ՍՐՏԻ ԼԱՊՏԵՐ

Անգլերէնի թրգմ.՝ Տիփա Պհասթի

Հայերէնի թարգմանութիւն եւ ծանօթագրութիւն՝ Յակոբ Կիւլլիւճեան

Սրտի Լապտեր

Պատմուածքներու ընտրանի

Տասներկու կարճ պատմուածքներու հատորը, քաննատա լեզուով գրուած առաջին կարճ պատմուածքներու հատորն է, որ կը ստանայ Միջազգային Պուքըր մրցանակը: Գիրքին հեղինակը հնդիկ գրող Պանու Մուշթաքն է, իսկ թարգմանիչը՝ Տիփա Պհասթի: Գիրքը լոյս տեսած է 2024ին, Անգլիոյ մէջ՝ And Other Stories անկախ հրատարակչատան կողմէ:

        Պատմութիւնները կը կեդրոնանան հարաւային Հնդկաստանի իսլամ կիներու առօրեայ կեանքին վրայ ու կը ներկայացնեն կրօնական ծանր բռնաճնշումներուն ներքեւ հայրիշխանութեան, սեռային անհաւասարութեան հարցերը եւ կիներու դիմացկուն եւ չընկրկող ոգին: Իր հարուստ, կենդանի խօսակցական եւ սրտառուչ ոճով Մուշթաք կը յաջողի շնորհիւ դիտորդի իր կարողութիւններուն ընթերցողը հասցնել անսպասելի զգացական բարձրունքներու:

        Իր ստեղծած գրականութեան պատճառով Մուշթաք միաժամանակ արժանացած է թէ՝ պահպանողական շրջանակներու կողմէ պախարակման, եւ թէ՝ Հնդկաստանի ամենահեղինակաւոր գրական մրցանակներուն:

Կը ներկայացնենք գիրքին խորագիրը կրող պատմուածքէն հատուած մը, թարգմանութեամբ՝ Յակոբ Կիւլլիւճեանի:

 

Կրաղիւսէ վայրի անտառէն, լուցկիի տուփերու պէս երկինք հասնող գոյնզգոյն շքեղ բնակարաններու շարքերէն, շչակող կառքերէն՝ որոնք մշտապէս կը շար­ժէին, գիշեր-ցերեկ, կարծես թէ տեւական շարժումը կեանքի միակ նպատակը ըլլար, եւ ապա մարդերէն, մարդերէն, մարդերէն—մարդիկ՝ առանց իրարու հանդէպ սիրոյ, առանց փոխադարձ վստահութեան, առանց ներդաշնակութեան, առանց անգամ զիրար ճանչցող ժպիտներու—ուզեր էի անպայման ազատիլ այսպիսի հեղձուցիչ միջա­վայրէ մը։ Այնպէս որ, երբ Մուճահիտը եկաւ իր գործի այլուր փոխանցման լուրով, շատ ուրախ եղայ, իրապէս։

Արէ՜յ, մոռցայ։ Մուճահիտին մասին ձեզի ամէն ինչ պէտք է պատմեմ, չէ՞։ Մուճահի­տը մեր տան մարդն է։ Օ՜։ Տարօրինակ կը հնչէ։ Ամուսիններէն սովորաբար կինն է որ տունը կը մնայ, ուրեմն ատով կինն է որ կ’ըլլայ տան մարդ։ Թերեւս, ուրեմն, Մուճահի­տը իմ գրասենեակի մարդն է։ Չէ՛, նորէն սխալ ըրի։ Գրասենեակը իմս չէ ի վերջոյ։ Ու­րիշ ի՞նչ ձեւով կրնամ ըսել ասիկա։ Եթէ գործածեմ եաճամանա եզրը եւ զինք սեփականատէր կոչեմ, այն ատեն պիտի ստիպուիմ սպասուհի ըլլալ, կարծես անասուն մը կամ շուն մը ըլլայի։ Ես քիչ մը ուսում ունիմ։ Համալսարանական աստիճան մը ստացած եմ։ Տէր ու սպասուհիի այս դերերը չեմ ուզեր հաստատել։ Ուրեմն այդպէս՝ ամուսինի հա­մար կանտա՞ պէտք է ըսեմ։ Այս ալ չափազանց ծանր բառ մըն է, կարծես կանտան թարամը՝ մեծ աղէտ մը սպասէր ինծի։ Բայց ինչո՞ւ այսքան դժուարացնել հարցը։ Կրնայիք թելադրել, որ ամուսինի համար փաթի աղուոր բառը գործածեմ —սակայն, դարձեալ, տունդ եկող ոչ մէկ կին իր ամուսինը պիտի ներկայացնէր ըսելով թէ «այս է փաթիս», չէ՞։ Այս բառը շատ ժողովրդական չէ խօսակցական լեզուի մէջ։ Շատ գրքունակ բառ մըն է։ Եթէ մէկը փաթի բառը գործածէ, անոր կը հետեւի վրան տեւարու յաւելելու մղումը, ինչ որ սովորական բան մըն է, բայց որ նաեւ մէկուն ամուսինը Աստուծոյ կը հաւասարեցնէ։ Ես փափաք չունիմ Մուճահիտին այդպիսի բարձր կարգավիճակ մը շնորհելու։

Քիչ մը մտածելու ըլլաս, մեզի՝ այսինքն մահմետականներուս համար, կ’ըսուի թէ վերը Ալլահէն զատ, մեր փաթին Երկրի վրայ Աստուածն է։ Սեպենք թէ այնպիսի վիճա­կի մը մէջ գտնուինք, ուր ամուսինին մարմինը վէրքերով ծածկուած ըլլայ, եւ որոնցմէ թարախ ու արիւն հոսի։ Կ’ըսուի թէ նոյնիսկ եթէ կինը իր լեզուն գործածէ այդ վէրքերը լզելով մաքրելու համար, տակաւին պիտի չկարենայ ամբողջովին հատուցած ըլլալ ամուսինին իր ունեցած պարտքը։ Եթէ ան հարբեցող կամ կնամոլ ըլլայ, կամ եթէ ամէն օր կինը իր օժիտին համար նեղէ՝ այս բոլոր «եթէ»ներն ալ ճշմարիտ ըլլալու պարագային ­իսկ ան դեռ իր ամուսինն է։ Անկախ անկէ թէ ո՛ր կրօնքին պատկանի, ընդունուած է որ կինը ամուսինին ամենահնազանդ սպասուհին ըլլայ, անոր սեւ աշխատան­քի կաշկանդուած բանուորը։

Արդէն հասկցած ըլլալու էք, թէ իմ եւ Մուճահիտին յարաբերութիւնը ո՛րն է։ Միեւ­նոյն ատեն հասկցած ըլլալու էք թէ ես ի՛նչ կը խորհիմ այս բոլորին մասին։ Սխալը իմս չէ. երբ Մուճահիտին, այսինքն՝ կեանքի ընկերոջս աշխատանքը այլուր փոխանցուեցաւ, մենք փոխադրուեցանք Քրիշնառաճա Սակարա ամբարտակի նախագիծին պատկա­նող գեղեցիկ բնակարան մը։ Ապա ան զիս ձգեց առջեւի պարտէզին մէջ գտնուող հա­ցապտուղի եւ լեմոնի ծառերուն, գէորգենիի, յասմիկի, ոսկեծաղիկի ու վարդի թուփերուն եւ ետեւի բակին մէջ աճող քարիի տերեւներուն, լուբիայի տունկերուն ու դառն դդումի պատաղիճներուն հետ։ Մինչդեռ ինք, ամէն օր, քսան չորս ժամուն քսանութը զբաղած կ’ըլլար, կա՛մ գրասենեակը աշխատելով, կամ ալ Քարնաթաքայի Ճարտարագիտական Հետազօտական Կայանին մէջ հետազօտութիւն կատարելով։

Հիմա ալ նոյնն է։ Զով զեփիւռ մը մարմինս ու միտքս կը խտղտէ։ Քանի որ մէկը չու­նիմ որուն կարենամ խօսիլ, հոս՝ պարտէզին մէջ տեղը նստած ձեզի կը գանգատիմ այս այսպէս կոչուած ամուսինիս մասին։ Սակայն … արէ՜յ։ Ի՞նչ է ասիկա։ Մուճահիտին սքու­թը՞րը, այն ալ օրուան այս ժամո՞ւն։ Ժամացոյցին նայեցայ։ Հազիւ ժամը հինգն էր։ Յօն­քերս բարձրացուցի. աթոռիս վրայէն չշարժեցայ։ Մուճահիտը ժպտելով ակռաները պսպղացուց։ Ես իմիններս շրթներուս ետին ամուր բանտարկեցի։ Ինք գլուխը խոնար­հեցուց, սաղաւարտը գլխուս դրաւ, ձեռքէս քաշելով զիս վեր կանգնեցուց եւ ըսաւ.

— Հը՛մ, շո՛ւտ։ Ութը վայրկեան պիտի տամ քեզի։ Պատրաստուած եւ դուրս եկած պէտք է ըլլաս։ Եթէ չընես՝ …։

Վայրկեան մը կեցիր։ Նախ ամբողջ պատմութիւնը պատմեմ քեզի։ Մենք նորապսակներ ենք։ Եթէ ճշգրիտ խօսելու ըլլամ, տասը ամիս եւ տասներեք օր է որ ամուս­նացած ենք։ Մուճահիտը ասկէ առաջ քանի մը խորամանկութիւն փորձած էր բանեցնել։ Օր մը շատ ճիգ թափեց ու մազս հիւսեց՝ հարիւր տասնութը գնդասեղ խրելով գլու­խիս մէջ զայն բռնելու համար։ Գոհ ըլլալով որ շատ լաւ կ’երեւէր, նոյնիսկ լուսանկար մը քաշեց։ Ես կապիկի կը նմանէի։ Ուրիշ օր մը փորձեց զիս համոզել որ տաբատ հագ­նիմ, բայց իր ամենէն լայն տաբատին անգամ կարերը պայթեցան, ու ինք ստիպուեցաւ հրաժարիլ փորձելէ։ Աւելի ուշ փորձեց զիս քաջալերել որ ծխեմ, որպէսզի մարդիկ զինք շատ ընկերային, ազատամիտ անձ մը կարծեն։ Ես շատ կը դժգոհիմ երբ ուրիշներ ծխեն, ուստի փոխանակ ծուխը դուրս փչելու, ներս պահեցի ու ձեւացուցի թէ չէի կրնար հազս զսպել եւ թէ շնչելու դժուարութիւն կ’ունենայի։ Խե՜ղճը։ Այնքան նեղուեցաւ։ Բայց այս բո­լոր ձախորդութիւնները մեր հարսանիքին յաջորդող երեք ամիսներու ընթացքին պա­տահեցան, իսկ հիմա շատ «բնականոն» զոյգ մըն ենք։

— Կրնա՞մ հարցնել թէ ո՛ւր կ’երթանք։

— Այո՛, կրնաս հարցնել։ Պելակոլայի գործարանը Իֆթիխար Ահմէտ անունով մարդ մը կայ։ Ես իրեն դեռ ութը օր առաջ հանդիպեցայ։ Այսօր մեզ իր տունը հրաւիրած է, Պե­լակոլա,— պատասխանեց Մո ճահիտը։

Ութը վայրկեան անգամ չպահանջեց ինձմէ պատրաստ դուրս գալը։ Չելուվան ետե­ւէս վազեց ու դարպասին քով կանգնեցաւ։ Ուրախացաւ երբ իրեն ըսի.

— Ընթրիքի համար բան չեփես։ Ես ետ կու գամ ու ես ինքս կ’եփեմ»։

Կը թուէր թէ Մուճահիտն ալ այդ օրը լաւ տրամադրութեան մէջ էր։ Սքութըրը շատ դանդաղ կը քշէր։ Հինտի երգ մը սուլելը լսելով՝ խորհեցայ թէ արդեօք զինք խտղտե՞մ։ Սակայն մինչ այդ արդէն Պելակոլայի շրջանակաձեւ հրապարակը հասեր էինք։

Երբ մեր սքութըրը տան մը մօտեցաւ, դուրսը կեցող մարդը ժպտեցաւ ու դարպասը լայն բացաւ մեզի համար։ Ես իջայ ու քալեցի արահետն ի վեր։ Ցանկուած բակն առան­ձին՝ մեր բնակարանէն մեծ էր։ Երբ այնտեղի բոլոր յարմարութիւնները տեսայ, ինքզին­քիս հարց տուի թէ պարտէզի՞ մը մէջ էինք, թէ՞ զբօսայգիի մը։ Ճեմուղիին իւրաքանչիւր կողմը կանգնած էր կուաւայի ծառ մը որուն հաստ ճիւղերէն երկաթէ պարաններով ճօ­ճանակ մը կախուած էր։ Անոնց շուրջը կը փթթէին յասմիկի բաղեղներ եւ տեսակ տե­սակ վարդի տունկեր։ Ես շշմած՝ ափիբերան մնացեր էի։

(հատուած)