Գրիգոր Պըլտեան

ԹԵՂԵՆԻՍ

     Ոչի՛նչ կայ պատմելիք։

     Շեղ ու սեպ սարաւանդ մը բոյսերու, վայրի տունկերու, գաճաճ ծառերու, որ հետզհետէ լեռը կը նուաճեն մինչեւ կատար եւ հեռակէտը առկայծ իմաստին։ Մշուշի ծուէն՝ որ կը փայլատակէ անտես ճառագայթէ մը բռնկած. իսկ ես կը գտնուիմ ստուերին մէջ, անոր տակ, փորուածքի մը փարած։ Կը փորեմ հողը փոփոխուող արագութեամբ ամպերու։

     Ուրցի արմատներ կարծես առկախ հողն ի վեր կամ վար որ ժամանակը կը վերածեն մանուշակագոյն փշածաղիկի։

     Յանկարծ դեղին, կարմիր, կապոյտ ու սեւ, նոյնիսկ ճերմակ ու կիսաթափանց թիթեռնիկներ, թռչկոտող, ոստոստող. քուարձի, մեղեսիկի շատ բարակ ու նրբին խաղացկուն խաւեր են լոյսին, հազիւ փայլ, կամ ակնախտիղ երեւում։

     Դանդաղ շունչ մը, այդ թեթեւ ու զով կանաչը, շուքը, կենսատոգոր վարշամակը անափ լոյսին, որ կը թրթռայ, կը բաբախէ, կը հեւայ, թանձր, շօշափելի, մառախուղի մը պէս ցրտին, որ մէկէն բոցավառ պարզուէր, լոյսը որ կը բախի դէմքիս, կարծես դիմակազերծող յանկարծ։

     Անունները կը նահանջեն որքան քայլերս բանան, պեղեն սարաւանդը, որքան լանջը դառնայ թեք, ստէպ-ստէպ լերկ բնատեսք, գրեթէ անելանելի բարձունք, կարմիր հողի փլուածք մը, կոկորդային, որուն քերթելով հարկ է կառչիմ, եւ քարաժայռը կը ցցուի իբր պատռուածք մը լեզուին մէջ։
     Ոչինչ կրնամ ըսել, մտմտալ անգամ այս սաստկօրէն մօտիկ բաներէն։
     Քերթուածը ասոր անդրադարձ կարկտանն է։

     Անունները՝ որպէսզի մոռնամ։

     … Եւ դեռ առաւօտեան բոյրեր՝ որ լոյսը կը քայքայէ հետզհետէ, թեթեւ մուշկի, վայրի դաղձի, խնկենիի, կտրուած ցօղի ու ցնցղուած կանաչի, թունդ՝ յանկարծ փարատուող, կարծես արտաշնչող երանգներու նախագոյ ծիածան մը պահուըտած հողին մէջ, աւելի խոր քան ցերեկը, քան ժամանակը, քան ատաղձն ու մաղձը հողին, տեսակ մը անգիտակից թանձրութիւն, գոյացական տարածք յիշողութեան մէջ յամեցող, անհետ, խարխուլ, միշտ անտէր, մնացորդ՝ այն կենսոլորտէն երբ աչքերը կը գտնէին իրենց դիմադարձ դիրքը աշխարհին դէմ կամ երբ չէին իսկ գտներ եւ որ առասպելը կը յօրինէ, կը կազմաւորէ։ Առաջին ներկայութիւնը։ Ո՛չ իսկ ներկայութիւնը։ Առասպելը անժամանակը կը հիւսէ լերան, երկնքին, հովուն, առաջին ու վերջին ջուրերուն, մարդու մը կապոյտ կամ սեւ որ կը չափէ արեւուն քայլերը քարերէն, ճառագայթներուն նիզակները մինչեւ հեռուէն փախչող երէն կամ փետուրներու տիեզերական սփռումը։

     Բոյրերը կը վրիպին խօսքէն եւ կը տանին բոյսերու ներամփոփ էութեան, խորքի մը՝ որ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կոչել. բո՞յն, կեդրոնավա՞յր թէ բուն։ Բոյրեր՝ որ նոր ու հին բառերը չեն կրնար ըսել առանց փոխաբերութեան, առանց փոխանուանութեան, առանց լեզուի բոլոր միւս դարձուածքներուն, պատկերին ու տեսողութեան, առանց ակնարկութեան, ամբողջ հռետոր զգացողութիւն։ Բոյրերը՝ որպէսզի ըլլամ հոս, անդրժելի աստեղութեան մը մէջ, բանտարկուած՝ անբառի մը։

     Իսկ բառերը՝ յիշելու համար իմ դրսութիւնս ինձմէ։

     Թերեւս աթոմներ, աթոմային զուգորդումներ, կազային տիեզերական բաղադրութիւններ, քիմիական միգամածներ, բայց եկող աւելի հեռուէն քան ժամանակն ու երեւակայութիւնը, աւելի խորքէն քան էութիւնը, անկէ որ թող կոչեմ այլուր, եւ յետոյ անմիջապէս հարկ է լռախօսեմ։

     Երբ լեզուես՝ կը կորսնցնես։

     Չեմ ելած լեռները խօսելու համար բառերուն հետ, հաւատալու, համեմատելու, չափաբերելու արտ ու երկինք։ Բառերը ստկելու, ստուգելու, գիտնալու համար են։ Կը քալեմ որպէսզի լքեմ չափակցութիւնը, լսեմ միայն լեռը, անոր հանգիստը, այս ճոխ ու ծանրակշիռ դադարումը րոպէին մէջ, այդ փեռեկտուածքը իր կտոր մը երկինքով ամպերուն միջեւ։ Այդ չլսուող, զանգուածեղ ու անլուր թոհուբոհը կոփուած։ Միշտ ժամանակաւորապէս խաղաղ,
բայց միշտ պատրաստ բխելու։

     Լեռներ, լեռներ հայրենի, բայց ո՛չ, միայն կորստեան ու թերեւս միշտ նուաճելի, մէջդ։

     Կածանը որ կը հետեւի լերան, ասոր ոլորապտոյտ պարին, թեքումներուն, անկումներուն, ամբարձման, դրուագումներուն ժայռի ու ծառի, կը ստուերագծէ մաքառումի, մարտի, ընկրկումի բազմադրուագ խաղածիր մը որ կ’ուզեմ լքել։ Խրամատի, աշտարակներու, վիհերու դիմաց բացուող հարթակներու տեւական յառաջխաղացք մը ժամանակը փորող, ընդլայնող զայն, սուզուող անոր մէջ իբրեւ իր լաբիւրնթոսին։ Անկոխ գետնին վրայ՝ փշոտ թուփեր կան, որոնց ճիւղերը կը պատռեն, կ’արիւնեն ձեռքերս։ Կը տանին ո՛չ մէկ տեղ որ գիտցած ըլլամ։ Կը բաւէ դուրս գալ ճամբէն, զարտուղիլ, մխրճուելու համար յիշազրկումի մէջ։ Եթէ կարենաս ընել վերջին արարքը. լքել դուն քեզ։

     « Զի՞նչ խնդրես աստ զի ոչ գոյ։»

     Յայտնութիւնը միայն ինք, փայլակնային երեւումը սարաւանդի դարվերին, լանջերն ի վեր, լերան յանկարծաբանական կանգնումը մէկէն, բացող առաւօտ մը ուրիշ տարածքի մէջ։ Մանկութիւն մը՝ առանց ծագումի, առանց յանգումի։ Ժայռափոր սեպագիր մը՝ թափանցուած լոյսէն։

     Մենհիր, տոլմեն կարծես մենաւոր կամ խաչքար, ինչպէս այն որ տեսեր ես, անոր դիմեր ես երկար ճանապարհորդութեամբ, Թեղենիս, կակաչի, սեւ մեկոնի սանձարձակ կանաչ սեպադիր արտն ի վեր, դարձած դէպի արեւմար, արդէն կիսով հակած դէպի հողը, թիկնուքը տուած արեւելքին, խոնարհած, տարօրէն խոհուն, կարծես գոց աչք՝ կիսաստուերին հետ խօսող, պատրաստ՝ համբուրելու երկիրը, աւարտելու իր ժամանակը, սպասելով միշտ, կենսածառի կատարին երկրորդ յայտնութեան մը, յաւուր Գալստեանդ յիշեա՛ զՍիմէոնս, որդի Վարդանայ, որ աստ ննջէ, ընդ մօր իւրոյ… շնորհեա՛ թողութիւն ծառայիս… ընկալ քաղցրութեամբ… փսփսուքը միայն հովուն մէջ, ականջիդ ներքեւ, անկարելի, գրեթէ անստանձնելի, այդքան դժուար է ու տաժանելի մտնել մտերիմին մէջ, յաղթութեան ու պարտութեան, առանց գրաւել ու տէրը դառնալ ուզելու։ Ուրեմն գացեր, եկեր ես մինչեւ վայրը որ կոչեցիր Թեղենիս որպէսզի մտերիմը դառնայ խուսափող, անսահմանօրէն խուսափումի եղելութիւն։

     Արահետը կայ քեզմէ առաջ, բոլոր հետքերը անանուն մարդուն որ յայտնուեր է հոս քեզմէ առաջ, քններ, պրպտեր, գծեր, կնքեր է ընթացք, յղացք եւ այլընտրանք դէպի ձախ, դէպի աջ կամ անել։ Ուղենշաններ՝ վայրագն ու անոպան նուաճող կամ նուաճելու սահմանուած։ Քար մը դրեր քարի մը վրայ, տաշեր, հիւսեր է պատ, լքեր է տուն ու անձաւ։ Գաղթեր է հոս ու հոն, ինչպէս դուն հիմա ամեն քայլի կը մտնես քարաստան եւ այդ դարաստանէն կ’ելլես դուրս, կը դիմես մինչեւ վարդագոյնը բոլոր ոստաններուն։

     Ոչինչ կայ պատմելիք։ Ըսիր, Ի՞նչ կը սպասես։

     Ամեն ինչ կու գայ խորտակումէ մը ետք, յետկորստեան կամ իբրեւ հետք անհետացման, ինչպէս հնամաշ բառերը որոնք, որքան ալ նորոգես, կը շարունակեն ապրիլ իրենց կեանքը, մէջդ, քեզմէ անկախ, քեզմով, կարծես միայն քեզի համար, տրամադրուած քեզի ժամանակաւորապէս, զանցող քեզ, քողարկող քեզմէ դէպքը որմէ ծնան. «ինչ որ կը յիշէ այն է որ կը մոռցնէ». եւ այն ատեն միայն կորուստը կը գտնէ բառերու շարահիւսութեան մէջ սքողուն պատումի յետին արմատը, որ հիմա ատենն է կոչես. կորո՛ւստ կորստեան։

     Յայտնութիւնը պահն է անյեղլի, երկու կենսախայտ թեղիներու միջեւ տեղափոխուող անցակէտ։ Փակագիծերու մէջ պահպանուած միջոց՝ որ ծաւալուն ու կանաչ դաշտագետինի մը նման, բուրաւէտ կու գայ քեզ ողողել։ Կը դառնաս, կը նայիս անգամ մը եւս խոնարհող քարին, անոր խորտուբորտ, անտաշ թիկունքին, կքած, որ լոյսը փսփստուն՝ գորովագին կը շոյէ նախքան խորտակուիլը, նախքան խորտակումը նորոգելը ամեն օր։

     Մտմտացողը կը մտնէ խարխափելէն պատումին մէջ ինչպէս քնացողը ձմրան վերմակին ներքեւ եւ կը յառէ ներսէն աչքերը երազին, բաներու խորքին՝ տեսակ մը պատկեր ձգտող անդադար ձայնապատկերի մը լրումին։ Ի՞նչ հարկ այլաբանելու երբ խոնարհող քարը կը բուրէ խաշխաշ ու քնախոտ եւ կ’անրջէ իր կարգին յարութիւն ու վերապրում։ Սիմէո՛ն, Սիմէո՛ն, որդի՛ Վարդանայ… բարեխօսեա՛ ինծի համար, զի փրկեցայց ի փորձութենէ երկրի ու երկնքի…

     Շունչ մը՝ որ կը թուէ, կը համարակալէ, կը վերակազմէ ամբողջ Ուրարտուն մշտապէս, ամեն անգամուն տարբեր խաղածիրով ընթացող արտոյտներու երամ, կարծես արդէն ակամայ սկսեր է վիպասանութիւնը Ռուսայի, Տրդատայ ընդ հոգւոյն սրբոյ, ընդ Հռիփսիմէի։ Տեղերը՝ առանց քու յիշողութեանդ ի՜նչ ամայութիւն, եւ կայքերը պատկերներով ողողուն՝ ի՜նչ հեղձուցիչ օթեւան։

     … Բայց ահա Թեղենիսն է նորէն բացայայտ, բլուրի սեպ բարձունքը նոյն ուր վիպասանին հետ գացեր ես, ընկերակցեր է ան, որ համեմատես մեկոնը երկնքին, տապալած, կոխոտուած շիրիմները փշաթելով սեփականացուած
կալուածին, ուր վաղը, այսօր արդէն պալատ է կառուցւում, հանգստարան կամ մաքսաւորի հեշտանոց, եւ վիպասանը ձեռքն է դրեր կոփուած քարին, կարծես խուլ զայրոյթով ուզէր զայն խրել, պահել, ընել զայն հողամոյն, քանզի աւելի լաւ պիտի ըլլար թաղուէր այս զանգուածեղ հաւատքն ու աստուած-գիտութիւնը թեղուտ վերջալոյսի մը մէջ բոցավառող քան թէ տարուէր թանգարան, ցուցանուէր, սփռուէր ընդ աստեղօք, վայրը վերածելով անսահման յիշազրկումի խոպան գետին։ Աւերակներուն ռոմանթիկ գեղեցկութիւն։ Երկրին ամայացումը, Սիմէոն, որդի Վարդանայ, ինչպէ՞ս ըմբռնել, առանց ողբի, առանց մախանքի, առանց հողի պաշտամունքին։

     Դուն՝ որ ահա սկսար պատմել պատմութիւն ժամանակակից, օհ ակամայ, անմիջապէս որ եղար դուն, զրոյցով որ որքան մտածէ այնքան կու գայ լեզուին, իբր թէ այս անջրպետը մեր միջեւ ո՛չ այնքան պայմանը որքան հասարակամիջոցն ըլլար, ուր մտածումը կը պատմէ ինքզինք որպէս ժամանակակից պատմութիւն Հայոց մեծաց։

     Որքան ալ ջանաս խցկել սկիզբը եւ կրկնես դուն քեզի որ չեմ եկած պատմելու համար, արահետը դէպի բարձունք կամ շրջադարձ դէպի վիհ կամ վերադարձ՝ կը խօսի ժեստերէ, խօսքերէ, ձայնռտուքէ, միակ ու բազմաթիւ դէմքերէ՝ Դրաստամատ, Հայր Մարդպետ, Եպիփան, Ձկնիկ իշխանուհի կամ Բամբիշ, որոնք գուցէ յայտնուին բունի մը ետի կարծես աճած ըլլան արմատէն, թեղուտէն, պարզապէս բառերէն, բոլոր անոնցմէ որ կը տանիս հետդ, գրեթէ կը կրկնագրես երբ կը սեւեռես առաւօտեան շաղի կաթիլը ինչպէս վերջին կաթիլը մորթուած խոյին խոնարհող քարին վրայ։ Կը դնես ճակտիդ անհեթեթ զենումին այդ կարմիր հետքը, կը կրկնես, պարզապէս կ’երկրորդես արարքը նախքան քարին տապալումը տեսողութենէ, խօսքէ դուրս։ Կարծես վերջին այցելուն ես նախքան խաւարին փլուզումը լեռն ի վար։

     Թերեւս նաեւ առասպելաբանես բնակութենէն, բնիկէն, ընդոծին Ծովասարէն կամ Իգաձորէն, բոլոր մայրենի ու հայրենի վայրերէն (կարծես միշտ ըլլաս արենակցական ջուրերու մայրածոցին մէջ, ծծես ու հեշտանաս այդ փլասենթայի մածուցիկով), մինչեւ այս անդրջրհեղեղեան լեռնակոյտը նախաւոր, այդքան հնաւանդ որ եկուորն իսկ դարձեր է հայկաբանութիւն։ Իսկ առասպելը վիպասանութիւնն է որ կ’երգէին ու կը կայթէին երբ բնաւոր լեռ ու դաշտ, շէն ու ոստան դարձեր էին վայր անապաստանումի։ Բայց գիտէի՞ր, Սիմէոն, որդի Վարդանայ, որդի Զարեհի, որդի Թորգոմայ, որդի Յափեթի, լոյսի, ջուրի եւ քայքայուած տապանի։

     Փուշերու ետին պահուըտած մեկոնին պէս՝ պատումը սակայն դեռ աւելի դարձդարձիկ, խճճուած ու ներքին բարդ մըն է գիտակցութեան մէջ, անոր գուցէ ընթածիրը։ Միտքը ինք արդեօք պատում մը չէ՞, այն որ կը սկսի, երբ ականջս կը դնեմ լեզուին, պատումի կտոր մը, որուն բոլոր մասերը չունիմ անշուշտ, քանի որ անիկա սաւառնաթեւ թեղիի մը պէս իր արմատները կը նետէ մինչեւ հեռաւոր հողի մը արգանդը, այն որ երբեք չեմ կրնար յիշել, չեմ կրնար մեծ ճիգով իսկ մտաբերել։ Անոր կը միտի միտքը, անոր պայծառակերպումէն մինչեւ խաւարումին։

     Կածանը հոս-հոն կը դառնայ երկբաժան, դէպի բարձունք կամ դէպի քերականութիւն։

     Ինչպէ՞ս կոչել այն որ կը քակէ, կը քայքայէ առասպելը, կը զերծէ աստուածները մեր տողերէն կամ կը հաստատէ տողերը անոնց ապայժմէ կամ նուաղկոտ նայուածքին դէմ։ Տիր, Գիսանէ, Արամազդ եւ ամբողջ պանթէոնը հիմա փռուած գետին, պայթած զուարթնոց, կարծես սպասող որ Վահագն ծնի վերստին հողէն, ջուրէն, մանաւանդ թեղուտի շօշափներէն, սօսանուիրումի մը համար երկրորդ։ Աստուածները պիտի լսէին մեզ ու դադրէին հասկնալէ։ Դադարը իրենց անկումն է փոխաբերութեան մը կարգին։

     Թէ ինչպէս Մելիք կը գտնուի պատի ետին, խցուած, խցկուած, բանտարկուած, կարծես թէ դուն ունիս զայն պատմելի, կամ վիպերգը կայ շատ մօտ, կը մերձենայ, կը դառնայ գրեթէ լսելի եւ դուն պիտի՝ խելօք Դաւիթ՝ ականջդ դնես այդ կոչին, իբր թէ պատումը ունկնդրութիւնն ըլլար առաջին վիպասքին, ինչպէս քերթուածը առաջին ծագումնային լեզուին, որուն պաշտօնն է զայն հիմնովին անտեսել։

     Եւ դուն հիմա կռթնած Կոտայքի քարին՝ կ’երազես երկրորդ սկիզբ մը որ ծագումը ծփացնէր վերստին եւ հրաժարէր նաեւ անկէ նոյնյետայն։ Կրնաս միշտ երազել եւ վկայել գոնէ անկարելի պատկերէն։

     Ամեն վէպի, վիպասանութենէ, կեղծիքէ, կեղանկարէ, վիպասքէ առաջ՝ յայտնութեան վէրքը։ Պատումը՝ թերեւս անոր արատն է կամ սպին։ Անոր սկզբնական մոռացումը։ Ո՛չ տուեալ, ոչ ալ միջարկելի, այլ յայտնակերպում
սպիտակութեան։

     Յայտնութեան մը է՛րքը։

     Որքան մօտենաս պայծառայայտնութեան այնքան պատումը կը վերլուծէ զայն, կը պահպանէ կարօտով վերակերպումին մէջ ինչ որ լուծեց, հետամուտ՝ միշտ փեռեկտելու, գզգզելու ծագումին արեւային ոստայնը։

     Կռթներ ես քարին ու պատկերիդ ստուգութեան։ Բայց այնքան ատեն որ կը մնաս կառչած անոր, այս գրեթէ անշրջագիծ պատկերին, որ իր իսկ հերքումը պիտի ըլլար եթէ տեղ մը, լեռներուն վերեւ չըլլար երկնքին անսահման սահմանը, պատումը կը մնայ թէական, չես մտածեր անոր մասին, կ’ընթանաս բուսեղէն, մտային լաբիւրինթոսի մը մէջէն (քերթուածին երթը) որուն յարանորոգ պատերը երբեք չեն հատուիր դրուագէ մը։

     Գետինը քայլի մը հետքը, թուղթի կտոր մը, ծխախոտի կոթեր, պահածոյի տուփ մը, փլասթիքէ պարապ շիշ մը Ջերմուկի, դպրոցականի պատռած պայուսակ մը, տրեխներ, եւ դեռ բաներ որ հովը կրնայ բերած ըլլալ կամ անցորդը ինձմէ առաջ, եւ ինչո՞ւ չմտածել որ անցորդ մը կայ միշտ ինձմէ առաջ, Փաւստոսէն, Արգիշտիէն առաջ, որ այս տեղերը բնակուած էին աստուածներէն, համբարուներէն, քարի, պրոնզի, մոլիպտենի, մետաքսի մարդոցմէ, այ-
սինքն՝ նախահօրմէդ, ինձմէ ու քեզմէ։ Եւ պատումը կը յառնէ, գետնէն իսկ, առաջին իսկ աւերակէն կամ փշրանքէն, կը բաւէ որ անուն տաս ենթակային ու բայերը ել լեն իրենց բայոցէն։ Երբ կը քալես, կը մագլցիս, կը կոխկռտես կամ կը ծալես խոտ ու թուփ, երբ ոտքդ կը բախի անտեսանելի քարի մը՝ անժամանակը կը փսփսայ ականջիդ. Սիմէո՛ն, որդի Վարդանայ, արի՛, ե՛կ զկնի իմ…։
     (Չես գիտեր ինչո՛ւ հին լեզուն կը բարբառի անմիջապէս երբ ձայնդ հողը հեգէ, կարծես նոյնքան հնաւանդ ըլլար որքան կաւն ու հրաբխաքարը։)
     Եւ թերեւս կարելի է այս բոլորը ամփոփել պատկերի մը մէջ, ոչ թէ անպայման մէկ. նոյնիսկ քանի մը պատկերներու, անոնց միջեւ ձգելով գետնի փոշին, լռութիւնը, մանաւանդ խլացուցիչ լռութիւնը լեռներուն, որուն ո՛չ մէկ մաքսաւոր միտք պիտի անդրադառնայ։ Որպէսզի ել լես պատկերէն դուրս՝ թերեւս հարկ է վճարես ատոր գինը, դառնաս նայիս քեզի հետեւող արջին։
     Չեմ եկեր հոս, կը կրկնես դուն քեզի, ըսելու համար հայրենին։ Այլ միայն ինչ որ մնացեր է անկէ, հետքեր, թերեւս նշաններ որ բեւեռագրեր են աղէտ ու հրաշք։

     Արահետը, որուն վրայով կը գաղթես եւ չես ձգտիր վերադառնալ մեկնակէտիդ. պատումը երթն է եւ շրջադարձը իր պարուրագնաց կամ ստուերային ցանցով զիս պատող, զիս պատանքող նաեւ։ Վերադարձողը կորսնցուց էութեան կորուստը։ Չես ժամաներ որ մեկնիս, չեմ մեկնիր որ վերադառնայիր։  

     Սակայն առասպել չէ ինչ որ կը կոխոտես, կը շօշափես, ո՛չ իմս, ո՛չ քուկդ, ո՛չ կտակ, ո՛չ հրիտակ, այլ մշտապէս հերկելի, յաճախ հոլովուող, թալանուող, անդադար քանդուող, կազմուող, ոչնչակալուածը լքուած հովու ասպատակութեան, աղէտներու պատմութիւնդ դարձած կենսաձեւ։
     Չեմ եկեր հոս, կը կրկնես… վկայելու համար։

     Գիտնալը պատմել չէ, բայց արդէն տեղափոխուիլ է ուրիշի մը հետ, ուրիշի մը՝ որ ես եմ, ուրիշի մը որ ուրիշն է ինձմով, ուրիշ մը որ ժամանակն է երկուքիս միջեւ, փոշին, հովուն համբոյրը, լոյսի փայլատակումները խիճերու կտրատ մակերեսներուն, գետնի քարքարուտը, տապալած խաչքարը, որուն վրայ սեղան են բացեր, բաժակները կը պարզեն օդին ու արեւուն, օղի կը կոնծեն մեռնողի հոգուն, մինչ երեխան կը հակի ծաղկաւոր քարին, կը ջանայ տառ ու կապ գտնել, կը հեգէ, կը կարդայ, կը կոչէ քեզ, Սիմէոն Կեֆաս, որդի Վարդանայ… մարտ, յաղթութիւն ու պարտութիւն դաշտին վրայ Շաւարշանայ, որուն վրան ամպերը կը տպեն իրենց խուսափուկ արձակը, մե՛րթ ամպրոպային, մե՛րթ տարասփիւռ։

     Մարգագետինը՝ անպատում հող։ Ո՛չ բերրի, ո՛չ ամուլ։ Ո՛չ ճշմարիտ, ո՛չ սուտ։ Անդէպ, առանց վիճակի։ Ո՛չ իսկ նախապէս տեսուած դրախտավայր։ Անդորր։ Զուտ երեւոյթ։ Հոն։ Բացարձակ հոնութիւն (եթէ արտօնուած է այսպէս նորաբանել եւ լեզուն մտցնել անգամ մը եւս տագնապի մը բովին)։ Բայց ի՜նչ ծածկագետին, կամ ի՜նչ կերպարանակեղութիւն։ Հետքեր, միայն հետքեր։ Եթէ լքես Թեղինիսը՝ կը հակի, կը խոնարհի վրադ Սիմէոնի խաչքարը, ժայռի մը պէս մէկէն գոցուող վրադ, ընդմիշտ։

     Թերեւս նաեւ նոյն ատեն, աւանդ մը, ինչպէս բառը կ’ըսէ, զիս մխրճելով նորէն ու կրկին անգամ առեղծուածին մէջ, որ կը պատգամէ հնաւանդ ճշմարտութիւն մը. ընծայ, հատուցում, փոխատւութիւն, պատիժ։ Կարծես վերատեսուչ մաքսաւորն ըլլաս, հող ու ոսկի վերածող հնչուն բառի։

     Աւանդ՝ ինչպէս բառը ինքնին, ինչպէս ճչացող երեխան մօր արգանդէն ելած պահուն, ինչպէս հոգին, երկնած ու փորած պատկերս որ կը քայքայուի, կը սփռուի, կը լեցուի պատմութեամբ։ Կիկլոպեան կիսակոփ պատ Ագամեմնոնի կամ տիտանեան Հայկի, որ անյայտ ձեռքեր լքեր են հոն. անբնակելի։ Աւանդ՝ որ ժառանգես լքած պահուդ իսկ։

     Վերադարձնել աշխարհին իր պարապը անպատում եւ մտերմութեան՝ իր տարակայ օտարութիւնը։

     Պատուհանէն. սարաւանդը՝ երկու բառի միջեւ, տեսակ մը երկար, ճառագայթող պարոյկ, որուն վրայ թիթեռնիկները թռվռացին եւ որ արեւը, հիմա դէմէն, կը փորէ, կարծես այլուրի պատմուածք մը առաջարկէր։

     Անուններ, ստուերներ, կերպարանքներ ու կայքեր կերպերն են կշռոյթի մը որ կը բանի, կը շրջուի, կը շուրջպարէ, եւ կը մնայ միշտ անկայելի։ Մակերեսները կը թրթռան ռիթմով, ինչպէս կատարները կը շարունակեն հողին ընթացքը դէպի վեր, հորիզոնական, ուղղահայեաց, դէպի վար։ Ամբողջը վրիպող՝ ամեն մերձեցումէ։

     Այս բնատեսքը հոն, միադրուագ, աժդահակային լերան՝ որուն առջեւ, շուրջ ու ներքեւ նայուածքը յօրիներ է առասպել մը ամպրոպի, ջրհեղեղի, լուսացնցուող աստուածներու եւ դուն հիմա կը քրքրես, անկարող անջատելու խօսքը տեսքէն, անկարող՝ անջատուելու լեզուէն որ ակամայ մէջդ կը զլանայ քեզի իր ճշմարտութիւնը, քանզի մէջդ զրուցող լեզուն, չես համարձակիր, առասպելազերծել, հիմա, չես կարող ատոր, առասպելաստեղծ գետինն է որուն վրայ կը կանգնիս, կը կարծես մինակդ, ձեռքերդ՝ օդին, արդէն մասամբ կքած, խոնարհած, լքած ամեն պաշտում ու պաշտամունք, սպասելով որ ամենէն անանունն ու ամենէն մօտիկը սլաքէ իր դէպքը սրտիդ դէմ։

     Ցած, շատ ցածէն, հողի ընդերքներուն, թեթեւ, բայց անյեղլի խորտակում մը բնիկ մութի, դղրդումի ձայներ, արտաւազդային արտաբերում կամ պատառոտումը վարշամակին։ Ամենէն մօտիկը ամենէն սարսափազդուն է ընդմիշտ։ Ոչի՛նչ պատմելիք, ըսի, Սիմ, Սիմովն, Սիմէո՛ն, Սիմէոն Կեֆաս, բայց ո՛չ մէկ աշխարհասփիւռ աւետիս երկրորդ ծննդեան քան ընդառաջումը Թեղենիսի վայրաբեկ քերթուածին՝ տարագրութենէ ի տարագրութիւն։

     Ոչինչ կար…։
     (Երբ կը սկսիս այսպէս, արդէն վիպումի երկրին անվրիպելի այրին մէջ չե՞ս կամ յոռի շրջանակին. պատմելիքը ոչինչն է ինքն իր վրայ դարձող ջահր ու պտտահողմ, գլխիվայր շրջուող ինչպէս Սիմոն Պետրոսի խաչափայտը, սակայն երկինքը հողն է, ծանուցող ոչինչ, ո՛չ արքայութիւն, ո՛չ ներում, ո՛չ հատուցում, եւ ոչինչը՝ սկիզբը, իսկ սկիզբը որուն վրայ կը դիմեմ՝ կը մնայ միայն քեզմէ արարելի երկրորդ անգամ)։

2000, 2006

ԾԷ. ՏԱՐԻ, 2018 ԹԻՒ 1

յաջորդ
ԵՂԱՆԱԿՆԵՐ