Կապոյտ երազ
Ծովաբոյր ընտրանի ստանպուլահայ պատմուածքի

Քաղեց՝
Սեւան Տէյիրմենճեան,
Պոլիս, 2022 «Արաս» Հրատարակչատուն

Կապոյտ երազը կը խմբէ ստանպուլահայ գրողներու՝ ծովու, կղզիի, նաւու ու նաւամատոյցի վերաբերող պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։ Հայ գրականութեան ծալքերէն ներս բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կատարած մանրակրկիտ աշխատութեամբ ի յայտ եկած այս հատընտիրը կը ներկայացնէ Զաւէն Պիպեռեանէ Յակոբ Մնձուրի, Երուանդ Կոպէլեանէ Վարդան Կոմիկեան, Սոնա Տէր Մարգարեանէ Սեդա Թեւեան մէկը միւսէն արժէքաւոր տասնինը հեղինակէ պատմուածքներ՝ ի մասին քաղաքի, ծովու, ծովեզերքի, Ստանպուլի կեանքի ու հարկաւ այս գեղեցիկ քաղաքի բնակիչներուն։
Հնագոյն Կոստանդնուպոլսոյ, ինչպէս հայերը կ՚անուանեն Պոլսոյ ու վերջապէս Ստանպուլի բազկերակը գրողի զգայնութեամբ գրի առած այս անունները կ՚արձանագրեն տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, կորուստներն ու նորութիւնները՝ միաժամանակ ճոխացնելով Ստանպուլի զգացումներու աշխարհագրութիւնը։