որ կը համրանան
եւ հնչիւններդ
կը դադրին
քեզ առինքնելէ
ու կը մտնես
քու հին
անյայտ
անարտայայտ
գոյութեանդ
սահմաններէն
դաժանօրէն իրաւազրկուած
դուն պիտի կրնաս անցնիլ անդին
պիտի կրնաս
կոխկռտել բոլոր տարտամ շեմերը գիտակցութեան
եւ գրոհել
դէպի ներս
եւ դէպի դուրս
տես
տիեզերքն է որ անամօթաբար կը լռէ շուրջդ
քու էութիւնդ իր տիղմին մէջ
թաղելով
եւ քեզ թաթխելով իր պղտոր ապուրին
տիեզերքն է
որ քու շուրջդ կը թաւալի
իր յերիւրածոյ զանգուածով
մոռնալով քեզ
չյիշելով
եւ յուսալով որ դուն եւս տարիներուդ փլուածքին հետ պիտի մոռնաս
քու ինքնութեանդ եզրերը
կանգնիր ոտքի
այս քու մարմինդ որո՞ւն շունն է որ կարենայ տնօրինել քու ելքդ
այս աշխարհէն
կանգնիր ոտքի
կ՚ըսեմ քեզի
դուն խուլ չես
դուն կը լսես բոլոր ներքին ձայները այս պատեանին զոր ալիքները
շպրտեցին
դուն կը նախազգաս բոլոր գիրերը
պայթիւնավտանգ
դուն կը նախատեսես աղէտը թռչուններու սողուններու զեռուններու
անօրինակ ելոյթներով
կը նախալսես գարուններէն մինչեւ ձմեռը երկարող դաժան
ստեղնաշարը որ իրականութիւնը կը մրճահարէ ականջիդ տակ
օր ու գիշեր
առանց սուր կողմերը հարթելու
ահա նորէն
կը ճչայ
կը ճչայ ճշմարտութիւնը գանկիդ մէջէն
լեռնէ ի լեռ
արձագանգելով
եւ քու մեռնող ականջներուդ
պատերը բզկտելով պատռելով
դուն կը նախապրիս բոլոր վերջին առնչութիւնները
այս մարմնին
եւ հակառակ
եւ հակառակ այդ բոլորին
դուն վերստին կու գաս աշխարհ կիսատ թողուցած առաջադրանքներդ
մէկիկ մէկիկ իրենց լրումին հասցնելու
համաճարակները քեզի համար չեն
անոնք շատ հեռու
են
քեզ կարենալ վարակելէ ու ճարակելէ
դուն հոս ես քու մեծ առաքելութեանդ համար
եւ դեռ գործ ունիս ընելիք
Հայր մեր
որ յերկինս ես
թող սուրբ ըլլայ Քու անունդ
Քու արքայութիւնդ դեռ պիտի գայ
եւ այն ինչին համար որ Դուն կամեցար ստեղծել մեզ
պիտի անպայման կեանքի կոչուի նորէն ու նորէն ու նորէն
երկնքի մէջ եւ երկրի
զհացն մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր
հանապազօրեայ մեր հացը որուն թթխմորն է մեր ոգին
Դուն երբեք մի զլանար
մինուճար որդիներուդ եւ դուստրերուդ
եւ ներէ մեզի բոլոր մեր անհատուցելի պարտքերուն համար
ինչպէս որ մենք պիտի ներենք բոլոր այն պարտական հոգիներուն
որոնք արժանի են Քու սեղանիդ
Հայր
փորձութիւններդ ամէն տեղ են
Քու ստեղծած այս անսահման դրախտիդ մէջ
մեր պարտքն է զինուիլ անոնց դէմ
այն հզօր զէնքերով զորս
դուն դրիր մեզմէ ամէն մէկուն էութեան մէջ
գաղտնօրէն
ստիպելով որ մենք փնտռենք եւ գտնենք զանոնք եւ տէր կանգնինք
մեր
վիրաւոր ժառանգութեան
եւ յաղթահարենք զմեզ
մենք որ չարն ենք և բարին միաժամանակ
միայն մենք
կրնանք կերտել յաղթանակը
զոր Դուն
կը պահանջես մեզմէ
Աստուծոյ ամէն մէկ օրը
հիմա կը խօսիմ քեզի
դուն որ հասած ես եսիդ վերջին արարին
այն որ կար
եւ որուն մէջ քու ինքնութիւնդ ապրեցաւ
այսքան տարի
պիտի դադրի այլեւս
եւ պարպուի
երբեմնի իր յաւակնութիւններէն
գիտեմ
քեզ ի մի բերողը այս վերջիններն էին
բայց այլեւս յանցաւորներ մի փնտռեր
յստակ է
որ դուն
այլեւս չես պատկանիր այս հողին
չես պատկանիր ինքզինքիդ
եւ չես լսեր ըսածս
կը լսես միայն քու ձայնդ ներքին
որ արդէն բաժնուած է ու հեռուն
դուն դուրսն ես այլեւս
դուն կտրուած ես հին արգանդէն
եւ
գտած ես
ամբողջութիւնդ
եւ ի՜նչ հրաշք
ազատ ես
Մըքլէյն, ԱՄՆ