ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Եթէ ընդունինք որ գրական պարբերականի մը էջերը կրնան շողանկար մը ըլլալ լեզուի մը գրաւոր կենսունակութեան, այսինքն անով արտայայ­տութեան ձգտող կենսափորձին, ապա կրնանք ըսել որ Բագինի էջերը միշտ ալ փորձած են բեմ տրամադրել նոր անուններու եւ նորանոր արտայայտ­չաձեւերու։ Այս լեզուն կը շարունակէ իրեն քաշել սերունդէ սերունդ ու ցամաքա­մասէ ցամաքամաս գրիչ շարժել փափաքողներու հետաքրքրութիւնն ու ձգտումը։ Ասիկա՝ ի հեճուկս անոր դէմ ցցուող բոլոր արգելքներուն ու դժուարու­թիւններուն, ըլլան անոնք ներքին (այսպիսի ղեկավարութեան ի տես, կ’աւաղէր մեր երէց բարեկամը վերջերս, լեզուն թաղողի պէտք չունի։ Խօսքը անշուշտ դպրոց փակողներուն կը վերաբերէր), երեւակայական (կամ երեւակայութեան պակասի), կամ այսպէս կոչուած «պայմաններու բերումով»։ Լեզուն ունի աւան­դութիւն մը ու զայն գործածողները անոր հենելով է որ ճամբայ կը բանան կեանքի փորձառութիւններու նորանոր արահետներու մէջէն։ Գրականութեան մէջ ալ պատկերը տարբեր չէ։ Ինչպէս Մարկ Նշանեան կը նշէ ներկայ թիւին մէջ Եդուարդ Պօյաճեանի նուիրուած իր գրութեան մէջ՝ «Գրականութեան մէջ չկա՛յ, կ’երեւի, ինքնակոչ սերունդ, ոչինչէն ծնած: Հայ Սփիւռքի օրինակը, իբրեւ փորձառական դաշտ, ցոյց կու տայ որ գրելու ցանկութիւնը ինքնածին եւ ինքնաբուխ չէ»։

Խօսքը անշուշտ փոխանցումի շղթային մասին է։ Կենսունակութիւն մը կայ, որ սերունդէ սերունդ փափաքը կը ստեղծէ նորերուն մօտ այդ փորձառութեան մէջ իրենք զիրենք տեսնելու ու անոր միանալու։ Լեզուն կարծես իրեն կը կան­չէ։ Տակաւին մեր այսօրուան աշխարհասփիւռ իրականութեան մէջ լեզուն ինք­նին ծայրագոյն ցրուումի ընթացքի մը մէջ կը գտնուի։ Այս թիւին մէջ պիտի հանդիպիք այս լեզուով տարբեր սերունդներէ արտայայտուողներու ու զայն տարբեր ձեւերով կիրառողներու, ամենէն՝ ըսենք կանոնաւորէն մինչեւ ամենէն կանոնազանցը, ամենէն դասականէն մինչեւ ամենէն փորձառականը։ Որովհե­տեւ ցրուումն ալ իր իրականութիւնը ունի եւ այդ մէկը այս լեզուին մէջ է միայն, որ կրնայ ձեւ գտնելու երեւիլ։ Լեզուն ինքնին պատկերը կու տայ ծայրագնաց ցրուումին։ Փորձառութիւն մըն է ասիկա, որ «պայմաններու բերումով» եղաւ մե­րը, որ մեզ նախորդող սերունդները ստանձնեցին, եւ որ մեզ բոլորս կը կապէ իրարու ցամաքամասէ ցամաքամաս։ Այդ ստանձնումն է որ կը խրախուսէ մեզ ու կը մղէ յառաջ։