Բագինի 60ամեակի թիւի պատրաստութիւնը առիթ տուած էր մեզի անգամ մը եւս աչքէ անցնելու անոր արխիւը ու յանգելու այն համոզման, որ անոր հիմնադիր խմբակը առաջին օրէն իսկ ի մտի ունեցած էր ոչ միայն կեդրոնաձիգ պարբերականի մը շուրջ գրողներ համախմբելը, այլ նաեւ անհրաժեշտ նկատած էր երիտասարդ ուժերով յաւելում մը կատարել Սփիւռքահայ գրականութեան էջին վրայ, եւ առ այդ պարբերականի էջերը միշտ բաց պահած երիտասարդ ստեղծագործողներու առջեւ, որոնք իրենց յախուռն կրակով կենսունակութիւն մը բերած էին մեր լեզուին եւ գրականութեան, հանդիսանալով իրենց ժամանակին ու սփիւռքեան հարուստ ինքնութեան մը վկաները։
Ահաւասիկ, հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, Բագինի այս թիւը կը բանանք 70-ական թուականներու պարբերականին շուրջ համախմբուած երիտասարդ շունչերէն՝ Խոսրով Ասոյեանի մտածումներով եւ անտիպ բանաստեղծութիւններու շարքով, որոնք խմբագրութեան յանձնուեցան Ասոյեանի մտերիմներէն, Բագինի նախկին խմբագիր եւ աշխատակից Յարութիւն Պէրպէրեանի կողմէ։ Նոյնպէս, այս թիւին մէջ լոյս կը տեսնեն երիտասարդ մտաւորական եւ գրող Ճէսի Արլէնի բանաստեղծական անտիպ հատորէն էջեր։
Ահա Բագինի 60 տարուան կամարին մէկ եւ միւս կողմերը իրար կապող երկու անուններ. մէկը Մերձաւոր արեւելքի հայութեան սրտին ծաղկած գեղատեսիլ ոստանին մէջ ծայր առած գրական բոցավառումին երիտասարդ մասնակից. միւսը Ամերիկայի ծայրագոյն արեւմուտքին՝ Խաղաղականի ափերուն ծնած ու հայերէնը որպէս ստեղծագործական լեզու ընտրած, աւելի ճիշդ զայն կրկին իրը ըրած սերունդի երիտասարդ ներկայացուցիչ։ Սփիւռքեան ամբողջական փորձառութիւն մը ահաւասիկ, ուր լեզուն զիրար կը կապէ սերունդէ սերունդ գրող ու մամուլ։
Այս հաւատքով է որ 60 տարին անց ահա կը շարունակենք միշտ նոր կրովով ու մանաւանդ մեր գիրին հանդէպ միշտ նոր խանդավառութեամբ այս հասուն տարիքի թուացող սակայն միշտ կայտառ սրտով պարբերականին լոյս ընծայումը, շնորհիւ նաեւ անոր հաւատացող կազմակերպութեան ու անոր ետեւ կանգնող ընթերցողներու նեցուկին։ Աւանդ մըն է ասիկա, որ կը ժառանգենք մենք մեզ նախորդող սերունդներուն մշակած կեցուածքէն ու նուիրումէն այս լեզուին հանդէպ, բայց նաեւ որպէս ժառանգորդները սփիւռքեան իւրայատուկ փորձառութեան մը, որ իրերու դրութեամբ անցեալ դարու կէսերուն բոցավառեցաւ Միջերկրականի ափերուն փթթող հայութեան սրտին մէջ, ապա անմիջապէս տարածուելու համայն աշխարհով մէկ մինչեւ ծայրագոյն արեւմուտք։ Այս է մեր փորձառութիւնը, որուն մէջ Հայրենիքի երազին կողքին, լեզուն է որ կը դառնայ հիմնական բնակավայր՝ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան մը համար։ Լեզուն, եւ ուրեմն գրականութիւնը։ Այդ լեզուն է որ կ’ապրեցնէ մեզ ու այս գրականութիւնը, այնքան ատեն որ կը շարունակենք ապրիլ անով ու անոր մէջ։ Հիմնական տարբերակում մըն է ասիկա քիչ մը շատ տարածուած միւս այլ ընտրանքներուն հետ բաղդատած, ուր լեզուն պարզապէս գործնական միջոց կը թուի ըլլալ։ Մինչ դեռ մեզի համար լեզուն կեանքն իսկ է։ Այլապէս՝ առանց լեզուի, ի՞նչ գրականութիւն։





