«Արաս» հրատարակչատունը հրատարակեց Երուանդ Թօլայեանի (1883-1940?), որ նշանաւոր է իր Կավռօշ գրական կեղծանունով, կոթողային յուշագրութիւնը՝ Կավռօշ–նամէն, որ ցարդ անտիպ մնացած, կը սպասէր իր հրատարակչին։ Հայր եւ որդի Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Սեւան Տէյիրմենճեան։ Հատորին մեկենասն է Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկեչ՝ ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Էմմա Քիւլէկեչի։ Հատորին մէջ տեղ գտած են լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի լուսանկարներն ու հաւաքորդ Եդեմ Չուպուքճուօղլուի հաւաքածոյէն պատմական բացիկներ։ Կողքը պատրաստած է Մելիսա Արսէնեան։
ԺԹ. դարավերջի ու Ի. դարասկիզբի թատերական հարուստ կեանքը, իր բազմաթիւ դերասաններով, թատերախումբերով, թատերական սրահներով, ո՛չ միայն հայ, այլեւ թուրք, յոյն, հրեայ եւ օսմանեան խճապատկերին խայտաբղէտ գոյներով, կը ներկայանայ այս գիրքին մէջ, ուր ընթերցողը պիտի տեղեկանայ հետեւեալ եւ այլ բազմաթիւ հետաքրքրաշարժ դրուագներու մանրամասներուն։
Ո՞վ էր այն հայ խմբագիրը, որ Օսմանեան պանքայի դէպքին օրը, երբ պատրիարքարանի զառիվարէն դէպի իր տունը կ՚երթար, կը ձերբակալուի ոստիկաններուն կողմէ։ Վերջիններս կասկածած էին անոր տաբատին արտասովոր ուռեցքէն։ Ոստիկանատան մէջ յայտնի կ՚ըլլայ, որ տաբատին ուռեցքին պատճառը ո՛չ թէ ռումբերն են, այլ խմբագիրին ճաթած աճուկը պարզապէս…
Ո՞վ էր այն դերասանը, Մնակեանի անբաժանելի ընկերը, որ գրպանը ունէր փոքր տետր մը, ուր խնամքով կը նշանակէր, թէ քանի՛ քայլ էր Բերայի իր տունէն մինչեւ Ղալաթիա, Գատըգիւղի նաւամատոյցէն մինչեւ թատրոն, քանի՞ քայլ Թաքսիմէն մինչեւ Էյիւպ…
Ո՞վ էր այն լուրջ ու ծանրախոհ խմբագիրը, որ Քոնքորտիայի թատրոնին մէջ, իր հաստ մարմնովը, լայն թիկնաթոռէն գետին գլտորեցաւ խնդալէն՝ երբ կը դիտէր Իպիշի ու Փեշիքեարի տեսարանը…
Ո՞վ էր այն թուրք դերասանը, որ «Վարդան Մամիկոնեան» փիէսին մէջ հայերէնով կը խաղար Յազկերտին դերը…
Ո՞վ էր այն հռչակաւոր դերասանը, որ կը հպարտանար Փերուզ հանըմ ին ծրարները կրած ըլլալով, երբ ան բաղնիք երթար, կամ մեծ դերասաններուն մօտիկ գտնուելու համար կ՚օգնէր բեմ ի վարագոյրի քաշուելուն…
Պոլսոյ յոյներէն շատեր ինչո՞ւ կը գարշէին բերաննին դնելու Կաղանդի առթիւ հայերուն պատրաստած նշանաւոր անուշապուրը։
Ո՞վ էր Տարիւլ Պետայիի վաստակաշատ հայ դերասանուհին, որ Աթաթիւրքն ու անկախութեան բանակը դիմաւորելու համար առաջինը վազեց գնաց Անգարա։
Եւ դեռ ո՞վ էր այն պուլկար աղջիկը, որ Պոլսոյ հայ հասարակութեան առջեւ «Ո՜հ ինչ անուշ», «Բամբ Որոտան» ու «Հայաստան» կ՚երգէր իր նշանաւոր ձայնով…
Կավռօշ-նամէ լուսարձակ մըն է՝ սեւեռող Ի. դարասկիզբի թատերական ու հանրային կեանքը, իր խայտաբղէտ դէմքերով, զարմանալի անցքերով, վայելչագեղ վայրերով։
Հեղինակին մասին՝
Երգիծաբան, խմբագիր եւ դերասան Երուանդ Թօլայեան (Կավռօշ) ծնած է 1883-ին, Պոլիս, Ֆերիտիէ թաղը, Էյրի փողոց։ Զաւակն էր անուանի խմբագիր, թարգմանիչ, դերասան, հրատարակիչ Յովհաննէս Թօլայեանի (1856-1936)։ Կրթութիւնը ստացած է Սագըզաղաճի Լուսաւորչեան եւ Ղալաթիոյ Սէն-Պընուա վարժարաններուն մէջ։ 20-րդ դարու սկիզբէն պոլսահայ մամուլին մէջ տպագրած է երգիծական երկեր։
1908-1926-ին, որոշ ընդհատումներով Պոլսոյ, կարճ մ իջոց մը Գահիրէի եւ 1927-1936-ին Փարիզի մէջ հրատարակած է «Կավռօշ» երգիծական պարբերականը։ Խմբագրած է նաեւ այլ պարբերաթերթեր, թղթակցած՝ Պոլիս տպագրուող կարգ մը հրատարակութիւններու։
Գրական-խմբագրական աշխատանքի զուգահեռ Թօլայեան մասնակցութիւն բերած է նաեւ թատերական շարժումին։ Պոլսոյ մէջ մաս կազմած է Մարտիրոս Մնակեանի թատերախումբին։ Բեմ ելած է նաեւ Փարիզի մէջ, ուր գացած էր 1926-ին, Պոլսէն հեռանալէ ետք։ Մասնակցած է ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ թրքերէն ներկայացումներու («Արուեստը լեզու չունի», կ՚ըսէր)։ 1915-ին տարագրուած է արեւմտահայ միւս մտաւորականներուն հետ։ Նկարահանուած է թրքական շարժարուեստի հիմ նադիր Մուհսին Էրթուղրուլի «Լէպլէպիճի Հօր- հօր» (1923) եւ «Չարաճճի աղջիկները» («Սէօզտէ քըզլար») (1924) ժապաւէններուն մէջ:
1936 թ. ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան, ուր ալ գրած է իր մեծարժէք յուշագրութիւնը։ 1937 թ. կամ աւելի ուշ կնքած է իր մահկանացուն՝ իբրեւ զոհ սթալինեան անհատի պաշտամունքի հետեւանքով ի գործ դրուած բռնութիւններու։
Հրատարակուած գիրքերն են՝ Իտէալին ետեւէն (Երգիծավէպ Բերայի բարքերէն) (Պոլիս, 1910), Կավռօշ՝ զինուոր։ Զինուորական յիշատակներ։ Խըշլայի կեանքէն (Պոլիս, 1910), Կավռօշին զատիկը (Պոլիս, 1919), եւ այլն։
ԾԸ. Տարի, 2019 թիւ 1