Ծաւի Պիլալեան

ԵՂԱՆԱԿՆԵՐ

Չեմ գիտեր։
Կեանքը շատ գեղեցիկ է, շատ քաղցր է։
Կարծես նոր ծնած երեխայ մը ըլլար։
Ապշած իրեն կը դիտեմ, կը զմայլիմ։
Դէմքը կը տեսնեմ յստակ։
Իւրաքանչիւր շունչ որ դէպի ներսս կը քաշեմ։ Այնքան մաքուր, այնքան
անկեղծ։
Հիւանդութիւն չկայ, հետք չկայ այդպիսի բանի մը։ Միայն բուժող
ծնունդ մը։
Ես կամ։
Ես կամ, եւ իմ մէջ ստեղծուող զգացումներ։
Շատ անուշ են, կը յուզուիմ անոնց համեստութենէն։
Կը ժպտիմ կեանքի գոյութեան։

Ժամանակ մըն է ուր միայն գեղեցիկ երաժշտութիւն կայ։
Շուրջս մութ է, բայց աչքերս կը փայլին, կեանքը ուրախ է, ուրախը կը
տիրէ, կամ ալ տիրելու պէտք չկայ, ինքն է միակ գոյութիւն ունեցողը։
Եթէ տխուր ձայներ եւ երգեր ալ լսուին, ուրախութեան ալիքներու կը
վերածուին։ Երբ հասնին ժպտուն մտքիս։
Շուք չկայ, պատ չկայ, արեւը հոն, կեանքն ալ իր կողքին կանգնած։
Չէ, արեւէն չեմ նեղանար, ոչ ալ շուքի պէտքը կը զգամ։
Գիտեմ, զարմանալի վիճակ մըն է։
Կրնայ շատ դիւրաւ անհետանալ քանի մը վայրկեանէն։
Եւ ինչու չեմ գիտեր, արդէն իսկ կը զգամ մաս մը անհետացաւ, չտեսայ
որ կողմ գնաց։
Ի՜նչ հաճելի բան է շունչ առնելը։
Կարենալ դուն քեզ լեցնել։ Օդը լեցնել քու անմեղութեամբ, եւ
արտաշնչելով արեւուն հետ բաժնեկցիլ։
Արեւուն հետ, քանի ես ու ինք ներկայ ենք այս վայրկեանին։
Հաստատ գիտեմ, եթէ գլուխս ետեւ դարձնեմ պիտի տեսնեմ իմ մտերիմ
ընկերներ՝ լեռները։
Անոնք միշտ հոն են, կը սպասեն ինծի։
Արդեօք անոնց հսկայ եւ ծանր կշի՞ռքն է որ անկարելի դարձուցած է
ինձմէ հեռանալը։
Չէ։
Իրարու կը պատկանինք։
Խորտուբորտ մորթս իրենցմէ ստացած եմ, մարմինիս գոյնը, քրտինք
արտադրելու կարողութիւնը։
Իրենք ալ իրենց կողքին, շատ բան ստացան ինձմէ։ Չըսեմ, հանելուկ
թող մնայ։ Բոլոր անոնց որոնք կը տեսնեն իմ գոյութիւնս եւ կեանք կու
տան ճանչնալու զիս։ Եւ ընդունելով իմ ահռելի ուժեղ զգացումներս։ Ի
վերջոյ, պիտի կարենան ունենալ քանի մը վայրկեան, ապրելով
ամբողջութեամբ մաքուր, թափանցիկ, մերկ, արեւոտ, շունչով լեցուն
օդի մը մէջ։
Միայն այս է գաղտնիքը ստանալու այսպիսի բան մը, կարենալ մտնելու
աշխարհ։ Իրական աշխարհը, ուր ընդունուած են միայն մարդիկ,
լեռներ եւ արեւ։
Բարի եկար։

Կրնայ ըլլալ չտեսնուինք հոն, չզարմանաս, խաբուած չզգաս. արդէն
ըսի, խաբէութիւն չկայ որ հանդիպիս։
Կրնամ գտնուիլ լուսինին հետ։ Շարունակելու մեր լուծումներու նոր
հատորը։ Կամ ալ ստեղծուած զգացումներ բաժնեկցելու երկար
ճանապարհին մէկ բաժինը։
Բայց եմ։ Հոն եմ։ Ես եմ։ Ներկայ եմ։ Զգացումս եմ։ մաքուրն ու
անկեղծն եմ։ լուսինն ու շուքն եմ։ տունն ու աշխարհն եմ։ վայրկեանն
եմ։ ուրախը եւ ուրախութիւնն եմ։ հանգիստը եւ հանգստացնողն եմ։
ընդունուածը եւ ընդունողն եմ։ սիրողն եմ։ սէրն եմ։ ես եմ։ ես եմ։ ես եմ։
Ցուրտն ու տաք փաթթուկն եմ։ Կրակն ու վառող տախտակն եմ։ Ծառն
ու հողն եմ։
Կեանքն եմ։ մայրն ու հայրն եմ։ Զգացումն եմ։ սէրն եմ։ մաքուր օդն եմ։
բերանն ու ականջն եմ։ փափուկ ձեռքն ու չարքաշ ոտքն եմ։ մարմինն
եմ։ ծնունդն ու մանուկն եմ։ անոր լացն ու լացը սրբող մատն եմ։

Ձիւնն եմ։ արեւն եմ։ օդն եմ։ շունչն եմ։ սէրն եմ։ քարացած ձիւնն եմ։ եւ
սիրահարն եմ։ սիրահարը արեւուն։ նայուածքն եմ։ նայուածքը ձիւնին։
ձիւնին նայուածքը արեւուն։ ու այսպիսով կ’անցընեմ կեանք մը։
ես եմ։ կը սիրեմ։ սէր եմ։ արեւը սիրողն եմ։ տաքութիւնը սիրողն եմ։
սէրն եմ։ բայց ես ձիւնն եմ։ պաղ ձիւնը ձմեռուան։ ես ինքզինքս սիրողն եմ։
ես եմ։
հալեցայ։ տաք արեւուն տակ։ պաղն էի։ տաքն էր։ արեւն ու ձիւնն եմ։

բայց ձիւն չմնաց։ ջուրն եմ։ ջուրը հալած։ պաղ ջուրն եմ։ արեւը սիրող։
ձիւնը հալեցաւ։ սէրն եմ։ ես եմ։
Ձիւն չմնաց։ օդը յոգնած փչելէն, տաքցաւ։ գիտես։ դիւրին չէ։
ես եմ հովը։ օդը՝ ես եմ։ բերանը՝ ես եմ։
Ձիւն չմնաց։ ձմեռն ալ հալեցաւ։
Բայց ըսեմ։ ես եմ։
Ձմեռը հոն չէ։ պէտք էր երթար։ գացի։ գնաց։
Կանաչ եղայ։ կանաչ եմ։ կանաչը երեւցաւ։ տերեւ է։ ծաղիկն է։ տերեւն
եմ։ ես եմ։
Գարունը հասաւ։ ձմեռը հալած։ արեւը տաքցած։
Բայց արեւը տաք կ’ըլլայ։ ձմեռը հալող, իսկ գարունը հասնող։
Ես եմ։ ես եմ։
Աս է կեանքը։
Բայց ըսեմ։

Ջուրն եմ։ պաղ առուի ջուրը։ մազերս ալ քիչ մը ջուր է։ կը մսիմ։ իրաւ
է։
Կը մսիմ։ բայց։ ես եմ։
Ես եմ պաղը։ ջուրը ես եմ։ պաղ հովն ալ ես։ մի մտահոգուիր։ հիւանդ
չեմ։ չէ։ պարզապէս ինքզինքս կը զգամ։ ես եմ պաղը։ ես եմ ջուրը։
ջուրը հոսող։ բոլորին գաղտնիքները շալկող։ լուռ հոսող։ բոլորին
հասնող։ բուժող ու մաքրող։ ես եմ։
Լոգցայ։ հանգստացայ։ մաքրուեցայ։ հանդարտեցայ եւ բուժուեցայ։ ես
եմ։
Ջուրը ես եմ։ ես ինձմով բժշկուեցայ։ ես ինքզիքս ըլլալով։ ինքս ջուր եմ։
մաքրուեցայ։ լոգցայ։

Ձմեռ, գարուն, աշուն, ամառ։ ես եմ։ կը հալիմ, կը հասնիմ, կը թափիմ,
կ’այրիմ։ այո։ այս բոլորէն կ’անցնիմ։ ես եմ։
Երբեմն ինքզինքս չեմ ըլլար։ ես չեմ ըլլար։ եւ կը հեռանամ ինձմէ։ կը
չորնամ։ իյնալիք եմ։ բռնող չունիմ։ մինչեւ ո՞ւր պիտի իյնամ։

տերեւն եմ։ տերեւը կանաչ։ տերեւը սրճագոյն։ ես եմ։
հովն եմ։ բերանը հովին։ ուժը հովին։ ես եմ։ փչեցի։ յոգնեցայ։ պարեցի։
դարձայ։ ինկայ։ ես եմ։ բոլորովին ինկայ։ բոլորովին կը մերկանամ։
տկարացայ։ ես չեմ։ այլեւս ես չեմ։
Չէ։ տկարը չկայ։ ես չեմ։ տկարացայ, որովհետեւ ինքս չեղայ։ աշունն ալ
աս է։

Խնդացի։ լսեցի։ ես եմ։ ես ինծի լսեցի։ ձայնս լսեցի։ ես եմ խնդուքը։
Արեւը կը դիտէ։ ես ինծի կը դիտեմ։ արեւը՝ ես եմ։
Ես ինքզինքս նայելով, արեւը ամէն օր կը ծագի։
Ինքզինքս սիրելով, ձմեռը կը հալի եւ գարունը կը հասնի։ ամառը
կ’այրի եւ աշունը կը թափի։ Ինքզինքս մտիկ ընելով, հովը կ’երգէ։
դէպի ինծի վազելովս է որ ջուրը կը հոսի եւ կը հասնի բոլորին։
Ինքզինքս ապրելով է որ աշխարհը կայ, եղաւ, եւ կրնայ ըլլալ։ կեանքը՝
անմեղութիւնն ու սիրելն է, տաքութիւնն ու մաքրութիւնն է։
Ջուրն եմ։ սէր եմ։ արեւն եմ։ բնութիւնն եմ։
Կեանքն եմ։
Ես ինքս եմ։
Արդէն իսկ՝ կեանքը ինձմով է։

Անցաւ ժամ մը։
Արդէն իսկ բոլորովին բացակայ են։ Բացակայ են։ Անցնող
վայրկեանները հոս չեն։ Այո, բոլորին համար հոս չեն։
Բայց այս անգամ տարբեր էին։
Չեմ յիշեր ալ։
Ո՞ւր էի։
Ի՞նչ էի։
Ե՞ս։

ԾԹ. ՏԱՐԻ, 2019 ԹԻՒ 1

ԾԱՒԻ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կը սպասեն:
Լիբանանցիները չեն. անոնք, որոնք կը սպասեն իրենց իրաւունքներու ձեռքբերման: Խմբակ մըն է, որ կը սպասէ իններորդ ամիսդ լրացնես, ձեռքիդ օղակ մը անցընելու: Ըսելով, որ կը պատկանիս աս ինչ հիւանդանոցը, Պէյրութ, 1999: Ըստ լուսանկարին, ապարանջան ձեռքիդ շուրջ է, բայց եկող Յունիս 1-երով պիտի հասկնաս թէ ապականած ջուրերու ձուկերէն շատ տարբերը չես: Աս ինչ դպրոցին, թաղին, համալսարանին մէջ գտնուելով, անոնց պիտի պատկանիս “եղեր” եւ որպէս նշան վիզդ կը դառնայ օղակներ նետելու դիրախ մը: Իրենց կողմէ դիտուած, խաղը աւարտած կրնայ թուիլ, բայց հաճոյքը այլեւս քո՛ւկդ է. պատկանելու մտերմութեան այն պահերուն ու վայրկեաններուն որոնցմով կը գինովնաս, ինչքան որ ուզես ու կը հասնիս տետրակիդ: Օղակներով տետրակ մը, վարժ թխմուելու վեց կամ քսան տարեկանի գրպաններուդ մէջ: Անիկա, գրիչով միասին հետդ է. ապահով ես:
Օղակներ՝ թղթիկներդ միացնելու միջոց մը պարզապէս. շրջանակ մը, պատրաստ թուղթեր ցրելով, անոնց գինովութիւնը բաժնելու:

նախորդ
ԹԵՂԵՆԻՍ