Մխիթարեան մեծավաստակ հայագէտ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 200ամեակին առիթով, 2020ին լոյս տեսած է Նամականիին առաջին հատորը, որ կ՚ընդգրկէ 1840-1870 թուականները։ Միւս երկու հատորները, որոնք պատրաստ են հրատարակութեան, լոյս պիտի տեսնեն 2021ի ընթացքին։ Վենետիկի Մխիթարեան Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած այս եռահատորը կ՚ընդգրկէ մօտ 2400 նամակ, ինչ որ գրեթէ կը տասնապատկէ ցարդ ծանօթ Ալիշանի նամակներուն թիւը։ Այս նամակները հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակեն ո՛չ միայն Ալիշան գիտնականին, այլեւ Ալիշան անհատին մասին։ Հեղինակի իտալերէն, ֆրանսերէն կամ հայատառ թրքերէն գրած նամակները ներկայացուած են բնագրով եւ թարգմանութեամբ։ Հատորները օժտուած են բովանդակալից ծանօթագրութիւններով։