Լեռ Կամսարի՝ Մարդը գործին մէջէն (Աքսորականի մը օրագրէն) հատորը լոյս տեսաւ 2021 մարտին «Արաս» հրատարակչատունէն, խմբագրութեամբ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի։ Հատընտիր այս հատորը բաղկացած է հեղինակի օրագրութենէն, թատերական գործերէն, երգիծական գրութիւններէն, որոնք կ՚ամբողջացնեն Լեռ Կամսարի դիմանկարը՝ դառնալով անզուգական աղբիւր մը աւելի լաւ հասկնալու Խորհրդային Հայաստանը, անցեալին առերեսուելու ու զայն վերստին գնահատելու առումով։