ON DEEP BACKGROUND*
ԶՐՈՅՑ ՀՐԱՅՐ ԱՆՄԱՀՈՒՆԻ ԷՕԼՄԷՍԷՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

Where is home? Սան Ֆրանսիսքօ, 1993

Հրայր Անմահունի Էօլմէսէքեան Սփիւռքի արուեստագէտն է, եթէ այդ բազմիցս չարչարուած եզրը պարպենք իր սովորական երկակի հասկացողութիւններէն կապուած ներսի/դուրսի, կեդրոնի/ծայրամասի, վաւերականի/անվաւերի, մնայունի/գնայունի, եւայլն։ Հարիւր տարի է վերապրող գոյութիւն մը կը քաշքշենք ցամաքամասէ ցամաքամաս, մատի փաթթոց ըրած հանկերգներ կրկնելով մենք մեզի, մինչ կեանքը ամէն զարնող ալիքի հետ կարծես աստիճան մը եւս կը բաժնէ մենք մեզմէ։ Անմահունիի արուեստը ճիշդ այդ գոյութիւնն է որ կը հարցաքննէ՝ փորձելով սթափեցնել մարդը իր թմբիրէն, որ արթննայ, շուրջը դիտէ, ինքզինք գտնէ։ Ուրիշ ի՞նչ կրնայ նշանակել Սփիւռք ըլլալ եթէ ոչ ապրիլ պահը ու վայրը որուն մէջ կը գտնենք մենք զմեզ, տեսակ մը բախտ եւ ոչ անէծք։ Բախտը վերադառնալու կեանքին, որմէ անապատի աւազները ուզած էին բաժնել մեզ առյաւէտ։ Բախտը ցրուումին ու անոր մէջէն աշխարհին ժամանակը բռնելու կարելիութիւններուն, ոչ թէ միայն մեր հաշւոյն, այլ ապագային։ Բախտ մըն է այսքան զօրաւոր գիտակցութամբ ու այսքան խիտ փորձառութենէ անցած ըլլալը՝ եթէ գիտակցէինք անոր բացած կարելիութիւններուն։ Այդ կարելիութիւնները կը կապուին մանաւանդ անոր ստեղծագործ ուժի հնարաւորութիւններուն, մտքի ու արուեստի հնարաւորութիւններուն։ Տասներկու տարի առաջ Մարկ Նշանեան կը գրէր, որ այդ հարցադրումները անձնաւորուած են Անմահունիի կողմէ ու «կցուած սփիւռքեան արուեստի կարելիութեան եւ անկարելիութեան խնդիրներուն»։[1] «ԿԱՄ», Հանդէս վերլուծական, թիւ 6, Լոս Անճելըս, 2005, էջ 28։

 Ո՞վ է Հրայր Անմահունին։ San Francisco Art Institute-էն շրջանաւարտ, մասնագիտացած ֆիլմարուեստի մէջ, երեսուն տարիէ ի վեր կ՚աշխատի այսպէս կոչուած «յղացական» արուեստի ծիրէն մէջ։ Իր բազմաթիւ գործերուն մէջ իշխողը միտքն է, որովհետեւ ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ «արուեստը մտածելու տեղն է»։ Անմահունի իր աքցանին մէջ կ՚առնէ շրջապատէն բխող գոյութենական հարցերը՝ դիտուած իր իւրայատուկ տեսանկիւնէն։ Այդ տեսանկիւնը նաեւ համամարդկային է, երբ կ՚անդրադառնանք, որ ամբողջ աշխարհը կ՚երթայ դէպի սփռում։ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ» կը գրէր բանաստեղծը տարիներ առաջ։[2]Գրիգոր Պըլտեան, Վայրեր, Փարիզ, 1983, էջ 7։ Անմահունիի համար ալ կարելի է ըսել՝ «ստեղծել արուեստը որմով կրնանք ըլլալ»։ «ԿԱՄ»ի նշուած թիւին մէջ Մարկ Նշանեան կատարած էր ընդարձակ եւ շահեկան հարցացրոյց մը անոր հետ։ Այստեղ կ՚ուզենք ձեւով մը շարունակել այդ զրոյցը։

Րաֆֆի Աճէմեան. Հրայր, շուրջ քսան տարի Սան Ֆրանսիսքօ ապրելէ ետք մօտ տասը տարի առաջ փոխադրուեցաք Լոս Անճելըս։ Կ՚ուզէի հոնկէ սկսիլ։ Ինչո՞ւ այդ բաժանումը այն քաղաքէն, ուր ոչ թէ միայն ուսանած էիր, ամբարած նոր միջավայրին արուեստն ու հարցականները, այլ նաեւ գտած դուն քեզ իբրեւ արուեստագէտ։

     Հրայր Անմահունի. Ես ինքզինքս աւելի սան ֆրանսիսքոցի կը զգամ քան ամերիկացի, բայց անգամ մը որ տունդ գտնես, պէտք է հեռանաս անկէ։ Չես կրնար նոյն տեղը մնալ, մանաւանդ որ հասած էր ժամանակը երբ ես ու Սան Ֆրանսիսքոն այլեւս իրարու ըսելիք չունէինք։ Այս բոլորէն անկախ ՍՖն ալ բնոյթ փոխեց, դարձաւ Hi-Tech-ի կեդրոն՝ իր շուրջ հաւաքելով մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնք չափազանց շատ կը վճառուին եւ չեն գիտեր ինչ պիտի ընեն իրենց դրամով։ Տարօրինակը այն է, որ անոնք նոյն ատեն կ՚ուզեն հին օրերու counterculture ի երեւոյթը ապրիլ առանց անոր գինը վճառելու, այսինքն զայն պատրաստի ծախու առնելու։ Հետեւաբար, քաղաքը հետզհետէ անմատչելի դարձաւ։ Ութսունականներու կէսերէն սկսեալ արուեստագէտները ծախսերուն չդիմանալով կամաց-կամաց հեռացան քաղաքակեդրոնէն։ Նոր Եորքի պէս։
     Բայց արուեստ բերելը քաղաքին մէջ, մշակութայինէն անկախ, գործնական կողմ մըն ալ ունի։ Քաղաքը որքան աւելի արուեստի հետ կապուած հաստատութիւններ ունենայ, կրնայ այնքան դուրսէն մարդ գրաւել եւ նոր գործեր բերել։ Մարդիկ կ՚ուզեն հոն փոխադրուիլ, մեծ ընկերութիւնները կ՚ուզեն այնտեղ կայք հաստատել։ Նոյնն էր պարագան Լոս Անճելըսի։ Ի վերջոյ, ՍՖի մէջ մարդիկ անդրադարձան, որ ֆորմիւլա մը կար այդտեղ, եւ քաղաքը կը զարգանար՝ ոչ անպայման մտաւորական իմաստով, այլ տնտեսական։ Ասոր հետեւանքը եղաւ այն, որ controversial, հարցադրումի մղող ցուցահանդէսները սկսան պակսիլ եւ թանգարանները հետամուտ եղան կազմակերպելու եկամուտ ապահովող ցուցահանդէսներ։ Չմոռնանք նաեւ որ միջին դասակարգը ինքնագոհ, որոշ նիւթական ապահովութեան հասած, կը կարծէ՝ ամէն բան գիտնալ։ Ուրեմն կ՚ուզէ երթալ տեղեր ուր աւելի իր գիտցածը կը հաստատուի, կը վաւերացուի, քան՝ հակառակը, կը հարցաքննուի։ 

 

Painting with Motion Sensor – Սան Ֆրանսիսքօ, 1989

     Ութսունականներուն օրինակ South of Market թաղամասը տակաւին արուեստագէտներով լեցուն էր։ Պատճառը այն էր, որ 70-ականներուն մեծ հրդեհ մը եղած էր հոն եւ քաղաքապետութիւնը զայն ցրի տուած էր արուեստագէտներուն՝ այն պայմանով որ անոնք զայն վերանորոգէին։ Ուստի, արուեստագէտները հոն փոխադրուած էին, հոն՝ ուր նախապէս փոքր ճարտարարուեստներ եղած էին։ Սակայն մեր փոխադրուած տարիներուն քաղաքապետարանը շրջանը ետ առաւ արուեստագէտներէն, որուն իբրեւ հետեւանք շատ մը արուեստագէտներ կորսնցուցին իրենց արուեստանոցները, ստիպուեցան երթալ աւելի ներսի թաղերը եւ կամ լքել քաղաքը։ Քաղաքը այսպիսով շահագործած եղաւ արուեստագէտները։
     Քիչ մը դրական կողմ մը ալ ունի ասիկա։ Կը վերադառնամ նախորդ ըսածիս։ Արուեստը քաղաքի մը համար գործնական կողմ մը ունի։ Ինչպէս օրինակ Տուպայի կամ Շարժայի պարագային այդ աշխատանքը կ՚ընեն, որովհետեւ կ՚ուզեն միջազգային կազմակերպութիւններ հրաւիրել՝ հոն մասնաճիւղեր բանալու։ Արուեստը կ՚օգտագործեն, որպէսզի հոն ապրիլ ու աշխատիլ ուզողներուն կեանքը աւելի հետաքրքրական դառնայ։

ՐԱ. Աղէկ, բայց այդ ալ բնական է հաւանաբար։ Ատեն մը քաղքենիութիւնը քաղաքակեդրոններէն կը փախէր դէպի արուարձաններ, հիմա հակառակն է։ Արգելք չէ որ արուեստագէտներ ուրիշ տեղ կայք հաստատեն ու հոն ծաղկեցնեն։

ՀԱ. Շատ ճիշդ, սակայն այս գծով ես հարցեր ունիմ ամերիկեան իրականութիւններուն հետ եւ ոչ միայն ամերիկեան։ «ԿԱՄ»ի հարցազրոյցին մէջ նշած էի թէ արուարձաններուն մէջ ամլութեան հարց մը կայ։ Վերջերս միտքս եկաւ այդ տարիներուն ըրած Cool Breeze անունով սարքաւորումս։

ՐԱ. Ըսել կ՚ուզես installation։ Գուցէ տեղադրո՞ւմ։

ՀԱ. Ես կ՚ըսեմ սարքաւորում, որովհետեւ գործը զանազան սարքերու իրար քով դրուելով եւ բանեցումով մէջտեղ կու գայ։ Installationը այդ է։ Cool Breeze-ը օրինակ կազմուած է սարքերու շարքէ մը, ամբողջութիւն մը, ընդ որում վառած մոմ մը տեղադրուած դարձող հովահարի մը ետեւը, եւ ուրեմն փոխանակ մարելու, ինչ որ պիտի պատահէր անկասկած եթէ առջեւը ըլլար, օդի ներքաշումին հետ անընդհատ շունչ կ՚առնէ կարծես ու մինչեւ վերջ կը շարունակէ վառիլ, նոյնիսկ պատճառ դառնալով հովահարի հրկիզումին։ Փաստօրէն երկու անգամ կրակ առած է, մէյ մը ԼԱ, մէյ մը ՍՖ, երբ մոմը շատ վառ իջած էր։ Ապահովութեան համար, ըսենք գործը «ընտելացնելու» համար, որ վնաս չհասցնէ շրջապատին, որոշեցի վիտէօ ընել։ Հարցը այն է, որ այդ տարիներուն վիտէօն կը նկատուէր ցնցելու լաւագոյն միջոցը, որովհետեւ video art ըսուածը նոր էր եւ անով եղած արուեստը կը ծառայէր հարցաքննելու հեռատեսիլը, mass media ըսուածը, ենթադրուած արուարձանային իրականութիւնները, եւայլն։ Բայց ինծի համար վիտէօն ապահով միջոց մըն էր պարզապէս, որպէսզի դարձեալ կրակ չ՚առնէ։ Վերջին տարբերակը ընելէս ետք դասարանին մէջ ցոյց տուի, դեռ undergraduate էի, ասիկա կարեւոր է, եւ ուսուցիչս ըսաւ, որ կ՚ուզէ յաջորդ աշխատանքս toaster-ի մասին ընեմ։ Ես ալ պատասխանեցի, որ ես toaster-ի հետ հարց չունիմ, մենք toaster եւ ընդհանրապէս շերտուած հաց չենք ունեցած [խնդուք]։ Բայց լուրջ էր։ Toaster-ը խորհրդանշական իմաստ ունի ամերիկեան արուեստին մէջ։ White bread-ի հարց մը կայ, որ ճերմակ մարդու հարցն է արուարձանային իր ամլութեան մէջ։ Արուեստագէտները յաճախ օգտագործած են զայն այդ յատկանիշին համար։ Իրենց ըսի, որ ես անձնապէս toaster-ի հետ հարց չունիմ, արուարձան չեմ ապրած երբեք, չեմ գիտեր ինչ ըսել է արուարձանային ամլութիւն, ատիկա ձեր հարցն է, իմ հարցս չէ։ Այո՛, եկած եմ ձեր արուեստը, ձեր բառապաշարը, մօտեցումները սորվելու, բայց ես ալ իմ հարցերս, իմ ըսելիքս ունիմ։ Սխալ, նոյնիսկ շինծու պիտի ըլլար եթէ ես ձեր մտահոգութիւնները արտայայտէի, որովհետեւ չեմ ապրած զանոնք եւ չեմ ալ գիտեր թէ ի’նչ են։
     Հարցը այն էր նաեւ, որ ես լիբանանեան իրականութենէն եկած էի՝ այդ տարիներու պատերազմի օրերէն փախած։ Երբ ՍՖ եկայ եւ ուզեցի իմ անձնական կեանքս եւ փորձառութիւններս կերտել, վտանգաւոր կեանք մը արդէն իսկ ապրած էի, մինչդեռ հոստեղի հարցը այն էր, որ մարդիկ կ՚ուզէին վտանգաւոր բաներ ընել, որպէսզի զգան որ կ՚ապրին։ Իրենք հարցաքննելու չէին երթար, այլ տակնուվրայութիւն մը կ՚ուզէին ստեղծել պարզապէս, որպէսզի ըսեն որ ծայրը գացած են։ Ասիկա հայկական իրականութեան մէջ ալ կայ, հիմա, այս օրերուն։
     Եթէ արուեստ կ՚ընես, ապահով տեղ մը չես գտնուիր եւ այսպէս կամ այնպէս անապահով տեղ մը գացած ես։ Այդ անապահովութեան մէջ կ՚ուզես ոչ թէ փորձառութիւնդ նկարագրել, պատկերազարդել, փոխանցել, այլ հարցադրումներ յառաջացնել, աւելի եւս հարցաքննել այդ փորձառութիւնները։ Ինծի համար արուեստը երբեք լուծումի տեղ չէ. արուեստը աւելի հարցեր ստեղծելու տեղ է, հարցերը խառնելու, զանոնք բարդացնելու։
     Արուեստի մէջ գիծ մը կայ՝ Արուեստի յղացքի գիծն է, երբ հասնիս անոր մէկէն կ՚անդրադառնաս որ այլեւս գոյն, ձեւ, պաստառ հետաքրքրական չեն, արուեստագէտին բան մը չեն ըսեր։ Անգամ մը որ անցար այդ գիծը չես կրնար վերադառնալ հոն, ո’ւր էիր եւ արուեստը չես կրնար դիտել այլեւս այդտեղէն։

     Ութսունականներէն ի վեր արուեստագէտներու մեծ խումբ մը գոյութիւն ունեցող տեսաբանութիւնները պատկերազարդելու աշխատանքին մէջ է։ Արդիական տեսաբանութիւնները առնել եւ գործեր արտադրել, որոնք զանոնք կը լուսաբանեն, կը բացատրեն, կ՚ամբողջացնեն։ Այդ ամէնը լաւ, սակայն ես կը խորհիմ, որ արուեստագէտը պէտք է այդ տեսաբանութիւնները մարտահրաւէրի կանչէ, հարցաքննէ, փորձէ զանոնք խանգարել։

Presidio նաւային նախկին խարիսխ, մարտկոցներու բնդհանուր տեսարան – Սան Ֆրանսիսքօ

 

ՐԱ. Արուեստը այդ տեսաբանութիւնները մտածելու ձեւ մըն է նաեւ։ Այսինքն արուեստագէտին ըրածը միայն պատկերազարդել կամ ամբողջացնել չէ, այլ նաեւ մտածել, մտածելով գուցէ խանգարել։

ՀԱ. Այո’, մտածելու ձեւ մըն է։ Երբ որ դուն կը մտածես եւ մտածածդ դիմացինին կը փոխանցուի միջնորդի մը միջոցով, medium-ի մը միջոցով, ազդեցութիւնը փոխադարձ կ՚ըլլայ։ Շատ կը պատահի որ ուրիշ արուեստագէտի մը կամ դիտողի մը հետ խօսած ատեն անդրադառնամ, որ այդ ալ կրնայ ըլլալ, կամ իր ըրածին մէջ բան մը կը տեսնեմ որ ինք չէր տեսած։ Այդ է հետաքրքրականը։ Այդ ոլորտին մէջ այլեւս անդին ենք անուն, ստորագրութիւն, համբաւ խաղալէ։ Հայերս տակաւին այդ խաղին մէջն ենք, քիչ մը քաղքենի՝ անուն-ստորագրութիւն ցուցադրող, առանց բան մը ըսելու, կամ նոյն բանը կրկնելով ամբողջ կեանքի երկայնքին։ Հարցը զարդարանքէն շատ անդին է այլեւս։
     Բարեբախտաբար, տարբեր–տարբեր լարուածութիններ եղած են միշտ, արուեստագէտները փորձած են վտանգաւոր բաներ ընել, որպէսզի զգան, որ իրենք եւ իրենց արուեստը կ՚ապրի տակաւին։ Իմ պարագայիս ճի՛շդ ատիկա կ՚ուզէի հարցաքննել, ամբողջ այդ վտանգի, վտանգելու, վտանգուելու հետ կապուած հարցերը որոնք էութեան, անձին հետ անմիջապէս առնչուած են։ Սփիւռքեան հարցերու պարագային այդ ամէնը շատ աւելի անմիջական են, պիտի ըսէի՝ առօրեայ։ Ի՞նչ ըսել է օրինակ Սփիւռք ըլլալը, ի՞նչ ըսել է տուն չունենալ, կամ ի՞նչ ըսել է տուն ընդհանրապէս։ Մարքէթ փողոցի վրայ հանրակառքերու կանգառներու վրայ փոսթըրներ դնել տուած էի ատենօք… խորքին մէջ այդ մէկը միայն իմ անձնական գործս չէր, այլ գործակցութիւն մըն էր ուրիշ արուեստագէտներու հետ… Այդ աշխատանքին մէջ աղջիկս՝ Փաթիլն ալ կ՚երեւի, կեցած է այդ Ո՞ւր է տունս որմազդներէն մէկուն առջեւ։ Միշտ ցոյց կու տամ այդ գործը, որովհետեւ հոն երեւցող Ո՞ւր է տունս տողը տեսաբանական հարցում մը չէր։ Եթէ մենք չէինք գիտեր թէ ո՞ւր էր մեր տունը, աղջիկս որ երկու տարեկան էր այն ատեն ինչպէ՞ս պիտի գիտնար թէ ո՞ւր էր իրը։ Վերջը ՍՖն ընդունեցինք որպէս մեր տունը։ Կարսիա Մարքէզ կ՚ըսէ՝ մինչեւ սիրելիներ չյանձնես հողին այդ հողը տուն չի դառնար։

ՐԱ. ՍՖ-ն ձգելէդ ի վեր ի՞նչ նոր գործեր ունիս, ինչի՞ վրայ կ՚աշխատիս։

ՀԱ. ՍՖ ըրած վերջին գործս, որուն մասին շատ քիչ խօսած եմ՝ Bruitageն է։ Պատկերներու վրայ պտտող դանդաղ, գրեթէ շարժում չունեցող ֆիլմ մըն է, traveling shot մը, որ մաս կը կազմէր On Background գործերու շարքին։ Bruitage-ը այն գործողութեան անունն է, որ կը ստեղծէ ընդհանրապէս ռատիօ հաղորդումի մը համար անհրաժեշտ պարագայական ձայները։ Ֆիլմը Bruitage կը կոչուի որովհետեւ յղումը background-ի՝ յետսամասի ձայնագութեան կ՚երթայ, կ՚ուզէ շեշտել այդ երկրորդական նկատուող ետեւի ձայները։ Անոնք, որոնք դիտած են այդ ֆիլմը, չեն կրնար մոռնալ զայն, ոչ թէ որովհետեւ բացառիկ ֆիլմ մըն է, այլ չեն կրնար մոռնալ ինչպէս մէկ ժամ կրցած են դիմանալ եւ դիտել այդպիսի դանդաղութեամբ շարժող, գրեթէ բան չըսող պատկերները [խնդուք]։

     Այս եւ ընդհանրապէս այլ գործերու պարագային միշտ սեւեռումս եղած է վեր բերել հանդիսատեսի ներկայութեան հարցը պաստառին առջեւ։ Չեմ ուզեր ներկայ պահը խլել դիտողէն, մոռցնել տալ զայն եւ զինք տանիլ ուրիշ տեղ, ինչպէս որ ֆիլմը միշտ կ՚ուզէ ընել, մոռցնել տալ՝ գուցէ պահ մը միայն՝ անոր ներկայութիւնը պաստառին առջեւ, դիտողին ներկայութիւնը ինքն իրեն հանդէպ։ Ֆիլմերուս պարագային, նոյնիսկ եթէ անոնք վաւերագրական են, պահ մը կու գայ, որ քեզի կը յիշեցնեն որ դուն հոն ես, ֆիլմ կը դիտես, ֆիլմին տարած տեղը չես։ 

ՐԱ. Ֆիլմը որպէս տեսակ մը հայելի՞։ Աւելի հին գործերուդ մէջ ալ կար ատիկա։

ՀԱ. Այո, աւելի կանուխ գործերուս մէջ ալ կայ։ Առաջին պաստառը որ գծած էի 90-ականներու սկիզբը տուն մըն էր։ Ես նկարչութիւն չեմ ուսանած, ֆիլմարուեստ ուսանած եմ, բայց ժամանակ ունեցած եմ դասեր առնելու։ Ուրեմն պաստառը յետսամաս մըն է նորէն, background մը, որուն յառաջամասը՝ foregrounde-ը գրաւած է վարնիշով ներկուած տունը։ Վարնիշը անշուշտ մութին մէջ չերեւիր, իսկ լոյսին տակ հայելիի պէս կը փայլի։ Առաջին անգամ որ ցուցադրած եմ ատիկա՝ տան վրայ motion sensor-ով լոյս դրած եմ։ Մի քանի նպատակ ունի ատիկա։ Կը յղուի արուեստի սկիզբին ու տեւողութեան հարցին, գործը ե՞րբ կը սկսի եւ ե՞րբ կը վերջանայ։ Կը սկսի երբ դիտողը կու գայ կը կանգնի պաստառին առջեւ եւ ներկայութիւն զգացող գործիքը կը վառէ լոյսը։ Ֆիլմի պէս է, որովհետեւ ան ալ ժամանակի հետ կապուած երեւոյթ է։ Հոս ալ այդ գործիքը կ՚ըսէ «ահա սկսաւ արուեստը», սակայն նաեւ ժամանակ կու տայ քեզի, որքան որ ծրագրուած է՝ ըսենք 1-1,5 վայրկեան՝ որ դիտես, ապա կը մարի եւ երբ որ մարի արուեստն ալ կը վերջանայ։

Face Lift – Սան Ֆրանսիսքօ, 2001
Face Lift – Սան Ֆրանսիսքօ, 2001

 

ՐԱ. Այստեղ վտանգելու հարց մը չկայ սակայն։ Գործը եւ դիտողը իրարմէ անկախ են։

ՀԱ. Բայց դիտողն է այս պարագային վտանգ բերողը, անոր ներկայութիւնն է ձգանը քաշողը, որովհետեւ այդ motion sensor-ները ընդհանրապէս կը տեղադրուին ապահովութեան նպատակով, այսինքն տան շուրջ, օրինակ լոյս կը վառեն երբ անծանօթ մը մօտենայ՝ զայն կը «քօղազերծեն»։ Ազդարարութիւն մըն են։ Հոս ալ լոյսը դիտողին վրան կը վառի եւ քանի որ վարնիշը հայելի է, դուն քեզ կը տեսնես։ Հո՛ս ես։ Դո՛ւն ես։ Եւ քանի քու ցոլացումէդ է հոն տեսածդ, դուն քեգ է, որ կը քողազերծես։ Ահաւասիկ ներկայութեան հարցը կրկին։ Ուրեմն արուեստի գործը ինք՝ քեզ իր մէջ կ՚առնէ, ներկայութիւնդ հոն անդրադարձնել կու տայ քեզի։ Ճի՛շդ հակառակն է մոռցնելուն։ Այդ անդրադարձը կը վտանգէ թմբիրի մէջ եղող գիտակցութիւնը։ Կ՚արթնցնէ զայն։

     Առաւել՝ նորէն տունի գաղափարին կը կապուի… ի միջի այլոց ունիմ ուրիշ գործ մըն ալ, որուն մէջ կայ տուն մը, որ մութին մէջ կը կորսուի… տունը կայ, մութին մէջէն մէջտեղ կու գայ, երբ կը սպասես, բայց ժամանակի ընթացքին ետ կը կորսուի, աչքդ վարժուելով ան ալ կ՚անհետանայ…նորէն where is home?-ի հարցադրումն է։ Այն գործերէն է, որ միայն մութին մէջ կ՚երեւին։

ՐԱ. Նորէն լոյսի՞ հետ կապուած։

ՀԱ. Տարբեր հնարք մը ըրած էի։ Շինած էի տուփ մը, որուն մէջ ֆոսֆոր թելով շինուած եռաչափ տուն մը կայ։ Երբ կը մտնես՝ տունը անմիջապէս չ՚երեւիր։ Պէտք է սպասել։ Կամաց-Կամաց կը սկսի երեւիլ ու ապա ատեն մը ետք կը կորսուի։ Կախում ունի որքան կ՚ուզես դիմանալ այդտեղ եւ սպասել, որով աչքդ միշտ կը վարժուի։ Դանդաղ fade out մըն է, տունը երկար ատեն կ՚ուրուագծուի նախքան կորսուիլը։ 
     Քանի որ ասոր մասին կը խօսինք, Սփիւռքի մասին աս ալ ըսեմ։ Երբ MFA-ս (Master of Fine Arts) կ՚ընէի, ծրագիրի կիսուն պարտադիր հանդիպում-տեսակցութիւն մը կար երեք դասախօսի հետ։ Պէտք էր նստէիր ու բացատրէիր ըրածդ, որ քննեն եւ որոշեն, թէ ծրագիրը կրնա՞ս շարունակել թէ ոչ։ Ասիկա հոն ալ ներկայացուցի երեք դասախօսներու՝ մէկը չինացի-ամերիկացի էր, միւսը հրեայ ամերիկացի, երրորդն ալ ֆիլիփինցի։ Բացատրեցի իրենց Սփիւռք ըլլալու եւ տունի հարցը։ Այդ օրը շատ հետաքրքրական զրոյց մը ունեցանք Սփիւռք ըսուած իրականութեան շուրջ։ Դուրս ելլելէս ետք սկսայ մտածել, թէ այս մարդիկը իմ մշակոյթիս մասին բան մը չեն գիտեր, ոչ գրականութիւնս գիտեն, ոչ պատմութիւնս, բայց կրցանք խօսիլ այդ մասին, իսկ անդին կայ ամբողջ գաղութ մը, որ գիտէ, բայց երբեք չ՚ուզեր խօսիլ ատոր մասին, երբեք չ՚ուզեր արուեստը տեսնել այդտեղէն։

ՐԱ. Այո’, բայց պայման չէ արուեստի մէջէն խօսիլ։ Բոլորս կ՚ապրինք այդ հարցադրումները առօրեայ կերպով, անձնական գետնի վրայ, ոչ իսկ անպայման հաւաքական։

ՀԱ. Այնքան ատեն որ վերջը ուրիշ տագնապներու չի տանիր, ուրիշ հարցեր չի ստեղծեր, որովհետեւ խօսիլը, արտայայտուիլը, կարեւոր են։ Պայման չէ որ ետ գաղութ կազմես։ Ատիկա իր կարգին… Նախ եւ առաջ, ամէն մէկ Սփիւռք, հայկականէն զատ՝ իր ինքնորոյն կառոյցը ունի։ Մենք ամէն տեղ copy paste ըրած ենք այն, ինչ որ Լիբանանի կառոյցն էր։ Ասիկա չի նշանակեր որ ճիշդ ըրած ենք, ոչ ալ անպայմանօրէն սխալ է։ Բայց ամէն տեղ նոյնն է, ակումբ, դպրոց եւ եկեղեցի գաղութ կը կազմեն։ Գաղութ կարծեմ սխալ բառն է։ Հայաստանցիները բանտին գաղութ կ՚ըսեն։ Ի՞նչ կը նշանակէ այդ ամէնը։ Ինչո՞ւ համար կ՚ընենք։ Ո՞ւր կ՚ուզենք հասնիլ։ Ահագին զոհողութիւն, ժամանակ, նիւթական միջոց կը դնենք առանց ատոր ջնջին մէկ մասը տրամադրելու ինչուին։ Այս հարցերուն շուրջ չարտայայտուիլը սխալ է, սակայն չի նշանակեր որ արտայայտուիլը կարօտախտի նշան է։ Վերլուծել է, քննել է։

ՐԱ. Արուեստի՞ն կ՚իյնայ դարմանել հարցերը։ 

ՀԱ. Նախ եւ առաջ ես չեմ հաւատար, որ արուեստը կը դարմանէ։ Խորքին մէջ մտածելն է եւ վերլուծելը, որոնք չեմ գիտեր, եթէ կը դարմանեն, բայց
առնուագն կը թարմացնեն։ Արուեստը մտածելու, վերլուծելու տեղ մըն է։ Անձնական կամ հաւաքական արտայայտութեան տեղ մը չէ, որովհետեւ եթէ ես աշխարհին ըսեմ, ցոյց տամ՝ ահա ես այս եմ կամ մենք այս ենք, եւ այլն, ինքզինքս ցոյց տուած կ՚ըլլամ միայն, դուրսին հետ կապ մը ստեղծած չեմ ըլլար, բան մը չեմ ըսեր դուրսին։ Ցուցադրութենէն անդին անցած չեմ ըլլար։ Պարզապէս ուշադութիւնը իմ վրաս հրաւիրած կ՚ըլլամ փոխանակ փորձառութեան մը արդիւնքը ցոյց տալու եւ ատով ներգրաւելու եւ միաժամանակ ներգրաւուելու, խօսակցութիւն մը սկսելու, գարգացնելու տեղը։

ՐԱ. Արուեստը նաեւ փորձառութիւն մը խտացնելու ձեւ է։

ՀԱ. Ձեւով մը, թէեւ ատիկա աւելի դասական արուեստի տեղն է։ Ինչ որ աւելի յղացքայինին եւ այսօրուանին կ՚երթայ, այդտեղերէն անցած է արդէն, աւելի փնտռտուքի տեղ է։ Կը զարգացնես բան մը, որ ինքնին անհեթեթ է։ Խորքին մէջ բանի մը չի ծառայեր։ Կ՚աշխատիս, կը յղկես, աւելորդ բաները կը թափես, եւ այդ անհեթեթին մէջ իմաստին կ՚երթաս։

ՐԱ. Պահպանելու, փոխանցելու հարց չկա՞յ։

ՀԱ. Ի միջի այլոց, այո՛։ Սակայն ատոր համար չէ որ կ՚ընես, բայց այո՛, անպայման ատիկա տեղ ունի մէջը։ Փոխանցելը եւ ժամանակը խտացնելը…վերջ ի վերջոյ խտացումին նպատակը իմաստին հասնիլն է։ Վերջերս սկսած եմ համոզուիլ, որ եթէ ժամանակին նախամարդը քարայրներու պատերուն չգծէր, իմաստ գոյութիւն պիտի չունենար տեղ մը։ Մարդկութիւնը իմաստ ըսուածը պիտի չգտնէր։ Այսինքն այդ հետքերը պատճառ կ՚ըլլան, որ այդտեղէն իմաստին երթան։ Կայ հետաքրքրական տեսաբանութիւն մը, ըստ որուն, լեզու ըսուածը չէ ստեղծուած տրամաբանական մտքեր արտայայտելու համար, այլ՝ առասպելներ, նախապաշարումներ եւ մանաւանդ վախեր փոխանցելու, որովհետեւ չէին գիտեր կեանքը ի՛նչ է։ Մինչեւ հիմա ալ մեր չգիտցածները առասպելային բաներ են, չէ՞…լեզուով տրամաբանելու հարցը վերջը եկած է։
     Ինչ որ կ՚ընէի Սան Ֆրանսիսքօ, ես ինծի համար սահմաններ գծել էր։ Մարտկոցները, օրինակ, ովկիանոսի կողմն են, ծոցի կողմը չեն։[3]Face Lift, պաստառ 7՛ X 6՚, 2001։ Գործը կը բաղկանայ շարք մը կտաւէ պաստառներէ, որոնք «ժանգահանուած» են Սան Ֆրանսիսքոյի … Continue reading Դէպի ովկիանոս կը նային, ծոցի կողմը չեն նայիր։ Ըսել կ՚ուզէի սահմաններս ասոնք են։ Դէպի ովկիանոս, այսինք դէպի Բացը, որ նաեւ դէպի վտանգն է։ Բայց նաեւ այդ մարտկոցները իմ կեանքիս հետ կապ ունէին։ Անոնք թնդանօթներուն մահադիմակներն էին։ Կարեւոր էր ինծի համար անոնց լռած ըլլալը, հակառակ անոր որ պաշտպանութեան նպատակով դրուած էին հոն, բայց քանի որ պաշտպանողականի հարցը կայ, կը նշանակէ որ յարձակողականն ալ կար։ Ուրեմն կար փոխադարձ թիրախ ըլլալու հարցը։ Բացառիկ գեղեցիկ տեսարան մըն է, բայց նաեւ վտանգ մը կրնայ գալ հոնկէ։
     Փոխադրութենէն առաջ տունը ձգելու հարցը կար, տնտեսական հարցեր անշուշտ։ Գիտես այս տեսակ արուեստով ապրիլը գրեթէ անկարելի է, ուրեմն պէտք է ուրիշ գործ մը ունենալ։ Մինչեւ հիմա այդ դժուարութիւնները կան, քանի որ քեզի նեցուկ կանգնող sysytem չունիս։ Կան կազմակերպութիւններ, որոնք մշակոյթ կը քաջալերեն, սակայն արուեստ ստեղծելու եւ զարգացնելու տեղը չկայ, ինչ որ միւս բոլոր փոքրամասնութիւնները ունին Ամերիկայի մէջ։ Ունին կառոյցներ, որոնք արուեստ ստեղծելու incubatorներ են։ Ոչ թէ արուեստագէտներու ցուցահանդէսներ կը կազմակերպեն եւ զանոնք կը քաջալերեն, այլ ստեղծելու միջավայր կը ստեղծեն, նպատակ կը հետապնդեն։

ՐԱ. Վահէ Օշականի հետ կապը ինչպէ՞ս եղած է։ Իր մասին քանի մը ֆիլմ, բազմաթիւ աշխատանքներ ըրած ես տարիներու ընթացքին։

ՀԱ. Վահէ Օշականի հետ զրոյցներս շատ կարեւոր եղած են եւ նպաստած են գործերուս զարգացման։ Ես եւ ինքը նոյն տարին փոխադրուած ենք ՍՖ, ինքը Ֆիլատելֆիայէն՝ մենք Լիբանանէն։ Սփիւռքի շուրջ աշխատանք տանելուս եւ այդ թեմայով հետաքրքրուելուս մէջ ինք եղած է հրահրողը։ Յետոյ Վահէին մասին վաւերագրական նկարելս ալ անկիւնադարձային եղաւ ինծի համար, ոչ միայն Վահէին հարցով, այլ նաեւ Մարկ Նշանեանին մտածումներուն հոն ծանօթացայ։[4]Հրայր Անմահունի, Վահէ Օշական՝ Միջնարար, Vahe Oshagan: Between Acts վաւերագրական ժապաւէն, 53վ.,1994/2016 Հայերէնը ասանկ բան կրնա՞յ ըսել եղեր, այսպէս մտածել ու վերլուծել։ Ատոր համար ալ միշտ երբ վերադարձի հարց մը կը դնեմ՝ հայութեան վերադառնալէ աւելի հայերէնին վերդառնալու հարց մըն է։ Ասոր մէջ մեծ դեր խաղացած են ինծի համար նախ Վահէն եւ Մարկը, ապա Պըլտեանը։ Այդ օրերուն թեքնիք հարցեր կային, հարցազրոյցներու բոլոր նկարահանումները չէին հասած ժամանակին։ Ատոր համար միայն քսաներկու տարի ետք ֆիլմը ամբողջացաւ։ Կարեւոր եղած է ատիկա, եւ Վահէին հետ ի վերջոյ այդ վաւերագրականէն ետք գաղտնի համաձայնութիւն մը ունեցած էինք գործակցելու, որ միասին շարունակենք աշխատիլ։ Իրականութեան մէջ այդ պատճառով է, որ Դէպի կեանքին թարգմանուած տարբերակը ըրի։[5]Հրայր Անմահունի (translated) Tebi Gyank, video, 25 վ., 1995: Հոն ալ հարցադրում մը կայ։ Ինչո՞ւ translated-ը փակագիծի մէջ է եւ վերնագրէն առաջ, կամ արդեօք վերանգրին մա՞ս կը կազմէ։

(translated) Tebi Gyank – Սան Ֆրանսիսքօ, 1995

 

ՐԱ. Վերնագի՞րը հարցադրել, անոր պաշտօ՞նը, իմա՞ստը։

ՀԱ. Ֆիլմը կը կոչուի (translated) Tebi Gyank, ճիշդ այս ձեւով դրուած։ Սկիզբը վստահ չէի թէ ինչո՛ւ կ՚ընէի ատիկա, կ՚ուզէի փորփրել անշուշտ, խնդիր հանել, կ՚ուզէի մէկը մտածէր այդ մասին։ Յետոյ՝ «Դէպի կեանքը»ը, որ Վահէին բանաստեղծութեան վերնագիրն է, ինչո՞ւ դնել տառադարձուած՝ լատիներէն տառերով՝ Tebi Gyank։ Հայերէն հասկցողին համար Tebi Gyankը Towards Life չէ, Դէպի կեանք է։ Բայց այն ատեն ինչո՞ւ translated։ Հայերէն չկարդացողին համար աւելի մեծ հարց կայ։ Ի՞նչ ըսել է Tebi Gyank, մանաւանդ որ նորէն ճիշդ ատկէ առաջ գրուած է(translated)։ Ի՞նչն է որ թարգմանուած է հոս։ Ո՞ւր է թարգմանութիւնը։ Կ՚ուզեմ ըսել անշուշտ, որ չեմ եկած տիրապետող մշակոյթով ստեղծագործելու, ուրիշ մարդիկ եւ ուրիշ մշակոյթներ ալ ըսելիք ունին։

ՐԱ. Վերադառնանք ԼԱ փոխադրուելուդ, անկէ ի վեր ի՞նչ ծրագիրներու վրայ կ՚աշխատիս։

ՀԱ. Նախ ըսեմ, որ ԼԱ գալուս զուգադիպեցաւ «ԿԱՄ» 6-ի հրատարակութիւնը եւ ինքնաբերաբար ինկայ այս շրջանակին մէջ, որմէ երբեք դժգոհ չեմ։ Շատ հետաքրքրական շրջանակ մը կայ հոս, եթէ փնտռես եւ գտնես զայն։ Նոր սերունդը երթալով աւելի հետաքրքրական է այդ իմաստով։ Կը կարծեմ, թէ ամենէն հարուստ գաղութն է՝ թէ՛ կեանքի ձեւի իմաստով, թէ՛ ալ մտաւորական իմաստով պատրաստ։ Բայց երիտասարդ մտաւորականները կամ գիտնականները ընդհանրապէս կը հեռանան հայկական կառոյցներէ, կը փորձեն աշխատիլ ներսէն, սակայն իրենց գիտցածն ու իրենցմէ սպասուածը շատ հեռու են իրարմէ, այնպէս որ չեն գոհացներ զիրենք։ Փորձեր կ՚ըլլան զիրենք ներգրաւելու, կը մնան սակայն յաճախ միայն տիտղոսի կամ անունի մակարդակին, ոչ իրենց գիտցածին կամ խորքին։ Կայ շատ լաւ պատրաստուած սերունդ մը, որ կարդացած է արդիական մօտեցումները, մանաւանդ անոնք, որոնք բաղդատական գրականութիւն ուսանած են, մի քանի տարբեր մշակոյթներու մէջ կ՚ապրին, միեւնոյն ժամանակ կարդացած են նաեւ արուեստի տարբեր տեսաբանութիւնները։ Երբ ԼԱ եկայ, ծանօթացայ այդ շրջանակին եւ սկսայ աշխատիլ Նորեորքաբնակ Նիրի Մելքոնեանին հետ։ Կ՚ուզէինք արուեստի քննարկում ըսուածը մեր շրջապատէն ներս բերել, արուեստագէտներու տեղ բանալ, խօսքի վայրի իմաստով մանաւանդ, վայրի մը, ուր արուեստագէտները իրար հետ շփուելով կրնային ստեղծագործել, խօսիլ իրենց արուեստին մասին, իրենց ներշնչումներէն անդին։ Ներշնչումները երկրորդական են, անշուշտ միշտ կան անոնք, սակայն այսօր կարեւորը այն է թէ ինչո՞ւ կ՚ընես ինչ որ կ՚ընես, ի՞նչ ըսել կ՚ուզես, ինչպէ՞ս կ՚ընես, ի՞նչին է որ կ՚առարկես։ Մեր նպատակը այդ աշխարհը բերելն էր արուեստագէտներու միջավայրին մէջ։ Այդ պատճառով ալ սկսած էինք գիտաժողովներու շարք մը, ուր արուեստագէտները կը խօսէին իրենց գործերուն մասին։ Անշուշտ այս մէկը միայն հայկական միջավայրին չէր վերաբերեր, զայն տարած էինք հայկական միջավայրէն դուրս ալ եւ շատ լաւ ընդունուած էր։ ԼԱ-ին դուրս եղան այդ panel-ները։ Դուրսէն ԼԱ-ի հանդէպ կեցուածք կայ՝ վերէն նայիլ մը, աս ալ կարեւոր երեւոյթ է։ Եթէ կ՚ ուզեն որ որեւէ ձեւով բան մը զարգանայ, պէտք է հոս գան։ Հեռուէն չ’ըլլար։

ՐԱ. Արուեստի միաւորներ կամ յանձնախումբեր կան սակայն քիչ թէ շատ ամէն տեղ, կը գործեն պարբերաբար, ցուցահանդէսներ կը կազմակերպեն։

ՀԱ. Պակսողը ստեղծելու պայմանները տրամադրող կառոյցներն են, ոչ թէ միայն ցուցահանդէս կազմակերպելը, որուն նպատակը ընդհանրապէս գործ ծախել է կազմակերպութեան շահոյթ ապահովելու համար։ Ըսածս ատկէ քայլ մը անդին է։ Անգլերէն incubator կը կոչեն, կառոյց մը, վայր մը, ուր կայ
բան մը մէջտեղ բերելու գիտակցուած միտումը, որ այդ կառոյցին տէրերուն համար արժէք կը ներկայացնէ, ոչ անպայման նիւթական, այլ հաւաքական կշիռք բերող արժէք։ Ներկայութիւն բերող արժէք։ Incubator-ին դերը ոչ թէ միայն գործի զարգացման նպաստել է, այլ նաեւ օգնել, որ մարդոց մօտ անդրադարձ ստեղծուի, գիտակցութիւն յառաջանայ, օրինակ այս պարագային ինչու չէ հաւաքողի՝ collector-ի իմաստով։ Ընդհանրապէս collector-ները կ՚ուզեն ոչ թէ անուն հաւաքել եւ քով-քովի դնել այլ նաեւ շրջան մը ամբողջացնել իրենց հաւաքածոյին մէջ։ Հաւաքածոյ զարգացնելու գաղափարը, արխիւ ունենալու, արխիւ ստեղծելու։
     Իմ գործերուս պարագային այդ շրջանին ինծի համար ամենէն կարեւորներէն մէկը Solemnity կոչուողը եւ Նոր Եորք տեղադրուած ձայն ու պատկեր ի մի բերող սարքաւորումն էր։ Անիկա մաս կը կագմէր Նիրի Մելքոնեանի կազմակերպած Blind Dates շարքին եւ համագործակցութիւն մըն էր Liverpool
համալսարանի երաժշտութեան բաժնի դասախօս Անահիտ Գասապեանի հետ։ Այդ գործին նպատակն էր հարցաքննել վաւերագրական կոչուածը,
փաստ ըսուածը, փաստել ըսուածը, վկայելը, վկայութիւնը։ Ամբողջ գործը վաւերագրական ըսուածը տարբաղադրելու ձեւ մըն էր, ձայնը, պատկերը, մէկ
ժամ նոյն պատկերին վրայ քամերային պտըտիլը։ Պաստառին վրայ հարիւր փոքր բարձրախօս զետեղած էի, դարձած դէպի պաստառը։ Ինչ կը վերաբե-
րի ձայներու բաշխումին, գիտես՝ վաւերագրական ֆիլմերու մէջ անմարմին ձայն մը կ՚ըլլայ՝ պատմողին ձայնը, որ Աստուծոյ հետ կը բաղդատուի, ամենատես եւ ամենագէտ ներկայութիւն մըն է, դիտածդ քեզի կը բացատրէ, եւ այլն։ Այս պարագային միայն մէկ ձայն չկայ, կայ հարիւր ձայն, որոնք դէպի պատկերը կը խօսին։ Շատ բարձր չեն, եթէ մէկ մեթր հեռու կենաս, բոլոր ձայները խառնուած կը լսես։ Երբ մօտենաս, կրնաս իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին լսել, ուրեմն այս պարագային մէկէ աւելի խօսող կայ։
     Նպատակը փաստը, վաւերականը, հեղինակութեան ձայնը հարցադրել էր։ Այս բոլորը փաստ ըսուածէն անդին կ՚երթան, որովհետեւ նկարները, որոնք կը գործածուին վաւերագրական ֆիլմերու մէջ, քանի մը երկվայրկեան կը մնան ու կ՚անցնին, ըսելիքը կ՚ըսուի եւ կ՚անցնինք յաջորդին, որպէսզի դիտողը չձանձրանայ։ Իմ ըրածս հակառակն է, այս պատկերը մարդոց կեանքէն երկվայրկեան մըն է, չափազանց traumatic վիճակէ մը անցնող մարդոց կեանքէն, եւ մէջը եղողները իրական անհատներ են, կեանքեր են։ Այս պատկերը փաստ մը չէ։ Տարագրութեան տեսարան մըն է քալողներէ կազմուած։ Քամերան պատկերին վրայ կ՚երթայ կու գայ եւ վերջաւորութեան կը կենայ դիտողին վրայ, այսինքն եթէ ան դիմանայ այդ մէկ ժամուան, որով դիմանալ մը կայ այդ դանդաղ բանեցումին, ուր քամերան կը յապաղի տարագուողներու խումբին վրայ, սակայն եթէ դիմանայ դիտողը կ՚անդրադառայ թէ ի՛նք ալ մաս կը կազմէ անոնց։ Բայց նաեւ ֆիզիքապէս հոն չէ, այլ հո՛ս է, սենեակին մէջ, պաստառին առջեւ, տարագրուած է հոս եւ ոչ 1915-ին։
     Գործը նաեւ դիտողին նորէն ինքնանդրադարձումի առիթ կը ստեղծէ։ Դո՛ւն ես ասիկա, ուրիշ մէկը չէ։ Դուն քեզի հետ ըլլալու առիթ մըն է։ Քանի որ ամբողջ օրուան ընթացքին, ինչ որ կ՚ընես քեզի քու ով ըլլալդ մոռցնել կու տայ։ Ըսել չէ անշուշտ, որ դուն քեզի հետ ըլլալը շատ հաճելի բան մըն է, շատ անգամ այդ անդրադարձը կրնայ աւելի վատ տեղ տանիլ, բայց…։

Solemnity – Նոր Եորք, մօտէն դիտուած

ՐԱ. Արուեստը չի՞ կրնար նաեւ տարբեր, ըսենք գեղագիտական հաճոյքներ հայթայթելու ծառայել։

ՀԱ. Չեմ ուզեր որ արուեստը զբաղումի վերածուի։ Իմ աշխատանքներէս մէկը այդ է։ Հիմա post-modernism-ի ժամանակ արուեստը զբաղումի եւ սպառումի վերածուած է, ատոր դէմ կ՚աշխատի ըրածս։ Արուեստը ոչ զբաղում է, ոչ ալ սպառելիք առարկայ։
     Միշտ կը վախնամ օրինակ այն գործերէն, որոնք պատրաստ պատասխան մը ունին։ Ընդհանրապէս կը խուսափիմ այն գործերէն, որոնք քեզի կ՚ուզեն ուրիշ cause celebre-ի մը տանիլ։ Ընդհանրապէս cause celebre ըսուածը զիս կը խրտչեցնէ։ Այդ պարագային արուեստագէտը աւելի ինքն իր վրայ կը դարձնէ ուշադրութիւնը որպէս activist, քան թէ հարցին վրայ։ Ատիկա միջոց մը կը դառնայ, որ ինքզինք ծախէ։ Մտահոգ եմ ասով։ Չեմ ուզեր ըսել որ ամէն արուեստագէտ այդ կ՚ընէ եւ անկեղծ չէ։ Բայց այս պարագային ետ պիտի գամ հոն՝ ըսելու համար, որ հիմակուան սերունդը արուեստէ արուեստ կ՚երթայ, արուեստ ուսանելով արուեստ կր սորվին եւ ուրեմն զրոյցը ներքին զրոյցի մը կը վերածուի, արուեստի մէջ զրոյց մր, արուեստը արուեստին հետ է որ կը խօսի, ոչ թէ իրենց կեանքի փորձառութենէն է որ բան մը կը բերեն արուեստին մէջ։
     Սան Ֆրասիսքոյի ժողովրդային տան մէջ ըրած ցուցահանդէսս[6]Հրայր Անմահունի, On Deep Background, Հայ կեդրոն (նախապէս ժողովրդային տուն), Սան Ֆրանսիսքօ, 1998։ այդ նպատակը կը հետապնդէր, ոչ թէ որ մարդիկ գան արուեստ դիտեն, այլ գան եւ հարցադրումներ ընեն։ Ի՞նչ կը նշանակէ ժողովրդային տուն, ի՞նչ ըսել է ակումբ…ձեւով մը ակումբը բանալ դուրսին, մանաւանդ հովահարներու սարքաւորումով։ Ակումբր ցոյց տալ այնպէս մը, ինչպէս մարդիկ երբեք չեն տեսած զայն կամ չեն մտածած տեսնել, ոչ թէ իբրեւ ցուցասրահ, ուր դուրսէն գործ գործ եկած է ցուցադրուելու, ծախուելու համար, այլ ցուցահանդէսը միջոց՝ կառոյցը եւ անոր ետին կանգնած գաղափարը կամ գաղափարները հարցադրելու։ Առաւել եւս կ՚ուզէի ես զիս կրկին ծանօթացնել գաղութին՝ ըսելու համար, որ ես այն չեմ, ինչ որ դուք տեսած էիք կամ կը կարծէք։ Շատ մարդ պիտի չանդրադառնար ատոր։ Հարց չէ սակայն ատիկա։ Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութի կեանքը այդ կառոյցներուն շուրջ է եւ այդ կառոյցները՝ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ իրենց շուրջ կը համախմբեն գաղութը, որովհետեւ յարաբերաբար շատ ցրուած են եւ հոն կու գան միանալու։ ԼԱ-ի պարագային չկայ ատիկա, ամբոջովին տարածուած է եւ բոլորովին տարբեր ձեւով զարգացած։ Հոլիուուտի ալ մօտ է եւ ինչու այդքան հայ Հոլիվուտի այդքան մօտ հաւաքուած է, չեմ գիտեր։ ՍՖ քաղաքը շատ աւելի հարցաքննող քաղաք եղած է, ամէն ինչ հարցաքննող, ամէն ինչի սահմանը հրմշտկող։ ԼԱ-ը այդպէս չէ, ունեցած է ժամանակին այդ underground-ը, հաւանաբար մինչեւ հիմա ալ կայ տեղ-տեղ…։
     ԼԱ-ի մէջ առաջին անգամ անցեալ տարուան Օգոսոտոսին «Ապրիլ» գրատան «Ռոսլին» ցուցասրահի մէջ կայացած ցուցահանդէս-դասախօսութիւն շարքով էր որ կրցայ incubator-ի հարցը մէջտեղ բերել ինչպէս նաեւ առիթ մը եղաւ, որ այդ գործերը, որոնց մասին խօսած էինք ԿԱՄ-ին մէջ քով-քովի դրուին[7]Art of Disapora with Dr. March Nichanian, Rosslin Gallery, Լոս Անճելոս, 2016։։ Այդ գործերը երբեք այդպէս միասին չէին ցուցադրուած։ Կարեւոր է տեսնել գործերը այդպէս, հակառակ անոր որ տեսնելու սովորական իմաստով, չէ որ կը ներկայանամ գործերուս մէջ։ Ներկան է, դիտողն է, որուն կ՚ուզեմ գործին միջոցով անդրադարձնել տալ, որ ինք գործին առջեւն է, գործը որպէս ինքնանդրադարձումի հրաւէր։ Դիտելու եւ տեսնելու հարց մը կայ, եւ տեսնելը միայն դիտելով կը սկսի։

ՐԱ. Դուն ալ փոխուած ես կարծեմ, այսինքն՝ տարիքի ու փորձառութեան բերումով։

ՀԱ. Հոս գալէ՞ս ետք։ Հաւանաբար։ Աւելի բարկացած եմ [խնդուք]։

ՐԱ. Բարկանալը լաւ, այդ իմաստով չէ, կը խորհիմ, որ առաջ աւելի կը խուսափէիր դուն քեզմէ։

ՀԱ. Հաւանաբար, որովհետեւ չէի գիտեր ուրկէ սկսիլ, կծիկը ուրկէ բանալ։ Հաւաքած էի ինչ որ արդիական է, արեւմտեանն է, բայց չէի գիտեր ատիկա ինչպէս թարգմանել, աւելի ճիշդ ինչպէ՞ս ատով թարգմանուիլ։

Solemnity, Blind Dates Project, Pratt հիմնարկի ցուցասրահ, Նոր Եորք, 2010

 

ՐԱ. Տեսնելը եւ տեսնուիլը նոյն բանին երկու երեսներն են։ Երբ որ պատրաստ ըլլաս տեսնուելու՝ կը տեսնուիս, երբ որ պատրաստ չես՝ չես տեսնուիր, ամբարելու հարցը ատոր հետ կապուած է հաւանաբար։

ՀԱ. Մարկ Նշանեանին կը պարտիմ այդ մէկը։ Ինքն էր catalystը։ Արուեստի վերջաւորութեան հարցը երբ դրի Մարկը ձեւով մը լեզու հանեց զիս։

 

Վահէին հետ

ՐԱ. Այդ գործերուն միասին ցուցադրուիլը հանգրուա՞ն մըն է քեզի համար։

ՀԱ. Ինծի համար այո՛, մէյ մը որ դուրս ելլեն, օդին զարնուին, կրնամ նորը սկսիլ։ Մտասեւռում մըն է։ Գործը պէտք է մէջտեղ ելլէ, ձեւով մը աշխարհին հետ խօսակցութեան մէջ մտնէ, որ ամբողջացած ըլլայ։

ՐԱ. Գրիգորը կ՚ըսէ, որ գործ մը կամ գիրք մը մինչեւ լոյս չտեսնեն, կարծես թէ վերջացած չեն ըլլար, մէյ մը, որ տպուին կարծես կ՚ազատիս եւ կրնաս ուրիշ բան ընել։

ՀԱ. Այո՛, կարեւոր հանգրուան է ատիկա, արուեստի պարագային կը կարօտի curatorի, իսկական curator որ կրնայ այդ գործը ընել՝ որ ձեւով մը գործին դայեակութիւնն է, զայն աշխարհ բերելու, կառոյցները ստեղծելու, ձեւը գտնելու, ատիկա արուեստագէտին գործը չէ… Միակ անձը որ կար եւ կրնար ընել այդ մէկը Նիրին էր[8]Նիրի Մելքոնեան (մահացած 2016) բազմատաղանդ արուեստաբան մըն էր, որուն գլխաւոր մտասեւեռումներէն էր ինքնագիտակից … Continue reading։ Պէտք չունէիր իրեն բան մը երկու անգամ բացատրելու։ Ունէր արեւմտեան եւ ժամանակակից մօտեցումները, գիտէր։
     Վահէին մահէն ետք բոլորովին պարապ մը կար մէջս հայկականին իմաստով, իր հետ ըրած եմ գործեր, որոցնմէ լուր չէ ունեցած։ Ատոնցմէ մէկը առաջին անգամ «Ապրիլ» գրատան մէջ ցուցադրուեցաւ։ Շատոնց էր։ Վահէն եւ Արշակը ցուցահանդէս պիտի ընէին։ ՍՖ նոր փոխադրուած էինք, 85 կամ 86, ես ալ բարեկամէ մը վիտէօ քամերան փոխ առի, հսկայական էին այդ ատեն, տարի եւ Կեդրոնի սրահին մէջ դրի վերէն, ինչպէս որ surveillance քամերաները կ՚ըլլան։ Դրի պաստառ մըն ալ, որ մարդիկ իրենք զիրենք տեսնեն վարը մուտքին։ Քամերան աշխատցուցի այն պահուն երբ յայտարարուած էր ցուցահանդէսի բացումը, եւ մարեցի այն պահուն, երբ մարդիկ արդէն տուն գացած էին։ Նպատակս ցուցահանդէսը նկարել չէր, այլ նկարել ո՞վ կու գայ, ինչո՞ւ կու գայ, ի՞նչ կ՚ըսեն։ Մէջտեղ ելաւ, որ եկողներուն մեծ մասը ժողովի եկած էին, ցուցահանդէսը իրենց համար պատահաբար հոն էր։ Քանի մը հոգի շատ մօտէն խօսեցան իրարու հետ, եւ այդ էր։ Վահէին «Հայր մեր»[9]Ակնարկը Վահէ Օշականի «Իսկ որք ասեն» գործին է, լոյս տեսած 1987-ին Մոնթրէալի «Հորիզոն» թերթի «Գրական … Continue reading գործն էր։ Իսկ քամերա՞ն՝ Աստուծոյ աչքը։ Երկար ատեն պահած էի այդ ժապաւէնը, ասկէ մի քանի տարի առաջ թուայնացուցի եւ «Ապրիլ» գրատան ցուցահանդէսի օրը անցեալ Օգոստոսին, գրատան surveillance քամերաներուն կապուած պաստառներուն վրայ ցուցադրեցի։ Գրատունը իր սիսթէմը ունի։ Իրենց քամերաներէն եկածին տեղ իմ նկարած վիտէոս դրի՝ այնպէս որ պաստառէն այդ կ՚երեւէր։ Սակայն հետաքրքրականը այն էր որ ոչ ոք անդրադարձաւ, թէ ներկաները չէին պաստառներուն վրայ երեւցողները, այլ 30 տարի առաջ ուրիշ տեղ նկարուած ուրիշ մարդիկ… այնքան վարժուած ենք հսկող մեքենաներու ներկայութեան որ ուշադրութիւն անգամ չենք դարձներ անոնց ցուցադրածին։ Ներս մտնողը կը կարծէր, որ ինքզինքն կը տեսնէ եւ չէր ալ նայիր։  Տեսագրութեան ձայնն ալ գրախանութի կողքին կից ցուցասրահին մէջ սփռեցինք, եւ այս ամէնը այնքան բնական էր մարդոց համար, որ մարդիկ չէին անդրադառնար պատահածին։ Պէտք էր ես մատնանշէի, օրինակ Մարկին ըրի, որ հոս չէ ասիկա՝ պատկերին մէջ Վահէն է օրինակ, եւայլն։ Վահէն ալ ժամանակին նկարած ատենս չէր անդրադարձած, որ ըրածս արուեստի գործ մըն էր։ Խորհէր էր, որ պարզապէս ցուցահանդէսը՝ «ֆիլմի կը քաշէի», ինչպէս ինք կ՚ըսէր։ Ըսեմ, որ շատ գոհ էի արդիւնքէն։

«The Art of Diaspora / Քննադատական Գործօն», Ռոսլին ցուցասրահ-Ապրիլ գրատուն, Լ ո ս Անճելըս, 2016։ Նկարին մէջ ձախէն՝ Հրայր Անմահունի, Կարէն Ջալլաթեան, Առնօ Երեցեան, Մարկ Նշանեան եւ Միրնա Տուզճեան

 

ՐԱ. Ուրիշ տեղ ցուցադրա՞ծ ես այդ վիտէօն։

ՀԱ. Ո՛չ։ Վահէ Օշականի մասին վաւերագրական ֆիլմը Լոս Անճելըսէն զատ անցեալ տարի Հայաստան ցուցադրուեցաւ, ու ծրագիրներ ընթացքի մէջ են զայն զանազան տեղեր տանելու։ Իսկ վերը նշած գործերուս ցուցադրութիւնը «Ապրիլ» գրատան ցուցահանդէսին մէջ էր, անցեալ տարի։ Մէկ պատին վրայ հեռատեսիլի պաստառները կային, միւսին վրայ զինավարժութեան թիրախները, որոնք թիրախի տախտակին նկարներն էին։ Զանոնք նկարած էի, ապա ծակերը Photoshop-ով գոցած եւ տարած կրկին դնել տուած էի ու կրակել տուած մէկ անգամ։ Մէկ հատ իրական ծակ կար։ Այդ ծակը միշտ ներկայ է, մինչ լուսանկարը անցեալին կը պատկանի։ 
    Առաջին անգամն էր որ դէմ դիմաց կու գային այսպէս, եւ ուրեմն սրահը մութ էր եւ գործերը հեռատեսիլի լոյսով կ՚երեւէին միայն։ Ովկիանոսը նկարած էի, եւ ատոր պաստառին լոյսով կը տեսնէիր դիմացը դրուած թիրախի պատկերը։ Նկարած էի նաեւ ազդարարութիւնները, որոնք կը թելադրեն չնկարել՝ նկարելը արգիլուած է։ Ահագին բաներ ունիմ այդ տարիներուն նկարուած սակայն կեանքի առօրեան երբեմն առիթ չի տար որ ամէն բանի վրայ աշխատիս։

* On Deep Backgroundը կ՚ակնարկէ հասկացողութեան մը, համաձայնութեան մը, պայմանագրի մը, կնքուած պաշտօնական կողմի մը ու լրագրողի մը միջեւ, որ կ՚արգիլէ ոչ թէ միայն հաղորդուած տեղեկութեան վերագրումը աղբիւրին, այլ նաեւ անոր ուղղակի յարասութիւնը։ Տե՛ս http://www.ehrayr.com/artist-statement.html

ԾԶ. ՏԱՐԻ, 2017 ԹԻՒ 3

 

 

References
1 «ԿԱՄ», Հանդէս վերլուծական, թիւ 6, Լոս Անճելըս, 2005, էջ 28։
2 Գրիգոր Պըլտեան, Վայրեր, Փարիզ, 1983, էջ 7։
3 Face Lift, պաստառ 7՛ X 6՚, 2001։ Գործը կը բաղկանայ շարք մը կտաւէ պաստառներէ, որոնք «ժանգահանուած» են Սան Ֆրանսիսքոյի Բւտտւմւօ կոչուող նախկին ծովային պաշտպանութեան խարիսխը տեղադրուած մարտկոցներու յատակներէն։ Թնդանօթները հանուած են խարիսխի աշխատանքէ հանուելէն ետք 90ականներուն սակայն մարտկոցներու յատակը դրուած թնդանօթները ընդունելու հիմերը մնացած են ու ժանգ կապած։
4 Հրայր Անմահունի, Վահէ Օշական՝ Միջնարար, Vahe Oshagan: Between Acts վաւերագրական ժապաւէն, 53վ.,1994/2016
5 Հրայր Անմահունի (translated) Tebi Gyank, video, 25 վ., 1995:
6 Հրայր Անմահունի, On Deep Background, Հայ կեդրոն (նախապէս ժողովրդային տուն), Սան Ֆրանսիսքօ, 1998։
7 Art of Disapora with Dr. March Nichanian, Rosslin Gallery, Լոս Անճելոս, 2016։
8 Նիրի Մելքոնեան (մահացած 2016) բազմատաղանդ արուեստաբան մըն էր, որուն գլխաւոր մտասեւեռումներէն էր ինքնագիտակից Սփիւռքի մը արուեստը։ Անոր մասին տե՛ս Արամ Ճիպիլեանի գեղեցիկ գրութիւնը՝ Remembering Curator Neery Melkonian, Champion of Diasporic Politics and Aesthetics, https://hyperallergic.com/309784/remembering-curator-neery-melkonian-champion-of-diasporic-politics-and-aesthetics/ ինչպէս նաեւ «Բագին»ի 2016ի թիւ 4ին մէջ Մարկ Նշանեանի անոր նուիրուած Պատկերը որպէս արխիւ անունով գրութիւնը։
9 Ակնարկը Վահէ Օշականի «Իսկ որք ասեն» գործին է, լոյս տեսած 1987-ին Մոնթրէալի «Հորիզոն» թերթի «Գրական յաւելուած»ին մէջ չորս թիւով՝ Յուլիս, Օգոստոս, Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբերի։ Ընդգրկուած է նաեւ Վահէ Օշականի ի մօտոյ լոյս տեսնելիք ընտրանի հատորին մէջ՝ Կայաններ, Երեւան, Սարգիս Խաչենց։
նախորդ
ԵՂԱՆԱԿՆԵՐ