Սելլա՝ իր նոր բարեկամին հետ թեւանցուկ՝ իջաւ գիշերային գետնայարկ զբօսասրահի օձապտոյտ աստիճաններէն: Նուագի զիլ ձայնն ու կարմիր լոյսերը թրթռացին իր այտերուն վրայ: Արու նայուածքներ զարնուեցան կարճ շրջազգեստին քղանցքէն երեւցող գրգռիչ զիստերուն, որոնց Սելլա պատասխանեց անհոգ ժպիտով:
Ձեռքի ու աչքերու մեղմ շարժումներով բարեւեց ծանօթները: Բարեկամը կէս մթութեան մէջ կ՚ուզէր գտնել ազատ սեղան մը. բայց Սելլա քաշեց անոր թեւէն.
– Նախ պարենք, Էտտի՛:
Խառնուեցան պարողներու խումբին։ Նուագախումբի չորս ելեքտրական կիթառներն ու թմբուկները կը ջանային գերազանցել հինգ երգիչներու ճիչերը: Զբօսասրահի ցած առաստաղը կը ցնցուէր: Զոյգերը կը պարէին ափրիկեան կշռոյթով պար մը. անհանդարտ շարժումներու բերումով՝ կարճ ու նեղ շրջազգեստները աստիճանաբար կը բարձրանային վեր, հրաւիրելով արու նայուածքները:
Պահ մը դադրեցաւ նուագը. Էտտի վերսկսաւ փնտռել ազատ սեղան մը:
– Ուշացաք, ազատ սեղան չմնաց, – ըսաւ սպասեակը,– եթէ կ՚ուզէք, նստեցէք աստիճաններուն վրայ, հո՛ն:
Ուրիշ ընտրութիւն չկար: Էտտի ապսպրեց երկու գաւաթ ուիսքի ու խնդրական ժպիտ մը նետեց աստիճաններուն վրայ նստողներուն: Երկու զոյգերու միջեւ բացուեցաւ նեղ անցք մը:
Դարձեալ ելան պարելու: Սելլա՝ եղնիկի գեղեցիկ աչքերը խոշոր բացած նայուածքը կեդրոնացուցած էր դեղին լամբի մը: Ոտքերը մանր ոստումներով տեղքայլ կ՚ընէին. ամբողջ մարմինը արագ հեւքի մը մէջն էր. ձեռքերը կտրուկ շարժումներով կը բարձրանային ու կ՚իջնէին համաչափ: Միայն նայուածքն էր անշարժ՝ գամուած դեղին լոյսին:
Սելլա ժպտեցաւ. դարձեալ հին մտածումը արձագանգեց մտքին մէջ: Դեղին լոյսը տարածուեցաւ ու անցք բացաւ այդ հին դիմագիծին: Տարեց դէմք մը՝ քառասունը հինգ տարիներու փորձառու նայուածքով, ինկաւ իր տասնըութամեայ ժպիտին վրայ. Ռոպէրն էր, պարոն Ռոպէրը, հօրը լաւ բարեկամը, որ երկու տարի առաջ յանկարծ ձգեց իրենց խճողուած քաղաքը ու մեկնեցաւ հեռաւոր երկիր մը: Ինչո՞ւ. հայրն ալ չգիտցաւ պատճառը: Բայց տարբեր էր պարոն Ռոպէրը. կը քալէին միասին գետեզերքի երկար ու լուռ ճամբէն, կը խօսէին չարի ու բարիի մասին: Այն ատեն տասնըհինգ տարեկան էր Սելլա. նոր էր մահացած երիտասարդ մայրը՝ երկար ամիսներ հիւծելէ ու տառապելէ ետք անծանօթ հիւանդութեան մը պատճառաւ: Ինք կը մսէր առանձնութեան մէջ ու պէտք ունէր սրտակիցի մը տաքութեան: Հա՞յրը…: Կոշտ ու եսասէր մարդ մըն էր ան, անտարբեր կնկան ու աղջկան նկատմամբ: Տառապած էր մայրը ամուսնոյն ամէնօրեայ կոշտութիւններուն ու արհամարհանքներուն դիմաց: Իսկ ինք երբեք չէր սիրած հայրը ու անոր ներկայութիւնը իր ամբողջ ծանրութեամբ ճնշած էր սրտին վրայ: Մինչդեռ, զգայուն ու ազնիւ մարդ մըն էր պարոն Ռոպէրը: Սելլա յիշեց այն օրը, երբ յոգնութիւն պատրուակելով մտաւ պարոն Ռոպէրի թեւը. իր նորաբոյս կուրծքին սեղմեց անոր արմուկը: Ռոպէր անտարբերութիւն կեղծեց, հեռացուց թեւը ու ցոյց տուաւ գետին ջուրերուն վրայ սահող փոքրիկ նաւակ մը…:
Դադրեցաւ երաժշտութիւնը: Դեղին լոյսը փոքրացաւ: Սելլա եւ Էտտի վերադարձան իրենց տեղերը: Նուագախումբը սկսաւ նուագել մեղմ եղանակ մը: Յոգնած մարմիններ գրկեցին զիրար ու սկսան օրօրուիլ քնքշութեամբ:
– Պարենք, Սելլա՛…
– Ո՛չ, Էտտի, կ՚ուզեմ հանգստանալ քիչ մը:
Էտտի հետաքրքրութեամբ նայեցաւ շուրջը.
– Թոյլ կու տա՞ս որ պարեմ բարեկամուհիի մը հետ.
– …
Սելլա առանձին դիտեց շուրջը: Ծանօթ շատ տղաք կային հոն, որոնց հետ ունեցած էր արկածախնդրութիւններ: Սկսած էր անմեղ համբոյրէ մը, անցած զբօսասրահներու զիլ նուագներուն եւ գոյնզգոյն լոյսերուն մէջէն, ու փոքրիկ սենեակներու կէս մթութեան մէջ, անոնցմէ շատերու հետ հանդարտեցուցած էր յոգնած ջիղերը… Ի՜նչ միօրինակ էին անոնց դէմքերը. ընտանեկան հինցած ալպոմի մը նկարներն էին կարծէք: Հապա այս Էտտին, որ շուտով պիտի միանար այդ նկարներուն. … Բոլորն ալ անցեալի յուշ էին միայն: Բայց, պարոն Ռոպէրը. ա՜հ, դարձեալ վերադարձաւ ան՝ իր մոխրագոյն մազերով ու ինքնավստահ ժպիտով: Սելլա յիշեց այն օրը, երբ ցանկապատէ մը վար իջնելու պատրուակով, թեւերը փաթթած էր անոր վզին – ցատկած էր վար, ու յետոյ չէր ուզած բաժնուիլ, ձեռքերը բարձրացուցած էր անոր ականջներուն ետեւ, շոյած էր ծոծրակը, նայած աչքերուն ու հասկցուցած սրտին տակ աճող ծարաւին մեծութիւնը: Բայց ան քնքշութեամբ հեռացուցած էր զինք՝ բռնած էր ձեռքէն ու միասին վազած էին դէպի կանաչ մարգերը: Ի՜նչ հաճելի պիտի ըլլար համբոյրի մը ծաղկումը մարգագետնի գարնանային գոյներուն վրայ: Բայց, պարոն Ռոպէր՝ երջանիկ ու անհոգ մանուկի մը նման՝ կը վազէր…
Սելլա կոնքին վրայ զգաց իր մօտ նստող մօրուսաւոր անծանօթ երիտասարդին ձեռքը: Չցնցուեցաւ: Երիտասարդին նայուածքները շարունակ կը հետապնդէին իր ժպիտները: Էտտին միօրինակ ու ձանձրացուցիչ էր դարձած: Չընդդիմացաւ տղուն յառաջացող ձեռքերուն…:
Յանկարծ դրացի ձեռքը փախաւ իր մարմնէն: Վերջացած էր մեղմ երաժշտութիւնը. Էտտի, վերադառնալէ առաջ, նշմարած էր Սելլայի մտածկոտ երեւոյթն ու մօրուսաւոր տղուն աչքերուն փայլը:
– Երթա՜նք, Սելլա:
* * *
Քառորդ ժամ ետք՝ փոքրիկ սենեակի մը կիսամութին մէջ՝ Սելլա նետեց ինքզինք անկողնին վրայ: Էտտի գոցեց պատուհանները:
Սելլայի համար գաղտնիք չունէին այս միօրինակ բեմադրութիւնները, որոնք կը սկսէին հանուող կօշիկներու բացուող վարագոյրով…: Ժպտեցաւ. դարձեալ պարոն Ռոպէրն էր մտեր մտքի էջերուն: Այո՛, անձրեւոտ առաւօտ մըն էր. առանձին էր տունը, երբ եկաւ ան: Ինք դուռը բանալէ առաջ՝ քակեց գիշերազգեստին կոճակները. քակեց երկար մազերը…: Որոշած էր. այդ օր պիտի հալեցնէր այդ մարդուն կուրծքին տակ կուտակուած սառը: Պարոն Ռոպէր մտաւ ներս, առաջին ակնարկով իսկ նշմարեց աղջկան կուրծքերուն կէս կլորութիւնները. «առանձի՞ն ես», փսփսաց: Ինք չպատասխանեց հարցումին. մօտեցաւ, թեւերը փաթթեց Ռոպէրի մէջքին, գլուխը դրաւ անոր ուսին. պահ մը սպասեց. անշարժ էր այդ զարմանալի մարդը…: Սելլա հեռացուց գլուխը անոր ուսէն, աչքերը կիսախուփ. կրքոտ շրթները՝ սպասումի կրակով այրած՝ շարժեցան. «Ռոպէ՛ր, համբուրէ զիս… միայն դուն իմաստ ունիս ինծի համար…: Ամբողջութեամբ գրաւած ես սիրտս…»:
Ծանրացած էր շնչառութիւնը: Էտտի կը խածնէր Սելլայի շրթները: Իսկ… պարոն Ռոպէրը՝ այդ զարմանալի մարդը՝ մօտեցուց շրթները իր ճակտին ու անհրապոյր համբոյր մը դրոշմեց հոն: Յետոյ, կոճկեց քակուած կոճակները, շոյեց իր երկար մազերը, ամփոփեց զանոնք աջ ափին մէջ ու ըսաւ.
– Այսպէս աւելի լաւ է, Սելլա՛:
Մեկնեցաւ:
Վերջին հանդիպումն էր: Շաբաթ մը ետք լսեց հօրմէն, թէ պարոն Ռոպէրը վերջնականապէս մեկնած էր քաղաքէն, դէպի հեռաւոր երկիր մը:
Յիշեց իր ցնցումը. զարմանքը: Ու ահա, այդ հին, անծանօթ, զարմանալի զգացումը, որ ամէն օր կը թրթռայ կուրծքին տակ, կը մեծնայ իր ձանձրոյթին ու միօրինակ կեանքին հետ միատեղ: Այո՛, կը սիրէր այդ մարդը. միայն ան կ՚ապրէր իր մէջ՝ իր հպարտութեամբ, ազնուականութեամբ ու ան հասկնալի նայուածքներով…:
Կտրուեցաւ Սելլայի մտածումներու թելը: Էտտի հեռացած էր անկողնէն:
* * *
Կէս ժամ ետք, Սելլա, իր տան առջեւ՝ իջաւ Էտտիի ինքնաշարժէն.
– Վաղը գիշեր պիտի չկարենամ գալ, – ըսաւ,– ժամադրուած եմ ուրիշի հետ: Երբ ազատ ըլլամ՝ կը հեռաձայնեմ քեզի:
Մտաւ շէնքի դռնէն ներս: Մատը դրաւ վերելակի կոճակին ու սպասեց: Նշմարեց չորս նամակներ, որոնք դրուած էին շէնքի պահակին սեղանին վրայ: Մօտեցաւ. անտարբեր երեւոյթով մը ցրուեց պահարանները: Յանկարծ ցնցուեցաւ. կապոյտ պահարանի մը վրայ պարոն Ռոպէրի ձեռագրով կար իր անունը: Առաւ պահարանը: Ո՜հ, երկու տարի է ոչ մէկ լուր, ու ահա յանկարծ…: Պահարանը սեղմեց կուրծքին. չբացաւ: Նախընտրեց իր ննջասենեակի մտերմութեանը մէջ ըլլալ առանձին իր երազած մարդուն հետ…: Բացաւ յարկաբաժնին դուռը. հայրը կը քնանար: Մտաւ իր ննջասենեակը. վառեց անկողնին մօտ դրուած լոյսը՝ նստաւ անկողնին ու բացաւ նամակը.
«Սիրելի Սելլա…»
Կարդաց, կարդաց մէկ շունչով: Իր երիտասարդ ուղեղը լեցուեցաւ ծանր դէպքերով: Նամակին տողերուն մէջէն տեսաւ Ռոպէրը, որ ամուսնացած կնոջ մը հետ, գաղտագողի կը բարձրանայ պանդոկի մը աստիճաններէն: Պանդոկի փոքրիկ սենեակին մթութեանը մէջ, սիրոյ երդումներ իզո՜ւր կը ջանային ծածկել՝ մտահոգութեան մոխրագոյն ամպերու տակ՝ սեղմուած սրտերը: Մերկ մարմիններ՝ սաւանի մը աշխարհով ծածկուած՝ կը զգային ներկայի փոքր երջանկութեան ծանր հակազդեցութիւնը վաղուան վրայ…: «Սիրեցի այդ կինը, Սելլա՜, սիրեցի, ու այդ աղքատիկ պանդոկի գիշերուայ մեղքէն, ուրիշի կնոջմէն ծնար դուն, ասկէ ճիշդ տասնըութ տարիներ առաջ…»:
Սելլա ճզմեց նամակը ափերուն մէջ: Իր հաւատքի տաճարին աւերակներու ճիշդ մէջտեղ կանգուն մնացած վերջին սիւնը փշրուած էր: Ռոպէ՛րը… պարոն Ռոպէ՛րը, իր հա՜յրը… Աստուած իմ…: Հիմա կը հասկնար նայուածքներուն իմաստը: Բացաւ ճմռթկուած նամակը, տարաւ շրթներուն, հեկեկաց մանուկի մը նման:
«Չուզեցի քու մատաղ սրտիդ մէջ ապրիլ այնպէս, ինչպէս դուն կերտած էիր զիս: Քու սիրտդ պէտք ունէր իր արդար գարուններուն: «Ամբողջութեամբ գրաւած ես սիրտս», ըսիր վերջին օրը: Ձգեցի քաղաքը ու մեկնեցայ: Ահա, այս նամակով կու գամ պարպելու սիրտդ: Տուր ինծի անկիւն մը հոն, ուր ես՝ կծկուած անցեալի մեղքիս մէջ՝ մնամ ու չխանգարեմ քու իրաւունքդ, որ «Կեանք» կը կոչուի:
«Ես կը մեկնիմ այս երկրէն, դէպի անծանօթ ափեր, դէպի մոռացութեան գիրկը: Մնաք բարով, Սելլա…»։
* * *
Յաջորդ գիշեր, գետնայարկ զբօսասրահին ժխորին մէջ, Սելլա՝ եղնիկի խոնաւ աչքերը խոշոր բացած՝ նայուածքը կեդրոնացուցած դեղին լոյսին, կը պարէր: Տխուր ժպիտ մը ջնջած էր անհոգութիւնը իր շրթներէն ու առանձնութիւնը կ՚ուռճանար սրտին մէջ:
Յանկարծ դադրեցուց պարը, սեղմեց մօրուսաւոր նոր բարեկամին ձեռքը, ու ըսաւ.
– Զիս հեռու տար այս լոյսերէն: Երթանք սենեակդ…