Քրիստեան Բատիկեան

ՄԵՏԱՂԷ ԵՐԱԶՆԵՐ

(Հատուած վէպէն)

Կ­’ը­սէ՝ մտ­քերս կը ցա­ւին։
     Կ­’ը­սեմ՝ մտ­քե­րը ի­՞նչ­պէս կր­նան ցա­ւիլ։
     Կ­’ը­սէ՝ ա­նանկ զգա­ցում մըն է, կը մտա­ծես ու մի­այն ցաւ կը զգաս, կար­ծես ներ­սէն կը մխաս, եւ աշ­խար­հը գլ­խուդ հի­մա կը փլ­չի եւ ա­մէն բան ա­նի­մաստ է­․․․։­
     Եր­բեմն չեմ գի­տեր՝ հո­գե­բո՞յժ կան­չեմ, թէ՞ նո­ւազ տպա­ւո­րա­պաշտ ըն­կե­րու­հի մը գտ­նեմ։ Յե­տոյ կ’անդ­րա­դառ­նամ որ հո­գե­բոյժ մը դժո­ւար թէ կա­րե­նայ օգ­տա­կար ըլ­լալ հոս․ ա­մէն բան իր ա­տե­նը ու­նի, եւ հո­գե­բոյ­ժին ա­տե­նը շա­տոնց փախ­ցու­ցեր ե­նք։ Կը մնայ նոր ըն­կե­րու­հի­ի մը մա­սին մտա­ծել, բայց հոն ալ հիմ­նա­կան խն­դիր մը կայ․ ո­՛վ ի­նչ կ’ու­զէ թող ը­սէ, ըն­կեր մը չես ը­նտ­րեր, պար­զա­պէս ստի­պո­ւած ես հան­դուր­ժել ա­նոր որ հա­մա­ձայն է քե­զի հան­դուր­ժե­լու։ Յո­ռի շր­ջա­նակ մը, որ­մէ չես ա­զա­տիր։
     ­Մա­րի 21 տա­րե­կան է, թէ­եւ ե­րբ խօ­սի, բա­ներ մը կը պատ­մէ իր կե­ան­քին մա­սին, ո­րոնք ապ­րե­լու հա­մար առ­նո­ւազն յի­սուն տա­րի­ի պէտք ու­նէր։ Չեմ մի­ջամ­տեր, կը ձգեմ ու­զա­ծը ը­սէ, ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի խրե­լով իր պատ­րանք­նե­րու ու յօ­րի­նո­ւած աշ­խար­հին մէջ․ թող խօ­սի, նալ­լէ՛թ։ Ար­դէն լաւ ըն­կեր ըլ­լա­լը այդ չէ՞։ Թէ­եւ կար­ծեմ տեղ մը կար­դա­ցի որ լաւ ըն­կե­րը ան­պայ­ման ճշ­մար­տու­թիւ­նը պի­տի ը­սէ միշտ, որ­չափ որ ալ ցա­ւոտ ըլ­լայ այդ ճշ­մար­տու­թիւ­նը։ Բայց այդ պա­րա­գային ի­նք ալ ու­րեմն լաւ ըն­կեր չէ, քա­նի եր­բոր ե­՛ս խո­րա­սու­զիմ իմ սու­տե­րուս լա­բիւ­րին­թո­սը, եր­բեք չ’ը­սեր՝ ա­՛լ կը բա­ւէ, մի՛ յօ­րի­ներ։
     Մէկ խօս­քով՝ ի­րար գտած ե­նք։ Ան­շուշտ պի­տի հարց­նէք՝ ի­սկ ա­տի­կա դժո­ւար չէ՞։ Բայց ե­րբ եր­կու ըն­կեր մի­թո­ման են եւ օ­րէ օր ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը կորսնց­նեն կա­պը ի­րա­կան աշ­խար­հին հետ, ա­տի­կա պար­զա­պէս դժո­ւար չէ, շատ ա­ւե­լի գէշ բան մըն է։ Լաւ, ե­թէ մի­այն եր­կուքս ըլ­լայինք, կեր­պով մը կը յար­մա­րէ­ինք, բայց եր­կուք չենք։­
     Անտ­րէն մեր եր­րորդ ըն­կերն է, եւ հա­ւա­նա­բար բնաւ պի­տի չզար­մա­նաք, ե­թէ ը­սեմ որ ան ալ հո­գե­բոյ­ժի պէտք ու­նի։­
     Անտ­րէն ու Մա­րին կր­նային մի­ա­սին ըլ­լալ, ե­թէ այդ­չափ ի­նք­նա­սի­րա­հա­րած չըլ­լային։ Յա­ճախ կը խոր­հիմ թէ Մա­րի ո­՛ր­չափ մի­նակ է եւ թէ ո­՛ր­չափ ի­տէ­ա­լա­կան զոյգ կր­նար կազ­մել Ա­նտ­րէ­ին հետ, ան­շուշտ ե­թէ հա­մա­տեղ ան­ձնաս­պա­նու­թիւ­նը, որ ան­խու­սա­փե­լի պի­տի ըլ­լար այդ պա­րա­գային, կա­րե­լի ըլ­լար ի­տէ­ա­լա­կան հա­մա­րել։ Պար­զա­պէս Մա­րի ան­չափ կը սի­րէ ի­նք­զինք ու չի կր­նար հան­դուր­ժել Ա­նտ­րէ­ին ալ ան­չափ ի­նք­զինք սի­րե­լուն։ Մնա­ցի ես, բայց ես ալ ան­չափ կը սի­րեմ ի­նք­զինքս։ Ա­սանկ ալ կ’ապ­րինք մեր ը­նդ­հա­նուր յար­կա­բաժ­նին մէջ, ի­նք­զինք­նիս սի­րե­լով։
     Վի­վի­էն թա­ղա­մա­սի մեր յար­կա­բա­ժի­նը պզ­տիկ է, քա­նի մը ոտ­նա­չափ մի­այն, բայց ա­ռան­ձին նն­ջա­րա­նի մը շքե­ղու­թիւ­նը ու­նի։ Ան­շուշտ ան­խօս հա­մա­ձայ­նու­թե­ամբ մը նն­ջա­րա­նը Մա­րի­ին զի­ջած ե­նք, բայց ա­տի­կա ար­գելք չ’ըլ­լար որ ես կամ Ա­նտ­րէն հպար­տու­թե­ամբ շեշ­տենք ա­ռան­ձին նն­ջա­րան ու­նե­նա­լու պա­րա­գան, ե­րբ մեր բնա­կա­րա­նին մա­սին խօ­սե­լու ել­լենք։
     «­Հո­տած սթիւ­տի­օ մը չէ», կ’ը­սեմ իս­կա­կան պուր­ժո­ւայի վայել ան­հոգ շեշ­տով եւ սո­վա­հար ու գզգ­զո­ւած ըն­կեր­նե­րուս խայ­տաբ­ղէտ խում­բին մե­ծա­հո­գա­բար ժպ­տե­լով։ Յոյս ու­նիմ թէ ժպիտս լի­ո­վին կ’ար­տա­յայ­տէ «ո՜վ դուք թշո­ւա՛ռ թա­փա­ռա­կան­ներ, մէյ մը նայե­ցէք՝ ի­՜նչ շնորհ ը­րած եմ ձե­զի հետ սա սր­ճա­րա­նը գա­լով» նա­խա­դա­սու­թիւ­նը։ Բայց քա­նի որ ամ­սա­կանս տա­կա­ւին չեմ ստա­ցած ու քիչ ե­տք պի­տի խնդ­րեմ որ Լիւ­սին ին­ծի փո­խա­րէն վճա­րէ, կը ստի­պո­ւիմ պէտք ե­ղա­ծէն ա­ւե­լի ջա­նա­սի­րու­թե­ամբ հի­ա­նալ ա­ղջ­կան կա­պոյտ կեղ­ծա­մին։
     Մէկ խօս­քով՝ բնա­կա­րան­նիս հո­տած սթիւ­տի­օ չէ, այ­սինքն՝ սթիւ­տի­օ չէ․ հո­տա­ծը հո­տած է։ Ա­տեն ա­տեն ե­րբ Մա­րին իր հեր­թա­կան «­կե­ան­քի մեծ սէր»ը վռն­տե­լով դու­ռը քիչ մը ու­ժով գո­ցէ ե­տե­ւէն, ես ու Ա­նտ­րէն վախ­ցած ա­ռաս­տա­ղին կը նայինք, քա­նի վտան­գը մեծ է որ օր մը չէ օր մը գլուխ­նուս փլ­չի։­
     Ա­ռա­ջին ի­սկ վայր­կե­ա­նին, ե­րբ բնա­կա­րա­նը տե­սանք, գի­տէ­ի որ Մա­րին նն­ջա­րա­նը պի­տի գրա­ւէր։ Ե­րբ օր մը ը­սի ա­տի­կա, Մա­րի իս­կոյն վրայ ե­կաւ թէ խօսքս սեք­սիզմ կը հո­տի կոր։
     «Ու­րեմն ե­թէ աղ­ջիկ եմ, ը­սել է փափ­կա­սուն ըլ­լա­լու եմ, հա՞․․․»։­
     Ը­սի որ ի­րա­ւունք ու­նի եւ սի­րով կոտ­րած բազ­մո­ցին վրայի իմ տեղս կը փո­խեմ իր մահ­ճա­կա­լին հետ, նոյ­նիսկ նե­րո­ղու­թիւն խնդ­րե­ցի որ ա­տե­նօք այդ­չափ սեք­սիստ ե­ղած ե­մ։ Բայց քիչ մը մտա­ծե­լէն ե­տք Մա­րի գտաւ թէ խոր­քին մէջ ը­սածս տա­նե­լի է, այն­քան ալ սեք­սիստ չէ։ Մէկ խօս­քով՝ տեղս մնա­ցի։
     Նն­ջա­րա­նի մահ­ճա­կա­լէն զատ պառ­կե­լիք տե­ղի եր­կու կա­րե­լի­ու­թիւն կայ մի­այն․ կոտ­րած բազ­մո­ցը եւ կամ յա­տա­կը։ Ու­րեմն ա­ռա­ջին ի­սկ վայր­կե­ա­նին, ե­րբ բնա­կա­րա­նը տե­սանք, հոն, տեղ­ւոյն վրայ մէջ­քի սոս­կա­լի ցա­ւեր սկ­սայ ու­նե­նալ, շա­բաթ մը ամ­բողջ տրտն­ջա­ցի Ա­նտ­րէ­ին քով, եւ ե­րբ վեր­ջա­պէս ո­րո­շե­ցինք բնա­կա­րա­նը վար­ձել, Ա­նտ­րէ ի­նք ա­ռա­ջար­կեց որ բազ­մո­ցին վրայ ե­՛ս պառ­կիմ։ Ի­նք ը­նտ­րեց – ան­շուշտ ը­նտ­րան­քի ու­րիշ կա­րե­լի­ու­թիւն չու­նե­նա­լով- ը­նդ­հա­նուր սե­նե­ա­կին մէկ ան­կիւ­նը։ Նոյ­նիսկ հպար­տա­ցաւ թէ հին լա­թե­րէն հի­մա ա­նանկ ան­կո­ղին մը պի­տի շի­նէ որ ես ու Մա­րին կռո­ւե­լու սկ­սինք իր տե­ղին հա­մար։ Ան­շուշտ ի­նք­նա­շէն ան­կող­նին վրայ եր­կու գի­շեր տա­ռա­պե­լէն ե­տք ստի­պո­ւե­ցաւ իր ըն­կե­րու­հի­էն դրամ փոխ առ­նե­լու, իս­կա­կան ան­կո­ղին մը գնե­լու հա­մար, եւ շու­տով ան­դրա­դառ­նա­լով որ այդ ան­կո­ղի­նը շատ սու­ղի նայե­ցաւ ու դժո­ւար թէ կա­րե­նայ մօ­տա­կայ մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին պարտ­քը վե­րա­դարձ­նել, ըն­կե­րու­հի­էն բաժ­նո­ւե­ցաւ։
     ­Շէն­քը 4 Սեպ­տեմ­բե­րի եւ Ռի­շէ­լէ­օ փո­ղոց­նե­րուն ան­կիւ­նը կը գտ­նո­ւի, հե­տե­ւա­բար միշտ կը կռո­ւինք թէ մեր տու­նին ճիշդ հաս­ցէն ի­՛նչ է։ Ա­նտ­րէ վս­տահ է թէ 4 Սեպ­տեմ­բե­րի փո­ղոցն է շի­տա­կը, Մա­րի Ռի­շէ­լէ­օ փո­ղո­ցին վրայ կը յա­մա­ռի։ Իմ դիր­քո­րո­շումս յա­ճախ կը փո­խո­ւի, կա­խե­ալ ան­կէ, թէ այդ օր ճա­շիս հա­մար եր­կու­քէն ո­՛վ պի­տի վճա­րէ։
     Կէտ մը կայ սա­կայն, ո­րուն շուրջ միշտ հա­մե­րաշխ ե­նք․ եր­բոր հեր­թա­կան ծանր օ­րո­ւը­նէ, գոր­ծի, սի­րոյ ու զո­ւար­ճու­թե­ան ձա­խող փնտռ­տուք­նե­րէն ե­տք տուն դառ­նանք ու մեր բնա­կա­րա­նին գու­նա­թափ պա­տե­րուն նայինք, յան­կարծ ան­բա­ցատ­րե­լի ջեր­մու­թիւն մը կը զգանք ու թե­թե­ւու­թե­ամբ շունչ կ’առ­նենք․ ի­՜նչ ա­ղո­ւոր է մեր բնա­կա­րա­նը։­
     Ան­շուշտ վս­տահ եմ, ե­թէ մայրս օր մը չէ օր մը այս յար­կա­բա­ժի­նը տես­նէ, շու­տով ի­նք ալ հո­գե­բոյ­ժի պէտք պի­տի ու­նե­նայ, ա­նոր հա­մար ե­րբ հե­տը սքայ­փով խօ­սե­լու ըլ­լամ, միշտ Լիւ­սի­ին բնա­կա­րա­նը կ’եր­թամ։ Ա­տի­կա, ան­շուշտ, իր ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րը ու­նի, քա­նի ան­կէ ե­տք քա­նի մը ժամ պի­տի Լիւ­սի­ին մէ­կը միւ­սէն խե­լայեղ գա­ղա­փար­նե­րը մտիկ ը­նեմ, բայց ստի­պո­ւած եմ հան­դուր­ժե­լու, քա­նի քիչ թէ շատ տա­նե­լի բնա­կա­րան ու­նե­ցող ու­րիշ ըն­կեր մը չու­նիմ։­
     Այո, բնա­կա­րան­նիս շատ շքեղ չէ, մա­նա­ւանդ բաղ­նիք հո­ղա­թա­փե­րով պէտք է մտ­նել, ե­թէ չես ու­զեր հե­տա­գայ ո­ղջ կե­անքդ սի­ֆի­լի­սէն բու­ժո­ւիլ, բայց չենք դժ­գո­հիր։ Ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ քա­ղա­քին կեդ­րո­նը կը մնանք։ Ճիշդ է որ Լիւ­սի ը­սաւ թէ կեդ­րո­նը բնա­կի­լը տա­կա­ւին շքե­ղու­թիւն չէ, քա­նի իր ան­տուն հօ­րեղ­բայ­րը՝ պա­րոն Ռէյ­մօն, Ա­րո­ւեստ­նե­րու կա­մուր­ջին տա­կը գի­շե­րե­լով նոյն­պէս կր­նայ հպար­տա­նալ թէ կեդ­րո­նը կը մնայ, եւ ա­տոր շքե­ղու­թիւ­նը քիչ մը կաս­կա­ծե­լի է, բայց ես ը­սի որ ա­մէն բա­նէ զատ բաղ­նիք ու­նե­նա­լու պա­րա­գան կայ, հե­տե­ւա­բար ի տար­բե­րու­թիւն ան­տուն պ. Ռէյ­մօ­նի, իմ կե­ցու­թե­անս պայ­ման­նե­րը շքեղ կր­նան հա­մա­րո­ւիլ։
     «Ի՞նչ­պէս»։
     «­Տե՛ս, հօ­րեղ­բայրդ մե­ռած կա­տու­ներ կը հո­տի կոր, ե­ս՝ ոչ»։
     Լիւ­սի հա­կա­ռա­կե­լու ո­չինչ գտաւ եւ ստի­պո­ւե­ցաւ ըն­դու­նիլ որ ը­սածս տրա­մա­բա­նա­կան է­ր։
     Մեր բնա­կա­րա­նին միւս, կեդ­րո­նը գտ­նո­ւե­լէն ոչ նո­ւազ կա­րե­ւոր, պա­տե­հու­թիւ­նը հինգ յար­կա­նի շէն­քին վեր­ջին յար­կը գտ­նո­ւիլն է։ Նախ՝ վե­րե­լակ չու­նինք, եւ Մա­րի­ին յօ­դա­ցա­ւէն տա­ռա­պող մայ­րը չի կր­նար ու­զա­ծին չափ յա­ճախ այ­ցի գալ։ Ան­կէ զատ, շէն­քը հր­դե­հի սան­դուխ ու­նի որ փո­ղո­ցէն մին­չեւ մեր պզ­տիկ հիւ­րա­սե­նե­ա­կին պա­տու­հա­նը կ’ել­լէ։ Ա­սի­կա շատ յար­մար է, քա­նի ե­րբ Ա­նտ­րէ­ին գա­զա­զած ըն­կե­րու­հի­նե­րէն մէ­կը յան­կարծ դու­ռին առ­ջե­ւը տն­կո­ւի –ինչ որ յա­ճախ կ’ըլ­լայ, խոս­տո­վա­նիմ–, Ա­նտ­րէն պա­տու­հա­նէն շուտ մը ան­հե­տա­նա­լու կա­րե­լի­ու­թիւ­նը ու­նի միշտ։
     Վեր­ջին յար­կը բնա­կե­լու գլ­խա­ւոր պա­տե­հու­թիւ­նը սա­կայն տա­նիքն է որ ամ­բող­ջա­պէս մերն է։ Ան­շուշտ քիչ մը վտան­գա­ւոր բան է ա­տի­կա, հա­շո­ւի առ­նե­լով որ ե­րեքս ալ քրօ­նիք կեր­պով ան­ձնաս­պա­նա­կան հա­կում­ներ ու­նինք, բայց միւս կող­մէն՝ այ­լեւս ոտ­քէն գլուխ սի­կա­ռէթ չենք հո­տիր։­
     Ե­րեքս ալ մո­լի ծխող­ներ ե­նք․ ե­ւս մէկ յատ­կա­նիշ որ միշտ կը մի­ա­ւո­րէ ան­ձնաս­պա­նա­կան հա­կում­նե­րով մա­նի­ա­քալ տէբ­րէ­սիվ մար­դի­կը։ Սկիզ­բը տու­նը կը ծխէ­ինք, բայց օր մը, ե­րբ այ­լեւս ծու­խին պատ­ճա­ռով սե­նե­ա­կին մէջ չէ­ինք տես­ներ ի­րար, Մա­րի յան­կարծ պո­ռաց որ ա­՛լ կը բա­ւէ, որ իր վրայի մշ­տա­կան սա ծխա­հո­տին պատ­ճա­ռով այ­լեւս ոչ մէկ տղայ կ’ու­զէ հինգ վայր­կե­ա­նէն ա­ւե­լի հե­տը ան­ցը­նել։
     «­Մա­րի, ը­սածդ չի կր­նար ճիշդ ըլ­լալ, քա­նի ե­թէ կ’ը­սես «ոչ մէկ տղայ», նկա­տի առ­նե­լու ես որ մենք ալ տղայ ե­նք ու հետդ կ’ապ­րինք, վս­տահ՝ հինգ վայր­կե­ա­նէն շատ ա­ւե­լի»։
     Բայց Մա­րի շատ հա­մո­զիչ չգ­տաւ Ա­նտ­րէ­ին այս փաս­տար­կը, եւ հի­մա տա­նիք կ’ել­լենք ծխե­լու հա­մար։ Ճիշդ է որ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին այն­քա՜ն ան­գամ­ներ պի­տի հոն ել­լենք, որ յա­ճախ գոր­ծեր­նիս ալ կ’առ­նենք հե­տեր­նիս, քա­նի օ­րը քա­ռա­սուն ան­գամ վեր ու վար ը­նե­լը շատ յար­մար բան չէ։ Ա­մառ­նե­րը քիչ մը տաք է ան­շուշտ, բայց շատ չենք տրտն­ջար․ հիմ­նա­կան խն­դի­րը ձմեռն է։ Ե­րբ Յու­նո­ւա­րի պա­ղե­րուն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն ե­կող հո­վե­րուն դէմ առ դէմ, վե­րար­կու­նե­րու ու ծած­կոց­նե­րու մէջ փաթ­թո­ւած ու ան­բա­ժան գլա­նիկ­նե­րը շուր­թեր­նէս կախ, մէկ ոտ­քէն միւ­սը կը թռչ­կո­տինք քի­չիկ մը տաք­նա­լու հա­մար, յա­ճախ կը հարց­նենք ի­նք­զինք­նուս՝ ի­՞նչ պէտք ու­նինք սա քա­քին։
     «Ի­րաւ կ’ը­սես կոր, ձգել պէտք է»։
     «Եւ թէ դրամ­նիս կը խնայենք, իմ սի­կա­ռէթս ար­դէն 8 եւ­րօ դար­ձաւ»:
     «­Շատ ճիշդ ե­ս․․․ մէկ հատ ալ ծխենք, իջ­նանք»:
     Քա­նի որ ծխե­լու դէմ հա­մաեւ­րո­պա­կան պայ­քա­րին հե­տե­ւան­քով սի­կա­ռէթ­նե­րը օ­րէ օր ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը սուղ­նան, ի­սկ մենք բնաւ մտա­դիր չենք զի­ջիլ ա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պի մա­սին քա­րոզ­նե­րու, ու­րեմն զար­տու­ղի ճամ­բա­ներ կը փնտ­ռենք յա­ճախ։ Թա­ղին ան­կիւ­նը հն­դիկ նպա­րա­վա­ճառ պ. Գի­շօ­րին խա­նու­թը կայ։ Խա­նու­թը հնդ­կա­կան ո­չինչ ու­նի, բայց քա­նի որ տէ­րը եւ մի­ակ աշ­խա­տո­ղը՝ պ. Գի­շօր, հնդ­կա­կան ծա­գում ու­նի, փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թե­ամբ մը խա­նու­թը հնդ­կա­կան սե­պած ե­նք։ Պ. Գի­շօր շատ ազ­նիւ մէ­կը ըլ­լա­լով չ’ու­զեր իր բա­րի ա­նու­նը ա­րա­տա­ւո­րել, ա­նոր հա­մար ա­պօ­րի­նի գոր­ծե­րը իր փոքր եղ­բօր յանձ­նած է։ Ան­շուշտ չեմ ը­սեր թէ քօ­քայի­նի ըն­դյա­տա­կե­այ գոր­ծա­տուն ու­նին եւ կամ խա­նու­թին նկու­ղը սեքս-գե­րու­հի­ներ կը պա­հեն, պար­զա­պէս սանկ նանկ ապ­րանք­ներ կը բե­րեն Հնդ­կաս­տա­նէն, ո­րոնք, շեշ­տեմ, լման օ­րի­նա­կան են հնդ­կա­կան հան­րա­պե­տու­թե­ան մէջ -թմ­րա­խո­տե­րու զա­նա­զան տե­սակ­նե­րը քի­չիկ մը կը կաս­կա­ծիմ թէ շատ օ­րի­նա­կան ըլ­լան, բայց ի­նչ որ է-։ Ու­րեմն ա­տեն ա­տեն նաեւ հնդ­կա­կան ար­տադ­րու­թե­ան ծխա­խոտ կ’ու­նե­նան, եւ ե­րբ դրամ­նիս սպա­ռի, պ. Գի­շօ­րին փոքր եղ­բօր հա­ւա­տա­րիմ յա­ճա­խորդ­ներն ե­նք։ Ան­շուշտ հոս յոգ­նա­կի պէտք չէ ը­սեմ, քա­նի Ա­նտ­րէն ու Մա­րին կեր­պով մը ո­րո­շած են թէ հն­դիկ­նե­րը մաս­նա­ւոր սէր ու­նե­նա­լու են հայե­րու հան­դէպ, ա­նոր հա­մար միշտ զիս կը ղր­կեն ըն­դյա­տա­կե­այ ա­ռու­տու­րի։ Ի­րաւ որ, պ. Գի­շօ­րին փոքր եղ­բայ­րը –ո­րուն ա­նու­նը ոչ մէկս գի­տենք- միշտ կը շեշ­տէ թէ մաս­նա­ւոր հա­մակ­րանք ու­նի հրե­ա­նե­րուն հան­դէպ։ Եր­բեք չեմ ճշ­դեր թէ հրե­այ չեմ, կա­րե­ւո­րը մար­դը հա­մակ­րանք ու­նի։ Միշտ կ’ը­սէ որ ին­ծի հա­մար մաս­նա­ւոր զեղ­չեր կ’ը­նէ, թէ­եւ ե­րբ օր մը թա­ղե­ցի ծա­նօթ տղու մը հար­ցու­ցի թէ ո­՞ր­չափ կը վճա­րէ հնդ­կա­կան սի­կա­ռէ­թին հա­մար, հասկ­ցայ որ մենք կրկ­նա­կի կը վճա­րենք։ Բայց նո­րէն ալ խա­նու­թի ծխա­խո­տէն հինգ ան­գամ ա­ւե­լի ա­ժան է։ Թէ­եւ ազ­նիւ ըլ­լա­լու հա­մար խոս­տո­վա­նիմ որ ո­րակն ալ խա­նու­թի ծխա­խո­տէն 20-23 ան­գամ ա­ւե­լի ցած է։ Ու եր­բոր ար­ցունք­նե­րու ու հա­զի ա­լիք­նե­րուն մէջ խեղ­դո­ւե­լով, չդադ­րե­լով սա­կայն ծու­խի հեր­թա­կան չա­փա­բա­ժի­նը կլ­լե­լէ, ի­րար կը վս­տա­հեց­նենք թէ ա­սի վեր­ջին ան­գամն է, թէ այ­լեւս այս քա­քը պի­տի չգ­նենք, նո­րէն ալ գի­տենք. վաղ թէ ո­ւշ գլ­խա­հակ պի­տի վե­րա­դառ­նանք պ. Գի­շօ­րին եղ­բօր։­
     Եր­բոր մա­ման ա­տեն ա­տեն ծրար­ներ ղր­կէ Պո­լի­սէն, ան­շուշտ ա­ռա­ջին բա­նը որ կ’ու­զեմ, սի­կա­ռէթն է։ Մայրս այդ գոր­ծին վար­պետն է ար­դէն․ գի­տէ ի­՛նչ­պէս թաքց­նել տու­փե­րը ա­նու­շե­ղէն­նե­րու ա­րան­քին, որ­պէս­զի մաք­սա­տու­նը չկա­րե­նայ յայտ­նա­բե­րել։
     Ծ­րար ստա­ցած օ­րե­րուս իս­կա­կան իշ­խան մըն եմ տու­նին մէջ․ մեծ պատ­կա­ռան­քով կը խօ­սին հետս ու ամ­բողջ օ­րը բո­լոր­տիքս կը դառ­նան, սո­վա­հար աչ­քե­րով միշտ գր­պան­նե­րուս նայե­լով։ Ան­շուշտ միշտ կը պա­հեմ ծխա­խոտ­նե­րը։ Ան­շուշտ միշտ կը գտ­նեն պա­հածս։ Մեր տու­նին մէջ ա­մէն բան ը­նդ­հան­րա­կան է։­
     Ինչ­պէս ը­սի, ա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պը քիչ կը մտա­հո­գէ մեզ։ Մեր պա­րա­գային, ա­ւե­լի կա­րե­ւոր խն­դիր մը կայ. ծխե­լը օ­րէ օր ա­ւե­լի՛ ու ա­ւե­լի կը խրէ մեզ ա­մե­նա­կուլ ռո­ման­թիս­մին ով­կի­ա­նո­սը։ Մնա­յուն տէբ­րէ­սի­ո­նով տա­ռա­պող մար­դոց հա­մար ռո­ման­թիկ ըլ­լա­լը ան­շուշտ շատ լաւ բան չէ, բայց դիւ­րին ալ չէ ա­մէն օր տա­նի­քէն մայ­րա­մու­տը դի­տել ու ռո­ման­թիկ չըլ­լալ։
     Եր­բոր ա­րե­ւը այն­չափ իջ­նայ որ հա­ւա­սա­րի հե­ռուն տար­տա­մօ­րէն փայլփ­լող Էյ­ֆէ­լի գա­գա­թին, եւ առ­ջեւ­նիս փռո­ւած ցած­րա­յարկ Փա­րի­զը ա­րիւ­նոտ նա­րին­ջի ե­րանգ­նե­րով ներ­կո­ւի, կը սկ­սի պատ­մու­թիւն­նե­րու եւ յի­շա­տակ­նե­րու ժա­մը։ Ու հոն ե­նք քով քո­վի, ու կար­ծես միշտ հոն ե­ղած ե­նք, հնօ­րե­այ քուր­մե­րու պէս, ա­րե­ւին մա­հը ող­բա­ցող, նայո­ւածք­նիս դէ­պի ա­նո­րոշ հո­րի­զոն­ներ, շուր­թեր­նիս կի­սա­բաց։ Ու պատ­մու­թիւն­ներ կը թե­ւա­ծեն մի­ջո­ցին մէջ, հան­դարտ, ցած, գրե­թէ շշու­կով, պատ­մու­թիւն­ներ՝ նոր կամ մոռ­ցո­ւած, հա­զար ան­գամ պատ­մո­ւած. մեր կե­ան­քե­րուն պատ­մու­թիւն­նե­րը. ու կը թո­ւի, հոն, այն տա­նի­քին վրայ է որ քիչ քիչ ձեւ ու բո­վան­դա­կու­թիւն կ’առ­նենք, կ’ըլ­լանք մենք, ի­նչ որ կ’ու­զենք ըլ­լալ, ի­նչ որ ու­զած ե­նք ըլ­լալ, ի­նչ որ չենք յա­ջո­ղած։­
     Ու Մա­րի­ին ցած ձայ­նը հո­րի­զոն­նե­րը կը լեց­նէ, ու այդ ձայ­նին հե­ծած կը սու­րանք դէ­պի հե­ռու­նե­րը, Օ­վեր­նի­ա­կան այն պզ­տիկ գիւ­ղա­քա­ղա­քը, ո­ւր ի­նք ե­ղաւ. ո­ւր­կէ ե­կաւ։ Ո­ւր պի­տի չվե­րա­դառ­նայ եր­բեք։ Ու հոն, պզ­տիկ բլու­րի մը վրան, կե­ցած է կար­միր կղ­մինտ­րէ սրա­ծայր տա­նի­քով ճեր­մակ տու­նը, ու դէ­պի տուն տա­նող ծա­ռու­ղի­ին մէջ պզ­տիկ Մա­րի սր­ճա­գոյն ստե­ւով շու­նին հետ կը խա­ղայ։ Ու տա­րի­նե­րը կ’անց­նին, ու Մա­րի միշտ հոն է, այն ծա­ռու­ղի­ին մէջ, այն շու­նին հետ, ու կը թո­ւի աշ­խար­հը միշտ այդ­պէս պի­տի մնայ։ Բայց աշ­խար­հը եր­բեք «այդ­պէս» չի մնար, ու սր­ճա­գոյն ստե­ւով շու­նե­րը օր մը պի­տի կոր­սո­ւին։
     Ու կը պատ­մէ –միշտ ցած ձայ­նով, պա­հուն վայել հան­դի­սա­ւո­րու­թե­ամբ ու մեղմ թա­խի­ծով- ի­՛նչ­պէս 12 տա­րե­կա­նին թո­քե­րու քաղց­կեղ յայտ­նա­բե­րե­ցին քո­վը, եւ թէ ո­՛ր­չափ տխուր է­ին ա­մէն օր զինք դպ­րոց ճամ­բող մօ­րը աչ­քե­րը։ Ու տա­րի­նե­րու հե­ռո­ւէն կը տես­նենք կաս-կա­պոյտ աչ­քե­րը պզ­տիկ տղուն, որ տա­կա­ւին նա­խակր­թա­րա­նէն ի­նք­նա­մո­ռաց կեր­պով սի­րա­հա­րած է Մա­րի­ին։ Յու­սա­հա­տու­թիւ­նը այդ աչ­քե­րուն, ե­րբ կ’անդ­րա­դառ­նայ որ իր սի­րե­ցե­ա­լը կը վտիտ­նայ ժա­մէ ժամ։ Մշուշ­նե­րը այդ աչ­քե­րուն, ե­րբ թա­քուն, ա­մէն օր վարդ մը կը դնէ ա­ղջ­կան գրա­սե­ղա­նին։ Ու Մա­րի գի­տէ թէ ո­՛վ է ծա­ղիկ նո­ւի­րո­ղը, ու Մա­րի չ’ու­զեր տղան ա­մչց­նել։ Ու տղուն մշ­տա­կան սր­տակ­ցու­թիւ­նը եւ ան­սահ­ման սէ­րը մի­ակ բանն են որ ո­ւժ կու տան ա­ղջ­կան ու կը ստի­պեն ան­ձնա­տուր չըլ­լալ։ Մին­չեւ հի­մա կը յի­շէ ար­ցունք­նե­րը, որ հո­սե­ցան տղուն աչ­քե­րէն, ե­րբ օր մը, հեր­թա­կան բժշ­կա­կան քն­նու­թիւ­նէ ե­տք, այ­լեւս յու­սա­հատ, ա­մէն բան պատ­մեց ա­նոր։ Կը յի­շէ այն ե­րե­կոն, ե­րբ ա­րե­ւա­մա­րի լոյ­սե­րուն ներ­քոյ եր­կու պզ­տիկ­ներ  ձեռք ձեռ­քի կը քա­լէ­ին խորհր­դա­ւոր ծա­ռու­ղի­նե­րէն, ու տղան միշտ կը շշն­ջէր՝ «­մի­այն չյանձ­նո­ւի՜ս, Մա­րի՜…»։
     Յե­տոյ, ճա­կա­տագ­րա­կան օ­րը, ե­րբ այ­լեւս վի­րա­հա­տա­կան մի­ջամ­տու­թիւն պի­տի ըլ­լար։ Ու տղան տու­նէն փախ­չե­լով ամ­բողջ գի­շե­րը հի­ւան­դա­նո­ցը ան­ցուց։ Ու գոր­ծո­ղու­թե­ան ա­տեն, քո­մայի մէջ, Մա­րի յս­տա­կօ­րէն զգաց տղուն մօ­տը ըլ­լա­լը եւ մի­այն ա­տի­կա ո­ւժ տո­ւաւ ի­րեն պայ­քա­րե­լու… Ու տղուն ծնող­քը շատ բար­կա­ցան գի­շե­րը տու­նէն փախ­չե­լուն հա­մար, նաեւ ո­րով­հե­տեւ Մա­րի­ին ըն­տա­նի­քը բո­ղո­քա­կան էր, ու ի­րենց զա­ւա­կը աղ­ջի­կէն հե­ռաց­նե­լու հա­մար ու­ղար­կե­ցին զի­նո­ւո­րա­կան դպ­րոց, Թու­նուզ։ Ու Մա­րի ա­րթն­ցաւ քո­մայէն որ տղան չկար։
     Ու այ­լեւս հե­տաքրք­րա­կան չէ՝ ար­դե­օք ի­՛նչ­պէս ան­ցած էր գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։
     Ու այ­լեւս կե­ան­քը զր­կո­ւած է ի­մաս­տէ։
     Բայց ճա­կա­տա­գի­րը իր ծրագ­րե­րը ու­նի, ու Մա­րի քիչ քիչ պի­տի կազ­դու­րո­ւի. 13 տա­րե­կա­նին ար­դէն լման ա­ռողջ է եւ ա­ռա­ջին բա­նը որ կը մտադ­րէ ը­նել, եր­թալ է Թու­նուզ ու գտ­նել տղան։ Ան­շուշտ տա­կա­ւին պզ­տիկ ըլ­լա­լուն, չի կր­նար ի­րա­գոր­ծել ա­տի­կա ա­ռանց մօ­րը թոյլ­տո­ւու­թե­ան։ Ու Մա­րի­ին մայ­րը, հա­կա­ռակ ա­մէն օր ե­կե­ղե­ցի եր­թա­լուն ու ջեր­մե­ռան­դօ­րէն ա­ղօ­թե­լուն, բա­ւա­կան լայ­նա­խոհ մէկն է, ու ը­սե­լով թէ կը հասկ­նայ որ իր աղ­ջի­կը եր­բեք չի կր­նար եր­ջա­նիկ ըլ­լալ ա­ռանց այդ տղուն, կ’ար­տօ­նէ որ Մա­րի մեկ­նի Թու­նուզ։ Ա­ւե­լին, ի­նք ալ կը մտադ­րէ Մա­րի­ին հետ եր­թալ, քա­նի ե­րի­տա­սարդ ա­տեն թու­նուզ­ցի սի­րա­կան մը ու­նե­ցած է եւ յոյս ու­նի գտ­նե­լու զինք հոն։
     (Հոս շատ յս­տակ չէ թէ ի­՛նչ կար­ծիք ու­նի այս ա­մէ­նուն մա­սին Մա­րի­ին հայ­րը, բայց կար­ծեմ կա­րե­ւոր չէ…)։
     Ինչ­պէս ը­սի, ճա­կա­տա­գի­րը իր ծրագ­րե­րը ու­նի, եւ եր­բեմն այդ ծրագ­րե­րը շատ դա­ժան կր­նան ըլ­լալ։ Թու­նուզ հաս­նե­լով, պի­տի գիտ­նան որ տղան չդի­մա­նա­լով Մա­րի­էն բա­ժա­նու­մին եւ թէ իր ան­սիրտ ծնող­քը պատ­ժե­լու հա­մար, ի­նք­զինք ջր­հո­րը նե­տած է։ Բայց քա­նի որ ջր­հո­րին մէջ ջուր չէ ե­ղած, ոտ­քը, ձեռ­քը, ող­նա­յա­րը եւ գլու­խը կոտ­րած է, ու հի­մա մա­հա­մերձ պառ­կած է քա­ղա­քին հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։ Ու մին­չեւ որ Մա­րի մօ­րը հետ հի­ւան­դա­նոց  հաս­նի, ա­հա­բե­կիչ­ներ պի­տի գրա­ւեն հի­ւան­դա­նո­ցը եւ բո­լոր հի­ւանդ­նե­րը գե­րու­թե­ան տա­նին Հա­րա­ւային Սու­տան։ Ու Մա­րի պի­տի հաս­նի ար­դէն պար­պո­ւած շէն­քը, գտ­նէ տղուն ան­կո­ղի­նը եւ վեր­ջա­պէս փլ­չե­լով այդ ան­կող­նին, դառ­նօ­րէն լայ իր դա­ժան ճա­կա­տա­գի­րը։
     «Ան­կէ ի վեր միշտ կը փնտ­ռեմ զինք ա­մէ­նուր. հո­վուն ձայ­նին ու թռ­չու­նի ճռո­ւո­ղիւ­նին մէջ, գար­նա­նային առ­տո­ւան հան­դար­տու­թիւ­նը իր մեղ­միկ ժպի­տը կը յի­շեց­նէ, ու գի­տեմ, տեղ մը կայ ի­նք եւ օր մը չէ օր մը պի­տի գտ­նէ զիս…»։
     Մա­րի­ին ձայ­նը կը ցած­նայ, կը ցած­նայ ու կը մա­րի հան­դա՜րտ, իր յոյ­սե­րուն պէս։ Ես ու Ա­նտ­րէն ձեռ­քեր­նիս Մա­րի­ի աջ ու ձախ ու­սե­րուն կը դնենք, ան­խօս հաս­տա­տե­լով որ հոս ե­նք, որ միշտ հոս պի­տի ըլ­լանք, պատ­րաստ՝ բաժ­նե­լու իր ան­չա­փե­լի ցա­ւը եւ որ բնաւ չնշ­մա­րե­ցինք իր պատ­մու­թե­ան ան­հար­թու­թիւն­նե­րը։
     Յե­տոյ իմ կարգս է։ Նոր սի­կա­ռէթ մը կը վա­ռեմ ու կը սկ­սիմ ցած, գրե­թէ շշն­ջե­լով, ու եր­բեմն չեմ գի­տեր՝ սի­կա­ռէ­թի՞ն, թէ՞ տա­կա­ւին մխա­ցող սիր­տիս ծուխն է, որ մի­ջո­ցը կը լեց­նէ։ Ու այդ ծու­խին հետ ձայնս կը թռի հե­ռո՜ւ-հե­ռու, դէ­պի հոն, ա­րե­ւե­լե­ան կողմն աշ­խար­հի։ Ու 13 տա­րե­կան եմ, ու դպ­րո­ցէն տուն կը դառ­նամ, ան­հոգ, զո­ւարթ, ճիշդ այն­պէս, ի­նչ­պէս ան­հոգ ու զո­ւարթ կր­նայ ըլ­լալ դպ­րո­ցէն տուն դար­ձող 13-ա­մե­այ տղեկ մը։ Ու տուն պի­տի չհաս­նիմ. հս­կայ սեւ օ­թօ մը ճամ­բաս պի­տի կտ­րէ ու կռ­նա­կէս ան­նկատ մօ­տե­ցած եր­կու ան­ծա­նօթ­ներ ձեռ­քերս բռ­նեն ու օ­թոյին մէջ խո­թե­լով ա­ռե­ւան­գեն։ Տա­րօ­րի­նակ ո­չինչ. պար­զա­պէս Պոլ­սոյ ա­ւա­զա­կա­խում­բե­րէն է­՛ն զօ­րա­ւո­րին գլ­խա­ւոր ա­ւա­զա­կը քոյ­րի­կիս սի­րա­հա­րած է, ու քոյրս չի փո­խա­դար­ձեր այդ սի­րոյն։ Ու շա­բաթ մը ամ­բողջ այն մութ նկու­ղին մէջ, եւ ու­տե­լիք՝ չոր հաց մի­այն։ Ու յու­սա­հա­տե­լով, քոյրս պի­տի ո­րո­շէ ըն­դու­նիլ սրի­կային պա­հանջ­նե­րը։ Բայց Ա­րե­ւել­քի մէջ ոչ մէկ բան այդ­պէս դիւ­րին կ’ըլ­լայ, քա­նի միշտ հե­րոս մը կայ քա­քին հա­մը հա­նե­լու հա­մար։ Ու սե­րունդ­ներ պի­տի յի­շեն զինք, այն ազ­նիւ տղան, որ ամ­բողջ կե­ան­քը սի­րա­հա­րած էր քոյ­րի­կիս, ու իր քա­նի մը ըն­կեր­նե­րուն գլու­խը ան­ցած՝ յար­ձա­կե­ցաւ ա­ւա­զա­կա­խում­բին վրայ։ Ու ա­ւա­զա­կա­խում­բը կը նա­հան­ջէր ար­դա­րու­թե­ան մար­տիկ­նե­րուն առ­ջեւ։ Բայց Ա­րե­ւել­քի մէջ հէփ­փի-է­նտ եր­բեք չ’ըլ­լար, ու յար­ձա­կու­մին ըն­թաց­քին ե­՛ւ ա­ւա­զա­կա­պե­տը, ե­՛ւ քաջ տղան պի­տի զո­հո­ւին։ Ու ազ­նիւ տղուն մա­հո­ւան լու­րը առ­նե­լով, քոյրս յան­կարծ պի­տի ան­դրա­դառ­նայ որ ամ­բողջ կե­ան­քը սի­րած է զինք, ու տղուն յի­շա­տա­կը յար­գե­լու հա­մար այ­լեւս եր­բեք պի­տի չա­մուս­նա­նայ։
     «­Քոյրս տա­կա­ւին հա­ւա­տա­րիմ է իր եր­դու­մին, բայց այդ ա­ռե­ւան­գու­մը եւ չար­չա­րանք­նե­րը իմ կե­անքս ալ գրե­թէ կոր­ծա­նե­ցին, քա­նի ա­ւա­զակ­նե­րը կը ստի­պէ­ին որ ա­մէն օր քիչ մը քօ­քային առ­նեմ։ Ա­նանկ թմ­րա­մոլ ե­ղայ, եւ տա­րի­ներ ե­տք մի­այն կր­ցայ լման բու­ժո­ւիլ այդ մո­լու­թիւ­նէս։ Տա­կա­ւին շատ դժո­ւար է ին­ծի հա­մար յի­շել այդ օ­րե­րը…». ձայնս կը խզո­ւի, եւ Ա­նտ­րէ­ին ու Մա­րի­ին աջ ու ձախ ձեռ­քե­րը ձեռ­քերս կը սեղ­մեն ի­րենց ա­փե­րուն մէջ, փաս­տե­լու հա­մար որ հոս են, որ միշտ հոս պի­տի ըլ­լան, որ կը հասկ­նան ու կը բաժ­նեն ցաւս, բնաւ չյի­շեց­նե­լով որ պատ­մած պատ­մու­թե­անս պէս բան մը մէկ շա­բաթ ա­ռաջ հե­ռա­տե­սի­լէն հա­ղոր­դած է­ին։
     Քա­նի որ Ա­նտ­րէ եր­բեք չի կր­նար տե­սած ֆիլ­մե­րը եւ կամ կար­դա­ցած գիր­քե­րը մտա­պա­հել, եւ թէ հա­րուստ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը եր­բեք իր գլ­խա­ւոր ար­ժա­նիք­նե­րէն չէ ե­ղած, ստի­պո­ւած կ’ըլ­լայ նո­ւազ խճո­ղո­ւած բա­ներ պատ­մե­լու։ Ա­նտ­րէ­ին պատ­մու­թիւն­նե­րը գրե­թէ միշտ նոյնն են. աշ­խար­հին ա­մէ­նէն ա­նու­շիկ աղ­ջիկ­նե­րէն մէ­կուն կը սի­րա­հա­րի, խե­լայեղ կիր­քով լե­ցո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը սկ­սին, բայց օր մըն ալ պա­տա­հա­բար կը հան­դի­պի աշ­խար­հին ա­մէ­նէն ա­նու­շիկ աղ­ջիկ­նե­րէն ա­մէ­նէն ա­նու­շի­կին եւ սր­տի մեծ ցա­ւով ու կս­կի­ծով յան­կարծ կ’անդ­րա­դառ­նայ որ այ­լեւս այդ աղ­ջի­կը կը սի­րէ։ Ու ստի­պո­ւած կ’ըլ­լայ –շեշ­տեմ՝ սր­տի մեծ կս­կի­ծով- բաժ­նո­ւիլ ըն­կե­րու­հի­էն, յա­նուն իս­կա­կան ու ա­մե­նա­զօր նոր սի­րոյն։
     Յե­տոյ ան­դրա­դառ­նա­լով որ իր պատ­մու­թիւ­նը շատ զօ­րա­ւոր տպա­ւո­րու­թիւն չի ձգեր վրա­նիս, պի­տի ա­ւելց­նէ թախ­ծոտ նայո­ւած­քը հե­ռու­նե­րը յա­ռե­լով.
     «Ան­կէ ի վեր ան­չա­փե­լի տխ­րու­թիւն մը պա­րու­րած է ամ­բողջ է­ու­թիւնս, եւ չեմ կր­նար բնաւ մոռ­նալ ի­՛նչ ցաւ պատ­ճա­ռե­ցի այդ ա­ղջ­կան…»։­
     Ա­րե­ւը շա­տոնց ար­դէն մայր մտած է, եւ տա­նի­քին կե­ցած կը դի­տենք պտը­տող զոյ­գե­րը, գի­նով ու­սա­նող­նե­րը, գոր­ծէն ո­ւշ վե­րա­դար­ձող­նե­րը, զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ան­վեր­ջա­նա­լի խում­բե­րը, որ կը դառ­նան ե­լեկտ­րա­կան լամ­բար­նե­րու լոյ­սե­րով ո­ղո­ղո­ւած փո­ղոց­նե­րէն, յան­կարծ կը հա­տո­ւին կէ­տի մը վրայ ու կը հե­ռա­նան, ա­մէն մէ­կը իր ծի­րով։­
     Ա­սի­կա մեր լռու­թե­ան պահն է. փո­ղո­ցային բազ­մա­տարր աղ­մու­կի, օ­թօ­նե­րու ազ­դան­շան­նե­րու, քա­ֆէ-թէ­ռաս­նե­րէն հաս­նող ծի­ծա­ղի ձայ­նե­րու, խա­նութ­նե­րէն տա­րա­ծո­ւող ե­րաժշ­տու­թե­ան այս ժխո­րի ետ­նա­խոր­քին վրայ ա­մէն մէկս խո­րա­սու­զո­ւած ե­նք մեր մտա­ծում­նե­րուն մէջ։
     Ու կար­ծես միշտ հոն պի­տի ըլ­լանք, այն տա­նի­քին վրայ, քա­ղա­քի ժխո­րէն վեր, քով քո­վի։
     Յե­տոյ օ­րո­ւան վեր­ջին սի­կա­ռէ­թը կը վա­ռենք:
     «Մտ­քերս կը ցա­ւին», կ’ը­սէ Մա­րի։­
     Եւ շա­տոնց այ­լեւս չենք հարց­ներ թէ մտ­քե­րը ի­՞նչ­պէս կր­նան ցա­ւիլ։
     Գի­տենք. ա­նանկ զգա­ցում մըն է, կը մտա­ծես ու մի­այն ցաւ կը զգաս, կար­ծես ներ­սէն կը մխաս, եւ աշ­խար­հը գլ­խուդ հի­մա կը փլ­չի եւ ա­մէն բան ա­նի­մաստ է­։

ԾԷ. ՏԱՐԻ, 2018 ԹԻՒ 1

նախորդ
Káukasos