Կարօ Արմենեան

ԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆ

Ծունկի եկուր
թող մարմինդ խոնարհի
թող մարմինդ հաւասարի այս հողին
թող մարմինդ իր հին կոչումը գտնէ
թող հիւլէներդ փխրին
թող մկաններդ պարպուին քինախնդիր պրկումէն 
թող մատներդ պարուրէ անշարժութեան մեղեդին
այս ուշ ժամուն
գոյութիւնդ պիտի մաքրես իր առօրեայ կեղտերէն 
գոյութիւնդ պիտի լուաս խոկումներէն կիրքերէն 
գոյութիւնդ պիտի բուժես իր արիւնող վէրքերէն 
պիտի մաղես գոյութիւնդ իր հնօրեայ մեղքերէն 
գոյութիւնդ պիտի մոռնաս եւ բիբերդ սեւեռես
վիհերն ի վար արիւնիդ
այս ուշ ժամուն թիկունքդ տուր այս հողին
ողնայարդ թող սրսփայ անէութեան գրգիռէն 
ողնայարդ թող խենթենայ հրճուանքէն դիւթանքէն 
այս ուշ ժամուն
երբ մարմինդ հպի լոյսին եւ նիւթութիւնն իր մոռնայ 
ողնայարդ պիտի լողայ ջուրերն ի վար երազիդ
պիտի թոի ամպերն ի վեր
ու ցնդի

(Թիւ 11-12, 1987)

նախորդ
ԴԱՐՁԻԴ…