Կարօ Արմենեան

ԱԼՖՈՆՍ ՏՈՏԷ ԵՒ ԱՆՊԻՏԱՆ ԲԱՌԱԽԱՂԸ

Այս տողերը կը գրեմ, քառասնամեակ մը ետք այն օրէն, երբ մեր գրասենեակին մէջ յայտնուեցաւ Իզապէլը։ Ան ներս մտաւ ցնցիչ հրաշքի մը պէս եւ ամենէն սխալ վայրկեանին։ Կ՚աշխատէինք շինարարական մեծ ծրագրի մը վրայ, որ պիտի «յեղափոխէր Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներէն մէկուն կեանքը» եւ որուն ծրագրաւորման բարդ մեքենան զետեղուած էր հոս՝ Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ եւ ես կը գտնուէի կեդրոնը այդ բոլորին։ Հոսկէ՛ կ՚ուզեմ սկսիլ այս վէպը, որպէսզի կարենամ հասկնալ այս ուշ ժամուն, թէ իսկապէս ի՞նչ պատահեցաւ, որ մեզ հասցուց այս կէտին։

     Բազմաթիւ ընկերութիւններու եւ դրամատուներու հաւաքագրումն էր, որ տեղի կ՚ունենար աշխարհի բոլոր կողմերէն եւ փուշի վրայ նստած էինք բոլորս։ Մեր դէմ ունէինք ճափոնացիներն ու չինացիներն ու ռուսերը։ Մեղուային էր աշխատանքը։ Մրցապայքարը՝ անխնայ։ Համբերութիւնները՝ վաղուց սպառած։ Ժամանակը՝ աններո՛ղ։ Ֆինանսական փաթեթով զբաղուող իմ խումբս բոլորուած էր մեծ ժողովասեղանի մը շուրջ այդ առաւօտ եւ լուռ կը սպասէինք, որ Փարիզէն ժամանէր Պույկ Ընկերութեան ներկայացուցիչը, որպէսզի սկսէր մեր վերջին խորհրդակցութիւնը։

     Այդ պահուն էր, որ հնչեց Իզապէլին պսպղուն ձայնը ժողովասենեակի դրան մէջ եւ հիմնիվեր յեղաշրջեց ամէն բան։ Ի՞նչ բան յանկարծ տակնուվրայ կ՚ընէ տղամարդերով յագեցած առտուան պահը այս սեղանին շուրջ եւ բաժակներ կը շրջուին եւ սուրճեր կը թափին եւ ժպիտներու ծափողջոյն մը կը լեցնէ մթնոլորտը, երբ Իզապէլ յանկարծ կը մտնէ այս դռնէն ներս…։ Ինչո՞ւ յանկարծ ոտքի են բոլորը եւ բոլորին շնչառութիւնը մագնիսուած է դէպի նոյն կողմը եւ աշխատանքային օրակարգը՝ մոռացութեա՛ն տրուած։ Գիտեմ, թէ անմիտ հարցումներ են ասոնք։ Իզապէլը նրբամարմին եւ քնքուշ ֆրանսուհին է ամերիկացի հաստաբեստ տղամարդոց երամակին մէջ, որ ֆրանսերէնի սիրտ-վեր- հանող շեշտերով յանկարծ բթացուցած է բոլորին լսողութիւնը։ Անգլերէնը նոր համ մը ունի, երբ ֆրանսերէնի շեշտերով կը վերածնի Իզապէլին շրթներուն վրայ եւ որ յանկարծ կ՚առինքնէ բոլորը եւ ֆինանսական մտքի չոր բառերը կը վերածէ գաղտնի սիրաբանութեան։ Եթէ ըսեմ, որ ես անմասն մնացեր էի այս ակնթարթային հոգեփոխութենէն, սուտ խօսած պիտի ըլլամ։

  
     Բայց ես միակն եմ ամբողջ խումբին մէջ, որ սորված է ֆրանսերէնը դեռ վաղուց։ Ի տարբերութիւն միւսներուն՝ կրնամ ֆրանսերէնով դիմել Իզապէլին – եւ կը դիմե՛մ – միւսներուն վրայ կողմնակի առաւելութիւն մը շահողի ներքին ուրախութեամբ, բայց Իզապէլ կը յամառի անգլերէնին վրայ։ Կ՚ուզէ ըսել, որ ինքնաբաւ է ինք եւ պէտք չունի օգնութեան…որուն ի պատասխան երեք հոգի միաժամանակ պիտի փութան շռայլելու իրենց տկլոր գովաբանութիւնը՝ «բայց դուք այնքա՜ն հրաշալիօրէն կը տիրապետէք լեզուին, սիրելի Իզապէլ»։ Կը նայիմ սա ապուշներուն։ Վրա՛ս գրէ, կը պոռայ ձայնը ներսէս։ Ձեր տափակ սիրալիրութիւնը ձեզի՛ պահեցէք։

 

     Շատ շուտով պիտի ընդունինք, որ Իզապէլը եկած է առեւտրական առաքելութեամբ եւ այլեւս Իզապէլ չէ, այլ ընդամէնը մէկ հերթական… Պույկ։ Կը հրաւիրեմ բոլորը մեր արդէն ուշացած խորհրդակցութեան եւ սեղան կը բերեմ մեր օրակարգի առաջին կէտը։ Պարագաներու բերմամբ, Իզապէլ տեղ գրաւած է աջիս։

     Պիտի նշմարեմ յանկարծ, որ բաներ փոխուած են երէկուընէ ի վեր։ Որ՝ Ճիմին խօսքերը այլեւս նոյն ուժը չունին։ Չարլին յաւելեալ ուշադրութեամբ կ՚երկրորդէ Սիթիպանքի Մր. Պուշի կարծիքները եւ Պէքթէլի ընդհանրապէս խօսկան ներկայացուցիչը լուռ կը մնայ այս առտու։ Մեր ժողովական խորհրդակցութեան ետին լռին խորհրդակցութիւն մը կայ, որ չի վրիպիր ուշադրութենէս։ Կը կռահեմ, որ խօսակցութիւններ տեղի ունեցած են – այլեւայլ խողովակներով – կողմերու միջեւ մեր երէկ գիշերուան խմբական ընթրիքէն ետք։ Եղան երկու հոգի, որոնք կուլ տուին մէկէ աւելի մարթինիներ եւ այժմ քնաթաթախ աչքերով կը լռեն։ Ք՚մա՛ն, պարոնայք, կը խթանեմ ժողովականները։ Արթնցէ՛ք։ Մենք այստեղ գո՛րծ ունինք ընելիք։

     Այդ պահուն է, որ Իզապէլ կը թեքուի իմ կողմս եւ ֆրանսերէն կը փսփսայ…«Կը կարծէ՞ք, թէ ենթատեքստ մը կայ…Y’a quelque chose?»։ Եւ իր մեծ աչքերը, քնքշօրէն հարցական, կը յարէ իմ աչքերուս։ Կը նկատեմ, որ իր կլոր դէմքին վրայ աչքերը անօրինակօրէն մեծ են եւ գեղեցիկ եւ մազերուն ֆրանսական կտրուածքը աւելի ցայտուն կը դարձնէ զանոնք։ «Այո, անշո՛ւշտ», կը պատասխանեմ բարձրաձայն եւ հրդեհէն փախողի խուճապով… կը վերադառնամ ժողովի խօսակցութիւններուն։

     Մեր քննարկումներու շեմին, ես առիթ տուի, որ Իզապէլ խօսէր իր մասին եւ՝ հակիրճ կենսագրական տուեալներո՛վ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց համեստ ձայնով եւ թեթեւ մէկ հազով մաքրելով կոկորդը։ Կը կոչուիմ Իզապէլ Մոնմուլէն, ըսաւ։ Եւ, այո՛, ծնած եմ Փրովանս։ Ուսանելու համար եկած եմ Փարիզ։ Աւարտած եմ «Աշ Է Սէ»ն։ Ներկայիս՝ Պույկի միջազգային ֆինանսներու բաժանմունքին մաս կը կազմեմ։ Կը սիրեմ արեւն ու ծովը։ C’est tout!, եզրափակեց ժպիտով։ Որուն յաջորդեց այն անխօս պահը, որ առիթ տուաւ Ճիմին մէջ մտնելու եւ հարցնելու, թէ ի՞նչ բան էր «Ա՜շ»…(զոր արտասանեց անգլերէն մոխիրի (ash) հնչումով եւ խնդացուց բոլորս)։ Իսկ Իզապէլ անմիջապէս յարեց՝ «Ecole des Hautes Etudes Commerciales» րոպէական զարմանքի ժպտադէմ այն շեշտով, որ ըսել կ՚ուզէր…ի՜նչ խոզերու հետ է գործս. ինչպէ՜ս մարդիկ կ՚անգիտանան Ֆրանսայի առեւտրական ուսմանց միջնաբերդը։

     Ես անշուշտ պիտի չպատմեմ, թէ ի՞նչ փուլերէ անցաւ մեր ժողովը եւ ի՞նչ բանի յանգեցանք։ Գիտցէք միայն, որ իմ կեանքս շատ փոխուեցաւ, երբ ճաշի ժամուն բնազդաբար զուարթաբանեցի Իզապէլին՝ «Եթէ, ըսի, ձեր Փարիզ դարձէն ետք, ուզէք նամակներ գրել ինծի, ես այդ նամակները պիտի պահեմ յատուկ գզրոցի մը մէջ եւ վրան գրեմ՝ Lettres de Monmoulin!» Օ՜, ըսաւ խնդալով, դուք շատ հեռուները կ՚երթաք, երբ ընդամէնը մէկ բառով կրնաք յայտնել ձեր միտքը…Պոռտոյի գինին, որ անկասկած իր դերին մէջն էր, մուգ կարմիր էր ու պճլտուն եւ մեր շուրջն էր Ճորճթաունը իր միջօրէի գոռում-գոչումով։

     Պատահականութիւնները ուզեցին, որ ես շարք մը ճամբորդութիւններու ձեռնարկէի այդ տարի մեր ծաւալուն ծրագրին կտորները ի մի բերելու եւ հակադիր շահերը նոր շահադրդիչներով սոսնձելու համար։ Փարիզի եւ Մարոքի մէջ հետս էր յաճախ Իզապէլը ֆրանսական առեւտրական տարածքի իր անհուն գիտելիքներով։ Ամերիկա վերադարձիս, երբ նորէն կը խմբուէինք զեկուցական ժողովներու մեր սեղանին շուրջ, կը զգայի, որ գործընկերներուս կատակաբանութեան ետին կը խօսէր թեթեւ եւ անուշ նախանձ մը…«Ինչպէ՞ս էին Մարոքի հիւթալի խխունջները Իզապէլին հետ…», կը հարցնէր մէկը դեռ քննարկումը չսկսած։ Յետոյ յանկարծ Ճիմը՝ քաշքշուքը զսպելու կեղծ ճիգով՝ «Սխալ մի հասկնար, ընկե՛րս. հարցումս ընդամէնը խխունջներու մասին է…» եւ անխուսափելի քահ-քա՛հը՝ որ կը լեցնէ ժողովասրահը եւ իր ներքնասենեակէն դուրս կը բերէ մեր մեծաւորը…«Աղէ՜կ, աղէ՜կ, կը բարձրաձայնէ ան մեր անօրինակ խրախէն իր բաժինը վերցնելու տրամադրութեամբ. այսօր խանդավառ էք բոլորդ…արդեօք Կարոյին ճամբորդական արկածախնդրութիւննե՞րն են օրուան թեման…։ Կը տեսնեմ, որ աս փրաճեքթը սկսած է բոլորիդ մշակութային բնազդները գրգռել…», համատարած քահքահին մէջ՝ «Կարծեմ աւելի լաւ է, որ ես վերադառնամ իմ սեղանիս աղէտներուն։ Յաջողութիւն, պարոնա՛յք»։ Կը քաշուի ներս։ Հաճելի էր գրասենեակի այս րոպէական թեթեւախօսութիւնը, բայց մեր օրը կրկին կը խոժոռի հաշիւներու խճճուածքին տակ։

     Իզապէլ բազմաթիւ նամակներ գրեց ինծի այդ ամիսներուն ընթացքին։ Բոլորն ալ կը խօսէին սիմէնթի եւ պողպատի պէթոնային համադրման ամենէն շահեկան տարբերակներուն մասին համապատասխան հանրահաշուական հաւասարութիւններով։ Կը խօսէին գործերու յառաջընթացը կարգաւորող ամենէն արդիւնաւէտ լուծումներուն մասին։ Մէկ-մէկ ֆրանսերէն ձեռագիր երկտող մը՝ «Անցեալ ուրբաթ, հարաւ գացի քանի մը օր հանգստանալու։ Բացառիկ էին գարնան գոյները։ Պիտի սիրէիր»։ Յետոյ նորէն էջեր ու էջեր թուանշաններու, կորագծերու, ցուցանիշներու։ Ընդգծո՛ւմ մը՝ «Այս մասին գրեր էի նախորդ նամակիս մէջ»։ Կը փութամ ստուգել յղումը եւ տագնապահար օրը կ՚արգիլէ, որ ուշադրութիւնս կեդրոնացնեմ այդ մանրամասնութեան վրայ։

     Յանկարծ կ՚անդրադառնամ, որ Իզապէլը տեղ մը դադրած է այլեւս ջերմ գրգիռներ սփռելէ եւ իր էջերը սկսած եմ բանալ որոշ տհաճութեամբ։ Տղոցմէ մէկը ներս կը մտնէ հարց տալով՝ «Ի՞նչ կ՚ուզես ընենք այս թուանշաններով…»։ Եւ կը զարմանայ, երբ սրտնեղութեամբ կը բացագանչեմ՝ «Թափեցէք դժոխքին ծո՛ցը»։ Ի՞նչ է, այս աղջիկը մեզ Սորպո՞ն կը կարծէ։ Ե՞րբ պիտի հասկնայ, որ մենք «մեծ պատկեր»ին ետեւէն ենք։ Big picture! Կը պոռա՛մ։ Այդ պահուն Չարլին ներս երկարած է գլուխը եւ հարց կու տայ՝ «Պիտի ըսե՞ս իրեն»…

     Չարլիին հարցումը բարեկամական պզտիկ դաշոյն մըն է խրուած մէջքիս, զոր ես կը դիմաւորեմ նոյնքան բարեկամակամ հանգիստ ժպիտով մը (Օ՚քէ՛յ կայզ)։

     Նստեր էի մտորումներուս ետին եւ կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս յայտնեմ Իզապէլին, որ հաշիւներու այս հեղեղը քիչ մը չափաւորէ, երբ հնչեց հեռաձայնը։ Քարտուղարուհի՛ս էր միւս սենեակէն։ Կը յայտնէր, թէ Իզապէլն էր գիծին միւս կողմը։ Վերցուցի ընկալուչը…եւ յանկարծ նկատեցի, որ մէկը միւսին ետեւէն ներս սահեցան բոլորը քմծիծաղի խմբանկար մը ստեղծելով իմ դէմս։ …Այո՛։ Այո՛։ Այո, անկասկա՛ծ։ Բնականաբա՛ր։ Այո՛։ Ե՛րբ որ յարմար է… Մեր խօսակցութեան այս մասն էր, որ կը լսէին գործընկերներս։ Երբ վար դրի ընկալուչը, հինգ հոգի միաժամանակ նետուեցան վրաս, բայց դարձեալ Ճիմն էր, որ առաջ անցաւ իր քաշքշուքով՝ «Ու՞ր շոգիացաւ քիչ առաջուան առիւծը…», իսկ մէկ ուրիշը չուշացաւ խեթելու՝ «Պարզ է, առիւծը ղրկեցին կրկէս…» եւ խմբական քահքահը կանգ չառաւ։ Բայց երբ կանգ առաւ, ըսի իրենց, թէ ի՞նչ կ՚ըսէր Իզապէլ։ Օ՜՜՜…բացագանչեցին բոլորը յուսախաբ եւ ծանր դէմքերով վերադարձան իրենց սեղաններու ճնշող հեւքին։

 

     Ալֆոնս Տոտէ այն հեղինակն է, որուն տողերը կը ճառագայթեն Միջերկրականի արեւով։ Ֆրանսական արձակի այս մեծ ոճաբանը գիտէ բառերը շաղախել բազում գաղտնի գոյներով եւ նախադասութիւնները վերածել շարունակաբար աճող հմայութեան եւ վայելքի։ «Նամակներ Հողմաղացէս» («Lettres de Mon Moulin»)՝ իր յայտնի գիրքը մարդիկ կը կարդան դպրոցական տարիներուն եւ անոր համը կը մնայ իրենց քիմքին վրայ նոյնիսկ տարիներ ետք։ «Բայց ուրկէ ո՞ւր յանկարծ միտքդ ինկաւ Ալֆոնս Տոտէն…», կը հարցնէ կինս այդ իրիկուն։ Վարի յարկի գրադարակներէն վերջապէս մէջտեղ կը հանենք Ճեմարանի մեր օրերէն վերապրած գիրքը եւ կը փնտռենք տողեր, պարբերութիւններ, քրքջուն բառախաղեր, որոնք մեր պատանութիւնը ետ կը բերեն եւ կ՚արթնցնեն այլ յուշեր, այլ պատահարներ, այլ վիպերգութիւն։ «Այդ Թարթարէնները մէջտեղ հանէ», կ՚ըսէ վերջապէս կինս, «կ՚ուզեմ նորէն կարդալ»։ «Կարօտցած եմ Տոտէին սրամտութիւնը», կ՚ըսէ երազկոտ աչքերով։ Կիրակին կ՚անցնի անօրինակ թեթեւութեամբ եւ լոյսով։ Երեխաները կը տանիմ Ճորճթաուն համալսարանի պասքէթպոլի խաղին ու տուն կու գանք մեծ հարայ-հրոցով։

     Երկուշաբթին իր յատուկ շեփորը ունի, որ սուր կը հնչէ ուղեղիդ խորքերէն առտուան այս ժամուն եւ կը սրբէ ու կը տանի կիրակնօրեայ հաճոյքին բոլոր հետքերը։ Հիմա լոգցած եմ եւ ածիլուած եւ պատշաճօրէն զգեստաւորուած եւ գործարարական պայուսակը ձեռքիս՝ մտած եմ ինքնաշարժ…Ես արդէն ուրիշ մէկն եմ, մաս կը կազմեմ վարչամեքենային, երբ կինս բարի օր կը մաղթէ իր հրաժեշտի թեթեւակի համբոյրով։ Եւ մեքենան կառատունէն դուրս քշելէ առաջ, կը յիշեցնէ՝ «Այս իրիկուն Կոմիտէի ժողով ունիս»…

Ահա նորէն մտած եմ առաւօտեան պիրկ հոսանքին մէջ։ Դէպի քաղաքակեդրոն՝ ինքնաշարժներու տարերային ալիքն է։ Կը կտրեմ խաչմերուկներ. կ՚անցնիմ բոլորակներէ եւ միտքս արագօրէն կ՚անցնի մէկ հարցէն դէպի միւսը։ Միտքս գործող օրակարգ մըն է, որ կը տարածուի աշխարհով մէկ։ Կը յիշեմ, որ Իզապէլէն ծրար մը պէտք է հասնի այս առաւօտ եւ որմով պիտի սկսի մեր խմբական քննարկումը հոս։ Իզապէլէ՛ն… Միտքս պահ մը կը դեգերի։ Եւ կը զգամ, որ խուլ անհանգստութիւն մը կայ ներսս, որ պահ մը մոռցնել կու տայ ամէն ուրիշ բան։ Կը յիշեմ կնոջս խօսքը՝ «Ուրկէ ո՞ւր Տոտէն միտքդ ինկաւ յանկարծ»։ Այս հարցումը իր ետին կախման կէտեր չունէր։ Ես ինչո՞ւ մէկէն կախման կէտեր դրի եւ հարցը սկսայ բարդացնել մտքիս մէջ։ Ես ինչո՞ւ յանկարծ մեղքի պէս բան մը սկսայ զգալ եւ զայն պահել ներսս։ Կ՚անդրադառնամ, որ երբեք կնոջս չեմ խօսած Իզապէլին մասին. ես՝ որ յաճախ կը սիրեմ գործի օրուան մանրավէպերով համեմել մեր ընտանեկան ընթրիքը։ Լուռ կը ժպտիմ ու կը շարունակեմ ճամբաս։ Յամենայն դէպս կ՚անդրադառնամ, որ Տոտէն առաջուան Տոտէն չէ։ Կայ այն Տոտէն, որ վերապրած է մեր յուշերու ջերմութեամբ եւ լոյսեր կը ցանէ մեր երեւակայութեան մէջ եւ կ՚ուրախացնէ մեզ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ զիս եւ կինս։ Եւ փնտռե՛լ կու տայ իր գրքերը մեր գրադարանին անհասանելի անկիւններէն։ Եւ կայ միւս Տոտէն…որ հիմա իմ գաղտնի Տոտէս է, որ նոր բնազդներով կ՚արթննայ ներսերէս, երբ հեռաձայնին միւս կողմէն կը լսեմ Իզապէլին ձայնը…Մի՛ ըսէք, որ չըսի. մի ըսէք, որ ձեզմէ պահած եմ այս բոլորը։  

     Գրասենեակի մուտքին, քարտուղարուհիս՝ Ճէյնը կը փութայ նոր գոլորշիացող ամերիկեան սուրճի երկու բաժակները ձեռքին։ Մեր առաւօտեան չքնաղ ծէսն է ասիկա։ Ես եւ ինք միատեղ կ՚ըմպենք օրուան առաջին անմահական հեղուկը, որուն կը հետեւի իր պիրկ զեկոյցը, թէ ինչե՞ր կան իմ օրուան «ափսէ»ին վրայ։ Օ՛, կ՚ըսէ յանկարծ շեշտելով, մեծերու հաւա՛ք կայ վաղը առտու…Ու կ՚աւելցնէ՝ «You’re on!» Այսինքն՝ իմ կարգն է զեկուցելու եւ փախուստ չկա՛յ։ Ի՞նչ է, կ՚ըսեմ կատակով, ելեկտրական աթոռը ստուգեցի՞ր…ակնարկելով «մահապատիժ»ի գործադրութեան։ Ո՛չ, կ՚ըսէ նոյն զուարթաբանութեամբ, բայց բոլոր նիւթերը հաւաքած եմ ֆայլերէն, երբ որ ուզես վրայէն անցնիլ։ Դուրս կու գայ։

     Կը հաւաքուինք աճապարանքով եւ օրուան հեւքը կը սկսի վաղուան իմ զեկոյցին զանազան բաժինները կազմակերպելու յատուկ ճիգով։ Այսպէս է իմ խումբս։ Երբ հերթական առօրեան է, ամէն մէկը իր դատողութեամբ կը գործէ առանց խուճապի եւ հրմշտուքի եւ մեր միջեւ կը ջնջուին ղեկավարողի եւ ղեկավարուողի սահմանները։ Բայց երբ յանկարծ մենք մեզ կը գտնենք խիստ ժամկէտներու առջեւ, խումբը կը վերածուի ջոկատի եւ բոլորը կը լարուին մէկ ուղղութեամբ եւ իմ խօսքս կը ստանայ հրահանգի ուժ։ Հրաշալի կին մըն է Ճէյնը։ Ինձմէ երկու տարի աւելի մեծ։ Երկու զաւակներու մայր։ Գիտէ սանձել ճգնաժամը եւ ջերմ ու թեթեւ մթնոլորտ ստեղծել մեր շուրջ։ Ճէյնը ստեղծուա՛ծ է զօրաշարժի համար։ Սուրճը առատ է եւ թարմ եւ յանկարծ ինքն է տէրը կացութեան։ «Այսօր դուրս երթալ չկա՛յ», կը «հրամայէ» ժպիտով եւ կ՚աւելցնէ՝ «Պատուիրած եմ սանտուիչները կէսօրուան համար»… Կը պաշտենք զինք։

     Մեծ ոգեւորութեամբ դուրս եկանք Տնօրէն Խորհուրդի ժողովէն։ Ամէն ինչ ճիշտ էր։ Ամէն ինչ՝ անբի՛ծ։ Զեկուցողը ես էի, իսկ խումբի տղաքը նստած էին «մեծ»երուն վերապահուած կարմիր աթոռներու առաջին շրջագծէն դուրս՝ կապո՛յտ աթոռներուն վրայ եւ շունչերնին բռնած՝ կը հետեւէին։ Երբ դուրս կու գայինք «Պորտ»ի փարթամ ժողովասենեակէն, մեր մեծաւորը մօտեցաւ ինծի եւ ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած գործին համար։ Mammoth!, կ՚ըսէր իր հիացմունքը արտայայտելու համար։ Մամութայի՛ն։ Այսինքն փիղէ՛ն ալ աւելի մեծ։ Մամութի ծաւալով հսկայ իրագործո՛ւմ մը։ Եւ աւելցուց՝ «Ճաշէն ետք, հանդիպէ»…

     Անշուշտ մենք տօնեցինք մեր խումբին մեծ յաղթանակը առանց մոռնալու, որ Ճէյնը յատուկ տեղ մը ունէր այս յաջողութեան մէջ։ Գրկեցինք զինք բոլորով եւ անզուսպ շռայլաբանութիւններով։ Օ՚քէյ, կա՛յզ, ըսաւ ան վերջապէս՝ ինքզինք ազատելով մեր ձեռքէն։ Սեղան ապահոված եմ «Իննիկօ Ճոնզ»…«Մեծաւորն է վճարողը»։ Այս մէկը անսովոր պատիւ մըն էր։ Մենք ընդհանրապէս մեր խմբական ճաշերը կ՚ունենայինք մեր գրասենեակին անմիջական մօտակայքը գտնուող Ինթերնաշընըլ Քլապի ներքին ճաշարաններէն մէկուն մէջ։ Ուաշինկթընի ներքին ոլորտի մարդոց հաւաքավայրերէն մէկը ըլլալով՝ ան յարմար դիտակէտ կը հայթայթէր մեզի մօտէն հետեւելու մայրաքաղաքի ներքին անցուդարձին։ Մեր խմբական ճաշը «Իննիկօ Ճոնզ»ի փարթամ սեղաններէն մէկուն շուրջ տօնախմբութեան պահ մըն էր։ Ճիմը նստած էր կողքիս եւ ես յանկարծ յիշելով դարձայ իրեն՝ «Ճի՛մ, երբ գրասենեակ վերադառնանք, պէտք է անմիջապէս հեռաձայնեմ Իզապէլին. ի վերջոյ ինքն ալ կարեւոր բաժին մը ունի այս յաջողութեան մէջ։» Իսկ Ճիմին արագ պատասխանն էր՝ «Ես արդէն խօսեցայ հետը»…
     Ի՜՜նչ… յանկարծ թռաւ մէջէս, բայց մէ՛ջս միայն մնաց։ Չբարձրաձայնեցի։ Կէս զուարճալի էր անակնկալը, բայց կէս մըն ալ անհիւրընկալ էր իմ վերաբերմունքս այս նորութեան ի լուր…Ան նստաւ մէջս ամբողջ ճաշի ընթացքին, որուն մասին որեւէ ակնարկութիւն չըրի։ Միշտ խօսեցանք մեր յաջորդ ընելիքներուն մասին եւ տարօրինակօրէն խուսափեցանք Իզապէլին անունը տալէ։ «Յամենայն դէպս դո՛ւն ալ խօսէ», ըսաւ Ճիմ, երբ դուրս կու գայինք ճաշարանէն։ «Վստահ եմ, որ կը գնահատէ», աւելցուց եւ ես զգացի, որ երկուքս ալ մտածեր էինք Իզապէլին մասին ամբողջ ճաշի տեւողութեան։ Աւելի ճիշտ, ինք եւս անդրադարձեր էր, որ իր այդ խօսքը նոր եւ անսովոր էջ մը պիտի բանար մեր խօսակցութիւններուն մէջ։

     Ես այդ էջը դարձնելու առիթ չունեցայ։ Երբ հասանք գրասենեակ եւ հազիւ անցեր էի թուղթերուս առջեւ, երբ դրան մէջ յայտնուեցաւ Ճէյնը իր ցած եւ նշանակալի վանկերով, իր փորձառու կնոջ աչքերը յարած՝ աչքերուս։ Ճէյնը այն էակն էր մեր գրասենեակին մէջ, որուն լռութիւնները աւելի խօսուն էին քան իր բառերը։ «Ի՞նչ է», հարց տուի զուարթ շեշտով, բայց յամենայն դէպս վախի անխոստովանելի նշոյլ մը փորիս մէջ։ «Կանչուած ես», ըսաւ թեթեւ եւ նշանակալի ժպիտ մը պահելով ներսը։ Ըսել կ՚ուզէր, թէ մեր մեծաւորն էր, որ տեսնել կ՚ուզէր զիս։ Եւ ես Ճէյնին ամբողջ էութեան մէջ կը կարդայի այս հրահանգին անսովոր բնոյթ մը ունենալու հանգամանքը։ Եւ կը զգայի իր սուր բնազդը։

     Կոկուած, ձեւուած եւ ի սկզբանէ մշակուած ցնծութիւն մը կայ, որ պէտք է յորդի քու խօսքերէդ եւ համակէ դիմացինդ։ Այդպէս կը գործէ մեր հաղորդակցական համակարգը այսպիսի ժամանակ։ «Եկո՛ւր, եկո՛ւր, կ՚ըսէ Մեծաւորը, երբ կը մտնեմ իր գրասենեակին դռնէն։ Ինչպէ՞ս են տնեցիները…»։ Յետոյ կ՚աւելցնէ՝ «Տղա՛դ…Սկսա՞ծ է պէյսպոլ խաղալ…»։ Գիտեմ, թէ այս նախերգանքը վերջ մը ունի։ Գիտեմ, թէ շուտով պիտի հասնի իր բուն նիւթին։ Բայց կը պատասխանեմ իր հարցումներուն այն շեշտը տալով խօսքերուս, որ ատոնք են մեր կեանքը խռովող օրուան անյետաձգելի օրակարգերը…«Նայէ՛, կ՚ըսէ, անցնելով նիւթին. քեզ դուրս պիտի բերենք այս գործէն… Շուտով գործը պիտի մտնէ գործադրութեան ոլորտին մէջ եւ մեր գործին չի գար (we can’t afford) քու ձիրքերդ վատնել (waste your talents) այս գործի յաջորդ փուլին վրայ»։ Կանգ կ՚առնէ պահ մը հարցական ստուգելու համար հակազդեցութիւնս։ Is it OK so far? Կը հարցնէ։ Ամէն ինչ լա՞ւ է…Երկինքը փուլ չեկա՞ւ։ Ես գիտեմ, թէ անիմաստ է առարկութեան դիմել։ Ասոնք այն առիթներն են, որոնց «երկաթեայ» տրամաբանութեան հետ պէտք է համահունչ մնալ։ Բայց պէտք է նաեւ զգաստ ըլլալ, որ նոր պաշտօնդ ըլլայ նոյնքան խոստումնալից եւ քեզ չբռնէ փակուղիի մէջ։ «Շատ մեծ նախաձեռնութիւն մը կայ մեր առջեւ եւ հո՛ն պէտք ունինք քու հանճարիդ», կ՚ըսէ առանց աչքը վերցնելու իր առջեւի թուղթերէն։ «Շանտո՛նկ», կ՚ըսէ խանդավառ, «լսա՞ծ ես այդ անունը»…«Այո», կ՚ըսեմ զարմացնելով զինք։ «Մեծ, շատ մե՜ծ գործ մըն է», կ՚ըսէ, իսկ իմ միտքս կ՚իյնայ հետզհետէ աճող անհանգստութեան մը մէջ։

     Գրասեղանիս ետին, աշխարհը փոխուած է արդէն։ Այլեւս նոյնը չէ։ Քանի մը ժամ առաջուան ոգեւորութեան ալիքը ինքնաբերաբար ինկած է տեղատուութեան մէջ եւ իմ խումբս կորսնցուցած է իր երբեմնի սոսինձը։ Կը յայտնուի Ճէյնը իր շքեղ բարձրակրունկներով եւ կ՚երկարէ թարմ սուրճը առանց ոչինչ ըսելու, բայց երկուքս ալ գիտենք, որ ջրբաժանի մը առջեւ ենք…«Հպարտ եմ քեզմով», կ՚ըսէ դուրս գալէ առաջ։

 

     Ճիմը այն մարդն է, որուն տարիքը դժուար է գուշակել։ Իռլանտացին իր մէջն է միշտ։ Ասոնք Ամերիկայի իռլանտացիներն են, որոնց պապերը գետնախնձորի յայտնի սովէն փախուստ տալով ոտք դրած են Ամերիկայի հողին վրայ եւ առանց ժամանակ վատնելու անդադար խմած են ու սերնդագործած։ Ճիմը ունի անհաշիւ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք չեն մէկտեղուիր։ «Գիտես ի՞նչ է մեր եւ ձեր տարբերութիւնը», կ՚ըսէ ան եւ կ՚աւելցնէ առանց պատասխանի սպասելու՝ «Դուք ծնելէ ետք ամէն բան կ՚ընէք իրարու հետ ըլլալու։ Մենք ծնելէ ետք ամէն բան կ՚ընենք զիրար մոռնալու…»։ Կը յիշեցնեմ սակայն, որ ճիշդ չէ ինք։ Ճիմին կինը յանկարծ վարակուեցաւ քաղցկեղէ եւ կարելի չեղաւ զինք փրկել։ Ցնցիչ էր։ Յանկարծ զգացինք, որ անապահով էր մարդ արարածին կեանքը այս աշխարհին մէջ։ Շաբաթներ շարունակ գուրգուրանքով շրջապատեցինք մեր գործընկերը։ Իսկ կնոջ յուղարկաւորութեան օրն էր, որ ես ականատես եղայ իռլանտացիներու այս զարմին ներքին ջերմութեան։ Եկած էին Ամերիկայի չորս ծագերէն իրենց մեծ ընտանիքներով եւ յուղարկաւորութիւնը վերածեր էին տօնախմբութեան։

     Կնոջ մահէն ետք, Ճիմը դադրեցաւ խօսելէ ընտանիքի եւ ամուսնութեան մասին։ Այն իրողութիւնը, որ անզաւակ էր, զինք վերածեց վիրաւոր ամուրիի մը, որ կը նախընտրէր լռել իր անձնական կեանքին մասին։ Ես յուսացի, որ կը կարողանամ զինք եւս ընդգրկել Շանտոնկի մեր ծրագրին մէջ եւ այդ ձեւով ունենալ ապահով յենարան մը, բայց այդ մէկը կարելի չեղաւ։ Ամէն օր ես կ՚անդրադառնայի, որ Շանտոնկը խորունկ ծով մըն էր, որուն յատակը կարելի չէր տեսնել։ Մեր չինացի գործընկերները որոշած էին յատակը պահել մեր տեսողութենէն։ Կը կարօտնայի նաեւ Իզապէլը… Ու՜ր էին իր յստակ, ճշգրիտ եւ անսահման գիտելիքները։ «Ոչ», ըսաւ մեր մեծաւորը։ «Պույկը մեզի հետ չէ այս անգամ։ Պույկը որոշեց ըլլալ մեր մրցակիցը»։ Որուն ես անմիջապէս պատասխանեցի՝ «Այդ պարագային, գործ առաջարկենք Իզապէլին»… Եւ երկուքս ալ մեծ խնդուքով մը կանգ առինք հարցին վրայ։ «Իսկապէ՞ս», հարցուց նշանակալի ժպիտը դէմքին… «Այո՛», ըսի ժպիտս պահելով, «վստահ եմ պիտի ուզէ Ուաշինկթըն փոխադրուիլ»։ Չարամիտ ժպիտը դէմքին վրայ էր, երբ նորէն հարց տուաւ՝ «Ո՞ր չքնաղ ֆրանսուհին է, որ պիտի ուզէ Փարիզը փոխարինել Ուաշինկթընով…»։ Unless (բացի այն պարագայէն), ըսաւ, որ շատ յատուկ պատճառ մը ունի կշիռքին միւս կողմը, բայց ի՞նչ պատճառ… մտածեց պահ մը հարցական։ «Քու հանճարիդ կը թողում այդ պատճառը ստեղծելը», ըսաւ։ Շատ անսովոր գաղափար մը գլտորեցիր, ըսաւ փակելով նիւթը։ Եւ սակայն բոլորովին չփակեց… Մտածէ՛, ըսաւ, կրնաս նոյնիսկ դուն՝ ինքդ մէկ տարիով Ճինան կամ Պէյճինկ փոխադրուիլ, Իզապէլն ալ բերել հոս՝ քեզի օգնական եւ մենք կ՚ունենանք հրաշալի թիմ մը…Գէշ չէ, գէշ չէ, ըսաւ, աշխատէ՛ վրան եւ զիս տեղեակ պահէ։   

     Պարզ էր, որ կացութիւնը շատ արագ կը ձեւափոխուէր եւ իմ եւ ուրիշներու կեանքին ընթացքը Մեծաւորին անգուշակելի մտքերուն մէջէն արագօրէն կը տարբաղադրուէր։ Առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ՝ ինչպէ՞ս կեցնել զինք… թէեւ Իզապէլին պաշտօն առաջարկելու խնդիրը իրական բանի մը յանկարծ կը սկսէր վերածուիլ եւ հակասական զգացումներու դուռ կը բանար մտքիս մէջ հակառակ այն բանին, որ առաջարկը եկեր էր ինծմէ բոլորովին ինքնեկ խանդավառութեամբ։ Այժմ վստահ չէի… իսկապէս կ՚ուզէի՞, թէ չէի ուզեր։

     Անցան օրեր եւ ես ինքզինքս գտայ հսկայ զրահանաւ մը երկու թեւերուս մէջ վերցնելու անկարելի կացութեան առջեւ։ Շանտոնկը ուրիշ բան էր։ Ուրիշ բան էր մանաւանդ չինական մտքին հետ չափուելու մարտահրաւէրը։ Կարիքը կը զգայի Ճիմին հետ խորհրդակցելու։ Աւելի ճիշտ կը փնտռէի մտերիմ ընկեր մը բաժակ մը գարեջուրի շուրջ միտքս եւ սիրտս պարպելու։ Իսկ Ճիմը փոխուած էր։ Այն օրէն, որ մեր թիմը դուրս բերուեցաւ ափրիկեան գործարքէն, ամէն բան տակնուվրայ եղաւ։ Ճիմը ուզեց արձակուրդի մեկնիլ։ Միւսներէն ամէն մէկը մեր ընկերութեան ներսը ուրիշ գործերու ետեւէն ինկան կամ վերադարձան իրենց ընկերութիւններուն ծոցը։ Շանտոնկը կը պահանջէր նոր անձնակազմ եւ նոր մտայնութիւն, եթէ նոյնիսկ նախորդ խումբէն դէմքեր պիտի ընդգրկուէին նորին մէջ։ Ես սկսայ լրջօրէն մտածել Իզապէլին մասին։ Խօսեցայ նաեւ կնոջս տարի մը Չինաստան փոխադրուելու հաւանականութեան մասին եւ բաւական մտմտուքներու դուռ բացի մեր ընտանեկան կեանքէն ներս։ Երեխաները հարցումներով կ՚ողողէին տան մթնոլորտը։

     Այս մտորումներուն մէջ էի, երբ այդ առաւօտ Ճէյնը մտաւ ներս ըսելու համար, որ հեռաձայն ունէի։ «Ճիմն է», ըսաւ, «Նիւ Եորքէն կը զանգահարէ…»։ «Ի՜՜նչ», վրայ տուի անակնկալի եկած եւ վերցուցի ընկալուչը։ Ճի՛մն էր՝ զգալիօրէն շէնշող ձայնով մը։ Գիտե՛մ, ըսաւ, պիտի զարմանաս, թէ ի՞նչ կ՚ընեմ Նիւ Եորքի մէջ… Քեզի յայտնելու աւելի լաւ ձեւ մը չունէի, ըսաւ։ Վերջապէս որքա՞ն ժամանակ կրնայի պահել ընկերոջմէս… ըսաւ եւ ծիծաղը պայթեցուց ականջիս մէջ։ Օ՚քէյ, ըսաւ, եկուր գրաւի գանք – իսկական իռլանտական գրա՛ւ – եւ ինծի ըսէ, թէ ի՞նչ կ՚ընեմ Նիւ Եորքի մէջ… «Մէկ բան յստակ է», ըսի, «խմա՛ծ ես». «ուշքի եկուր եւ այն ատեն խօսինք», ըսի։ Բայց օգուտ չըրաւ։ «Դո՛ւն ուշքի եկուր», ըսաւ, «ահա կը փոխանցեմ…» եւ հեռաձայնին միւս կողմը յանկարծ հնչեց… Իզապէլին առոյգ ձայնը երակներէս ներս տաք բաներ հոսեցնելով։ Չէի հասկնար, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենար։ Իզապէ՞լ։ Նիւ Եո՞րք։ Ճի՞մ։ Եւ «վերջապէս որքան ժամանակ կրնայի պահել ընկերոջմէ՞ս…»։ Շշմեցուցիչ էր անակնկալը։

     Ես առիթ չունեցայ հարց տալու, թէ ինչպէ՞ս Իզապէլ եւ Ճիմ միատեղ յայտնուեր էին Նիւ Եորքի մէջ, թէեւ յանկարծ մտքիս խուլ անկիւններէն պարզուեցաւ կապը Ճիմի արձակուրդին (Հարաւային Ֆրանսայի մէջ… ըսեր էր) եւ Իզապէլին միջեւ։ Իզապէլ, իր շողշողուն վանկերով եւ երկու նախադասութեամբ բացայայտեց ամէն բան… «Ճիմը եւ ես որոշեցինք, որ դո՛ւն պիտի ըլլաս մեր ամուսնութեան կնքահայրը», ըսաւ իր մտերիմ ֆրանսերէնով։ Այսքան պարզ ու վերջնակա՛ն։ Քանի մը բառերով գամուեր էր այն միակ գամը, որ վերջնականօրէն ոտքի կը պահէր կարկամ շինուածքը դժուարաւ ինքզինք մշտնջենաւորող այս վէպին։ Վէպ մը՝ որ հիւսեր էր ինքզինք մեր բոլորին կամքերէն անկախ եւ մեր աշխատանքային առօրեան փոխակերպեր անհասկնալի բանի մը, որուն անուն տալու կը դժուարանայինք բոլորս ալ։ Ո՞վ էր իսկապէս Իզապէլը, հարց կու տայի ինքնաշարժիս լռութեան մէջ փորձելով իմ տեղս ապահովել տունդարձի հոսանքին մէջ։ Քէյ Սթրիթի մեքենաներու մշտապէս քաոսային երթեւեկը շարունակաբար կ՚ընդհատէր մտքիս թելը։ Միւս կողմէ կարծես նաեւ հանգչած էր ուղեղս… եւ ես հանգիստ սրտով կը դիմէի տուն։ Իսկապէս բան մը թեթեւցած էր յանկարծ ներսս եւ իր իսկութիւնը գտած։

     Վիրճինիան բուժիչ հող է։ Անոր անծայրածիր կանաչը, կանաչին անխաթար էութիւնը, մտերմութիւնը, պարզութիւնը, անոր համբուրելի յանձնապաստանութիւնը կը բանար մտքիս կնճիռները։ Ես դուրս եկած էի մայրաքաղաքին սահմաններէն եւ խաղաղութեամբ կը յառաջանայի Քանալ Ռոտի հեզասահ երթուղիով։ Մայրաքաղաքի խլրդային եսին քով, Վիրճինիան կը տարածուէր իր յաւիտենապէս խաղաղ ու գեղջուկ աւաններով, բլուրներով, բարձրուղէշ բուներու աճելավայր հանդիսացող անտառակներով։ Ամէն իրիկուն, ես հեւիհեւ կ՚ապաստանէի անոր թաղերէն ներս, ուր խարտեաշ ու կապուտաչուի երեխաներու երամներ կը հետապնդէին պասքէթի գնդակը… եւ ուր ես կը գտնէի իմ անզուգական իմիններս, իմ տունս, իմ երջանկութիւնս։

     Ո՛չ, ըսաւ Ճիմը եւ վերջ դրաւ ամէն հաւանական կարելիութեան։ Իզապէլն ու ես որոշած ենք դուրս գալ առնէտներու այս մրցավազքէն (rat race), ըսաւ զզուանքով։ Վերջ չունի՛։ Կեանքդ ամբողջ վրայ կու տաս եւ վասն ինչի՞։ Պսակուելէ ետք, պիտի հաստատուինք Ֆլորիտա, բայց ո՛չ հարաւը… Թալահա՛սի, ըսաւ ցնծագին երազով։ Դուն եւ կինդ պիտի գաք մեզի այցի։ Թալահասին դրախտ մըն է, ըսաւ։ Եթէ Աստուած մեզի զաւակներ շնորհէ, կ՚ուզեմ, որ անոնք մեծնան լոյսին, արեւին եւ իրենց երազին հետ։ Կ՚ուզեմ վերստին կեանքի կոչել ամերիկեան երազը (American dream), ըսաւ։ Մենք, որպէս ամերիկացիներ, այդ երազը կորսնցուցինք շատոնց, ըսաւ։ Իզապէլն ալ Ֆլորիտայի Համալսարանը իր տոքթորականին վրայ պիտի աշխատի, ըսաւ։ Կ՚ուզէ մտնել մանկավարժութեան ասպարէզէն ներս։ Գարեջուրին վերջին ումպը կուլ տալէ առաջ, մեր բաժակները զարկինք իրարու եւ զգացի, որ յուզումի ալիքը կը բարձրանար ներսէս։ Յանկարծ անհունօրէն ուրախ էի երկուքին համար։ Յանկարծ նաեւ զգացի, որ կը նախանձէի… Կատտէմ, այրիշմէ՛ն (անիծեալ իռլանտացի՛, այսինքն՝ Ծօ, շունշանորդի՛), բացագանչեցի ուրախ եւ արցունքոտ աչքերով։

     Ես ի վերջոյ կրցայ կազմել իմ անձնակազմս եւ Շանտոնկի քաոսին հետզհետէ կրցայ ձեւ տալ։ Մեր կառուցած արտադրական համակարգը այնքան արդիւնաւոր էր եւ շահաբեր, որ մենք զայն շուտով… կորսնցուցինք։ Չինաստանը երկիր մըն է, ուր կեանքը կը թուի յաւիտենապէս անփոփոխ եւ անփոփոխելի։ Բայց նաեւ այն երկի՛րը՝ ուր փոփոխութիւնը կրնայ գալ մէկ ակնթարթի մէջ։ Պէյճինկի կեդրոնական իշխանութիւնները գործեցին ինքնուրոյն յայտնատեսութեամբ մը՝ որ հասկնալի չէր մեզի։ Այսպիսի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ճարտարարուեստական համալիր մը ինչպէ՞ս կրնայ պետութեան չպատկանիլ… ըսաւ օր մը Արդիւնաբերութեան Նախարարը, երբ ես եւ ինք կը հանդիպէինք Լոնտոնի մէջ։ Չըրչիլ Հիւրանոցի խստատեսիլ պառին մէջ, յանկարծ զգացի, որ տարիներու աշխատանքս փուլ կու գար… Եւ օրերու ընթացքին Շանտոնկի մեր գործարանները անցան պետական սեփականութեան եւ մենք դարձանք իրենց յաճախորդը… Ծայրագոյն Արեւելքի մեր միւս գործարքները այժմ պիտի մատակարարէինք Շանտոնկէն։ Ի՜նչ յուսախաբութիւն։ Բայց զարմացայ, երբ, Ուաշինկթըն վերադարձիս, նկատեցի, որ մեր ընկերութեան Չէրմէնը չէր բաժներ իմ յուսախաբութիւնս։ Ընդհակառակն, կ՚ըսէր, դուն մեծ ծառայութիւն մը մատուցեցիր մեզի։ Մենք մեր գործարանը տուինք իրենց (ի դէպ՝ կարեւոր շահո՛վ մը…), բայց դարձանք չին մեծ տնտեսական կայսրութեան առեւտրական գործընկերը (business partner)… For life! (Ցկեա՛նս), շեշտեց ու աւելցուց՝ «Ասոր մէջ քու անվիճելի ներդրումդ կայ»։ Նկատեցի նաեւ, որ իմ անմիջական մեծաւորս յարգալիր հեռաւորութենէ մը գլուխի հաստատական շարժումներ կ՚ընէր։

     Իրենց պսակի օրը, շատ քաղցր անակնկալ մը ըրաւ Իզապէլ, Ճիմին եւ իր անունով, ինծի եւ կնոջս նուիրելով Ալֆոնս Տոտէի յայտնի երկին գեղատիպ հատորը։ Հատորին կցուած էր ձեռագիր նամակ մը, զոր Իզապէլ կարդաց բարձրաձայն բոլոր հիւրերու ներկայութեան եւ որ կը կրէր հետեւեալ վերնագիրը՝ La derniere lettre de Monmoulin (Մոնմուլէնի վերջին նամակը)։ Իսկ Ճիմ իր խօսքին մէջ յիշեց մոռցուած մանրամասնութիւնը։ Վկայութեան կանչելով Ճէյնը, որ կը պոռթկար խնդուքով՝ «Կարոն, ըսաւ, Իզապէլին նամակները կը պահէր յատուկ ֆայլի մը մէջ, որուն վրայ իր ձեռքով գրած էր Lettres de Mon Moulin…» «Իրա՞ւ…», ըսաւ կինս քովէս, որ կլանուած էր Ճիմին սրամիտ ելոյթով։ Երբեք չէիր ըսած ինծի…

     Ճիմն ու Իզապէլը բախտաւորուեցան բազմաթիւ երեխաներով, որոնք այժմ մտած են ամենէն այլազան ասպարէզներէն ներս։ Բաւական շեշտուած տարիքի տարբերութիւն մը կար իրենց միջեւ, զոր Ճիմ լեցուց ամերիկացիի իր հրաշալի ամբարտաւանութեամբ։ Ապրեցան կեանքով լեցուն կեանք մը։ Այժմ քաշուած են Փրովանսի իրենց խրճիթը եւ կ՚ապրին ծովուն եւ արեւին հետ՝ երբե՛մն միայն այցելելով Ամերիկա։ Իսկ ես ժամանակէն առաջ հանգստեան կոչուելով իմ կապերս միանգամընդմիշտ խզեցի առեւտրական ասպարէզիս հետ եւ վերցուցի այլ պատասխանատուութիւններ։ Կինս եւ ես կ՚ապրինք հոս։ Իսկ մեր զաւակները հաստատուած են այս երկրի վաճառաշահ կեդրոնները։

     Վերջերս տղաս համոզեց զիս այցելել իրենց ընկերութեան կեդրոնը… Ի՜նչ կեդրոն, Աստուած իմ։ Կարծես կը մտնէի առասպելական աշխարհէ մը ներս։ Ապշեցուցիչ աշխարհի մը մէջ կ՚ապրին այս նորերը։ Մենք կը հաղորդակցէինք հեռաձայններով, նամակներով, թելեքսով… Չեմ հասկնար, կ՚ըսէ տղաս։ Չի հասկնար, թէ ի՞նչ բան է թելեքսը։ Առհասարակ չկան ֆայլեր, չկան նամակներ, չկան գրասենեակներ, գոյութիւն չունին հրաշագործ Ճէյներ։ Ոչ ոք սուրճդ պիտի բերէ քեզի։ Կանայք աւելի կարեւոր բաներ ունին ընելիք, կը բացատրէ տղաս։ Անոնք մեր գործընկերներն են, կ՚ըսէ։ Կամ մենք՝ իրե՛նց…Կանայք եւ տղամարդիկ արհեստավարժ գործիչներ են եւ տեւաբար դուրսե՛րը։ Ես ու՞ր որ եմ, գրասենեակս ալ հոն է, կ՚ըսէ տղաս։ Իսկ ես ամէ՛ն տեղ եմ։ Եթէ ոեւէ մէկը ուզէ դէմ-դիմաց նստիլ ինծի հետ, պէտք է յատուկ կարգադրութիւն ընենք եւ հաւանաբար հանդիպինք քաղաքի ակումբներէն մէկուն մէջ, կ՚ըսէ։ Բայց շատ հազուադէպ են այդ հանդիպումները, կ՚ըսէ։ Սքայփ, ֆէյսթայմ, Ուացափ…տեսակ-տեսակ նոր բառեր։ Ո՞ր մէկը սորվիս։ Հազիւ սորվիս՝ Ափըլը կամ Կուկլը նորը կը հնարեն։ Համացանցը, որ չկար մեր օրերուն, կը տիրապետէ ամէնուր եւ նախակրթարան յաճախող թոռներդ կ՚իշխեն անոր գաղտնիքներուն։ Այֆոնը հրաշք մըն է, որ տղաքը վերջապէս պարտադրեցին կնոջս եւ ինծի։ Ան հեռաձայն է, հեռագիր, ճամբորդական ուղեցոյց, պատուհա՛ն՝ աշխարհի անցուդարձերուն վրայ, հանրագիտարան, ժամադրավայր, գրադարան եւ դեռ այն բոլոր բաները՝ զորս դուն կ՚ուզես ունենալ ափիդ մէջ։ Մոռցայ ըսելու, որ այդ «ափ»ն ալ հիմա տարբեր իմաստ ունի…«Ափ»երը յատուկ գործիքներ են, կ՚ըսէ տղաս։ Խուլերու խօսակցութի՛ւն։ Ուղեղդ կանգ կ՚առնէ։ Երբ տուն կու գամ, կը նկատեմ, որ կինս արդէն պատրաստած է մեր անմահական տաք շոքոլան։ Ուշացա՛ր, կ՚ըսէ։ Իսկ ես հին օրերուն պէս թեւերուս մէջ կը սեղմեմ իր փխրուն եւ քաղցրաքնքուշ իրանը։

Մայիս 1, 2019
Մըքլէյն

ԾԸ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 2

Your email address will not be published. Required fields are marked *