համաստեղի նամակները», Հայրենիք ամսագիր, ապրիլ 1964, էջ 1-15)։
4 Թղթակից, «Լուրեր Սան Ֆրանսիսքոյէն. ընկ. Ռուբէն Դարբինեանի այցելութիւնը», Հայրենիք, 14 ապրիլ 1959 (արտատպուած՝ Ասպարէզի 17 մարտ 1959ի թիւէն)։
5 Կոստան Զարեան, Գիրք դիւցազներգութեանց, Երուսաղէմ, տպ. Սրբոց Յակոբեանց, 1978։
6 Գրիգոր Պըլտեան, Կրակէ շրջանակը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ, Անթիլիաս, տպ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1988, էջ 227, 229։
7 Կոստան Զարեան, Գիրք դիւցազներգութեանց, Երեւան, «Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ-Անտարես», 2017, էջ 287։
8 Վարդան Մատթէոսեան, «Կոստան Զարեանի եւ Գարեգին Լեւոնեանի նամակները», Բագին, 2, 2012, էջ 67 (նախնական հրատարակութիւնը տե՛ս նոյն, «Կոստան Զարեանի նամակները «Երեք երգեր»ու առիթով», Հանդէս ամսօրեայ, 1-12, 1993, էջ 245)։
9 Մառ, «Հայ գրականութեան արտայայտութիւնները Ամերիկայում», Հայրենիք, 26 փետրուար 1960։ Յօդուածագրին ինքնութիւնը չենք կրցած պարզել։
10 Բիւզանդ Կռանեան, «Այց մը Կոստան Զարեանին», Հայրենիք, 11 փետրուար 1961։
11 Բիւզանդ Թաշճեան, «Կոստան Զարեան. իր սերունդին վերջին անփոխարինելի ներկայացուցիչը», Զուարթնոց, 1 ապրիլ 1960, էջ 3։
12 Զարեհ Թաթարեան, «Վեհափառ Հայրապետը Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ», Պայքար, 5 օգոստոս 1960. Նոր օր, 12 օգոստոս 1960)։
13 «Ամենայն Հայոց Հայրապետի ուղեւորութիւնը Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ եւ վերադարձը Մայր Աթոռ», Էջմիածին, Ժ., 1960, էջ 37։
14 Զարեան, Գիրք դիւցազներգութեանց, Երեւան, էջ 293։
15 «Կոստան Զարեան հրաւիրուած Հայաստան», Զուարթնոց, 15 յուլիս 1961։
16 «Յարգանքի ճաշկերոյթ ի պատիւ Կոստան Զարեանի Լոս Անճելըսի մէջ», Հայրենիք, 10 փետրուար 1961։
17 Կոստան Զարեան, «Հայաստան», Հայրենիք, 11 փետրուար 1961։
18 Եր. Ֆնտգեան, «Տատրագոմի հարսը», Հայրենիք, 11 փետրուար 1961։
19 Համաստեղ, «Կ. Զարեան բանաստեղծը», Հայրենիք, 11 փետրուար 1961։
20 Արամ Հայկազ, «Մեծարանք՝ արժանաւոր գրագէտին», Հայրենիք, 11 փետրուար 1961։
21 Եր. Ֆնտքեան, «Յարգանքի սեղան Կոստան Զարեանի», Հայրենիք, 1 մարտ 1961։
22 Բիւզանդ Կռանեան, «Կոստան Զարեան», Հայրենիք, 12 մարտ 1961։
23 Բ. Կռանեան, «Այց մը Կոստան Զարեանին», Նայիրի, 16 ապրիլ 1961։
24 Համաստեղ, «Կոստան Զարեան բանաստեղծը», Նայիրի, 16 ապրիլ 1961։
25 Կոստան Զարեան, «Հայաստան», Նայիրի, 16 ապրիլ 1961։ Շաբաթաթերթը ինն տուն ունեցող բանաստեղծութեան առաջին երկու տուները զանց ըրած է։ Հետեւաբար, սխալ է այն կարծիքը, թէ Նայիրիի մէջ լոյս տեսած է «բանաստեղծութեան միտարբերակը, առաջին քառատողի փոփոխութեամբ» (Նոյն, Բառերի ոսկին, Երեւան, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ, 2009, էջ 628), ինչպէս եւ Նայիրիի կրճատուած հրապարակումին արտատպումը իբրեւ վերջնական բնագիր (անդ, էջ 488-489)։
26 Կոստան Զարեան, «Տիգրան Մեծի Թուելեաց երգից», Նայիրի, 16 ապրիլ 1961 (վերամշակուած կերպով տե՛ս Գիրք դիւցազներգութեանց, Երուսաղէմ, էջ 187-188)!
27 Զարեան, Գիրք դիւցազներգութեանց, Երեւան, էջ 293։
28 Կոստան Զարեան, «Վահագնի երգը», Ալիք, 22 Ապրիլ 1961. Արմենիա, 5-6 մայիս 1961։
29 Կոստան Զարեան, «Առասպելների գիրքը (հատուածներ)», Սփիւռք, 29 Յուլիս 1961։ «Եթէ» բանաստեղծութեան համար, տե՛ս նոյն, Բառերի ոսկին, էջ 310-311, ուր սխալմամբ անտիպ համարուած է (անդ, էջ 622)։
30 Առաջին հրապարակումը տե՛ս Մատթէոսեան, «Նամականի Կոստան Զարեանի», էջ 260։
31 «Կոստան Զարեանի մէկ անտիպը՝ «Դիցավէպերի գիր քը», Հայրենիք, 20 յունուար 1974։
32 ««Դիւցազնավէպերի գիրքը»», Հայրենիք, 24 փետրուար 1974։
33 Կ’ակնարկէ «Մարշալ ծրագրին« (Plan Marshall)՝ Արեւմտեան Եւրոպայի տնտեսական վերականգնումին ուղղուած ամերիկեան նախաձեռնութեան, որ կիրարկուած է 1948-1951ին։
34 Իրենց արժանի կը համարեն (գաւառական)։
35 Արմէն Վահէ (Գալուստ Չպուգճեան, 1890-1976), Հայրենիքի վարչական պատասխանատու։
36 Պատուագին (ռուս. гонорар)։
37 Դեկտեմբեր 1949-Փետրուար 1950ին, Զարեան «Հոլանտական յուշատետրից» ուղեգրութիւնը հրատարակած է Հայրենիք ամսագրին մէջ։
38 Զարեան նորէն չէ աշխատակցած ամսագրին մինչեւ 1955։
39 Արմէն Վահէ (Գալուստ Չպուգճեան, 1890-1976), Հայրենիքի վարչական պատասխանատու։
40 Բժշկական (ֆր. clinique)։
41 Զարեան Պէյրութէն մեկնած է յուլիս 1954ի սկիզբներուն։
42 Վահէ Սէթեան (1905-1995), լիբանանահայ մշակութային գործիչ։
43 Տե՛ս Կոստան Զարեան, «Նաւատօմար», Նորք, 2, 1994, էջ 29։
44 Տե՛ս անդ, էջ 42։ «Ամբողջական գործեր»ու ծրագիրը իրագործուած չէ։
45 The Poetry Review, բանաստեղծութեան եռամսեայ անգլիական հանդէս։ Հիմնուած է 1912ին եւ լոյս կը տեսնէ մինչեւ օրս։
46 Lawrence Durrell, “Constant Zarian: Triple Exile,” The Poetry Review, 1, 1952, pp. 30-34։ Երկու տարի ետք, Զարեանի ղրկած օրինակը հաւանաբար հիմք եղած է յօդուածի արտատպումին համար Արմինիըն Ռըվիւի մէջ (idem, “Constant Zarian – Triple Exile,” The Armenian Review, Winter 1961, p. 67-71)։
47 Լօրընս Տառէլ (1912-1990), անգլիացի նշանաւոր վիպագիր եւ բանաստեղծ։
48 Նկատի ունի յատկապէս Տառէլը «Աղեքսանդիոյ քառեակը» (The Alexandria Quartet) քառահատոր վիպաշարքի (1957-1960) վայելած յաջողութիւնը։
49 Հանդէս, ներկայացում (արաբերէն)։
50 Վիկտոր Համբարձումեան (1908-1996), հայ նշանաւոր աստղագէտ։
51 Զարեան ու Համբարձումեան հանդիպած են մայիս 1957ին։
52 6 մարտ 1959ին, Ռ. Դարբինեան Գալիֆորնիայէն վերադարձած էր Պոստոն, «իր առողջութիւնը կատարելապէս վերահաստատուած» (»Ընկ. Ռ. Դարբինեան վերադարձաւ Քալիֆորնիայէն», Հայրենիք, 10 մարտ 1959)։
53 Տողը աւելցուած է ձեռագիր։
54 Կ’ակնարկէ իր Գիրք դիւցազներգութեանց հատորին (Երուսաղէմ, 1978)։
55 Տե՛ս Կոստան Զարեան, «Նաւատոմար», Զուարթնոց, 1 հոկտեմբեր 1959։
56 Կոստան Զարեան, Տատրագոմի հարսը, Հայրենիք ամսագիր, ապրիլ 1930, էջ 1-44։ Նաեւ՝ Նոյն, Տատրագոմի հարսը, Պոստըն, տպ. «Հայրենիք», 1930։
57 «Առաջաերգ»ի բնագիրը (22 մեքենագիր էջ) եւ նամակը այժմ կը գտնուին մեր քով։
58 Բիւզանդ Կռանեան (1912-2004), արձակագիր, բանաստեղծ եւ հանրային գործիչ։





