Զապէլ Եսայեան, Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Զապէլ Եսայեան,
Ժողովուրդի
մը հոգեվարքը
(Աքսորեալ
հայերը Միջագետքի մէջ)

Զապէլ Եսայեանի Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ) հատորի կազմողը, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակը Անուշաւան Զաքարեանն է։ Հատորը լոյս տեսած է 2020ին, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչատունէն, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով, «Էդիթ պրինտ» ՍՊԸ տպարանէն, Երեւան։ Գիրքը կը ներառնէ Մեծ Եղեռնի ականատես վկայ Հայկ Թորոյեանէն հայ գրագիտուհիին գրառած եւ Պաքուի Գործ ամսագիրի 1917 թուականի 2րդ եւ 3րդ թիւերուն մէջ լոյս տեսած նիւթը, ընդարձակ յառաջաբանով, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներով: Փաստավաւերագրական արժէք ունեցող այս գիրքը` հայկական կոտորածներու, տեղահանութեան ու աքսորի ողբերգական պատկերներով, կը պատմէ թուրքերու գազանութիւնները, Զէյթունի հայաթափումն ու Հաճընի, Այնթապի, Մարաշի, Ատանայի, Մերսինի, Սիսի, Եդեսիոյ եւ հայաբնակ այլ ծաղկուն վայրերու ամայացման ու բնակչութեան կոտորածներուն մասին: