2010-ին գրեցի Գրիգոր Պըլտեանի վիպաշարին (աւելի ճիշդ՝ վիպաշարի առաջին հինգ հատորներուն) մասին «Քայքայումի ժամանակը» վերնագրուած աշխատասիրութիւն մը, որ լոյս պիտի տեսնէ Պատկեր, պատում, պատմութիւն շարքիս 2-րդ հատորին մէջ (Ակտուալ Արուեստ, Երեւան, 2016)։ Այդ աշխատասիրութեան վերջին բաժինն է, որ կը ներկայացնեմ հոս։ Նկատի կ՚առնէ վիպաշարին երկրորդ միաւորը եւ անոր մէջ պատմուած «հարուած»ը։
ՎԱՂԱԿԱՏԱՐԱՅԻՆ ՎԷՊ
Ծրագիրը բերինք իր աւարտին։ «Պատկեր»ի խորհուրդին տրամադրեցինք մեր ուշադրութիւնը։ Վկայութեան եւ ինքնակենսագրութեան փոխադարձ պայնաւորուածութեան շաւիղներուն հետեւեցանք։ Բացատրեցինք ինչպէ՛ս վէպը ստիպողութեան տակն է տեւաբար իր էութիւնը եւ իր ծնունդը պատմելու, որպէս ժառանգորդը վկայութեան։ Ցոյց տուինք որ մէկն ու միւսը կը պատմուին անդադար, վիպաշարին մէկ վէպէն միւսը, ծայրէ ծայր, ինքնակենսագրական տարբերակներով, որպէս անցք, որպէս ուրացում եւ սուգ, որպէս վերընկալում, որպէս վերյառնում, որպէս ազատագրում պատկերներու աշխարհին մէջ զբօսաշրջիկի իրավիճակէն, որպէս մոռացութիւնը յիշելու պարտականութիւն։ Ինչ որ կը մնայ գրելիք յաւելուածական բնոյթ պիտի ունենայ հետեւաբար։ Բայց ի՞նչն է պակասը։ Շարքին երկրորդ վէպին՝ «Հարուածը»ին, շատ տեղ չտրուեցաւ նախորդ էջերուն մէջ։ Կարծես շարքին կատարածին՝ վիպական փորձընկալումին կարելի ըլլար հետեւիլ մինչեւ ծայրը առանց այդ մէկ վէպին, երկրորդին, կամ ալ՝ այդ մէկը դուրս ըլլար շարքէն, տարբեր՝ միւսներէն։ Այո՛, շատ տեղ չտուինք հարուածին, սկզբնական էջերէն անդին։ Ընթերցողը կը յիշէ որ «Հարուածը»ի առաջին տողերուն ընդմէջէն ուզեցինք ցոյց տալ վաղակատարի նշանակութիւնը Պըլտեանի վիպաշարին մէջ, վաղակատարի կարեւորութիւնը իր վիպական կիրառումին մէջ։ Հոն վաղակատարը առնչուած էր ձայներուն, բլուրի կիներուն, ընդհանուր բամբասանքին, գրեթէ անանուն պատումին, ուրեմն նաեւ բերանացի աւանդութեան, բանաւորի գերակշռութեան։ Հեղինակը այդտեղ կ՚օգտուէր արեւմտահայերէնի ընձեռած մէկ բախտաւորութենէն (բախտաւորութիւն զոր արեւմտահայերէնը կը բաժնէ թրքերէնին հետ եւ խորքին մէջ՝ փոխ առած է թրքերէնէն), որպէս գործիք, որպէս ուղենիշ, վէպին սահմանը գծելու համար կրկին, ծնունդ տալու համար վիպական կարողութեան եւ կարողականութեան։ Գրականութիւնը պէտք ունի անդադար վերասահմանելու ինքզինք, կարծես չգիտնար ինքն իր էութիւնը, անհրաժեշտութիւնը զգար նորանոր բեմադրութեամբ բնորոշելու իր իւրայատկութիւնը, օրինակ՝ պատումին, պատկերին եւ պատմութեան դէմ յանդիման, ու այդ բնորոշումը կատարելու այսօր աւելի քան երբեք, երբ մէկ կողմէ՝ պատմութիւն, պատում եւ պատկեր կը գրաւեն գիտակցական ամբողջ դաշտը, ու միւս կողմէ՝ վկայութիւն կոչուածը կը ստանայ նոր օրինավիճակ։ Բայց մուտքի բացատրութիւնը բաւարար չէր։ Շատ կանուխէն ներմուծուած ըլլալով, պէտք ունէր շփուելու վէպի կիրառումին հետ, ինչպէս որ զարգացուեցաւ ան յաջորդ էջերուն մէջ, մասնաւորաբար «ինչպէ՞ս դարձայ գրող» հարցումին եւ հարցադրութեան հետ, վէպի ծնունդին ինքնակենսագրական տարբերակներուն հետ, վկայութենէն ժառանգելու արարքին հետ, նաեւ յիշողութեան եղանակներուն հետ, «ի՞նչ է պատմութիւնը առանց յիշողութեան» հարցականին տրուած արձագանգներուն հետ։ Այո՛, բայց ո՛չ միայն այդ։ Սկիզբէն նաեւ գիտէինք որ բացատրութիւնը անբաւարար էր, որովհետեւ անհասկնալի կը մնար պատմողին բաժանումը ինքն իր միջեւ, առաջին տողի «կ՚ըսէ»էն սկսեալ։ Ո՞վ որու կ՚ըսէ, կը հարցնէինք։ Մանո՞ւկը չափահասին, պատմո՞ղը գրողին։ Շատ լաւ գիտէինք որ այդ լուծումները գոհացուցիչ չէին, եւ ամէն պարագայի պէտք ունէին առնչուելու ինքնակենսագրական դարձի եւ վիպական ծնունդի հարցերուն հետ։ Եւ ուրեմն պէտք է կարդալ «Հարուածը», յաւելուածական ընթերցում մը նուիրել անոր։
Գրականութիւնը պէտք ունի անդադար վերասահմանելու ինքզինք, կարծես չգիտնար ինքն իր էութիւնը, անհրաժեշտութիւնը զգար նորանոր բեմադրութեամբ բնորոշելու իր իւրայատկութիւնը…
«Հարուածը» վէպին հանգոյցը հայրասպանութիւն մըն է, դէպք մը որ պատահած է պատմողին լսողութեան եւ հասողութեան դաշտէն ներս, իր մանկութեանը, դղրդած է բլուրի մանրաշխարհը, թերթերուն մէջ լուրի նիւթ դարձած է, թէեւ նուազագոյն չափով, յետոյ տարիներու ընթացքին՝ մասամբ մոռցուած, մասամբ՝ առասպելականացած։ Քիչ ետք ցոյց պիտի տամ թէ ի՛նչ ձեւով վէպը կը պեղէ դէպքը, անոր նախատուեալները եւ անոր արձագանգները։ Բայց ահաւասիկ ի՛նչ որ սոյն վէպը կը զատորոշէ շարքի միւս միաւորներէն։ Ճիշդ է որ անոնց պէս՝ այս մէկն ալ տեղ կու տայ մանրաշխարհի մեծ բերանին, ճիշդ է որ դէպքը առիթ կը դարձնէ բլուրին բնակիչները նկարագրելու ինչպէս որ էին, զիրենք խօսեցնելու ինչպէս որ կը խօսէին, տալով հարազատութեան փնտռտուքի մը տպաւորութիւնը, ճիշդ է վերջապէս որ դէպքին ծուէնները հաւաքողը ինքզինք (եւ իր որոնումը) կը բեմադրէ, ինչպէս միւս վէպերուն մէջ։ Եւ սակայն կը տարբերի անոնցմէ։ Միակն է որ դէպքի մը պեղումին կը ձեռնարկէ։ Միակն է նաեւ, որ նիւթ կը դարձնէ հայրական «կողմ»ը։ Միւս վէպերուն մէջ հայրը կար անշուշտ։ Օրինակ՝ շարքին չորրորդ միաւորն ալ, «Պատկերը», հայրական կողմը կը բերէր յառաջաբեմ։ Բայց հայրը կը մնար խեղդուած, շուք մը գրեթէ, անցնելու դատապարտուած, անխօս, եւ չէինք գիտեր թէ ինչո՛ւ։ Հոս «հարուած»ը կը հասնի հօր, ուղղակի կամ անուղղակի։ Այդտեղէն կը սկսի վիպասանութիւնը։ Ա՛յդ է որ ստիպուած ենք հիմա նկատի առնելու։ Կարծես վիպաշարի մուտքին, երկրորդ իսկ վէպով, հեղինակը ուզէր իր հաշիւը մաքրել հօրը հետ, հօր բարձրացուցած արգելքին եւ արգիլումին հետ։ Կարծես գրելը, եւ ուրեմն ժառանգելը, վկայութիւնը խօսեցնելը, լռութիւնը գիրի վերածելու կարողութիւնը ձեռք ձգելը, ենթալեզուն աճեցնելը, քայքայումի ժամանակին նուիրուիլը, մոռացութիւնը յիշելը (նշելու համար միայն վէպի յատկանիշներէն ոմանք) կապ ունենային հօր կրած հարուածին հետ։ Այս ամբողջը պարտինք հասկնալ։ Բայց արդէն «Նշան»ին մէջ, Արեւիկը չէ՞ր ըսողը՝ «Մի՛ գրեր»։ Կը գրուէր «Մի՛ գրեր»ը։ Լռութեան հրամայականը կը դառնար գրառութեան աղբիւրը։ Ո՞րն է սակայն հօր կրած հարուածը։ Պիտի գիտնա՞նք արդեօք երբեք։ Եւ վերստին (նոր հարցում) ի՞նչ կապ ունի այս ամբողջը պատմութեան եւ պատմականութեան հետ։
ԲԱՑՈՒՄ
Վէպը ունի վեց բաժին։ Առաջին բաժինը կը ներկայացնէ դէպքը, եւ անմիջապէս՝ տղուն ուղղուած հայրական արգելքը, լռելու պարտադրանքը։ Դէպքին դերակատարները երեւան կու գան մէկ առ մէկ, սպաննուած Համբարձում աղան, ոճրագործ որդին՝ Յովհանը, մայրը, մինչեւ իսկ հարսը՝ Թեփորան, որուն մասին բամբասանքը անարգական բառերով կը խօսի։ Բայց սկիզբէն իսկ, նաեւ, կայ տարբերութիւնը։ Մէկը կարծես՝ կը պատմէ։ Երկրորդ մը կարծես՝ կ՚արձանագրէ, կը գրէ, կը վիպագրէ։ Մէկը կը մեկնի վկայութիւններէն, պիտի հաւաքէ զանոնք, հետզհետէ պիտի վերստեղծէ համագիրը, որուն մէջ ի դէպ՝ ինքն ալ կայ, հաւաքողը, պիտի վերակազմէ դէպքը, նախատուեալներու հիման վրայ, պիտի պատճառաբանէ, պիտի մեկնաբանէ, եւ այդ ամբողջը ընելէ առաջ՝ պիտի յիշէ, պիտի մտնէ դէպքի առքին մէջ, դէպքի յափշտակութեան մէջ։ Իսկ մի՞ւսը։ Միւսին մասին բացարձակապէս ոչինչ գիտենք։ Ոչինչ գիտենք որովհետեւ միւսը նոյնն է, որպէս արձանագրող, գրող, վիպագրող։ Համագրել, համադրել, վերակազմել, մեկնաբանել, ասոնք բոլորը պատմագէտին (կամ հոգեվերլուծողին, կամ ոստիկանին) գործերն են։ Անշուշտ երբ դէպքին հոգեբան-պատմագէտը ինքը կը մտնէ դէպքի դաշտին մէջ, կացութիւնը կը փոխուի քիչ թէ շատ, բայց ո՛չ ըստ էութեան։ Համագրելէն, համադրելէն, վերակազմելէն, մեկնաբանելէն անդին՝ ըստ երեւոյթին կայ եզր մը եւս։ Այս մկէը անուն չունի։ Ենթադրենք, որ առաջին եզրը վկային եզրն է ըստ պատմագիտութեան։ Երկրորդը՝ նոյն վկային եզրն է, այս անգամ՝ ըստ գրականութեան։ Բայց պէտք չէ խաբուիլ անուններէն։ Այս չի նշանակեր թէ գիտենք գրականութեան ի՛նչ ըլլալը։ Պէտք է հասկնալ տարբերութիւնը ըսողին եւ արձանագրողին միջեւ։ Գործածելով վիպապաշտներուն բառապաշարը՝ պէտք է հասկնալ տարբերութիւնը, բաժանումը, պատումի երկրորդ եւ երրորդ կարողութիւններուն միջեւ։ Եւ ամէն պարագայի՝ եզրերուն միջեւ չկայ բովանդակային տարբերութիւն։ Վէպին երկրորդ բաժնին մէջ, պատմող-հաւաքողը կ՚անցնի գործի, կը հարցապնդէ վկաները, կը կատարէ հաւաքողի իր պաշտօնը, այցելութեան կ՚երթայ վկաներուն մօտ շատ աւելի ուշ շրջանի մը, ըսենք սպանութենէն տասը տարի ետք, կ՚արձանագրէ վկայութիւնները տետրակի մը մէջ, կը կազմէ արխիւ մը։ Կը խօսեցուին այս ձեւով Անթիքան, Նշանը, Վարսօ Տուտուն։ Ամէն մէկը իր վարկածը ունի ոճիրին եւ դերակատարներուն մասին։ Հետզհետէ կը հասկցուի որ հայրը աչք ունի եղեր հարսին վրայ, որ սպաննուողը յայրատ կողմ մը ունի եղեր, բայց նաեւ որ պատմողին հօրը ընկերն է եղեր ատենօք (էջ 83, «է՛ն լաւը պապադ գիտնալու է, հեչ չե՞ս հարցուցած, չէ՞ր խօսեր մի, պապայիդ ընկերն էր…»)։ Հոս է, որ առաջին անգամ ըլլալով բացէ ի բաց խօսք կը նետուի հարսին. «ըմմա ինչ տեսակ Հռիփսիմեանցցի ըլլալու է քի կը ձգէ ատ էփած աղուէսը մտնէ ծոցը, հաւտալս չի գար» (էջ 87), եւ ա՛լ աւելի յստակ, նոյն էջին վրայ. «Այնքան որոշ, նորէն վերջնական, որքան դատավճիռ մը։ Կարծես տեսած ըլլար, տեսած՝ այդ կրկնուող տեսարանը, երբ այդ Համբարձումը, կէսօրէ ետքերը պիտի քնանամ, կ՚ըսէ եղեր, եւ ահա մարդը կը մտնէր անոնց սենեակը, ինք տեսեր է, շատ շատ անգամներ, ինք գիտէր»։ Արխիւային նօթերու այս կազմութիւնը կը վերջանայ էջ 90, բայց յետոյ ունինք քանի մը էջ ուր արխիւը կազմողը կը խորհրդածէ իր կատարած աշխատանքին վրայ, զայն բաղդատելով հին քրոնիկագիրներու ըրածին. «կարծես չեմ գացած մինչեւ ծայրը, չեմ գտած շրջագիծը, ուզած եմ պատմութիւնը փրկել մոռացումէն, ինչպէս կ՚ընէին ատենին, երբ, լուրջ, պատասխանատու, կարծես կրելով ազգին բովանդակ ճակատագիրը իրենց փետուրին վրայ, կը բանային մագաղաթին առաջին էջը…» (էջ 92)։ Պէտք է յիշել որ «պատմութիւնը փրկել մոռացութենէն» նաեւ Արամ Անտոնեանի գործածած արտայայտութիւնն է «Մեծ Ոճիրը»ի առաջին էջերուն։ Այդ խորհրդածութիւնները կատարողը հեղինակը չէ։ Ո՛չ իսկ պատմասանն է, այսինքն՝ այն մէկը որ կը պատմէ ինչ որ վէպը կը պատմէ մեզի։ Կարդանք այս ապշեցուցիչ տողերը, էջ 93. «Ամենէն խոցելի կէտը այս խծբծուած գրութեան անտաշ ըլլալն է, որովհետեւ, կ՚ըսէ, աններելի միամտութեամբ մը, տարուեր եմ վաւերականով, ստոյգով, նոյնիսկ բարբառային նախնական գոյնին կարելի, երբեմն անտեղի վերարտադրութեամբ, բայց չեմ հասցուցած այդ հակումը առարկայական պատումի մը։ Ապրեր եմ կարծես առասպելով մը, այդ մարդոց պէս ես ալ մնացեր եմ երկրի մը մէջ որ վիպումի երկիրն է։ Չեմ գացած գրառումէն անդին…։ Իրարու դէմ նետուած, իրարու անյարիր, երբեմն սոսկապէս ենթակայական վկայութիւնները դարձեր են վերջնական հաստատումներ…» (ընդգծումը ինձմէ, Մ.Ն.)։ Հաւաքողը կ՚ուզէ ուրեմն գրել պատմութիւնը, ինքն է որ կը խորհրդածէ իր կատարած աշխատանքին մասին, ինքն է որ ինքնիրմէ առարկայականութիւն կը պահանջէ, բայց նաեւ կարգ մը, թերեւս գիտականութիւն մը։ Իր հաւաքածները թերի են, որովհետեւ դէպքի պատմա-հոգեբանական վերակազմութեան չեն հաւասարիր։ Ինքը կը ձգտի այդ վերակազմութեան։ Եւ քանի որ վէպին մեծ մասը այդ տեսակի վերակազմութիւն մը կը պատրաստէ եւ յետոյ կը հրամցնէ, մենք ալ մեր կարգին, անդադար, վերանորոգուած ձեւով, ստիպուած ենք հարց տալու թէ ո՞վ է հոս խօսողը, վերակազմութեան ձգտողը, ամբողջ աշխատանքը կատարողը, պատմահոգեբանական վերլուծումները առաջարկողը։ Կամ հակառակը՝ ո՞վ է այդ ամբողջը ընկալողը։ Եւ եթէ նո՛յնն են մէկն ու միւսը, այն ատեն՝ ի՞նչ է այդ ճեղքուածքը, այդ ծերպը, նոյնին եւ նոյնին միջեւ։ Պատմողը, վերակազմողը, պատմահոգեբանը, «ըսող»ը յայտնօրէն բոլոր ժանրերը, բոլոր սեռերը, բոլոր մեթոտները, բոլոր մօտեցումները, բոլոր մարզերը կրնայ որդեգրել փոխն ի փոխ։ Պատմաբան է, դէպքին պատմաբանը, հոգեվերլուծող է, արխիւներ հաւաքողն է, բլուրին ազգագիրն է, կրնայ նաեւ բանաւոր պատմութեան մասնագէտն ալ ըլլալ։ Բոլորը միասին։ Ընտրովի կամ միասնաբար։ Ամէն ինչ է, բայց չէ՛ վիպագիր։ «Ես գրող չեմ»։ Եւ հոս «վէպ», «վիպային», «վիպագիր» բառերը ընդունել պէտք է կարելի եղածին չափ ժխտական իմաստով։ Մինչեւ իսկ հոգեվերլուծողները պիտի չընդունէին որ իրենց կատարած վերակազմութեան աշխատանքին մէջ «վիպային»ը որեւէ դեր ունի։ Բացէ ի բաց ըսուած է. «Եւ հիմա փորձել հատուածային ճանաչումէն հասնիլ ընդհանուր պատկերի մը համարժէք է վերակազմելու պատռտուած, բզիկ-բզիկ եղած լուսանկար մը, որուն շատ մը մասերը կը պակսին, եւ որքան ջանամ իրարու առնչել ատոնք, կը մնան ծակեր, պարապներ, որ կրնամ անշուշտ ամբողջացնել թափ տալով երեւակայութեանս թռիչքին,… ինչպէս ատենին երբեք չնկարուած մարդոց կենդանանկարը կը յօրինէին…։ Այդ վիպային պատկե՞րն է ուզածս» (էջ 94)։ Ո՛չ անշուշտ։ Ուզածը առարկայականն է։ Բոլոր մարզերը որոնց անունները շարեցի հոս, մինչեւ իսկ հոգեվերլուծումը, իրենց վերակազմած պատկերը, ըլլայ մեկնաբանութեան թէ վերլուծումի արդիւնք, կը հասկնան ու կը հրամցնեն որպէս պատահած։ Թէական թերեւս, բայց պատահած։ Այո՛, մինչեւ իսկ հոգեվերլուծումը։ Ֆրէյօտ ինքը՝ երբեք չէ շեղած այդ սկբունքէն։ Ճշմարիտը եւ իրականը կը զուգադիպին, անքակտելի են։ Եւ քանի որ վերակազմուածը պատահած է, ուրեմն պատմական է։ Եւ ունինք այսպէս վերակազմուածի պատմականութեան սկզբունքը, որմէ որեւէ շեղում աղիտալի պիտի ըլլար, նշեալ բոլոր մարզերուն համար։ Հոգեպատմաբանը այդ սկզբունքին կը հաւատայ, այդ սկզբունքին համաձայն կը գործէ, կը փնտռէ, կը հաւաքէ, կը մեկնաբանէ, կը վերակազմէ։ Եւ մեր օրերուն «բանաւոր պատմութիւն» կոչուածն ալ այդ նոյն սկզբունքը կը տանի ծաղրանկարային համեմատութիւններու։ Կը կրկնեմ. չկայ ատկէ որեւէ շեղում։
Պատմողը, վերակազմողը, պատմահոգեբանը, «ըսող»ը յայտնօրէն բոլոր ժանրերը, բոլոր սեռերը, բոլոր մեթոտները, բոլոր մօտեցումները, բոլոր մարզերը կրնայ որդեգրել փոխն ի փոխ։
Հոս կարծեմ բացատրել ուզածիս հանգուցային կէտին հասած եմ։ Արդէն իսկ։ Չկայ որեւէ շեղում նոյնիսկ «Հարուածը» գրող վիպագիրին համար (չեմ ուզեր ըսել Գրիգոր Պըլտեանի անձը, կ՚ուզեմ ըսել այն մէկը որ կ՚ըսէ՝ «կ՚ըսէ»)։ Եւ այդ է պատճառը, որ Պըլտեանի վէպերը կատարեալ յեղափոխութիւն մը կը ներկայացնեն «գրականութիւն» ըսուած ոլորտին մէջ։ Վէպը հոս կը մերժէ «վիպային»ը առաջին անգամ ըլլալով։ Ուրեմն ի՞նչ, պիտի հարցուի։ «Վիպային»ը մերժելով, կը նոյնանա՞յ արդեօք հոգեպատմաբանի ուզածին եւ կատարածին հետ, կը դառնայ հոգեվերլուծո՞ւմ, կը դառնայ բանաւոր պատմութի՞ւն։ Կը հպատակի պատմականութեան սկզբունքի՞ն։ Ո՛չ անշուշտ։ Կը ցուցադրէ զայն։
Գիտե՛մ։ Անհարկի կերպով արագացուցի ընթացքը։ Կը գտնուինք տակաւին վէպի երկրորդ հանգրուանին։ Բայց անցնելէ առաջ երրորդին, կ՚ուզեմ բան մը եւս աւելցնել, հոգեվերլուծումի մարզին վերաբերեալ։ Ըսի վերը թէ Ֆրէոյտ երբեք չէ շեղած պատմականութեան սկզբունքէն։ Համառօտուած ձեւ մըն էր արտայայտուելու։ Խորքին մէջ ինչ որ կը նկարագրուի հոս, վէպին ներքին յեղափոխութիւնը եւ պատմականութեան սկզբունքին ցուցադրումը, կատարելապէս անկարելի պիտի ըլլային առանց հոգեվերլուծումին յառաջացուցած յեղաշրջումին, պատմողական արարքէն կախեալ բոլոր մարզերէն ներս։ Այո՛, տեղաշարժ մըն է, որ տեղի ունեցած է ֆրէյօտի հնարքին դրդումով, գաղտնի տեղաշարժ մը ի հարկէ, որ փողով ու շեփորով ծանուցումի չէ արժանացած միջազգային մամուլի էջերուն մէջ։ Այդ տեղաշարժը կը հասնի մինչեւ վկայութեան վերասահմանումը եւ Պըլտեանի վէպերուն թաքուն ծրագրաւորումը։ Ֆրէոյտ ինքը անձամբ՝ այս ձեւով հասկցուած տեղաշարժին շատ ուշ անդրադարձած է, իր կեանքին ամենավերջին գրութիւններուն մէջ՝ «Մովսէս եւ միաստուածութիւնը» գիրքին (որ յատկանշական կերպով՝ «Վէպ մը» ենթախորագիրը կը կրէ), եւ Die endliche und die unendliche Analyse (Վերջաւոր եւ անվերջ հոգեվերլուծումը) վերնագրուած յօդուածին մէջ (որ իր կենդանութեան լոյս տեսած վերջին աշխատասիրութիւնն է)։ Երկուքին մէջն ալ, կ՚ուզէ մինչեւ ծայրը հաւատարիմ մնալ պատմականութեան սկզբունքին, եւ երկուքին մէջն ալ՝ ըրածը ձերբազատուիլ է այդ սկզբունքէն, ուրկէ՝ երեւութական հակասութիւն մը, որ համահաւասար է սկզբունքի ցուցադրութեան։ Այս մասին՝ աւելի հանգամանօրէն ուրիշ առիթով։
ԱՌԱՋԻՆ ԵՒ ԵՐՐՈՐԴ ԴԷՄՔ
Եւ այսպէս կը հասնինք «Հարուածը»ի երրորդ բաժնին։ Հոն նախ ոստիկանական կամ դատական քննութեան մասին է խօսքը։ Բայց շատ արագ կ՚անցնինք ինքնակենսագրական պատումին, գերեզմանատան այցելութեամբ։ Պատմուածը միշտ պատմահոգեբանի դիտանկիւնէն է։ Ինքն է այցելողը, ինքն է այցելութիւնը պատմողը, կամ իր մասին է պատմուածը։ Եւ քանի որ հոս շփոթութիւնը կրնար ըլլալ ճակատագրական, հեղինակը կը բազմապատկէ «Կ՚ըսէ»ները։ Բայց ահաւասիկ քանի մը տող, գրեթէ առանց «կ՚ըսէ»ի, ուր առաջին եւ երրորդ դէմքերը կը միջամտեն փոխն ի փոխ (էջ 114). «Այդ կամ նման կիրակնօրեայ պտոյտներու ընթացքին կը հանդիպէր դամբաններու, որոնց տէրերուն անունները գիտէր, պարոն Խաչատուր, որ մեռած էր իմ ծննդեանս տարին…, քովը՝ պարոն Արտաշէս, որուն դէմքը աղօտ կերպով մնացեր էր մտքիս մէջ, կ՚ըսէ»։ Եւ վախճանած ուսուցչուհիի մը դամբանին առջեւ՝ «… ահա հիմա, վերջին անգամ, գրատախտակին առջեւ, հեգելու պահը, երբ կը փորձէ ճանչնալ տառերը, կը վարանի, կը նայի Օրիորդ Թագուհիին, կը պսպղան աչքերը, կլոր թարթիչները կը դողան. չէի գիտեր որ այն ատեն անկարող էին արդէն կրելու արեւն ու ապրելուն մեծութիւնը…»։ Քիչ մը անդին՝ «Քարերը կ՚արձակէին մէջս պառկող առասպելին հատակոտորը…» (ընդգծումը ինձմէ)։ Եւ այսպէս՝ անդադար, էջերով։ «Իր» մասին կը խօսուի, բայց երբեմն «ինք»ն է որ կը խօսի առաջին դէմքով։ Գիտեմ. նոյնիսկ երբ առաջին դէմքով է, կայ ուրիշ մը, որ կ՚արձանագրէ այդ առաջին դէմքին ըսածը, ուրիշ մը որ զայն՝ այդ առաջին դէմքով խօսողը կը դարձնէ վէպին դերակատարներէն մէկը, գլխաւոր դերակատարը։ Բայց արդիւնքը ապշեցուցիչ է։ Այս (կամ նման) այցելութեան մը ընթացքին է, որ պատմողը կը տեսնէ ի՛ր հօրը գերեզմանը։ Ինչո՞ւ սակայն այս այցելութեան երկար տեսարանը։ Որովհետեւ պէտք է հասնինք այն պահին երբ դէպքը յանկարծ կը վերադառնայ, երբ պատմող դերակատարը Մայրենիին՝ քսան տարի առաջ իր տղուն ձեռքով սպանուած Համբարձումին կնոջ գերեզմանը կը տեսնէ։ Դէպքը կը քսուի իրեն, կը յայտնուի երկվայրկեան մը, կրկին կ՚անհետանայ։ Վաղակատարով՝ «Կ՚ըսէ, չէ իսկ կարեւորութիւն ընծայեր այդ բոլորին, ելեր է գերեզմաննոցէն, գոհ ինքն իրմէ, հանգիստ, թեթեւցած, մտեր է քաղաք, ապրողներու աղմուկին մէջ» (էջ 118), եւ հոս՝ ոչ միայն երրորդ դէմքով կ՚ըսուի առաջին դէմքին ապրածը, այլեւ այո՝ վաղակատարով, արձանագրողը ամբողջովին օտարացնելով պատմողէն։ Ու յաջորդ էջին սկիզբը, անմիջապէս, ստեղծագործ, պահպանող մոռացումի մը մասին այս տողերը. «Սակայն չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, դէպքը չէ եղած անհետ։ Մոռցեր էի, բոլորովին մոռցեր, բայց հիմա, կ՚ըսէ, կը թուի, որ այդ մոռացումը տեւական չէր, խորքին մէջ, այսօր կրնամ ըսել, որ այդ մոռացումը ուրիշ բան չէր եղած եթէ ոչ անյիշողութիւն մը, աւելի խորունկ վերյիշումի մը սկիզբը, մոռցեր էի, կ՚ըսէ, վերյիշելու համար եւ այդ անյիշողութիւնն էր որ դիւրացուցեր էր մտաբերումը, մտաբերումէն անդին՝ մտալլկումը, երբեմն»։ Հասկնալի է. յետամղուածն է որ ազդեցիկ է, կ՚ապրի խորերը թաղուած, խլրդային կեանքով մը, ու աւելի ուշ կը վերադառնայ, աւելի ուժգին։ Յետամղումն է որ զինք պիտի մղէ խորացնելու դէպքին պարագաները, զայն պատմականացնելու, համագրայնացնելու։
Պըլտեանի վէպերը կատարեալ յեղափոխութիւն մը կը ներկայացնեն «գրականութիւն» ըսուած ոլորտին մէջ։ Վէպը հոս կը մերժէ «վիպային»ը առաջին անգամ ըլլալով։
Իսկ թէ ինչո՞ւ դէպքը պէտք է մտալլկում դառնար, այդ մէկը բացայայտ կերպով չէ ըսուած մինչեւ վէպին վերջին էջերը, բայց հայրը, անձնական հայրը, հեռու չէ դէպքի վայրէն։ Զոհը հօր ընկերն էր։ Եւ հայրը բացարձակապէս կ՚արգիլէ, որ խօսուի դէպքին մասին։ Այդ արգիլումին դէմ է, որ գրառութիւնը կը ծնի, անկէ կը ստանայ իր թափը։ Որդին կը գրէ արգիլումին մօտիկը։ Բայց այնքան ատեն որ արգիլումը չի մտներ որդիին մտորումներու ծիրին մէջ, կամ կը մտնէ միայն որպէս լռութիւն, պատմողը եւ արձանագրողը կը մնան երկու, բաժնուած իրարմէ։ Այս ամբողջը յստակ է արդէն իսկ գերեզմանի տեսարանին մէջ. «Հայրիկիդ հարցնէիր, ըսեր էին, երբ հետաքրքրութեան նշաններ ցոյց տուեր էի. իսկ հայրիկէն մնացած էր միայն մէկ տպաւորութիւն. սո՛ւս ծօ, ըսուած կտրուկ, ապտակի մը պէս, եւ լռութիւնը» (էջ 119), կամ՝ «հայրիկին հետ այս հեռաւոր առնչո՞ւմն էր արդեօք որ զինք մղեր էր, առանց իսկապէս անդրադառնալու արարքի նշանակութեան, խօսեցնելու դէպքին հեռուէն կամ մօտէն տեղեակ մարդիկը» (էջ 120)։ Այս երրորդ գլուխին մէջն է ամէն պարագայի, որ կը սկսինք հարց տալ թէ ուրկէ՞ կու գայ տղուն հետաքրքրութիւնը, մտաբերումն ու մտալլկումը հայրասպանութեան դէպքին նկատմամբ։ Ճիշդ է։ Մտալլկումը կու գայ, ենթադրենք, սպանուած հօր եւ անձնական հօր մօտիկութենէն, լռութենէն, խլուրդի գոյութեամբ ապրող յետամղուածէն, անյիշողութենէն։ Բայց ասիկա պատմողին մտալլկումն է։ Իսկ արձանագրողի՞նը։
ՍՏՈՅԳԻՆ ՈՐՈՆՈՒՄԸ
Պատմահոգեբանական ծրագիրին լծուած տղան կ՚ուզէ ուրեմն ձերբազատուիլ ե՛ւ պաշտօնական տարբերակէն, ե՛ւ մասամբ բանաւոր փոխանցումի ենթակայութենէն, ըսենք, կամ վիպային հանգամանքէն։ Չ՚ուզեր երեւակայել, զինք հետաքրքրողը ճշմարտութիւնն է։ Ճշմարտութիւնը պատմական է։ Յաջորդ գլուխին մէջ պիտի այցելէ միակ վկային, որ ողջ մնացած է, այսքան տարիներ ետք, իմա՝ հարսին՝ յուսալով, որ անկէ պիտի կարենայ քաղել վճռական մանրամանսութիւն մը, կամ գուցէ լման ճշմարտութիւնը։ Հարսին այցելութեան երթալու գաղափարը սակայն հետեւանքն է յայտնութեան մը։ Հին, մոռցուած, յիշողութիւններուն մէջ թաղուած դէպքին վկաներէն մէկն է, թաղին բնակիչներէն մէկը՝ Մեխակ Հայկուհին, որ ճամբան ցոյց կու տայ, «երբ պիտի մեկնէի տունէն ու քաղաքէն» (էջ 125)։ Վերջին վայրկեանի յայտնութիւն մը ուրեմն, գրեթէ պատահական, որմէ կը սկսի դէպքին վերադարձը։ Անցեալն է որ կը վերադառնայ՝ ստեղծելով այդ տարօրինակ զգացումը, որ ունինք, երբ վիպային անցեալը, կորսուած, առասպելի վիճակին վերածուած անցեալ մը կը խուժէ ներկային մէջ։ Ես/ինք ըսողը, պատմողը կը տեսնէ ուրեմն կինը, նախկին հարսը, Հայկուհիի պատուհանէն. «Որքան կինը կը քալէ զառիվերէն, իսկ ես կը ծռիմ պատշգամէն, հետեւելու համար անոր դանդաղ քայլուածքին, այնքան կը հակիմ զգայութիւններու այն տարտամ ու խուլ ցանցերուն, որ կը յայտնուէին մէջս, երբ կը դիտէի վարէն պատշգամի բազրիքին կռթնած հարսը» (էջ 133)։ Եւ քանի որ այս երրորդ գլուխը մոռացումի եւ վերյայտնութեան տարտամ խաղին նուիրուած է, ահաւասիկ յայտնութիւն մը եւս, հինէն լսուած խօսք մը Համբարձումին մասին, խօսք մը, որ մոռցուած գացած էր, եւ որ հիմա յանկարծ իմաստ կը ստանայ, խօսք մը որ այդ Համբարձումը մօտիկը կը դնէ Սեդօ հօրեղբօր, այն մէկուն, որ (1918-1920 տարիներուն) կինը Հալէպ ձգեր է, Կիլիկիա գացեր է կռուելու եւ հոն էշ նահատակ եղեր է։ Անոր «խենջար»ը Համբարձումը բերեր է եւ յանձներ է հօր, որ մինչեւ իր մահը պահեր է զայն, պահեր է որպէս նշխարք մը։ Հոգեվերլուծողները այդ առարկային նշանակութիւնը թող վերբերեն։
Վերյայտնութեան նուիրուած գլուխէն ետք, ահաւասիկ նախկին հարսին, դէպքի հարսին՝ Թեփորային յատկացուած գլուխը։ Պատմողը այլեւս զանցած է մոռացութիւնը։ Մտած է վերստին պատմութեան մէջ։ Այցելութեան կ՚երթայ այդ «վաթսուննոց» կնոջ (էջ 155), միակը որուն համար դէպքը առասպելական չէր ու չէ՛։ Ի՞նչ պիտի ըսէ ոճիրին մասին, իրենց ընտանեկան խաղաղ կեանքը նկարագրելէ ետք։ Ժամանակաւոր նոպայ մը, կ՚ըսէ, կը կրկնէ գրեթէ բառ առ բառ պաշտօնական տարբերակը։ Մինչեւ իսկ սուտ կը խօսի՝ ըսելով, որ ինքը հոն չէր ոճիրին օրը։ «Բայց ինչպէ՞ս, կ՚ըսէ, ինչպէ՞ս գիտնալ ստուգապէս»։ Ստոյգը այն է՝ ինչ որ կը հակադրուի վիպայինին։ Բան մը շահած է սակայն այդ այցելութեամբ, տեսակ մը մտերմութիւն տռամի մասնակիցներուն հետ։ Եւ հոս արդէն իսկ կը սկսի վերստեղծել, պիտի ըսէի գրեթէ՝ հնարել, պատրաստելով ինչ որ պիտի գայ հինգերորդ բաժնին մէջ։ «ինչպէ՞ս վերակազմել այն տարտամ զգայութիւնը, որ ունեցայ պահ մը, չանդրադարձայ բոլորովին ատոր, այն հեղուկ, քողի նմանող ու զիս պարուրող գրգիռը, հոսք մը գրեթէ, որ կը բխէր, կ՚արտածփար միայն ոճիրի, հեշտութեան, վայելքի ու բրտութեան աղբիւրէն ու կը տարածուէր սենեակին մէջ» (էջ 187)։ Ոճիրը՝ լաւ, բայց հեշտութիւնն ու վայելքը ուղղակի վերակազմուած ճշմարտութեան մաս կը կազմեն։ Ճշմարտութիւնը հոս արդէն իսկ՝ դարձած է իրականութիւն։ Այցելութենէն կը մնայ միայն «պարապ» մը, «այդ պարապը, կ՚ըսէ, այդ լեցուն պարապն էր որ կը մնար, այն որ կ՚ամբարուի, ինքզինք կը պահպանէ, ինքզինք չտուող, էջի մը պէս» (էջ 190)։
Եւ այսպէս կը հասնինք հինգերորդ բաժնին, այն մէկուն, որ նուիրուած է ոճիրի հոգեպատմական վերակազմութեան։ Պէտք չէ մոռնալ մղիչ ուժը այս քննարկումին։ Սոփոկլէսի Եդիպոսին նման, պատմողը հոս կը քալէ ոճիրի մը հետքերուն վրայ, առանց անդրադառնալու, որ այդ հետքերը կը վերադարձնեն զինք դէպի իր անձը։ Կառոյցը անշուշտ աւելի բարդ է, քան այն մէկը, որ կը կազմակերպէ Եդիպոս Արքան, քանի որ պատմողի եւ արձանագրողի ճեղքուածքը կայ այստեղ, անհրաժեշտ ճեղքուածք վկայութեան դարուն, այսինքն այն դարուն, երբ պատմականութեան սկզբունքը իր տիրութիւնը ընդարձակած է բոլոր մարզերուն վրայ, եւ երբ գրականութեան կը մնայ միայն մէկ բան, բայց էականը. այդ սկզբունքին ցուցադրումը, պատումը բարձրացնելով երրորդ կարողութեան։ Վերակազմութիւնը ստիպուած է նկատի առնելու ընթացիկ մեկնաբանութիւնները, ու վերստեղծելու ցանկութան եւ ոճիրի ամբողջ շրջածիրը, ընտանեկան տռամային բոլոր բաղադրիչները մէկ առ մէկ իրարու զօդելով։ Ամէն ինչ կը սկսի Համբարձումի անդիմադրելի ցանկութեամբ իր հարսին համար, երբ իր կնոջ մէջ շատոնց պաղած էին այդ կրակները, եթէ երբեք գոյութիւն ունեցած էին։ Բանաւոր առասպելի վկաներէն մէկուն խօսքը կը յիշուի, «տաք փուռը գտաւ, մէջը մտաւ» (էջ 210), եւ պատմողը արդէն իսկ իր մեկնաբանութեան մանր հիւսքով սկսած է պատել դերակատարները, ամենէն փոքր նշաններու հիման վրայ. «Այն տենդին, այն արտակարգ բայց քաղցր կիրքին արձագանգը չի՞ գտնուիր Թեփորայի խոստովանութեան մէջ, շատ կը սիրէր ինծի, հոգի կու տար»։ Եւ ուրեմն որոշուած է։ Վերակազմութիւնը անկողինի տեսարաններ կը ստեղծէ հարսին ու կեսրայրին միջեւ։ Յովհանը, ապագայ ոճրագործը, որ հարսին առքին մէջ բռնուած է ինքն ալ, կը տեսնէ զիրենք (վերակազմողին համաձայն), կը խենթենայ, չի խօսիր։ Կամ (տարբեր մեկնաբանութեամբ մը) Յովհանը եւ հարսը կը համակրին իրարու, կը զուարճանան, կը խաղան ձեռքի խաղեր, մինչեւ որ հայրը անդրադառնայ վտանգին եւ սաստէ երիտասարդը, արգիլէ։ Երկու մեկնաբանութիւնները կը գոյակացին, կը յարմարին իրարու։ Երբ տղան կը տեսնէ զուգաւորումը հօր եւ հարսին միջեւ, «այն ատեն գիտցաւ, կ՚ենթադրեմ, որ քայքայումը սկսած էր» (էջ 220)։ Հասնելու համար կնոջ, տղան պէտք է ջնջէր այդ խոչընդոտը որ լերան մը պէս կը ցցուէր դիմացը։
ՎԻՊԱՅԻՆԸ ԵՒ ՎԻՊԱԿԱՆԸ
Այս վերակազմութեան ընթացքին, զարմանալի չէ որ հայրերը շփոթին, արդէն այնքան մօտ էին իրարու։ Տղուն (ոճրարգործ տղուն) մտքին մէջ կը յառնէ, իբր թէ, ուրիշ տեսարան մը, «երբ գիշերը, մութին մէջ, շատ առաջ, շատ առաջ, արթնցեր էր աղմուկէն, չէր գիտցած ո՞ւր էր, նստեր էր, դարձեր էր մօր կողմը, եւ այն ատեն տեսեր էր հսկայ շուք մը որ հակած էր անոր վրայ, կարծես կը բզքտէր, որ դարձեր էր մէկէն, իր կողմը, / սո՛ւս ծօ, ըսեր էր հօր ձայնով» (էջ 222)։ Երբ գիտենք որ «սո՛ւս ծօ»ն պատմողին հօր խօսքն է, որ կը կրկնուի քանի մը անգամ վէպին մէջ, լռութիւն պարտադրող, լռութեան մէջ սուզուելու եւ խեղդուելու խոստումով, այս մէկ «սո՛ւս ծօ» իսկապէս ընթերցողի ուղեղին մէջ ալիքներ ու արձագանգներ կը ստեղծէ։ Այս ամբողջը, որպէսզի վերակազմուի ինքնաբերաբար այն պահը, երբ մեռցնելու որոշումը կը կայանայ տղուն մէջ։ Բիրտ, գրեթէ անասնական հօր մը պատկերը կը կերպարանուի իր (թէ մե՞ր) աչքին առջեւ։ Բայց մայրն ալ իր պատասխանատուութեան բաժինն ունի եղեր։ Բաժնած է իր անկողինը, զզուած է այդ մարդէն, ինչո՞ւ ինքը չըլլար տղան ոճրային արարքին մղողը։ Եւ ահաւասիկ վարկածը դարձաւ իրականութիւն։ Հոս ալ, պատմողը (եւ արձանագրողն ալ իրեն հետ) ի՛ր մօր մասին չէ՞ որ կը խօսի, տպաւորիչ է հատուածը, մօրը մասին է. «Չէ՞ր բաւեր շարժիլ բնազդով, ըմբռնել տղուն հոգեկան խախուտ դրութիւնը, լարել, ստեղծել կլիման, տեւական գանգատը, տեւական անէծքն ու վարկաբեկումը մարդուն, որ ո՛չ հայր էր, ո՛չ ամուսին, ի՞նչ էր որ ան, ինչո՞ւ առի, երանի չառնէի, եթէ ալամին բերանը իյնալը չըլլար, կը ձգէի, կ՚առնէի տղաքը ու կ՚երթայի։ Այսպէս լսեր եմ մայրիկը, անդադար դժգոհ, անդադար փորձող խզումի քայլը եւ ետ կեցող» (էջ 232)։ Վերջին նախադասութեան մէջ անցքը կատարուած է։ Պատմողին մօր մասին է, ո՛չ թէ ոճրագործ տղուն մօրը։ Թող ըլլայ բաղդատութիւն մը միայն, կացութիւնը հասկնալու համար ծանօթ վիճակի մը յիշատակումը միայն։ Եւ հոս ամէն պարագայի՝ ետ քայլ մը կը կատարէ պատմողը, եթէ ինքն է տակաւին խօսողը։ Կարծես ինքն իրեն կը մեղադրէ, քիչ մը շատ հեռու գացած ըլլալուն համար, ըսի-ըսաւներու լպրծուն զառիվարին անձնատուր. «Կը հետեւիս, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, առանց վարանումի, քուկդ կը դարձնես բամբասանքներուն վկայութիւնը, կարծես թէ այնքան դիւրին ըլլար օրինազանցումը։ Գրեթէ տարւած՝ քու կարգիդ ատոնց թելադրած գայթակղեցուցիչ վէպէն, որուն մէջ ապրելէն կը հեշտանայ թաղեցին» (էջ 235)։ Ուրեմն վէ՞պ էր, վիպայինի՞ իմաստով։ Պէտք չէ՞ տարուեր ինքը այդ «վէպ»ով արդեօք։ Այսքան դժուա՞ր է ուրեմն վիպայինէն ձերբազատուիլը։ Եւ պէտք է նշմարել «քու կարգիդ»ի երկրորդ դէմքը, մտերմութիւնը պատմողին եւ արձանագրողին միջեւ, նոյնութիւնը գրեթէ, որ պիտի հասնի իր կատարին վերջին բաժնին մէջ։ Հոն չենք հասած տակաւին։ Վերակազմութան մէջն ենք, ասոր տարօրինակ օրինավիճակին յանձնուած, վիպայինին եւ վիպականին միջեւ։ Ազդարարութիւն մըն է ինչ որ կարդացինք։ Միշտ կայ վտանգը հոգեպատմականին սահմանը զանցելու, անցնելու միւս կողմը, վիպայինին կողը։ Բոլոր հոգեպատմական մարզերը (հոգեվերլուծում, ազգագրութիւն, բանաւոր պատմութիւն) այդ վտանգին ենթարկուած են։ Վէպը (Պըլտեանականը) հոգեպատմականի սահմանին վրայ կը յառաջանայ, կը վերափորձարկէ զայն, կը յանձնէ ինքզինք սահմանի հակասական կամ յարակարծական տեղագրութեան։ Եւ վէպ բառը այս անգամ կը գործածեմ վիպականի, ո՛չ թէ վիպայինի, իմաստով, հասկնալու եւ ընդունելու պայմանաւ որ վիպականը ստիպողութեան տակն է անդադար ինքզինք սահմանելու, ինքզինք սահմանելու վիպայինին դէմ, հոգեպատմականի սահմանին վրայ։ Սահմանումը երբեք չէ տրուած։ Վէպն է, որ կը կատարէ զայն, իր ընթացքով։ Բայց քանի որ նոյն բառն է, քանի որ երկուքն ալ «վէպ» են, ե՛ւ վիպայինը, ե՛ւ վիպականը, մոլորումը դիւրին է։ Կրնայի մինչեւ իսկ ըսել որ մոլորումը օրէնք է։ Այդ է պատճառը, որ արձանագրող-պատմողը (հոս, այս հանգուցային պահին, չեն զանազանուիր իրարմէ, հիմա հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ) կը զգուշանայ վիպայինէն, բայց չի սրբագրեր, կը շարունակէ նոյն ընթացքով։
Հոգեպատմաբանը հօր եւ որդիին միջեւ յարաբերութիւնները նորովի կը փորձէ ուրեմն մեկնաբանել (հայրը կ՚ուզէր հերոս երեւիլ տղուն աչքին, մինչդեռ խղճալի էր միայն), եւ յանկարծ, էջ 239, վերստին հայրիկն է, պատմողին հայրը, որ կ՚առնուի որպէս չափանիշ, «ինչպէս հայրիկը, միշտ իր ամրափակ հեղինակութեան մէջ պահուըտած, միշտ գիտցողի, իրաւացի եղողի կտրուկ շեշտով, որ կը սպաննէ ու ոչինչ կ՚աճեցնէ»։ Հոս հայրերը զանազանելի չեն։ Հայրը կ՚երեւի ինչպէս որ է, մերկ, ծիծաղելի, «վերէն վար մերկ, առանց այն շուքին, որ հայրութիւն կոչուածը դնելու է շուրջը եւ որմէ կ՚ակնածիս» (էջ 241)։ Յետոյ կայ յիշատակը այն զզուելի պահուան, երբ հայրը տղուն ամորձիքներուն կը դպի, վստահ ըլլալու համար որ «իջած են», ատելութեան վերակազմուած սկզբնաւորութիւնը, այդ գերագոյն վիրաւորանքը, տղուն վրայ իշխելու կարողութիւնը։ Եւ այս ամբողջը բացատրելէ ետք, «անկարելի չէ քեզի մօտենալ վերջին տեսարանին։ Պէտք է բեմադրես կրկին, խմբագրես զայն» (էջ 246)։ Այս երկրորդ դէմքով յորդորին մէջ, պատմողին եւ արձանագրողին տարբերութիւնը անհետացած է։ Անշուշտ պիտի չգտնուի բուն, միակ, վերջնական պատճառը, բայց կարեւորը հոգեպատմական վերակազմութիւնն է. «Բայց դուն կրնաս դնել այդ հայրն ու որդին դէմ դիմաց, վերջին ճակատումի մը ատեն»։ Մէկը կ՚արգիլէ, միւսը կ՚ուզէ աշխարհը մաքրել այդ աղտեղութենէն։ Եւ ահաւասիկ վերջին հանդիպումի տեսարանը, ուրեմն. «Ծօ նորէն հոս ի՞նչ գործ ունիս, ըսած պէտք է ըլլայ Համբարձում աղա, ինչպէս վանելու շեշտով ըսած պէտք է ըլլայ հայրիկը, երբ ըլլայի հոն ուր չէր սպասեր, ինչպէս կ՚ընեն այս մարդիկը երբ իրենց հասուն մարդու իշխանութենէն վար կը նային ու կը դատեն տղոց արարքները» (էջ 248)։ Հոս հասկնալի է, թէ ինչու պէտք է մեր կարգին դանդաղ յառաջանայինք։ Եթէ ոչ՝ անկարելի պիտի ըլլար հետեւիլ հայրերու այս զուգամիտութեան, այն հատուածին մէջ ուր, զուգադիպութեամբ, պատմողն ու արձանագրողը չեն զանազանուած այլեւս։
Եւ հիմա հայրն է այլեւս կեդրոնը։ Գիրքին վերջին էջերն են։ Հարուածը պիտի հասնի իր թիրախին (Էջ 264)։
սո՛ւս որ կ՚ըսէր, կը լսէի, կը թուէր թէ կը լսէի կլոր պարապ մը լեզուին տակ, չըսուած բաներու բովանդակ մը թելադրող, որ այլեւս մաս կը կազմէր իր ձայնին […]. Մինչեւ վերջը այդ լռութիւնը պահպանեց, կոկորդէն բռնուած, խեղդուեցաւ այդ մնջութեամբ։ Չես կրնար չմտածել, արդեօք ան չմեռա՞ւ անհասկնալի հարուածէն։ Եւ ասոր համար է որ չես կրնար չըմբոստանալ,… արդեօք ան չէ՞ր տառապեր անձնապէս գաղտնիքէն, որպէս թէ իրն ըլլար եւ զայն քողարկելով կ՚իւրացնէր զայն բայց կը մեռնէր անով, թերեւս անկէ զարնուած։
Այո՛, բայց ինչո՞ւ հարուածը պիտի հասնէր հօր, անձնական հօր, սեփական հօր, պատմող-արձանագրողին հօր։ Պահ մը պէտք է յիշել շարքի չորրորդ վէպին՝ «Պատկերը»ին կորսուած լուսանկարը, անգտանելին, այն մէկը որ մէջտեղէն վերցուեր էր, թերեւս մօր ձեռքով եղած ճարպիկ ջնջումով, այն լուսանկարը որուն ընդմէջէն տղան, պատմողը, պիտի ունենար փաստը հայրիկին երիտասարդական տարիներուն։ Կապ մը կա՞յ երկու լռութիւններուն միջեւ։ Եւ ինչո՞ւ վերջին հաշուով հայրը «այնքան խորունկէն խռոված» ըլլար, «որ անկարող էր դիմադրելու հարուածին առանց լռելու, որով լռութիւնը պաշտպանութեան ձեւ մըն էր, սուգի ձեւ մը» (էջ 261)։ Հարուածը հասած է հօր, առանց ո՛չ մէկ յաւելեալ բացատրութեան։ Լռութեան համար բացատրութիւններ կը փնտռուին, սուգ, անկարողութիւն դիմադրելու։ Բայց հարուածի՞ն համար։ Շատ մօտիկ ընկերն էր, ա՞յդ է պատճառը։ Բայց չէին տեսնուեր, կ՚ըսուի, տարիներէ ի վեր։ Ուրեմն վէպի տրամաբանութեան համաձայն կայ բան մը, որ բացատրութիւն չունի, այն՝ զոր կը կոչէ «գաղտնիք»ը։ Հարուածը կը մնայ անհասկնալի մինչեւ իսկ այնքան նուրբ եւ այնքան հմուտ կերպով ոճիրին տեսարանը վերակազմողի աչքին։ Գաղտնիքը կը խուսափի հոգեպատմական մօտեցումէն։ Կը գտնուի լռութեան եւ արգիլումին ետեւ, այն նոյն արգիլումին, որ խենթեցուցած է միւս տղան, ոճրագործը, ու զայն մղած է սպանութեան, հայրասպանութեան։
Այս վերջին գլուխին մէջ, որ մի-միայն հօր գաղտնիքին նուիրուած է, հոն՝ ուր հարուածը կը վերադառնայ տուն, ուր հայրերը կը շփոթուին, այլեւս բացարձակապէս չկայ նաեւ պատմողին ու արձանագրողին միջեւ գաղտնի հեռաւորութիւնը։ Չկայ ոչ մէկ «կ՚ըսէ»։ Փոխարէնը քանի մը անգամ կայ «կ՚ըսես» մը, կայ երկրորդ դէմքին մտերմութիւնը, որով պատմող-արձանագրողը կ՚ուղղուի ինքն իրեն, «կը նայիս, կը մօտեցնես, իրարու քով կը բերես…» (էջ 266), «այս է որ քեզ կը խռովէ, վրիպած որդին» (էջ 276)։ Նիւթը հօր տկարութիւնն է, հօր թշուառութիւնը, արգելքը զոր յարուցանելէ առաջ որդիին դէմ՝ յարուցած է ինքն իր դէմ, եւ որմէ մեռած է, կ՚ըսէ, որդիին փոխանցելով ե՛ւ տկարութիւնը, ե՛ւ լռութիւնը, ե՛ւ արգելքը, ե՛ւ ուրեմն զանոնք հասկնալու անհուն պարտականութիւնը։ Պամտող-արձանագրողն է, մէկ անձ եղած այլեւս, ինքն իրեն հասած, իր ինքնութեան որպէս գրող, որ կ՚ըսէ ինքն իր մասին, անշուշտ երկրորդ դէմքով (եւ ոչ վաղակատարային երրորդ դէմքով մը). «Դուն ալ, շատ ուրիշներու պէս, կարող չես այդ ելքին, Յովհանի արիւնոտ ելքին, չես տեսներ, չես տեսած հարուածը, որ զգետնէր հայրիկը, եւ իր կոկորդէն բռնուած ու վիրաւոր այդ մարդը անկարող ես խորտակելու կամ կրելու» (էջ 267), եւ անդին «կարծես քու պատմութիւնդ ըլլար…» (էջ 268), ու նորէն «կարծես քու արարքներդ ըլլային, որ յիշէիր, կը կրկնէիր զանոնք…» (էջ 270)։
ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑԸ
Ինչո՞ւ այսքան յուզում։ Մտալլկումը ի՛մս է հիմա, եւ սակայն պէտք է փակել։ Կ՚ուզէի շարքին վէպերէն մէկը քննել, յետոյ՝ համադրել, եզրակացնել։ Վէպը կը սկսէր ոճիրով մը, հայրասպանութեամբ մը։ Ոճիր մը գործուեր էր հոն, անցեալին մէջ, ըսենք՝ յիսունական թուականներուն սկիզբը, քովի դուռը, գրեթէ։ Պէյրութ ենք, մեր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնն է, եւ ամէն պարագայի մենք ենք բոլոր վէպերուն հերոսը, շեշտուած կերպով, հատու կերպով ինքնակենսագրական։ Ո՞վ՝ մենք։ Անուն չունինք։ Մանրաշխարհի մը բնակիչն էինք, հիմա չենք։ Դարձած չափահաս, ոճիրին շուրջ կը սկսինք հետախուզական աշխատանք մը, հետզհետէ աւելի մտալլկիչ։ Վկաներուն կը դիմենք, մէկ առ մէկ, վկայութիւններ կը հաւաքենք, կ՚արձանագրենք։ Պէտք է վերակազմենք դէպքը, վերստեղծենք դերակատարները, երեւակայենք ընտանեկան ու ընկերային համագիրը, վերակառուցենք դրդապատճառները որոնք այդ տղան մղած են հօրը վրայ կրակելու, երեք անգամ։ Պատմագէտ ենք ու հոգեվերլուծող միաժամանակ։ Երկու մարզերը կը միացնենք մէկ անձի մէջ։ Կ՚ուզենք ստոյգին հասնիլ, իրականութեան ստոյգ կռուանին, խարիսխին, չենք բաւարարուիր ըսի-ըսաւներով, բամբասանքով, վկաներու կամ բանիմացներու շաղակրատութեամբ, տարածուած առասպելներով, ո՛չ իսկ դատական քննութեան եզրակացութիւններով, դէպքին շուրջ։ Կ՚ուզենք գործածել բանաւոր աւանդութիւնը, անկէ ցուցանիշներ քաղելու համար, ու վերադառնալու համար բուն պատահածին, վերակազմելու համար ստոյգ իրողութիւնը, հրամցնելու համար զայն մենք մեզի որպէս վարկածային բայց անհերքելի իրականութիւն։ Եւ այդ ընելու համար բացարձակապէս ուրիշ նախատուեալ չունինք։ Ունինք միայն այն, ինչ որ բանաւոր աւանդութիւնը հիւսած է ու տակաւին կը հիւսէ դէպքին շուրջ այս մանրաշխարհին մէջ, զոր նաեւ ու միեւնոյն առիթով կը նկարագրենք։ Վկաներու խօսքը, վստահելի կամ անվստահելի, այդ խօսքէն բխած մանրապատումները մեր միակ արխիւը կը հանդիսանան։ Բայց արխիւ մըն են, անոնց հետ կը վարուինք որպէս արխիւ մը, որուն փոխանցած տեղեկութիւնները սակայն պէտք է գիտնանք մեկնաբանել, ի կատար հասցնելու համար մեր հետախուզական վերակազմութիւնը, իր եռակի բնոյթով, գրեթէ ոստիկանական, գրեթէ պատմական ու պատմագիտական, գրեթէ հոգեվերլուծական։
Մինչեւ հոս ոչի՛նչ որ ըլլար յեղաշրջական։ Շատ մը վիպագիրներ նոյն նախապայմաններով աշխատած են, նոյն ծրագիրը մշակած են։ Այո, բայց ուշադիր՝ խօսեցայ յոգնակիով, ըսի «մենք»։ Ինչո՞ւ «մենք», ո՞վ ենք մենք։ Ո՞վ է հետախուզումը կատարողը, վկաներուն քով գացող ու զանոնք խօսեցնողը, տետրակի մը մէջ նօթագրողը, վերջին բուն վկան հետապնդողը, ետքը՝ վերակազմութեան ձեռնարկողը։ Անուն չէ տրուած իրեն։ Կոչենք զինքը (ինչպէս ըրինք մէկ անգամ նախորդ էջերուն մէջ) Եդիպոս, պայմանական անուն, կրնար ըլլար որեւէ ուրիշ անուն մը։ Ուրեմն Եդիպոս հետախուզական աշխատանքին յանձնուած է։ Իր էութիւնն է, ինք հետախուզողն է։ Վէպին նիւթը այդ հետախուզումն է։ Եւ ուրեմն, խորքին մէջ, կրկնակի վէպ մըն է մեր կարդացածը։ Ունինք նախ ոճիրին պատմութիւնը, որ կը յստականայ հետզհետէ, զոր կը տեսնենք մեր աչքերուն առջեւը, վերակազմուած, լման, համոզիչ վերստեղծումով մը։ Բայց ունինք նաեւ այդ վերակազմութեան տանող լման հետախուզական որոնումին պատմութիւնը։ Եդիպոսն է միշտ, երկու բեմի վրայ միեւնոյն ժամանակ։ Կայ ոճիրին տեսարանը։ Եւ կայ երկրորդ տեսարան մը, այն մէկը, ուրկէ ինք կը դիտէ ոճիրը որ հետզհետէ կը վերակազմուի իր ջանքերով, ի՛ր ու մե՛ր աչքին առջեւ։ Եւ հոս ալ, իրականութեան մէջ, մասնաւոր նորութիւն մը չկայ։ Ի վերջոյ ուրիշ ի՞նչ ըրած են մէկ ու կէս դարէ ի վեր՝ մարդկային կոչուած գիտութիւնները, գերմանենէն բառով մը՝ die Geisteswissenschaften, եթէ ոչ իրենք իրենց համար փնտռել գիտական օրինաւորութիւն մը։ Ինչո՞ւ։ Չունէի՞ն օրինաւորութիւն։ Ո՛չ իբրեւ գիտութիւն, իբրեւ պատմողական մեկնաբանութեան գիտութիւնները։ Հոգեվերլուծումով եւ Ֆրէոյտի ինքնահարցադրութեամբ չէ՛, որ սկսած է ստոյգին ձգտող այդ արկածախնդրութիւնը, հոն ուր կար ու կայ միմիայն վկայութիւնը։ Սկսած է ԺԹ. դարու բանասիրութեամբ, բանասիրական կրթանքներով, եւ առաջին հերթին՝ համեմատական առասպելաբանութեան գիտութեամբ։ Պատումին եւ պատմուածին հետ գործ ունէին այդ գիտութիւնները։ Պէտք է մեկնաբանէին, հասնէին ստոյգին, պատումին ընդմէջէն, միայն ու միայն պատումին ընձեռած ցուցանիշներով։ Կը վերակազմէին անդադար ոճիրին տեսարանը, եւ այդ իսկ վերակազմութիւնը կը դարձնէին դիտարկումի առարկայ։ Ճիշդ է, հոգեվերլուծումով է, որ լիովին յայտնի դարձած է այս կառոյցը, երկու մակարդակով եւ երկու տեսարանով կառոյցը։ Հում նիւթը միշտ եղած էր վկայութիւնը։ Եւ վկայութիւնը միշտ կը խօսէր ոճիրի մը մասին։ Ֆրէոյտն է, որ լման կառոյցը երեւան բերած է (բայց անշուշտ առանց զայն խնդրոյ առարկայ դարձնելու որպէս կառոյց), հայրասպանութեամբ իր մտալլկումով, գործին մէկ ծայրէն միւսը, բայց նաեւ երկու մակարդակով տեսարանի կազմակերպութեամբ, եւ անշուշտ վկայութիւն/ մեկնաբանութիւն զոյգին տալով քաղաքացիական լման իրաւունք։ Ոճիրին բեմը, վերակազմութեան բեմը։ Երկու բեմ։ Միշտ երկու։ Բայց արդէն երկու չէի՞ն Սոփոկլէսի Եդիպոսէն ի վեր։
Հնարաւոր է ուրեմն ոճիրին պարագաները վերակազմել մեր ձեռքին տակ եղած ցուցանիշներէն մեկնելով, բանաւոր վկայութեան արխիւը գործածելով։ Ուշադիր. բանաւորը, բամբասանքը, առասպելը, իրենք իրենցմով արխիւ չեն կազմեր, բնական է։ Արխիւ կը դառնան այն պահուն, երբ նկատի կ՚առնուին որպէս վկայութիւն, որմէ կը մեկնի ստոյգին փնտռտուքը, եւ այդ փնտռտուքը կրնայ միայն մէկ ձեւ զգենուլ, մեկնաբանութեան ձեւը։ Ուրիշ ո՛չ մէկ շօշափելի տուեալ։ Ուրեմն ոճիրը, ոճիրին պարագաները, պատմական եւ հոգեբանական վերստեղծումով կը վերակազմենք ու կը հրամցնենք որպէս ստոյգ։ Որեւէ մեկնաբանութեան ետին կայ պարտադրաբար ստոյգին հրամայականը։ Ֆրէոյտ երբեք ուրիշ բան չէ ըսած ու չէ ըրած, կ՚ըսէի վերը, յետոյ թեթեւ կերպով մը սրբագրելով այդ բանաձեւը։ Բայց սրբագրութեամբ կամ առանց սրբագրութեան, յստակ է որ հոգեվերլուծական մեկնաբանութիւնը չի կրնար հրամցնել ինքզինք որպէս վիպային, որպէս առասպել, որպէս հնարովի պատմութիւն։ Ստոյգին հրամայականը կը սկսի այն իսկ վայրկեանէն երբ բամբասանքը եւ բանաւոր աւանդութիւնը կը դառձուին վկայութիւն։ Ա՛յս է որ վերը կոչեցինք պատմականութեան սկզբունքը։ Մեկնաբանական գիտութիւններու սկզբունքն է։ Եւ հոս հայերէն բառ մը կը պակսի ինծի։ Անշուշտ պատմականութեան սկզբունքը պատմականապաշտ (historiciste) սկզբունք մըն է։ Եւդիպոս կը վերակազմէ ոճիրին իրականութիւնը, շատ լաւ։ Բայց Եւդիպոսին իրականութի՞ւնը, ուրկէ՞ գիտենք զայն։ Հոս պէտք է մոռնալ պահ մը, որ ոճիրին իրականութիւնը եւ Եդիպոսին իրականութիւնը նո՛յնն են։ Այնքան ատեն որ ոճիրը չէ վերադարձած տուն, Եդիպոս փնտռողն է, գիտունն է, պատմագիտական եւ հոգեբանական բոլոր մեթոտները կիրարկողն է, մեկնաբանութեան բոլոր նրբութիւնները գործադրողն է։ Կը կրկնեմ ուրեմն. ուրկէ՞ գիտենք Եդիպոսի փնտռտուքին մասին։ Ամէն ինչ հրապարակային չէր ի վերջոյ, հասարակաց գիտութիւն չէր, նոյնիսկ եթէ ինքը թագաւորն էր Թէբէի։ Պէտք է ինքը պատմած ըլլայ, պէտք է մէկու մը պատմած ըլլայ։ Ուրեմն անգամ մը եւս՝ իր իրականութիւնը, հետախուզական աշխատանքին իրականութիւնը, կը ճանչնանք վկայութեան մը ընդմէջէն, ի՛ր իսկ վկայութեան ընդմէջէն։ Չէինք կրնար բանի մը հասու ըլլալ առանց մէկու մը վկայութեան, նախընտրաբար դէպքին ու արարքին ամենէն մօտիկը գտնուող անձէն բխած վկայութեան։ Եւ ո՞վ աւելի մօտիկը կը գտնուի ե՛ւ դէպքին, ե՛ւ արարքին, եթէ ոչ ինքը՝ Եդիպոս։
Ահաւասիկ ունինք այս ձեւով «վկայութիւն» եւ «վկայ» կոչուածին երկու մակարդակները։ Կան ոճիրին վկաները։ Վէպին մէջ բազմաթիւ են անոնք, բոլորն ալ հեռուէն կամ մօտէն կրնան իրենց վկայութիւնը բերել։ Բայց կայ նաեւ արարքին, հետախուզական արարքին վկան։ Եւ ո՞վ կրնայ ըլլալ այդ վկան եթէ ոչ ինքը՝ հետախուզողը։ Յոյները, երբ Եդիպոս անունին տակ՝ կը ստեղծէին մէկու մը կերպարը, որուն գիտութիւնը կը հաւասարէր ոճիրին (ըսինք՝ ոճիրին իրականութիւնը եւ հետախուզումին իրականութիւնը վերջին հաշուով նոյնն են), կը պարզէին էական հանգոյցը մեկնաբանական գիտութեան, այո՛, բայց միաժամանակ կը պարզացնէին զայն։ Խորքին մէջ կ՚անգիտանային վկայութեան այս երկու մակարդակները, կ՚ուզեմ ըսել՝ որպէս վկայութեան մակարդակներ։ Եդիպոսը որպէս վկայ, որպէս ինքն իր վկան, որպէս իր արարքին, իր հետախուզումին վկան, որո՞ւն պատմած է արարքը՝ փնտռտուքը, հետախուզումը։ Սոփոկլէսի՞ն։ Բայց Սոփոկլէսէն առաջ առասպելը չկա՞ր։ Պատմած է մէկու մը, որ իր կարգին մեզի կը պատմէ պատմութիւնը, խելագար որոնումի, մտալլկումի այդ պատմութիւնը, մինչեւ ոճիրին լման վերակազմութիւնը, մինչեւ որ ոճիրը հասնի փնտռողի եւ վերակազմողի դրան առջեւ։ Ունինք հիմա երրորդ մակարդակ մը։ Առաջին՝ ոճիրը եւ ոճիրին բեմը։ Երկրորդ՝ հետախուզական աշխատանքը որպէս արարք, որ նաեւ ոճիրը պատմելու արարքն է, եւ անոր բեմը։ Երրորդ՝ հետախուզութեան (եւ հետախուզողին) մասին խօսելու-պատմելու արարքը։ Այս երրորդ մակարդակին վրայ պատահածն է որ ապշեցուցիչ է։ Եդիպոս ինքն իրեն պատմեր է իր իսկ կատարած հետախուզութիւնը։ Ինքն իր որոնումին մանրամասնութիւնները հաղորդեր է։ Բայց ինքն է նաեւ որ իր պատմածը ընկալեր է (լսեր է, արձանագրեր է)։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ ինքն իրեն պատմեր է, հաղորդեր է։ Գիտե՛նք, քանի որ ինքն է, որ պատմուածը, հաղորդուածը կը փոխանցէ (կը բեմագրէ ու կը բեմադրէ)։ Կայ այսպէս խելագարեցնող կրկնակիութիւն մը։ Նոյն Եդիպոսն է հոս եւ հոն։ Ինքն է, նոյնն է, եւ սակայն ինքն իրմէ տարբեր է։ Պատմողն է, արձանագրողն է, երբեք շատ հեռու ինքն իրմէ, ինչպէս բերանն ու ականջը, եւ սակայն ինքն իրմէ բաժնուած, տարրական երկպառակումով մը։ Հեռու՝ մօտիկութեան մէջ։ Օտար՝ ընտանութեան մէջ։
Ոճիրին տեսարանը աղէտի մը տեսարանն է։ Չկայ աղէտի գիտութիւն, աղէտի պայմաններու հետապնդում, որ չմասնակցի իր կարգին աղէտի տեսարանին։
Եդիպոս այստեղ՝ ինքն իր վկան է։ Վաղակատարը կը թարգմանէ վկայութեան կառոյցը։ Եւ քանի որ, ամենայն հաւանականութեամբ, այս երկուութիւնը եւ այս մէկութիւնը (երկու Եդիպոս բայց մէկ վկայ, կամ հակառակը) բնորոշ են վկայութեան կառոյցին համար, ընդհանուր առմամբ եւ մասնաւորապէս, կ՚արժէ քիչ մը եւս մանրամասնել։ Սոյն ուսումնասիրութեան ներածական բաժնին մէջ ինչ որ ըսուեցաւ այս մասին ժամանակաւոր բնոյթ ունէր միայն, ընդհանրութիւններու հարթակին կը մնար։ Եւրոպական վէպին երրորդ դէմքն էր, որ (կ՚ըսէր Մոռիս Պլանշոյ) կը սկզբնաւորէ գրականութիւնը։ Պատմասանին աննկատելի յայտնութիւնն էր վէպին առաջին էջէն իսկ։ Ժամանակի մը խորացումն էր փնտռտուքի անցեալին եւ արձանագրութեան ու գրառութեան ներկային միջեւ։ Ասոնք ճիշդ էին բոլորը, բայց էապէս անբաւարար, որովհետեւ կ՚անգիտանային վկայութիւնը, վկայելու արարքը, ինքն իր վկան ըլլալու տարօրինակութիւնը։ Ուրեմն հոսկէ պէտք է վերսկսիլ ու վերջին վերաքաղ մը կատարել։ Այն վայրկեանէն սկսեալ, երբ վաղակատարը կը միջամտէ, Եդիպոս կը պատմէ ինչ որ Եդիպոս պատմած է իրեն։ Կոչենք զանոնք Եդիպոս Ա. եւ Եդիպոս Բ.։ Եդիպոս Ա. պատմաբան-հոգեվերլուծողն է, այն մէկը, որ կը պրպտէ, հետախուզութիւնը մինչեւ ծայրը կը տանի, վկաները կը հարցուփորձէ, ոճիրին համագիրը կը վերակազմէ, եւ վերջաւորութեան կ՚անդրադառնայ, որ հայրասպանութեան լման պատմութեան մէջ վերջին հաշուով ինքն ալ դեր մը ունի, թէկուզ անուղղակի։ Տեսարանը կը գոցուի ինքն իր վրայ, կը պարփակէ զինք։ Ոճիրին տեսարանը աղէտի մը տեսարանն է։ Չկայ աղէտի գիտութիւն, աղէտի պայմաններու հետապնդում, որ չմասնակցի իր կարգին աղէտի տեսարանին։ Որպէս հոգեվերլուծող եւ պատմաբան, որպէս մարդկային գիտութիւններու հիմնադիր կերպար, յիշողութեան արխիւացումի օրէնքին ենթարկուած, Եդիպոս Ա. կը հրամցնէ Ոճիրին վերակազմութիւնը որպէս ստոյգ, ունենալով անշուշտ մինչեւ ծայրը խոր կասկածներ իր կատարածին գիտականութեան մասին, այսինքն պարզապէս՝ վերակազմուածի ստուգութեան մասին։ Բայց այս ամբողջին ետեւը կայ Եդիպոս Բ.ը, որուն գոյութեան հետեւանքով սկիզբէն Ա.ը վերածուած է վկայի։ Իր միակ միջամտութիւնը այն է, որ վաղակատարի հրաշքին շնորհիւ՝ ի՛նքը կը փոխանցէ Եդիպոս Ա.ին փնտռտուքը, կասկածները, ձայնը։ Ենթադրենք օրինակ որ Ֆրէյօտ դարձած ըլլար վիպագիր եւ ինքն իր մասին պատմէր երրորդ դէմքով եւ վաղակատարով, ուրեմն ինքզինք դարձնէր ինքն իր աշխատանքին ու ինքն իր փորձառութեան վկան։ Այդ է մօտաւորապէս կացութիւնը Պըլտեանի վէպին, որուն մէջ մանրաշխարհին բնակիչները կը գործածուին որպէս վկայ Ա.ին կողմէ դէպքը վերակազմելու նպատակով, բայց Ա.ն ալ իր կարգին կը գործածուի որպէս վկայ Բ.ին կողմէ հետախուզութիւնը պատմելու նպատակով։ Գրողական բարդ կառոյց մը կ՚երեւի առաջին ակնարկով, բայց կը ծառայէ միմիայն հետախուզողը վկայի վերածելու։ Միմիա՞յն։
Ըսի, որ վերջին քառորդ դարը ապրած է վկայութեան մտալլկումով։ Տեսաբանութիւններ հրամցուցած է, լաստակերտած է, որքան որ կ՚ուզենք։ Անշուշտ վերապրողին եւ վկային փոխկապակցութիւնն է, որ ասոնց մէջ խնդրոյ առարկայ էր։ Եւ այդ տեսաբանութիւնները ամէն անգամ՝ մեկնաբանական դիրքէ մը մեկնած են։ Ճորճօ Ակամպէն կը հիմնուէր Փրիմօ Լեւիի վերջին գիրքին վրայ, բացատրելու համար (կ՚ամփոփեմ մէկ նախադասութեամբ) որ բուն վկան վերապրողը չէ, եւ ուրեմն վկայութեան պաշտօնը վկայել է վկայելու անկարելիութեան մասին։ Վկայութիւն ըսուածը, որպէսզի արժանի ըլլայ այդ յորջորջումին, պէտք է իր մէջ բովանդակէ իր իսկ ժխտումը։ Ժագ Տեռիտան առնուազն երկու անգամ բացայայտօրէն անդրադարձած է վկայութեան խնդրին, մէյ մը Մոռիս Պլանշոյի L’Instant de ma mort (Մահուանս պահը) կարճ գրութեան, մէյ մըն ալ՝ Փոլ Չելանի բանաստեղծութեան առիթով։ Հոս ալ եթէ կ՚ուզեմ համառօտել, առաջինին ամփոփումը պիտի ըլլար այն, որ ո՛չ մէկ վկայութիւն զերծ է վիպային եզրէ մը, չափումէ մը, վիպային տարողութենէ մը, երկրորդինն ալ թող ըլլայ Չելանի այն իսկ տողը զոր Տեռիտա կը գործածէ որպէս վերնագիր եւ որպէս բնաբան. «ո՞վ պիտի վկայէ վկային համար եւ վկային մասին»։ Պըլտեանն ալ իր կարգին վէպերէն դուրս անդրադարձած է վկայութեան հարցին, մէկ անգամ, Յակոբ Օշականի քննադատական արտադրութեան շուրջ ուսումնասիրութեան մը առիթով[1]Տե՛ս Giorgio Agamben, Ce qui reste d’Auschwitz, trad. Pierre Alfieri, Ed. Payot et Rivages, 1999; Jacques Derrida, Demeure. Maurice Blanchot (Փարիզ, Galilée, 1998), եւ ասոր … Continue reading։ Աւելորդ է ըսելը որ ե՛ւ Ակամպէնի, ե՛ւ Տեռատայի մօտեցումները ուժեղ առարկութիւններու արժանացան, տարբեր տեսակի առարկութիւններու, որոնց կորիզը սակայն միշտ նոյնն էր։ Ինչ որ վտանգուած էր այդ մօտեցումներուն մէջ՝ «իրողութիւն»ն էր, աղէտը որպէս իրողութիւն։ Առարկողները «ստոյգ»ին պահապաններն էին, եւ աւելի ճիշդ՝ պատմականութեան սկզբունքին պահապանները, այնքան բացայայտ էր, որ ստոյգը պատմութեան եւ պատմագիտութեան մասնագիտութիւնը կրնար ըլլալ մի-միայն։ Ահաւասիկ Տեռիտային բառերը. «l’acte testimonial est poétique ou n’est pas, dès lors qu’il doit inventer sa langue et se former dans un performatif incommensurable»[2]Demeure, էջ 109։, «վկայելու արարքը եթէ է՛, վիպային է՝ տրուած ըլլալով որ ստիպուած է իր լեզուն ստեղծելու եւ կազմուելու խօսքի եւ արարքի անհամեմատելի զուգադիպութեամբ մը»։ Ընթերցողը կ՚անդրադառնայ որ յարասական թարգմանութիւն մըն է առաջարկածս։ Նուազ յարասական թարգմանութեամբ՝ վկայութիւնը արարողական է, կ՚արարէ իր լեզուն։ Կրկնակի արարում եւ արարողականութիւն, քանի որ վկայութիւնը միշտ կ՚ըսէ՝ «պատահած է», բայց պատահածին պատմականութիւնը կը վիպայնացնէ նոյն պահուն եւ նոյն արարքով։ Ստոյգին պայմանն է այս մէկը։ Նաեւ՝ վկայութեան կառոյցն է։ Երկու մօտեցումներով ալ, վկայութիւնը չի հպատակիր պատմականութեան։
…վէպը կը ցուցադրէ, կը բացայայտէ պատմողական մեկնաբանութեան գիտութիւններու պատմա-պաշտութիւնը։ Կ՚ազատագրէ վկայութիւնը պատմութենէն։ Կը գործադրէ լեզուական արարողականութիւն մը, որ վկայագրական արարում մըն է։ Կը վիպայնացնէ պատմականը։
Բայց այս ամբողջը, որքան ալ էական, կ՚անտեսէ (կամ բաւական բացայայտ չի դարձներ) վկայագրականացումի գործողութիւնը, հետազօտողին եւ հետախուզողին վկայի վերածուիլը, ինքն իր վկան դառնալը։ Ահաւասիկ ուրեմն վիպական եռամակարդակ տրամաբանութիւնը։ Դէպք, արարք, վէպ։ Ոճիր, հետախուզութիւն, գրառութիւն։ Վէպը, այսինքն՝ դէպքի լեզուական արարումը, այս երեք մակարդակներուն վրայ կը բանի։ Մակարդակները իրարու առնչուած են վաղակատարով, վկայութեան ժամանակով։ Եթէ վէպը առաջին կամ երրորդ դէմքով գրուած ըլլար, երեւան չէր գար վկայութեան կառոյցը եւ ուրեմն վկայագրականացումը։ Հետախուզողի մը վէպը չէ՛, որ կը պատմուի (անծանօթ պատմասանի մը միջամտութեամբ), պիտի ըլլար գրականութիւն։ Ո՛չ ալ առաջին դէմքով պատմահոգեբանի մը վկայութիւնը, որ հպատակէր պատմական սեռին եւ կապ չունենար գրականութեան հետ։ Վկայագրականացումի գործողութիւնը կը կատարուի (կամ կը բացայայտուի) հոս Եդիպոսի կրկնակիութեամբ։ Հետախուզութեան Եւդիպոսը եւ գրառութեան Եւսիպոսը կը միանան երբ Ոճիրը կը վերադառնայ տուն, երբ երեք մակարդակները կը դադրին զանազանուելէ, երբ գրառութիւնը կը յայտնուի որպէս հայրական արգիլումին գրառումը։ Եդիպոս ինքզինք դարձնելով ինքն իր վկան, կը ցուցադրէ իր վկայի երեսը՝ որպէս պատմահոգեբան, ինքն իր պատմաբանը, ինքն իր հոգեվերլուծողը, պատմականութեան սկզբունքին հաւատարիմ։ Եւ հոս է վէպին ամբողջ նրբութիւնն ու ամբողջ դժուարութիւնը։ Որովհետեւ երկու Եդիպոսներու նոյնացումը, նոյնութիւնը, երկու ձւով կարելի է կարդալ։ Մէկ կողմէ, այո, վէպը կը ցուցադրէ, կը բացայայտէ պատմողական մեկնաբանութեան գիտութիւններու պատմա-պաշտութիւնը։ Կ՚ազատագրէ վկայութիւնը պատմութենէն։ Կը գործադրէ լեզուական արարողականութիւն մը, որ վկայագրական արարում մըն է։ Կը վիպայնացնէ պատմականը։ Կը բեմադրէ ստոյգին պայմանը եւ պայմանականութիւնը։ Այո, կ՚ընէ այս ամբողջը։ Բայց հակադարձաբար այս ամբողջը կրնայ ընել միմիայն ենթարկուելով պատմականին, ստոյգի պատմահոգեկան հետապնդումին, միաժամանակ հակադրելով եւ նոյնացնելով երկու Եդիպոսները։ Անխուսափելի նոյնացում։ Որովհետեւ մէկ էին առաջին վայրկեանէն իսկ։ Եւ որովհետեւ առանց վաղակատարով երեւան բերուած ներքին պառակտումին, վկայագրականացումը երբեք տեղի պիտի չունենար, հետախուզողը երբեք երեւան պիտի չգար որպէս վկայ, որպէս ինքն իր վկան։ Եւ սակայն պատմականութեան սկզբունքին բնորոշ պայմանականութիւնը կարելի է ցուցադրել միայն պատմականութեան հետ նոյնանալով։ Այս երկու երեսները անքակտելի են, ինչպէս երկու Եդիպոսները։ Ազատագրուելու համար պատմութեան եւ գրականութեան ամուլ հակադրութենէն, ջնջելու համար մէկուն եւ միւսին փոխադարձ կապակցութիւնը, այդ վտանգին ենթարկուիլ պէտք էր։ Վկայութիւնը պիտի չդադրի երբեք ըլլալէ պատահածին ձայնարկումը, վիպայինին հակերեսը, միշտ ստուգութեան ձգտող եւ միշտ անստոյգ։
Վկայագրականացում։ Բառը տարօրինակ է։ Զայն գործածեցի կարծես առանց զգուշացնելու իր կազմութեան մասին եւ զգուշանալու անկէ։ Իր մէջ կը պարունակէ վկայութեան կամ վկայագրութեան վերածուիլը, բայց նաեւ գրականացումը, որ հակառակ ու հակադիր շարժումն է։ Մէկը կախեալ է միւսէն։ Հոն, ուր ենթական կը սահմանուի որպէս վկայ, եւ ուրեմն պարտադրաբար ինքն իր վկան, կարկինը կը բացուի ու կարկինին միւս սլաքը այս անգամ նոր սահմանում մը կը ստանայ։ Բայց այդ մէկը անուն չունի։ Եթէ Եդիպոսը Ա.ը ինքն իր վկան դարձած հետախուզողն էր, ո՞վ էր Եդիպոս Բ.ը, որ մինչեւ ծայրը կը սպասէր, կը գրէր, կ՚արձանագրէր, վէպին մէջն էր եւ վէպէն դուրս։ Կը բանար գրականութեան նոր դար մը, վկային դէմ յանդիման, իրմէ ստանալով իր տեղեկութիւնները եւ իր ինքնութիւնը, ինքն ալ վկայ վերջին հաշուով, այն մէկը որ կը խօսեցնէ լռութիւնը երբ միւսը կը մեկնաբանէր ցուցանիշները, կը վերակազմէր դէպքը, եւ իր մեկնաբանութիւնը կը հրամցնէր որպէս ստոյգի փնտռտուք. այն մէկը, որ կը վիպայնացնէ երբ միւսը վկաներու խօսքին վիպայնութիւնը կ՚ուզէր չէզոքացնել. այն մէկը, որ կը ստեղծէ ու կ՚երեւակայէ, երբ միւսը հաւատարիմ կը մնար մանրաշխարհի բնակիչներուն եւ անոնց «մ՚ույտուրեր» հրամայականին, այն մէկը որ կը գրէ հօր աղէտը, ստացած հարուածը, կը գրէ գրելու արգիլումը, վկայելու անկարողութիւնը եւ անկարելիութիւնը, երբ միւսը կը հիմնուէր ըսուածին վրայ, ի հարկէ գործածելով մեկնաբանական երեւակայութիւն մը։ «Ո՞վ է Եդիպոս Բ.» հարցում մըն է որ կը վերաբերի վկայութեան, վկայաբանութեան, վկայագրութեան, բայց նաեւ եւ փոխադարձաբար՝ գրականութեան, այսինքն՝ գրականութեան արարողական ինքնասահմանումին, վկայութեան դարուն։ Այդ է, որ կ՚ըսէինք վերը։ Վկայութեան դարո՞ւն։ Որ է՛ նաեւ բանաւոր պատմութեան, մեկնաբանական գիտութիւններու, ամենակարող պատմաբանութեան դարը։ Բայց այն պահուն իսկ, երբ հարցումը դրուի, այն պահուն իսկ, երբ կը սկսինք երկու Եդիպոսներուն մասին մտորել եւ մտալլկուիլ, Եդիպոսին մասին որպէս ինքն իր վկան, այն ատեն «վկայութիւն» բառն իսկ կը դառնայ կասկածելի։ Վկայութիւնը առնուազն կը դադրի ըլլալէ ինչ որ էր մեկնաբանական գիտութիւններուն համար, եւ պատմութեան համար առաջին կարգին։ Կը դադրի հպատակելէ պատմականութեան սկզբունքին, որ բոլոր այդ գիտութիւնները գաղտնաբար տնօրինողն է։ Վիպայնութիւնը կը դառնայ ճշմարտութեան պայմանը։ Երեւան կու գայ վկայագրականացումը որպէս գործողութիւն։
Ապակառուցումը միշտ կրկնութիւն մը կ՚ենթադրէ, եւ կրկնութեան մէջ՝ նաեւ հաստատում մը։ Այդ է որ վերը երկու Եդիպոսներու նոյնացումին անխուսափելի վտանգը կը կոչէինք։
Այդ վայրկեանէն սկսեալ ամէն ինչ կը փոխուի։ Կը կարծէինք գիտնալ վկայութեան ի՛նչ ըլլալը։ Եւ ի հարկէ գիտէինք բառին շերտաւորուած պատմութիւնը, դարերու ընթացքին զգեցած նրբերանգները, արդիական գործածութիւնը, բանաւոր պատումին հետ առնչութիւնները, ապրուած փորձառութեան մը տարողութիւնը, որ կը հնչէ բառին մէջ, «պատահած»ին եւ ստոյգին արարողական հնչեղութիւնը, վերապրողի խօսքին եւ լռութեան հետ անոր ցուցաբերած արդի կապակցութիւնը, եւ շատ մը նման բաներ։ Բայց կ՚անգիտանայինք գործողութեան մը արդիւնքը ըլլալը։ Մոռցած էինք այդպէս ըլլալը։ Մոռցած էինք թէ որպէս այդ՝ նորագոյն աւանդութիւն մը ունի «վկայութիւն»ը, որ կը սկսի Գերմանիոյ Վիպապաշտներով, աւանդութիւն մը որ վկայագրականացումի մէկ բեւեռը կը դարձնէ կամ կը նկատէ զայն, միւս բեւեռը ըլլալով այդ պարագային՝ գեղագիտացումը։ Ինչպէս բնագէտներու տեսաբանութիւնը տեսանելի նիւթին հետ կ՚ենթադրէ անտեսանելի հականիւթի մը գոյութիւնը, գեղագիտացումն ալ վկայութեան անտեսանելի հականիւթն էր, վկայութեան գաղտնի հակերեսը։ Կ՚անգիտանայինք, որ Յակոբ Օշական, երբ Համապատկերի հատորները կը գրէր, իր կեանքի վերջին տարիներուն, գրաւի սեղանին վրայ կը դնէր բանասիրութեան լման ճակատագիրը, եւ ուրեմն գրականութեան ինչպէս մեկնաբանական գիտութիւններու արդիական սահմանումը, երբ ինքն իր անձը, որպէս գրող, որպէս նշխարք, կ՚ենթարկէր նոյն գործողութեան, վկայագրականացումի գործողութեան։ Այս ամբողջը բացատրած եմ շատ տարբեր առիթներով։ Եւ ուրեմն «վկայութիւն»ը չէ՛ր այն՝ ինչ որ էր այդքան պարզ եւ անմիջական ըմբռնումով պատմողական մեկնաբանութեան գիտութիւններու դիտանկիւնէն, ստոյգի տեսադաշտին մէջ ներառնուելիք եւ վիպայինէն ազատագրելիք պատում մը։ Գործողութենէն գրաւուիլ պէտք էր, որպէսզի գրաւը յաջողէր, տեղ մը հասնէր, բացայայտէր վկայութեան եւ գեղագիտացումի փոխ-կապակցութիւնը, ապակառուցէր զայն, դառնալով անոր արտադրութեան աղբիւրին։ Հոս ջուրերը պղտոր են, անտարակոյս։ Կողմնացոյցները անկարող են կողմնորոշելու։ Եւ ինչ որ ալ ըլլան նիւթին եւ հականիւթին անունները, էականը անոնց կազմած անքակտելի զոյգն էր, անոնց ամուսնական օրէնքը։ Այնքան ատեն որ բանասիրութեան (եւ պատմողական մեկնաբանութեան) աւանդութեան մէջն էինք, հականիւթին անունը «գեղագիտութիւն» էր։ Գեղագիտացումը նոյն գործողութեան հակադիր երեսն էր։ Ապակառուցումը միշտ կրկնութիւն մը կ՚ենթադրէ, եւ կրկնութեան մէջ՝ նաեւ հաստատում մը։ Այդ է որ վերը երկու Եդիպոսներու նոյնացումին անխուսափելի վտանգը կը կոչէինք։ Եւ հիմա կրկին նոյն փորձընկալումն է։ Նոյն զոյգէն գրաւուած ենք։ Նոր գրաւ մը կը սկսի այդ ձեւով, որ մեր ամբողջ պատմութիւնը կը փոխէ։ Այդ գրաւումին, գրաւին եւ գրաւականին մէջ նետուիլ կը նշանակէ յանձնուիլ անոր մեքենային, նուիրել անոր ինչ որ կը կոչենք «ինքզինք», այդ «ինք»ը որ կը դառնայ երկու, ինքն իր վկան, եւ որուն միւս երեսը այսօր անուն չունի, չի կոչուիր վէպ, գրականութիւն, գեղագիտացում։ Տեսանելի է միայն ինքնակենսագրական բաժինը, կեանքի մը հսկայ քաոսը, այդ մեքենային նուիրուած, մեքենայի մը, որ կը պահանջէ միշտ աւելին։ Տեսանելի է «ձեւ»ին միջամտութիւնը, անհրաժեշտ միջամտութիւն, որպէսզի այդ քաոսը կազմակերպուի, դառնայ ընթեռնելի։ Եւ հին սովորութեան մը հպատակելով, խելայեղ կերպով հրամցուած ինքնակենսագրականի այդ կազմակերպութեան կը շարունակենք գեղարուեստի անունը տալ։ Այդ ընելով՝ այո, կ՚անգիտանանք վկայագրականացումը որպէս գործողութիւն, որպէս աղբերային ժայթքում։ Ինչպէս կ՚ըսէր Տեռիտան Մոռիս Պլանշոյին յղուելով, հոս, վկայագրականացումի այս նորագոյն փորձընկալումին մէջ, ամբողջ եւրոպական արդիականութեան փոխանունութիւնը կայ[3]“… toute la mémoire de la modernité européenne vient se métonymiser.” Տե՛ս Demeure, էջ 109։։ Փոխանունութիւնը լեզուիս տակ։ Ես ապրեցայ իմ մահս։ Ես իմ վկաս եմ։ Ահաւասիկ ինչպէ՛ս դարձայ գրող։ Ահաւասիկ ինչպէ՛ս ծնաւ վէպը։
ԾԵ. Տարի, թիւ 1-2
↑1 | Տե՛ս Giorgio Agamben, Ce qui reste d’Auschwitz, trad. Pierre Alfieri, Ed. Payot et Rivages, 1999; Jacques Derrida, Demeure. Maurice Blanchot (Փարիզ, Galilée, 1998), եւ ասոր դէմ յուզիչ եւ ապշեցուցիչ առարկութիւնը Geoffrey Hartmannի կողմէ. «But if testimony has an inevitable rhetorical component, indeed, if it can be shown that it is not exempt from the laws of fiction, what happens to its authority as direct transcription of a historical event?» («Բայց եթէ վկայութեան մէջ անխուսափելիօրէն հռետորական բաղադրիչ մը կայ, եթէ կարելի է ցոյց տալ որ զերծ չէ ան վիպային օրէնքներէն, այն ատեն ո՞ւր մնաց անոր հեղինակութիւնը, պատմական դէպքի մը որպէս անմիջական արտագրումը«) («The Ethics of Witnessing. An interview with Geoffrey Hartman», Վկայութեան բարոյականը, Ճոֆրի Հարթմանին հետ հարցազրոյց։ Rebecca Comay, Lost in the Archives, Alphabet City, Toronto, 2004, p. 507). Պէտք կա՞յ յիշեցնելու որ Ճոֆրի Հարթման Եյլ համալսարանի Fortunoff հիմնարկի տնօրէնն է (Fortunoff Video Archive for Holocaust Testimonies)։ Հրաւիրուած էր 2010 Ապրիլին Ժըեւի մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին, Témoignage et Survivance. Տե՛ս իմ «De l’Archive III. Le Secret. Ou: Borges à Yale» աշխատասիրութիւնը։ Վերջապէս տե՛ս իմ «La structure du témoignage» վերնագրուած գլուխը, Le Sujet de l’histoire գիրքիս վերջաւորութեան (Lignes, 2015)։ |
---|---|
↑2 | Demeure, էջ 109։ |
↑3 | “… toute la mémoire de la modernité européenne vient se métonymiser.” Տե՛ս Demeure, էջ 109։ |