ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Բագինը իր հիմնադրութեան օրէն ունեցած է յստակ եւ իւրայատուկ դիմագիծ։ Այդ դիմագիծի հիմքին կը գտնուի ինքնագիտակցութիւն մը, խարսխուած վայրի մը ու պատմութեան մը պատկանելու գաղափարին վրայ։ Լեզու եւ մշակոյթ կը բիւրե­ղացնեն այդ պատկանելութիւնը։ Անոր մէջ կը մտնեն դարերու երկայնքին վրայ հաւա­քական կեանքի մը բոլոր դրսեւորումները։ Անոր մէջ կը մտնեն հոգեխառնուածք ու իւրայատուկ զգացողութիւն, որոնք բոլորը կը կազմաւորեն ազգային գիտակցութիւն եւ այդ ամէնը կը հասցնեն մեզի անոր ժառանգորդներուն, որպէս աւանդ։ Ճիշտ է որ հո­ղը սահեցաւ մեր ոտքերուն տակէն ու դարձանք աստանդական։ Ճիշտ է որ դարերու գերութենէն ետք ձեռք ձգուած առաջին Անկախութիւնը խեղդուեցաւ ծաւալապաշտ յեղափոխութեան մը ճիրաններուն մէջ, մինչ անկախութիւնը կերտողները իրենք կը դառնային իրենց կարգին վտարանդի։ Ազգովին գտնուեցանք կենաց մահու հարցականնե­րու առջեւ, սակայն բազմաթիւ ընկրկումներէ ետք կրկին կանգնեցանք ոտքի։ Ոչ հողին երազը մարեցաւ սերունդներու գիտակցութեան մէջ, ոչ ալ անկախութեան ծարաւը։ Իրականութեան մէջ անոնք է որ հանդիսացան հիմնական կռուանն ու շաղախը սերունդներու շարունակականութեան մէջ։ Անոնցմէ հեռացողները կորսնցուցինք օտա­րացման մշուշներուն մէջ, սակայն միշտ նորերը եկան ու այս լեզուին ու ազգին պատկանելութեան զգացումը ապրեցուցին ու հասցուցին մեզի։

Երկրորդ Անկախութենէն երեսունհինգ տարի ետք կրկին հարցականներու ու ընկրկումներու առջեւ կը գտնուինք հաւաքաբար։ Անցնող քանի մը տասնամեակը լեցուն էին մեծ վերիվայրումներով, որոնք տարին մեզ վերադարձի գեղեցկագոյն երազներէն մինչեւ կորուստի յոռեգոյն յուսաբեկումները։ Ստիպուած ենք կրկին ստանձնելու մենք մեզ ու մեր ապագան, հաւատարիմ մնալով աւանդը մեզի հասցուցած սերունդներու յիշատակին։ Հաւատարիմ մնալով մենք մեզի, որպէս մէկ ազգի լիարժէք ու լի իրաւ ժառանգորդները՝ ուր ալ գտնուինք։ Ահա՛ ասոր մասին է որ կը վկայէ Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի հարցազրոյցը այս թիւին մէջ, իր ու իր խումբին կողմէ անցնող տասնամեակին մշակուած ու ծաւալած գործունէութեամբ թէ՛ Սփիւռքի թէ՛ Հայաստանի տարածքներուն։ Բայց մանաւանդ զայն լարող տեսլականին մասին։ Ի՞նչ են մեր դիմագրաւած հիմնական մարտահրաւէրները եկող 25 տարիներուն։ Բայց նաեւ, աղեղը լայն բանալով, ինչպէ՞ս ընել որ 500 տարի ետք ալ խումբ մը մարդիկ աշխարհի չորս կողմը քով քովի գալով շարունակեն հաստատել իրենց հայութիւնն ու շարունակեն վիճիլ իրենց ինքնութեան ու հայրենիքին մա­սին։