ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Սփիւռքի փորձառութիւնը իր կենդանութեամբ եւ յարափոփոխ ու մշտանորոգ հայելացումներով, առնուազն վերջին տասնամեակներուն, միշտ ներկայ է մեր գրականութեան մէջ, հետեւաբար նաեւ բա­նաստեղծութեան մէջ, որ կը փորձէ բռնել այդ փորձառութիւնը, անոր ձեւ եւ ձայն տալու ճիգով, զայն վերածելով աշխարհահայեացքի, խախտելով բանաստեղծութեան ընկալման աւանդական սահման­ները։ Վահէ Օշականի, Գրիգոր Պըլտեանի, Յարութիւն Պէրպէրեանի բանաստեղծութիւնները լա­ւագոյն օրինակները կը հանդիսանան այս հաստատումին, որովհետեւ անոնք կրցած են բանաստեղծութիւնը գաղափարաբանական աւանդոյթէն հեռացնել եւ զայն տեղադրել սփիւռքայնութեան ոլորտին մէջ, որպէս լեզուական փորձառութիւն, տեսակ մը լեզուական ճակատում ենթակային ներքին կշռոյթին ու շրջապատի իրականութեանց միջեւ։ Հետաքրքրական նորոգումի ու պոռթկումի ճիգով մըն էր նաեւ, որ Լիբանանի պատերազմի թէժ օրերուն, ինքզինք «Նոր գրականութիւն» անուանած երեք հոգինոց խմբակ մը՝ Հրազդան, Միհր եւ Սեւակ, հրապարակ իջան բանաստեղծական իւրայատուկ հատորով ու հանգանակով մը եւ երկրի քանդումին զուգահեռ, ուզեցին հրկիզել եւ փշրել սփիւռ­քի գրական հաստատուած կարգերը եւ “հայրենի քաղցկեղշարքային” գրականութիւնը։ Առաջինը՝ 1984-ին, երկրորդը՝ Սէրը, 1988-ին։ Երկու հրատարկութիւններն ալ կը բացուին ազդեցիկ, յախուռն եւ յեղափոխական յայտարարութիւններով, բեղմնաւորելով վերածնունդի նոր շրջան մը, որ կը հաւա­տանք կ’առնչուի ոչ միայն գրական մշակութային կեանքին, այլ նաեւ քաղաքական կեանքին, սփիւռք­ցիին ու անոր ինքնութեան փնտռտուքի չսպառող կացութեան։ Այս թիւով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ եռեակէն Մհեր Գարագաշեանի (Միհր) անտիպ բանաստեղծութիւններէն փունջ մը։ Մ․Գարագաշեան շրջապատի սովորական փորձառութիւններէն կը հանէ բանաստեղծական խօսք ու կշռոյթ՝ լեզուին ներքին գեղեցկութեամբ յղի, ու կը պատուաստէ իւրաքանչիւր բառ բանաստեղծի անկեղծ շունչով։

Այս թիւով կը հրատարակենք նաեւ 40 տարուան վաղեմութիւն ունեցող Կարօ Արմենեանի թեհրանեան օրագրութենէն ու անոր ինքնանդրադարձ արձանագրութեան հատուած մը, ինչպէս նաեւ Յարութիւն Պէրպէրեանի կողմէ Վազգէն Էթիեմեզեանի արձակներու հատորի ներկայացումը։ Թի­ւին մէջ տեղ կը գտնէ նաեւ Մարկ Նշանեանի ի մօտոյ լոյս տեսնելիք Գեղագիտական ազգայնականութիւն հատորէն գլուխ մը, ինչպէս նաեւ անոր նոր լոյս տեսած Թարգմանական դամբանական հատորին մասին Գառնիկ Գոյունեանի ընդարձակ գրախօսականը, ինչ որ կը բերէ մեզի Եդուարդ Սայիտի Արեւելաբանութիւն հատորին թարգմանութեան, մամուլի տակ։ Սայիտ իր գիրքով ու դիր­քորոշումներով պաղեստինեան ու ընդհանրապէս ճնշուած ժողովուրդներու դատին ռահվիրայ մըն էր ու իր Orientalism հատորը թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու ու մինչեւ օրս կը մնայ չգերա­զանցուած յղման աղբիւր մը նիւթին համար։ Կ’ողջունենք անոր արեւմտահայերէն թարգմանութիւ­նը, որովհետեւ բանաստեղծութեան պէս՝ թարգմանութիւնն ալ էական ճակատում մը կ’ենթադրէ ենթակային ներքին ու շրջապատի իրականութեանց միջեւ։ Լեզուն ապրելու համար բանատեղծու­թեան կողքին պէտք ունի նաեւ թարգմանութեան։ Թարգմանողներու ժողովուրդ մըն ենք՝ կը յոխորտային երկու հարիւր տարի առաջ գերմանացիք։ Բայց ինչու ոչ նաեւ մենք։ Թարգմանութիւնն է որ լեզուն կը տանի իր կարելիութեան սահմաններուն ու անով իսկ անըդնհատ կը վերստեղծէ զայն։